Ստորանիշ
a Աստուածաշունչի արեւելահայերէն Արարատ թարգմանութիւնը (1896–ի հրատարակութիւն) աւելի քան 2300 անգամ կը գործածէ Աստուծոյ անունը։ Նաեւ, Աստուածաշունչի Արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը (1853–ի հրատարակութիւն) Աստուծոյ անունը կը նշէ աւելի քան 400 անգամ։ Բառարան Սուրբ Գրոց–ը (1881–ի հրատարակութիւն) ամբողջ յօդուած մը տրամադրած է Աստուծոյ «Եհովա» անուան քննարկութեան համար։ 19–րդ եւ 20–րդ դարերուն ապրած շատ մը հայ բանաստեղծներ եւ գրագէտներ Աստուծոյ անունը գործածեցին իրենց գործերուն մէջ, ցոյց տալով որ անիկա իր հիմակուան ձեւով շատոնց ընդունուած էր։