Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Բարի եկար։
Այս կայքին միջոցաւ կրնաս Եհովայի վկաներուն հրատարակութիւնները տարբեր լեզուներով պրպտել։
Հրատարակութիւններ բեռնելու համար, հաճիս այցելէ jw.org։
  • Այսօր

Շաբաթ, օգոստոս 30

Մխիթար[ենք] զանոնք. . . այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք (Բ. Կոր. 1։4)։

Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք ամէն օր ‘մէկզմէկ մխիթարել’ (Ա. Թես. 4։18)։ Պէտք է մշակենք յատկութիւններ, ինչպէս՝ կարեկցութիւն, եղբայրսիրութիւն եւ ազնուութիւն (Կող. 3։12. Ա. Պետ. 3։8)։ Այս յատկութիւնները ինչպէ՞ս պիտի օգնեն մեզի։ Երբ կարեկցութիւնը եւ անոր նման յատկութիւններ մեր անձնաւորութեան մէկ մասը դառնան, ինքնաբերաբար պիտի մղուինք նեղութեան մէջ եղողները մխիթարելու։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, «բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի։ Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարի բաներ կը հանէ» (Մատ. 12։34, 35)։ Նեղութեան մէջ եղող եղբայրներն ու քոյրերը մխիթարելը անոնց հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալու կարեւոր կերպ մըն է։ դ23.11 10 ¶10-11

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025

Կիրակի, օգոստոս 31

Իմաստունները պիտի հասկնան (Դան. 12։10)։

Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները հասկնալու համար պէտք է օգնութիւն խնդրենք։ Նկատի առ այս օրինակը։ Երեւակայէ որ քեզի անծանօթ եղող շրջան մը կ’այցելես, բայց հետդ կայ բարեկամդ, որ այդ շրջանին շատ լաւ ծանօթ է։ Ան գիտէ ճիշդ ո՛ւր էք եւ իւրաքանչիւր ճամբայ ո՛ւր կը տանի։ Անկասկած ուրախ պիտի ըլլաս որ բարեկամդ քեզի հետ է։ Նոյնպէս, Եհովան գիտէ թէ մենք ո՛ր ժամանակին մէջ կ’ապրինք եւ թէ ի՛նչ դէպքեր կը սպասեն մեզի։ Ուրեմն, Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները հասկնալու համար, պէտք է խոնարհաբար Եհովային օգնութիւնը խնդրենք (Դան. 2։28. Բ. Պետ. 1։19, 20)։ Լաւ ծնողքի մը պէս, Եհովան կ’ուզէ որ իր զաւակները լաւ ապագայ մը ունենան (Եր. 29։11)։ Բայց մարդկային ծնողներուն հակառակը, Եհովան կրնայ մեզի ըսել թէ ապագային ինչ պիտի ըլլայ եւ իր ըսածը մի՛շտ ճիշդ կ’ելլէ։ Ան իր Խօսքին մէջ մարգարէութիւններ գրել տուաւ, որպէսզի կարեւոր դէպքերը ըլլալէն առաջ անոնք գիտնանք (Եսա. 46։10)։ դ23.08 8 ¶3-4

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 1

Ծագող արեգակը վերէն մեզի այցելութեան եկաւ (Ղուկ. 1։78)։

Աստուած Յիսուսին տուած է մարդոց բոլոր խնդիրները լուծելու զօրութիւնը։ Իր հրաշքներով, Յիսուս ցոյց տուաւ որ զօրութիւնը ունի լուծելու այն խնդիրները, որոնց հետ անձամբ գլուխ չենք կրնար ելլել։ Օրինակի համար, ան զօրութիւնը ունի մեզ ազատելու՝ մարդոց խնդիրներուն պատճառները լուծելով, որ են՝ ժառանգուած մեղքն ու անոր հետեւանքները, մէջը ըլլալով՝ հիւանդութիւնն ու մահը (Մատ. 9։1-6. Հռով. 5։12, 18, 19)։ Յիսուսի հրաշքները ցոյց տուին, որ ան կրնայ «ամէն կերպ» հիւանդութիւն բժշկել եւ նոյնիսկ մեռելներուն յարութիւն տալ (Մատ. 4։23. Յովհ. 11։43, 44)։ Ան նաեւ զօրութիւնը ունի կործանիչ փոթորիկներ կեցնելու եւ մարդիկը չար ոգիներէն ազատելու (Մար. 4։37-39. Ղուկ. 8։2)։ Որքա՜ն կը հանգստանանք գիտնալով որ Եհովան Յիսուսին ա՛յսքան զօրութիւն տուած է։ Կրնանք լիովին վստահ ըլլալ, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք ապագայ օրհնութիւնները պիտի իրականանան։ Յիսուսի ըրած հրաշքները երբ երկրի վրայ էր, մեզի կը սորվեցնեն թէ ան, որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան երկնային Թագաւոր, ինչ պիտի ընէ ամբո՛ղջ երկրի վրայ։ դ23.04 3 ¶5-7

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025
Բարի եկար։
Այս կայքին միջոցաւ կրնաս Եհովայի վկաներուն հրատարակութիւնները տարբեր լեզուներով պրպտել։
Հրատարակութիւններ բեռնելու համար, հաճիս այցելէ jw.org։
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել