Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 1
Ծագող արեգակը վերէն մեզի այցելութեան եկաւ (Ղուկ. 1։78)։
Աստուած Յիսուսին տուած է մարդոց բոլոր խնդիրները լուծելու զօրութիւնը։ Իր հրաշքներով, Յիսուս ցոյց տուաւ որ զօրութիւնը ունի լուծելու այն խնդիրները, որոնց հետ անձամբ գլուխ չենք կրնար ելլել։ Օրինակի համար, ան զօրութիւնը ունի մեզ ազատելու՝ մարդոց խնդիրներուն պատճառները լուծելով, որ են՝ ժառանգուած մեղքն ու անոր հետեւանքները, մէջը ըլլալով՝ հիւանդութիւնն ու մահը (Մատ. 9։1-6. Հռով. 5։12, 18, 19)։ Յիսուսի հրաշքները ցոյց տուին, որ ան կրնայ «ամէն կերպ» հիւանդութիւն բժշկել եւ նոյնիսկ մեռելներուն յարութիւն տալ (Մատ. 4։23. Յովհ. 11։43, 44)։ Ան նաեւ զօրութիւնը ունի կործանիչ փոթորիկներ կեցնելու եւ մարդիկը չար ոգիներէն ազատելու (Մար. 4։37-39. Ղուկ. 8։2)։ Որքա՜ն կը հանգստանանք գիտնալով որ Եհովան Յիսուսին ա՛յսքան զօրութիւն տուած է։ Կրնանք լիովին վստահ ըլլալ, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք ապագայ օրհնութիւնները պիտի իրականանան։ Յիսուսի ըրած հրաշքները երբ երկրի վրայ էր, մեզի կը սորվեցնեն թէ ան, որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան երկնային Թագաւոր, ինչ պիտի ընէ ամբո՛ղջ երկրի վրայ։ դ23.04 3 ¶5-7
Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 2
Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ (Ա. Կոր. 2։10)։
Եթէ մեծ ժողովքի մը մէջ ես եւ կը զգաս որ քեզի շատ առիթ չի տրուիր որ պատասխանես, թերեւս որոշես ժողովներուն միայն նստիլ։ Բայց մի՛ յանձնուիր։ Քանի մը պատասխան պատրաստէ։ Ասանկով եթէ ժողովին սկիզբը քեզի առիթ չտրուի պատասխանելու, թերեւս ետքը տրուի։ Երբ որ Դիտարան–ը կը պատրաստես, մտածէ որ ամէն մէկ պարբերութիւն ինչպէ՛ս գլխաւոր նիւթին հետ կապուած է։ Վստահաբար բան մը պիտի գտնես պատասխանելու։ Ասկէ զատ, կրնաս պատասխաններ պատրաստել պարբերութիւններու վրայ, որոնք խոր նիւթերու մասին են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ թերեւս քիչեր պատասխանեն այդ պարբերութիւններուն։ Լաւ ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ քանի մը ժողով անցաւ եւ դուն դեռ չես պատասխանած։ Ժողովէն առաջ վարիչին ըսէ թէ ո՛ր հարցումին կ’ուզես պատասխանել։ դ23.04 21-22 ¶9-10
Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 3
Յովսէփ . . .ինչպէս Տէրոջը հրեշտակը իրեն հրամայեց, այնպէս ըրաւ ու իր կինը քովն առաւ (Մատ. 1։24)։
Յովսէփ միշտ պատրաստ էր Եհովային ուղղութիւններուն հետեւելու, ինչ որ իրեն աւելի լաւ ամուսին դարձուց։ Առնուազն երեք առիթներով, Յովսէփը իր ընտանիքին վերաբերող ուղղութիւններ առաւ Աստուծմէ։ Եւ ամէն անգամ շատ արագ անոնց հնազանդեցաւ, նոյնիսկ երբ այդ ուղղութիւններուն հետեւիլը դժուար էր (Մատ. 1։20. 2։13-15, 19-21)։ Աստուծոյ ուղղութիւններուն հետեւելով, Յովսէփ Մարիամը պաշտպանեց եւ իրեն հոգ տարաւ։ Երեւակայէ որ Մարիամին սէրն ու յարգանքը Յովսէփին հանդէպ որքա՜ն խորացան, երբ անոր ըրածները տեսաւ։ Ամուսիննե՛ր, դուք կրնաք Յովսէփը ընդօրինակել, երբ որ ձեր ընտանիքներուն հոգ տանելու Աստուածաշունչի խրատներուն հետեւիք։ Եթէ այդ խրատներուն հետեւիք, նոյնիսկ երբ դժուար ըլլայ, ցոյց պիտի տաք որ ձեր կինը կը սիրէք եւ ձեր ամուսնութիւնը պիտի զօրանայ։ Վանուաթուէն քոյր մը, որ աւելի քան 20 տարիէ ամուսնացած է, կ’ըսէ. «Երբ որ ամուսինս Եհովային ուղղութիւնը խնդրէ եւ ատոր հետեւի, իրեն հանդէպ յարգանքս կ’աւելնայ, ապահով կը զգամ եւ իր առած որոշումներուն կը վստահիմ»։ դ23.05 21 ¶5