Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Բարի եկար։
Այս կայքին միջոցաւ կրնաս Եհովայի վկաներուն հրատարակութիւնները տարբեր լեզուներով պրպտել։
Հրատարակութիւններ բեռնելու համար, հաճիս այցելէ jw.org։
Յայտարարութիւն
Այս լեզուն աւելցաւ. Romany (Meçkar)
  • Այսօր

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 3

Յովսէփ . . .ինչպէս Տէրոջը հրեշտակը իրեն հրամայեց, այնպէս ըրաւ ու իր կինը քովն առաւ (Մատ. 1։24)։

Յովսէփ միշտ պատրաստ էր Եհովային ուղղութիւններուն հետեւելու, ինչ որ իրեն աւելի լաւ ամուսին դարձուց։ Առնուազն երեք առիթներով, Յովսէփը իր ընտանիքին վերաբերող ուղղութիւններ առաւ Աստուծմէ։ Եւ ամէն անգամ շատ արագ անոնց հնազանդեցաւ, նոյնիսկ երբ այդ ուղղութիւններուն հետեւիլը դժուար էր (Մատ. 1։20. 2։13-15, 19-21)։ Աստուծոյ ուղղութիւններուն հետեւելով, Յովսէփ Մարիամը պաշտպանեց եւ իրեն հոգ տարաւ։ Երեւակայէ որ Մարիամին սէրն ու յարգանքը Յովսէփին հանդէպ որքա՜ն խորացան, երբ անոր ըրածները տեսաւ։ Ամուսիննե՛ր, դուք կրնաք Յովսէփը ընդօրինակել, երբ որ ձեր ընտանիքներուն հոգ տանելու Աստուածաշունչի խրատներուն հետեւիք։ Եթէ այդ խրատներուն հետեւիք, նոյնիսկ երբ դժուար ըլլայ, ցոյց պիտի տաք որ ձեր կինը կը սիրէք եւ ձեր ամուսնութիւնը պիտի զօրանայ։ Վանուաթուէն քոյր մը, որ աւելի քան 20 տարիէ ամուսնացած է, կ’ըսէ. «Երբ որ ամուսինս Եհովային ուղղութիւնը խնդրէ եւ ատոր հետեւի, իրեն հանդէպ յարգանքս կ’աւելնայ, ապահով կը զգամ եւ իր առած որոշումներուն կը վստահիմ»։ դ23.05 21 ¶5

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 4

Հոն պողոտայ ու ճամբայ պիտի ըլլայ ու անիկա Սրբութեան Պողոտայ պիտի կոչուի (Եսա. 35։8)։

Բաբելոնէն վերադարձող հրեաները պէտք էր «սուրբ ժողովուրդ» մը ըլլային (Բ. Օր. 7։6)։ Բայց ասիկա ըսել չէր որ անոնք այլեւս պէտք չունէին իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ընելու՝ Եհովան ուրախացնելու համար։ Հրեաներուն մեծամասնութիւնը, որ ծնած էր Բաբելոնի մէջ, շատ հաւանաբար վարժուած էր բաբելոնացիներուն մտածելակերպին եւ ապրելակերպին։ Օրինակ, հրեաները Իսրայէլ վերադառնալէն երկար տարիներ ետք, Նէեմիա կառավարիչը զարմացաւ, երբ գիտցաւ որ Իսրայէլի մէջ ծնած պզտիկներ նոյնիսկ չէին գիտեր եբրայերէն լեզուն (Բ. Օր. 6։6, 7. Նէ. 13։23, 24)։ Լաւ, այս պզտիկները ինչպէ՞ս պիտի սորվէին Եհովան սիրել եւ պաշտել, եթէ չէին հասկնար Աստուծոյ Խօսքը, որ եբրայերէն լեզուով գրուած էր (Եզր. 10։3, 44)։ Ուրեմն, վերադարձող հրեաները պէտք էր իրենց կեանքին մէջ կարեւոր փոփոխութիւններ մտցնէին, եւ ասիկա ընելը շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլար, եթէ անոնք Իսրայէլի մէջ ըլլային, ուր մաքուր պաշտամունքը կամաց–կամաց կը վերահաստատուէր (Նէ. 8։8, 9)։ դ23.05 15 ¶6-7

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 5

Տէրը կը հաստատէ բոլոր իյնալու վրայ եղողները եւ բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ (Սաղ. 145։14)։

Ցաւօք սրտի, որքան ալ փափաք ունենանք կամ ջանք թափենք, ատեններ բաներ կը պատահին, որոնք արգելք կ’ըլլան որ մեր նպատակակէտերուն հասնինք։ Օրինակ, անակնկալ բաները կրնան մեր ժամանակը գողնալ (Ժող. 9։11)։ Կրնայ ըլլալ դժուարութեան մը պատճառով յուսահատինք կամ ոյժ չունենանք մեր նպատակակէտին հասնելու (Առ. 24։10)։ Կրնայ ըլլալ որ մեր անկատարութեան պատճառով մեր նպատակակէտին հակառակ բան մը ընենք (Հռով. 7։23)։ Կամ կրնայ ըլլալ որ յոգնած զգաք (Մատ. 26։43)։ Այսպիսի պարագաներու, ի՞նչ կրնանք ընել։ Երբ արգելքներ ըլլան եւ նպատակակէտիդ չհասնիս, ըսել չէ որ ձախող անձ ես։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ թերեւս ետեւ–ետեւի խնդիրներ կամ դժուարութիւններ ունենանք։ Բայց ատիկա նաեւ յստակ կը դարձնէ, որ կրնանք փորձել մեր նպատակակէտին հասնիլ։ Ուրեմն, երբ որ շարունակես ջանք թափել որ նպատակակէտիդ հասնիս, նոյնիսկ եթէ ատիկա ընելը դժուար ըլլայ, Եհովային կը փաստես որ կ’ուզես իր սիրտը ուրախացնել։ Եւ Եհովան կ’ուրախանայ տեսնելով թէ որքան ջանք կը թափես որ նպատակակէտիդ հասնիս։ դ23.05 30 ¶14-15

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025
Բարի եկար։
Այս կայքին միջոցաւ կրնաս Եհովայի վկաներուն հրատարակութիւնները տարբեր լեզուներով պրպտել։
Հրատարակութիւններ բեռնելու համար, հաճիս այցելէ jw.org։
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել