Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ուսուցանող Լուսաբանութիւններ/Օրինակներ
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
    • պատմութիւն մը հիւսեց։ Պատմութիւնը ազդու էր, քանի որ անիկա առաջքը առաւ կացութեան մը, որ կրնար Դաւիթը ինքնարդարացումի մղել։ Պատմութիւնը՝ շատ ոչխարներ ունեցող հարուստ մարդու մը եւ շատ խնամքով մեծցուցած միայն մէկ էգ գառնուկ ունեցող աղքատ մարդու մը մասին էր։ Դաւիթ հովիւ մը եղած էր, ուստի կը հասկնար այդ գառնուկին տիրոջ զգացումը։ Այդ աղքատ մարդուն սիրելի եղող գառնուկը առնող հարուստ մարդուն դէմ Դաւիթ արդարացի բարկութեամբ հակազդեց։ Այն ատեն Նաթան առանց բառերը ծամծմելու ըսաւ Դաւիթին. «Այդ մարդը դո՛ւն ես»։ Դաւիթ զգացուեցաւ եւ անկեղծօրէն զղջաց։ (Բ. Թագ. 12։1-14) Վարժութեամբ՝ դուք ալ կրնաք սորվիլ զգացական հարցեր գրաւիչ կերպով ձեռք առնել։

      Ուսուցանելու համար արժէք ներկայացնող բազմաթիւ օրինակներ կրնաք քաղել Սուրբ Գրքին մէջ արձանագրուած դէպքերէն։ Յիսուս ասիկա ըրաւ քանի մը բառերով, երբ ըսաւ. «Մտքերնիդ բերէք Ղովտին կինը»։ (Ղուկ. 17։32) Երբ իր ներկայութեան նշանը կը մանրամասնէր, Յիսուս «Նոյի օրեր»ուն ակնարկութիւն ըրաւ։ (Մատթ. 24։37-39) Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս առաքեալ 16 այրեր ու կիներ իրենց անուններով յիշեց, որպէս հաւատքի տիպարներ։ Երբ աւելի մօտէն ծանօթանաք Աստուածաշունչին, դուք ալ կրնաք ազդեցիկ օրինակներ քաղել Սուրբ Գրքի էջերուն մէջ յիշուած դէպքերէն եւ մարդոցմէ։—Հռովմ. 15։4. Ա. Կորն. 10։11

      Երբեմն թերեւս օգտակար գտնէք ուսուցումի կէտ մը աւելի ազդու դարձնել իրական կեանքէ առնուած արդի փորձառութեամբ մը։ Բայց երբ ասիկա կ’ընէք, ուշադիր եղէք որ գործածէք միայն այնպիսի փորձառութիւններ, որոնք ստուգուած են եւ զգուշանաք անոնցմէ, որոնք անտեղիօրէն կրնան ունկնդիրներէն մէկը նեղ կացութեան մատնել, կամ ուշադրութիւնը դարձնել ձեր բնաբանին հետ կապ չունեցող հակաճառելի նիւթի մը վրայ։ Նաեւ, մի՛ մոռնաք որ փորձառութիւնը պէտք է նպատակի մը ծառայէ։ Մի՛ պատմէք անհարկի մանրամասնութիւններ, որոնք ձեր ներկայացման նպատակէն կը շեղեցնեն ուշադրութիւնը։

      Հասկնալի Պիտի Ըլլա՞յ։ Ի՛նչ լուսաբանութիւն կամ օրինակ որ գործածէք, անիկա որոշ նպատակի մը պէտք է ծառայէ։ Ասիկա իրագործած կ’ըլլա՞ք եթէ նկատի առնուած նիւթին հետ անոր կիրարկումը չընէք։

      Իր աշակերտներուն ակնարկելէ ետք որպէս «աշխարհի լոյսը», Յիսուս քանի մը ակնարկութիւն ըրաւ ճրագին գործածութեան կերպին եւ ասոր իրենց վրայ դրած պատասխանատուութեան մասին։ (Մատթ. 5։15, 16) Կորսուած ոչխարի մասին իր օրինակէն ետք խօսեցաւ զղջացող մեղաւորի մը համար երկնքի մէջ եղած ուրախութեան մասին։ (Ղուկ. 15։7) Իսկ բարի Սամարացիին մասին իր պատմութիւնը տալէ ետք, Յիսուս իրեն մտիկ ընողին շեշտակի հարցում մը հարցուց, ապա ուղղակի խրատ մը տուաւ։ (Ղուկ. 10։36, 37) Միւս կողմէ, Յիսուս տարբեր հողերու եւ արտին մէջ ցանուած որոմի մասին իր առակները բացատրեց ո՛չ թէ ամբոխին, հապա միայն անոնց, որոնք բաւարար հեզութիւն ունէին բացատրութիւն խնդրելու։ (Մատթ. 13։1-30, 36-43) Իր մահուընէ երեք օր առաջ, Յիսուս առակ մը տուաւ այգիի ատելավառ մշակներու մասին։ Ան ասոր կիրարկումը չըրաւ. հարկ չտեսաւ ընելու։ «Քահանայապետները եւ փարիսեցիները . . . իմացան որ իրենց համար կ’ըսէր»։ (Մատթ. 21։33-45) Ուստի, գործածուած լուսաբանութեան բնոյթը, ունկնդիրներուն կեցուածքը եւ ձեր նպատակը պիտի որոշեն թէ կիրարկումը պէ՞տք է ընէք թէ ոչ, եւ եթէ այո՝ ո՛րքանով։

      Ազդու լուսաբանութիւններ ու օրինակներ գործածելու կարողութիւն մշակելը ժամանակ կը պահանջէ, բայց թափուած ջանքը իրապէս կ’արժէ։ Լաւ ընտրուած օրինակներ միտքն ու սիրտը գործի կը լծեն։ Որպէս արդիւնք, պատգամը ազդու կերպով կը փոխանցուի, ինչ որ յաճախ կարելի չէ իրողութիւնը պարզապէս ներկայացնելով։

  • Ծանօթ Վիճակներէ Օրինակներ
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
    • Ուսումնասիրութիւն 46

      Ծանօթ Վիճակներէ Օրինակներ

      Ի՞նչ պէտք է ընէք

      Գործածեցէք այնպիսի օրինակներ, որոնք կը պարփակեն գործունէութիւններ, որոնցմով կը զբաղին ձեր ունկնդիրները, կամ բաներ՝ որոնց քաջածանօթ են։

      Ինչո՞ւ կարեւոր է

      Ծանօթ վիճակներէ առնուած օրինակները ունկնդիրներուն սրտին պիտի դպչին։

      ԿԱՐԵՒՈՐ է անշուշտ, որ ի՛նչ օրինակ ալ գործածէք, նկատի առնուած նիւթին յարմար ըլլայ։ Բայց ազդու ըլլալու համար, նոյնքան կարեւոր է որ անիկա ունկնդիրներուն յարմար ըլլայ։

      Խումբի մը խօսելու համար, ունկնդիրներուն տեսակը ի՞նչպէս կրնայ ազդել օրինակներու ձեր ընտրութեան։ Յիսուս Քրիստոս ի՞նչ ըրաւ։ Երբ կը խօսէր ամբոխի մը, թէ իր աշակերտներուն, Յիսուս իր օրինակները Իսրայէլէն դուրս գտնուող երկիրներու յատուկ եղող բաներէն չառաւ։ Այսպիսի օրինակներ անծանօթ պիտի ըլլային իր ունկնդիրներուն։ Յիսուս, զոր օրինակ, Եգիպտոսի պալատական կեանքէն կամ Հնդկաստանի կրօնական սովորութիւններէն որեւէ բան չյիշեց։ Այսուհանդերձ, իր օրինակները բոլոր երկիրներու մարդոց սովորական եղող գործունէութիւններէն առաւ։ Ան խօսեցաւ հագուստ կարկտնելու, առեւտուր ընելու, թանկագին բան մը կորսնցնելու եւ հարսանեկան խնճոյքի ներկայ գտնուելու մասին։ Ան կը հասկնար թէ մարդիկ ի՛նչպէս կը հակազդէին որոշ պարագաներու ներքեւ եւ այս տեղեկութիւնը օգտագործեց։ (Մար. 2։21. Ղուկ. 14։7-11. 15։8, 9. 19։15-23) Քանի որ իր հանրային քարոզչութիւնը մասնաւորաբար ուղղուած էր Իսրայէլի ժողովուրդին, Յիսուսի օրինակները շատ յաճախ ակնարկում կ’ընէին իրերու եւ գործունէութիւններու, որոնք իրենց առօրեայ կեանքին մաս կը կազմէին։ Անոր համար ակնարկութիւն ըրաւ հողագործութեան, ոչխարներուն ի՛նչպէս ընդառաջելուն իրենց հովիւին, եւ գինի պահելու համար անասնական մորթ գործածելու նման բաներու։ (Մար. 2։22. 4։2-9. Յովհ. 10։1-5) Ան պատմական ծանօթ դէպքեր ալ նշեց. մարդկային առաջին զոյգին ստեղծագործութիւնը, Նոյի օրուան Ջրհեղեղը, Սոդոմի ու Գոմորի կործանումը, Ղովտի կնկան մահը, եւայլն։ (Մատթ. 10։15. 19։4-6. 24։37-39. Ղուկ. 17։32) Դուք ալ երբ օրինակներ կ’ընտրէք, ուշադրութեամբ նկատի կ’առնէ՞ք ձեր ունկնդիրներուն սովորական գործունէութիւնները եւ անոնց մշակութային ենթահողը։

      Ի՞նչ կրնաք ընել եթէ փոխանակ մեծ խումբի մը, կը խօսիք միայն մէկ կամ քանի մը հոգիի։ Ջանացէք օրինակ մը ընտրել որ մասնաւորաբար կը յարմարի այդ փոքր խումբին։ Երբ Յիսուս Սուքարի մօտ գտն ուող ջրհորի մը քով Սամարացի կնկայ մը վկայեց, ան խօսեցաւ «կենդանի ջուր»ի, ‘նորէն չծարաւելու’ եւ ‘յաւիտենական կեանքի համար բղխող ջուրի աղբիւրի մը’ մասին. բոլորն ալ պատկերաւոր արտայայտութիւններ էին, որոնք առնչութիւն ունէին այդ կնկան գործին հետ։ (Յովհ. 4։7-15) Իսկ երբ խօսեցաւ տղամարդոց, որոնք իրենց ուռկանները կը լուային, ան ձկնորսութեան վերաբերեալ պատկերաւոր արտայայտութիւն գործածեց։ (Ղուկ. 5։2-11) Երկու պարագաներուն ալ, ան կրնար երկրագործութեան մասին խօսիլ, քանի որ անոնք կ’ապրէին հողագործական շրջանի մը մէջ, բայց որքա՜ն աւելի ազդու էր ակնարկութիւն ընել ուղղակի իրենց անձնական գործունէութեան, երբ մտային պատկեր մը կը գծէր։ Դուք ալ կը ջանա՞ք նոյնը ընել։

      Յիսուս ուշադրութիւն դարձուց «Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն» վրայ, բայց Պօղոս առաքեալ ո՛չ միայն Իսրայէլի ղրկուեցաւ, հապա հեթանոսներու ալ։ (Մատթ. 15։24. Գործք 9։15) Արդեօք ասիկա Պօղոսի խօսած կերպին ազդե՞ց։ Այո՛։ Երբ Կորնթոսի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն կը գրէր, ան ակնարկութիւն ըրաւ մրցավազքի, կուռքերու տաճարներուն մէջ միս ուտելու եւ յաղթական շքերթներու մասին. բաներ՝ որոնք ծանօթ էին հեթանոսութենէ դարձած այդ անհատներուն։—Ա. Կորն. 8։1-10. 9։24, 25. Բ. Կորն. 2։14-16

      Երբ լուսաբանութիւններ եւ օրինակներ կ’ընտրէք ձեր ուսուցումին մէջ գործածելու համար, Յիսուսին եւ Պօղոսին նման բծախնդի՞ր էք։ Ձեր ունկնդիրներուն ենթահողը եւ առօրեայ գործունէութիւնը նկատի կ’առնէ՞ք։ Անշուշտ, առաջին դարէն ի վեր աշխարհ փոխուած է։ Շատեր աշխարհի լուրերը կրնան ստանալ հեռատեսիլէն։ Անոնք օտար երկիրներու կացութենէն յաճախ տեղեակ են։ Երբ պարագան այս է, սխալ չէ այդ լուրերէն նիւթեր գործածել որպէս օրինակ։ Բայց եւ այնպէս, իրենց անձնական կեանքին՝ իրենց տան, ընտանիքին, գործին, կերած կերակուրին, իրենց շրջանին մէջ եղող օդին վերաբերեալ բաները, աւելի խոր կերպով կ’ազդեն մարդոց։

      Եթէ ձեր գործածած օրինակը շատ բացատրութեան կը կարօտի, հաւանաբար կը խօսիք բանի մը մասին որ շատ ծանօթ չէ ձեր ունկնդիրներուն։ Այսպիսի օրինակ մը դիւրաւ կրնայ շուքի մէջ ձգել ձեր ուսուցանած կէտը։ Որպէս արդիւնք, ունկնդիրները ձեր օրինակը կրնան յիշել, բայց ձեր հաղորդել փորձած սուրբ գրային ճշմարտութիւնը չեն յիշեր։

      Փոխանակ բարդ բաղդատութիւններ ընելու, Յիսուս կը գործածէր պարզ, առօրեայ նիւթեր։ Ան պզտիկ բաներ կը գործածէր, մեծ բաներ բացատրելու համար, եւ դիւրին բաներ՝ դժուար բաներ յստակացնելու համար։ Առօրեայ դէպքերուն ու հոգեւոր ճշմարտութիւններու միջեւ կապեր հաստատելով, Յիսուս մարդոց օգնեց որ աւելի հեշտութեամբ հասկնան իր սորվեցուցած հոգեւոր ճշմարտութիւնները ու զանոնք յիշեն։ Ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել