Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յարմար Ձայնածաւալ
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
    • Ուսումնասիրութիւն 8

      Յարմար Ձայնածաւալ

      Ի՞նչ պէտք է ընէք

      Բաւական բարձր կամ ուժգին խօսեցէք։ Յարմար ձայնածաւալը որոշելու համար, նկատի ունեցէք (1) ձեր ունկնդիրներուն չափը եւ որոնցմէ բաղկացած ըլլալը, (2) խանգարող ձայները, (3) քննարկուած նիւթը, եւ (4) ձեր նպատակը։

      Ինչո՞ւ կարեւոր է

      Եթէ դիմացինները լաւ չլսեն ձեզ, անոնց միտքը կրնայ թափառիլ եւ ձեր ներկայացուցած տեղեկութիւնը կրնայ յստակ չըլլալ իրենց համար։ Եթէ շա՛տ բարձր խօսիք, մարդիկ կրնան նեղացուցիչ, նոյնիսկ՝ անյարգալից նկատել։

      ԵԹԷ հանրային դասախօսի մը ձայնածաւալը բաւարար չըլլայ, ունկնդիրներէն ոմանք կրնան մրափել։ Եթէ հրատարակիչ մը դաշտի ծառայութեան մէջ շատ մեղմ խօսի, կրնայ տանտիրոջ ուշադրութիւնը չգրաւել։ Իսկ ժողովներուն, երբ ունկնդիրներուն պատասխանները պատշաճ ձայնածաւալով չտրուին, ներկաները պէտք եղած քաջալերութիւնը պիտի չստանան։ (Եբր. 10։24, 25) Միւս կողմէ, եթէ դասախօս մը սխալ ժամանակ իր ձայնը բարձրացնէ, ունկնդիրները կրնան անհանգստանալ, նոյնիսկ նեղանալ։—Առ. 27։14

      Ձեր Ունկնդիրները Նկատի Ունեցէք։ Որո՞նց կը խօսիք. անհատի՞ մը, ընտանիքի՞ մը, դաշտի ծառայութեան համար հաւաքուած պզտիկ խումբի՞ մը, ժողովքի՞ մը, թէ մեծ համաժողովի մը մէջ։ Անշուշտ կացութեան մը համար յարմար եղող ձայնածաւալը, պայման չէ որ պատշաճ ըլլայ ուրիշ պարագայի մը։

      Տարբեր առիթներով, Աստուծոյ ծառաներ հոծ բազմութիւններու խօսած են։ Սողոմոնի օրերուն Երուսաղէմի տաճարի նաւակատիքին, ձայնային սարքեր չկային։ Ուստի, Սողոմոն բեմի մը վրայ բարձրացաւ եւ ժողովուրդը «բարձր ձայնով օրհնեց»։ (Գ. Թագ. 8։55. Բ. Մնաց. 6։13) Դարեր ետք, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին սուրբ հոգին թափուելէն ետք, թէ՛ հետաքրքրուած եւ թէ ծաղրող անհատներէ բաղկացած բազմութիւն մը Երուսաղէմի մէջ Քրիստոնեաներու պզտիկ խումբին շուրջ հաւաքուեցաւ։ Գործնական իմաստութիւն ցոյց տալով, Պետրոս «ոտքի ելաւ եւ բարձրաձայն սկսաւ անոնց խօսիլ»։ (Գործք 2։14, Անթիլիաս) Ազդու վկայութիւն մը տրուեցաւ։

      Ի՞նչպէս կրնաք գիտնալ թէ ձեր ձայնածաւալը յարմար է տուեալ կացութեան մը պարագային։ Ունկնդիրներուն հակազդեցութիւնը լաւագոյն ցուցանիշն է։ Եթէ նշմարէք որ ունկնդիրներուն մէջէն ոմանք ճիգ կը թափեն լսելու համար, ուրեմն ձեր ձայնածաւալը պէտք է ճշդէք։

      Մէկ անհատի խօսինք թէ խումբի մը, լաւ է նկատի առնել թէ ունկնդիրները որոնցմէ կը բաղկանան։ Եթէ մէկը ծանր լսող է, թերեւս հարկ ըլլայ որ ձեր ձայնը բարձրացնէք։ Բայց պոռալը հաճելի պիտի չըլլայ այն անհատներուն, որոնք յառաջացած տարիքի պատճառով պարզապէս աւելի դանդաղ կ’ընդառաջեն։ Անիկա նոյնիսկ անյարգալից կրնայ նկատուիլ։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, բարձր ձայնը բարկութեան կամ անհամբերութեան նշան է։

      Խանգարող Ձայները Նկատի Ունեցէք։ Երբ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցիք, ձեր դիմագրաւած պարագաները անպայման ազդեցութիւն կ’ունենան վկայութիւն տալու համար հարկ եղող ձայնածաւալի գործածութեան վրայ։ Կրնայ ըլլալ որ երթեւեկի աղմուկի, անհանդարտ երախաներու, հաջող շուներու, բարձր երաժշտութեան կամ բարձր բացուած հեռատեսիլի մը հանդիպիք։ Միւս կողմէ, այն շրջաններուն մէջ ուր տուները շատ մօտ են իրարու, թերեւս տանտէրը նեղ կացութեան մատնուի երբ ա՛յնքան բարձր խօսիք որ դրացիներուն ուշադրութիւնը գրաւէք։

      Ժողովքին կամ համաժողովներուն մէջ դասախօսութիւն տուող եղբայրներն ալ այլազան պարագաներ կը դիմագրաւեն։ Բացօթեայ վայրի մը մէջ ունկնդիրներուն խօսիլը բոլորովին տարբեր է սրահի մը մէջ դասախօսութիւն տալէն, ուր ձայնը յստակօրէն կը լսուի։ Լատին Ամերիկայի մէջ երկու միսիոնարներ հետաքրքրուած անհատի մը տան բակին մէջ միասնաբար հանրային դասախօսութիւն մը տուին, մինչ մօտակայ հրապարակին վրայ հրախաղութիւն կ’ըլլար եւ մօտ գտնուող աքաղաղ մը անդադար կը կանչէր։

      Դասախօսութեան ընթացքին կրնայ բան մը պատահիլ որ կա՛մ դադար պահանջէ եւ կամ՝ ձայնի բարձրացում, մինչեւ որ խանգարումը վերջ գտնէ։ Օրինակ, եթէ ժողովը տեղի կ’ունենայ թիթեղեայ երդիք ունեցող կառոյցի մը մէջ, տեղատարափ մը կրնայ դասախօսին ունկնդրելը անկարելի դարձնել։ Լացող երախայ մը կամ ուշ եկողներուն կողմէ պատճառուած խանգարում մը, վստահաբար խնդիր կը յարուցանէ։ Սորվեցէք ուշադրութիւն ցրուող բաները հակակշռի տակ առնել, որպէսզի ձեր ունկնդիրները լիովին օգտուին ձեր ներկայացուցած տեղեկութենէն։

      Ձայնը ուժեղացնող սարքը կրնայ օգտակար ըլլալ՝ եթէ մատչելի է, բայց ի պահանջել հարկին, դասախօսը իր ձայնածաւալը պէտք է բարձրացնէ։ Կարգ մը վայրերու մէջ, ուր ելեկտրական հոսանքը յաճախ կը կտրուի, դասախօսները կը ստիպուին իրենց դասախօսութիւնը շարունակել առանց մանրաձայնի։

      Քննարկուած Նիւթը Նկատի Ունեցէք։ Ձեր դասախօսութեան նիւթին բնոյթն ալ կ’ազդէ ձայնածաւալի ընտրութեան։ Եթէ նիւթը ուժգին պէտք է ներկայացուի, զայն մի՛ տկարացնէք շատ մեղմ խօսելով։ Օրինակ, երբ Սուրբ Գրքէն դատապարտութիւններ կը կարդաք, ձեր ձայնածաւալը շատ աւելի զօրաւոր պէտք է ըլլայ, քան երբ սէր ցոյց տալու մասին խրատ կը կարդաք։ Ձեր ձայնածաւալը նիւթին յարմարցուցէք, բայց զգոյշ եղէք որ ուշադրութիւնը ձեր վրայ չհրաւիրէք։

      Ձեր Նպատակը Նկատի Ունեցէք։ Եթէ կ’ուզէք ձեր ունկնդիրները ոգեւորիչ գործունէութեան մը մղել, աւելի զօրաւոր ձայնածաւալի կարիքը կրնաք ունենալ։ Եթէ կ’ուզէք անոնց մտածելակերպը փոխել, շատ բարձր խօսելով զանոնք մի՛ խրտչեցնէք։ Եթէ կը փորձէք մխիթարել, աւելի մեղմ ձայնը նախընտրելի է։

      Ձայնածաւալի Բարձրացման Ազդու Գործածութիւնը։ Երբ կը փորձէք զբաղած մէկու մը ուշադրութիւնը գրաւել, ձայնը բարձրացնելը յաճախ կ’օգնէ։ Ծնողներ գիտեն ասիկա, անոր համար իրենց ձայնը կը բարձրացնեն իրենց երախաները կանչելու համար, երբ խաղէն տուն մտնելու ժամանակը գայ։ Ձայնածաւալը բարձրացնելու անհրաժեշտութիւնը կրնայ տեսնուիլ նաեւ, երբ ատենապետը ժողով մը կամ համաժողով մը կարգապահութեան կը հրաւիրէ։ Երբ հրատարակիչներ դաշտի ծառայութեան մէջ են, թերեւս բարձրաձայն բարեւեն, մինչ կը մօտենան դուրսը աշխատող մարդոց։

      Նոյնիսկ մէկու մը ուշադրութիւնը գրաւելէն ետք, կարեւոր է շարունակել յարմար ձայնածաւալ մը գործածել։ Շատ կաշկանդուած ձայն մը այն տպաւորութիւնը կրնայ տալ թէ խօսողը լաւ պատրաստուած չէ, կամ համոզումի պակաս ունի։

      Երբ պատուէր պիտի տրուի, ձայնը բարձրացնելը մարդիկը գործի կրնայ լծել։ (Գործք 14։8, 9) Նոյն կերպով, պոռալով տրուած հրաման մը կրնայ աղէտի մը առաջքը առնելու նպաստել։ Փիլիպպէի մէջ, բանտապետ մը ինքզինք պիտի սպաննէր, խորհելով որ իր բանտարկեալները փախած էին։ «Պօղոս բարձր ձայնով կանչեց ու ըսաւ. ‘Դուն քու անձիդ վնաս մը մի՛ ըներ, վասն զի ամէնքս ալ հոս ենք’»։ Այս կերպով անձնասպանութեան մը առաջքը առնուեցաւ։ Անկէ ետք Պօղոս եւ Շիղա բանտապետին ու անոր տան անդամներուն վկայեցին, եւ բոլորն ալ ճշմարտութիւնը ընդունեցին։—Գործք 16։27-33

      Ի՛նչպէս Բարելաւել Ձեր Ձայնածաւալը։ Ոմանք սովորականէն աւելի ճիգ պէտք է թափեն յարմար ձայնածաւալ գործածելու համար։ Անհատ մը կրնայ անբաւարար ձայնածաւալով խօսիլ, տկար ձայն ունենալուն պատճառով։ Սակայն, ջանքով կարելի է բարելաւել, հակառակ անոր որ թերեւս ան շարունակէ մեղմ խօսող մը ըլլալ։ Ձեր շնչառութեան ու մարմնի կեցուածքին ուշադրութիւն ըրէք։ Ուղիղ նստելու ու կայնելու փորձ ըրէք։ Ձեր ուսերը ետեւ հրեցէք ու խորունկ շունչ քաշեցէք։ Հոգ տարէք որ ձեր թոքերուն վարի մասը օդ լեցուի։ Այս օդի պաշարն է որ երբ լաւ կերպով կանոնաւորուի, կարելի կը դարձնէ որ ձեր ձայնածաւալին վրայ հսկէք, երբ կը խօսիք։

      Իսկ ուրիշներուն խնդիրը չափազանց բարձրաձայն խօսիլն է։ Թերեւս բացօթեայ վայրեր կամ աղմկոտ շրջապատի մը մէջ աշխատելով է որ այս վարժութիւնը զարգացուցած են։ Կամ կրնայ ըլլալ որ այնպիսի տան մը մէջ մեծցած են, ուր ամէն մարդ պոռալով կը խօսի եւ ընդհատումները սովորական են։ Հետեւաբար, անոնք կը խորհին որ միւսներէն բարձր պէտք է խօսին, խօսք մը տեղաւորելու համար։ Այսպիսի անհատներ մինչ կը լսեն՝ «գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը» հագնելու Աստուածաշունչի խրատը, իրենց ձայնին մէջ ճշդումներ պիտի ընեն, երբ ուրիշներու հետ կը խօսին։—Կող. 3։12

      Լաւ պատրաստութիւնը, դաշտի ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցելով ձեռք ձգուած փորձառութիւնը եւ Եհովայի մատուցուած աղօթքները ձեզի պիտի օգնեն որ յարմար ձայնածաւալով խօսիք։ Բեմէն խօսիք թէ՝ դաշտի ծառայութեան մէջ անհատի մը, ջանացէք կեդրոնանալ այն գաղափարին վրայ թէ դիմացի անհատը ի՛նչպէս պիտի օգտուի, երբ մտիկ ընէ ձեր խօսքերը։—Առ. 18։21

  • Ձայներանգ
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
    • Ուսումնասիրութիւն 9

      Ձայներանգ

      Ի՞նչ պէտք է ընէք

      Ձեր ձայնին մէջ այլազանութիւն դրէք։ Այս ուսումնասիրութեան մէջ նկատի կ’առնենք ձայնածաւալի, ձայնի արագութեան եւ ձայնաստիճանի փոփոխութիւնները։

      Ինչո՞ւ կարեւոր է

      Պատշաճ ձայներանգը կեանք կու տայ դասախօսութեան, զգացումներ կը գրգռէ եւ գործի կը մղէ։

      Ձայներանգի պակասը այն տպաւորութիւնը կրնայ տալ թէ ձեր նիւթով իրապէս հետաքրքրուած չէք։

      ՊԱՐԶ իմաստի շեշտ գործածելը կ’օգնէ ունկնդիրներուն որ հասկնան ձեր ըսածը։ Բայց երբ ձայնածաւալի, ձայնի արագութեան եւ ձայնաստիճանի այլազանութիւնը լաւ կերպով գործածէք, ներկաները շա՛տ աւելի հաճոյքով պիտի ունկնդրեն ձեր դասախօսութիւնը։ Ասկէ աւելի, անիկա ձեր ունկնդիրներուն ցոյց կրնայ տալ թէ ձեր ըսած բաներուն հանդէպ ի՛նչ է ձեր զգացումը։ Նիւթին հանդէպ ձեր կեցուածքը կրնայ ազդել անոր հանդէպ անոնց զգացումին։ Բեմէն խօսիք, թէ՝ դաշտի ծառայութեան մէջ անհատի մը, պարագան նոյնն է։

      Մարդկային ձայնը հոյակապ գործիք մըն է, այլազան կարողութիւններով օժտուած։ Եթէ անիկա լաւ կերպով գործածուի, կրնայ կեանք տալ դասախօսութեան, սրտին դպչիլ, զգացումներ գրգռել եւ գործի մղել։ Սակայն ասիկա կարելի չէ իրագործել պարզապէս ձեր նոթերուն վրայ նշան դնելով, թէ ձեր ձայնածաւալը, ձայնի արագութիւնը կամ ձայնաստիճանը ո՛ւր պիտի փոխէք։ Այսպիսի յուշարարներու ընդառաջելով ձայնի մէջ եղանակաւորում դնելը արուեստական պիտի հնչէ։ Անիկա փոխանակ կեանք ու երանգ տալու ձեր ելոյթին, կրնայ անհանգստացնել ձեր ունկնդիրները։ Ձայներանգի պատշաճ գործածութիւնը սրտէն կը բխի։

      Երբ իմաստուն կերպով գործածուի, ձայներանգը անտեղի ուշադրութիւն պիտի չհրաւիրէ դասախօսին վրայ։ Ընդհակառակը, անիկա ունկնդիրներուն պիտի օգնէ որ խօսուած նիւթին հոգիին թափանցեն։

      Ձայնածաւալը Յարմարցուցէք։ Ձեր ձայնի արտայայտութիւնը այլազան ընելու կերպերէն մէկն է՝ ձայնածաւալի յարմարեցումը։ Բայց ասիկա միապաղաղօրէն ձայնածաւալը աւելցնելով կամ նուազեցնելով պէտք չէ ըլլայ։ Անիկա ձեր խօսքերուն իմաստը կրնայ խեղաթիւրել։ Եթէ շատ յաճախ բարձրացնէք ձեր ձայնածաւալը, անհաճելի տպաւորութիւն պիտի ձգէք։

      Ձեր ձայնածաւալը նիւթին յարմար պէտք է ըլլայ։ Ձեր կարդացածը ըլլայ ստիպողական պատուէր մը՝ ինչպէս Յայտնութիւն 14։6, 7, կամ Յայտնութիւն 18։4–ը, թէ՝ զօրաւոր համոզումի արտայայտութիւն մը, ինչպէս Ելից 14։13, 14–ը, յանձնարարելի է որ ձեր ձայնածաւալը որոշ չափով բարձրացնէք։ Նմանապէս, եթէ խիստ դատապարտութիւն մը կը կարդաք Աստուածաշունչէն, ինչպէս՝ Երեմեայ 25։27-38–ն, ձեր ձայնածաւալը փոխելը կարգ մը արտայայտութիւններ միւսներէն ցցուն պիտի դարձնէ։

      Նկատի առէք նաեւ ձեր նպատակը։ Ձեր ունկնդիրները գործի՞ կ’ուզէք մղել։ Ձեր ներկայացման գլխաւոր կէտերը աչքառո՞ւ կ’ուզէք դարձնել։ Խոհեմօրէն գործածուած աւելի բարձր ձայնածաւալ մը, այս նպատակները իրագործելու կը նպաստէ։ Սակայն, պարզապէս ձեր ձայնածաւալը բարձրացնելով ձեր նպատակին չէք հասնիր։ Ինչո՞ւ։ Թերեւս ձեր ըսածը ջերմութիւն եւ զգացում կը պահանջէ քան՝ ձայնածաւալի բարձրացում։ Ասիկա նկատի պիտի առնենք Ուսումնասիրութիւն 11–ին մէջ։

      Երբ խորատեսութեամբ գործածուի, ձայնածաւալի նուազում մը կրնայ ակնկալութիւն արթնցնել։ Բայց սովորաբար անոր պէտք է յաջորդէ աւելի ուժգին ձայնի թոն մը։ Ձայնը ցածցնելը՝ ապա անոր ուժգնութիւնը աւելցնելը, կը գործածուի մտահոգութիւն կամ վախ հաղորդելու համար։ Ձայնը ցածցնելը կրնայ նաեւ նշանակել որ ըսուածը երկրորդական կարեւորութիւն ունի, բաղդատած շուրջի ըսուածներուն հետ։ Բայց եթէ ձեր ձայնը միշտ ցած ըլլայ, ասիկա ձեր կողմէ անվստահութիւն, համոզումի պակաս, կամ ձեր նիւթին հանդէպ հետաքրքրութեան պակաս կրնայ հաղորդել։ Որոշ է ուրեմն, որ շատ մեղմ թոնը խոհեմօրէն պէտք է գործածուի։

      Ձեր Ձայնի Արագութիւնը Փոխեցէք։ Առօրեայ խօսակցութեան մէջ բառերը մեր բերնէն ինքնաբերաբար կ’ելլեն, երբ մեր միտքը կ’արտայայտենք։ Երբ ջղագրգիռ ենք, աւելի արագ կը խօսինք։ Երբ կ’ուզենք որ ուրիշներ յիշեն ճիշդ ինչ որ կ’ըսենք, մեր խօսակցութիւնը աւելի կը դանդաղեցնենք։

      Սակայն, բեմ բարձրացող սկսնակ դասախօսներէն քիչեր կրնան իրենց ձայնի արագութեան մէջ այլազանութիւն դնել։ Ինչո՞ւ։ Անոնք շա՛տ բծախնդրութեամբ կը պատրաստեն իրենց գործածելիք բառերը։ Թերեւս ամբողջ դասախօսութիւնը գրի կ’առնեն։ Նոյնիսկ երբ դասախօսութիւնը ընթերցանութեան կերպով չտան, բառերը գրեթէ գոց սորված կ’ըլլան։ Հետեւաբար, ամէն բան կշռուած ու չափուած արագութեամբ կը տրուի։ Ուրուագիծէ մը խօսիլ սորվիլը, այս տկարութիւնը յաղթահարելու կը նպաստէ։

      Խուսափեցէք ձեր ձայնի արագութիւնը յանկարծ աւելցնելէ. անիկա պիտի նմանի հանդարտօրէն քալող կատուի մը որ շուն մը տեսնելով յանկարծ կը փախչի։ Իսկ բնա՛ւ այնքան արագ մի՛ խօսիք որ ձեր առոգանութիւնը անկէ վնասուի։

      Ձեր ձայնի արագութեան մէջ այլազանութիւն դնելու համար, պարզապէս պարբերաբար ձեր խօսակցութիւնը մի՛ արագացնէք կամ դանդաղեցնէք։ Խօսելու այսպիսի ոճ մը փոխանակ օգտակար ըլլալու, անհատնե

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել