Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Դպրոցին Մէջ Աշակերտական Բաժիններուն Պատրաստութիւնը
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
    • Դպրոցին Մէջ Աշակերտական Բաժիններուն Պատրաստութիւնը

      ԴՊՐՈՑԻՆ մէջ իւրաքանչիւր աշակերտական բաժին, յառաջդիմելու առիթ մըն է։ Բծախնդրաբար ջանք թափեցէք, եւ ձեր յառաջդիմութիւնը աստիճանաբար բացայայտ պիտի ըլլայ թէ՛ ձեզի եւ թէ ուրիշներուն։ (Ա. Տիմ. 4։15) Դպրոցը ձեզի պիտի օգնէ որ ձեր կարողութիւնները լիովին զարգացնէք։

      Ժողովքին դիմաց խօսելու գաղափարը ձեզ ջղագրգի՞ռ կը դարձնէ։ Ասիկա շատ բնական է, նոյնիսկ երբ որոշ ատենէ կը մասնակցիք դպրոցին։ Բայց կարգ մը բաներ կրնան ձեր մտավախութիւնը նուազեցնել։ Տան մէջ յաճախ բարձրաձայն կարդալու սովորութիւն մը զարգացուցէք։ Ժողովներու ընթացքին, յաճախ պատասխանեցէք, իսկ եթէ հրատարակիչ մըն էք, կանոնաւորաբար մասնակցեցէք դաշտի ծառայութեան։ Այսպիսով ուրիշներուն դիմաց խօսելու վարժութիւն պիտի ունենաք։ Ասկէ զատ, ձեր աշակերտական բաժինները բաւական առաջուընէ պատրաստեցէք եւ բարձրաձայն փորձ ըրէք։ Յիշեցէք որ բարեկամական ունկնդիրներու դիմաց պիտի խօսիք։ Իսկ որեւէ դասախօսութիւն տալէ առաջ, Եհովայի աղօթեցէք։ Ան ուրախութեամբ սուրբ հոգին կու տայ իր այն ծառաներուն, որոնք իրմէ կը խնդրեն։—Ղուկ. 11։13. Փիլ. 4։6, 7

      Համեստ եղէք ձեր ակնկալութիւններուն մէջ։ Դասախօս մը կամ ազդու ուսուցիչ մը ըլլալը ժամանակի կը կարօտի։ (Միք. 6։8) Եթէ նոր արձանագրուած էք այս դպրոցը, մի՛ ակնկալէք շուտով փայլուն ելոյթներ ունենալ։ Հապա, ամէն անգամ խրատական մէ՛կ կէտի վրայ աշխատեցէք։ Այս գրքէն ուսումնասիրեցէք անոր մասին խօսող հատուածը։ Երբ կարելի է, հոն թելադրուած վարժութիւնը կատարեցէք։ Ասիկա ձեզի փորձառութիւն պիտի տայ խրատական այդ կէտին կապակցաբար, ժողովքին դիմաց ձեր բաժինը ներկայացնելէ առաջ։ Յառաջդիմութիւնը ժամանակի ընթացքին պիտի գայ։

      Ընթերցանութեան Նշանակում մը Ի՛նչպէս Պատրաստել

      Հանրութեան դիմաց կարդալու համար պատրաստուիլը, նշանակուած նիւթին բառերը պարզապէս արտասանելէն աւելին կը պահանջէ։ Ջանացէք լաւ կերպով հասկնալ նիւթին իմաստը։ Անմիջապէս որ բաժին մը նշանակուի ձեզի, այս նպատակը ի մտի ունենալով կրկին անգամ կարդացէք զայն։ Ջանացէք իւրաքանչիւր նախադասութեան մէջի կէտը եւ իւրաքանչիւր պարբերութեան գաղափարը հասկնալ, որպէսզի կարող ըլլաք ճշգրտօրէն եւ շիտակ զգացումով փոխանցել միտքը։ Երբ կարելի է, ձեզի անծանօթ եղող բառերը շիտակ հնչելու համար, բառարանին մէջ զանոնք ստուգեցէք։ Նիւթը լաւ հասկցէք։ Ծնողներ կրնան ասոր մէջ օգտակար ըլլալ իրենց անչափահաս զաւակներուն։

      Աստուածաշունչէն հատուած մը, կամ Դիտարան–ի մէկ յօդուածին պարբերութիւնները կարդալու նշանակո՞ւմ մը ստացած էք։ Եթէ այդ նիւթը ձայներիզի վրայ ունիք ձեր լեզուով, շատ օգտակար կ’ըլլայ մտիկ ընել ընթերցանութիւնը եւ ձեր քով նոթեր առնել առոգանութեան, ոճին, շեշտին եւ ձայներանգին նման ազդակներու մասին։ Ապա փորձեցէք այս յատկութիւնները ներմուծել ձեր ընթերցանութեան մէջ։

      Երբ կը սկսիք ձեր նշանակումին վրայ աշխատիլ, ուշադրութեամբ սերտեցէք այն դասը որ կը խօսի խօսակցութեան այն յատկութեան մասին, որ նշանակուած է ձեզի։ Ձեզի նշանակուած նիւթը բարձրաձայն կարդալու բազմաթիւ փորձեր ընելէն ետք, եթէ կարելի է, դարձեալ աչքէ անցուցէք զայն։ Ջանացէք այդ գրաւոր խրատը կարելի եղածին չափ լիովին գործադրել։

      Այս մարզումը շատ օգտակար պիտի ըլլայ ձեր ծառայութեան մէջ։ Մինչ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցիք, ուրիշներուն ներկայութեան կարդալու շատ առիթներ կ’ունենաք։ Քանի որ Աստուծոյ Խօսքը մարդոց կեանքը փոխելու զօրութիւնը ունի, կարեւոր է որ զայն լաւ կարդաք։ (Եբր. 4։12) Մի՛ ակնկալէք որ մէկ կամ երկու բաժին տալով ազդեցիկ ընթերցող մը ըլլալու բոլոր երեսակներուն պիտի տիրապետէք։ Տարիներու փորձառութիւն ունեցած Քրիստոնեայ երէցի մը, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Միտք դիր կարդալու [«հանրային ընթերցանութիւն ընելու», ՆԱ]»։—Ա. Տիմ. 4։13

      Բնաբանի մը եւ Մատուցման Կերպի մը Վրայ Աշխատիլ

      Երբ դպրոցին մէջ բաժին մը տրուի ձեզի, որուն մէջ մատուցման կերպ մը պիտի գործածէք, ի՞նչպէս պէտք է կատարէք զայն։

      Նկատի առնուելիք երեք գլխաւոր բաներ կան. (1) ձեզի նշանակուած բնաբանը, (2) մատուցման կերպը եւ այն անհատը, որուն հետ պիտի խօսիք, եւ (3) խրատական կէտը, որուն վրայ պիտի աշխատիք։

      Պէտք է ձեզի նշանակուած բնաբանին մասին տեղեկութիւն հաւաքէք։ Բայց անոր մէջ խորանալէ առաջ, լրջօրէն նկատի առէք ձեր մատուցման կերպը, ինչպէս նաեւ այն անհատը, որուն հետ պիտի խօսիք, քանի որ այս ազդակները ազդեցութիւն պիտի ունենան ձեր նկատի առնելիք նիւթին ու զայն ներկայացնելու կերպին վրայ։ Մատուցման ի՞նչ կերպ պիտի գործածէք։ Ձեզի ծանօթ եղող անհատի մը բարի լուրը ներկայացնելու կե՞րպ մը պիտի ցուցադրէք։ Կամ՝ ցոյց պիտի տաք թէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ երբ առաջին անգամ հանդիպիք անհատի մը։ Անհատը ձեզմէ տարե՞ց է, թէ՝ աւելի փոքր։ Ան ի՞նչ կեցուածք կրնայ ունենալ ձեր ներկայացնելիք նիւթին հանդէպ։ Անոր մասին արդէն ո՞րքան տեղեկութիւն ունի։ Ձեր խօսակցութենէն ի՞նչ կ’ակնկալէք ձեռք ձգել։ Այս հարցումներուն պատասխանները կարեւոր են ձեր աշխատանքին ուղղութիւն տալու համար։

      Ձեզի նշանակուած բնաբանին մասին ուրկէ՞ կրնաք տեղեկութիւն քաղել։ Այս գրքին 33-38–րդ էջերուն վրայ, քննարկում մը կայ՝ «Ի՛նչպէս Պրպտում Կատարել»ու մասին։ Զայն կարդացէք, ապա ձեզի մատչելի եղող պրպտումի գործիքները գործածեցէք։ Յաճախ շատ աւելի նիւթ պիտի հաւաքէք, քան ինչ որ կրնաք գործածել։ Ձեզի մատչելի եղող հնարաւորութիւններէն տեղեկութիւն քաղեցէք։ Բայց մինչ ասիկա կ’ընէք, ձեր մտքին մէջ ունեցէք ձեր գործածելիք մատուցման կերպը, ինչպէս նաեւ այն անհատը, որուն հետ պիտի խօսիք։ Նշեցէք գործածուելու յարմար եղող կէտերը։

      Ձեր ներկայացնելիք նիւթը դասաւորելէ եւ վերջին մանրամասնութիւնները ընտրելէ առաջ, ձեր աշխատելիք խրատական կէտին քննարկումը կարդալու ժամանակ տրամադրեցէք։ Այդ խրատին կիրարկումը ձեզի տրուած նշանակումին գլխաւոր պատճառներէն մէկն է։

      Յատկացուած ժամանակին մէջ ձեր նիւթը ներկայացնելով, եզրակացութիւնը ընելու գոհունակութիւնը պիտի ունենաք, քանի որ երբ նշանակուած ժամանակը վերջանայ, ձեզի նշան մը պիտի տրուի։ Բայց դաշտի ծառայութեան մէջ, ժամանակը միշտ նկատի առնուելիք ազդակ մը չէ։ Ուստի, երբ պատրաստութիւն կը տեսնէք, նկատի առէք ձեր ունեցած ժամանակը, բայց աւելի շեշտ դրէք ազդու ուսուցումին վրայ։

      Երկու Խօսք Մատուցման Կերպերուն Մասին։ Էջ 82–ի վրայ գտնուող թելադրութիւնները քննարկեցէք եւ ընտրեցէք հատ մը, որ գործնական է ձեր ծառայութեան մէջ եւ նշանակուած նիւթը իրապաշտօրէն գործածելու պիտի նպաստէ։ Եթէ որոշ ատենէ այս դպրոցին մէջ էք, ասիկա ձեր ծառայութեան մէջ յաւելեալ հմտութիւններ ձեռք ձգելու ու զարգացնելու պատեհութիւն մը նկատեցէք։

      Եթէ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի տեսուչը ինք որոշէ մատուցման կերպը՝ զայն ընդունեցէք։ Մատուցման շատ մը կերպեր վկայութեան շուրջ կը դառնան։ Եթէ հոն նկարագրուած պարագայի մը մէջ բնաւ քարոզած չէք, գաղափարներ առէք այն հրատարակիչներէն, որոնք ասիկա ըրած են։ Եթէ կարելի է, փորձեցէք ձեզի նշանակուած նիւթը նկատի առնել այնպիսի պարագայի մը մէջ, որ նման է դպրոցին մէջ ձեր գործածելիք մատուցման կերպին։ Ասիկա ձեզի պիտի օգնէ որ ձեր մարզումին կարեւոր մէկ նպատակը իրագործէք։

      Երբ Ելոյթը Դասախօսութեան Կերպով Պիտի Կատարուի

      Եթէ տղամարդ մըն էք, թերեւս ժողովքին դիմաց հակիրճ դասախօսութիւն մը ներկայացնելու նշանակում մը տրուի ձեզի։ Այս դասախօսութիւնները պատրաստելու ատեն, նկատի առնուելիք հիմնական կէտերը նման են ցուցադրութեան կերպով եղող աշակերտական բաժիններուն համար արդէն ցանկագրուած կէտերուն։ Գլխաւոր տարբերութիւնները՝ ունկնդիրները եւ ներկայացման ձեւն են։

      Ընդհանրապէս փափաքելի է որ ձեր նիւթը այնպէս մը պատրաստէք որ բոլոր ունկնդիրներն ալ անկէ օգուտ քաղեն։ Ներկաներուն մեծամասնութիւնը արդէն գիտէ Աստուածաշունչին հիմնական ճշմարտութիւնները։ Թերեւս անոնք շատ լաւ գիտեն ձեզի նշանակուած նիւթը։ Հաշուի առէք ձեր նիւթին մասին անոնց գիտցածը։ Ջանք թափեցէք որ անոնք կերպով մը օգուտ քաղեն ձեր ելոյթէն։ Դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Իմ նիւթս ի՞նչպէս կրնամ գործածել, Եհովայի հանդէպ իմ եւ ունկնդիրներուս գնահատութիւնը խորացնելու՝ որպէս անձնաւորութիւն։ Նիւթին մէջ ի՞նչ կայ որ մեզի պիտի օգնէ Աստուծոյ կամքը հասկնալու։ Այս նիւթը ի՞նչպէս կրնայ օգնել ողջախոհ որոշումներ կայացնելու, մարմնաւոր ցանկութիւններով տիրապետուած այս աշխարհին մէջ’։ (Եփ. 2։3) Այս հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ տալը պրպտումի կը կարօտի։ Երբ Աստուածաշունչը կը գործածէք, համարները պարզապէս կարդալէն աւելին ըրէք։ Ձեր գործածած համարներուն մասին պատճառաբանեցէք եւ ցոյց տուէք թէ անոնք ի՛նչպէս եզրակացութիւններու յանգելու որպէս հիմք կը ծառայեն։ (Գործք 17։2, 3) Մի՛ փորձէք շատ նիւթ ծածկել։ Ձեր նիւթը այնպէս մը ներկայացուցէք որ զայն վերյիշելը դիւրին ըլլայ։

      Պատրաստութեան մէջ կ’իյնայ նաեւ, ձեր խօսելակերպին ուշադրութիւն ընծայելը։ Ասոր կարեւորութիւնը մի՛ նսեմացնէք։ Դասախօսութիւնը բարձրաձայն փորձ ըրէք։ Խօսակցական տարբեր որակումներու մասին տրուած խրատները ուսումնասիրելու եւ գործադրելու համար ձեր թափած ջանքը շատ պիտի նպաստէ ձեր յառաջդիմութեան։ Նոր դասախօս մը ըլլաք, թէ՝ փորձառու, լաւ պատրաստեցէք որպէսզի համոզումով եւ ձեր նիւթին վայել զգացումով խօսիք։ Մինչ դպրոցին մէջ տրուած իւրաքանչիւր նշանակումի վրայ կ’աշխատիք, ձեր մտքին մէջ պահեցէք ձեր նպատակը, որ է՝ խօսելու ձեր աստուածատուր կարողութիւնը գործածել Եհովան պատուելու համար։—Սաղմ. 150։6

  • Ժողովքին Համար Դասախօսութիւններ Պատրաստել
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
    • Ժողովքին Համար Դասախօսութիւններ Պատրաստել

      ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ Ծառայութեան Դպրոցին յայտագիրը ամբողջ ժողովքին օգտակար ըլլալու համար պատրաստուած է։ Ժողովքային այլ հանդիպումներուն ու համաժողովներուն ալ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը ներկայացուին։ Եթէ այս յայտագիրներէն մէկուն մէջ մաս մը նշանակուի ձեզի, ուրեմն ծանրակշիռ պատասխանատուութիւն մը յանձնուած կ’ըլլայ ձեզի։ Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեայ տեսուչ Տիմոթէոսին յորդոր տուաւ որ իր ուսուցումին յարատեւաբար ուշադրութիւն ընէ։ (Ա. Տիմ. 4։16) Քրիստոնէական ժողովներուն յաճախողները արժէքաւոր ժամանակ տրամադրած են, իսկ ոմանք շատ մեծ ջանք թափած են՝ հոն գտնուելու համար, որպէսզի Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութեան կապակցաբար հարցերու շուրջ ցուցմունք ստանան։ Այսպիսի ցուցմունք տալը արդարեւ հոյակապ առանձնաշնորհում մըն է։ Ի՞նչպէս կրնաք անոր լաւ հոգ տանիլ։

      Աստուածաշունչի Ընթերցանութենէն Աչքառու Կէտեր

      Դպրոցին այս երեսակը հիմնուած է այդ շաբթուան համար նշանակուած Աստուածաշունչի ընթերցանութեան վրայ։ Պէտք է շեշտուի թէ նիւթը ներկայիս ի՛նչ ազդեցութիւն ունի մեր վրայ։ Նէեմեայ 8։8–ի արձանագրութեան համաձայն, Եզրաս եւ իր ընկերակիցները Աստուծոյ Խօսքը հանրութեան առջեւ կարդացին, բացատրութիւն տալով, ‘մեկնելով’ ու հասկցնելով։ Աստուածաշունչէն աչքառու կէտեր բաժինը ձեզի պատեհութիւն կու տայ որ դուք ալ ասիկա իրագործէք։

      Այս բաժինը ի՞նչպէս պէտք է պատրաստէք։ Եթէ կարելի է, Աստուածաշունչէն ձեզի նշանակուած հատուածը շաբաթ մը կամ աւելի առաջ կարդացէք։ Ապա ձեր ժողովքին ու անոր կարիքներուն մասին խորհեցէք։ Այս մասին աղօթեցէք։ Աստուծոյ Խօսքին այս հատուածին ո՞ր խրատները, օրինակներն ու սկզբունքները կրնան լեցնել այդ կարիքները։

      Պրպտում ընելը անհրաժեշտ է։ Դիտարանի Գրադարան՝ Սի.Տի. ՌՈՄի վրայ, կամ՝ Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ–ը ձեր լեզուով մատչելի՞ է։ Եթէ այո, զանոնք լաւ կերպով գործածեցէք։ Պրպտում կատարելով այն համարներուն մասին, որոնց վրայ որոշած էք կեդրոնանալ, կրնաք զանոնք լուսաբանող տեղեկութիւններ, մարգարէութիւններու կատարման բացատրութիւններ, կարգ մը համարներու Եհովայի մասին ըրած յայտնաբերումներու վերլուծումներ, կամ սկզբունքներու քննարկումներ գտնել։ Մի՛ փորձէք շատ կէտեր ծածկել։ Քանի մը ընտրուած համարներու վրայ կեդրոնացէք։ Նախընտրելի է միայն քանի մը համար նկատի առնել ու զանոնք լաւ կերպով ներկայացնել։

      Ձեր նշանակումը կրնայ նաեւ պահանջել ունկնդիրները հրաւիրել որ ըսեն թէ ի՛նչպէս օգտուած են շաբաթական Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն։ Ի՞նչ գտած են, որ օգտակար պիտի ըլլայ իրենց անձնական եւ ընտանեկան ուսումնասիրութեան, ծառայութեան կամ ապրելակերպին մէջ։ Եհովայի ո՞ր յատկութիւնները ի յայտ բերուած են մարդոց ու ազգերու հետ իր գործառնութիւններէն։ Ունկնդիրները ի՞նչ սորվեցան որ իրենց հաւատքը զօրացուց եւ Եհովայի հանդէպ իրենց գնահատութիւնը կերտեց։ Մանրամասնութիւններու ու բարդ կէտերու վրայ մի՛ ծանրանաք։ Ընտրուած կէտերուն իմաստը եւ գործնական արժէքը շեշտեցէք։

      Հրահանգիչ Ուղերձ

      Ասիկա հրատարակուած նիւթի մը՝ թերեւս Դիտարան–ի կամ Զարթի՛ր–ի, կամ գրքի մը մէկ հատուածին վրայ հիմնուած է։ Ընդհանրապէս, նիւթին ծաւալը յատկացուած ժամանակէն աւելի կ’ըլլայ։ Ի՞նչպէս պիտի վարէք ձեր բաժինը։ Ասիկա պէտք է ընէք որպէս ուսուցիչ մը եւ ո՛չ թէ որպէս մէկը որ պարզապէս նիւթ մը կը ներկայացնէ։ Տեսուչ մը «ուսուցանելու ատակ» պէտք է ըլլայ։—Ա. Տիմ. 3։2, Անթիլիաս

      Ձեր պատրաստութեան սկսեցէք նշանակուած նիւթը ուսումնասիրելով։ Համարները բացէք։ Խոկացէք։ Ասիկա ձեր ելոյթին թուականէն բաւական առաջ փորձեցէք ընել։ Ի մտի ունեցէք որ եղբայրներուն քաջալերութիւն տրուած է որ նախապէս կարդացած ըլլան այն նիւթը, որուն վրայ հիմնուած է ձեր դասախօսութիւնը։ Ձեր նշանակումը ոչ թէ պարզապէս զայն վերաքաղ ընել կամ խտացնել է, այլ, ցոյց տալ անոր կիրարկման կերպը։ Նիւթէն յարմար մասեր այնպէս մը գործածեցէք որ իրապէս օգտակար ըլլան ժողովքին։

      Ճիշդ ինչպէս որ իւրաքանչիւր երախայ իր անձնաւորութիւնը ունի, նոյնպէս ալ իւրաքանչիւր ժողովք իր իւրայատուկ նկարագրի գծերը ունի։ Ծնող մը որ ազդու կերպով կը սորվեցնէ, իր երախային պարզապէս բարոյական կանոններ չի թուեր։ Ան երախային հետ կը պատճառաբանէ։ Ան նկատի կ’ունենայ երախային անձնաւորութիւնը եւ այն խնդիրները, որոնց դէմ ան կը պայքարի։ Նոյն կերպով, ժողովքին ուսուցիչները կը ջանան իրենց խօսած անհատներուն կարիքները հասկնալ ու լեցնել։ Սակայն խորատես ուսուցիչ մը պիտի խուսափի այնպիսի օրինակներ գործածելէ, որոնք կրնան ունկնդիրներէն մէկը նեղը ձգել։ Ան պիտի մատնանշէ այն օգուտները, որոնք արդէն վայելած են Եհովայի ճամբուն մէջ քալելով, եւ Սուրբ Գրքէն ցցուն պիտի ընէ խրատներ, որոնք ժողովքին պիտի օգնեն որ իրենց դիմագրաւած խնդիրները յաջողութեամբ ձեռք առնեն։

      Լաւ ուսուցումը ունկնդիրներուն սրտին կը դպչի։ Ասիկա կը պահանջէ ո՛չ միայն իրողութիւններ նշել, այլ նաեւ ներկայացուածներուն հանդէպ գնահատութիւն կերտել։ Նաեւ՝ անկեղծ հետաքրքրու թիւն, ձեր ուսուցանած անհատներուն հանդէպ։ Հոգեւոր հովիւները պէտք է ճանչնան հօտը։ Եթէ սիրազեղ կերպով ի մտի ունենան տարբեր անհատներու դիմագրաւած խնդիրները, պիտի կարենան խրախուսիչ կերպով խօսիլ, հասկացողութիւն, գութ ու կարեկցութիւն ցոյց տալով։

      Կարող ուսուցիչներ գիտեն թէ դասախօսութիւն մը յստակօրէն սահմանուած նպատակ մը պէտք է ունենայ։ Նիւթը այնպէս մը պէտք է ներկայացուի, որ բանալի կէտերը ցցուն ըլլան եւ յիշուին։ Ունկնդիրները իրենց հետ պէտք է տանին գործնական խորհուրդներ, որոնք իրենց կեանքին պիտի ազդեն։

      Ծառայութեան Ժողով

      Երբ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին վրայ հիմնուած դասախօսութիւն մը կու տաք, հոս հարցը կը տարբերի։ Այս պարագային ո՛չ թէ դուք պիտի ընտրէք յարմարագոյնը, այլ՝ ունկնդիրներուն լիովին պիտի փոխանցէք ի՛նչ որ հայթայթուած է։ Ունկնդիրներուն օգնեցէք որ տրուած որեւէ խրատի հիմը կազմող սուրբ գրային համարով տրամաբանեն։ (Տիտ. 1։9) Ժամանակը սահմանափակ է, եւ ընդհանրապէս յաւելեալ տեղեկութեան կարելիութիւն չկայ։

      Իսկ կարգ մը պարագաներու, թերեւս ձեզի նշանակուի նիւթ մը, որուն մասին յօդուած մը չկայ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։ Կրնայ Դիտարան–ի յօդուած մը մատնանշուած ըլլալ, կամ՝ նշանակումը քանի մը հակիրճ նոթերէ բաղկացած ըլլալ։ Որպէս ուսուցիչ, ձեզի կ’իյնայ նկատի ունենալ ժողովքին կարիքները՝ նշանակուած նիւթին կապակցաբար։ Թերեւս կարիքը ունենաք հակիրճ, նպատակին ծառայող օրինակ մը գործածել կամ յարմար փորձառութիւն մը պատմել։ Յիշեցէք որ ձեր նշանակումը պարզապէս նիւթին մասին խօսիլ չէ, այլ զայն ներկայացնել ա՛յնպիսի կերպով մը, որ ժողովքին օգնութիւն տրուի կատարելու համար այն գործը, զոր Աստուծոյ Խօսքը ընդգծած է, եւ ուրախութեամբ ընել զայն։—Գործք 20։20, 21

      Մինչ ձեր նշանակումին համար պատրաստութիւն կը տեսնէք, ժողովքի անդամներուն պարագաներուն մասին խորհեցէք։ Զանոնք գովեցէք այդ բաներուն համար, զորս արդէն կ’ընեն։ Նշանակուած նիւթին մէջ տրուած թելադրութիւնները կիրարկելը ի՞նչպէս զիրենք աւելի ազդու պիտի դարձնէ ծառայութեան մէջ եւ իրենց ուրախութիւնը պիտի աւելցնէ։

      Ձեր նշանակումին մէջ ցուցադրութիւն մը կամ հարցազրոյց մը կա՞յ։ Եթէ այո, անիկա նախապէս լաւ կերպով ծրագրուած պէտք է ըլլայ։ Թերեւս փորձուիք պարզապէս ուրիշէ մը խնդրել որ անոր համար կարգադրութիւն ընէ, բայց ասիկա միշտ լաւագոյն արդիւնքը չի տար։ Եթէ կարելի է, ցուցադրութիւնը կամ հարցազրոյցը փորձ ըրէք նախ քան

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել