-
Ուրուագծի ՊատրաստութիւնԱստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
-
-
Ուրուագծի Պատրաստութիւն
ԵՐԲ դասախօսութիւն մը նշանակուի, շատեր ջանադիր կերպով զայն գրի կ’առնեն, բացումէն մինչեւ եզրակացութիւնը։ Դասախօսութիւնը ամբողջանալէն առաջ, բազմաթիւ սեւագրութիւններ եղած կ’ըլլան։ Ասիկա ժամեր կրնայ առնել։
Դուք ձեր դասախօսութիւնները ա՞յս կերպով կը պատրաստէք։ Աւելի դիւրին կերպ մը կ’ուզէ՞ք սորվիլ։ Եթէ սորվիք ուրուագիծ մը պատրաստել, կարիքը չէք ունենար ամէն բան գրելու։ Ասիկա ձեզի ժամանակ պիտի տայ, որ դասախօսութիւնը տալու վարժութեան վրայ աշխատիք։ Ձեր ելոյթները ոչ միայն աւելի հեշտօրէն պիտի ներկայացնէք, այլ նաեւ՝ զանոնք լսելը ունկնդիրներուն համար աւելի հետաքրքրական եւ աւելի քաջալերական պիտի ըլլայ։
Անշուշտ, սրահին մէջ տրուած հանրային դասախօսութեանց համար ուրուագիծ մը հայթայթուած է։ Բայց մնացեալ դասախօսութիւններու պարագան այս չէ։ Ձեզի թերեւս միայն նիւթ մը կամ բնաբան մը նշանակուի։ Կամ ձեզմէ կրնայ խնդրուիլ որ տպագրուած մասնայատուկ նիւթ մը ներկայացնէք։ Երբեմն, կրնայ պարզապէս քանի մը տեղեկութիւններ տրուիլ ձեզի։ Այս բոլոր նշանակումներուն համար, պէտք է ձեր անձնական ուրուագիծը պատրաստէք։
Էջ 41–ի վրայ տրուած նմոյշը, ձեզի գաղափար մը պիտի տայ թէ ի՛նչպէս կրնաք հակիրճ ուրուագիծ մը պատրաստել։ Նկատի առէք որ գլխաւոր կէտերէն իւրաքանչիւրը ձախ լուսանցքէն կը սկսի եւ մեծատառ գրուած է։ Իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտի ներքեւ, անոր նեցուկ կանգնող գաղափարներ դրուած են։ Այս գաղափարները զարգացնելու համար յաւելեալ կէտեր դրուած են անոնց ներքեւ՝ ձախ լուսանցքէն քիչ մը ներս քաշուած։ Այս ուրուագիծը զգուշութեամբ քննեցէք։ Նկատեցէք որ երկու գլխաւոր կէտերը ուղղակիօրէն բնաբանին հետ կապ ունին։ Նկատի առէք նաեւ որ ենթակէտերը պարզապէս հետաքրքրական նիւթեր չեն։ Հապա՝ ամէն մէկը նեցուկ կը կանգնի այն կէտին, որուն ներքեւ կը գտնուի։
Երբ ուրուագիծ մը կը պատրաստէք, թերեւս ճիշդ նմոյշին չնմանի։ Բայց եթէ անոր մէջ պարփակուած սկզբունքները լաւ հասկնաք, անոնք ձեզի պիտի օգնեն որ ձեր նիւթը դասաւորէք եւ տրամաբանական ժամանակի մը մէջ լաւ դասախօսութիւն մը պատրաստէք։ Ի՞նչպէս պէտք է սկսիք։
Վերլուծեցէք, Ընտրեցէք եւ Դասաւորեցէք
Բնաբանի մը պէտք ունիք։ Ձեր բնաբանը մէկ բառով ներկայացուելիք ընդարձակ նիւթ մը չի կրնար ըլլալ։ Անով հիմնական գաղափարն է որ կ’ուզէք հաղորդել եւ ցոյց տալ թէ ձեր նիւթը ո՛ր անկիւնէն պիտի դիտէք։ Եթէ բնաբանը նշանակուած է ձեզի, իւրաքանչիւր բառ ուշադրութեամբ վերլուծեցէք։ Եթէ նշանակուած բնաբանը տպագրուած նիւթի մը հիման վրայ պէտք է զարգացնէք, այդ նիւթը սերտեցէք՝ բնաբանը ձեր մտքին մէջ ունենալով։ Եթէ պարզապէս նիւթ մը նշանակուած է ձեզի, այդ պարագային դուք էք որ պիտի ընտրէք բնաբանը։ Բայց ասիկա ընելէն առաջ, պրպտում կատարելը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Ձեր միտքը բաց պահելով, կրնաք յաճախ նոր գաղափարներ հաւաքել։
Երբ այս քայլերը կ’առնէք, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Այս նիւթը ինչո՞ւ կարեւոր է ունկնդիրներուս համար։ Նպատակս ի՞նչ է’։ Ձեր նպատակը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն նիւթը ծածկել, կամ հետաքրքրական դասախօսութիւն մը տալ, այլ՝ իրագործել բան մը, որ օգտակար ըլլայ ձեր ունկնդիրներուն։ Երբ ձեր նպատակը սկսի կերպար առնել ձեր մտքին մէջ, գրի առէք զայն։ Մինչ նիւթը կը պատրաստէք, անդադար ձեր մտքին մէջ որոճացէք զայն։
Ձեր նպատակը որոշելէն եւ անոր յարմար բնաբան մը ընտրելէն ետք (կամ ձեզի նշանակուած բնաբանը ի՛նչպէս այդ նպատակին յարմարիլը վերլուծելէն ետք), կրնաք աւելի խտացուած պրպտում մը կատարել։ Փնտռեցէք տեղեկութիւններ, որոնք մասնայատուկ արժէք մը պիտի ներկայացնեն ձեր ունկնդիրներուն։ Ընդհանրական բաներու վրայ մի՛ կեդրոնանաք, այլ՝ մասնայատուկ կէտեր փնտռեցէք, որոնք տեղեկութիւն կը հաղորդեն եւ իրապէս օգտակար են։ Փնտռտուքի համար ձեր յատկացուցած ժամանակին մէջ տրամաբանական եղէք։ Շատ մը պարագաներու, շուտով շատ աւելի նիւթ պիտի հաւաքէք, քան ինչ որ կրնաք գործածել, ուստի պէտք է ընտրողական ըլլաք։
Ձեր բնաբանը զարգացնելու եւ նպատակը իրագործելու համար ձեր նկատի առնելիք գլխաւոր կէտերը բնորոշեցէք։ Ասոնք ձեր նիւթին կմախքը, ձեր հիմնական ուրուագիծը պիտի ըլլան։ Անոր մէջ քանի՞ գլխաւոր կէտեր պէտք է ըլլան։ Կարճ զրոյցի մը համար թերեւս երկու հատը կրնայ բաւարար ըլլալ, եւ սովորաբար հինգ հատը բաւարար է մէկ ժամ տեւող դասախօսութեան մը համար։ Ձեր գլխաւոր կէտերը ո՛րքան քիչ ըլլան, ա՛յնքան աւելի հաւանականութիւն կայ որ ձեր ունկնդիրները յիշեն զանոնք։
Անգամ մը որ ձեր բնաբանը եւ գլխաւոր կէտերը ունիք ձեր մտքին մէջ, պրպտում կատարելով ձեր քաղած նիւթերը դասաւորեցէք։ Որոշեցէք թէ ի՛նչ բան ուղղակիօրէն կապ ունի ձեր գլխաւոր կէտերուն հետ։ Մանրամասնութիւններ ընտրեցէք, որոնք ձեր ներկայացումին առանձնայատկութիւն մը պիտի տան։ Երբ գլխաւոր կէտերուն նեցուկ կանգնող համարներ կ’ընտրէք, նոթագրեցէք այն գաղափարները, որոնք պիտի օգնեն որ այդ համարներով աւելի իմաստալից կերպով պատճառաբանէք։ Իւրաքանչիւր նիւթ իրեն յարմար գլխաւոր կէտին ներքեւ դրէք։ Եթէ տեղեկութիւններէն ոմանք ձեր գլխաւոր կէտերէն ոչ մէկուն կը յարմարին, զանոնք մէկդի դրէք՝ նոյնիսկ երբ շատ հետաքրքրական են՝ կամ թղթածրարի մը մէջ դրէք, ուրիշ առթիւ գործածելու նպատակաւ։ Միայն լաւագոյն նիւթերը պահեցէք։ Եթէ ըսելիք շատ բան ունենաք, ստիպուած պիտի ըլլաք շատ արագ խօսելու եւ ձեր նիւթը մակերեսային պիտի ըլլայ։ Նախընտրելի է քանի մը կէտեր մշակել, որոնք իրապէս արժէքաւոր են ունկնդիրներուն, եւ զանոնք լաւ կերպով զարգացնել։ Ձեր ժամանակի սահմանին մէջ մնացէք։
Եթէ արդէն չէք ըրած, հոս հասնելէ ետք ձեր նիւթը տրամաբանական կերպով դասաւորեցէք։ Աւետարանիչ Ղուկաս ասիկա ըրաւ։ Իր նիւթին կապակցաբար բաւական տեղեկութիւններ քաղելէ ետք, զանոնք «կարգաւ» գրեց։ (Ղուկ. 1։3) Կրնաք ձեր նիւթը ժամանակագրական կամ տրամաբանական շարքաւորումով դասաւորել, հաւանաբար պատճառ եւ արդիւնք, կամ՝ խնդիր եւ լուծում ներկայացնելով, կախեալ ըլլալով թէ ո՛ր մէկը աւելի ազդու է ձեր նպատակին հասնելու համար։ Մէկ գաղափարէն շուտով ուրիշի մը պէտք չէ ցատկէք։ Ձեր ունկնդիրները հանգիստ կերպով մէկ միտքէն միւսին պէտք է տանիք, առանց անկամրջելի բացուածքներ ձգելու։ Ներկայացուած իրողութիւնները ունկնդիրները պէտք է հասցնեն տրամաբանական եզրակացութիւններու։ Մինչ ձեր կէտերը կարգի կը դնէք, խորհեցէք թէ ներկայացումը ի՛նչպէս պիտի հնչէ ձեր ունկնդիրներուն ականջին։ Անոնք հեշտութեամբ պիտի կարենա՞ն հետեւիլ ձեր մտքի թելին։ Իրենց լսածին վրայ գործի անցնելու պիտի մղուի՞ն, ինչպէս նպատակադրած էք։
Անկէ ետք, բացում մը պատրաստեցէք, որ ձեր նիւթին հանդէպ հետաքրքրութիւն արթնցնէ եւ ձեր ունկնդիրներուն ցոյց տայ թէ ինչ որ պիտի խօսիք, իրական արժէք մը ունի իրենց համար։ Ձեր առաջին քանի մը նախադասութիւնները գրի առնելը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Վերջապէս, ձեր նպատակին համապատասխանող խթանիչ եզրակացութիւն մը պատրաստեցէք։
Եթէ ձեր ուրուագծին վրայ բաւական կանուխ սկսիք աշխատիլ, ձեր դասախօսութիւնը տալէ առաջ ժամանակ պիտի ունենաք զայն յղկելու։ Թերեւս քանի մը վիճակագրութիւններով, օրինակով մը, կամ փորձառութեամբ մը, կարգ մը գաղափարներ երկրորդելու կարիքը տեսնէք։ Ընթացիկ դէպք մը կամ տեղական հետաքրքրութիւն ունեցող նիւթ մը գործածելով, կրնաք ձեր ունկնդիրներուն օգնել որ աւելի դիւրութեամբ տեսնեն նիւթին գործնականութիւնը։ Մինչ ձեր դասախօսութիւնը վերաքաղ կ’ընէք, տեղեկութիւնը ձեր ունկնդիրներուն կիրարկելու աւելի առիթներ պիտի նկատէք։ Վերլուծումը եւ յղկումը անհրաժեշտ քայլեր են, լաւ նիւթ մը ազդեցիկ դասախօսութեան մը վերածելու համար։
Կարգ մը դասախօսներ ուրիշներէն աւելի երկար նոթերու կարիքը կրնան ունենալ։ Բայց եթէ ձեր նիւթը միայն քանի մը գլխաւոր կէտերով դասաւորէք, անոնց իրապէս նեցուկ չկանգնող բաները դուրս ձգելով, եւ ձեր գաղափարները տրամաբանական կերպով դասաւորելով, պիտի տեսնէք թէ քիչ մը փորձառութեամբ պէտք պիտի չունենաք ամէն բան գրի առնելու։ Ասիկա որքա՜ն ժամանակ պիտի խնայէ։ Իսկ ձեր դասախօսութիւններուն որակը պիտի բարելաւուի։ Բացայայտ պիտի ըլլայ որ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն իրապէս կ’օգտուիք։
-
-
Դպրոցին Մէջ Աշակերտական Բաժիններուն ՊատրաստութիւնըԱստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
-
-
Դպրոցին Մէջ Աշակերտական Բաժիններուն Պատրաստութիւնը
ԴՊՐՈՑԻՆ մէջ իւրաքանչիւր աշակերտական բաժին, յառաջդիմելու առիթ մըն է։ Բծախնդրաբար ջանք թափեցէք, եւ ձեր յառաջդիմութիւնը աստիճանաբար բացայայտ պիտի ըլլայ թէ՛ ձեզի եւ թէ ուրիշներուն։ (Ա. Տիմ. 4։15) Դպրոցը ձեզի պիտի օգնէ որ ձեր կարողութիւնները լիովին զարգացնէք։
Ժողովքին դիմաց խօսելու գաղափարը ձեզ ջղագրգի՞ռ կը դարձնէ։ Ասիկա շատ բնական է, նոյնիսկ երբ որոշ ատենէ կը մասնակցիք դպրոցին։ Բայց կարգ մը բաներ կրնան ձեր մտավախութիւնը նուազեցնել։ Տան մէջ յաճախ բարձրաձայն կարդալու սովորութիւն մը զարգացուցէք։ Ժողովներու ընթացքին, յաճախ պատասխանեցէք, իսկ եթէ հրատարակիչ մըն էք, կանոնաւորաբար մասնակցեցէք դաշտի ծառայութեան։ Այսպիսով ուրիշներուն դիմաց խօսելու վարժութիւն պիտի ունենաք։ Ասկէ զատ, ձեր աշակերտական բաժինները բաւական առաջուընէ պատրաստեցէք եւ բարձրաձայն փորձ ըրէք։ Յիշեցէք որ բարեկամական ունկնդիրներու դիմաց պիտի խօսիք։ Իսկ որեւէ դասախօսութիւն տալէ առաջ, Եհովայի աղօթեցէք։ Ան ուրախութեամբ սուրբ հոգին կու տայ իր այն ծառաներուն, որոնք իրմէ կը խնդրեն։—Ղուկ. 11։13. Փիլ. 4։6, 7
Համեստ եղէք ձեր ակնկալութիւններուն մէջ։ Դասախօս մը կամ ազդու ուսուցիչ մը ըլլալը ժամանակի կը կարօտի։ (Միք. 6։8) Եթէ նոր արձանագրուած էք այս դպրոցը, մի՛ ակնկալէք շուտով փայլուն ելոյթներ ունենալ։ Հապա, ամէն անգամ խրատական մէ՛կ կէտի վրայ աշխատեցէք։ Այս գրքէն ուսումնասիրեցէք անոր մասին խօսող հատուածը։ Երբ կարելի է, հոն թելադրուած վարժութիւնը կատարեցէք։ Ասիկա ձեզի փորձառութիւն պիտի տայ խրատական այդ կէտին կապակցաբար, ժողովքին դիմաց ձեր բաժինը ներկայացնելէ առաջ։ Յառաջդիմութիւնը ժամանակի ընթացքին պիտի գայ։
Ընթերցանութեան Նշանակում մը Ի՛նչպէս Պատրաստել
Հանրութեան դիմաց կարդալու համար պատրաստուիլը, նշանակուած նիւթին բառերը պարզապէս արտասանելէն աւելին կը պահանջէ։ Ջանացէք լաւ կերպով հասկնալ նիւթին իմաստը։ Անմիջապէս որ բաժին մը նշանակուի ձեզի, այս նպատակը ի մտի ունենալով կրկին անգամ կարդացէք զայն։ Ջանացէք իւրաքանչիւր նախադասութեան մէջի կէտը եւ իւրաքանչիւր պարբերութեան գաղափարը հասկնալ, որպէսզի կարող ըլլաք ճշգրտօրէն եւ շիտակ զգացումով փոխանցել միտքը։ Երբ կարելի է, ձեզի անծանօթ եղող բառերը շիտակ հնչելու համար, բառարանին մէջ զանոնք ստուգեցէք։ Նիւթը լաւ հասկցէք։ Ծնողներ կրնան ասոր մէջ օգտակար ըլլալ իրենց անչափահաս զաւակներուն։
Աստուածաշունչէն հատուած մը, կամ Դիտարան–ի մէկ յօդուածին պարբերութիւնները կարդալու նշանակո՞ւմ մը ստացած էք։ Եթէ այդ նիւթը ձայներիզի վրայ ունիք ձեր լեզուով, շատ օգտակար կ’ըլլայ մտիկ ընել ընթերցանութիւնը եւ ձեր քով նոթեր առնել առոգանութեան, ոճին, շեշտին եւ ձայներանգին նման ազդակներու մասին։ Ապա փորձեցէք այս յատկութիւնները ներմուծել ձեր ընթերցանութեան մէջ։
Երբ կը սկսիք ձեր նշանակումին վրայ աշխատիլ, ուշադրութեամբ սերտեցէք այն դասը որ կը խօսի խօսակցութեան այն յատկութեան մասին, որ նշանակուած է ձեզի։ Ձեզի նշանակուած նիւթը բարձրաձայն կարդալու բազմաթիւ փորձեր ընելէն ետք, եթէ կարելի է, դարձեալ աչքէ անցուցէք զայն։ Ջանացէք այդ գրաւոր խրատը կարելի եղածին չափ լիովին գործադրել։
Այս մարզումը շատ օգտակար պիտի ըլլայ ձեր ծառայութեան մէջ։ Մինչ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցիք, ուրիշներուն ներկայութեան կարդալու շատ առիթներ կ’ունենաք։ Քանի որ Աստուծոյ Խօսքը մարդոց կեանքը փոխելու զօրութիւնը ունի, կարեւոր է որ զայն լաւ կարդաք։ (Եբր. 4։12) Մի՛ ակնկալէք որ մէկ կամ երկու բաժին տալով ազդեցիկ ընթերցող մը ըլլալու բոլոր երեսակներուն պիտի տիրապետէք։ Տարիներու փորձառութիւն ունեցած Քրիստոնեայ երէցի մը, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Միտք դիր կարդալու [«հանրային ընթերցանութիւն ընելու», ՆԱ]»։—Ա. Տիմ. 4։13
Բնաբանի մը եւ Մատուցման Կերպի մը Վրայ Աշխատիլ
Երբ դպրոցին մէջ բաժին մը տրուի ձեզի, որուն մէջ մատուցման կերպ մը պիտի գործածէք, ի՞նչպէս պէտք է կատարէք զայն։
Նկատի առնուելիք երեք գլխաւոր բաներ կան. (1) ձեզի նշանակուած բնաբանը, (2) մատուցման կերպը եւ այն անհատը, որուն հետ պիտի խօսիք, եւ (3) խրատական կէտը, որուն վրայ պիտի աշխատիք։
Պէտք է ձեզի նշանակուած բնաբանին մասին տեղեկութիւն հաւաքէք։ Բայց անոր մէջ խորանալէ առաջ, լրջօրէն նկատի առէք ձեր մատուցման կերպը, ինչպէս նաեւ այն անհատը, որուն հետ պիտի խօսիք, քանի որ այս ազդակները ազդեցութիւն պիտի ունենան ձեր նկատի առնելիք նիւթին ու զայն ներկայացնելու կերպին վրայ։ Մատուցման ի՞նչ կերպ պիտի գործածէք։ Ձեզի ծանօթ եղող անհատի մը բարի լուրը ներկայացնելու կե՞րպ մը պիտի ցուցադրէք։ Կամ՝ ցոյց պիտի տաք թէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ երբ առաջին անգամ հանդիպիք անհատի մը։ Անհատը ձեզմէ տարե՞ց է, թէ՝ աւելի փոքր։ Ան ի՞նչ կեցուածք կրնայ ունենալ ձեր ներկայացնելիք նիւթին հանդէպ։ Անոր մասին արդէն ո՞րքան տեղեկութիւն ունի։ Ձեր խօսակցութենէն ի՞նչ կ’ակնկալէք ձեռք ձգել։ Այս հարցումներուն պատասխանները կարեւոր են ձեր աշխատանքին ուղղութիւն տալու համար։
Ձեզի նշանակուած բնաբանին մասին ուրկէ՞ կրնաք տեղեկութիւն քաղել։ Այս գրքին 33-38–րդ էջերուն վրայ, քննարկում մը կայ՝ «Ի՛նչպէս Պրպտում Կատարել»ու մասին։ Զայն կարդացէք, ապա ձեզի մատչելի եղող պրպտումի գործիքները գործածեցէք։ Յաճախ շատ աւելի նիւթ պիտի հաւաքէք, քան ինչ որ կրնաք գործածել։ Ձեզի մատչելի եղող հնարաւորութիւններէն տեղեկութիւն քաղեցէք։ Բայց մինչ ասիկա կ’ընէք, ձեր մտքին մէջ ունեցէք ձեր գործածելիք մատուցման կերպը, ինչպէս նաեւ այն անհատը, որուն հետ պիտի խօսիք։ Նշեցէք գործածուելու յարմար եղող կէտերը։
Ձեր ներկայացնելիք նիւթը դասաւորելէ եւ վերջին մանրամասնութիւնները ընտրելէ առաջ, ձեր աշխատելիք խրատական կէտին քննարկումը կարդալու ժամանակ տրամադրեցէք։ Այդ խրատին կիրարկումը ձեզի տրուած նշանակումին գլխաւոր պատճառներէն մէկն է։
Յատկացուած ժամանակին մէջ ձեր նիւթը ներկայացնելով, եզրակացութիւնը ընելու գոհունակութիւնը պիտի ունենաք, քանի որ երբ նշանակուած ժամանակը վերջանայ, ձեզի նշան մը պիտի տրուի։ Բայց դաշտի ծառայութեան մէջ, ժամանակը միշտ նկատի առնուելիք ազդակ մը չէ։ Ուստի, երբ պատրաստութիւն կը տեսնէք, նկատի առէք ձեր ունեցած ժամանակը, բայց աւելի շեշտ դրէք ազդու ուսուցումին վրայ։
Երկու Խօսք Մատուցման Կերպերուն Մասին։ Էջ 82–ի վրայ գտնուող թելադրութիւնները քննարկեցէք եւ ընտրեցէք հատ մը, որ գործնական է ձեր ծառայութեան մէջ եւ նշանակուած նիւթը իրապաշտօրէն գործածելու պիտի նպաստէ։ Եթէ որոշ ատենէ այս դպրոցին մէջ էք, ասիկա ձեր ծառայութեան մէջ յաւելեալ հմտութիւններ ձեռք ձգելու ու զարգացնելու պատեհութիւն մը նկատեցէք։
Եթէ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի տեսուչը ինք որոշէ մատուցման կերպը՝ զայն ընդունեցէք։ Մատուցման շատ մը կերպեր վկայութեան շուրջ կը դառնան։ Եթէ հոն նկարագրուած պարագայի մը մէջ բնաւ քարոզած չէք, գաղափարներ առէք այն հրատարակիչներէն, որոնք ասիկա ըրած են։ Եթէ կարելի է, փորձեցէք ձեզի նշանակուած նիւթը նկատի առնել այնպիսի պարագայի մը մէջ, որ նման է դպրոցին մէջ ձեր գործածելիք մատուցման կերպին։ Ասիկա ձեզի պիտի օգնէ որ ձեր մարզումին կարեւոր մէկ նպատակը իրագործէք։
Երբ Ելոյթը Դասախօսութեան Կերպով Պիտի Կատարուի
Եթէ տղամարդ մըն էք, թերեւս ժողովքին դիմաց հակիրճ դասախօսութիւն մը ներկայացնելու նշանակում մը տրուի ձեզի։ Այս դասախօսութիւնները պատրաստելու ատեն, նկատի առնուելիք հիմնական կէտերը նման են ցուցադրութեան կերպով եղող աշակերտական բաժիններուն համար արդէն ցանկագրուած կէտերուն։ Գլխաւոր տարբերութիւնները՝ ունկնդիրները եւ ներկայացման ձեւն են։
Ընդհանրապէս փափաքելի է որ ձեր նիւթը այնպէս մը պատրաստէք որ բոլոր ունկնդիրներն ալ անկէ օգուտ քաղեն։ Ներկաներուն մեծամասնութիւնը արդէն գիտէ Աստուածաշունչին հիմնական ճշմարտութիւնները։ Թերեւս անոնք շատ լաւ գիտեն ձեզի նշանակուած նիւթը։ Հաշուի առէք ձեր նիւթին մասին անոնց գիտցածը։ Ջանք թափեցէք որ անոնք կերպով մը օգուտ քաղեն ձեր ելոյթէն։ Դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Իմ նիւթս ի՞նչպէս կրնամ գործածել, Եհովայի հանդէպ իմ եւ ունկնդիրներուս գնահատութիւնը խորացնելու՝ որպէս անձնաւորութիւն։ Նիւթին մէջ ի՞նչ կայ որ մեզի պիտի օգնէ Աստուծոյ կամքը հասկնալու։ Այս նիւթը ի՞նչպէս կրնայ օգնել ողջախոհ որոշումներ կայացնելու, մարմնաւոր ցանկութիւններով տիրապետուած այս աշխարհին մէջ’։ (Եփ. 2։3) Այս հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ տալը պրպտումի կը կարօտի։ Երբ Աստուածաշունչը կը գործածէք, համարները պարզապէս կարդալէն աւելին ըրէք։ Ձեր գործածած համարներուն մասին պատճառաբանեցէք եւ ցոյց տուէք թէ անոնք ի՛նչպէս եզրակացութիւններու յանգելու որպէս հիմք կը ծառայեն։ (Գործք 17։2, 3) Մի՛ փորձէք շատ նիւթ ծածկել։ Ձեր նիւթը այնպէս մը ներկայացուցէք որ զայն վերյիշելը դիւրին ըլլայ։
Պատրաստութեան մէջ կ’իյնայ նաեւ, ձեր խօսելակերպին ուշադրութիւն ընծայելը։ Ասոր կարեւորութիւնը մի՛ նսեմացնէք։ Դասախօսութիւնը բարձրաձայն փորձ ըրէք։ Խօսակցական տարբեր որակումներու մասին տրուած խրատները ուսումնասիրելու եւ գործադրելու համար ձեր թափած ջանքը շատ պիտի նպաստէ ձեր յառաջդիմութեան։ Նոր դասախօս մը ըլլաք, թէ՝ փորձառու, լաւ պատրաստեցէք որպէսզի համոզումով եւ ձեր նիւթին վայել զգացումով խօսիք։ Մինչ դպրոցին մէջ տրուած իւրաքանչիւր նշանակումի վրայ կ’աշխատիք, ձեր մտքին մէջ պահեցէք ձեր նպատակը, որ է՝ խօսելու ձեր աստուածատուր կարողութիւնը գործածել Եհովան պատուելու համար։—Սաղմ. 150։6
-
-
Ժողովքին Համար Դասախօսութիւններ ՊատրաստելԱստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
-
-
Ժողովքին Համար Դասախօսութիւններ Պատրաստել
ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ Ծառայութեան Դպրոցին յայտագիրը ամբողջ ժողովքին օգտակար ըլլալու համար պատրաստուած է։ Ժողովքային այլ հանդիպումներուն ու համաժողովներուն ալ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը ներկայացուին։ Եթէ այս յայտագիրներէն մէկուն մէջ մաս մը նշանակուի ձեզի, ուրեմն ծանրակշիռ պատասխանատուութիւն մը յանձնուած կ’ըլլայ ձեզի։ Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեայ տեսուչ Տիմոթէոսին յորդոր տուաւ որ իր ուսուցումին յարատեւաբար ուշադրութիւն ընէ։ (Ա. Տիմ. 4։16) Քրիստոնէական ժողովներուն յաճախողները արժէքաւոր ժամանակ տրամադրած են, իսկ ոմանք շատ մեծ ջանք թափած են՝ հոն գտնուելու համար, որպէսզի Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութեան կապակցաբար հարցերու շուրջ ցուցմունք ստանան։ Այսպիսի ցուցմունք տալը արդարեւ հոյակապ առանձնաշնորհում մըն է։ Ի՞նչպէս կրնաք անոր լաւ հոգ տանիլ։
Աստուածաշունչի Ընթերցանութենէն Աչքառու Կէտեր
Դպրոցին այս երեսակը հիմնուած է այդ շաբթուան համար նշանակուած Աստուածաշունչի ընթերցանութեան վրայ։ Պէտք է շեշտուի թէ նիւթը ներկայիս ի՛նչ ազդեցութիւն ունի մեր վրայ։ Նէեմեայ 8։8–ի արձանագրութեան համաձայն, Եզրաս եւ իր ընկերակիցները Աստուծոյ Խօսքը հանրութեան առջեւ կարդացին, բացատրութիւն տալով, ‘մեկնելով’ ու հասկցնելով։ Աստուածաշունչէն աչքառու կէտեր բաժինը ձեզի պատեհութիւն կու տայ որ դուք ալ ասիկա իրագործէք։
Այս բաժինը ի՞նչպէս պէտք է պատրաստէք։ Եթէ կարելի է, Աստուածաշունչէն ձեզի նշանակուած հատուածը շաբաթ մը կամ աւելի առաջ կարդացէք։ Ապա ձեր ժողովքին ու անոր կարիքներուն մասին խորհեցէք։ Այս մասին աղօթեցէք։ Աստուծոյ Խօսքին այս հատուածին ո՞ր խրատները, օրինակներն ու սկզբունքները կրնան լեցնել այդ կարիքները։
Պրպտում ընելը անհրաժեշտ է։ Դիտարանի Գրադարան՝ Սի.Տի. ՌՈՄի վրայ, կամ՝ Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ–ը ձեր լեզուով մատչելի՞ է։ Եթէ այո, զանոնք լաւ կերպով գործածեցէք։ Պրպտում կատարելով այն համարներուն մասին, որոնց վրայ որոշած էք կեդրոնանալ, կրնաք զանոնք լուսաբանող տեղեկութիւններ, մարգարէութիւններու կատարման բացատրութիւններ, կարգ մը համարներու Եհովայի մասին ըրած յայտնաբերումներու վերլուծումներ, կամ սկզբունքներու քննարկումներ գտնել։ Մի՛ փորձէք շատ կէտեր ծածկել։ Քանի մը ընտրուած համարներու վրայ կեդրոնացէք։ Նախընտրելի է միայն քանի մը համար նկատի առնել ու զանոնք լաւ կերպով ներկայացնել։
Ձեր նշանակումը կրնայ նաեւ պահանջել ունկնդիրները հրաւիրել որ ըսեն թէ ի՛նչպէս օգտուած են շաբաթական Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն։ Ի՞նչ գտած են, որ օգտակար պիտի ըլլայ իրենց անձնական եւ ընտանեկան ուսումնասիրութեան, ծառայութեան կամ ապրելակերպին մէջ։ Եհովայի ո՞ր յատկութիւնները ի յայտ բերուած են մարդոց ու ազգերու հետ իր գործառնութիւններէն։ Ունկնդիրները ի՞նչ սորվեցան որ իրենց հաւատքը զօրացուց եւ Եհովայի հանդէպ իրենց գնահատութիւնը կերտեց։ Մանրամասնութիւններու ու բարդ կէտերու վրայ մի՛ ծանրանաք։ Ընտրուած կէտերուն իմաստը եւ գործնական արժէքը շեշտեցէք։
Հրահանգիչ Ուղերձ
Ասիկա հրատարակուած նիւթի մը՝ թերեւս Դիտարան–ի կամ Զարթի՛ր–ի, կամ գրքի մը մէկ հատուածին վրայ հիմնուած է։ Ընդհանրապէս, նիւթին ծաւալը յատկացուած ժամանակէն աւելի կ’ըլլայ։ Ի՞նչպէս պիտի վարէք ձեր բաժինը։ Ասիկա պէտք է ընէք որպէս ուսուցիչ մը եւ ո՛չ թէ որպէս մէկը որ պարզապէս նիւթ մը կը ներկայացնէ։ Տեսուչ մը «ուսուցանելու ատակ» պէտք է ըլլայ։—Ա. Տիմ. 3։2, Անթիլիաս
Ձեր պատրաստութեան սկսեցէք նշանակուած նիւթը ուսումնասիրելով։ Համարները բացէք։ Խոկացէք։ Ասիկա ձեր ելոյթին թուականէն բաւական առաջ փորձեցէք ընել։ Ի մտի ունեցէք որ եղբայրներուն քաջալերութիւն տրուած է որ նախապէս կարդացած ըլլան այն նիւթը, որուն վրայ հիմնուած է ձեր դասախօսութիւնը։ Ձեր նշանակումը ոչ թէ պարզապէս զայն վերաքաղ ընել կամ խտացնել է, այլ, ցոյց տալ անոր կիրարկման կերպը։ Նիւթէն յարմար մասեր այնպէս մը գործածեցէք որ իրապէս օգտակար ըլլան ժողովքին։
Ճիշդ ինչպէս որ իւրաքանչիւր երախայ իր անձնաւորութիւնը ունի, նոյնպէս ալ իւրաքանչիւր ժողովք իր իւրայատուկ նկարագրի գծերը ունի։ Ծնող մը որ ազդու կերպով կը սորվեցնէ, իր երախային պարզապէս բարոյական կանոններ չի թուեր։ Ան երախային հետ կը պատճառաբանէ։ Ան նկատի կ’ունենայ երախային անձնաւորութիւնը եւ այն խնդիրները, որոնց դէմ ան կը պայքարի։ Նոյն կերպով, ժողովքին ուսուցիչները կը ջանան իրենց խօսած անհատներուն կարիքները հասկնալ ու լեցնել։ Սակայն խորատես ուսուցիչ մը պիտի խուսափի այնպիսի օրինակներ գործածելէ, որոնք կրնան ունկնդիրներէն մէկը նեղը ձգել։ Ան պիտի մատնանշէ այն օգուտները, որոնք արդէն վայելած են Եհովայի ճամբուն մէջ քալելով, եւ Սուրբ Գրքէն ցցուն պիտի ընէ խրատներ, որոնք ժողովքին պիտի օգնեն որ իրենց դիմագրաւած խնդիրները յաջողութեամբ ձեռք առնեն։
Լաւ ուսուցումը ունկնդիրներուն սրտին կը դպչի։ Ասիկա կը պահանջէ ո՛չ միայն իրողութիւններ նշել, այլ նաեւ ներկայացուածներուն հանդէպ գնահատութիւն կերտել։ Նաեւ՝ անկեղծ հետաքրքրու թիւն, ձեր ուսուցանած անհատներուն հանդէպ։ Հոգեւոր հովիւները պէտք է ճանչնան հօտը։ Եթէ սիրազեղ կերպով ի մտի ունենան տարբեր անհատներու դիմագրաւած խնդիրները, պիտի կարենան խրախուսիչ կերպով խօսիլ, հասկացողութիւն, գութ ու կարեկցութիւն ցոյց տալով։
Կարող ուսուցիչներ գիտեն թէ դասախօսութիւն մը յստակօրէն սահմանուած նպատակ մը պէտք է ունենայ։ Նիւթը այնպէս մը պէտք է ներկայացուի, որ բանալի կէտերը ցցուն ըլլան եւ յիշուին։ Ունկնդիրները իրենց հետ պէտք է տանին գործնական խորհուրդներ, որոնք իրենց կեանքին պիտի ազդեն։
Ծառայութեան Ժողով
Երբ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին վրայ հիմնուած դասախօսութիւն մը կու տաք, հոս հարցը կը տարբերի։ Այս պարագային ո՛չ թէ դուք պիտի ընտրէք յարմարագոյնը, այլ՝ ունկնդիրներուն լիովին պիտի փոխանցէք ի՛նչ որ հայթայթուած է։ Ունկնդիրներուն օգնեցէք որ տրուած որեւէ խրատի հիմը կազմող սուրբ գրային համարով տրամաբանեն։ (Տիտ. 1։9) Ժամանակը սահմանափակ է, եւ ընդհանրապէս յաւելեալ տեղեկութեան կարելիութիւն չկայ։
Իսկ կարգ մը պարագաներու, թերեւս ձեզի նշանակուի նիւթ մը, որուն մասին յօդուած մը չկայ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։ Կրնայ Դիտարան–ի յօդուած մը մատնանշուած ըլլալ, կամ՝ նշանակումը քանի մը հակիրճ նոթերէ բաղկացած ըլլալ։ Որպէս ուսուցիչ, ձեզի կ’իյնայ նկատի ունենալ ժողովքին կարիքները՝ նշանակուած նիւթին կապակցաբար։ Թերեւս կարիքը ունենաք հակիրճ, նպատակին ծառայող օրինակ մը գործածել կամ յարմար փորձառութիւն մը պատմել։ Յիշեցէք որ ձեր նշանակումը պարզապէս նիւթին մասին խօսիլ չէ, այլ զայն ներկայացնել ա՛յնպիսի կերպով մը, որ ժողովքին օգնութիւն տրուի կատարելու համար այն գործը, զոր Աստուծոյ Խօսքը ընդգծած է, եւ ուրախութեամբ ընել զայն։—Գործք 20։20, 21
Մինչ ձեր նշանակումին համար պատրաստութիւն կը տեսնէք, ժողովքի անդամներուն պարագաներուն մասին խորհեցէք։ Զանոնք գովեցէք այդ բաներուն համար, զորս արդէն կ’ընեն։ Նշանակուած նիւթին մէջ տրուած թելադրութիւնները կիրարկելը ի՞նչպէս զիրենք աւելի ազդու պիտի դարձնէ ծառայութեան մէջ եւ իրենց ուրախութիւնը պիտի աւելցնէ։
Ձեր նշանակումին մէջ ցուցադրութիւն մը կամ հարցազրոյց մը կա՞յ։ Եթէ այո, անիկա նախապէս լաւ կերպով ծրագրուած պէտք է ըլլայ։ Թերեւս փորձուիք պարզապէս ուրիշէ մը խնդրել որ անոր համար կարգադրութիւն ընէ, բայց ասիկա միշտ լաւագոյն արդիւնքը չի տար։ Եթէ կարելի է, ցուցադրութիւնը կամ հարցազրոյցը փորձ ըրէք նախ քան ժողովի օրը։ Հոգ տարէք որ ձեր բաժնին այս մասը տրուած հրահանգին իրապէս նեցուկ կանգնի։
Համաժողովներ
Այն եղբայրները, որոնք հոգեւոր գեղեցիկ որակումներ կը զարգացնեն եւ հանրային ատակ դասախօսներ եւ ուսուցիչներ կ’ըլլան, թերեւս իրենցմէ խնդրուի որ համաժողովի յայտագրին մէջ մասնակցութիւն բերեն։ Ասոնք աստուածպետական կրթութեան մասնաւոր առիթներ են։ Այս նշանակումը կրնայ ըլլալ ընթերցանելի դասախօսութիւն մը, ուրուագիծ մը, սուրբ գրային թատերախաղի մը եւ անոր արդի կատարման շուրջ հրահանգներ, կամ պարզապէս՝ ցուցմունքներու պարբերութիւն մը։ Եթէ այսպիսի յայտագրի մը մէջ ծառայելու առանձնաշնորհումը ունենաք, ուշի ուշով ուսումնասիրեցէք ձեզի տրուած նիւթը։ Անոր վրայ աշխատեցէք, մինչեւ որ անոր արժէքը դրսեւորէք։
Ընթերցանելի դասախօսութեան նշանակում ունեցողները, բառ առ բառ պէտք է կարդան նիւթը։ Անոնք նախադասութիւնները կամ նիւթը չեն փոխեր։ Անոնք կ’ուսումնասիրեն զայն, յստակօրէն հասկնալու համար գլխաւոր կէտերը եւ անոնց տրամաբանական զարգացումը։ Բարձր ձայնով կարդալու փորձեր կ’ընեն, մինչեւ որ կարենան դասախօսութիւնը իմաստալից կերպով, խանդավառութեամբ, ջերմութեամբ, զգացումով, ծանրակշիռ կերպով ու համոզումով, ինչպէս նաեւ՝ ունկնդիրներու մեծ բազմութեան յարմար ձայնածաւալով եւ ուժգնութեամբ ներկայացնել։
Այն եղբայրները, որոնց դասախօսութեան ուրուագիծ մը կը նշանակուի, պարտին նիւթը պատրաստել ուրուագծին սերտօրէն կապուած մնալով։ Դասախօսութեան ընթացքին փոխանակ ուրուագծէն կարդալու, կամ զայն ամբողջութեամբ գրի առնելու, դասախօսը պէտք է նիւթը ներկայացնէ յանպատրաստից՝ սրտանց խօսելով։ Կարեւոր է ուրուագծին վրայ նշուած ժամանակը յարգել, որպէսզի տրուած իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտ յստակօրէն ներկայացուի։ Դասախօսը գլխաւոր կէտերուն ներքեւ տրուած մտքերն ու համարները լաւ կերպով պէտք է գործածէ։ Ան ուրուագծին մէջի կէտերը անտեսելով, իր անձնական ճաշակին համաձայն այլ կէտեր պէտք չէ մտցնէ նիւթին մէջ։ Անշուշտ, տրուած տեղեկութիւններուն հիմը կը կազմէ Աստուծոյ Խօսքը։ Քրիստոնեայ երէցներու պատասխանատուութիւնն է «խօսքը քարոզել»։ (Բ. Տիմ. 4։1, 2) Ուստի, դասախօսը մասնայատուկ ուշադրութիւն պէտք է ընծայէ ուրուագծին մէջ տրուած համարներուն, անոնց հիման վրայ պատճառաբանելով եւ զանոնք կիրարկելով։
Մի՛ Յետաձգէք
Արդեօք ժողովքի մը մէ՞ջ էք, ուր ելոյթներ ունենալու շատ առիթ ունիք։ Ի՞նչպէս կրնաք բոլորին ալ պէտք եղած ժամանակը յատկացնել։ Ձեր բաժինները վերջին վայրկեանին պատրաստելէն խուսափեցէք։
Ժողովքին համար իրապէս օգտակար եղող դասախօսութիւնները կանխածրագրումի կը կարօտին։ Ուստի, երբ նշանակում մը ստանաք, անմիջապէս զայն կարդալու վարժութիւն զարգացուցէք։ Ասիկա կարելիութիւն պիտի ընծայէ որ անոր մասին խորհիք, մինչ ուրիշ գործերով զբաղած էք։ Ձեր դասախօսութիւնը տալէն օրեր կամ շաբաթներ առաջ, կրնաք կարգ մը արտայայտութիւններ լսել, որոնք ձեզի կ’օգնեն տեսնելու թէ ձեր տեղեկութիւնը ինչպէս կրնաք լաւագոյնս կիրարկել։ Կացութիւններ կրնան ստեղծուիլ, որոնք կը յայտնեն անոր ժամանակայարմար ըլլալը։ Զայն ստանալէն անմիջապէս ետք ձեր նշանակումը կարդալը եւ անոր մասին մտածելը ժամանակ կը պահանջէ, բայց այս ժամանակը վատնուած չէ։ Երբ վերջապէս կը նստիք ձեր ուրուագիծը մշակելու համար, անոր մասին նախապէս մտածած ըլլալուն օգուտները պիտի քաղէք։ Ձեզի տրուած նշանակումները այս կերպով ձեռք առնելով շատ աւելի նուազ լարուած վիճակ պիտի ունենաք, եւ ասիկա պիտի օգնէ որ նիւթը գործնական ու ժողովքի անդամներուն սրտին հասնող կերպով ներկայացնէք։
Իր ժողովուրդը դաստիարակելու Եհովայի յայտագրին կապակցութեամբ, ձեզի վստահուած պարգեւին հանդէպ ձեր ունեցած գնահատութեան տարողութիւնը զինք պիտի պատուէ եւ զինք սիրողներուն համար ալ օրհնութիւն մը պիտի ըլլաք։—Եսայ. 54։13. Հռովմ. 12։6-8
-
-
Հանրային Դասախօսութիւններ ՊատրաստելԱստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
-
-
Հանրային Դասախօսութիւններ Պատրաստել
ԱՄԷՆ շաբաթ, Եհովայի Վկաներու գրեթէ բոլոր ժողովքներուն մէջ սուրբ գրային նիւթի մը շուրջ դասախօսութիւն մը կը տրուի։ Եթէ երէց մը կամ օգնական ծառայ մըն էք, կ’ապացուցանէ՞ք որ ատակ հանրային դասախօս մը՝ ուսուցիչ մըն էք։ Եթէ այս է պարագան, ձեզի ալ պիտի առաջարկուի որ հանրային դասախօսութիւն մը տաք։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը տասնեակ հազարաւոր եղբայրներու օգնած է, որ ծառայութեան այս մարզին մէջ որակելի ըլլան։ Երբ ձեզի հանրային դասախօսութիւն մը նշանակուի, ուրկէ՞ պէտք է սկսիք։
Ուրուագիծը Ուսումնասիրեցէք
Որեւէ պրպտում ընելէ առաջ, ուրուագիծը կարդացէք ու խոկացէք, մինչեւ որ լաւ մը ըմբռնէք նիւթը։ Ձեր մտքին մէջ դրոշմեցէք բնաբանը, որ դասախօսութեան խորագիրն է։ Ձեր ունկնդիրներուն ի՞նչ պիտի սորվեցնէք։ Ի՞նչ է ձեր նպատակը։
Գլխաւոր վերնագիրներուն քաջածանօթ եղէք։ Այս գլխաւոր կէտերը վերլուծեցէք։ Իւրաքանչիւր կէտ ի՞նչպէս առնչութիւն ունի բնաբանին հետ։ Իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտին ներքեւ կան շարք մը ենթակէտեր։ Իսկ այս ենթակէտերուն թիկունք կանգնող տուեալները անոնց ներքեւ նշուած են։ Նկատի առէք թէ ուրուագծին իւրաքանչիւր հատուածը ի՛նչպէս նախորդին վրայ կը կառուցուի, յաջորդին կ’առաջնորդէ եւ կ’օգնէ որ դասախօսութեան նպատակը իրագործուի։ Անգամ մը որ հասկնաք բնաբանը, դասախօսութեան նպատակը եւ թէ գլխաւոր կէտերը ի՛նչպէս այդ նպատակը կ’իրագործեն, ա՛յն ատեն նիւթը մշակելու պատրաստ կ’ըլլաք։
Սկիզբը օգտակար կրնայ ըլլալ ձեր դասախօսութիւնը նկատել որպէս իւրաքանչիւրը մէկ գլխաւոր կէտ ունեցող չորս կամ հինգ կարճ դասախօսութիւններ։ Ամէն անգամ մէկ հատը պատրաստեցէք։
Հայթայթուած ուրուագիծը պատրաստութեան գործիք մըն է։ Անիկա չէ տրուած որպէսզի այդ նոթերուն վրայէն տաք ձեր դասախօսութիւնը։ Անիկա կմախք մըն է։ Պէտք է անոր վրայ այլաբանօրէն միս դնէք, եւ անոր սիրտ մը ու կեանքի շունչ տաք։
Սուրբ Գրքի Գործածութիւն
Յիսուս Քրիստոս եւ իր աշակերտները իրենց ուսուցումները Սուրբ Գրութիւններուն վրայ հիմնեցին։ (Ղուկ. 4։16-21. 24։27. Գործք 17։2, 3) Դուք ալ նոյնը կրնաք ընել։ Սուրբ Գիրքը պէտք է ձեր դասախօսութեան հիմը կազմէ։ Փոխանակ հայթայթուած ուրուագծին մէջ տրուած նախադասութիւնները պարզապէս բացատրելու եւ կիրարկելու, նայեցէք թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչպէս նեցուկ կը կանգնի այս նախադասութիւններուն, ապա՝ Սուրբ Գրքէն սորվեցուցէք։
Մինչ ձեր դասախօսութիւնը կը պատրաստէք, ուրուագծին մէջ նշուած իւրաքանչիւր համար քննեցէք։ Բովանդակութիւնը նկատի առէք։ Կարգ մը համարներ պարզապէս օգտակար ենթահող կրնան հայթայթել։ Ձեր դասախօսութեան ընթացքին, հարկ չկայ բոլոր համարները կարդալու կամ անոնց ակնարկում ընելու։ Ընտրեցէք այն համարները, որոնք լաւագոյնս կը յարմարին ձեր ունկնդիրներուն։ Եթէ տրուած ուրուագծին մէջի համարներուն վրայ կեդրոնանաք, հաւանաբար յաւելեալ համարներ գործածելու հարկը պիտի չտեսնէք։
Ձեր դասախօսութեան յաջողութիւնը կախեալ է ո՛չ թէ ձեր գործածած համարներուն թիւէն, այլ՝ ձեր ուսուցումի որակէն։ Համարները բանալէ առաջ, անոնց գործածութեան նպատակը ցոյց տուէք։ Զանոնք կիրարկելու համար ժամանակ յատկացուցէք։ Համարը կարդալէն ետք, ձեր Աստուածաշունչը բաց պահեցէք, մինչ կը խօսիք համարին մասին։ Շատ հաւանաբար ձեր ունկնդիրներն ալ նոյնը ընեն։ Ի՞նչպէս կրնաք ձեր ունկնդիրներուն հետաքրքրութիւնը արթնցնել եւ անոնց օգնել որ լիովին օգտուին Աստուծոյ Խօսքէն։ (Նէեմ. 8։8, 12) Ասիկա կրնաք ընել բացատրութիւն ու օրինակ տալով եւ կիրարկում ընելով։
Բացատրութիւն։ Երբ գլխաւոր համար մը բացատրելու համար պատրաստութիւն կը տեսնէք, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Իմաստը ի՞նչ է։ Ինչո՞ւ զայն կը գործածեմ դասախօսութեանս մէջ։ Ունկնդիրներէն ոմանց մտքէն ի՞նչ հարցումներ կրնան անցնիլ այս համարին մասին’։ Թերեւս կարիքը ունենաք վերլուծելու բովանդակութիւնը, ենթահողը, միջավայրը, խօսքերուն ուժգնութիւնը, ներշնչումի ներքեւ գրողին դիտաւորութիւնը։ Ասիկա պրպտում կը պահանջէ։ Արժէքաւոր ճոխ տեղեկութիւն կրնաք գտնել «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ հայթայթուած գրականութիւններուն մէջ։ (Մատթ. 24։45-47) Մի՛ փորձէք համարին մասին ամէն բան բացատրել, բայց բացատրեցէք թէ ինչո՛ւ ուզեցիք որ ունկնդիրները կարդան զայն, նկատի առնուած կէտին կապակցաբար։
Օրինակ։ Օրինակներուն նպատակն է ձեր ունկնդիրներուն օգնել որ աւելի խոր հասկացողութիւն ձեռք ձգեն, կամ՝ ձեր բացատրած կէտը կամ սկզբունքը յիշեն։ Օրինակները մարդոց կ’օգնեն որ ըմբռնեն ձեր ըսածները եւ զանոնք կապեն իրենց արդէն գիտցած մէկ բանին հետ։ Յիսուս ասիկա էր որ ըրաւ երբ իր համբաւաւոր Լերան Քարոզը տուաւ։ «Երկնքի թռչուններ», «դաշտի շուշաններ», ‘նեղ դուռ’, ‘վէմի վրայ շինուած տուն’ եւ նման բազմաթիւ արտայայտութիւններ իր ուսուցումը արտայայտիչ, յստակ եւ անմոռանալի դարձուցին։—Մատթ., գլ. 5-7
Կիրարկում։ Համար մը բացատրելը եւ օրինակներով խօսիլը գիտութիւն պիտի մատակարարեն, բայց այդ գիտութիւնը կիրարկելն է որ արդիւնքի կը հասցնէ։ Ճիշդ է որ ձեր ունկնդիրներուն պատասխանատուութիւնն է Աստուածաշունչի պատգամին համաձայն գործել, բայց կրնաք անոնց օգնել որ ըմբռնեն թէ ի՛նչ պէտք է ընեն։ Վստահ ըլլալէ ետք թէ ձեր ունկնդիրները կը հասկնան նկատի առնուած համարը եւ ներկայացուած կէտին հետ անոր ունեցած առնչութիւնը, ժամանակ տրամադրեցէք ցոյց տալու համար հաւատքի ու վարքի վրայ անոր ունեցած ազդեցութիւնը։ Նկատի առնուած ճշմարտութեան հետ ներդաշնակ չեղող սխալ գաղափարներէն կամ վարքէն հրաժարելուն օգուտները ընդգծեցէք։
Երբ համարներու կիրարկման մասին կը մտածէք, յիշեցէք որ ձեր ունկնդիրները տարբեր միջավայրերէ եկած են եւ այլազան պարագաներ կը դիմագրաւեն։ Թերեւս անոնց մէջ կան նոր հետաքրքրուողներ, պատանիներ, տարեցներ եւ այլազան անձնական խնդիրներու հետ պայքարող անհատներ։ Ձեր դասախօսութիւնը գործնական եւ իրապաշտ դարձուցէք։ Խուսափեցէք այնպիսի խրատներէ, որոնք այն տպաւորութիւնը կը ձգեն թէ միայն քանի մը հոգիներու ուղղուած են։
Դասախօսին Որոշումները
Ձեր դասախօսութեան նկատմամբ կարգ մը որոշումներ արդէն կայացուած են ձեր տեղը։ Գլխաւոր կէտերը յստակօրէն նշուած են, եւ իւրաքանչիւր գլխաւոր վերնագրի համար ձեր յատկացնելիք ժամանակը պարզօրէն ցոյց տրուած է։ Ուրիշ որոշումներ ձեզի ձգուած են։ Թերեւս նախընտրէք աւելի ժամանակ տրամադրել կարգ մը ենթակէտերու քան՝ ուրիշներու։ Մի՛ կարծէք թէ իւրաքանչիւր ենթակէտ նոյն չափով պէտք է զարգացնէք։ Ասիկա կրնայ պատճառ ըլլալ որ ձեր նիւթը հապճեպով ձեռք առնէք եւ յոգնեցնէք ձեր ունկնդիրները։ Ի՞նչպէս կրնաք որոշել թէ ո՛ր կէտերը աւելի լայնօրէն պէտք է մշակէք եւ որոնք՝ հակիրճ կամ հարեւանցի կերպով։ Դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Ո՞ր կէտերը պիտի օգնեն որ դասախօսութեան հիմնական գաղափարը փոխանցեմ։ Որո՞նք հաւանաբար իմ ունկնդիրներուս մեծագոյն օգուտը կրնան բերել։ Նշուած համար մը եւ անոր հետ առնչուած կէտը զեղչելը պիտի տկարացնէ՞ ներկայացուած ապացոյցներու շղթան’։
Հոգածութեամբ խուսափեցէք ենթադրութիւններ կամ անձնական կարծիքներ ներմուծելէ։ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս անգամ խուսափեցաւ ‘ինքնիրմէ խօսելէ’։ (Յովհ. 14։10) Նկատի ունեցէք թէ մարդիկ Եհովայի Վկաներու ժողովներուն կու գան Աստուածաշունչին մասին նիւթեր լսելու համար։ Եթէ ճանչցուած էք որպէս լաւ դասախօս մը, հաւանաբար պատճառը այն է որ սովորութիւն դարձուցած էք ուշադրութիւնը Աստուծոյ Խօսքին վրայ հրաւիրելու ու ո՛չ թէ՝ ձեր անձին։ Անոր համար է որ ձեր դասախօսութիւնները կը գնահատուին։—Փիլ. 1։10, 11
Պարզ ուրուագիծ մը բովանդակալից սուրբ գրային բացատրութեան մը վերածած ըլլալով, հիմա պէտք ունիք ձեր դասախօսութիւնը փորձ ընելու։ Օգտակար է բարձրաձայն ընել փորձերը։ Կարեւորը այն է որ բոլոր կէտերը ձեր մտքին մէջ ունենաք։ Պէտք է կարենաք համոզումով խօսիլ, կեանք տալ ձեր նիւթին, եւ ճշմարտութիւնը խանդավառ կերպով ներկայացնել։ Ձեր դասախօսութիւնը տալէն առաջ, դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Ի՞նչ կը յուսամ իրագործել’։ Նաեւ՝ ‘Գլխաւոր կէտերը ցցո՞ւն են։ Սուրբ Գիրքը իրապէս դասախօսութեանս հիմը ըրա՞ծ եմ։ Իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտ բնականաբար յաջորդին կ’առաջնորդէ՞։ Դասախօսութիւնը Եհովայի եւ իր կարգադրութիւններուն հանդէպ գնահատութիւն կը կերտէ՞։ Եզրակացութիւնը ուղղակի բնաբանին հետ կապուա՞ծ է, ունկնդիրներուն ցոյց կու տա՞յ թէ ի՛նչ պէտք է ընեն, եւ զայն ընելու կը մղէ՞’։ Եթէ այս հարցումներուն կրնաք այո՛ պատասխանել, այդ պարագային ի վիճակի էք ‘գիտութիւնը հաճելի դարձնելու’, յօգուտ ժողովքին եւ ի փառս Եհովայի։—Առ. 15։2
-