Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Շարժուձեւեր եւ Դէմքի Արտայայտութիւններ
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
    • Ուսումնասիրութիւն 12

      Շարժուձեւեր եւ Դէմքի Արտայայտութիւններ

      Ի՞նչ պէտք է ընէք

      Ձեռքերու, ուսերու կամ ամբողջ մարմնին շարժումները գործածեցէք, որ գաղափարներ, զգացումներ կամ կեցուածքներ արտայայտէք։

      Աչքերը ու բերանը գործածեցէք, ինչպէս նաեւ՝ գլխու բռնուած ձեւը, խօսուած խօսքը աւելի ուժգին դարձնելու եւ զգացումներ հաղորդելու համար։

      Ինչո՞ւ կարեւոր է

      Շարժուձեւերն ու դէմքի արտայայտութիւնները ձեր խօսակցութեան տեսանելի ու զգացական շեշտ կու տան։ Անոնք կրնան ձեր զգացումները խթանել եւ այսպիսով կեանք տալ ձեր ձայնին։

      ՈՐՈՇ մշակոյթի պատկանող մարդիկ ուրիշ ենթահողէ եղողներէն աւելի ազատ շարժումներ կ’ընեն։ Սակայն, գրեթէ ամէն ոք կը խօսի դէմքի արտայայտութիւններով ու կարգ մը շարժուձեւերով։ Անհատի մը կը խօսիք, թէ հանրութեան՝ պարագան նոյնն է։

      Շարժուձեւերը սովորական բաներ էին Յիսուսի եւ իր նախկին աշակերտներուն համար։ Առիթով մը, մէկը Յիսուսի ըսաւ որ իր մայրն ու եղբայրները կ’ուզէին իր հետ խօսիլ։ Յիսուս պատասխանեց. «Ո՞վ է իմ մայրս եւ որո՞նք են իմ եղբայրներս»։ Ապա Աստուածաշունչը կ’աւելցնէ. «Իր ձեռքը դէպի իր աշակերտները երկնցնելով՝ ըսաւ. ‘Ահա իմ մայրս եւ իմ եղբայրներս’»։ (Մատթ. 12։48, 49) Շատ մը ակնարկութիւններու կողքին, Աստուածաշունչը Գործք Առաքելոց 12։17 եւ 13։16–ի մէջ ցոյց կու տայ թէ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներն ալ ինքնաբերաբար շարժուձեւեր ըրին։

      Գաղափարներն ու զգացումները ո՛չ միայն ձայնով կը հաղորդուին, այլ նաեւ՝ շարժուձեւերով եւ դէմքի արտայայտութիւններով։ Եթէ ասոնք լաւ կերպով չգործածուին, այն տպաւորութիւնը կը ձգուի որ խօսողը անտարբեր է։ Բայց երբ հաղորդակցութեան այս միջոցները գեղեցիկ կերպով միաձուլուին, խօսակցութիւնը շատ աւելի ազդեցիկ կ’ըլլայ։ Նոյնիսկ երբ հեռաձայնով կը խօսիք, եթէ յարմար շարժուձեւերն ու դէմքի արտայայտութիւնները ընէք, ձեր ձայնը շատ աւելի դիւրութեամբ պիտի կարենայ փոխանցել ձեր պատգամին կարեւորութիւնը եւ ձեր ըսածին հանդէպ ձեր անձնական զգացումը։ Ուստի յանպատրաստից խօսիք, թէ կարդաք, ձեր ունկնդիրները ձեզի նային, թէ իրենց Աստուածաշունչին՝ շարժուձեւերն ու դէմքի արտայայտութիւնները արժէքաւոր են։

      Ձեր շարժուձեւերն ու դէմքի արտայայտութիւնները գրքէ մը չէք կրնար սորվիլ։ Բնաւ պէտք չէք ունեցած ուսումնասիրելու թէ ի՛նչպէս պիտի խնդաք կամ՝ բարկանաք։ Շարժուձեւերն ալ ձեր մէջ եղող զգացումները պէտք է դրսեւորեն։ Ձեր շարժուձեւերը ո՛րքան ինքնաբուխ ըլլան, ա՛յդքան նախընտրելի են։

      Շարժուձեւերը երկու դասի կը բաժնուին. նկարագրական եւ շեշտողական։ Նկարագրական շարժուձեւերը գործողութիւն կ’արտայայտեն, կամ չափ ու վայր ցոյց կու տան։ Դպրոցին մէջ երբ շարժուձեւերու վրայ կ’աշխատիք, մէկ կամ երկու շարժուձեւերով մի՛ գոհանաք։ Ամբողջ դասախօսութեան ընթացքին ջանացէք բնական շարժումներ ընել։ Եթէ ասոր մէջ դժուարութիւն ունիք, փնտռեցէք բառեր, որոնք ուղղութիւն, հեռաւորութիւն, չափ, վայր կամ յարաբերական դիրքեր ցոյց կու տան։ Սակայն, ընդհանրապէս, բաւարար է որ ձեր դասախօսութիւնով կլանուիք, առանց մտահոգուելու թէ ի՛նչ տպաւորութիւն կը ձգէք. ձեր առօրեայ կեանքին մէջ ի՛նչպէս կը խօսիք եւ կը շարժիք, ա՛յդպէս ըրէք։ Երբ անհատ մը հանգիստ վիճակի մէջ է, շարժուձեւերը ինքնաբերաբար կու գան։

      Շեշտողական շարժուձեւերը զգացում ու համոզում կ’արտայայտեն։ Անոնք գաղափարները կը շեշտեն, զանոնք կենսունակ եւ ուժգին կը դարձնեն։ Շեշտողական շարժուձեւերը կարեւոր են։ Բայց զգո՛յշ եղէք։ Շեշտողական շարժուձեւերը կրնան դիւրաւ ձեւական դառնալ։ Եթէ նոյն շարժուձեւը կրկին ու կրկին գործածէք, անհատներու ուշադրութիւնը անոր կրնայ դառնալ, փոխանակ ձեր դասախօսութեան զարկ տալու նպաստելու։ Եթէ դպրոցի տեսուչը նշէ թէ այս խնդիրը ունիք, փորձեցէք որոշ ատեն միայն նկարագրական շարժուձեւեր ընել։ Ժամանակ մը ետք, անգամ մը եւս փորձեցէք շեշտողական շարժուձեւերը։

      Շեշտողական եւ այլ յարմար շարժուձեւեր ո՛ր տարողութեամբ գործածելու շուրջ որոշումի մը յանգելու համար, ձեր ունկնդիրներուն զգացումները նկատի առէք։ Անոնց մատնանիշ ընելը կրնայ զանոնք անհանգստացնել։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ եթէ տղամարդ մը զարմանք յայտնելու համար իր ձեռքը բերնին դնէ, ասիկա իգականութիւն կը նկատուի։ Աշխարհի կարգ մը մասերուն մէջ, կիներու համար անպարկեշտ են ձեռքի ազատ շարժումները։ Ուստի այս վայրերուն մէջ, քոյրերը մասնաւորաբար պէտք է ոյժ տան դէմքի արտայայտութիւններուն։ Իսկ պզտիկ խումբի մը դիմաց չափազանցուած շարժուձեւերը ծիծաղելի են գրեթէ աշխարհի բոլոր մասերուն մէջ։

      Մինչ փորձառութիւն ձեռք կը ձգէք եւ աւելի դիւրասահ կը սկսիք խօսիլ, ձեր գործածած շեշտողական որեւէ շարժուձեւ բնականօրէն ձեր ներքին զգացումները պիտի դրսեւորէ, ձեր համոզումն ու անկեղծութիւնը ցոյց տալով։ Անոնք յաւելեալ իմաստ մը պիտի տան ձեր խօսակցութեան։

      Ձեր Դէմքի Արտայայտութիւնը։ Մարմնի որեւէ շարժուձեւէ աւելի, յաճախ ձեր դէմքն է որ իրապէս կ’արտայայտէ ձեր զգացումները։ Ձեր աչքերը, ձեր բերնին ձեւը, ձեր գլուխին ծռած ձեւը, բոլորն ալ իրենց դերը ունին։ Առանց բառ մը իսկ խօսելու, ձեր դէմքը կրնայ անտարբերութիւն, զզուանք, շփոթութիւն, հիացմունք կամ հրճուանք արտայայտել։ Երբ ձեր արտասանած խօսքերուն ընկերակցին դէմքի այսպիսի արտայայտութիւններ, անոնք տեսողական եւ զգացական յաւելեալ տպաւորութիւն կու տան։ Ստեղծիչը ձեր դէմքին վրայ խուրձ մը մկաններ դրած է՝ 30–է աւելի։ Ձեր ժպիտը անոնց գրեթէ կէսը գործի կը լծէ։

      Բեմին վրայ ըլլաք, թէ դաշտի ծառայութեան մէջ, կը ջանաք մարդոց հաղորդել պատգամ մը որ հաճելի է, պատգամ մը որ անոնց սիրտը կը հրճուեցնէ։ Ջերմ ժպիտ մը կը հաստատէ ասիկա։ Միւս կողմէ, եթէ ձեր դէմքը արտայայտութենէ զուրկ ըլլայ, ասիկա ձեր անկեղծութեան շուրջ հարցումներ կը յարուցանէ։

      Ասկէ աւելի, ժպիտ մը ուրիշներուն կը յայտնէ թէ իրենց հանդէպ սիրալիր զգացում մը ունիք։ Ասիկա մասնաւորաբար կարեւոր է այս օրերուն, երբ մարդիկ ընդհանրապէս կը վախնան օտարականներէն։ Ձեր ժպիտով մարդոց կրնաք օգնել որ հանգիստ զգան եւ ձեր խօսքերուն աւելի ականջ տան։

  • Աչքի Հաղորդակցութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
    • Ուսումնասիրութիւն 13

      Աչքի Հաղորդակցութիւն

      Ի՞նչ պէտք է ընէք

      Ձեր խօսած անհատներուն նայեցէք, աչքի հակիրճ հաղորդակցութիւն մը ունենալով, եթէ ասիկա ընդունելի է ձեր շրջանին մէջ։ Անհատներու նայեցէք եւ ո՛չ թէ պարզապէս խումբի մը։

      Ինչո՞ւ կարեւոր է

      Շատ մը մշակոյթներու մէջ, աչքի հաղորդակցութիւնը ձեր զրուցած անհատին հանդէպ հետաքրքրութեան արտայայտութիւն նկատուած է։ Անիկա համոզումով խօսելու որպէս ապացոյց ալ նկատուած է։

      ՄԵՐ աչքերը՝ կեցուածքներ եւ յոյզեր կը հաղորդեն։ Անոնք կրնան զարմանք կամ վախ արտայայտել։ Անոնք կրնան կարեկցութիւն կամ սէր հաղորդել։ Երբեմն, անոնք կրնան կասկած կամ վիշտ յայտնել։ Տարեց անհատ մը իր շատ տառապած քաղաքացիներուն մասին ըսաւ. «Մենք աչքերով կը խօսինք»։

      Ուրիշներ մեր ու մեր ըսածին մասին գաղափար մը կը կազմեն, մեր աչքերուն սեւեռած ուղղութեան հիման վրայ։ Շատ մը մշակոյթներու մէջ, մարդիկ հակումը կ’ունենան վստահութիւն ունենալու այն անհատին վրայ, որ իրենց հետ բարեկամական աչքի հաղորդակցութիւն կը պահէ։ Ասոր հակառակը, անոնք թերեւս կասկած ունենան այն անհատին անկեղծութեան կամ կարողութեան վրայ, որ խօսած ժամանակ իր ոտքերուն կամ ուրիշ առարկայի մը կը նայի, փոխանակ իր խօսած անհատին նայելու։ Կարգ մը ուրիշ մշակոյթներ աչքի զօրաւոր հաղորդակցութիւնը կը նկատեն անքաղաքավար, յարձակողական, կամ՝ ասպարէզ կարդացող։ Մասնաւորաբար այս է պարագան, երբ կը խօսին հակառակ սեռի պատկանող անհատի մը կամ մեծաւորի մը, կամ ուրիշ հեղինակաւոր անձի մը։ Իսկ կարգ մը շրջաններու մէջ, տարիքոտ անձի մը հետ խօսող երիտասարդ մը, երբ ուղղակի անոր աչքերուն նայի, անիկա կրնայ անյարգալից բան մը նկատուիլ։

      Սակայն, հոն ուր ասիկա ընելը տհաճ չէ, կարեւոր բան մը ըսելու ատեն անհատի մը աչքերուն նայիլը ձեր խօսքերուն կշիռ կու տայ։ Անիկա խօսողին կողմէ համոզումի ապացոյց կրնայ նկատուիլ։ Նկատի առէք թէ Յիսուս ի՛նչպէս ընդառաջեց, երբ իր աշակերտները մեծ զարմանք յայտնեցին ու ըսին. «Ո՞վ կրնայ փրկուիլ»։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Յիսուս անոնց նայելով՝ ըսաւ. ‘Ատիկա մարդոց կողմէ անկարելի է, բայց Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է’»։ (Մատթ. 19։25, 26) Սուրբ Գիրքը նաեւ ցոյց կու տայ թէ Պօղոս առաքեալ ուշի ուշով կը դիտէր իր ունկնդիրներուն հակազդեցութիւնները։ Առիթով մը ի ծնէ կաղ մարդ մը ներկայ էր, երբ Պօղոս կը խօսէր։ Գործք Առաքելոց 14։8, 9–ն կը նշէ. «Ասիկա Պօղոսին մտիկ կ’ընէր։ Ան ալ աչքը անոր տնկելով եւ տեսնելով թէ բժշկուելու հաւատք ունի, բարձր ձայնով մը ըսաւ. ‘Ելի՛ր, ոտքերուդ վրայ շիտա՛կ կայնէ’»։

      Դաշտի Ծառայութեան Համար Թելադրութիւններ։ Երբ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցիք, ընկերային ու ջերմ մօտեցում մը ցոյց տուէք։ Հոն ուր յարմար է, դիմացինն ալ հաւանաբար հետաքրքրող խօսակցութիւն մը սկսելու համար, միտք գրգռող հարցումներ գործածեցէք։ Ասիկա ընելու ատեն, ջանացէք աչքի հաղորդակցութիւն պահել. կամ առնուազն, ուղղակի անհատին նայեցէք յարգալից ու ազնիւ կերպով։ Ներքին ուրախութիւն հաղորդող անհատի մը դէմքին վրայի ջերմ ժպիտը շատ գրաւիչ է։ Այսպիսի արտայայտութիւն մը դիմացինին շատ բան կը յայտնէ ձեր ի՛նչպիսի անհատ մը ըլլալուն մասին եւ անոր կ’օգնէ որ աւելի հանգիստ զգայ՝ մինչ կը խօսիք։

      Անհատին աչքերուն արտայայտութիւնը դիտելը՝ երբ ասիկա պատշաճ է՝ կրնայ կացութիւն մը ի՛նչպէս ձեռք առնելու շուրջ ցուցմունք տալ ձեզի։ Եթէ անհատը բարկացած է կամ իրապէս հետաքրքրուած չէ, կրնաք հասկնալ։ Եթէ ձեզ չի հասկնար, թերեւս ասոր անդրադառնաք։ Եթէ սկսի անհամբեր ըլլալ, կրնաք կռահել զայն։ Եթէ անկեղծօրէն հետաքրքրուած է, ասիկա ալ յայտնի պիտի ըլլայ։ Իր աչքերուն արտայայտութիւնը կրնայ հասկցնել թէ աւելի դանդաղ պէտք է խօսիք, թէ յաւելեալ ջանք մը պէտք է ընէք զինք խօսակցութեան մէջ մտցնելու, թէ խօսակցութեան վերջ պէտք է դնէք, եւ կամ թերեւս պէտք է ցոյց տաք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կրնայ ուսումնասիրել։

      Հանրային վկայութեան մէջ ըլլաք թէ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը վարէք, ջանացէք յարգալից աչքի հաղորդակցութիւն մը պահել ձեր խօսակիցին հետ։ Սակայն սեւեռուն կերպով մի՛ նայիք անհատին. ասիկա կրնայ զինք ամչցնել։ (Դ. Թագ. 8։11) Բայց շատ բնական, ընկերային կերպով յաճախ դիմացինին դէմքին նայեցէք։ Շատ երկիրներու մէջ, ասիկա անկեղծ հետաքրքրութիւն կը հաղորդէ։ Անշուշտ, երբ Աստուածաշունչէն կամ այլ գրականութենէ մը կը կարդաք, ձեր աչքերը տպագրուած էջին վրայ սեւեռած կ’ըլլաք։ Բայց երբ կէտ մը կ’ուզէք շեշտել, կրնաք ուղղակի անհատին նայիլ ակնթարթի մը համար։ Եթէ ժամանակ առ ժամանակ իրեն նայիք, ասիկա կարելի պիտի դարձնէ որ կարդացուած բանին նկատմամբ իր հակազդեցութիւնը տեսնէք։

      Եթէ ամչկոտութեան պատճառաւ աչքի հաղորդակցութիւնը սկիզբը դժուար ըլլայ, տեղի մի՛ տաք։ Վարժութեամբ, պատշաճ աչքի հաղորդակցութիւնը բնական պիտի ըլլայ եւ ասիկա ուրիշներուն հետ ձեր հաղորդակցութիւնը աւելի ազդեցիկ պիտի դարձնէ։

      Երբ Դասախօսութիւն մը կու Տաք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել