Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Աստուծոյ ու մարդոց աչքին պատուարժան հարսանիքներ
    Դիտարան 2006 | Նոյեմբեր 1
    • Աստուծոյ ու մարդոց աչքին պատուարժան հարսանիքներ

      «Հարսանիք մը կար Գալիլիայի Կանա քաղաքը . . . Յիսուս ալ կանչուեցաւ այն հարսանիքին ու իր աշակերտներն ալ»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2։1, 2

      1. Կանայի հարսանիքին մէջ Յիսուսի ըրածը ի՞նչ բանի ուշադրութիւն կը դարձնէ։

      ՅԻՍՈՒՍ, իր մայրը եւ իր աշակերտներէն ոմանք գիտէին թէ Աստուծոյ ժողովուրդին ունեցած պատուարժան հարսանիքները ուրախութեան առիթներ էին։ Քրիստոս նոյնիսկ հարսանիք մը յատկանշական դարձուց, երբ հոն իր առաջին արձանագրուած հրաշքը կատարեց, առիթը աւելի հաճելի դարձնելով։ (Յովհաննու 2։1-11) Թերեւս ներկայ եղած ես հարսանիքներու, ուր Քրիստոնեաներ ուզած են Եհովայի ծառայել որպէս ամուսնացած անհատներ։ Թերեւս պատրաստութիւն կը տեսնես հարսանիքիդ համար, կամ՝ բարեկամի մը պիտի օգնես յաջող հարսանիք մը կազմակերպելու։ Ի՞նչ բան կրնայ հարսնիքի մը յաջողութեան նպաստել։

      2. Աստուածաշունչը հարսանիքներու մասին ի՞նչ տեղեկութիւններ կը բովանդակէ։

      2 Քրիստոնեաները փորձառաբար գիտեն թէ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին խրատները շատ օգտակար են, երբ տղամարդ ու կին կը ծրագրեն ամուսնանալ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Աստուածաշունչը քրիստոնէական հարսանիքին մանրամասն գործընթացը չ’ուրուագծեր։ Ասիկա հասկնալի է, քանի որ սովորութիւնները եւ նոյնիսկ օրինական պահանջները տեղէ տեղ ու ժամանակէ ժամանակ կը տարբերին։ Օրինակ, վաղեմի Իսրայէլի մէջ ամուսնութեան պաշտօնական արարողութիւն չկար։ Ամուսնութեան օրը, փեսան հարսը կը բերէր իր տունը կամ իր հօր տունը։ (Ծննդոց 24։67. Եսայեայ 61։10. Մատթէոս 1։24) Հանրապէս կատարուած այս քայլը ինքնին կը հաստատէր ամուսնութիւնը, առանց այն պաշտօնական արարողութեան՝ որ այժմ սովորական է շատ մը հարսանիքներու մէջ։

      3. Կանայի մէջ Յիսուս ի՞նչ բանի նպաստեց։

      3 Իսրայելացիները կը սեպէին թէ ամուսնութիւնը կը կնքուէր՝ վերոնշեալ քայլը առնելով։ Անկէ ետք, անոնք խրախճանքի կը մասնակցէին։ Յովհաննու 2։1–ը կ’ըսէ. «Հարսանիք մը կար Գալիլիայի Կանա քաղաքը»։ Բայց բնագրին մէջ գործածուած բառը կրնայ թարգմանուիլ՝ «ամուսնական խնճոյք» կամ «հարսանեկան խրախճանք»։a (Մատթէոս 22։2-10. 25։10. Ղուկաս 14։8) Արձանագրութիւնը կը բացայայտէ թէ Յիսուս հրէական ամուսնութեան մը հետ կապ ունեցող խրախճանքի ներկայ էր եւ զայն ճոխացուց։ Սակայն բուն կէտը այն է, թէ ներկայ հարսանիքները տարբեր են։

      4. Կարգ մը Քրիստոնեաներ ինչպիսի՞ հարսանիք կ’ընտրեն եւ ինչո՞ւ։

      4 Այսօր, շատ մը երկիրներու մէջ, ամուսնանալ փափաքող Քրիստոնեաները կարգ մը օրինական պահանջներու գոհացում պէտք է տան։ Երբ ասիկա ընեն, անոնք կրնան օրինապէս ընդունուած որեւէ կերպով ամուսնանալ։ Անիկա կրնայ պարզ արարողութիւն մը ըլլալ, զոր կը կատարէ դատաւոր մը, քաղաքապետ մը կամ պետութեան կողմէ լիազօրուած Եհովայի Վկայ մը։ Ոմանք կ’ընտրեն այս կերպը, եւ կարգ մը ազգականներէ կամ Քրիստոնեայ բարեկամներէ կը խնդրեն ներկայ գտնուիլ որպէս օրինական վկաներ, կամ՝ որպէսզի այս կարեւոր առիթին ուրախութեան մասնակցին։ (Երեմեայ 33։11. Յովհաննու 3։29) Նմանապէս, ուրիշ Քրիստոնեաներ կ’ընտրեն հարսանեկան մեծ խրախճանք կամ ընդունելութիւն չընել, քանի որ շատ ծրագրում կը պահանջէ ու մեծ ծախսի կը նայի։ Փոխարէն, անոնք կը կարգադրեն որ մի քանի մտերիմ բարեկամներով ճաշի մը մասնակցին։ Այս առնչութեամբ մեր նախընտրութիւնները ի՛նչ որ ալ ըլլան, պէտք է գիտակցինք թէ այլ հասուն Քրիստոնեաներ կրնան տարբեր տեսակէտներ ունենալ։—Հռովմայեցիս 14։3, 4

      5. Քրիստոնեաներէն շատեր ինչո՞ւ կ’ուզեն որ հարսանիքի օրը ամուսնութեան վերաբերեալ դասախօսութիւն մը ներկայացուի, եւ անիկա ի՞նչ կը բովանդակէ։

      5 Քրիստոնեայ զոյգերէն շատեր կը փափաքին որ իրենց ամուսնութեան օրը՝ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած դասախօսութիւն մը ներկայացուի։b Անոնք կը գիտակցին թէ Եհովա ամուսնութեան ծագում Տուողն է եւ իր Խօսքին մէջ անոր յաջողութեան ու երջանկութեան շուրջ իմաստուն խրատներ հայթայթած է։ (Ծննդոց 2։22-24. Մարկոս 10։6-9. Եփեսացիս 5։22-33) Իսկ զոյգերուն մեծամասնութիւնը կ’ուզէ որ Քրիստոնեայ բարեկամներն ու ազգականները ներկայ գտնուին այս ուրախ առիթին։ Սակայն զանազան օրինական պահանջները, գործընթացները եւ նոյնիսկ տիրական եղող տեղական սովորութիւնները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։ Այս յօդուածը նկատի պիտի առնէ զանազան շրջաններու մէջ գոյութիւն ունեցող պարագաներ։ Անոնցմէ ոմանք գիտցածէդ կամ շրջանիդ մէջ տեղի ունեցածէն շա՜տ տարբեր կրնան ըլլալ։ Այսուհանդերձ, պիտի նկատես ընդհանուր սկզբունքներ կամ երեսակներ, որոնք Աստուծոյ ծառաներուն համար կարեւոր են։

      Պատուարժան ամուսնութիւնը՝ օրինական պահանջներուն գոհացում կու տայ

      6, 7. Ինչո՞ւ ամուսնութեան օրինական երեսակներով հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք, եւ ասիկա ի՞նչպէս ցոյց կու տանք։

      6 Թէեւ Եհովա ամուսնութեան ծագում տուաւ, բայց մարդկային կառավարութիւններն են որ որոշ չափով կը ղեկավարեն ամուսնական գործընթացը։ Ասիկա պատշաճ է, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ (Մարկոս 12։17) Նոյնպէս, Պօղոս առաքեալ նշեց. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի. վասն զի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ եւ անոնք որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են»։—Հռովմայեցիս 13։1. Տիտոս 3։1

      7 Բազմաթիւ երկիրներու մէջ Կայսրը կամ քաղաքային հեղինակութիւնը կ’որոշէ թէ որո՛նք ամուսնանալու որակեալ են։ Ուստի, երբ Աստուածաշունչի հիման վրայ ամուսնանալու ազատ եղող երկու Քրիստոնեաներ կ’որոշեն ամուսնանալ, անոնք խղճմտօրէն տեղական օրէնքներուն կ’ենթարկուին, ինչպէս՝ արտօնագիր ձեռք ձգել, պետութեան կողմէ լիազօրութիւն ունեցողի մը միջոցով, եւ ամբողջացած ամուսնութիւնը գրանցել։ Երբ Օգոստոս կայսր հրամանագիր հանեց որ «բոլոր աշխարհ գրուի», Յովսէփ ու Մարիամ ենթարկուեցան, «աշխարհագիրը մտնելու» համար Բեթլեհէմ ճամբորդելով։—Ղուկաս 2։1-5

      8. Եհովայի Վկաները ո՞ր սովորութիւնները կը մերժեն եւ ինչո՞ւ։

      8 Երբ երկու Քրիստոնեաներ օրինական եւ ընդունուած կերպով մը կ’ամուսնանան, անոնց միութիւնը Աստուծոյ աչքին պարտաւորիչ է։ Ուստի Եհովայի Վկաները ամուսնութիւնը չեն կրկներ՝ օրինական արարողութիւնը մի քանի անգամ կատարելով, ո՛չ ալ ամուսնական ուխտերը կը նորոգեն, ինչպէս՝ ամուսնութեան 25–րդ կամ 50–րդ տարեդարձին։ (Մատթէոս 5։37) (Եկեղեցիներէն ոմանք կ’անտեսեն օրինականօրէն ընդունելի քաղաքացիական ամուսնութեան ծէսը, դաւանելով թէ անիկա վաւերական չէ, բացի՝ եթէ քահանայ մը կամ կղերական մը որոշ արարողութիւն կատարէ կամ զոյգին ամուսնացած ըլլալը յայտարարէ։) Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, կառավարութիւնը Եհովայի Վկայի մը լիազօրութիւն կու տայ ամուսնութիւններ կատարելու։ Այս պարագային, ան հաւանաբար պիտի ուզէ ասիկա ընել Թագաւորութեան Սրահին մէջ, ամուսնութեան դասախօսութիւնը ներկայացնելով։ Սրահը ճշմարիտ պաշտամունքի տեղական վայրն է եւ Եհովա Աստուծոյ հաստատած այս կարգադրութեան մասին դասախօսելու պատշաճ տեղը։

      9. (ա) Քաղաքացիական ամուսնութեան պարագային, Քրիստոնեայ զոյգը ի՞նչ կրնայ ընել։ (բ) Երէցները ի՞նչ կերպով կրնան հարսանեկան ծրագիրներուն հետ կապ ունենալ։

      9 Այլ երկիրներու մէջ, օրէնքը կը պահանջէ որ զոյգը իրենց ամուսնութիւնը կատարեն պետական գրասենեակի մը մէջ, ինչպէս՝ քաղաքապետարանը, կամ նշանակուած քաղաքացիական պաշտօնեայի մը միջոցով։ Քրիստոնեաները յաճախ կ’ընտրեն որ այդ օրինական քայլէն ետք ունենան ամուսնութեան դասախօսութիւնը Թագաւորութեան Սրահին մէջ, նոյն օրը կամ յաջորդ օրը։ (Անոնք պիտի չուզեն որ քաղաքացիական արարողութեան եւ աստուածաշնչական դասախօսութեան միջեւ շատ օրեր անցնին, քանի որ ամուսնացած են Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ, ի ներառեալ՝ քրիստոնէական ժողովքը։) Այն զոյգը որոնք կը ծրագրեն քաղաքացիական ամուսնութիւն կատարել, երբ փափաքին որոշ Թագաւորութեան Սրահի մէջ ամուսնութեան դասախօսութիւնը ունենալ, անոնք կանխաւ Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբի երէցներէն արտօնութիւն պէտք է առնեն։ Զոյգին լաւ համբաւը ստուգելէ զատ, տեսուչները վստահ պիտի ըլլան որ հարսանիքին որոշուած ժամանակը չխանգարէ սրահին մէջ տեղի ունեցող կանոնաւոր ժողովներն ու յայտագիրները։ (Ա. Կորնթացիս 14։33, 40) Անոնք նաեւ աչքէ պիտի անցընեն սրահին վերաբերեալ զոյգին պահանջած պատրաստութիւնները եւ որոշեն թէ սրահին գործածութեան մասին ծանուցում մը ըլլա՛յ կամ ոչ։

      10. Քաղաքացիական ամուսնութեան պարագային, ի՞նչպէս կ’ազդուի ամուսնութեան դասախօսութիւնը։

      10 Ամուսնութեան դասախօսութիւնը նկատի առնող երէցը պիտի ջանայ զայն ներկայացնել ջերմ, հոգեւորապէս շինիչ ու յարգալից կերպով։ Եթէ զոյգը նա՛խ քաղաքացիական ամուսնութիւն կնքած են, ան յստակօրէն պիտի նշէ թէ անոնք Կայսրին օրէնքին համաձայն ամուսնացած են։ Եթէ քաղաքացիական արարողութեան ընթացքին ամուսնական ուխտերը չեն փոխանակուած, զոյգը կրնան ասիկա ընել դասախօսութեան ընթացքին։c Եթէ այդ քաղաքացիական արարողութիւնը ուխտեր պարփակած է, բայց նոր ամուսնացած զոյգը կ’ուզեն Եհովայի ու ժողովքին առջեւ ուխտ ընել, անոնք ասիկա կրնան ընել անցեալ եղանակը գործածելով, ցոյց տալու համար թէ իրենք արդէն ‘միաւորուած’ են։—Մատթէոս 19։6. 22։21

      11. Կարգ մը վայրերու մէջ զոյգը ի՞նչպէս իրենց ամուսնութիւնը կը կնքեն, եւ ասիկա ամուսնութեան դասախօսութեան ի՞նչպէս կ’ազդէ։

      11 Կարգ մը տեղեր օրէնքը չի պահանջեր որ ամուսնութիւնը կնքուի որոշ արարողութեամբ, նոյնիսկ՝ պետական պաշտօնեայի մը միջոցով։ Ամուսնութիւնը տեղի կ’ունենայ, երբ զոյգը պաշտօնեային կը յանձնեն ամուսնութիւնը գրանցելու ստորագրուած պատճեն մը։ Անկէ անմիջապէս ետք, ամուսնական վկայագիր մը կը պատրաստուի։ Այս կերպով, զոյգը ամուսնացած կը նկատուին, վկայագրին կրած թուականը իրենց ամուսնութեան թուականը ըլլալով։ Ինչպէս վերը նշուեցաւ, նոր ամուսնացած զոյգը պիտի ուզեն այդ գրանցումէ անմիջապէս ետք՝ Թագաւորութեան Սրահին մէջ աստուածաշնչական դասախօսութիւն մը ունենալ։ Դասախօսութիւնը ներկայացնող հոգեւորապէս հասուն եղբայրը, բոլոր ներկաներուն պիտի տեղեկացնէ թէ զոյգը ամուսնացած են, նոր տեղի ունեցած գրանցումով։ Իսկ ուխտերուն վերաբերեալ, պիտի գործադրուի ինչ որ նշուած է 10–րդ պարբերութեան եւ անոր ստորանիշին մէջ։ Թագաւորութեան Սրահին մէջ ներկայ եղողները պիտի ուրախանան զոյգին հետ եւ Աստուծոյ Խօսքէն տրուած խրատներէն պիտի օգտուին։—Երգ Երգոց 3։11

      Սովորութենական ու կանոնական ամուսնութիւններ

      12. Ի՞նչ է սովորութենական ամուսնութիւնը, եւ անկէ ետք ի՞նչ բան յանձնարարելի է։

      12 Կարգ մը երկիրներու մէջ, զոյգը այդպէս կոչուած սովորութենական (կամ՝ տոհմային) ամուսնութիւն կը կնքեն։ Ասիկա չ’ակնարկեր պարզապէս իրարու հետ ապրող երկու անհատներու, ո՛չ ալ կ’ակնարկէ անգիր օրէնքով եղած կացութեան մը, որ կարգ մը շրջաններու մէջ որոշ չափով օրինաւոր կը նկատուի, բայց լիովին օրինական ամուսնութիւն չէ։d Կը խօսինք ամուսնութեան մը մասին, որ կը կնքուի տոհմին կամ շրջանին հանրապէս ընդունուած սովորութեան համաձայն։ Ասիկա կրնայ պարփակել հարսնեգին վճարել ու զայն ընդունիլ, որով զոյգը օրինաբար եւ աստուածաշնչականօրէն ամուսնացած կ’ըլլան։ Կառավարութիւնը այս սովորութենական ամուսնութիւնը վաւերական, օրինաւոր եւ պարտաւորիչ կը նկատէ։ Անկէ ետք, սովորաբար կարելի է տեղի ունեցած սովորութենական ամուսնութիւնը գրանցել եւ պաշտօնական վկայագիր մը ստանալ։ Գրանցումը օրինաբար կը պաշտպանէ զոյգը կամ կինը՝ երբ այրի դառնայ, ինչպէս նաեւ՝ ապագայ զաւակները։ Ժողովքը սովորութենական ամուսնութիւն կնքող զոյգը պիտի յորդորէ որ կարելի եղածին չափ շուտ գրանցեն զայն։ Հետաքրքրական է որ ըստ երեւոյթին՝ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, ամուսնութիւններն ու ծնունդները պաշտօնապէս կը գրանցուէին։—Մատթէոս 1։1-16

      13. Սովորութենական ամուսնութենէ մը ետք, ամուսնութեան դասախօսութեան վերաբերեալ ի՞նչ բան պատշաճ է։

      13 Սովորութենական ամուսնութեամբ օրինապէս միացած զոյգը ամուսին ու կին կը դառնան, երբ այդ ամուսնութիւնը կատարուի։ Ինչպէս նշուեցաւ, այս օրինաւոր ամուսնութիւնը կնքող Քրիստոնեաները կրնան Թագաւորութեան Սրահին մէջ ամուսնական դասախօսութիւնը ունենալ եւ ամուսնական ուխտերը ընել։ Այս պարագային, դասախօսը պիտի հաստատէ թէ զոյգը արդէն ամուսնացած են Կայսրին օրէնքներուն համաձայն։ Միայն մէ՛կ ամուսնական դասախօսութիւն պիտի ներկայացուի։ Մէկ ամուսնութիւն կայ, այս պարագային՝ օրինապէս վաւերական նկատուած սովորութենական (տոհմային) ամուսնութիւնը, եւ մէկ աստուածաշնչական դասախօսութիւն կայ։ Այս երկու քայլերը կարճ ժամանակի մէջ կատարելը, նախընտրաբար նոյն օրը, համայնքին մէջ քրիստոնէական ամուսնութեան պատիւ կը բերէ։

      14. Քրիստոնեան ի՞նչ կրնայ ընել եթէ թէ՛ սովորութենական եւ թէ կանոնական ամուսնութիւնները կարելի են։

      14 Կարգ մը երկիրներու մէջ, ուր սովորութենական ամուսնութիւնը օրինական կը նկատուի, կարգադրութիւն կայ նաեւ կանոնական ամուսնութեան համար։ Կանոնական ամուսնութիւնը սովորաբար կը կատարուի պետական պաշտօնեայի մը միջոցով, եւ կրնայ պարփակել թէ՛ ամուսնական ուխտեր ընել եւ թէ գրանցման մատեանի մէջ ստորագրել։ Քրիստոնեայ զոյգերէն ոմանք կանոնական ամուսնութիւնը սովորութենական ամուսնութենէն աւելի կը նախընտրեն։ Օրէնքը չի պահանջեր որ երկուքն ալ կատարուին. իւրաքանչիւրը առանձին օրինաբար վաւերական է։ Ինչ որ նշուեցաւ 9–րդ եւ 10–րդ պարբերութիւններուն մէջ ամուսնութեան դասախօսութեան եւ ուխտերուն մասին, այս պարագային ալ կիրարկելի է։ Գլխաւոր կէտը այն է՝ թէ զոյգը պատուարժան կերպով կ’ամուսնանան Աստուծոյ ու մարդոց առջեւ։—Ղուկաս 20։25. Ա. Պետրոս 2։13, 14

      Ամուսնութիւնը պատուաւոր պահել

      15, 16. Ամուսնութիւնը ի՞նչպէս պատուելու ենք։

      15 Երբ Պարսիկ թագաւորի մը ամուսնութեան մէջ խնդիր ծագեցաւ, Մեմուքան անունով գլխաւոր խրատատու մը խրատ տուաւ, որ կրնար դրական ազդեցութիւն ունենալ,– ‘բոլոր կիները իրենց այրերը պիտի պատուէին’։ (Եսթերայ 1։20) Քրիստոնեայ կիները մարդկային թագաւորի մը հրովարտակին հարկ չունին, քանի որ կ’ուզե՛ն իրենց ամուսինները պատուել։ Նոյն կերպով, Քրիստոնեայ ամուսինները իրենց կիները կը յարգեն ու կը գովեն։ (Առակաց 31։11, 30. Ա. Պետրոս 3։7) Մեր ամուսնութիւնը պատուելը, ամուսնութենէն տարիներ ետք պէտք չէ ըլլայ։ Արդարեւ պէտք է պատուենք զայն սկիզբէն իսկ, հարսանիքի օրէն սկսեալ։

      16 Ամուսնութեան օրը՝ միայն ամուսնացող զոյգը չեն որ յարգանք պէտք է ցուցաբերեն։ Քրիստոնեայ երէցը պատուարժան կերպով պէտք է ներկայացնէ ամուսնութեան դասախօսութիւնը։ Դասախօսութիւնը զոյգին պէտք է ուղղուի։ Զոյգը պատուելով, դասախօսը կատակներ կամ ժողովրդական ասացուածքներ պիտի չգործածէ։ Ան չափազանց անձնական դիտողութիւններ պիտի չպարփակէ, որոնք կրնան զոյգը եւ ունկնդիրները նեղ կացութեան մատնել։ Փոխարէն, ան պիտի ջանայ ջերմ ու շինիչ ըլլալ, ամուսնութեան Հիմնադիրը եւ Անոր ուշագրաւ խրատները աչքառու դարձնելով։ Արդարեւ, երէցին ներկայացուցած յարգալից դասախօսութիւնը պիտի նպաստէ ամուսնութեան մը, որ Եհովա Աստուծոյ պատիւ կը բերէ։

      17. Քրիստոնէական ամուսնութիւնը ինչո՞ւ օրինական երեսակ մը ունի։

      17 Այս յօդուածին մէջ հաւանաբար նկատեցիր ամուսնութեան վերաբերեալ շատ մը օրինական մանրամասնութիւններ։ Կարգ մը երեսակներ թերեւս շրջանիդ մէջ ուղղակի չեն կիրարկուիր։ Սակայն բոլորս ալ պէտք է գիտակցինք թէ շատ կարեւոր է որ Եհովայի Վկաներու հարսանեկան կարգադրութիւնները յարգեն տեղական օրէնքները, Կայսրին պահանջները։ (Ղուկաս 20։25) Պօղոս մեզ յորդորեց. «Հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց։ Որո՛ւ որ տուրք տրուելու է՝ տուրքը, որո՛ւ որ մաքս՝ մաքսը, . . . որո՛ւ որ պատիւ՝ պատիւը»։ (Հռովմայեցիս 13։7) Այո, տեղին է որ Քրիստոնեաները ամուսնութեան օրէն սկսեալ, Աստուծոյ ներկայ կարգադրութիւնը պատուեն։

      18. Ամուսնութեան ո՞ր երեսակը մեր ուշադրութեան արժանի է, եւ ո՞ւր կրնանք տեղեկութիւններ գտնել այս հարցին շուրջ։

      18 Քրիստոնէական ամուսնութենէն ետք յաճախ ընկերային հաւաքոյթ մը տեղի կ’ունենայ,– հարսանեկան խրախճանք, ճաշկերոյթ կամ ընդունելութիւն։ Մտաբերէ թէ Յիսուս այսպիսի խրախճանքի մը ներկայ գտնուեցաւ։ Եթէ այսպիսի հաւաքոյթ տեղի պիտի ունենայ, Աստուածաշունչի խրատները ի՞նչպէս մեզի կ’օգնեն վստահ ըլլալու թէ ասիկա ալ Աստուած պիտի պատուէ, եւ նոր ամուսնացողներուն ու քրիստոնէական ժողովքին մասին լաւ տպաւորութիւն պիտի ձգէ։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցը պիտի քննարկէ։e

      [Ստորանիշներ]

      a Նոյն Յունարէն բառը կրնայ նշել խնճոյք մը, որ ամուսնութեան հետ կապ չունի։—Եսթերայ 9։22, Եօթանասնից

      b Եհովայի Վկաները ամուսնութեան շուրջ՝ «Աստուծոյ աչքին պատուարժան ամուսնութիւն» խորագրով 30 վայրկեան տեւող դասախօսութիւն մը կը ներկայացնեն։ Այս դասախօսութիւնը հիմնուած է Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գրքին եւ Եհովայի Վկաներու այլ հրատարակութիւններուն մէջ գտնուող աստուածաշնչական ընտիր խրատներուն վրայ։ Անիկա թէ՛ ամուսնացող զոյգին եւ թէ հարսնեւորներուն օգտակար է։

      c Բացի եթէ տեղական օրէնքը ուրիշ բան կը պահանջէ, Աստուած պատուող հետեւեալ ուխտերը կը գործածուին։ Փեսան կ’ըսէ. «Ես [փեսային անունը] քեզ [հարսին անունը] կ’առնեմ որ իմ կինս ըլլաս, քեզ սիրեմ ու գուրգուրամ աստուածային օրէնքին համաձայն, որ նշուած է Քրիստոնեայ ամուսիններուն համար Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, այնքան ատեն որ երկրի վրայ միասնաբար կ’ապրինք Աստուծոյ ամուսնական կարգադրութեան հետ ներդաշնակ»։ Իսկ հարսը կ’ըսէ. «Ես [հարսին անունը] քեզ [փեսային անունը] կ’առնեմ որ իմ ամուսինս ըլլաս, քեզ սիրեմ եւ գուրգուրամ ու խորապէս յարգեմ աստուածային օրէնքին համաձայն, որ նշուած է Քրիստոնեայ կիներուն համար Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, այնքան ատեն որ երկրի վրայ միասնաբար կ’ապրինք Աստուծոյ ամուսնական կարգադրութեան հետ ներդաշնակ»։

      d Դիտարան 1 Մայիս 1962 (Անգլերէն), էջ 287, անգիր օրէնքով եղած ամուսնութեան մասին տեղեկութիւններ կը ներկայացնէ։

      e Տես նաեւ՝ «Ձեր ամուսնութեան օրուան ուրախութիւնն ու լրջութիւնը աւելցուցէք» յօդուածը, էջ 14-17։

      Կը յիշե՞ս

      • Ինչո՞ւ ամուսնութեան օրինական ու հոգեւոր երեսակներով հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք։

      • Եթէ երկու Քրիստոնեաներ քաղաքացիական արարողութեամբ ամուսնանան, անկէ անմիջապէս ետք ի՞նչ կ’ուզեն ունենալ։

      • Ամուսնութեան դասախօսութիւնը ինչո՞ւ Թագաւորութեան Սրահին մէջ կը տրուի։

      [Նկար՝ էջ 4]

      Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, ամուսնութեան օրը՝ փեսան հարսը կը բերէր իր կամ իր հօր տունը

      [Նկար՝ էջ 7]

      Սովորութենական ամուսնութենէն ետք, Քրիստոնեաները կ’ուզեն Թագաւորութեան Սրահին մէջ դասախօսութիւն մը ունենալ

  • Հաւատքդ ապացուցանէ՝ կենցաղովդ
    Դիտարան 2006 | Նոյեմբեր 1
    • Հաւատքդ ապացուցանէ՝ կենցաղովդ

      «Հաւատքը, եթէ իրեն հետ գործ չունենայ, առանձինն մեռած է»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 2։17

      1. Նախկին Քրիստոնեաները ինչո՞ւ թէ՛ հաւատքին եւ թէ գործերուն ուշադրութիւն ընծայեցին։

      ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ առմամբ, նախկին Քրիստոնեաները իրենց հաւատքը ապացուցանեցին՝ իրենց կենցաղով։ Յակոբոս աշակերտ բոլոր Քրիստոնեաները յորդորեց. «Խօսքը կատարեցէ՛ք, միայն մի՛ լսէք»։ Ան աւելցուց. «Ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է»։ (Յակոբու 1։22. 2։26) Այս խօսքերը գրուելէն շուրջ 35 տարի ետք, Քրիստոնեաներէն շատեր կը շարունակէին պատշաճ գործերով իրենց հաւատքը ապացուցանել։ Բայց ի ցաւ սրտի, ոմանք ասիկա չէին ըներ։ Յիսուս Զմիւռնիոյ ժողովքը գովեց. սակայն, Սարդիկէի ժողովքի անդամներէն շատերուն ըսաւ. «Գիտեմ քու գործերդ՝ որ դուն անուն ունիս թէ կենդանի ես, բայց մեռած ես»։—Յայտնութիւն 2։8-11. 3։1

      2. Քրիստոնեաները իրենց հաւատքին մասին իրենք իրենց ի՞նչ հարցումներ պէտք է ուղղեն։

      2 Ուստի Յիսուս Սարդիկէի մէջ եղողները քաջալերեց,– եւ այս կերպով բոլոր անոնք որ հետագային իր խօսքերը պիտի կարդային,– որ քրիստոնէական ճշմարտութեան հանդէպ իրենց սկիզբի սէրը ապացուցանեն եւ հոգեւորապէս արթուն ըլլան։ (Յայտնութիւն 3։2, 3) Իւրաքանչիւրս մենք մեզի կրնանք հարց տալ. ‘Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ իմ գործերուս մասին։ Արարքներս յստակօրէն ցոյց կու տա՞ն թէ լաւագոյնս կ’ընեմ որ ամէն բանի մէջ հաւատքս ապացուցանեմ, նոյնիսկ այն մարզերուն մէջ որոնք քարոզչութեան կամ ժողովքային հանդիպումներուն հետ ուղղակի կապ չունին’։ (Ղուկաս 16։10) Կեանքի բազմաթիւ մարզեր կարելի է նկատի առնել, բայց այժմ քննարկենք միայն մէկ մարզ՝ ընկերային հաւաքոյթները, ի ներառեալ քրիստոնէական հարսանիքին վերաբերեալ հաւաքոյթները։

      Ընկերային փոքր հաւաքոյթներ

      3. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը նկատէ հաւաքոյթներու մասնակցիլը։

      3 Մեզմէ շատեր կը սիրեն հրաւիրուիլ հաւաքոյթներու, ուր երջանիկ Քրիստոնեաներ ներկայ են։ Եհովա «երանելի Աստուած» է եւ կ’ուզէ որ իր ծառաները երջանիկ ըլլան։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11) Ան թոյլատրեց Սողոմոնի որ հետեւեալ իրողութիւնը Աստուածաշունչի մէջ արձանագրէ. «Ես ուրախութիւնը գովեցի, վասն զի մարդ արեւուն տակ ուտելէ, խմելէ եւ ուրախութիւն ընելէ զատ աղէկ բան մը չունի։ Վասն զի . . . կեանքին օրերուն մէջ իր աշխատանքէն ասիկա կը մնայ իրեն»։ (Ժողովողի 3։1, 4, 13. 8։15) Այս ուրախութիւնը կարելի է վայելել ընտանեկան ճաշի մը ընթացքին, կամ՝ ճշմարիտ երկրպագուներու ընկերային պզտիկ հաւաքոյթներուն։—Յոբայ 1։4, 5, 18. Ղուկաս 10։38-42. 14։12-14

      4. Հաւաքոյթ կազմակերպող անհատը ի՞նչ բանով հետաքրքրուած պէտք է ըլլայ։

      4 Եթէ հաւաքոյթ մը պիտի սարքես եւ անոր պատասխանատու պիտի ըլլաս, զայն ուշադրութեամբ պէտք է ծրագրես, նոյնիսկ եթէ մի քանի հաւատակիցներ պիտի հրաւիրես ճաշի ու բարեկամական խօսակցութեան։ (Հռովմայեցիս 12։13) Պիտի ուզես վստահ ըլլալ թէ ‘ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ կ’ըլլայ’, ‘վերին իմաստութեամբ’ առաջնորդուած։ (Ա. Կորնթացիս 14։40. Յակոբու 3։17) Պօղոս առաքեալ գրեց. «Թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք։ Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք»։ (Ա. Կորնթացիս 10։31, 32) Ո՞ր կարգ մը մարզերը մասնայատուկ ուշադրութեան կը կարօտին։ Ասոնց մասին կանխաւ մտածելը կրնայ օգնել որ դուն եւ հիւրերդ ձեր հաւատքը գործերով ցոյց տաք։—Հռովմայեցիս 12։2

      Հաւաքոյթը ինչպիսի՞ բնոյթ պիտի ունենայ

      5. Հիւրընկալը ինչո՞ւ լրջօրէն պիտի մտածէ ոգելից ըմպելիներու եւ երաժշտութեան հարցին շուրջ։

      5 Հիւրընկալներէն շատեր ոգելից ըմպելիներ հրամցնելու կամ չհրամցնելու հարցը դիմագրաւած են։ Հաւաքոյթ մը շինիչ ըլլալու համար՝ խմիչքը հարկաւոր չէ։ Մտաբերէ թէ Յիսուս իրեն եկող մեծ բազմութեան մը ուտելիք հայթայթեց, հացը եւ ձուկը շատցնելով։ Արձանագրութիւնը չ’ըսեր թէ ան հրաշալիօրէն գինի հայթայթեց, թէեւ գիտենք որ կարող էր ասիկա ընելու։ (Մատթէոս 14։14-21) Եթէ որոշես հաւաքոյթի մը ընթացքին ոգելից ըմպելիներ հրամցնել, զանոնք չափաւոր քանակով մատչելի դարձուր եւ վստահ եղիր որ զովացուցիչներ ալ կը հրամցուին։ (Ա. Տիմոթէոս 3։2, 3, 8. 5։23. Ա. Պետրոս 4։3) Բնաւ մէկը մի՛ ճնշեր բան մը խմելու՝ որ թերեւս ‘օձի պէս խածնէ’։ (Առակաց 23։29-32) Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ երաժշտութեան կամ երգեցողութեան մասին։ Եթէ կազմակերպած հաւաքոյթդ երաժշտութիւն պիտի պարփակէ, անկասկած երգերը ուշադրութեամբ պիտի ընտրես, ստուգելով անոնց կշռոյթն ու բառերը։ (Կողոսացիս 3։8. Յակոբու 1։21) Բազմաթիւ Քրիստոնեաներ նկատած են թէ Թագաւորութեան մեղեդիներ ունկնդրելը կամ նոյնիսկ զանոնք խմբովին երգելը հաճելի մթնոլորտ կը ստեղծէ։ (Եփեսացիս 5։19, 20) Անշուշտ, կանոնաւորաբար ձայնածաւալը ստուգէ, որպէսզի երաժշտութիւնը հաճոյալի խօսակցութիւնները չխանգարէ եւ դրացիները չնեղացնէ։—Մատթէոս 7։12

      6. Հիւրընկալ մը ի՞նչպէս կրնայ ցոյց տալ թէ զրոյցներու կամ այլ գործունէութիւններու առնչութեամբ ապրող հաւատք ունի։

      6 Ընկերային հաւաքոյթի մը ընթացքին, Քրիստոնեաները կրնան զանազան նիւթերու շուրջ խօսիլ, բարձրաձայն ընթերցել կամ հետաքրքրական փորձառութիւններ պատմել։ Եթէ խօսակցութիւնը իր նպատակէն շեղի, հիւրընկալը կրնայ զայն նրբանկատօրէն ուղղել։ Ան նաեւ արթուն պէտք է ըլլայ որ խօսողը միայն մէկ անհատ չըլլայ։ Եթէ ասիկա պատահի, ան կրնայ խորատեսութեամբ ուրիշներն ալ խօսակցութեան մէջ պարփակել, թերեւս դեռատիներէն խնդրելով որ արտայայտուին, կամ նիւթ մը բանալով որ կրնայ շատերը մղել իրենց կարծիքը յայտնելու։ Թէ՛ անչափահասներ եւ թէ չափահասներ հաւաքոյթին այս երեսակէն հաճոյք պիտի քաղեն։ Եթէ որպէս հաւաքոյթ կազմակերպող՝ հարցերը խոհեմօրէն ու նրբանկատօրէն առաջնորդես, քու ‘բանաւորութիւնդ յայտնի պիտի ըլլայ’ ներկաներուն։ (Փիլիպպեցիս 4։5, ՆԱ ) Անոնք պիտի գիտակցին թէ ապրող հաւատք մը ունիս, որ կեանքիդ բոլոր մարզերուն կ’ազդէ։

      Հարսանիքներ ու ընդունելութիւններ

      7. Հարսանիքներ եւ յարակից հաւաքոյթներ ծրագրելը ինչո՞ւ ուշադրութեան արժանի է։

      7 Քրիստոնէական հարսանիքը ուրախանալու մասնայատուկ առիթ մըն է։ Աստուծոյ վաղեմի ծառաները, մէջը ըլլալով Յիսուս ու իր աշակերտները, սիրայօժար մասնակցեցան այս ուրախ առիթներուն եւ յարակից խրախճանքներուն։ (Ծննդոց 29։21, 22. Յովհաննու 2։1, 2) Սակայն վերջերս, փորձառութիւններ ցոյց տուած են թէ հարսանիքներու առնչուած ընկերային գործունէութիւններ ծրագրելը մասնայատուկ ջանքի կը կարօտի, եթէ կ’ուզենք որ անոնք լաւ դատողութիւն ու քրիստոնէական հաւասարակշռութիւն արտացոլացնեն։ Այս գործունէութիւնները կեանքի սովորական երեսակներ են, որոնք Քրիստոնեային պատեհութիւն կ’ընծայեն որ իր հաւատքը ապացուցանէ։

      8, 9. Բազմաթիւ հարսանիքներու ընկերակցող սովորութիւնները ի՞նչպէս կը հաստատեն Ա. Յովհաննու 2։16, 17–ի խօսքերը։

      8 Աստուածային սկզբունքները չգիտցող եւ անոնցմով չհետաքրքրուող անհատներէն շատեր, հարսանիքը կը նկատեն չափազանցութիւններու առիթ մը, ուր ծայրայեղութիւնները հանդուրժելի են։ Եւրոպական պարբերաթերթի մը մէջ, նորահարս մը իր «արքայական» հարսանիքին մասին հետեւեալը ըսաւ. ‘Չորս ձիերով օժտուած շքերթային կառք մը նստած էինք, որուն կը հետեւէին 12 երկանիւ ձիակառքեր եւ նուագախումբ կրող կառք մը։ Անկէ ետք համադամ ճաշեր կերանք եւ հոյակապ երաժշտութիւն ունկնդրեցինք. շա՜տ փառաւոր էր։ Ճիշդ ուզածիս պէս՝ օրուան թագուհին էի’։

      9 Թէեւ երկրէ երկիր սովորութիւնները կը տարբերին, սակայն վերոյիշեալ կեցուածքը պարզապէս կը հաստատէ Յովհաննէս առաքեալին գրածը. «Ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է»։ Կրնա՞ս երեւակայել որ հասուն Քրիստոնեայ զոյգ մը ուզեն «արքայական» հարսանիք ու շքեղաշուք ընդունելութիւն ունենալ։ Փոխարէն, անոնց հայեցակէտը հաշուի պէտք է առնէ թէ «ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։16, 17

      10. (ա) Բանաւոր հարսանիքի մը համար, ծրագիրներ ընելը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։ (բ) Հրաւիրեալներուն նկատմամբ ի՞նչպէս որոշումներ պէտք է կայացուին։

      10 Քրիստոնեայ զոյգերը կ’ուզեն թէ՛ իրատես եւ թէ բանաւոր ըլլալ, իսկ Աստուածաշունչը կրնա՛յ անոնց օգնել։ Ամուսնութեան օրը նշանակալից ըլլալով հանդերձ, անոնք գիտեն թէ անիկա յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունեցող երկու Քրիստոնեաներու ամուսնական կեանքին սկիզբն է։ Անոնք ստիպուած չեն որ փարթամ խրախճանք մը սարքեն։ Եթէ ուզեն հաւաքոյթ մը ունենալ, անոնք հաւաքոյթին ծախսը պիտի հաշուեն եւ անոր բնոյթը նկատի պիտի առնեն։ (Ղուկաս 14։28) Իրենց ընտանեկան կեանքին մէջ, ամուսինը պիտի ըլլայ գլուխը։ (Ա. Կորնթացիս 11։3. Եփեսացիս 5։22, 23) Ուստի հարսանեկան ընդունելութեան գլխաւոր պատասխանատուն փեսան է։ Անշուշտ, ան իր ապագայ կնոջ հետ սիրալիրօրէն պիտի խորհրդակցի կարգ մը հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ հարսանեկան խրախճանքին զորո՛նք կ’ուզեն կամ կարող են հրաւիրել։ Թերեւս կարելի չէ, ո՛չ ալ գործնական է իրենց բոլոր բարեկամներն ու ազգականները հրաւիրել. ուստի, կարգ մը տրամաբանական որոշումներ պէտք է կայացուին։ Զոյգը վստահութիւն ունենալու են թէ չհրաւիրուած Քրիստոնեայ հաւատակիցները հասկացողութիւն ցոյց պիտի տան ու չընդվզին։—Ժողովողի 7։9

      «Սեղանապետը»

      11. Հարսանիքի մը ընթացքին «սեղանապետը» ի՞նչ դեր կրնայ խաղալ։

      11 Եթէ զոյգը որոշեն հարսանեկան խրախճանք սարքել, ի՞նչպէս կրնան վստահ ըլլալ որ առիթը պատուարժան մնայ։ Տասնամեակներէ ի վեր Եհովայի Վկաները, Կանայի մէջ Յիսուսի ներկայ գտնուած հաւաքոյթին մէկ երեսակը պարփակելը իմաստուն քայլ սեպած են։ Հոն «սեղանապետ» մը կար, վստահաբար պատասխանատու հաւատակից մը։ (Յովհաննու 2։9, 10) Նմանապէս, խոհեմ փեսան հոգեւորապէս հասուն Քրիստոնեայ եղբայր մը պիտի ընտրէ որ այս կարեւոր դերը կատարէ։ Փեսային փափաքներն ու նախընտրութիւնները ստուգելէ ետք, սեղանապետը կրնայ թէ՛ նախապէս եւ թէ խրախճանքի ընթացքին ամէն բանի մանրամասնօրէն հոգ տանիլ։

      12. Ոգելից ըմպելիներու գործածութեան նկատմամբ փեսան ի՞նչ նկատի պէտք է առնէ։

      12 Ինչպէս 5–րդ պարբերութեան մէջ քննարկուեցաւ, կարգ մը զոյգեր կ’որոշեն հարսանեկան խրախճանքին ոգելից ըմպելիներ չհրամցնել, որպէսզի անոնց անչափաւոր գործածութիւնը առիթը չխանգարէ։ (Հռովմայեցիս 13։13. Ա. Կորնթացիս 5։11) Սակայն, եթէ ոգելից ըմպելիներ պիտի հրամցուին, փեսան վստահ պէտք է ըլլայ որ ասոնք չափաւորութեամբ կը հրամցուին կամ մատչելի կը դարձուին։ Կանայի մէջ Յիսուսի ներկայ գտնուած հարսանիքին գինի կը մատուցանուէր, եւ ան ընտիր գինի հայթայթեց։ Հետաքրքրական է որ սեղանապետը ըսաւ. «Ամէն մարդ աղէկ գինին առաջ կը մատուցանէ ու երբ խմած ըլլան, այն ատեն ստորնագոյնը. բայց դուն աղէկ գինին մինչեւ հիմա պահած ես»։ (Յովհաննու 2։10) Վստահաբար Յիսուս գինովութիւնը չքաջալերեց, քանի որ զայն սխալ կը նկատէր։ (Ղուկաս 12։45, 46) Գինիին որակին նկատմամբ իր զարմանքը յայտնելով, սեղանապետը նշեց թէ որոշ առիթներով հարսնեւորներէ ոմանք հարբած էին։ (Գործք 2։15. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։7) Ուստի, թէ՛ փեսան եւ թէ սեղանապետ նշանակուած վստահելի Քրիստոնեան, վստահ պէտք է ըլլան թէ բոլոր ներկաները սա յստակ ցուցմունքին կը հետեւին. «Մի՛ գինովնաք գինիով, որուն մէջ անառակութիւն կայ»։—Եփեսացիս 5։18. Առակաց 20։1. Ովսեայ 4։11

      13. Զոյգը ի՞նչ բանի ուշադիր պիտի ըլլան, եթէ հարսանեկան խրախճանքին երաժշտութիւն պիտի նուագուի, եւ ինչո՞ւ։

      13 Ինչպէս է պարագան այլ հաւաքոյթներուն, եթէ երաժշտութիւն պիտի ըլլայ՝ ձայնածաւալին ուշադրութիւն պէտք է ընծայուի, որպէսզի ներկաները կարենան դիւրաւ խօսակցիլ։ Քրիստոնեայ երէց մը նշեց. «Մինչ ժամանակը կը սահի, երբ զրոյցները աւելի կենսունակ կը դառնան կամ ներկաները պարելու կը սկսին, երբեմն երաժշտութեան ձայնածաւալը կ’աւելնայ։ Սկիզբի մեղմ երաժշտութիւնը հետզհետէ կը բարձրանայ եւ զրոյցներուն արգելք կը հանդիսանայ։ Հարսանեկան ընդունելութիւնը հաճելի ընկերակցութեան պատեհութիւն մը կը ներկայացնէ։ Ի՜նչ ցաւալի պիտի ըլլայ եթէ երաժշտութեան բարձր ձայնածաւալը այդ պատեհութիւնը խափանէ»։ Հոս ալ փեսան ու սեղանապետը պատասխանատու կերպով պէտք է վարուին, երաժշտութեան բնոյթն ու ձայնածաւալը երաժիշտներուն ճաշակին չձգելով, ըլլան վարձուա՛ծ կամ ոչ։ Պօղոս գրեց. «Ամէն ինչ որ կ’ընէք թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով՝ բոլորը Տէր Յիսուսին անունովը ըրէք»։ (Կողոսացիս 3։17) Երբ հիւրերը հարսանեկան խրախճանքէն կամ ընդունելութենէն ետք տուն վերադառնան, պիտի յիշե՞ն թէ երաժշտութիւնը ցոյց կու տար թէ զոյգը ամէն բան Յիսուսի անունով կ’ընէին։ Այս պէտք է ըլլայ պարագան։

      14. Քրիստոնեաները հարսանիքի մը մասին ի՞նչ հաճելի յիշատակներ պէտք է ունենան։

      14 Արդարեւ, լաւ կազմակերպուած հարսանիքը հաճելի յիշատակներ կը ձգէ։ Էտէմ եւ Էտիթա, որոնք 30 տարիէ ամուսնացած են, հարսանիքի մը մասին հետեւեալը ըսին. «Իրապէս զգացինք որ քրիստոնէական մթնոլորտ մը կը տիրէր։ Եհովան փառաբանող երգեցողութիւններ կային, ինչպէս նաեւ՝ կարգ մը այլ ընտիր ժամանցներ։ Պարելը ու երաժշտութիւնը երկրորդական կարեւորութիւն ունէին։ Անիկա հաճելի ու շինիչ էր, եւ ամէն բան Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ էր»։ Բացորոշ է թէ փեսան եւ հարսը իրենց գործերով իրենց հաւատքը ապացուցանելու համար շատ բան կրնան ընել։

      Հարսանեկան նուէրներ

      15. Հարսանեկան նուէրներու նկատմամբ, Աստուածաշունչի ո՞ր խրատը կիրարկելի է։

      15 Բազմաթիւ երկիրներու մէջ սովորական է որ բարեկամներ ու ազգականներ նուէրներ տան նոր ամուսնացողներուն։ Եթէ ուզես ասիկա ընել, ի՞նչ բան ի մտի կրնաս ունենալ։ Մտաբերէ Յովհաննէս առաքեալի խօսքը՝ «երկրաւոր ինչքերով հպարտանալ»ուն մասին։ Ան այս ցուցամոլութիւնը չառնչեց իրենց հաւատքը գործերով ապացուցանող Քրիստոնեաներուն, այլ՝ ‘անցնող աշխարհին’։ (Ա. Յովհաննու 2։16, 17, Անթիլիաս) Յովհաննէսի ներշնչեալ խօսքին ի տես, նոր ամուսնացած զոյգը բոլոր ներկաներուն առջեւ պէ՞տք է բնորոշեն իւրաքանչիւր նուէրին տէրը։ Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի Քրիստոնեաները Երուսաղէմի եղբայրներուն նուիրատուութիւններ ղրկեցին, բայց ո՛չ մէկ բան կը նշէ թէ անոնց անունները յայտարարուեցան։ (Հռովմայեցիս 15։26) Հարսանեկան նուէր տուող Քրիստոնեաներէն շատեր պիտի ուզեն անծանօթ մնալ, որպէսզի իրենց անձին վրայ անտեղի ուշադրութիւն չհրաւիրեն։ Այս առնչութեամբ, նկատի առ Մատթէոս 6։1-4–ի մէջ Յիսուսի տուած խրատը։

      16. Նոր ամուսնացած զոյգը ի՞նչպէս կրնան հարսանեկան նուէրներու առնչութեամբ ուրիշներու զգացումները վիրաւորելէ խուսափիլ։

      16 Նուէր բերողներուն ինքնութիւնը ծանուցանելը կրնայ «մրցակցութեան գրգռել», թէ ո՛ր նուէրը լաւագոյնը կամ ամենասուղն է։ Ուստի խոհեմ Քրիստոնեայ զոյգը նուէր տուողներուն անունները հանրապէս պիտի չնշեն։ Անոնց անունները ծանուցանելը կրնայ նուէր բերելու կարողութիւն չունեցողները նեղ կացութեան մատնել։ (Գաղատացիս 5։26, ՆԱ. 6։10) Անշուշտ սխալ չէ որ հարսն ու փեսան գիտնան թէ որոշ նուէր մը ո՛վ բերած է։ Ասիկա կրնան գիտնալ նուէրին ընկերակցող բացիկէն, բայց զայն հանրապէս պէտք չէ կարդան։ Հարսանեկան նուէրներ գնելու, տալու եւ ստանալու ատեն, բոլորս ալ առիթ ունինք ցոյց տալու թէ նոյնիսկ այսպիսի անձնական հարցերու մէջ, մեր հաւատքը մեր արարքներուն կ’ազդէ։a

      17. Քրիստոնեաները իրենց հաւատքին ու գործերուն նկատմամբ ի՞նչ նպատակակէտ պէտք է ունենան։

      17 Վստահաբար բաւարար չէ որ մեր հաւատքը ապացուցանենք՝ բարոյապէս մաքուր կեանք մը վարելով, քրիստոնէական ժողովներուն յաճախելով եւ քարոզչութեան մասնակցելով։ Թող իւրաքանչիւրս ապրող հաւատք մը ունենանք, որ մեր բոլոր գործերուն կ’ազդէ։ Արդարեւ, մեր հաւատքը կրնանք ցոյց տալ «կատարեալ» գործերով, ի ներառեալ՝ կեանքի վերոյիշեալ մարզերուն մէջ պարփակուած գործերը։—Յայտնութիւն 3։2

      18. Յովհաննու 13։17–ի խօսքերը ի՞նչպէս կրնան քրիստոնէական հարսանիքներու ու հաւաքոյթներու կիրարկուիլ։

      18 Իր առաքեալներուն ոտքերը լուալով ընտիր օրինակ հանդիսանալէ ետք, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք»։ (Յովհաննու 13։4-17) Ներկայիս, մեր ապրած շրջանին մէջ մեր տունը եկող հիւրին ոտքերը լուալը կրնայ անհրաժեշտ կամ բնական չըլլալ։ Սակայն, ինչպէս այս յօդուածին մէջ նկատի առինք, կեանքի այլ երեսակներ կան, որոնց մէջ կրնանք մեր հաւատքը ցուցաբերել սիրալիր ու նկատառու արարքներով, ինչպէս՝ ընկերային հաւաքոյթներու ու քրիստոնէական հարսանիքներու ընթացքին։ Ասիկա կրնանք ընել, ըլլանք նոր ամուսնացող զոյգ, հարսնեւորներ կամ հաւաքոյթի մասնակցող Քրիստոնեաներ, որոնք կ’ուզեն իրենց հաւատքը իրենց գործերով ցոյց տալ։

      [Ստորանիշ]

      a Հարսանիքներու եւ յարակից ընդունելութիւններու յաւելեալ երեսակներ նկատի առնուած են յաջորդ յօդուածին մէջ՝ «Ձեր ամուսնութեան օրուան ուրախութիւնն ու լրջութիւնը աւելցուցէք»։

      Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

      Ի՞նչպէս կրնաս հաւատքդ ապացուցանել՝

      • երբ ընկերային հաւաքոյթ մը կը կազմակերպես։

      • երբ հարսանիք կամ ընդունելութիւն մը կը կազմակերպես։

      • երբ հարսանեկան նուէրներ կու տաս կամ կը ստանաս։

      [Նկար՝ էջ 10]

      Նոյնիսկ եթէ մի քանի հոգի պիտի հրաւիրես, «վերին իմաստութիւնը» ի գործ դիր

  • Ձեր ամուսնութեան օրուան ուրախութիւնն ու լրջութիւնը աւելցուցէք
    Դիտարան 2006 | Նոյեմբեր 1
    • Ձեր ամուսնութեան օրուան ուրախութիւնն ու լրջութիւնը աւելցուցէք

      «ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ օրս կեանքիս ամենէն իմաստալից եւ ամենէն ուրախ օրերէն մէկն էր», ըսաւ Կորտըն, որ շուրջ 60 տարիէ ամուսնացած է։ Ի՞նչ բան ամուսնութեան օրը ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար ա՛յսքան իմաստալից կը դարձնէ։ Այդ օրը անոնք իրենց շատ սիրած անձերուն,– իրենց կողակիցին ու Եհովա Աստուծոյ,– սրբազան խոստում մը կու տան։ (Մատթէոս 22։37. Եփեսացիս 5։22-29) Արդարեւ, ամուսնանալ ծրագրող զոյգեր կ’ուզեն իրենց ամուսնութեան օրը վայելել, բայց նաեւ կը փափաքին ամուսնութեան Հիմնադիրը պատուել։—Ծննդոց 2։18-24. Մատթէոս 19։5, 6

      Փեսան ի՞նչպէս կրնայ այս ուրախ առիթին լրջութիւնը աւելցնել։ Հարսը ի՞նչ կրնայ ընել իր ամուսինը ու Եհովան պատուելու համար։ Հարսնեւորները ի՞նչպէս կրնան ամուսնութեան օրուան ուրախութեան նպաստել։ Աստուածաշունչի կարգ մը սկզբունքներ նկատի առնելը պիտի օգնէ այս հարցումներուն պատասխանելու, իսկ այս սկզբունքները կիրարկելը պիտի նուազեցնէ խնդիրներու հաւանականութիւնը, որոնք կրնան այս յատուկ առիթը խանգարել։

      Ո՞վ պատասխանատու է

      Շատ մը երկիրներու մէջ, ամուսնական արարողութիւնը օրինապէս կը կատարուի Եհովայի Վկայ ծառայի մը կողմէ։ Նոյնիսկ հո՛ն ուր պետական պաշտօնեայ մը այս օրինական քայլը կը կատարէ, զոյգը կրնան փափաքիլ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած դասախօսութիւն մը ունենալ։ Այդ դասախօսութեան մէջ, սովորաբար փեսային ուշադրութեան կը յանձնուի իր աստուածատուր դերը իբրեւ ընտանիքի գլուխ։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) Հետեւաբար, հարսանիքին տեղի ունենալիք բաներուն գլխաւոր պատասխանատուն փեսան է։ Անշուշտ, ամուսնութեան արարողութեան եւ հարսանեկան խրախճանքին կարգադրութիւնները, սովորաբար բաւական առաջուընէ կ’ըլլան։ Ասիկա ինչո՞ւ մարտահրաւէր մը կրնայ ըլլալ։

      Պատճառներէն մէկը այն է՝ թէ այս կամ այդ կողմի ազգականները թերեւս փորձեն հարսանեկան ծրագիրներուն վրայ իրենց տեսակէտները պարտադրել։ Ռոտոլֆօ, որ բազմաթիւ ամուսնութիւններ կատարած է, կ’ըսէ. «Երբեմն, փեսային վրայ զօրաւոր ճնշում կը բանեցուի ազգականներուն կողմէ, մանաւանդ երբ անոնք հարսանեկան ընդունելութեան ծախսերը պիտի ծածկեն։ Անոնք թերեւս ուզեն իրենց գաղափարները պարտադրել ամուսնութեան արարողութեան ու ընդունելութեան ընթացքին տեղի ունենալիք բաներուն նկատմամբ։ Ասիկա կրնայ փեսային աստուածաշնչական դերը տկարացնել, որպէս այս առիթին պատասխանատուն»։

      Մաքս, որ աւելի քան 35 տարիէ ի վեր ամուսնական արարողութիւններ կատարած է, դիտել կու տայ. «Նկատած եմ թէ հակում կայ որ հարսը ինք առաջնորդութիւն առնէ՝ հարսանիքին ու ընդունելութեան ընթացքին տեղի ունենալիք բաները որոշելու մէջ»։ Տէյվիտ, որ նաեւ բազմաթիւ ամուսնութիւններ կատարած է, կ’ըսէ. «Փեսաները թերեւս առաջնորդութիւնը առնելու վարժ չեն եւ յաճախ հարսանիքի պատրաստութիւններուն մէջ բաւարար մասնակցութիւն չեն բերեր»։ Փեսան ի՞նչպէս կրնայ իր պատասխանատուութիւնը ատակօրէն կրել։

      Հաղորդակցութիւնը ուրախութիւնը կ’աւելցնէ

      Որպէսզի փեսան յաջողապէս կարենայ հարսանեկան կարգադրութիւնները ընելու պատասխանատուութիւնը կատարել, ան հմտօրէն պէտք է հաղորդակցի։ Աստուածաշունչը շեշտակիօրէն կ’ըսէ. «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին»։ (Առակաց 15։22) Սակայն, յուսախաբութենէն կարելի է խուսափիլ, եթէ փեսան հարսանեկան պատրաստութիւններուն մասին նա՛խ խօսակցի հարսին, ընտանիքի անդամներուն եւ ուրիշներու հետ, որոնք կրնան Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ողջամիտ խրատներ տալ։

      Արդարեւ կենսական է որ նշանուած զոյգը նա՛խ իրարու հետ խօսակցին ծրագիրներուն ու կարելիութիւններուն մասին։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ թէ Իվան ու իր կինը՝ Տէլուին ի՛նչ կ’ըսեն։ Անոնք մշակութային տարբեր ենթահողերէ եկած են եւ երկար տարիներէ ի վեր երջանիկ ամուսնութիւն մը կը վայելեն։ Իրենց ամուսնական ծրագիրները մտաբերելով, Իվան կ’ըսէ. «Հարսանիքիս վերաբերեալ որոշ գաղափարներ ունէի, ինչպէս՝ ընդունելութիւն մը սարքել, բոլոր բարեկամներս հրաւիրել, հարսանեկան կարկանդակ մը պատրաստել, եւ կինս հարսանեկան ճերմակ հագուստ մը հագուի։ Միւս կողմէ, Տէլուին կ’ուզէր պզտիկ ու պարզ հարսանիք մը, առանց կարկանդակի։ Ան նոյնիսկ կը նախընտրէր հարսանեկան հագուստի փոխարէն ուրիշ բան մը հագնիլ»։

      Այս զոյգը իրենց տարակարծութիւնները ի՞նչպէս լուծեցին։ Ազնուօրէն ու անկեղծօրէն հաղորդակցելով։ (Առակաց 12։18) Իվան կ’աւելցնէ. «Հարսանիքներու մասին Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած յօդուածներ ուսումնասիրեցինք, ինչպէս՝ Դիտարան 1 Յունուար 1985 թիւին մէջ հրատարակուած յօդուածները։a Այս նիւթերը մեզի օգնեցին որ առիթին հանդէպ հոգեւոր տեսակէտ ունենանք։ Մեր տարբեր ենթահողերուն ի տես, անձնական ընտրութեան զանազան մարզերուն մէջ զիջումներ ընելու էինք։ Երկուքս ալ հարկ եղած ճշդումները ըրինք»։

      Արէթ ու Բէննի նոյնանման ընթացքի մը հետեւեցան։ Իրենց ամուսնութեան օրուան մասին խօսելով՝ Արէթ կ’ըսէ. «Բէննի ու ես հարսանիքին վերաբերեալ մեր տարբեր փափաքները իրարու յայտնեցինք եւ լաւ համաձայնութեան մը հասանք։ Եհովայի աղօթեցինք որ այդ օրը օրհնէ։ Նաեւ մեր ծնողներուն եւ ժողովքի կարգ մը հասուն ամոլներուն խրատը խնդրեցի։ Անոնց թելադրութիւնները շատ օգտակար էին։ Ասոր շնորհիւ, մեր ամուսնութեան օրը բերկրալի օր մըն էր»։

      Պատշաճ հագուելակերպ ու յարդարանք

      Հասկնալի է որ հարսն ու փեսան իրենց հարսանիքին համար կ’ուզեն լաւ հագնիլ։ (Սաղմոս 45։8-15) Անոնք յարմար հագուստներ ապահովելու համար ժամանակ, ջանք եւ դրամ կը տրամադրեն։ Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքները կրնան անոնց օգնել՝ թէ՛ վայելուչ եւ թէ գրաւիչ հագուստներ ընտրելու։

      Նկատի առէք թէ հարսը այս առիթով ի՛նչ կը հագնի։ Թէեւ անհատէ անհատ ու երկրէ երկիր ճաշակները կը տարբերին, բայց Աստուածաշունչի խրատները ամէնուրեք կիրարկելի են։ Կիները պէտք է «վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն»։ Ասիկա ամէն ժամանակ Քրիստոնեայ կիներուն կը կիրարկուի, եւ վստահաբար՝ ամուսնութեան օրը։ Իրականութեան մէջ, ուրախ հարսանիքը «մեծածախս հանդերձներ» չի պահանջեր։ (Ա. Տիմոթէոս 2։9. Ա. Պետրոս 3։3, 4) Այս խրատը գործադրելը ո՜րքան գոհունակութիւն կու տայ։

      Նախապէս յիշուած Տէյվիտը կ’ըսէ. «Զոյգերուն մեծ մասը կը ջանայ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետեւիլ, եւ անոնք գովասանքի արժանի են։ Սակայն, եղած են պարագաներ, երբ հարսին ու հարսնքրոջ զգեստները անհամեստ էին, հագուստի վերին մասը շատ ցած կամ թափանցիկ ըլլալով»։ Հասուն Քրիստոնեայ երէց մը, հարսին ու փեսային հետ նախապէս ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին, անոնց կ’օգնէ որ հոգեւոր հայեցակէտ ունենան։ Ի՞նչպէս։ Անոնց հարցնելով թէ իրենց ի մտի ունեցած զգեստները բաւարար պատշա՞ճ են որ քրիստոնէական ժողովի մը համար հագցուին։ Ճիշդ է որ հարսանեկան հանդերձանքին ոճը, սովորական ժողովներուն հագուելիք զգեստներու ոճէն տարբեր կրնայ ըլլալ, եւ հարսանիքի զգեստը կրնայ տեղական սովորութենէն կախեալ ըլլալ, սակայն անոր համեստութեան մակարդակը պէտք է համապատասխանէ քրիստոնէական բարձր չափանիշներուն։ Նոյնիսկ եթէ աշխարհի մէջ ոմանք Աստուածաշունչի բարոյական օրէնքները կաշկանդիչ նկատեն, ճշմարիտ Քրիստոնեաները գոհունակ են որ զիրենք իր կաղապարին մէջ առնելու աշխարհի փորձերուն դէմ կը դնեն։—Հռովմայեցիս 12։2. Ա. Պետրոս 4։4

      Բէննի կ’ըսէ. «Փոխանակ հարսանեկան զգեստները կամ ընդունելութիւնը ամենակարեւոր բանը նկատելու, Արէթ ու ես առիթին հոգեւոր երեսակին՝ արարողութեան՝ վրայ կեդրոնացանք։ Անիկա օրուան ամենակարեւոր մասն էր։ Մասնայատուկ բաները զորս կը մտաբերեմ, ո՛չ թէ հագած կամ կերած բաներս են, այլ՝ ընկերակցութիւնը եւ երջանկութիւնը զոր զգացի, քանի որ սիրած տղամարդուս հետ կ’ամուսնանայի»։ Քրիստոնեայ զոյգը թող այսպիսի կէտեր ի մտի ունենան, երբ իրենց հարսանիքը կը ծրագրեն։

      Թագաւորութեան Սրահը՝ յարգարժան վայր մը

      Քրիստոնեայ զոյգերէն շատեր կը փափաքին իրենց ամուսնական արարողութիւնը Թագաւորութեան Սրահի մը մէջ ունենալ, եթէ մատչելի է։ Անոնք ինչո՞ւ կը նախընտրեն ասիկա։ Զոյգ մը իրենց պատճառը բացատրեցին. «Գիտակցեցանք թէ ամուսնութիւնը Եհովայի սրբազան կարգադրութիւնն է։ Մեր պաշտամունքի վայրին՝ Թագաւորութեան Սրահին՝ մէջ ամուսնանալը, սկիզբէն մեր մտքին մէջ դրոշմեց թէ Եհովան մեր ամուսնութեան մաս պէտք է կազմէ։ Ասկէ զատ, արարողութիւնը ուրիշ վայրի մը մէջ ընելու փոխարէն Թագաւորութեան Սրահին մէջ ընելը, Վկայ չեղող ազգականներուն ցոյց տուաւ թէ Եհովայի պաշտամունքը մեզի համար ո՜րքան կարեւոր է»։

      Եթէ Թագաւորութեան Սրահին պատասխանատու եղող երէցները արտօնութիւն տան որ հարսանիքը հոն ըլլայ, զոյգը կանխաւ անոնց պէտք է իմացնեն նկատի առնուած պատրաստութիւնները։ Հարսն ու փեսան հարսնեւորներուն հանդէպ պատշաճ յարգանք կրնան ցուցաբերել, երբ կը վճռեն հարսանիքին որոշուած ժամուն հասնիլ։ Անոնք նաեւ պիտի ուզեն վստահ ըլլալ որ ամէն բան վայելչութեամբ տեղի կ’ունենայ։b (Ա. Կորնթացիս 14։40) Այսպիսով, անոնք պիտի խուսափին անճոռնի ցուցամոլութենէն, որ կը յատկանշէ շատ մը աշխարհային հարսանիքները։—Ա. Յովհաննու 2։15, 16

      Հարսենաւորներն ալ կրնան ցոյց տալ թէ ամուսնութեան հանդէպ Եհովայի տեսակէտը ունին։ Օրինակ, անոնք պիտի չակնկալեն որ հարսանիքը քրիստոնէական այլ հարսանիքները գերազանցէ, որպէս թէ մրցակցութիւն մը գոյութիւն ունենար։ Հասուն Քրիստոնեաները նաեւ կը գիտակցին թէ աստուածաշնչական դասախօսութեան մը համար Թագաւորութեան Սրահ ներկայ գտնուիլը աւելի կարեւոր ու օգտակար է, քան՝ հարսանեկան խրախճանքին կամ հաւաքոյթին մասնակցիլը։ Եթէ ժամանակին կամ պարագաներուն պատճառաւ՝ Քրիստոնեայ մը երկուքէն միայն մէկուն ներկայ պիտի ըլլայ, վստահաբար նախընտրելի է Թագաւորութեան Սրահը ներկայ գտնուիլ։ Ուիլիըմ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Եթէ հրաւիրեալները անհարկիօրէն Թագաւորութեան Սրահ ներկայ չգտնուին, բայց ընդունելութեան ներկայ գտնուին, ասիկա առիթին սրբութեան հանդէպ գնահատութեան պակաս ցոյց կու տայ։ Նոյնիսկ եթէ ընդունելութեան չենք հրաւիրուած, կրնանք հարսին ու փեսային թիկունք կանգնիլ եւ Վկայ չեղող ազգականներուն հոյակապ վկայութիւն մը տալ, Թագաւորութեան Սրահին մէջ տեղի ունեցող արարողութեան ներկայ գտնուելով»։

      Ամուսնութեան օրէն անդին տեւող ուրախութիւն

      Առեւտրական աշխարհը հարսանիքը վերածած է հսկայ ճարտարարուեստի մը։ Վերջին տեղեկագրութեան մը համաձայն, Միացեալ Նահանգներու մէջ սովորական հարսանիք մը «22,000 տոլարի կը նայի, այսինքն՝ ընտանիքի մը [տարեկան] միջին եկամուտին կէսը»։ Առեւտրական պրոպականդէ ազդուած, նոր ամուսնացող զոյգերէն շատեր կամ անոնց ընտանիքները այդ մէկ օրուան համար ծանր պարտքի տակ կու գան, զոր տարիներ կը կրեն։ Ամուսնութեան այսպիսի սկիզբ մը տալը խոհեմութի՞ւն է։ Աստուածաշունչի սկզբունքները չգիտցող կամ անտեսող անհատները կրնան այսպիսի շռայլութիւն ընտրել, բայց ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն մէջ պարագան ո՜րքան տարբեր է։

      Իրենց հարսանիքին չափը տրամաբանական ու իրենց նիւթական կարողութեան սահմաններէն ներս պահելով եւ առիթին հոգեւոր երեսակին վրայ կեդրոնանալով, Քրիստոնեայ զոյգերէն շատեր կրցած են իրենց ժամանակն ու նիւթական միջոցները գործածել Աստուծոյ ըրած իրենց նուիրումին համաձայն։ (Մատթէոս 6։33) Նկատի առէք Լոյտի ու Ալեքսանդրայի օրինակը, որոնք իրենց ամուսնութենէն ետք շարունակած են լիաժամ ծառայութիւնը 17 տարիէ ի վեր։ Լոյտ կ’ըսէ. «Ոմանք թերեւս մեր հարսանիքը նկատեցին պարզ դէպք մը, բայց Ալեքսանդրան ու ես շատ ուրախ էինք։ Խորհեցանք թէ մեր ամուսնութեան օրը պարտքերով ծանրաբեռնուելու տեղ, ուրախանալու ենք երկու անհատներ երջանկացնելու Եհովայի կարգադրութեամբ»։

      Ալեքսանդրա կ’աւելցնէ. «Ամուսնանալէս առաջ ռահվիրայ մըն էի եւ այս առանձնաշնորհումէն չուզեցի հրաժարիլ, պարզապէս շռայլ հարսանիք մը ունենալու համար։ Մեր ամուսնութեան օրը շատ մասնայատուկ էր։ Սակայն անիկա միասնաբար մեր ապրելիք կեանքին միայն առաջին օրն էր։ Ամուսնութեան արարողութեան վրայ չափազանց չկեդրոնանալու խրատը կիրարկեցինք եւ որպէս ամուսնացած զոյգ Եհովայի առաջնորդութիւնը փնտռեցինք։ Ասիկա որոշապէս մեր վրայ Եհովայի օրհնութիւնը բերաւ»։c

      Արդարեւ ձեր ամուսնութեան օրը մասնայատուկ առիթ մըն է։ Այդ օրը ի յայտ եկող կեցուածքներն ու արարքները կրնան ձեր ամուսնական կեանքին որոշ ուղղութիւն տալ։ Ուստի առաջնորդութեան համար Եհովայի ապաւինեցէք։ (Առակաց 3։5, 6) Գլխաւորաբար ձեր մտքին մէջ ունեցէք այդ օրուան հոգեւոր նշանակութիւնը։ Ձեր աստուածատուր դերերուն մէջ իրարու նեցուկ կանգնեցէք։ Այսպիսով պիտի կարենաք ձեր ամուսնութեան համար ամուր հիմ դնել, եւ Եհովայի օրհնութեամբ, ձեր ամուսնութեան օրուընէ անդին տեւող ուրախութիւն պիտի վայելէք։—Առակաց 18։22

      [Ստորանիշներ]

      a Յաւելեալ տեղեկութիւններ լոյս տեսան՝ Զարթի՛ր 8 Փետրուար 2002 թիւին մէջ, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

      b Եթէ զոյգը ծրագրեն որ Թագաւորութեան Սրահին մէջ տեղի ունեցող արարողութիւնը լուսանկարուի կամ ժապաւէնի վրայ առնուի, անոնք կանխաւ վստահ պէտք է ըլլան թէ ո՛չ մէկ բան հարսանիքը պիտի արժեզրկէ։

      c Տես՝ Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքը, էջ 26, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

      [Նկար՝ էջ 15]

      Զոյգը երբ իրենց հարսանիքը կը ծրագրեն, բացէ ի բաց՝ բայց յարգալից կերպով պէտք է հաղորդակցին

      [Նկար՝ էջ 17]

      Գլխաւորաբար ձեր մտքին մէջ ունեցէք՝ ձեր ամուսնութեան օրուան հոգեւոր նշանակութիւնը

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել