-
Եհովա իր ժողովուրդը կը զարդարէ լոյսովԴիտարան 2002 | Յուլիս 1
-
-
Եհովա իր ժողովուրդը կը զարդարէ լոյսով
«Ելի՛ր [ո՛վ կին], լուսաւորուէ՛. քանզի քու լոյսդ եկաւ ու Տէրոջը փառքը քու վրադ ծագեցաւ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 60։1
1, 2. (ա) Ի՞նչ է մարդկութեան կացութիւնը։ (բ) Մարդկութեան խաւարին ետին ո՞վ կայ։
«Ո՜Հ, ԵԹԷ Եսայի մը կամ Սուրբ Պօղոս մը ունենայինք»։ Այսպէս ողբաց 1940–ական տարիներուն, Մ. Ն. Նախագահ Հէրի Դրուման։ Ինչո՞ւ այսպէս արտայայտուեցաւ։ Ան զգաց որ իր ժամանակուան աշխարհին մէջ բարոյական բարձր մակարդակ ունեցող առաջնորդներու կարիքը կար։ Մարդկութիւնը տակաւին նոր ապրած էր Ի. դարու ամենէն խաւար շրջանը՝ Երկրորդ Աշխարհամարտը։ Թէեւ պատերազմը վերջ գտած էր, բայց աշխարհը տակաւին խաղաղ վիճակի մէջ չէր։ Խաւարը կը գոյատեւէր։ Արդարեւ, այդ պատերազմը լրանալէն 57 տարիներ ետք, աշխարհը տակաւին խաւարի մէջ է։ Եթէ Նախագահ Դրուման ներկայիս ողջ եղած ըլլար, վստահաբար տակաւին Եսայիի կամ Պօղոս առաքեալի նման առաջնորդներու կարիքը պիտի զգար։
2 Նախագահ Դրուման տեղեակ եղած ըլլար կամ ոչ, Պօղոս առաքեալ խօսած էր մարդկութիւնը պատող խաւարին մասին, եւ անոր մասին ազդարարած էր իր գրութիւններուն մէջ։ Օրինակի համար, ան իր հաւատակիցները ազդարարեց, ըսելով. «Մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ»։ (Եփեսացիս 6։12) Այս խօսքերով Պօղոս ցոյց տուաւ թէ ո՛չ միայն տեղեակ էր աշխարհը պատող հոգեւոր խաւարէն, այլ նաեւ՝ գիտէր այդ խաւարին իսկական աղբիւրը. որպէս ‘աշխարհի իշխաններ’ նկարագրուած հզօր դիւային ուժեր։ Քանի որ աշխարհի խաւարին ետին հզօր ոգիներ կան, մարդիկ ի՞նչ կրնան ընել զանիկա փարատելու համար։
3. Հակառակ մարդկութեան խաւար վիճակին, Եսայի հաւատարիմներուն մասին ի՞նչ մարգարէացաւ։
3 Եսային ալ մարդկութիւնը հարուածող խաւարին մասին խօսեցաւ։ (Եսայեայ 8։22. 59։9) Սակայն, մեր օրերուն մասին խօսելով, ներշնչման ներքեւ նախագուշակեց որ նոյնիսկ այս խաւար օրերուն, Եհովա լոյսը սիրողներուն մտահորիզոնը պիտի լուսաւորէր։ Ուստի, թէեւ Պօղոսը կամ Եսային անձամբ մեր մէջ չեն, բայց ունինք իրենց ներշնչեալ գրութիւնները, որոնք մեզի ուղղութիւն կու տան։ Տեսնելու համար թէ ասիկա ի՛նչ մեծ օրհնութիւն մըն է Եհովան սիրողներուն համար, նկատի առնենք Եսայիի մարգարէական խօսքերը, որոնք կը գտնուին իր գրքին 60–րդ գլուխին մէջ։
Մարգարէական Կին մը Լոյս կը Սփռէ
4, 5. (ա) Եհովա կնոջ մը ի՞նչ կը պատուիրէ, եւ ի՞նչ կը խոստանայ։ (բ) Եսայեայ 60–րդ գլուխը ի՞նչ ոգեւորիչ տեղեկութիւններ կը պարունակէ։
4 Եսայեայ 60–րդ գլուխին առաջին խօսքերը ուղղուած են շատ տխուր վիճակի մէջ գտնուող կնոջ մը։ Ան խաւարի մէջ՝ գետինը պառկած է։ Յանկարծ լոյսը կը ճեղքէ խաւարը եւ Եհովա բարձր ձայնով կ’ըսէ. «Ելի՛ր [ո՛վ կին], լուսաւորուէ՛. քանզի քու լոյսդ եկաւ ու Տէրոջը փառքը քու վրադ ծագեցաւ»։ (Եսայեայ 60։1) Ժամանակը եկած է որ այս կինը ոտքի ելլէ եւ Աստուծոյ լոյսը՝ փառքը՝ արտացոլացնէ։ Ինչո՞ւ։ Պատասխանը կը գտնենք յաջորդ համարին մէջ. «Ահա խաւարը՝ երկիրը ու մառախուղը ազգերը պիտի ծածկէ, բայց քու վրադ Տէրը պիտի ծագի եւ անոր փառքը քու վրադ պիտի երեւնայ»։ (Եսայեայ 60։2) Երբ կինը կը հնազանդի Եհովայի պատուէրին, ասոր հոյակապ արդիւնքին նկատմամբ երաշխիք կը ստանայ։ Եհովա կ’ըսէ. «Ազգեր քու լոյսիդ պիտի գան եւ թագաւորներ՝ քու վրադ ծագած պայծառութեանը»։—Եսայեայ 60։3
5 Այս երեք համարներուն ոգեւորիչ խօսքերը, Եսայեայ 60–րդ գլուխին մնացեալ մասին պարունակութեան թէ՛ նախաբանը եւ թէ ամփոփումն են։ Անոնք մարգարէական կնոջ մը փորձառութիւնները կը նախագուշակեն եւ կը բացատրեն թէ ի՛նչպէս կրնանք Եհովայի լոյսին մէջ բնակիլ, հակառակ մարդկութիւնը պատող խաւարին։ Սակայն այս երեք համարներուն մէջի խորհրդանիշերուն իմաստը ի՞նչ է։
6. Եսայեայ 60–րդ գլուխին կինը ո՞վ է, եւ երկրի վրայ զայն ո՞վ կը ներկայացնէ։
6 Եսայեայ 60։1-3–ի մէջի կինը Սիօնն է. հոգեղէն արարածներէ բաղկացած Եհովայի երկնային կազմակերպութիւնը։ Ներկայիս, երկրի վրայ Սիօնը ներկայացուած է «Աստուծոյ Իսրայէլ»ի մնացորդով՝ հոգիէն ծնած Քրիստոնեաներու միջազգային ժողովքով, որ երկնքի մէջ Քրիստոսի հետ իշխելու յոյսը ունի։ (Գաղատացիս 6։16) Այս հոգեւոր ազգը 144,000 անդամներ ունի, եւ Եսայեայ 60–րդ գլուխին արդի կատարումը աւելի կը կեդրոնանայ «վերջին օրեր»ուն անոնցմէ երկրի վրայ ողջ եղողներուն վրայ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Յայտնութիւն 14։1) Մարգարէութիւնը շատ բան կ’ըսէ նաեւ այս օծեալ Քրիստոնեաներուն ընկերակիցներուն՝ «ուրիշ ոչխարներ»ու ‘մեծ բազմութեան’ մասին։—Յայտնութիւն 7։9. Յովհաննու 10։16
7. Ի՞նչ էր Սիօնի վիճակը 1918–ին, եւ ասիկա ի՞նչպէս մարգարէացուած էր։
7 Կա՞ր ժամանակ մը, երբ «Աստուծոյ Իսրայէլը» խաւարի մէջ պառկած էր, ինչպէս նախագուշակուած էր այդ մարգարէական կնոջմով։ Այո՛։ Ասիկա տեղի ունեցաւ աւելի քան 80 տարի առաջ։ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, օծեալ Քրիստոնեաները վկայութեան գործը շարունակելու համար ծանր պայքարեցան։ Բայց 1918–ին, պատերազմի վերջին տարին, կազմակերպուած քարոզչութիւնը գրեթէ դադրեցաւ։ Եղբայր Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ, որ երկրածաւալ քարոզչութեան գործին վրայ կը վերահսկէր, եւ ուրիշ կարկառուն Քրիստոնեաներ կեղծ ամբաստանութիւններով երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտուեցան։ Յայտնութիւն գրքին մէջ, այդ ժամանակ երկրի վրայ գտնուող օծեալ Քրիստոնեաները մարգարէաբար նկարագրուած էին որպէս դիակներ, փռուած՝ «մեծ քաղաքին հրապարակին մէջ, որ հոգեւորապէս կը կոչուի Սոդոմ ու Եգիպտոս»։ (Յայտնութիւն 11։8) Անիկա իրապէս խաւար ժամանակ մըն էր Սիօնի համար, որ երկրի վրայ իր օծեալ զաւակներով ներկայացուած էր։
8. 1919–ին ի՞նչ շշմեցուցիչ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
8 Սակայն, 1919–ին շշմեցուցիչ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ. Եհովա լոյս ծագեցուց Սիօնի վրայ։ Աստուծոյ Իսրայէլէն ողջ մնացողները ոտքի կանգնեցան Աստուծոյ լոյսը փայլեցնելու համար, խիզախօրէն դարձեալ ձեռնարկելով բարի լուրի ծանուցման։ (Մատթէոս 5։14-16) Այս Քրիստոնեաներուն վերակենդանացած եռանդին շնորհիւ, ուրիշներ Եհովայի լոյսին եկան։ Սկիզբը, անոնք Աստուծոյ Իսրայէլին նոր անդամներն էին։ Եսայեայ 60։3–ի մէջ անոնք կոչուած են «թագաւորներ», քանի որ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսի հետ ժառանգակիցներ պիտի ըլլան։ (Յայտնութիւն 20։6) Հետագային, ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութիւն մը եկաւ Եհովայի լոյսին։ Ասոնք մարգարէութեան մէջ յիշուած «ազգեր»ն են։
Կնոջ Զաւակները Տուն կու Գան
9, 10. (ա) Կինը ի՞նչ արտակարգ երեւոյթ մը տեսաւ, եւ ասիկա ի՞նչ կը նախագուշակէր։ (բ) Սիօն ուրախանալու ի՞նչ պատճառ ունի։
9 Այժմ, Եհովա կը սկսի Եսայեայ 60։1-3–ի մէջ ուրուագծուած տեղեկութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալ։ Ան կնկան ուրիշ պատուէր մը կու տայ։ Մտիկ ըրէք թէ ան ի՛նչ կ’ըսէ. «Աչքերդ վերցո՛ւր ու բոլորտիքդ նայէ՛»։ Կինը կը հնազանդի եւ ի՜նչ սրտապնդիչ երեւոյթ մը կը պարզուի։ Իր զաւակները տուն կու գան։ Համարը կը շարունակէ ըսել. «Ամէնքը կը հաւաքուին ու քեզի կու գան։ Քու տղաքներդ հեռուէն պիտի գան եւ քու աղջիկներդ գրկի մէջ մանուկներու պէս պիտի տարուին»։ (Եսայեայ 60։4) Թագաւորութեան համաշխարհային ծանուցումը, որ 1919–ին սկսաւ, հազարաւոր նորեկներ Եհովայի ծառայութեան մէջ բերաւ։ Ասոնք ալ Սիօնի «տղաքներ»ն ու «աղջիկներ»ը դարձան, Աստուծոյ Իսրայէլին օծեալ անդամները։ Այսպիսով, Եհովա զարդարեց Սիօնը՝ 144,000–ի վերջին անդամները լոյսին բերելով։
10 Իր զաւակները իրեն հետ ունենալով, Սիօնի ուրախութիւնը կրնա՞ք երեւակայել։ Սակայն, Եհովա ուրախութեան ուրիշ պատճառներ կու տայ Սիօնի։ Կը կարդանք. «Այն ատեն պիտի տեսնես եւ ուրախանաս ու սիրտդ պիտի ուրախանայ ու ցնծայ, քանզի ծովուն առատութիւնը քեզի պիտի դառնայ, ազգերուն հարստութիւնը քեզի պիտի գայ»։ (Եսայեայ 60։5) Այս մարգարէական խօսքերուն հետ ներդաշնակ ըլլալով, 1930–ական թուականներէն ի վեր, երկրային յոյս ունեցող բազմաթիւ Քրիստոնեաներ դէպի Սիօն խուժած են։ Անոնք Աստուծմէ օտարացած մարդկութեան «ծով»էն եկած են եւ կը ներկայացնեն ազգերուն հարստութիւնը։ Անոնք «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաներ»ն են։ (Անգեայ 2։7. Եսայեայ 57։20) Նկատի առէք որ այս «ցանկալի բաները» ինքնագլուխ կերպով չէ որ Եհովան կը պաշտեն։ Հապա Սիօնի գեղեցկութիւնը կ’աւելցնեն, գալով եւ իրենց օծեալ եղբայրներուն հետ պաշտելով՝ «մէկ հօտ ու մէկ հովիւ» ըլլալով։—Յովհաննու 10։16
Վաճառականներ ու Հովիւներ Սիօն կու Գան
11, 12. Դէպի Սիօն ուղղուող ամբոխները նկարագրեցէք։
11 Այս նախատեսուած հաւաքումին արդիւնքն է՝ Եհովան փառաբանողներու թիւին ուշագրաւօրէն աւելնալը։ Ասիկա նախագուշակուած էր մարգարէութեան յաջորդ խօսքերուն մէջ։ Երեւակայեցէք որ դուք Սիօն Լերան վրայ այդ մարգարէական կնոջ հետ կայնած էք։ Դէպի արեւելք կը նայիք՝ ի՞նչ կը տեսնէք։ «Ուղտերուն երամակը եւ Մադիամի ու Գեփայի տաճիկ ուղտերը, քեզ պիտի ծածկեն։ Ամէնքը Սաբայէն պիտի գան, ոսկի ու կնդրուկ պիտի բերեն եւ Տէրոջը փրկութիւնը պիտի աւետեն»։ (Եսայեայ 60։6) Ուղտերու կարաւաններով, վաճառականներու խումբեր կ’ուղղուին դէպի Երուսաղէմ։ Ուղտերը երկիրը ծածկող հեղեղի նման են։ Վաճառականները թանկագին նուէրներ կը բերեն՝ «ոսկի ու կնդրուկ»։ Եւ այս վաճառականները Աստուծոյ լոյսին կու գան, զինք հանրապէս փառաբանելու համար՝ ‘Եհովայի փրկութիւնը աւետելու համար’։
12 Միայն վաճառականները չեն եկողները։ Հովիւներ ալ Սիօն կու գան։ Մարգարէութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Կեդարի բոլոր հօտերը քու քովդ պիտի հաւաքուին ու Նաբէօթի խոյերը քեզի պիտի ծառայեն»։ (Եսայեայ 60։7ա) Խաշնարած ցեղեր կու գան սուրբ քաղաքը, իրենց հօտերուն լաւագոյններէն Եհովայի նուիրելու համար։ Անոնք Սիօնի ծառայելու համար նոյնիսկ իրենք զիրենք կը մատուցանեն։ Եհովա ի՞նչպէս կ’ընդունի այս օտարականները։ Աստուած ինք կը պատասխանէ. «Անոնք իմ սեղանիս վրայ պիտի ելլեն՝ ընդունելի զոհ ըլլալու։ Իմ աղօթքիս տունը պիտի փառաւորեմ»։ (Եսայեայ 60։7բ) Եհովա քաղցրութեամբ կ’ընդունի այս օտարականներուն զոհերն ու ծառայութիւնը։ Անոնց ներկայութիւնը կը գեղեցկացնէ իր տաճարը։
13, 14. Արեւմուտքէն եկող ի՞նչ բաներ կը տեսնուին։
13 Հիմա ձեր գլուխը դարձուցէք եւ ուշադրութեամբ դիտեցէք արեւմտեան հորիզոնը։ Ի՞նչ կը տեսնէք։ Հեռուն, ծովուն մակերեսին վրայ, տարածուած ճերմակ ամպի նման բան մը կ’երեւայ։ Եհովա կը հարցնէ մեր մտքէն անցած հարցումը. «Ո՞վ են ասոնք, որ կը թռչին ամպի պէս ու դէպի իրենց վանդակը թռչող աղաւնիներու պէս»։ (Եսայեայ 60։8) Եհովա ինք պատասխանը կու տայ. «Կղզիներն ու Թարսիսի նաւերը ինծի համար պատրաստ պիտի ըլլան, որպէս զի հեռուէն քու տղաքներդ եւ անոնց հետ անոնց արծաթն ու ոսկին բերեն, քու Տէր Աստուծոյդ անուանը համար ու Իսրայէլի Սուրբին համար, քանզի անիկա քեզ կը փառաւորէ [‘զարդարէ’, Արարատ]»։—Եսայեայ 60։9
14 Կրցա՞ք մտապատկերել տեսարանը։ Այդ ճերմակ ամպը աւելի մօտեցած է եւ այժմ հեռուն՝ արեւմուտքը, խումբ մը ճերմակ կէտերու երեւոյթը ունի։ Անոնք ալիքներուն վրայէն արագօրէն թռչող թռչուններու երամներու կը նմանին։ Բայց մինչ կը մօտենան, կը տեսնէք որ անոնք նաւեր են, որոնք իրենց առագաստները պարզած են հովուն դէմ։ Այնքան շատ են դէպի Երուսաղէմ ուղղուող նաւերը, որ անոնք աղաւնիներու երամներու կը նմանին։ Նաւատորմեր՝ հեռաւոր նաւահանգիստներէ կը բերեն հաւատացեալներ, որոնք արտորնօք Երուսաղէմ կու գան Եհովան պաշտելու համար։
Եհովայի Կազմակերպութիւնը կը Ծաւալի
15. (ա) Եսայեայ 60։4-9–ի խօսքերը ի՞նչ յաւելումի մասին կը նախագուշակեն։ (բ) Անկեղծ Քրիստոնեաներ ի՞նչպիսի հոգի մը կը ցուցաբերեն։
15 4-9–րդ համարները մարգարէական ի՜նչ հոյակապ պատկեր մը կը գծեն, 1919–էն ի վեր աշխարհի տարածքին կատարուող ծաւալման մասին։ Եհովա ինչո՞ւ այսպիսի յաւելումով օրհնած է Սիօնը։ Քանի որ 1919–էն ի վեր, Աստուծոյ Իսրայէլը հնազանդօրէն ու անդադար Եհովայի լոյսը սփռած է։ Սակայն նշմարեցի՞ք որ ըստ 7–րդ համարին, նոր եկողները Աստուծոյ «սեղանին վրայ պիտի ելլեն»։ Սեղանը տեղ մըն է ուր զոհեր կը մատուցուին, եւ մարգարէութեան այս երեսակը մեզի կը յիշեցնէ թէ Եհովայի ծառայութիւնը զոհեր կը պարփակէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Կ’աղաչեմ ձեզի, . . . որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը [«սրբազան ծառայութիւն մը՝ ձեր բանաւորութեամբ», ՆԱ]»։ (Հռովմայեցիս 12։1) Պօղոսի խօսքերուն հետ ներդաշնակ գործելով, անկեղծ Քրիստոնեաներ միայն շաբաթը անգամ մը կրօնական պաշտամունքի ներկայ ըլլալով չեն գոհանար։ Անոնք իրենց ժամանակը, կորովը եւ նիւթականը կու տան մաքուր պաշտամունքը յառաջ տանելու համար։ Այսպիսի անձնուէր երկրպագուներ Եհովայի տունը չե՞ն զարդարեր։ Եսայիի մարգարէութիւնը կ’ըսէ թէ անոնք կը զարդարեն։ Իսկ կրնանք վստահ ըլլալ թէ այսպիսի նախանձախնդիր երկրպագուներ իրենց կարգին, Եհովայի աչքին գեղեցիկ են։
16. Անցեալին որո՞նք աջակցեցան վերաշինութեան գործին, իսկ ներկայիս որո՞նք ըրած են ասիկա։
16 Նորեկները կ’ուզեն աշխատիլ։ Մարգարէութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Օտարներուն որդիները քու պարիսպներդ պիտի շինեն ու անոնց թագաւորները քեզի ծառայութիւն պիտի ընեն»։ (Եսայեայ 60։10) Այս խօսքերուն առաջին կատարման ժամանակ, Բաբելոնի գերութենէն վերադարձի օրերուն, թագաւորներ ու ազգերէն անհատներ իրապէս բաժին բերին տաճարին եւ Երուսաղէմ քաղաքին վերաշինութեան մէջ։ (Եզրասայ 3։7. Նէեմեայ 3։26) Արդի կատարման մէջ, մեծ բազմութիւնը թիկունք կանգնած է օծեալ մնացորդին՝ ճշմարիտ պաշտամունքը կերտելու համար։ Անոնք բաժին բերած են քրիստոնէական ժողովքներու կերտումին մէջ, եւ այս կերպով Եհովայի կազմակերպութեան քաղաքանման «պարիսպներ»ը զօրացուցած են։ Անոնք նաեւ կը մասնակցին բառացի շինարարութեան՝ Թագաւորութեան Սրահներու, Համաժողովի Սրահներու եւ Պէթէլի համալիրներու կառուցման։ Այս բոլոր կերպերով, անոնք Եհովայի ծաւալող կազմակերպութեան կարիքներուն հոգ տանող իրենց օծեալ եղբայրներուն նեցուկ կը կանգնին։
17. Իր ժողովուրդը զարդարելու Եհովայի կերպերէն մէկը ի՞նչ է։
17 Եսայեայ 60։10–ի վերջին խօսքերը որքա՜ն քաջալերական են։ Եհովա կ’ըսէ. «Իմ բարկութիւնովս քեզ զարկի, բայց բարեհաճութիւնովս քեզի պիտի ողորմիմ»։ Այո, 1918/1919–ին, Եհովա իր ժողովուրդը կրթեց։ Սակայն ասիկա անցեալին էր։ Հիմա ժամանակն է որ Եհովա իր օծեալ ծառաներուն եւ անոնց ընկերակիցներուն՝ ուրիշ ոչխարներուն՝ հանդէպ ողորմութիւն ցոյց տայ։ Ասիկա կ’ապացուցանուի այն արտակարգ յաւելումով, որով օրհնած է զանոնք, կարծես թէ ‘զիրենք զարդարելով’։
18, 19. (ա) Իր կազմակերպութեան ընկերակցող նորեկներուն Եհովա ի՞նչ խոստում կու տայ։ (բ) Եսայեայ 60–րդ գլուխին մնացեալ համարները ի՞նչ կ’ըսեն մեզի։
18 Ամէն տարի, հարիւր հազարաւոր նոր «օտարներու որդիներ» Եհովայի կազմակերպութեան կ’ընկերակցին, եւ տակաւին ճամբան բաց է ուրիշներու համար։ Եհովա Սիօնին կ’ըսէ. «Քու դռներդ միշտ բաց պիտի ըլլան, ցերեկ ու գիշեր պիտի չգոցուին, որպէս զի քեզի կրեն ազգերուն ստացուածքը եւ անոնց թագաւորները բերուին»։ (Եսայեայ 60։11) Կարգ մը հակառակորդներ կը փորձեն այս «դռներ»ը գոցել, բայց գիտենք որ անոնք չեն կրնար յաջողիլ։ Եհովա ինք ըսած է որ դռները բաց պիտի մնան։ Յաւելումը պիտի շարունակուի։
19 Տակաւին ուրիշ կերպերով ալ Եհովա իր ժողովուրդը օրհնած է, զանոնք զարդարելով, այս վերջին օրերուն մէջ։ Եսայեայ 60–րդ գլուխին մնացեալ համարները կը յայտնեն թէ այդ կերպերը ի՛նչ են։
-
-
Եհովայի փառքը կը փայլի իր ժողովուրդին վրայԴիտարան 2002 | Յուլիս 1
-
-
Եհովայի փառքը կը փայլի իր ժողովուրդին վրայ
«Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 60։20
1. Եհովա ի՞նչպէս իր հաւատարիմ ժողովուրդին կ’օգնէ։
«ՏԷՐԸ իր ժողովուրդը կը հաւնի, խոնարհները փրկութիւնով պիտի փառաւորէ [«զարդարէ», ՆԱ]»։ (Սաղմոս 149։4) Վաղեմի սաղմոսերգուն այսպէս ըսաւ, եւ պատմութիւնը այս խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը փաստած է։ Երբ Եհովայի ժողովուրդը հաւատարիմ են, ան կը հոգայ անոնց, զանոնք արդիւնաբեր կը դարձնէ ու կը պաշտպանէ։ Վաղեմի ժամանակներուն, անոնց յաղթանակ տուաւ իրենց թշնամիներուն վրայ։ Ներկայիս, զանոնք հոգեւորապէս զօրաւոր կը պահէ եւ Յիսուսի զոհագործութեան հիման վրայ անոնց փրկութիւն կը խոստանայ։ (Հռովմայեցիս 5։9) Ասիկա կ’ընէ քանի որ անոնք իր աչքին գեղեցիկ են։
2. Հակառակութիւն դիմագրաւելով հանդերձ, Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ բանէ վստահ է։
2 Անշուշտ, խաւարի մէջ մխրճուած աշխարհի մը մէջ, ‘աստուածպաշտութեամբ ապրողները’ հակառակութեան պիտի հանդիպին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Այսուհանդերձ, Եհովա նկատի կ’առնէ հակառակորդները, եւ զանոնք կ’ազդարարէ. «Այն ազգն ու թագաւորութիւնը որ քեզի չեն ծառայեր՝ պիտի կորսուին ու բոլորովին պիտի կործանին»։ (Եսայեայ 60։12) Ներկայիս, հակառակութիւնը բազմաթիւ կերպերով կը դրսեւորուի։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, հակառակորդները կը փորձեն անկեղծ Քրիստոնեաներուն Եհովայի մատուցած պաշտամունքը արգիլել։ Այլ երկիրներու մէջ, մոլեռանդներ Եհովայի երկրպագուներուն վրայ բառացի յարձակումներ կը գործեն եւ անոնց ստացուածքները կ’այրեն։ Սակայն, մտաբերեցէք թէ Եհովա արդէն իսկ որոշած է իր կամքին կատարման արգելք հանդիսացող որեւէ հակառակութեան հետեւանքը։ Հակառակորդները պիտի ձախողին։ Անոնք որոնք Սիօնի դէմ կը պայքարին, որ երկրի վրայ իր զաւակներով ներկայացուած է, պիտի չյաջողին։ Ասիկա քաջալերական երաշխիք մը չէ՞ մեր մեծ Աստուծոյն՝ Եհովայի կողմէ։
Օրհնուած՝ Իրենց Ակնկալածէն Աւելի
3. Եհովայի երկրպագուներուն գեղեցկութիւնն ու արդիւնաբերութիւնը ի՞նչպէս պատկերացուած է։
3 Իրականութիւնը այն է թէ իրերու այս դրութեան վերջին օրերուն, Եհովա իր ժողովուրդը օրհնած է իրենց ակնկալածէն աւելի։ Յատկապէս ան աստիճանաբար զարդարած է իր պաշտամունքի վայրը եւ անոր մէջ գտնուող իր անունը կրողները։ Եսայիի մարգարէութեան համաձայն, ան Սիօնի կ’ըսէ. «Լիբանանի փառքը քեզի պիտի գայ, մայրին, սօսին ու տօսախը մէկտեղ՝ իմ սրբարանս զարդարելու համար։ Իմ ոտքերուս տեղը պիտի փառաւորեմ»։ (Եսայեայ 60։13) Ուռճացող անտառներով ծածկուած լեռները փառաւոր տեսարան մըն են։ Ուստի փարթամ ծառերը Եհովայի երկրպագուներուն գեղեցկութեան ու արդիւնաբերութեան խորհրդանիշեր են։—Եսայեայ 41։19. 55։13
4. «Սրբարան»ը եւ Եհովայի ‘ոտքերուն տեղը’ ի՞նչ են, եւ ասոնք ի՞նչպէս զարդարուած են։
4 Եսայեայ 60։13–ի մէջ յիշուած «սրբարան»ը եւ Եհովայի ‘ոտքերուն տեղը’ ի՞նչ են։ Այս արտայայտութիւնները կ’ակնարկեն Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարին գաւիթներուն, որ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ պաշտամունքի համար Իրեն մօտենալու կարգադրութիւնն է։ (Եբրայեցիս 8։1-5. 9։2-10, 23) Եհովա յայտնած է իր նպատակը այդ հոգեւոր տաճարը փառաւորելու, բոլոր ազգերէն մարդիկ բերելով, որ հոն զինք պաշտեն։ (Անգեայ 2։7) Եսայի ինք նախապէս բոլոր ազգերէն բազմութիւններ տեսած էր, որոնք Եհովայի պաշտամունքի բարձրացուած լեռը կը խուժեն։ (Եսայեայ 2։1-4) Հարիւրաւոր տարիներ ետք, Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մը մէջ տեսաւ «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»։ Ասոնք «Աստուծոյ աթոռին առջեւ են . . . իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ»։ (Յայտնութիւն 7։9, 15) Մինչ այս մարգարէութիւնները կը կատարուին մեր օրերուն, մեր աչքերով կը տեսնենք թէ Եհովայի տունը կը զարդարուի։
5. Սիօնի զաւակները ի՞նչ մեծ բարեփոխում մը վայելեցին։
5 Այս բոլորը ի՜նչ մեծ փոփոխութիւն մըն են Սիօնի համար։ Եհովա կ’ըսէ. «Դուն որ երեսէ ձգուած ու ատելի եղար եւ քեզմէ անցնող չեղաւ, քեզ՝ յաւիտենական փառք ու ազգէ ազգ տեւող ուրախութիւն պիտի ընեմ»։ (Եսայեայ 60։15) Առաջին Աշխարհամարտի վերջաւորութեան, «Աստուծոյ Իսրայէլը» արդարեւ ամայացումի շրջան մը ունեցաւ։ (Գաղատացիս 6։16) Ան իրապէս «երեսէ ձգուած» զգաց, քանի որ երկրի վրայ իր զաւակները յստակօրէն չըմբռնեցին թէ Աստուծոյ կամքը իրենց համար ինչ էր։ Բայց 1919–ին, Եհովա վերակենդանացուց իր օծեալ ծառաները եւ անկէ ի վեր զանոնք օրհնած է հոգեւոր սքանչելի բարգաւաճութեամբ։ Ասկէ զատ, այս համարին մէջի խոստումը ոգեւորիչ չէ՞։ Եհովա Սիօնը պիտի նկատէ որպէս «փառք» մը։ Այո, Սիօնի զաւակները, եւ ինքնին Եհովան, Սիօնի համար հպարտ պիտի զգան։ Ան «ուրախութիւն» մը, անսահման ուրախութեան պատճառ մը պիտի ըլլայ։ Իսկ ասիկա կարճատեւ պիտի չըլլայ։ Սիօնի նպաստաւոր վիճակը, որ ներկայացուած է իր երկրային զաւակներով, «ազգէ ազգ» պիտի տեւէ։ Անիկա երբեք պիտի չդադրի։
6. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ազգերուն նիւթական աղբիւրները ի՞նչպէս կը գործածեն։
6 Այժմ, մտիկ ըրէք աստուածային ուրիշ խոստումի մը։ Սիօնի խօսելով, Եհովա կ’ըսէ. «Ազգերուն կաթը պիտի ծծես, թագաւորներուն ստինքը պիտի ծծես եւ պիտի գիտնաս թէ ես Տէ՛րս եմ քու Ազատիչդ ու Փրկիչդ, Յակոբին Հզօրը»։ (Եսայեայ 60։16) Սիօն ի՞նչպէս ‘ազգերուն կաթով’ կը սնանի եւ ‘թագաւորներուն ստինքը կը ծծէ’։ Օծեալ Քրիստոնեաները եւ իրենց ընկերակցող «ուրիշ ոչխարները» ազգերուն նիւթական աղբիւրները կը գործածեն, մաքուր պաշտամունքը յառաջ տանելու համար։ (Յովհաննու 10։16) Յօժարակամօրէն տրուած դրամական նուիրատուութիւնները, կարելի կը դարձնեն որ մեծ, միջազգային քարոզչութեան եւ ուսուցումի գործ մը կատարուի։ Արդի արուեստագիտութեան ճարտար գործածութեան շնորհիւ, հարիւրաւոր լեզուներով Աստուածաշունչեր եւ սուրբ գրային գրականութիւններ կը հրատարակուին։ Ներկայիս, պատմութեան որեւէ ժամանակէ աւելի, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը մատչելի է մարդոց։ Բազմաթիւ ազգերու քաղաքացիներ կը սորվին թէ Եհովա, որ իր օծեալ ծառաները հոգեւոր գերութենէ վերագնեց, արդարեւ Փրկիչն է։
Կազմակերպչական Յառաջդիմութիւն
7. Սիօնի զաւակները ի՞նչ աչքառու յառաջդիմութիւններ վայելած են։
7 Եհովա իր ժողովուրդը զարդարած է այլ կերպով մըն ալ։ Ան զանոնք օրհնած է՝ կազմակերպչական յառաջդիմութիւն տալով անոնց։ Եսայեայ 60։17–ի մէջ կը կարդանք. «Պղինձի տեղ ոսկի պիտի բերեմ, երկաթի տեղ՝ արծաթ, փայտերու տեղ՝ պղինձ, քարերու տեղ երկաթ պիտի բերեմ։ Քու վերակացուներդ խաղաղութիւն պիտի սիրեն, քու իշխաններդ արդարութիւն պիտի ընեն [«խաղաղութիւնը պիտի նշանակեմ որպէս վերակացուներդ, իսկ արդարութիւնը՝ որպէս իշխաններդ», ՆԱ]»։ Պղինձը ոսկիով փոխարինելը բարելաւում մըն է, նոյնն է պարագան յիշուած մնացեալ նիւթերուն։ Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, Աստուծոյ Իսրայէլը վերջին օրերու տեւողութեան, յարատեւաբար կազմակերպչական բարեփոխումներու ենթարկուած է։ Մի քանի օրինակներ նկատի առէք։
8-10. Նկարագրեցէք 1919–էն ի վեր տեղի ունեցած կազմակերպչական կարգ մը բարեփոխումները։
8 Մինչեւ 1919–ը, Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովքները կը տնօրինուէին ժողովքին կողմէ ժողովրդավարական կերպով ընտրուած երէցներով եւ սարկաւագներով։ Այդ տարուընէ սկսեալ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ ծառայութեան տեսուչ մը նշանակեց, դաշտի ծառայութեան գործունէութիւններուն վրայ հսկելու համար։ (Մատթէոս 24։45-47) Սակայն, շատ մը ժողովքներու մէջ այդ կարգադրութիւնը այդքան ալ ազդու չէր, քանի որ ընտրուած երէցներէն ոմանք աւետարանչութեան լիովին թիկունք չկանգնեցան։ Ուստի 1932–ին, ժողովքներուն հրահանգ տրուեցաւ որ երէցներու ու սարկաւագներու ընտրութիւնը դադրեցնեն։ Փոխարէն, անոնք ծառայութեան յանձնախումբի մը մէջ ծառայող տղամարդիկ պիտի ընտրէին, ծառայութեան տեսուչին հետ աշխատելու համար։ Ասիկա «փայտի տեղ՝ պղինձ»ի պէս էր. մեծ բարեփոխում մը։
9 1938–ին, աշխարհի տարածքին ժողովքները վճռեցին ընդունիլ բարելաւուած կարգադրութիւն մը, որ սուրբ գրային նախատիպի մը հետ աւելի ներդաշնակ էր։ Ժողովքին վարչութիւնը վստահուեցաւ խումբի ծառայի մը եւ այլ ծառաներու, բոլորն ալ նշանակուած՝ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային վերատեսչութեան ներքեւ։ Այլեւս քուէարկութիւն չկար։ Այսպիսով, ժողովքի բոլոր ծառաները կը նշանակուէին աստուածպետական կերպով։ Ասիկա «քարերու տեղ երկաթ» կամ «պղինձի տեղ՝ ոսկի»ի նման էր։
10 Անկէ ի վեր յառաջդիմութիւնը շարունակուած է։ Օրինակ, 1972–ին տեսնուեցաւ որ ժողովքներուն վերատեսչութիւնը աստուածպետականօրէն նշանակուած համագործակցող երէցներու մարմինի մը յանձնելը, ուր երէցներէն ոչ մէկը միւսներուն վրայ հեղինակութիւն կը բանեցնէ, շատ աւելի նման էր առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքներուն գործած կերպին։ Իսկ շուրջ երկու տարի առաջ, յառաջդիմութիւն մը եւս եղաւ։ Վերաճշդում մը եղաւ կարգ մը օրինական հիմնարկներու տնօրինութեան մէջ, կարելի դարձնելով որ Կառավարիչ Մարմինը աւելի լման կերպով կեդրոնանայ Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր բարօրութեան վրայ, փոխանակ առօրեայ օրինական բաներով զբաղելու։
11. Եհովայի ժողովուրդին մէջ տեղի ունեցած կազմակերպչական փոփոխութիւններուն ետին ո՞վ կայ, եւ այս փոփոխութիւններուն արդիւնքը ի՞նչ եղած է։
11 Այս յառաջդիմական փոփոխութեանց ետին գտնուողը ո՞վ է։ Եհովա Աստուած է։ Ան է որ ըսաւ. «[Ես] ոսկի պիտի բերեմ»։ Եւ ինք է որ կը շարունակէ ըսել. «[Ես] խաղաղութիւնը պիտի նշանակեմ որպէս վերակացուներդ, իսկ արդարութիւնը՝ որպէս իշխաններդ»։ Այո, Եհովա է իր ժողովուրդին վերատեսչութեան պատասխանատուն։ Նախագուշակուած կազմակերպչական յառաջդիմութիւնը ուրիշ կերպ մըն է, որով Եհովա իր ժողովուրդը կը զարդարէ։ Իսկ ասոր որպէս արդիւնք, Եհովայի Վկաները շատ մը կերպերով օրհնուած են։ Եսայեայ 60։18–ի մէջ կը կարդանք. «Անգամ մըն ալ քու երկրիդ մէջ՝ բռնութիւն եւ քու սահմաններուդ մէջ յափշտակութիւն ու կոտորած տեղի պիտի չունենայ, հապա քու պարիսպներդ՝ Փրկութիւն ու դռներդ Գովութիւն պիտի անուանես»։ Այս խօսքերը ի՜նչ գեղեցիկ են։ Սակայն, անոնք ի՞նչպէս կատարուած են։
12. Խաղաղութիւնը ի՞նչպէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն մէջ աչքառու դարձած է։
12 Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ցուցմունքներու եւ առաջնորդութեան համար ուշի ուշով Եհովայի կը նային, եւ Եսայի նախագուշակեց ասոր արդիւնքը. «Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ»։ (Եսայեայ 54։13) Ասկէ զատ, Եհովայի հոգին կը ներգործէ իր ծառաներուն մէջ, եւ խաղաղութիւնը այդ հոգիին մէկ պտուղն է։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Եհովայի ծառաներուն խաղաղարար ըլլալը զիրենք թարմացնող ովասիս մը կը դարձնէ, բռնութեամբ լեցուն այս աշխարհին մէջ։ Անոնց խաղաղ վիճակը, որ հիմնուած է իրարու հանդէպ ճշմարիտ Քրիստոնեաներու ունեցած սիրոյն վրայ, նոր աշխարհի ապրելակերպին նախահամն է։ (Յովհաննու 15։17. Կողոսացիս 3։14) Վստահաբար, իւրաքանչիւրս կ’ոգեւորուինք վայելելով այդ խաղաղութիւնը ու նպաստելով անոր, եւ անիկա մեր Աստուծոյն փառք ու պատիւ կը բերէ եւ մեր հոգեւոր դրախտին գլխաւոր մէկ բաղադրիչն է։—Եսայեայ 11։9
Եհովայի Լոյսը Պիտի Շարունակէ Փայլիլ
13. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովայի լոյսը երբեք պիտի չդադրի իր ժողովուրդին վրայ ծագելէ։
13 Եհովայի լոյսը պիտի շարունակէ՞ իր ծառաներուն վրայ ծագիլ։ Այո՛։ Եսայեայ 60։19, 20–ի մէջ, կը կարդանք. «Անգամ մըն ալ ցորեկը քու լուսատուդ արեւը պիտի չըլլայ ու գիշերը լուսինը իր պայծառութիւնովը քեզի լոյս պիտի չտայ. հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս եւ քու Աստուածդ քու փառքդ պիտի ըլլայ։ Քու արեւդ անգամ մըն ալ պիտի չմարի ու քու լուսինդ պիտի չնուազի. հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ եւ սուգի օրերդ պիտի վերջանան»։ Անմիջապէս որ հոգեւոր գերիներուն «սուգ»ը վերջ գտաւ 1919–ին, Եհովայի լոյսը սկսաւ անոնց վրայ ծագիլ։ Աւելի քան 80 տարի ետք, անոնք տակաւին Եհովայի հաճութիւնը կը վայելեն, մինչ իր լոյսը կը շարունակէ փայլիլ։ Եւ անիկա պիտի չդադրի։ Իր երկրպագուներուն նկատմամբ, մեր Աստուածը արեւուն նման պիտի «չմարի», կամ լուսնին նման պիտի «չնուազի»։ Փոխարէն, ան անոնց վրայ իր լոյսը պիտի սփռէ յաւիտեան։ Ասիկա ի՜նչ հոյակապ երաշխիք մըն է, այս խաւար աշխարհի վերջին օրերուն մէջ ապրողներուս համար։
14, 15. (ա) Աստուծոյ բոլոր ծառաները ի՞նչ կերպով «արդար» են։ (բ) Ուրիշ ոչխարները Եսայեայ 60։21–ի ո՞ր կարեւոր կատարման կը սպասեն։
14 Հիմա լսեցէք ուրիշ խոստում մը, որ Եհովա կու տայ Սիօնի երկրային ներկայացուցիչներուն՝ Աստուծոյ Իսրայէլին մասին։ Եսայեայ 60։21–ը կ’ըսէ. «Քու բոլոր ժողովուրդդ արդար պիտի ըլլայ ու երկիրը յաւիտենապէս պիտի ժառանգէ։ Իմ տնկած տունկս՝ իմ ձեռքերուս գործը՝ իմ փառքիս համար պիտի ըլլայ»։ 1919–ին, երբ օծեալ Քրիստոնեաները գործի վերադարձան, անոնք արտասովոր խումբ մըն էին։ Որոշապէս մեղաւոր աշխարհի մը մէջ, անոնք «արդարացած» էին՝ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հանդէպ իրենց անխախտ հաւատքին հիման վրայ։ (Հռովմայեցիս 3։24. 5։1) Ապա, բաբելոնական գերութենէն ազատ արձակուած Իսրայելացիներուն նման, անոնք հոգեւոր «երկիր» մը՝ կամ գործունէութեան ծիր մը՝ ժառանգեցին, ուր հոգեւոր դրախտ մը կը վայելեն։ (Եսայեայ 66։8) Այդ երկրին դրախտանման հոգեւոր գեղեցկութիւնը բնաւ պիտի չթառամի, քանի որ վաղեմի Իսրայէլին հակառակը, Աստուծոյ Իսրայէլը որպէս ազգ բնա՛ւ անհաւատարիմ պիտի չըլլայ։ Անոնց հաւատքը, համբերութիւնը եւ նախանձախնդրութիւնը երբեք պիտի չդադրին Աստուծոյ անուան պատիւ բերելէ։
15 Այդ հոգեւոր ազգին բոլոր անդամները նոր ուխտին մէջ բերուած են։ Բոլորին սրտին մէջ Եհովայի օրէնքը գրուած է, եւ Եհովա, Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ, իրենց մեղքերը ներած է։ (Երեմեայ 31։31-34) Ան զիրենք արդար կը յայտարարէ որպէս «որդիներ», եւ անոնց հետ կը վարուի որպէս թէ կատարեալ ըլլային։ (Հռովմայեցիս 8։15, 16, 29, 30) Անոնց ընկերակցող ուրիշ ոչխարներուն մեղքերը ներուած են Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ եւ, Աբրահամի նման, հաւատքով արդար յայտարարուած են որպէս Աստուծոյ բարեկամներ։ Անոնք ‘իրենց հանդերձները լուացած ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցած են’։ Այս ուրիշ ոչխարները այլ յատկանշական օրհնութեան մը կը սպասեն։ ‘Մեծ նեղութենէն’ վերապրելէ յետոյ, կամ յարուցանուելէ յետոյ, անոնք Եսայեայ 60։21–ի խօսքերուն կատարումը պիտի տեսնեն, երբ ամբողջ աշխարհը դրախտ մը պիտի ըլլայ։ (Յայտնութիւն 7։14. Հռովմայեցիս 4։1-3) Այդ ժամանակ, «հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։—Սաղմոս 37։11, 29
Յաւելումը կը Շարունակուի
16. Եհովա ի՞նչ արտակարգ խոստում մը ըրաւ, եւ անիկա ի՛նչպէս կատարուած է։
16 Եսայեայ 60–րդ գլուխին վերջին համարին մէջ, Եհովայի ըրած վերջին խոստումը կը կարդանք։ Ան Սիօնի կ’ըսէ. «Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ [«արագացնեմ», ՆԱ] ասիկա»։ (Եսայեայ 60։22) Մեր օրերուն, Եհովա իր խոստումը յարգած է։ Երբ օծեալ Քրիստոնեաները գործունէութեան վերադարձան 1919–ին, անոնք սակաւաթիւ՝ «պզտիկ»՝ էին։ Անոնց թիւը աւելցաւ երբ յաւելեալ հոգեւոր Իսրայելացիներ բերուեցան։ Ապա՝ ուրիշ ոչխարները սկսան խուժել հետզհետէ աւելի մեծ թիւերով։ Աստուծոյ ժողովուրդին խաղաղ վիճակը, իրենց ‘երկրին’ մէջ գոյութիւն ունեցող հոգեւոր դրախտը, ա՛յնքան շատ պարկեշտ սրտով անհատներ հրապուրած է, որ «պզտիկը» իրապէս «մեծ ազգ» մը եղած է։ Ներկայիս, Աստուծոյ Իսրայէլէն եւ աւելի քան վեց միլիոն նուիրուած «օտարականներու որդիներ»էն բաղկացած այս «ազգ»ը, աշխարհի շատ մը ինքնավար պետութիւններէ աւելի բազմամարդ է։ (Եսայեայ 60։10) Անոր բոլոր քաղաքացիները Եհովայի լոյսը փայլեցնելու կը մասնակցին եւ ասիկա զիրենք կը գեղեցկացնէ իր աչքին։
17. Եսայեայ 60–րդ գլուխին քննարկութիւնը ի՞նչպէս ազդեց ձեզի։
17 Արդարեւ, Եսայեայ 60–րդ գլուխին ուշագրաւ կէտերը նկատի առնելը մեր հաւատքը կը զօրացնէ։ Մխիթարական է տեսնել թէ ա՛յսքան ժամանակ առաջ, Եհովա գիտէր որ իր ժողովուրդը հոգեւոր գերութեան պիտի երթար եւ ապա պիտի վերահաստատուէր։ Մեզ կ’ապշեցնէ թէ ա՛յսքան ժամանակ առաջ, Եհովա նախագուշակած էր մեր օրերուն տեղի ունեցող ճշմարիտ երկրպագուներու թիւին յաւելումը։ Ասկէ զատ, որքա՜ն մխիթարական է յիշել թէ Եհովա մեզ բնաւ պիտի չլքէ։ Որքա՜ն սիրալիր է այն երաշխիքը թէ «քաղաք»ին դռները միշտ բաց պիտի մնան, դիմաւորելու համար «յաւիտենական կեանքի սահմանուած» եղողները։ (Գործք 13։48) Եհովա պիտի շարունակէ իր լոյսը ծագեցնել իր ժողովուրդին վրայ։ Սիօն պիտի շարունակէ հպարտ զգալու պատճառ մը ըլլալ, մինչ իր զաւակները իրենց լոյսը աւելի ու աւելի կը փայլեցնեն։ (Մատթէոս 5։16) Վստահաբար, որեւէ ժամանակէ աւելի վճռած ենք Աստուծոյ Իսրայէլին մօտիկ մնալ եւ Եհովայի լոյսը արտացոլացնելու մեր առանձնաշնորհումին վրայ գուրգուրալ։
Կրնա՞ք բացատրել
• Հակառակութեան նկատմամբ, ի՞նչ բանէ վստահ ենք։
• Սիօնի զաւակները ի՞նչպէս ‘ազգերուն կաթը ծծած են’։
• Եհովա ի՞նչպէս ‘փայտերու տեղ՝ պղինձ բերած է’։
• Ո՞ր երկու յատկութիւնները աչքառու դարձուած են Եսայեայ 60։17, 21–ի մէջ։
• Ի՞նչպէս ‘պզտիկը մեծ ազգ եղած է’։
-