Երգ 141
Խաղաղասէր մարդիկը փնտռենք
(Ղուկաս 10։6, ՆԱ)
Յիսուս սիրեց մեզ եւ Լուրը յայտնեց. . .
Ամրան տաքին, կիզիչ օդին,
Խօսքը ամէնուն տարածեց։
Ան ջերմօրէն Հօր գառները սիրեց։
Առաւօտէն
մինչեւ գիշեր հեզերը փնտռեց։
Ճամբաները եւ տունէ տուն
Պատմե՛նք լուրեր յոյսով լեցուն.
Թէ ա՛լ տառապանք եւ ցաւ պիտի չըլլայ։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Խաղաղասէր
Մարդիկ ամէն ազգէ կը փնտռենք։
Մենք կ’ուզենք որ
Անոնց շուտով օգնենք, ազատենք։
Չենք ուզեր որ
Անոնք մեռնին։
Վերջը շատ մօտ է, անդադար փնտռենք։
Կան տակաւին բարի մարդիկ. . .
Ուրախ լուրեր պէտք է լսեն։
Սէրէ մղուած մենք միշտ վերայցելենք։
Կոտրած սրտին բալասան
տանք եւ մխիթարենք։
Քաղաքները եւ գիւղերը
Կ’երթանք, որ գտնենք հեզ մարդը։
Պատուե՛նք Եհովան եւ անունը գովենք։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Խաղաղասէր
Մարդիկ ամէն ազգէ կը փնտռենք։
Մենք կ’ուզենք որ
Անոնց շուտով օգնենք, ազատենք։
Չենք ուզեր որ
Անոնք մեռնին։
(Տե՛ս նաեւ Եսա. 52։7. Մատ. 28։19, 20. Ղուկ. 8։1. Հռով. 10։10)