Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ինչո՞ւ կարեւոր է որ գիտնաս
    Դիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 4
    • ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՒ

      Ինչո՞ւ կարեւոր է որ գիտնաս

      Մարդ մը Սուրբ Գիրքը բռնած է՝ կասկածը աչքերուն մէջ

      Սուրբ Գիրքը կրօնական գիրքերուն մէջ յատուկ է։ Չկայ ուրիշ գիրք մը որ այսքա՛ն շատ մարդոց հաւատալիքներուն ազդած է, այսքան երկար ժամանակուան մը ընթացքին։ Անդին, չկայ ուրիշ գիրք մը, որուն մասին այսքան շատ պրպտում ըրած են եւ քննադատած են։

      Օրինակ՝ կարգ մը ուսումնականներ կը կասկածին որ հիմակուան Սուրբ Գիրքերը վստահելի են, կարծելով որ ատոնք բուն գրութիւններուն ճիշդ նոյն օրինակները չեն։ Կրօնական ուսումի փրոֆէսոր մը կ’ըսէ. «Չենք կրնար վստահ ըլլալ որ բուն գրութիւնը ճշգրտութեամբ վերակազմած ենք։ Մեր ձեռքերուն մէջ միայն սխալներով լեցուն օրինակներ կան, եւ որոնց մեծամասնութեան ու բուն գրութիւններուն միջեւ դարեր կը բաժնեն, ինչպէս նաեւ յստակ է որ հազարաւոր կերպերով իրարմէ կը տարբերին»։

      Ուրիշներու կրօնքը կը ձգէ որ կարծեն թէ Սուրբ Գիրքը փոխուած է։ Օրինակ՝ Ֆայսալ անունով մարդ մը, որուն ընտանիքը քրիստոնեայ չէ, իր ծնողքէն սորված է, որ Աստուածաշունչը սուրբ գիրք մըն է, բայց ժամանակի ընթացքին փոխուած է։ Ան կ’ըսէ. «Այս պատճառով, երբ մարդիկ ուզէին Սուրբ Գիրքին մասին խօսիլ ինծի, կասկածներ կ’ունենայի, քանի որ ունեցածնին բուն Սուրբ Գիրքը չէր, հապա՝ փոխուածը»։

      Տարբերութիւն կ’ընէ՞ եթէ Սուրբ Գիրքը փոխուած է կամ ոչ։ Նկատի առ այս հարցումները. Կրնա՞ս վստահիլ Սուրբ Գիրքին մխիթարիչ խոստումներուն, եթէ չես գիտեր թէ ատոնք բուն գրութիւններուն մէջ կային կամ ոչ (Հռովմայեցիս 15։4)։ Եթէ հիմակուան Սուրբ Գիրքը պարզապէս մարդոց կողմէ գրուած ու սխալներով լեցուն ըլլար, ատոր սկզբունքները կը գործածէի՞ր երբ կարեւոր որոշումներ պիտի առնէիր՝ գործիդ, ընտանիքիդ կամ հոգեւոր բաներու մասին։

      Թէեւ Աստուածաշունչին բուն գիրքերը անհետացած են, սակայն կրնանք օգտուիլ հին օրինակներէ,– Սուրբ Գիրքի հազարաւոր ձեռագիրներէ։ Այդ ձեռագիրները ինչպէ՞ս վերապրեցան, հակառակ որ դիմագրաւեցին՝ փտութիւն, հակառակութիւն եւ բովանդակութիւնը փոխելու փորձեր։ Ասիկա նկատի առնելով, ինչպէ՞ս աւելի կը վստահիս ձեռքերուդ մէջ եղած Սուրբ Գիրքին։ Այս հարցումներուն պատասխանները տեսնենք յաջորդ յօդուածներուն մէջ։

  • Սուրբ Գիրքը վերապրեցաւ փտութենէ
    Դիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 4
    • ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՒ ՓՏՈՒԹԵՆԷ

      Սուրբ Գիրքը վերապրեցաւ փտութենէ

      ՎՏԱՆԳԸ։ Սուրբ Գիրքը գրողները եւ զայն ընդօրինակողները գլխաւորաբար պապիրոս եւ մագաղաթ գործածեցին (Բ. Տիմոթէոս 4։13)a։ Այս նիւթերը ինչպէ՞ս վտանգի տակ դրին Սուրբ Գիրքը։

      Պապիրոսը դիւրաւ կը պատռուի, գոյնը կը նետէ եւ փխրուն կը դառնայ։ Սթիվըն Քուըրքի եւ Ռիչըրտ Փարքինսըն եգիպտաբանները կ’ըսեն. «Պապիրոսի թերթիկ մը կրնայ ի վերջոյ վերածուիլ բնաթելերու կմախքի մը եւ ափ մը փոշիի։ Ատիկա պահուած վիճակի մէջ կրնայ բորբոս կապել կամ խոնաւութենէն նեխիլ, կրծող անասուններու կամ միջատներու կողմէ ուտուիլ, նամանաւանդ ճերմակ մրջիւններու կողմէ, երբ թաղուած է»։ Կարգ մը պապիրոսներ գտնուելէ ետք, աւելի արագ սկսան փտիլ, քանի որ ենթարկուեցան չափազանց լոյսի կամ խոնաւութեան։

      Մագաղաթը պապիրոսէն աւելի տոկուն է, բայց ինքն ալ կը վնասուի եթէ լաւ հոգ չտարուի կամ ենթարկուի ծայրայեղ ջերմաստիճանի, խոնաւութեան կամ լոյսիb։ Մագաղաթը նաեւ միջատներու կեր է։ Հետեւաբար, գիրք մը հին արձանագրութիւններուն համար կ’ըսէ. «Վերապրումը բացառութիւն է եւ ոչ թէ կանոն» (Everyday Writing in the Graeco-Roman East)։ Եթէ Սուրբ Գիրքը այս ձեւով փտէր, իր պատգամը իրեն հետ պիտի կորսուէր։

      ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՒ։ Հրէական օրէնքը ամէն թագաւորէ կը պահանջէր, որ ‘գրքի մը մէջ գրէ օրէնքներու գրքին մէկ օրինակը’, այսինքն՝ Սուրբ Գիրքին առաջին հինգ գիրքերը (Բ. Օրինաց 17։18)։ Ասկէ զատ, վարպետ մարդիկ ընդօրինակեցին այնքան շատ ձեռագիրներ, որ Ք.Ե. առաջին դարուն արդէն իսկ Սուրբ Գրութիւնները կային Իսրայէլի չորս կողմը գտնուող եւ նոյնիսկ հեռաւոր Մակեդոնիայի ժողովարաններու մէջ (Ղուկաս 4։16, 17. Գործք 17։11)։ Կարգ մը շատ հին ձեռագիրներ ինչպէ՞ս մինչեւ մեր օրերը վերապրեցան։

      1) Կաւէ կարաս, 2) Մեռեալ ծովու մէկ մագաղաթը

      Մեռեալ ծովու մագաղաթներ կոչուած ձեռագիրները, դարեր շարունակ վերապրեցան կաւէ կարասներու մէջ, որոնք չոր օդ ունեցող քարայրներու մէջ պահուած էին

      Քարայր մը, ուր Աստուածաշունչի կարգ մը ձեռագիրներ գտնուեցան

      Նոր Կտակարանի ուսումնական Ֆիլիփ Ու. Քամֆըրթ կ’ըսէ. «Հրեաները ճանչցուած էին թէ Սուրբ Գրութիւններու մագաղաթները կը դնէին կուժերու կամ կարասներու մէջ, որպէսզի զանոնք պահպանեն»։ Ըստ երեւոյթին, քրիստոնեաներն ալ շարունակեցին այդ սովորութիւնը։ Այս պատճառով, Սուրբ Գիրքի ամենահին ձեռագիրներէն ոմանք գտնուած են կաւէ կարասներու, մութ սենեակներու եւ քարայրներու մէջ, ինչպէս նաեւ շատ չոր տեղեր։

      ԱՐԴԻՒՆՔԸ։ Սուրբ Գիրքի ձեռագիրներու հազարաւոր կտորներ կան մինչեւ այսօր,– ատոնցմէ ոմանց վրայ աւելի քան 2000 տարի անցած է։ Չկայ ուրիշ գրութիւն մը որ այսքա՛ն շատ ձեռագիրներ ունի՝ այսքան հին ատենէ։

      a Պապիրոսը կը գործածուէր գրութեան համար եւ կը շինուէր նոյն անունը կրող բոյսէ մը։ Իսկ մագաղաթը անասունի մորթէ կը շինուէր։

      b Օրինակ՝ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան հռչակագիրին ստորագրուած բնագիրը գրուած է մագաղաթի վրայ։ Հակառակ որ դեռ 250 տարի չէ անցած, ատիկա հիմա այնքա՛ն վնասուած է որ դիւրին–դիւրին չի կարդացուիր։

  • Սուրբ Գիրքը վերապրեցաւ հակառակութենէ
    Դիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 4
    • ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՒ

      Սուրբ Գիրքը վերապրեցաւ հակառակութենէ

      ՎՏԱՆԳԸ։ Շատ մը քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդներ ունէին ծրագիրներ, որոնք Սուրբ Գիրքի պատգամին հակառակ էին։ Շատ անգամներ, անոնք իրենց իշխանութիւնը գործածեցին, որպէսզի մարդիկը արգիլեն որ Սուրբ Գիրք ունենան, զայն ընդօրինակեն, տպեն կամ թարգմանեն։ Նկատի առ երկու օրինակ.

      • Շուրջ Ք.Ա. 167–ին։ Սելեւկեան թագաւորը՝ Անտիոքոս Եփիփանոս հրամայեց որ Եբրայերէն Գրութիւններուն բոլոր օրինակները փճացնեն։ Ան կը ջանար հրեաներուն վրայ յունական կրօնքը պարտադրել։ Պատմաբան Հայնրիխ Կրեթց գրեց, թէ անոր պաշտօնեաները «ո՛ւր որ Օրէնքին մագաղաթները գտնէին, զանոնք կը պատռէին եւ կ’այրէին։ Անոնք նաեւ կը սպաննէին ո՛վ որ զայն կարդալով զօրութիւն եւ մխիթարութիւն կը փնտռէր»։

      • Միջին դարեր։ Կարգ մը կաթողիկէ առաջնորդներ «հերետիկոս» (եկեղեցիին որոշ մէկ վարդապետութեան հակառակ) կը կոչէին ո՛վ որ լատիներէն Սաղմոսաց գիրքէն զատ Աստուածաշունչի ուրիշ գիրքեր ունէր։ Անոնք նեղացած էին որ անհատներ կը քարոզէին ինչ որ Սուրբ Գի՛րքը կ’ըսէ, փոխանակ կաթողիկէ վարդապետութիւնները քարոզելու։ Եկեղեցական խորհրդաժողով մը նոյնիսկ պատուիրեց որ իր մարդիկը «ժրաջանութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ յարատեւաբար փնտռեն հերետիկոսները. . . մտնելով բոլոր այն տուները եւ գետնին տակի սենեակները, որոնք կասկածի տակ են»։ Նաեւ ըսուեցաւ. «Այն տունը որուն մէջ հերետիկոս մը կը գտնուի, պէտք է քարուքանդ ըլլայ»։

      Եթէ Սուրբ Գիրքին թշնամիները յաջողէին զայն կործանել, ատոր պատգամը կ’ոչնչանար։

      Ուիլիամ Թինտէյլին անգլերէն Սուրբ Գիրքէն էջ մը

      Ուիլիամ Թինտէյլին անգլերէն Սուրբ Գիրքը վերապրեցաւ, հակառակ որ արգելք կար, Սուրբ Գիրքերը կ’այրուէին եւ Թինտէյլ սպաննուեցաւ՝ 1536–ին

      ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՒ։ Թէեւ Անտիոքոս թագաւորը փորձեց Իսրայէլի՛ մէջ Սուրբ Գրութիւնները փճացնել, բայց հրեաները արդէն ուրիշ երկիրներու մէջ համայնքներ կազմած էին։ Ուսումնականներ նոյնիսկ կ’ըսեն թէ Ք.Ե. առաջին դարուն, արդէն իսկ հրեաներուն աւելի քան 60 առ հարիւրը Իսրայէլէն դուրս կ’ապրէր։ Անոնք իրենց ժողովարաններուն մէջ ունէին Սուրբ Գրութիւններէն օրինակներ, ինչ որ ապագայ սերունդները շարունակեցին գործածել, մէջը ըլլալով քրիստոնեաները (Գործք 15։21)։

      Միջին դարերուն, Սուրբ Գիրքը սիրողները քաջ կեցան հալածանքին դիմաց, եւ շարունակեցին թարգմանել ու ընդօրինակել Սուրբ Գրութիւնները։ 15–րդ դարու կէսին, Սուրբ Գիրքէն մասեր արդէն իսկ թարգմանուած էին 33 լեզուներով, մինչ տակաւին շարժական տպագրամեքենան չէր հնարուած։ Բայց ետքը, Սուրբ Գիրքը սկսաւ որեւէ ժամանակէ աւելի արագ թարգմանուիլ եւ հրատարակուիլ։

      ԱՐԴԻՒՆՔԸ։ Հակառակ որ զօրաւոր թագաւորներ եւ կրօնական առաջնորդներ Սուրբ Գիրքը վտանգի մէջ դրին, ատիկա պատմութեան մէջ ամէնէն շատ տարածուած եւ թարգմանուած գիրքն է։ Ատիկա ազդած է կարգ մը երկիրներու օրէնքներուն եւ լեզուներուն, ինչպէս նաեւ միլիոնաւորներու կեանքին։

  • Սուրբ Գիրքը վերապրեցաւ՝ իր պատգամը փոխելու փորձերէ
    Դիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 4
    • Սուրբ Գիրքը ընդօրինակող մը կ’աշխատի

      Մազօրէթները ուշադրութեամբ ընդօրինակեցին Սուրբ Գրութիւնները

      ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՒ

      Սուրբ Գիրքը վերապրեցաւ՝ իր պատգամը փոխելու փորձերէ

      ՎՏԱՆԳԸ։ Դուրսի վտանգները, ինչպէս՝ փտութիւնն ու հակառակութիւնը, չեն կրցած Սուրբ Գիրքը ոչնչացնել։ Բայց անդին, կարգ մը ընդօրինակողներ եւ թարգմանիչներ փորձած են Սուրբ Գիրքին պատգամը փոխել։ Անոնք շատ մը առիթներով փորձած են Սուրբ Գիրքը յարմարցնել իրենց վարդապետութիւններուն, փոխանակ իրենց վարդապետութիւնները յարմարցնելու Սուրբ Գիրքին։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

      • Պաշտամունքի տեղ։ Ք.Ա. 4–էն 2–րդ դարերուն ընթացքին, Սամարական Հնգամատեանը գրողները Ելից 20։17–էն ետք աւելցուցին այս բառերը. «Գարիզին լեռը։ Եւ հոն պէտք է զոհասեղան մը շինես»։ Այսպիսով, սամարացիները այնպէս մը ըրին, որ Սուրբ Գրութիւններուն հիման վրայ շինած էին իրենց տաճարը Գարիզին լերան վրայ։

      • Երրորդութեան վարդապետութիւնը։ Սուրբ Գիրքը ամբողջովին գրուելէն 300 տարի չանցած, երրորդութեան հաւատացող գրող մը Ա. Յովհաննէս 5։7–ին մէջ աւելցուց այս բառերը. «Երկնքի մէջ. . . Հայրը, Բանը ու Սուրբ Հոգին եւ այս երեքը մէկ են»։ Բուն գրութեան մէջ այս նախադասութիւնը չկար։ Աստուածաշունչի ուսումնական Պրուս Մէցկըր կ’ըսէ, թէ «վեցերորդ դարէն սկսեալ»՝ այս բառերը «երթալէն աւելի յաճախ սկսան երեւիլ Հին լատիներէն–ի եւ Վուլկաթա–յի ձեռագիրներուն մէջ»։

      • Աստուծոյ անունը։ Աստուածաշունչի շատ մը թարգմանիչներ որոշեցին Աստուծոյ անունը հանել Սուրբ Գիրքէն, կռնակ առնելով հրէական նախապաշարումէ մը։ Անոնք անունին տեղ դրին տիտղոսներ, ինչպէս՝ «Աստուած» կամ «Տէր», որոնք Սուրբ Գիրքին մէջ կը կիրարկուին ոչ միայն Արարիչին, այլեւ՝ մարդոց, սուտ կրօնքի իրերու եւ նոյնիսկ Սատանային (Յովհաննէս 10։34, 35. Ա. Կորնթացիս 8։5, 6. Բ. Կորնթացիս 4։4)a։

      ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՒ։ Առաջին, թէեւ կարգ մը ընդօրինակողներ անհոգ եւ նոյնիսկ խաբեբայ էին, բայց բազմաթիւ ուրիշներ շատ վարպետ եւ բծախնդիր էին։ Ք.Ե. 6–էն 10–րդ դարերուն ընթացքին, մազօրէթները Եբրայերէն Գրութիւնները ընդօրինակեցին եւ իրենց գործը կոչուեցաւ՝ մազօրէթական բնագիր։ Կ’ըսուի թէ անոնք բառերն ու գիրերը կը համրէին, որպէսզի վստահ ըլլային որ սխալ մը չեղաւ։ Երբ տեսնէին թէ գլխաւոր գրութեան մէջ սխալներ կան, զանոնք լուսանցքին մէջ կը նշէին։ Մազօրէթները չէին ուզեր Սուրբ Գիրքին խօսքերուն հետ խաղալ։ Փրոֆէսոր Մոշէ Կոշըն–Կոթցդայն գրեց. «Իրենց համար, դիտմամբ ատոր մէջ փոփոխութիւններ մտցնելը ամէնէն գէշ ոճիրն էր»։

      Երկրորդ, այսօր մեծ թիւով ձեռագիրներ կան, որոնք Աստուածաշունչի ուսումնականներուն կ’օգնեն որ սխալները գտնեն։ Օրինակ՝ կրօնական առաջնորդները դարեր շարունակ սորվեցուցին, որ իրենց ունեցած լատիներէն Աստուածաշունչերուն գրութիւնը ճշգրիտ է։ Բայց անոնք Ա. Յովհաննէս 5։7–ին մէջ աւելցուցած էին վերը նշուած արտայայտութիւնը։ Այս սխալը անցած է հայերէն թարգմանութիւններու մէջ, ինչպէս՝ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ–ը։ Բայց երբ ուրիշ ձեռագիրներ գտնուեցան, ի՞նչ մէջտեղ ելաւ։ Պրուս Մէցկըր գրեց. «[Ա. Յովհաննէս 5։7–ի] աւելցուած արտայայտութիւնը չի գտնուիր բոլոր հին թարգմանութիւններուն մէջ (ասորերէն, ղպտերէն, հայերէն, եթովպերէն, արաբերէն, սլաւոներէն), բացի լատիներէնէն»։ Այս պատճառով, այժմ կան Սուրբ Գիրքեր՝ որոնց մէջ հանուած է այդ արտայայտութիւնը, ինչպէս՝ Նոր աշխարհաբար թարգմանութիւն (Անթիլիաս, 2001)։

      Չէսթըր Պիթի P46, պապիրոս մը՝ որուն վրայ Աստուածաշունչի գրութիւն կայ, գրուած շուրջ Ք.Ե. 200–ին

      Չէսթըր Պիթի P46, պապիրոս մը՝ որուն վրայ Աստուածաշունչի գրութիւն կայ, գրուած շուրջ Ք.Ե. 200–ին

      Աւելի հին ձեռագիրները կը փաստե՞ն որ Սուրբ Գիրքին պատգամը նոյնը մնացած է։ Երբ 1947–ին Մեռեալ ծովու մագաղաթները գտնուեցան, ուսումնականները վերջապէս կրնային եբրայերէն մազօրէթական բնագիրը բաղդատել՝ իրմէ աւելի քան 1000 տարի առաջ գրուած մագաղաթներու հետ։ Մեռեալ ծովու մագաղաթներուն խմբագրական յանձնախումբի անդամներէն մէկը եզրակացուց, որ մէկ մագաղաթ «անհերքելիօրէն կը փաստէ, որ հրեայ ընդօրինակողները ծայրաստիճան հաւատարմութեամբ եւ ուշադրութեամբ փոխանցած են Աստուածաշունչի գրութիւնը, աւելի քան հազար տարուան ընթացքին»։

      Իրլանտայի մայրաքաղաքին՝ Տապլինի մէջ, Չէսթըր Պիթիի գրադարանը կը ցուցադրէ պապիրոսներու հաւաքածոյ մը, որ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն գրեթէ բոլոր գիրքերը կը ներկայացնէ, մէջը ըլլալով՝ Ք.Ե. երկրորդ դարուն պատկանող ձեռագիրներ,– այսինքն՝ ամբողջ Սուրբ Գիրքը գրուելէն միայն շուրջ 100 տարի ետք։ Բառարան մը կ’ըսէ. «Թէեւ պապիրոսները շատ մը նոր տեղեկութիւններ կ’աւելցնեն գրութեան մանրամասնութիւններուն վրայ, բայց ատոնք նաեւ կը փաստեն որ Աստուածաշունչին գրութիւնը հոյակապ կայունութեամբ փոխանցուած է պատմութեան ընթացքին» (The Anchor Bible Dictionary)։

      «Վստահութեամբ կրնանք ըսել, որ չկայ ուրիշ որեւէ հին գրութիւն որ այսքա՛ն ճշգրտութեամբ փոխանցուած է»

      ԱՐԴԻՒՆՔԸ։ Սուրբ Գիրքի գրութիւնը ժամանակի ընթացքին ընդօրինակուելով աւելի լաւ եղած է՝ փոխանակ աւրուելու։ Սըր Ֆրետերիք Քէնյըն Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մասին գրեց. «Չկայ ուրիշ հնօրեայ գիրք մը որ այսքան հին եւ շատ վկայութիւն ունի իր գրութեան մասին։ Եւ չկայ չնախապաշարուած ուսումնական մը, որ կրնայ ուրանալ թէ մեր ձեռքերուն հասած գրութիւնը իրապէս վնասուած չէ»։ Իսկ Ուիլիամ Հենրի Կրին ուսումնականը Եբրայերէն Գրութիւններուն մասին ըսաւ. «Վստահութեամբ կրնանք ըսել, որ չկայ ուրիշ որեւէ հին գրութիւն որ այսքա՛ն ճշգրտութեամբ փոխանցուած է»։

      a Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին «Աստուծոյ անունը. այդ անուան գործածութիւնն ու նշանակութիւնը» յաւելուածը։ Ատիկա նաեւ կը գտնուի մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org/hy-latn։

  • Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ վերապրած է
    Դիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 4
    • Մարդ մը Սուրբ Գիրքը կը կարդայ

      ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՒ

      Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ վերապրած է

      Սուրբ Գիրքը իրապէս վերապրած է, եւ այս պատճառով այսօր կրնաս զայն ունենալ ու կարդալ։ Եւ եթէ լաւ թարգմանութիւն մը զատես, միտքդ կրնայ հանգիստ ըլլալ, որ բուն գրութիւններուն վստահելի մէկ օրինակը կը կարդասa։ Բայց Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ տոկացած է, հակառակ՝ փտութեան, հակառակութեան եւ դիտմամբ իր պատգամը փոխելու փորձերուն։ Խելք առնող պատմութիւններ կան, թէ ինչպէ՛ս վերապրած է։ Լաւ, այս գիրքը ինչո՞ւ այսքան յատուկ է։

      «Ես հիմա համոզուած եմ որ իմ ունեցած Սուրբ Գիրքս՝ Աստուծոյ կողմէ նուէր մըն է»

      Շատեր որոնք Սուրբ Գիրքը սերտեցին, սկսան Պօղոս առաքեալի կարծիքը ունենալ, որ գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Անոնք կը հաւատան որ Սուրբ Գիրքը վերապրած է, քանի որ Աստուծոյ յատուկ Խօսքն է եւ քանի որ Աստուած անձնապէս պահպանած է զայն մինչեւ մեր օրերը։ Ֆայսալ, որ այս յօդուածաշարքին առաջին յօդուածին մէջ նշուեցաւ, ի վերջոյ որոշեց Սուրբ Գիրքը սերտելով՝ անձա՛մբ տեսնել թէ իր լսածները ճիշդ են կամ ոչ։ Ան զարմացաւ իր գտածներուն վրայ։ Շատ չանցած, ան գիտցաւ որ քրիստոնէական աշխարհի շատ մը ուսուցումները՝ Սուրբ Գիրքին մէջ չկան։ Ասկէ զատ, անոր մարմինը փուշ–փուշ եղաւ, երբ Սուրբ Գիրքին մէջ կարդաց, թէ ի՛նչ է Աստուծոյ նպատակը երկրին նկատմամբ։

      Ան կ’ըսէ. «Ես հիմա համոզուած եմ որ իմ ունեցած Սուրբ Գիրքս՝ Աստուծոյ կողմէ նուէր մըն է։ Վերջ ի վերջոյ, եթէ Աստուած կարողութիւն ունի որ տիեզերքը ընէ, զօրութիւն չո՞ւնի որ գիրք մը տայ մեզի եւ զայն պահպանէ։ Եթէ ‘ո՛չ’ ըսենք, թեթեւի առած կ’ըլլանք Աստուծոյ զօրութիւնը,– Ամենակարողի՛ն զօրութիւնը։ Բայց ո՞վ եմ ես որ Աստուծոյ կարողութիւնը սահմանափակեմ» (Եսայի 40։8)։

      a Տե՛ս «Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուածաշունչի լաւ թարգմանութիւն մը զատել» յօդուածը, այս պարբերաթերթին 1 մայիս 2008 թիւին մէջ (անգլերէն)։

      Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուածաշունչը ճշգրիտ է

      Այս յօդուածաշարքը խօսեցաւ թէ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՛ս պահպանուած է։ Բայց ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ որ Սուրբ Գիրքը իրապէս ‘Աստուծո՛յ խօսքն է’ եւ ոչ թէ պարզապէս առասպելներու եւ հեքիաթներու հաւաքածոյ մը (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13)։ Դիտէ www.jw.org/hy-latn կայքին մէջ այս կարճ տեսաերիզը՝ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուածաշունչը ճշգրիտ է, որ կը գտնուի Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկին «Ուրախ լուրերը իրապէս Աստուծո՞յ կողմէ են» դասին մէջ (նայէ՝ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ԳԻՐՔԵՐ ԵՒ ԳՐՔՈՅԿՆԵՐ)։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել