Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • 1 Ինչո՞ւ
    Դիտարան 2010 | Նոյեմբեր 1
    • Աղօթք

      1 Ինչո՞ւ

      ԱՂՕԹՔ։ Քիչ են աստուածաշնչական այն նիւթերը, որոնք այսքան շատ հետաքրքրութիւն կ’արթնցնեն։ Նկատի առ աղօթքի մասին սովորաբար ուղղուած եօթը հարցում. ապա մեզի հետ քննէ Աստուածաշունչին հայթայթած պատասխանները։ Այս յօդուածները պատրաստուած են քեզի օգնելու որ աղօթես,– աղօթելու սկսիս կամ աղօթքներդ աւելի ազդու դարձնես։

      ԱՇԽԱՐՀԻ տարածքին, բոլոր մշակոյթներու եւ կրօնքներու մէջ, մարդիկ կ’աղօթեն։ Անոնք առանձին կամ խմբովին կ’աղօթեն։ Անոնք եկեղեցիներու, տաճարներու, սինակոկներու, մզկիթներու եւ սրբավայրերու մէջ կ’աղօթեն։ Անոնք թերեւս գործածեն աղօթքի յատուկ կարպետներ, վարդարաններ, աղօթքի անիւներ, սրբանկարներ, աղօթագիրքեր կամ կախուած խաւաքարտերու վրայ գրուած աղօթքներ։

      Աղօթքը մարդ արարածը կը զանազանէ երկրագունդին վրայ գտնուող միւս բոլոր արարածներէն։ Ճիշդ է որ մենք եւ անասունները հասարակաց շատ բաներ ունինք։ Անոնց նման, մենք ուտելիքի, օդի եւ ջուրի պէտք ունինք։ Անոնց նման, կը ծնինք, կ’ապրինք ու կը մեռնինք (Ժողովող 3։19)։ Բայց միայն մարդիկ կ’աղօթեն։ Ինչո՞ւ։

      Թերեւս ամենապարզ պատասխանը այն է՝ թէ աղօթքի կարիքը ունինք։ Ի վերջոյ, աղօթքը ընդհանրապէս կը սեպուի կերպ մը, որով մարդիկ կը հաղորդակցին հոգեղէն ծիրին հետ,– բանի մը հետ՝ զոր սրբազան ու յաւերժական կը նկատեն։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ մենք ստեղծուած ենք՝ այսպիսի բաներու հանդէպ տենչ ունենալով (Ժողովող 3։11)։ Անգամ մը Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (Մատթէոս 5։3, ՆԱ)։

      «Հոգեւոր կարիք»,– ուրիշ ի՞նչ կերպով կարելի է բացատրել այս բոլոր կրօնական կառոյցներն ու ձեռագործ իրերը եւ աղօթքներու յատկացուած անհամար ժամերը։ Անշուշտ, ոմանք իրենց անձին կ’ապաւինին կամ ուրիշներու կը դիմեն, հոգեւոր կարիքները գոհացնելու համար։ Սակայն, չե՞ս խորհիր թէ մարդիկ բաւարար օգնութիւն տալու մէջ սահմանափակ են։ Մենք շա՜տ տկար ու կարճատես ենք, իսկ մեր կեանքն ալ կարճատեւ է։ Միայն մեզմէ շա՜տ աւելի իմաստուն, աւելի զօրաւոր եւ աւելի մնայուն անձ մը կրնայ մեզի հարկ եղածը տալ։ Իսկ ճիշդ ի՞նչ են այդ հոգեւոր կարիքները, որոնք մեզ կը մղեն աղօթելու։

      Նկատի առ հետեւեալը. երբեք տենչացա՞ծ ես առաջնորդութեան, իմաստութեան կամ պատասխաններու, որոնք մարդկային գիտութենէն վեր են։ Երբեք կարիքը զգացա՞ծ ես մխիթարութեան՝ երբ ահռելի կորուստէ մը տառապած ես, առաջնորդութեան՝ երբ նեղացուցիչ որոշում մը դիմագրաւած ես, կամ ներումի՝ երբ յանցապարտութեամբ ջախջախուած ես։

      Աստուածաշունչին համաձայն, այդ բոլորը աղօթելու վաւերական պատճառներ են։ Աստուածաշունչը այս նիւթին շուրջ ամենավստահելի գիրքն է եւ կը բովանդակէ բազմաթիւ հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներու աղօթքները։ Անոնք աղօթքով խնդրեցին մխիթարութիւն, առաջնորդութիւն, ներում եւ ամենաբարդ հարցումներու պատասխաններ (Սաղմոս 23։3. 71։21. Դանիէլ 9։4, 5, 19. Ամբակում 1։3)։

      Այդ աղօթքները, այլազան ըլլալով հանդերձ, հասարակաց բան մը ունէին։ Իւրաքանչիւր աղօթող ունէր յաջող աղօթքի կենսական բանալի մը, որ ներկայ աշխարհին մէջ յաճախ կորսուած կամ անտեսուած է։ Անոնք գիտէին թէ աղօթքները որո՛ւ պէտք էր ուղղուէին։

  • 2 Որո՞ւ
    Դիտարան 2010 | Նոյեմբեր 1
    • Աղօթք

      2 Որո՞ւ

      ԲՈԼՈՐ աղօթքները նո՞յն տեղը կ’երթան, առանց նկատի առնելու թէ որո՛ւ կ’ուղղուին։ Ներկայ աշխարհին մէջ, այդպէս ենթադրելը յաճախ ժողովրդական է։ Այս գաղափարը շատերուն հաճելի է, որոնք միջդաւանական շարժումները կը նախընտրեն եւ կ’ուզեն որ բոլոր կրօնքները ընդունելի ըլլան, հակառակ անոնց տարբերութիւններուն։ Սակայն կարելի՞ է որ այս գաղափարը շիտակ չէ։

      Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ աղօթքներուն մեծամասնութիւնը սխալ հասցէի կ’ուղղուի։ Երբ Աստուածաշունչը կը գրուէր, սովորական էր որ մարդիկ իրենց աղօթքները քանդակուած արձաններու ուղղէին։ Այսուհանդերձ, Աստուած կրկին անգամ այդ սովորութեան դէմ ազդարարեց։ Օրինակ՝ Սաղմոս 115։4-6–ը կուռքերուն մասին կ’ըսէ. «Ականջներ ունին՝ բայց չեն լսեր»։ Կէտը յստակ է։ Ինչո՞ւ աղօթել աստուծոյ մը, որ բնաւ քեզ պիտի չլսէ։

      Աստուածաշնչական վառ պատմութիւն մը այդ կէտը կը մանրամասնէ։ Ճշմարիտ մարգարէն՝ Եղիա ասպարէզ կարդաց Բահաղի մարգարէներուն, որ իրենց աստուծոյն աղօթեն, ապա ինք իր Աստուծոյն պիտի աղօթէր։ Եղիա ըսաւ թէ ճշմարիտ Աստուածը պիտի պատասխանէր, իսկ կեղծը՝ ոչ։ Մարտահրաւէրը ընդունելով, Բահաղի մարգարէները երկար ու ջերմեռանդ աղօթքներ մատուցանեցին, նոյնիսկ բարձրաձայն աղաղակելով,– բայց ի զուր։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Պատասխան տուող չկար ու մտիկ ընող չկար» (Գ. Թագաւորաց 18։29)։ Սակայն Եղիայի հետ ի՞նչ պատահեցաւ։

      Եղիա աղօթելէ ետք, իր Աստուածը իսկոյն պատասխանեց՝ երկնքէն կրակ ղրկելով, իր պատրաստած ողջակէզը սպառելու համար։ Ի՞նչ էր տարբերութիւնը։ Գ. Թագաւորաց 18։36, 37–ի մէջ արձանագրուած Եղիայի աղօթքին մէջ էական բանալի մը կայ։ Անիկա շատ կարճ աղօթք մըն է,– Եբրայերէն բնագիրին մէջ միայն շուրջ 30 բառ։ Այսուհանդերձ, այդ քանի մը տողերուն մէջ, Եղիա երեք անգամ գործածեց Աստուծոյ անձնական անունը՝ Եհովա։

      Բահաղ, որ կը նշանակէ «սեփականատէր» կամ «տէր», քանանացիներուն աստուածն էր, եւ այս աստուծոյն բազմաթիւ տեղական տարբերակները կային։ Սակայն Եհովա անունը անզուգական է եւ տիեզերքի մէջ միայն մէկ Անձնաւորութեան կ’ակնարկէ։ Այս Աստուածը իր ժողովուրդին ըսաւ. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է. իմ փառքս ուրիշին չեմ տար» (Եսայի 42։8)։

      Եղիայի աղօթքը եւ Բահաղի մարգարէներուն աղօթքները նոյն տեղը գացի՞ն։ Բահաղի պաշտամունքը մարդիկը կը նուաստացնէր ծիսական պոռնկութեամբ եւ նոյնիսկ մարդկային զոհերով։ Միւս կողմէ, Եհովայի պաշտամունքը իր ժողովուրդը՝ իսրայէլը ազնուացուց, զիրենք այսպիսի նուաստացուցիչ սովորութիւններէ զերծ պահելով։ Ուստի պահ մը խորհէ. եթէ յատկապէս նամակ մը յղէիր մեծապէս յարգուած բարեկամի մը, պիտի ակնկալէի՞ր որ անիկա յանձնուէր մէկու մը, որ բարեկամիդ անունը չէր կրեր եւ որուն վատ համբաւը կը հակասէր բարեկամիդ բոլոր համոզումներուն։ Վստահաբար ո՛չ։

      Եհովայի աղօթելով, կ’աղօթես Ստեղծիչին՝ մարդկութեան Հօր։a Եսայի մարգարէն աղօթքի մը մէջ ըսաւ. «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, մեր Հայրն ես» (Եսայի 63։16)։ Ուրեմն ասիկա է Ան, որուն մասին Յիսուս Քրիստոս խօսեցաւ, երբ իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով եւ իմ Աստուծոյս քով ու ձեր Աստուծոյն քով» (Յովհաննէս 20։17)։ Եհովա Յիսուսի Հայրն է։ Ան այն Աստուածն է, որուն Յիսուս աղօթեց եւ իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ Անոր աղօթեն (Մատթէոս 6։9)։

      Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ՞ աղօթել Յիսուսի, Մարիամի, սուրբերու կամ հրեշտակներու։ Ո՛չ. այլ միա՛յն Եհովայի։ Նկատի առ երկու պատճառ։ Առաջին, աղօթքը պաշտամունքի ձեւ մըն է, եւ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ պաշտամունքը բացարձակապէս Եհովայի պէտք է մատուցանուի (Ելից 20։5)։ Երկրորդ, Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ Ան «աղօթքի լսող» տիտղոսը կը կրէ (Սաղմոս 65։2)։ Թէեւ Եհովա ուրիշներուն առատօրէն պատասխանատուութիւններ կու տայ, բայց ա՛յս պատասխանատուութիւնը երբեք մէկու մը չէ յանձնած։ Ան է այն Աստուածը, որ կը խոստանայ մեր աղօթքները անձամբ լսել։

      Ուստի, եթէ կ’ուզես որ Աստուած աղօթքներդ լսէ, մտաբերէ աստուածաշնչական սա յորդորը. «Ամէն ո՛վ որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի» (Գործք 2։21)։ Բայց Եհովա անպայմանօրէն բոլո՞ր աղօթքները կը լսէ, թէ ոչ կայ բան մը եւս, զոր պէտք է գիտնանք, եթէ կ’ուզենք որ մեր աղօթքները լսէ։

      [Ստորանիշ]

      a Կարգ մը կրօնական աւանդութիւններ կ’ըսեն, թէ Աստուծոյ անձնական անունը արտասանելը սխալ է՝ նոյնիսկ աղօթքի մէջ։ Սակայն, այդ անունը շուրջ 7000 անգամ կը նշուի Աստուածաշունչի բնագիրին մէջ, եւ շատ մը պարագաներուն՝ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն աղօթքներուն ու սաղմոսներուն մէջ։

      [Նկար՝ էջ 5]

      Եղիայի ասպարէզ կարդալը Բահաղի մարգարէներուն, ապացուցանեց թէ բոլոր աղօթքները նոյն տեղը չեն երթար

  • 3 Ինչպէ՞ս
    Դիտարան 2010 | Նոյեմբեր 1
    • Աղօթք

      3 Ինչպէ՞ս

      ԱՂՕԹՔԻ մարզին մէջ, բազմաթիւ կրօնական աւանդութիւններ շեշտը ֆիզիքական հարցերու վրայ կը դնեն, ինչպէս՝ մարմնի կեցուածք, շարադրութիւն եւ ծէս։ Սակայն Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ այսպիսի հարցեր մէկ կողմ դնելու եւ «Ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք» հարցումին աւելի կարեւոր երեսակներուն վրայ կեդրոնանալու։

      Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները զանազան վայրերու մէջ եւ մարմնի տարբեր կեցուածքներով աղօթեցին։ Պարագաներուն համաձայն, անոնք լռելեայն կամ բարձրաձայն աղօթեցին։ Անոնք երկինք նայելով կամ ծնրադրելով աղօթեցին։ Փոխանակ պատկերներ, վարդարաններ կամ աղօթագիրքեր գործածելու որպէս աղօթքի նպաստող իրեր, անոնք պարզապէս սրտանց եւ իրենց բառերով աղօթեցին։ Ի՞նչ բան անոնց աղօթքները ազդու դարձուց։

      Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ նշուեցաւ, անոնք իրենց աղօթքները ուղղեցին միայն մէկ Աստուծոյ՝ Եհովայի։ Ուրիշ կարեւոր ազդակ մըն ալ կայ։ Ա. Յովհաննէս 5։14–ի մէջ կը կարդանք. «Մենք համարձակութիւնը ունինք անոր քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի»։ Մեր աղօթքները Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ պէտք է ըլլան։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։

      Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ աղօթելու համար, հարկ է որ գիտնանք թէ ի՛նչ է իր կամքը։ Ուստի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը աղօթքին էական մէկ բաղադրատարրն է։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Աստուած պիտի մերժէ մեզ լսել, բացի եթէ Աստուածաշունչի ուսումնականներ ենք։ Ո՛չ, բայց Աստուած մեզմէ կ’ակնկալէ որ իր կամքը փնտռենք, ջանանք զայն հասկնալ եւ անոր համաձայն գործենք (Մատթէոս 7։21-23)։ Մեր սորվածին հետ ներդաշնակ պէտք է աղօթենք։

      Մինչ Եհովայի եւ իր կամքին մասին կը սորվինք, կ’աճի մեր հաւատքը,– աղօթքին մէջ այլ էական ազդակ մը։ Յիսուս ըսաւ. «Ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով կը խնդրէք, պիտի առնէք» (Մատթէոս 21։22)։ Հաւատքը դիւրախաբութիւն չի նշանակեր։ Փոխարէն, անիկա կը նշանակէ հաւատալ բանի մը, որ անտեսանելի ըլլալով հանդերձ, իրեն թիկունք կը կանգնին շատ զօրաւոր ապացոյցներ (Եբրայեցիս 11։1)։ Աստուածաշունչը լեցուն է ապացոյցներով, թէ Եհովա՝ զոր չենք կրնար տեսնել՝ իրական է, վստահելի է, եւ յօժար է իրեն հաւատացողներուն աղօթքներուն պատասխանելու։ Ասկէ զատ, միշտ կրնանք յաւելեալ հաւատք խնդրել, եւ Եհովա կը սիրէ մեզի հարկ եղածը տալ (Ղուկաս 17։5. Յակոբոս 1։17)։

      Ինչպէ՛ս աղօթելու առնչութեամբ, ահաւասիկ յաւելեալ կարեւոր երեսակ մը։ Յիսուս ըսաւ. «Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհաննէս 14։6)։ Ուստի, Յիսուսի միջոցաւ է որ Հօր՝ Եհովայի՝ կը մօտենանք։ Հետեւաբար, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ իր անունով աղօթեն (Յովհաննէս 14։13. 15։16)։ Ասիկա չի նշանակեր թէ Յիսուսի պէտք է աղօթենք։ Փոխարէն, Յիսուսի անունով կ’աղօթենք, յիշելով թէ Յիսուսի շնորհիւ է որ կրնանք մեր կատարեալ ու սուրբ Հօր մօտենալ։

      Յիսուսի ամենամտերիմ հետեւորդները անգամ մը իրմէ խնդրեցին. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր» (Ղուկաս 11։1)։ Բացայայտօրէն, անոնք մեր այս քննարկած հիմնական բաներուն մասին չէին հարցներ։ Անոնք իրապէս կ’ուզէին գիտնալ բովանդակութեան մասին,– խորքին մէջ՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ բանի մասին պէտք է աղօթենք’։

      [Մէջբերում՝ էջ 6]

      Ազդու աղօթքները Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ են, հաւատքով կը մատուցանուին ու Յիսուսի անունով կը ներկայացուին

  • 4 Ինչի՞ մասին
    Դիտարան 2010 | Նոյեմբեր 1
    • Աղօթք

      4 Ինչի՞ մասին

      ԱՆԻԿԱ ամենաշատ կրկնուած քրիստոնէական աղօթքը կոչուած է։ Ասիկա ճիշդ է կամ ոչ, Յիսուսի տիպար աղօթքը,– երբեմն կոչուած՝ տէրունական աղօթքը կամ Հայր մերը,– վստահաբար մեծապէս սխալ հասկցուած աղօթք մըն է։ Միլիոնաւորներ ամէն օր զայն անգիր կ’արտասանեն, թերեւս օրը քանի մը անգամ։ Բայց Յիսուս երբեք ըսել չուզեց որ աղօթքը այդ կերպով գործածուի։ Ինչպէ՞ս գիտենք։

      Այդ աղօթքը տալէ առաջ, Յիսուս ըսաւ. «Երբ աղօթք կ’ընէք, հեթանոսներուն պէս շատախօս մի՛ ըլլաք» (Մատթէոս 6։7)։ Ան սկսա՞ւ իր անձին հակասել, գոց սորվելիք ու կրկնուելիք շարք մը խօսքեր տալով։ Վստահաբար ո՛չ։ Փոխարէն, Յիսուս մեզի կը սորվեցնէր թէ ի՛նչ բանի մասին պէտք է աղօթենք՝ ի մտի ունենալով նախապատուութիւններու յստակ ցանկ մը։ Այժմ իր ըսածներուն վրայ մօտէն ակնարկ մը նետենք։ Աղօթքը արձանագրուած է Մատթէոս 6։9-13–ի մէջ։

      «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ»։

      Յիսուս այս կերպով իր հետեւորդներուն յիշեցուց, թէ բոլոր աղօթքները պէտք է ուղղուին իր Հօր՝ Եհովայի։ Բայց գիտե՞ս թէ Աստուծոյ անունը ինչո՛ւ այսքան կարեւոր է եւ ինչո՛ւ պէտք է սրբացուի։

      Մարդկային պատմութեան սկիզբէն ի վեր, Աստուծոյ սրբազան անունին վրայ սուտեր կուտակուած են։ Աստուծոյ թշնամին՝ Սատանան, Եհովան կոչած է ստախօս, անձնասէր Կառավարիչ մը՝ որ Իր ստեղծագործութիւնները ղեկավարելու իսկական իրաւասութիւն չունի (Ծննդոց 3։1-6)։ Շատեր Սատանայի կողքին դիրք բռնած են, սորվեցնելով թէ Աստուած անտարբեր, անգութ ու ոխակալ է, կամ բոլորովին ուրանալով թէ Ան է Ստեղծիչը։ Ոմանք նոյնիսկ Անոր անունին վրայ յարձակում կատարած են, Եհովա անունը Աստուածաշունչի թարգմանութիւններէն վերցնելով եւ անոր գործածութիւնը արգիլելով։

      Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Աստուած այս բոլոր անիրաւութիւնները պիտի սրբագրէ (Եզեկիէլ 39։7)։ Ասիկա ընելով, ան նաեւ նկատի պիտի առնէ բոլոր կարիքներդ ու խնդիրներդ։ Ինչպէ՞ս։ Յիսուսի աղօթքին մէջ յաջորդ խօսքերը պատասխանը կու տան։

      «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։

      Ներկայիս, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին շատ շփոթութիւն կայ կրօնական ուսուցիչներու մէջ։ Բայց ինչպէս որ Յիսուսի ունկնդիրները գիտէին, Աստուծոյ մարգարէները հինուց նախագուշակած էին թէ Մեսիան,– Աստուծմէ ընտրուած Փրկիչ մը,– պիտի ստանձնէր Թագաւորութիւն մը, որ աշխարհը պիտի փոխէր (Եսայի 9։6, 7. Դանիէլ 2։44)։ Այդ Թագաւորութիւնը Աստուծոյ անունը պիտի սրբացնէ, Սատանայի սուտերը քօղազերծելով եւ ապա՝ զինք եւ իր բոլոր գործերը կործանելով։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վերջ պիտի դնէ պատերազմին, հիւանդութեան, սովին,– նոյնիսկ մահուան (Սաղմոս 46։9. 72։12-16. Եսայի 25։8. 33։24)։ Երբ կ’աղօթես որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ, կ’աղօթես որ այդ բոլոր խոստումները իրականանան։

      «Քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։

      Յիսուսի խօսքերը կը թելադրեն, որ Աստուծոյ կամքը երկրի վրայ անպայման պիտի կատարուի՝ ինչպէս որ կը կատարուի երկնքի մէջ, ուր Աստուած կը բնակի։ Աստուծոյ կամքին ոչինչ արգելք հանդիսացած է երկինքի մէջ. հոն, Աստուծոյ Որդին Սատանայի եւ անոր գումարտակներուն դէմ պատերազմ մղեց ու զանոնք դէպի երկիր վտարեց (Յայտնութիւն 12։9-12)։ Տիպար աղօթքին այս երրորդ խնդրանքը, առաջին երկուքին նման, մեզի կ’օգնէ կեդրոնացած մնալու ամենակարեւոր բանին վրայ,– Աստուծոյ կամքը, եւ ոչ թէ մեր կամքը։ Անո՛ր կամքն է որ ամբողջ ստեղծագործութեան համար միշտ մեծագոյն բարիքները կը բերէ։ Ուստի, նոյնիսկ կատարեալ մարդը՝ Յիսուս՝ իր Հօր ըսաւ. «Ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ» (Ղուկաս 22։42)։

      «Մեր ամէն օրուան հացը այսօր ալ մեզի տուր»։

      Ապա Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ կրնանք աղօթել նաեւ մեր անձնական հարցերուն մասին։ Սխալ չէ Աստուծոյ աղօթել մեր առօրեայ ու գործնական կարիքներուն մասին։ Իրականութեան մէջ, ասիկա ընելը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Եհովան է որ «կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան» (Գործք 17։25)։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ ան սիրառատ ծնող մըն է, որ ուրախութեամբ իր զաւակներուն կու տայ ինչ որ պէտք ունին։ Սակայն, բարի ծնողի մը նման, ան պիտի չշնորհէ խնդրանքներ, որոնք անոնց լաւագոյն շահերուն չեն ծառայեր։

      «Մեզի ներէ մեր պարտքերը»։

      Իրապէս Աստուծոյ պարտք մը ունի՞ս։ Իր ներումին կարիք ունի՞ս։ Ներկայիս շատեր մեղքին իրականութեան ու լրջութեան չեն գիտակցիր։ Բայց Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ մեր ամենագէշ խնդիրներուն արմատը մեղքն է, քանի որ մարդոց մահուան հիմնական պատճառն է։ Մեղաւոր ծնած ըլլալով, բոլորս ալ յաճախ մեղք կը գործենք, եւ մնայուն ապագայի մը համար մեր միակ յոյսը կախեալ է Աստուծոյ ներումէն (Հռովմայեցիս 3։23. 5։12. 6։23)։ Թարմացուցիչ է գիտնալ, թէ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես» (Սաղմոս 86։5)։

      «Չարէն մեզ ազատէ»։

      Կը գիտակցի՞ս թէ ո՜րքան հրատապ եւ անհրաժեշտ է որ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը ունենաս։ Շատեր բոլորովին կը մերժեն հաւատալ թէ ‘չարը’, Սատանան, գոյութիւն ունի։ Բայց Յիսուս սորվեցուց թէ Սատանան իրական է, նոյնիսկ զայն կոչելով «այս աշխարհին իշխանը» (Յովհաննէս 12։31. 16։11)։ Սատանան ապականած է այս աշխարհը, զոր իր հակակշռին տակ առած է, եւ սաստիկ փափաք ունի քեզ ալ ապականելու եւ թոյլ չտալու, որ Հօրդ՝ Եհովայի հետ սերտ փոխյարաբերութիւն մը զարգացնես (Ա. Պետրոս 5։8)։ Սակայն, Եհովա Սատանայէն շա՜տ աւելի զօրաւոր է եւ Զինք սիրողները ուրախութեամբ կը պաշտպանէ։

      Յիսուսի տիպար աղօթքին գլխաւոր կէտերուն սոյն ամփոփումը, աղօթքի յարմար եղող բոլոր նիւթերը չի ծածկեր։ Մտաբերէ թէ Ա. Յովհաննէս 5։14–ը Աստուծոյ մասին կ’ըսէ. «Ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի»։ Ուստի մի՛ մտահոգուիր, թէ խնդիրներդ ա՛յնքան աննշան են, որ չ’արժեր անոնց մասին Աստուծոյ աղօթել (Ա. Պետրոս 5։7)։

      Սակայն ի՞նչ կրնանք ըսել ժամանակին ու վայրին մասին։ Տարբերութիւն կ’ընէ՞ թէ ե՛րբ եւ ո՛ւր կ’աղօթենք։

  • 5 Ժամանակն ու վայրը կարեւո՞ր են
    Դիտարան 2010 | Նոյեմբեր 1
    • Աղօթք

      5 Ժամանակն ու վայրը կարեւո՞ր են

      ԱՆԿԱՍԿԱԾ, նկատած ես թէ կազմակերպուած կրօնքներուն մեծամասնութիւնը շեշտը կը դնէ շքեղ աղօթատուներու վրայ եւ աղօթքներ մատուցանելու մասնայատուկ ժամեր կը սահմանէ։ Աստուածաշունչը կը սահմանափակէ՞ մեր աղօթքները որոշ վայրերու եւ ժամանակներու։

      Աստուածաշունչը ցոյց կու տա՛յ թէ աղօթելու յարմար առիթներ կան։ Օրինակ՝ իր հետեւորդներուն հետ ուտելէ առաջ, Յիսուս աղօթքով Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեց (Ղուկաս 22։17)։ Եւ երբ իր աշակերտները պաշտամունքի համար հաւաքուեցան, անոնք միասնաբար աղօթեցին։ Այսպէս, անոնք շարունակեցին սովորութիւն մը, որ երկար ատենէ կը կատարուէր հրէական ժողովարաններու եւ Երուսաղէմի տաճարին մէջ։ Աստուած մտադրած էր որ տաճարը ‘աղօթքի տուն ըլլար բոլոր ազգերուն’ (Մարկոս 11։17)։

      Երբ Աստուծոյ ծառաները քով–քովի գալով կ’աղօթեն, անոնց աղերսանքները կրնան ազդու ըլլալ։ Աստուած կը հաճի, եթէ խումբը հոգիով միացած է եւ իրենց ի նպաստ մատուցուած աղօթքը աստուածաշնչական սկզբունքներ կ’արտացոլացնէ։ Աղօթքը կրնայ նոյնիսկ Զինք մղել ընելու ի՛նչ որ այլապէս պիտի չընէր (Եբրայեցիս 13։18, 19)։ Եհովայի վկաները իրենց ժողովներուն մէջ կանոնաւորաբար կ’աղօթեն։ Սիրով հրաւիրուած ես ամենամօտ Թագաւորութեան սրահը գալու եւ այսպիսի աղօթքներ անձամբ լսելու։

      Սակայն Աստուածաշունչը չի սահմանափակեր աղօթքը որեւէ մասնայատուկ ժամանակի կամ վայրի։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ ծառաները որեւէ ատեն եւ որեւէ տեղ կ’աղօթէին։ Յիսուս ըսաւ. «Երբ աղօթք կ’ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ ու դուռդ գոցէ եւ աղօթք ըրէ քու Հօրդ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ» (Մատթէոս 6։6)։

      Ասիկա հրապուրիչ հրաւէր մը չէ՞։ Արդարեւ, կրնա՛ս տիեզերքի Գերիշխանին մօտենալ որեւէ ատեն, բոլորովին առանձին, եւ վստահ ըլլալ թէ քեզի ուշադրութիւն պիտի դարձնէ։ Ուստի զարմանալի չէ որ Յիսուս յաճախ ջանաց առանձին ըլլալ, որպէսզի աղօթէր։ Անգամ մը, ան ամբողջ գիշերը անցուց Աստուծոյ աղօթելով, բացայայտօրէն՝ չափազանց կարեւոր որոշումի մը համար առաջնորդութիւն խնդրելով (Ղուկաս 6։12, 13)։

      Աստուածաշունչի արձանագրութեան մէջ, այլ տղամարդիկ ու կիներ աղօթեցին, երբ ծանրակշիռ որոշումներ կամ ճնշիչ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեցին։ Անոնք աղօթեցին՝ երբեմն բարձրաձայն եւ երբեմն լռելեայն, խմբովին կամ առանձին։ Կարեւորը այն է՝ թէ անոնք աղօթեցին։ Աստուած նոյնիսկ կը հրաւիրէ իր ծառաները, որ ‘անդադար աղօթք ընեն’ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17)։ Ան պատրաստ է անվերջ մտիկ ընելու անոնց, որոնք իր կամքը կը կատարեն։ Ասիկա սիրալիր հրաւէր մը չէ՞։

      Անշուշտ, ներկայ անպատկառ աշխարհին մէջ, շատեր աղօթքին գործնական արժէքին մասին հարց կու տան։ Թերեւս հարցնես. ‘Անիկա ինծի իրապէս պիտի օգնէ՞’։

      [Մէջբերում՝ էջ 9]

      Կրնանք որեւէ ատեն եւ ամէնուրեք աղօթել

  • 6 Պիտի օգնէ՞
    Դիտարան 2010 | Նոյեմբեր 1
    • Աղօթք

      6 Պիտի օգնէ՞

      ԱՂՕԹԵԼԸ որեւէ օգուտ կը բերէ՞ մեզի։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ այո՛, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն աղօթքները իրապէս իրենց օգուտ կը բերեն (Ղուկաս 22։40. Յակոբոս 5։13)։ Իրականութեան մէջ, աղօթելը կրնայ հոգեւորապէս, զգացականօրէն եւ նոյնիսկ ֆիզիքապէս շատ օգտակար ըլլալ։ Ինչպէ՞ս։

      Ենթադրենք որ ունիս զաւակ մը, որուն նուէր մը տրուեցաւ։ Անոր պիտի սորվեցնէի՞ր թէ երախտապարտ զգալը բաւարար է, թէ ոչ պիտի սորվեցնէիր որ արտայայտէ իր երախտագիտութիւնը։ Երբ կարեւոր զգացումներ բառերով արտայայտենք, զանոնք լուսարձակի տակ կ’առնենք ու նոյնիսկ կը զօրացնենք։ Նոյնը կը կիրարկուի՞ Աստուծոյ հետ խօսելուն։ Անտարակոյս։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

      Շնորհակալութեան աղօթքներ։ Երբ մեր Հօր շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր վայելած բարիքներուն համար, մեր օրհնութիւններուն վրայ կը կեդրոնանանք։ Որպէս արդիւնք, աւելի երախտապարտ, երջանիկ ու դրական կրնանք զգալ (Փիլիպպեցիս 4։6)։

      Օրինակ. Յիսուս երախտագիտութիւն յայտնեց այն կերպին համար, որով իր Հայրը իր աղօթքները լսեց եւ անոնց պատասխանեց (Յովհաննէս 11։41)։

      Ներում խնդրելու աղօթքներ։ Աստուծմէ ներում խնդրելով, մեր խղճմտանքը կը զօրացնենք, մեր զղջումը կը խորացնենք ու մեղքին լրջութեան նկատմամբ մեր գիտակցութիւնը կ’աւելցնենք։ Նաեւ յանցապարտութեան բեռէն կը հանգստանանք։

      Օրինակ. Դաւիթ աղօթեց, որպէսզի իր զղջումն ու վիշտը արտայայտէ (Սաղմոս 51)։

      Առաջնորդութեան եւ իմաստութեան համար աղօթքներ։ Եհովայէ խնդրելը որ մեզ առաջնորդէ կամ մեզի շնորհէ շիտակ որոշումներ կայացնելու հարկ եղած իմաստութիւնը, կրնայ մեզի օգնել իսկապէս խոնարհ ըլլալու։ Անիկա մեզի կրնայ յիշեցնել մեր սահմանափակումները եւ օգնել, որ մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր վստահութիւնը կերտենք (Առակաց 3։5, 6)։

      Օրինակ. Իսրայէլի վրայ իշխելու համար, Սողոմոն խոնարհաբար առաջնորդութիւն եւ իմաստութիւն խնդրեց (Գ. Թագաւորաց 3։5-12)։

      Նեղութեան աղօթքներ։ Եթէ Աստուծոյ առջեւ մեր սիրտը պարպենք, երբ զգացական տառապանքի մէջ ենք, մեր սիրտը պիտի հանդարտի եւ պիտի ապաւինինք Եհովայի, քան՝ մեր անձին (Սաղմոս 62։8)։

      Օրինակ. Ասա թագաւոր աղօթեց, երբ վախազդու թշնամի մը դիմագրաւեց (Բ. Մնացորդաց 14։11)։

      Կարօտեալներու բարօրութեան համար աղօթքներ։ Այսպիսի աղօթքներ մեզի կ’օգնեն անձնասիրութեան դէմ պայքարելու եւ կարեկցութեան ու ողորմութեան մէջ աճելու։

      Օրինակ. Յիսուս իր հետեւորդներուն ի նպաստ աղօթեց (Յովհաննէս 17։9-17)։

      Փառաբանութեան աղօթքներ։ Երբ Եհովան կը փառաբանենք իր սքանչելի գործերուն ու յատկութիւններուն համար, իրեն հանդէպ մեր յարգանքն ու գնահատութիւնը պիտի աճին։ Այսպիսի աղօթքներ կրնան նաեւ մեզի օգնել, որ մեր Աստուծոյն ու Հօր աւելի մօտենանք։

      Օրինակ. Դաւիթ ջերմօրէն Աստուած փառաբանեց իր ստեղծագործութեան համար (Սաղմոս 8)։

      Աղօթքի առնչուած այլ օրհնութիւն մըն է՝ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (Փիլիպպեցիս 4։7)։ Այս տագնապալից աշխարհին մէջ անդորրութիւն գտնելը՝ արդարեւ հազուադէպ օրհնութիւն մըն է։ Անիկա նոյնիսկ ֆիզիքական օգուտներ ունի (Առակաց 14։30)։ Բայց անիկա պարզապէս մեր անձնական ջանքերո՞վ ձեռք կը ձգուի, թէ ոչ աւելի կարեւոր բան մը պարփակուած է։

      [Մէջբերում՝ էջ 10]

      Աղօթքը կը բերէ բազմաթիւ օգուտներ,– ֆիզիքական, զգացական եւ, ամէն բանէ առաջ, հոգեւոր

  • 7 Աստուած պիտի լսէ եւ պատասխանէ՞
    Դիտարան 2010 | Նոյեմբեր 1
    • Աղօթք

      7 Աստուած պիտի լսէ եւ պատասխանէ՞

      ՎԵՐՈՆՇԵԱԼ հարցումը շատ ոգեւորիչ ու հետաքրքրական է։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ ներկայիս Եհովա մտիկ կ’ընէ աղօթքները։ Թէ ան մեր աղօթքները մտիկ կ’ընէ՛ կամ ոչ, մեծաւ մասամբ կախեալ է մեզմէ։

      Յիսուս դատապարտեց ժամանակակից կրօնական առաջնորդները, որոնք կեղծաւորաբար կ’աղօթէին. անոնք միայն իրենց բարեպաշտութիւնը ցուցադրելով հետաքրքրուած էին։ Ան ըսաւ թէ այսպիսիներ «իրենց վարձքը» պիտի առնէին, այն իմաստով որ անոնք պիտի ստանային միայն ի՛նչ որ շատ կ’ուզէին,– մարդոց ուշադրութիւնը,– եւ ոչ թէ ի՛նչ որ պէտք ունէին,– Աստուծոյ լսող ականջը (Մատթէոս 6։5)։ Նմանապէս այսօր, շատեր կ’աղօթեն իրե՛նց կամքին համաձայն եւ ոչ թէ՝ Աստուծոյ։ Մեր քննարկած աստուածաշնչական սկզբունքները անտեսելով, անոնք Աստուծմէ չեն լսուիր։

      Սակայն ի՞նչ կրնայ ըսուիլ քու մասիդ։ Աստուած աղօթքներդ պիտի լսէ եւ պատասխանէ՞։ Պատասխանը կախեալ չէ ցեղէդ, ազգութենէդ կամ ընկերային մակարդակէդ։ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35)։ Այս խօսքերը քեզ կը նկարագրե՞ն։ Եթէ Աստուծմէ կը վախնաս, ուրեմն զինք խորապէս կը յարգես ու զինք տհաճեցնելէ կը զգուշանաս։ Իսկ արդարութիւն գործելը կը նշանակէ, թէ կը ջանաս ընել այն ինչ որ Աստուած կ’ըսէ թէ շիտակ է, փոխանակ քու կամքիդ կամ ուրիշ մարդոց կամքին հետեւելու։ Իրապէս կ’ուզե՞ս որ Աստուած աղօթքներդ մտիկ ընէ։ Այս ուղղութեամբ, Աստուածաշունչը կ’օգնէ որ նպատակակէտիդ հասնիս։a

      Անշուշտ, շատեր կ’ուզեն որ Աստուած հրաշքով մը իրենց աղօթքներուն պատասխանէ։ Սակայն նոյնիսկ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Աստուած քիչ անգամ այսպիսի հրաշքներ գործեց։ Արձանագրուած իրարայաջորդ երկու հրաշքներու միջեւ երբեմն դարեր անցան։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ առաքեալներուն օրերէն ետք, հրաշքներու դարաշրջանը վերջ գտաւ (Ա. Կորնթացիս 13։8-10)։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Աստուած ներկայիս աղօթքներու չի պատասխաներ։ Բնա՛ւ երբեք։ Նկատի առ կարգ մը աղօթքներ, որոնց ան կը պատասխանէ։

      Աստուած իմաստութիւն կը շնորհէ։ Եհովա իսկական իմաստութեան ծայրագոյն Աղբիւրն է։ Ան առատաձեռնօրէն զայն կը բաժնէ անոնց հետ, որոնք իր առաջնորդութիւնը կ’ուզեն ու կը ջանան անոր համաձայն ապրիլ (Յակոբոս 1։5)։

      Աստուած կու տայ իր սուրբ հոգին եւ անոր բոլոր օգուտները։ Սուրբ հոգին Աստուծոյ գործօն ուժն է։ Անկէ աւելի զօրաւոր ոյժ մը չկայ։ Անիկա կրնայ մեզի օգնել փորձութիւններու տոկալու եւ մեզ խաղաղութեամբ լեցնել, երբ խռոված ենք։ Անիկա կրնայ օգնել, որ այլ գեղեցիկ եւ ախորժելի յատկութիւններ մշակենք (Գաղատացիս 5։22, 23)։ Յիսուս իր հետեւորդները հաւաստիացուց, թէ Աստուած այս պարգեւը առատաձեռնօրէն կու տայ (Ղուկաս 11։13)։

      Աստուած զինք սրտանց փնտռողները կը լուսաւորէ (Գործք 17։26, 27)։ Աշխարհի տարածքին, կան անհատներ՝ որոնք անկեղծօրէն ճշմարտութիւնը կը փնտռեն։ Անոնք կ’ուզեն գիտնալ Աստուծոյ մասին,– ի՛նչ է անոր անունը, ի՛նչ է անոր նպատակը երկրին ու մարդկութեան նկատմամբ, ինչպէ՛ս կրնան անոր մօտենալ (Յակոբոս 4։8)։ Եհովայի վկաները յաճախ այսպիսի մարդոց կը հանդիպին եւ ուրախութեամբ կը ներկայացնեն աստուածաշնչական պատասխանները անոնց հարցումներուն։

      Այս պարբերաթերթը ձեռք ձգելուդ պատճառը ա՞յդ է։ Աստուած կը փնտռե՞ս։ Թերեւս այս կերպով է որ ան կը պատասխանէ աղօթքիդ։

      [Ստորանիշ]

      a Ինչպէ՛ս աղօթելու եւ Աստուծմէ լսուելու մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 17–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել