-
Ինչո՞ւ կ’արժէ Սուրբ Գիրքը կարդալԴիտարան (հանրամատչելի) 2017 | Թիւ 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԱՒԵԼԻ ՕԳՏՈՒԻԼ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ
Ինչո՞ւ կ’արժէ Սուրբ Գիրքը կարդալ
«Կը կարծէի որ Սուրբ Գիրքը շատ դժուար է որ հասկնամ» (Ճուվի)։
«Կը զգայի որ կարդալը ձանձրանալի պիտի ըլլայ» (Քուիննի)։
«Երբ նայեցայ Սուրբ Գիրքին հաստութեան, կարդալու ախորժակս գնաց» (Էզէքյէլ)։
Օրին մէկը մտածա՞ծ ես Սուրբ Գիրքը կարդալու մասին, բայց ետքը վազ անցած ես այդպիսի պատճառներու համար։ Սուրբ Գիրքը կարդալու գաղափարը շատերը կը վախցնէ։ Լաւ, ի՞նչ կ’ընես եթէ քեզի ըսուի որ Սուրբ Գիրքը կ’օգնէ որ աւելի ուրախ եւ գոհունակ կեանք մը ապրիս, ինչպէս նաեւ ըսուի որ կրնաս զայն աւելի հետաքրքրական կերպերով կարդալ։ Այս պարագային, կը փափաքի՞ս տեսնել թէ Սուրբ Գիրքին մէջ ի՛նչ գրուած է։
Նկատի առ միայն քանի մը անհատներու ըսածները, որոնք օգուտներ քաղեցին երբ սկսան Սուրբ Գիրքը կարդալ։
Էզէքյէլ, որ 20–ական տարիքին սկիզբն է, կ’ըսէ. «Առաջ, կը նմանէի մէկու մը որ ինքնաշարժ կը քշէ առանց գիտնալու թէ ո՛ւր կ’երթայ։ Բայց Սուրբ Գիրքը կարդալը ինծի օգնած է որ կեանքս իմաստ ունենայ։ Ատոր մէջ կան գործնական խրատներ որ կրնամ ամէն օր գործածել»։
Ֆրիտա, որ ինքն ալ 20–ական տարիքին մէջն է, կը բացատրէ. «Առաջ, շատ շուտ կը ջղայնանայի։ Բայց Սուրբ Գիրքը սորվեցուցած է որ ինքզինքս զսպեմ։ Ասիկա ձգած է որ մարդիկ հետս լեզու գտնեն, եւ հիմա աւելի բարեկամներ ունիմ»։
Եունըս անունով կին մը, որ 50–ական տարիքին մէջն է, Սուրբ Գիրքին մասին կ’ըսէ. «Ատիկա ինծի կ’օգնէ որ աւելի լաւ անձ մը դառնամ եւ գէշ սովորութիւններս փոխեմ»։
Այս անհատները եւ միլիոնաւոր ուրիշներ տեսած են որ Սուրբ Գիրքը կարդալը կ’օգնէ աւելի հաճելի կեանք մը ապրելու (Եսայի 48։17, 18)։ Ատիկա շատ մը բաներու մէջ կրնայ քեզի օգնել, ինչպէս՝ 1) լաւ որոշումներ առնել, 2) իսկական բարեկամներ ունենալ, 3) խնդիրներուն հետ գլուխ ելլել եւ 4) ամէնէն լաւագոյնը՝ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Սուրբ Գիրքին խրատները Աստուծոյ կողմէ են. ուրեմն եթէ ատոնց հետեւիս, բնա՛ւ սխալած չես ըլլար, քանի որ Աստուած բնա՛ւ սխալ խրատ չի տար։
Կարեւորը այն է որ սկսի՛ս կարդալ։ Ի՞նչ բաներ քեզի կրնան օգնել որ աւելի դիւրութեամբ եւ հաճոյք առնելով սկսիս կարդալ։
-
-
Ինչպէ՞ս կրնամ սկսիլԴիտարան (հանրամատչելի) 2017 | Թիւ 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԱՒԵԼԻ ՕԳՏՈՒԻԼ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ
Ինչպէ՞ս կրնամ սկսիլ
Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ Սուրբ Գիրքը կարդալէն հաճոյք առնես եւ լաւագոյն կերպով օգտուիս։ Նկատի առ այս հինգ քայլերը, որ շատերու օգնած են։
Լաւ միջավայր մը ստեղծէ։ Փորձէ հանդարտ տեղ մը գտնել։ Խանգարող բաները հեռու պահէ որպէսզի կարենաս կեդրոնանալ։ Եթէ բաւարար լոյս եւ մաքուր օդ կայ, ասիկա քեզի կ’օգնէ որ լաւագոյն կերպով օգտուիս կարդացածէդ։
Ճիշդ կեցուածքով կարդա՛։ Սուրբ Գիրքը մեր երկնաւոր Հօր կողմէն է։ Ուրեմն, եթէ կարդաս այն կեցուածքով որ պզտիկ մը կ’ունենայ երբ պատրաստ կ’ըլլայ իր սիրալիր հօրմէն սորվելու, այն ատեն ամէնէն շատ պիտի օգտուիս։ Եթէ որեւէ գէշ կարծիք կազմած ես Սուրբ Գիրքին մասին առաջ որ զայն կարդաս, փորձէ զայն մէկ կողմ դնել, որպէսզի Աստուած կարենայ քեզի սորվեցնել (Սաղմոս 25։4)։
Առաջ որ կարդաս, աղօթէ՛։ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած են Աստուծոյ խօսքերը։ Ուրեմն, հասկնալու համար իր օգնութեան պէտք ունինք։ Ան կը խոստանայ որ «Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկաս 11։13)։ Սուրբ հոգին քեզի կ’օգնէ որ Աստուծոյ մտածելակերպը հասկնաս։ Ժամանակի ընթացքին, ատիկա քեզի պիտի օգնէ որ նոյնիսկ «Աստուծոյ խորունկ բաները» հասկնաս (Ա. Կորնթացիս 2։10)։
Հասկնալու նպատակով կարդա՛։ Կարդալու սիրոյն մի՛ կարդար։ Կարդացածիդ մասին մտածէ։ Դուն քեզի այսպիսի հարցումներ հարցուր. ‘Այս անձը որուն մասին կը կարդամ, ի՞նչ յատկութիւններ ունի։ Ինչպէ՞ս կրնամ ասիկա գործադրել կեանքիս մէջ’։
Մասնայատուկ նպատակակէտեր դի՛ր։ Որպէսզի օգտուիս կարդալէն, նպատակդ թող ըլլայ՝ բան մը սորվիլ որ կեանքդ աւելի լաւ պիտի դարձնէ։ Կրնաս այսպիսի նպատակակէտեր դնել. ‘Կ’ուզեմ Աստուծոյ մասին աւելին գիտնալ’, ‘Կ’ուզեմ աւելի լաւ անձ մը, ամուսին մը կամ կին մը ըլլալ’։ Ետքը կարդա՛ Սուրբ Գիրքին այն մասերը որ քեզի պիտի օգնեն նպատակակէտերուդ հասնելուa։
Այս հինգ քայլերը քեզի պիտի օգնեն որ սկսիս կարդալ։ Բայց ինչպէ՞ս կրնաս կարդալդ աւելի հետաքրքրական դարձնել։ Յաջորդ յօդուածը պիտի խօսի ասոր մասին։
a Եթէ չես գիտեր թէ Սուրբ Գիրքին ո՛ր մասերը ամէնէն յարմարն են որ դրած նպատակակէտերուդ հասնիս, Եհովայի վկաները ամենայն ուրախութեամբ քեզի կրնան օգնել։
-
-
Կարդալը ինչպէ՞ս հետաքրքրական կը դառնայԴիտարան (հանրամատչելի) 2017 | Թիւ 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԱՒԵԼԻ ՕԳՏՈՒԻԼ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ
Կարդալը ինչպէ՞ս հետաքրքրական կը դառնայ
Սուրբ Գիրքը կարդալը քեզի համար ի՞նչ է. ձանձրանալի՞, թէ՞ թարմացուցիչ։ Կախում ունի թէ ի՛նչ կեցուածքով կը կարդաս։ Տեսնենք թէ ի՛նչ կրնաս ընել որպէսզի կարդալը աւելի հաճելի ըլլայ։
Զատէ՛ վստահելի եւ հիմակուան լեզու ունեցող թարգմանութիւն մը։ Եթէ կարդացածիդ մէջ կան շատ մը դժուար կամ հին բառեր որ չես գիտեր, շատ հաւանաբար հաճոյքով չկարդաս։ Ուրեմն փնտռէ Սուրբ Գիրք մը որ դիւրին լեզու կը գործածէ եւ սրտիդ կը հասնի։ Բայց միեւնոյն ատեն, ատիկա պէտք է բծախնդրութեամբ եւ ճշգրտութեամբ թարգմանուած ըլլայa։
Արհեստագիտութիւնը գործածէ։ Այսօր, Սուրբ Գիրքը կը գտնուի ոչ միայն տպուած ձեւով, այլեւ՝ թուանշային ձեւով։ Կրնաս կարգ մը Սուրբ Գիրքեր առցանց կարդալ, կամ զանոնք բեռնել որպէսզի կարդաս համակարգիչիդ, թապլեթիդ կամ հեռաձայնիդ վրայ։ Կարգ մը թարգմանութիւններ ունին յաւելեալ գործիքներ, որոնք կը ձգեն որ նոյն նիւթին մասին ուրիշ համարներ կարդաս կամ նոյնիսկ այլ թարգմանութիւններ իրարու հետ բաղդատես։ Եթէ կարդալէ աւելի կը նախընտրես լսել, նաեւ կրնաս գտնել ձայնագրուած Սուրբ Գիրքեր։ Շատեր կը սիրեն մտիկ ընել, մինչ հանրային փոխադրամիջոցներ կը գործածեն, լուացք կ’ընեն, ճաշ կը պատրաստեն կամ կ’ընեն բան մը որ թոյլ կու տայ որ միեւնոյն ատեն թէ՛ աշխատին եւ թէ մտիկ ընեն։ Կրնաս փորձել այս կերպերէն մէկը որ քեզի յարմար է։
Գործածէ բաներ որ կ’օգնեն Սուրբ Գիրքը սերտելու։ Այս միջոցները քեզի կ’օգնեն որ կարդացածդ աւելի հասկնաս։ Կան Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած շրջաններուն քարտէսները, որոնք քեզի պիտի օգնեն որ կարդացած տեղերդ գտնես քարտէսին վրայ եւ պատմութիւնները աւելի հասկնաս։ Կան նաեւ յօդուածներ որոնք քեզի կ’օգնեն որ հասկնաս Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած շատ մը բաներ։ Այս պարբերաթերթին կամ jw.org/hy-latn կայքին մէջ կրնաս գտնել այսպիսի յօդուածներ։
Տարբեր շարքաւորումով կարդա՛։ Եթէ աչքիդ կու գայ Սուրբ Գիրքը կողքէ կողք կարդալ, կրնաս սկսիլ քեզ հետաքրքրող բաժին մը կարդալ։ Եթէ կ’ուզես գիտնալ Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած հռչակաւոր մարդոց մասին, կրնաս անհատներուն մասին մէկ առ մէկ կարդալ։ Օրինակ մը տրուած է «Սուրբ Գիրքին խորքը մտիր, իր նշած անձերուն մասին գիտնալով» շրջանակին մէջ։ Կամ թերեւս կ’ուզես Սուրբ Գիրքը կարդալ ըստ նիւթերուն կամ դէպքերուն շարքաւորումով։ Կ’ուզե՞ս ատոնցմէ մէկը փորձել
a Շատեր տեսած են թէ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ճշգրիտ, վստահելի եւ հաճելի է։ Այս Սուրբ Գիրքը, որ հրատարակուած է Եհովայի վկաներուն կողմէ, թարգմանուած է աւելի քան 130 լեզուներով։ Կրնաս զայն բեռնել jw.org կայքէն կամ ալ բեռնել JW Library էփը։ Իսկ եթէ կը նախընտրես տպուած օրինակ մը ստանալ տանդ մէջ, Եհովայի վկաները պատրաստ են զայն բերելու։
-
-
Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս կրնայ կեանքս լաւացնելԴիտարան (հանրամատչելի) 2017 | Թիւ 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԱՒԵԼԻ ՕԳՏՈՒԻԼ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ
Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս կրնայ կեանքս լաւացնել
Սուրբ Գիրքը պարզ գիրք մը չէ։ Ատոր մէջ կան մեր Ստեղծիչին խրատները (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Ատոր պատգամը կրնայ շատ ազդել մեզի։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ» (Եբրայեցիս 4։12)։ Ատիկա մեր կեանքը երկու գլխաւոր կերպերով կը լաւացնէ. մեր ամէնօրեայ կեանքին նկատմամբ ուղղութիւններ կու տայ եւ մեզի կ’օգնէ որ Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին գիտնանք (Ա. Տիմոթէոս 4։8. Յակոբոս 4։8)։
Հիմա կեանքդ կը լաւացնէ։ Սուրբ Գիրքը կ’օգնէ անձնական հարցերուդ մէջ։ Ատիկա գործնական խրատ կու տայ հետեւեալին մասին։
Ուրիշներուն հետ փոխյարաբերութիւնները (Եփեսացիս 4։31, 32. 5։22, 25, 28, 33)։
Զգացական եւ ֆիզիքական առողջութիւն (Սաղմոս 37։8. Առակաց 17։22)։
Բարոյական չափանիշներ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10)։
Դրամական հարցեր (Առակաց 10։4. 28։19. Եփեսացիս 4։28)a։
Ասիոյ մէջ երիտասարդ զոյգ մը Սուրբ Գիրքին խրատներուն արժէքը մեծապէս գիտցաւ։ Անոնք շատ մը նոր ամուսնացած զոյգերու պէս դժուարութիւն ունէին որ իրարու բնաւորութիւններուն վարժուին եւ իրարու հետ միշտ հաղորդակցին։ Բայց անոնք սկսան Սուրբ Գիրքէն իրենց կարդացածները գործադրել։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ամուսինը՝ Վիսէնդ կ’ըսէ. «Սուրբ Գիրքէն կարդացածներս ինծի օգնած են որ սիրալիր կերպով վարուիմ երբ մեր ամուսնութեան մէջ հարցեր ծագին։ Սուրբ Գիրքին ըսածները գործադրելով՝ մեր կեանքը ուրախ դարձած է»։ Կինը՝ Էննըլու կը համաձայնի իրեն հետ. «Մեզի օգնեցին՝ Սուրբ Գիրքին մէջ անհատներու օրինակները։ Հիմա մեր ամուսնութիւնը եւ նպատակները ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կու տան ինծի»։
Աստուած ճանչնալ։ Վիսէնդ նաեւ կ’ըսէ. «Սուրբ Գիրքը կարդալով՝ հիմա շատ աւելի մօտիկ եմ Եհովային քան առաջ»։ Վիսէնդի ըսածին մէջ կարեւոր կէտ մը կայ. Սուրբ Գիրքը քեզի կ’օգնէ որ Աստուած ճանչնաս։ Այսպիսով ոչ միայն Իր խրատէն պիտի օգտուիս, այլեւ՝ ան քու բարեկամդ պիտի դառնայ։ Նաեւ պիտի տեսնես որ ան աւելի լաւ ապագայ մը կը խոստանայ, երբ պիտի վայելես իսկական կեանքը որ յաւիտեան պիտի տեւէ (Ա. Տիմոթէոս 6։19)։ Ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք կրնայ այս յոյսը տալ։
Դուն ալ կրնաս այս օգուտները քաղել, եթէ սկսիս Սուրբ Գիրքը կարդալ եւ չյանձնուիլ։ Այսպիսով, թէ՛ կեանքդ պիտի լաւանայ եւ թէ Աստուած պիտի ճանչնաս։ Բայց շատ հաւանաբար հարցումներ պիտի ունենաս մինչ Սուրբ Գիրքը կը կարդաս։ Այս պարագային ըրէ ինչ որ եթովպիացի պալատականը ըրաւ 2000 տարի առաջ։ Ան Սուրբ Գիրքին նկատմամբ շատ հարցումներ ունէր։ Յիսուսի աշակերտներէն մէկը՝ Փիլիպպոս, իրեն հարցուց թէ արդեօք իր կարդացածը կը հասկնա՞ր։ Ան պատասխանեց. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ»b։ Ետքը Փիլիպպոս, որ Սուրբ Գիրքը լաւ գիտէր, իրեն օգնեց որ հասկնայ (Գործք 8։30, 31, 34)։ Եթէ դուն ալ կ’ուզես Սուրբ Գիրքին մասին աւելին գիտնալ, քեզ կը քաջալերենք որ խնդրանքդ ղրկես համացանցի միջոցաւ՝ www.pr418.com/hy-latn կայքը գործածելով, կամ ալ այս պարբերաթերթին նշած ամէնէն մօտիկ հասցէին նամակ մը գրես։ Նաեւ կրնաս շրջանիդ մէջ ապրող Եհովայի վկաներուն հետ կապ պահել կամ քեզի մօտ եղող Թագաւորութեան սրահ մը այցելել։ Ի՞նչ կ’ըսես եթէ այսօր սկսիս Սուրբ Գիրքը կարդալ եւ թոյլ տալ որ քեզի օգնէ աւելի լաւ կեանք մը ունենալու։
Եթէ հարց կու տաս թէ արդեօք կրնա՞ս Սուրբ Գիրքին լման վստահիլ, հաճիս դիտէ այս կարճ տեսաերիզը՝ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուածաշունչը ճշգրիտ է։ Կրնաս զայն գտնել բանալով www.pr418.com/hy-latn/հրատարակութիւններ/տեսաերիզներ։
a Տե՛ս մեր կայքը՝ jw.org, որպէսզի գործնական ուրիշ խրատներ ալ տեսնես։ Նայէ՛ անգլերէնով՝ BIBLE TEACHINGS > BIBLE QUESTIONS ANSWERED։
b Նաեւ տե՛ս այս պարբերաթերթին մէջ՝ «Պարզապէս պզտիկ սխալ հասկացողութի՞ւն մըն է» յօդուածը։
-