Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Աստուած սիրելու պայքարը
    Դիտարան 2013 | Նոյեմբեր 1
    • [Նկարներ՝ էջ 3]

      ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՏ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՄԱՐԴԻԿԸ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԿԸ ՀԵՌԱՑՆԵՆ

      Աստուած սիրելու պայքարը

      «‘Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ’։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը» (Յիսուս Քրիստոս, Ք.Ե. 33)a։

      Ոմանք կը դժուարին Աստուած սիրել։ Իրենց համար, Աստուած խորհուրդ է, մարդոցմէ հեռու է կամ նոյնիսկ անգութ է։ Նկատի առ հետեւեալ արտայայտութիւնները.

      • «Աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն խնդրեցի, բայց միեւնոյն ժամանակ զգացի թէ ան ինձմէ հեռու է, նոյնիսկ՝ անհասանելի։ Ինծի համար, Աստուած վերացական էակ մըն էր, առանց որեւէ զգացումի» (Մարքօ, Իտալիա)։

      • «Թէեւ անկեղծօրէն կ’ուզէի Աստուծոյ ծառայել, բայց ան ինծի հեռու կը թուէր։ Խորհեցայ որ ան կոշտ ու կոպիտ Աստուած է, որ միայն կը պատժէ։ Չէի հաւատար թէ ան ջերմ զգացումներ ունի» (Ռոզա, Կուաթեմալա)։

      • «Երբ փոքր էի, կը հաւատայի որ Աստուած միայն մեր սխալները կը փնտռէ եւ պատրաստ է մեզ պատժելու, եթէ ատոր արժանի ենք։ Յետագային, զինք անտարբեր նկատեցի։ Աստուած կը նմանցնէի վարչապետի մը, որ ժողովուրդին հարցերը ձեռք կ’առնէ, բայց իսկապէս անոնցմով հետաքրքրուած չէ» (Ռէյմոնտ, Քանատա)։

      Դարեր շարունակ շատեր հարց տուած են, թէ արդեօք Աստուած կը սիրուի՞։ Լաւ, դուն ի՞նչ կը խորհիս։ Իրականութեան մէջ, Միջին դարերուն քրիստոնէական աշխարհի հպատակներուն մեծամասնութիւնը նոյնիսկ Ամենակալ Աստուծոյ չէր աղօթեր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդիկ անոր հանդէպ հիւանդագին վախ ունէին։ Պատմաբան Ուիլ Տիւրանթ ըսաւ. «Ինչպէ՞ս կրնար մեղաւոր մը համարձակօրէն աղօթել վախազդու եւ հեռաւոր Աստուծոյ մը»։

      Աստուած ինչպէ՞ս «վախազդու եւ հեռաւոր» սկսաւ նկատուիլ։ Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվիլը կրնա՞յ քեզի օգնել որ զինք սիրես։

      a Մատթէոս 22։37, 38

  • Սուտ 1. Աստուած անուն չունի
    Դիտարան 2013 | Նոյեմբեր 1
    • [Նկար՝ էջ 4]

      ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՏ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՄԱՐԴԻԿԸ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԿԸ ՀԵՌԱՑՆԵՆ

      Սուտ 1. Աստուած անուն չունի

      ԻՆՉ ՈՐ ՇԱՏԵՐ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆ։

      «Չենք համաձայնած թէ արդեօք Աստուած ‘անձնական’ անուն ունի՛ կամ ոչ, եւ եթէ այո՛, այդ անունը ի՛նչ կրնայ ըլլալ» (փրոֆէսոր Տէյվիտ Քանինկհէմ, Theological Studies)։

      ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ։

      Աստուած ըսաւ. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է» (Եսայի 42։8)։ «Եհովա» եբրայերէն անուն է, որ կը նշանակէ՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ» (Ելից 3։14)։

      Եհովան կ’ուզէ որ իր անունը գործածենք։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Անոր անո՛ւնը կանչեցէք, անոր գործերը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք, յիշեցէ՛ք թէ անոր անունը բարձր է» (Եսայի 12։4)։

      Յիսուս Աստուծոյ անունը գործածեց։ Ան աղօթքով Եհովայի ըսաւ. «Քու անունդ անոնց [աշակերտներուն] ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ»։ Յիսուս ինչո՞ւ աստուածային անունը իր աշակերտներուն յայտնի ըրաւ։ Ան շարունակեց. «Որպէս զի այն սէրը, որով դուն զիս սիրեցիր, անոնց մէջ ըլլայ ու ես ալ անոնց մէջ» (Յովհաննէս 17։26)։

      ՀԱՐՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ։

      Աստուածաբան Ուոլթըր Լորի գրեց. «Աստուած Իր անունով չճանչցող անհատը, իրապէս Զինք որպէս անձնաւորութիւն չի ճանչնար, եւ Զինք չի կրնար սիրել՝ եթէ կը հաւատայ որ պարզապէս անդէմ ոյժ է»։

      Աստուծոյ անձնական անունը ծածկելը կամ փոխարինելը կը նմանի զայն Աստուածաշունչէն անջատելուն

      Վիքթոր անունով տղամարդ մը ամէն շաբաթ եկեղեցի կ’երթար, բայց չէր զգար որ իրապէս Աստուած կը ճանչնայ։ Ան կ’ըսէ. «Յետոյ գիտցայ թէ Աստուծոյ անունը Եհովա է։ Ասիկա զինք իրապէս ճանչնալու առաջին քայլն էր։ Զգացի թէ վերջապէս ծանօթացայ Անոր՝ որուն մասին շատ բան լսած էի։ Սկսայ զինք իրական անձ նկատել եւ իրեն հետ բարեկամութիւն զարգացնել»։

      Եհովան իր կարգին կը մօտենայ անոնց, որոնք իր անունը կը գործածեն։ Իր «անուան վրայ մտածողներուն» Աստուած կը խոստանայ. «Անոնց պիտի խնայեմ, ինչպէս մարդ մը կը խնայէ իր որդիին, որ իրեն ծառայութիւն կ’ընէ» (Մաղաքիա 3։16, 17)։ Աստուած նաեւ իր անունը կանչողները կը վարձատրէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի» (Հռովմայեցիս 10։13)։

  • Սուտ 2. Աստուած խորհուրդ է
    Դիտարան 2013 | Նոյեմբեր 1
    • [Նկար՝ էջ 5]

      ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՏ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՄԱՐԴԻԿԸ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԿԸ ՀԵՌԱՑՆԵՆ

      Սուտ 2. Աստուած խորհուրդ է

      ԻՆՉ ՈՐ ՇԱՏԵՐ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆ։

      Քրիստոնէական կրօնքը «իր երեք գլխաւոր ճիւղերով՝ կաթողիկէութիւն, ուղղափառութիւն եւ բողոքականութիւն, կ’ընդունի թէ Աստուած մէկ է, բայց բաղկացած է երեք անձերէ. Հայրը Աստուած է, Որդին Աստուած է եւ Սուրբ Հոգին Աստուած է։ Ըստ քրիստոնէական աստուածաբանութեան, ասիկա չի նշանակեր թէ երեք աստուածներ կան, այլ՝ թէ այս երեքը մէկ Աստուած են» (The New Encyclopædia Britannica)։

      ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ։

      Յիսուս բնաւ չդաւանեցաւ թէ Աստուծոյ հաւասար էր կամ Աստուծոյ նոյն բնոյթը ունէր։ Փոխարէն ան ըսաւ. «Ես Հօրը քով կ’երթամ, վասն զի իմ Հայրս ինձմէ մեծ է» (Յովհաննէս 14։28)։ Ան նաեւ իր հետեւորդներէն մէկուն ըսաւ. «Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով եւ իմ Աստուծոյս քով ու ձեր Աստուծոյն քով» (Յովհաննէս 20։17)։

      Սուրբ հոգին անձ չէ։ Նախկին քրիստոնեաները «Սուրբ Հոգիով լեցուեցան», եւ Եհովան ըսաւ. «Իմ Հոգիէս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ» (Գործք 2։1-4, 17)։ Սուրբ հոգին Երրորդութեան մաս չի կազմեր։ Անիկա Աստուծոյ գործօն ուժն է։

      ՀԱՐՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ։

      Կաթողիկէ ուսումնականներ՝ Գարլ Ռահնըր եւ Հէրպէրթ Վորկրիմլըր կը բացատրեն, թէ Երրորդութիւնը «առանց յայտնութեան կարելի չէ գիտնալ եւ յայտնութենէն ետքն իսկ կարելի չէ լիովին ըմբռնել զայն»։ Իրապէս կրնա՞ս անհասկնալի անձնաւորութեան տէր անհատ մը սիրել։ Ուրեմն, Երրորդութեան վարդապետութիւնը արգելք կը հանդիսանայ որ Աստուած ճանչնանք ու սիրենք։

      Մարքոն, որ նախապէս նշուեցաւ, Երրորդութիւնը խոչընդոտ կը սեպէր։ Ան կ’ըսէ. «Կարծեցի որ Աստուած իր ինքնութիւնը ինձմէ կը պահէ, եւ ասիկա պատճառ դարձաւ որ զինք հեռաւոր, խորհրդաւոր եւ անմատչելի նկատեմ»։ Բայց Աստուած «խռովութեան Աստուած չէ» (Ա. Կորնթացիս 14։33)։ Ան իր ինքնութիւնը մեզմէ չէ պահած եւ կ’ուզէ որ զինք ճանչնանք։ Յիսուս ըսաւ. «Մենք անոր երկրպագութիւն կ’ընենք, որը կը ճանչնանք» (Յովհաննէս 4։22)։

      «Երբ գիտցայ որ Աստուած Երրորդութիւն մը չէ, վերջապէս կրցայ իրեն հետ անձնական փոխյարաբերութիւն հաստատել», կ’ըսէ Մարքոն։ Եթէ Եհովան իւրայատուկ անձ նկատենք, քան խորհրդաւոր օտար մը, շատ աւելի դիւրին է զինք սիրել։ «Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Ա. Յովհաննէս 4։8)։

  • Սուտ 3. Աստուած անգութ է
    Դիտարան 2013 | Նոյեմբեր 1
    • [Նկար՝ էջ 6]

      ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՏ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՄԱՐԴԻԿԸ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԿԸ ՀԵՌԱՑՆԵՆ

      Սուտ 3. Աստուած անգութ է

      ԻՆՉ ՈՐ ՇԱՏԵՐ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆ։

      «Մահացու մեղքով մեռնողներուն հոգին անմիջապէս դժոխք կ’երթայ, ուր կը տառապին ‘յաւիտենական կրակի’ պատիժով» (Catechism of the Catholic Church)։ Կարգ մը կրօնական առաջնորդներ կ’ըսեն, թէ դժոխքը Աստուծմէ ամբողջովին անջատուելու վիճակ մըն է։

      ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ։

      «Մեռելները բան մը չեն գիտեր» (Ժողովող 9։5)։ Եթէ մեռելները անգիտակից վիճակի մէջ են, ինչպէ՞ս կրնան «յաւիտենական կրակ»ի մէջ տառապիլ կամ նոյնիսկ Աստուծմէ մշտնջենապէս անջատուելու ցաւը զգալ։

      Աստուածաշունչին մէջ, «դժոխք» թարգմանուած եբրայերէն եւ յունարէն բառերը կ’ակնարկեն մարդկութեան հասարակաց գերեզմանին։ Օրինակ, երբ Յոբ հիւանդութենէ կը տառապէր, աղօթեց. «Երանի՜. . . դժոխքին մէջ ծածկէիր ու պահէիր զիս» (Յոբ 14։13, ԱԾ)։ Յոբ ուզեց հանգստանալ, ոչ թէ չարչարանքի վայրի մէջ, կամ ալ Աստուծմէ հեռու գտնուելով, այլ՝ գերեզմանին մէջ։

      ՀԱՐՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ։

      Անգթութիւնը մեզ Աստուծոյ չի մօտեցներ, այլ՝ կը հեռացնէ։ Մեքսիքայի մէջ ապրող Ռոսիօ անունով կին մը կ’ըսէ. «Մանկութենէս ինծի սորվեցուցին դժոխքի կրակի վարդապետութիւնը։ Ա՛յնքան վախցայ, որ չէի կրնար երեւակայել որ Աստուած լաւ յատկութիւններ ունի։ Խորհեցայ թէ ան բարկացկոտ եւ անհանդուրժող անձնաւորութիւն ունի»։

      Աստուծոյ դատաստաններուն եւ մեռելներուն վիճակին մասին Աստուածաշունչի յստակ բացատրութիւնները փոխեցին Ռոսիոյի տեսակէտը։ «Զգացի թէ ազատ եմ, զգացական հսկայ բեռ մը ուսէս իջաւ։ Սկսայ վստահիլ թէ Աստուած մեզի համար լաւագոյնը կ’ուզէ, մեզ կը սիրէ եւ թէ ես ալ կրնամ զինք սիրել։ Ան կը նմանի հօր մը, որ իր զաւակներուն ձեռքէն կը բռնէ եւ իրենց համար լաւագոյնը կ’ուզէ» (Եսայի 41։13)։

      Շատեր ջանացած են աստուածավախ դառնալ, քանի որ դժոխքի կրակէն կը սարսափին։ Բայց Աստուած չ’ուզեր որ մարդիկ իրեն ծառայեն, պարզապէս քանի որ իրմէ կը վախնան։ Փոխարէն, Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես» (Մարկոս 12։29, 30)։ Ասկէ զատ, երբ գիտակցինք թէ Աստուած ներկայիս անարդարօրէն չի վարուիր, կրնանք նաեւ իր ապագայ դատաստաններուն հանդէպ վստահութիւն ունենալ։ Յոբի բարեկամին՝ Եղիուսի նման, կրնանք վստահօրէն ըսել. «Աստուած անօրէնութիւն չ’ըներ ու Ամենակարողը դատը չի ծռեր» (Յոբ 34։12)։

  • Ճշմարտութիւնը կրնայ քեզ ազատել
    Դիտարան 2013 | Նոյեմբեր 1
    • [Նկար՝ էջ 7]

      ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՏ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՄԱՐԴԻԿԸ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԿԸ ՀԵՌԱՑՆԵՆ

      Ճշմարտութիւնը կրնայ քեզ ազատել

      Օր մը Երուսաղէմի մէջ, Յիսուս իր Հօր՝ Եհովային մասին կը խօսէր եւ ժամանակակից կրօնական առաջնորդները կը քօղազերծէր (Յովհաննէս 8։12-30)։ Ինչ որ այդ առիթով ըսաւ, մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս քննել Աստուծոյ վերաբերեալ այժմու հաւատալիքները։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհաննէս 8։31, 32)։

      «Խօսքիս մէջ կենաք»։ Հոս Յիսուս չափանիշ կը դնէ քննելու, թէ կրօնական ուսուցումները «ճշմարտութիւն» են կամ ոչ։ Երբ Աստուծոյ մասին արտայայտութիւն մը լսես, դուն քեզի հարց տուր. ‘Ասիկա Յիսուսի խօսքերուն եւ մնացեալ Սուրբ Գրութիւններուն հետ ներդաշնա՞կ է’։ Ընդօրինակէ զանոնք, որոնք Պօղոս առաքեալը լսելով՝ «ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները [իրենց սորվածները] ճի՞շդ են» (Գործք 17։11)։

      Մարքոն, Ռոզան եւ Ռէյմոնտը, որոնք այս յօդուածաշարքին առաջին յօդուածին մէջ նշուեցան, Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով՝ ուշադրութեամբ քննեցին իրենց հաւատալիքները։ Իրենց սորված բաներուն նկատմամբ ինչպէ՞ս զգացին։

      Մարքօ. «Աստուածաշունչի ուսուցիչը Սուրբ Գիրքը գործածեց, պատասխանելու համար իմ ու կնոջս բոլոր հարցումներուն։ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը սկսաւ աճիլ, ինչպէս նաեւ որպէս կողակիցներ իրարու աւելի՛ մօտեցանք»։

      Ռոզա. «Սկիզբը, խորհեցայ թէ Աստուածաշունչը պարզապէս փիլիսոփայական գիրք մըն է, որ կը ջանայ մարդկային տրամաբանութեամբ Աստուած բացատրել։ Բայց կամաց–կամաց իմ հարցումներուս պատասխանները Աստուածաշունչին մէջ գտայ։ Հիմա, Եհովան ինծի համար իրական է. Անձ մը՝ որուն կրնամ վստահիլ»։

      Ռէյմոնտ. «Աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն խնդրեցի, որ իրեն մասին սորվիմ։ Շատ չանցած, ամուսինս եւ ես սկսանք Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ի վերջոյ, Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը սորվեցանք։ Շա՜տ ուրախացանք՝ գիտնալով թէ ան ինչպիսի՛ Աստուած է»։

      Աստուածաշունչը Աստուծոյ առնչութեամբ սուտեր քօղազերծելէն աւելի՛ն կ’ընէ,– անոր հոյակապ յատկութիւններուն մասին ճշմարտութիւնը կը յայտնէ։ Անիկա Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքն է, եւ մեզի կ’օգնէ որ «ճանչնանք այն բաները որոնք Աստուծմէ տրուեցան մեզի» (Ա. Կորնթացիս 2։12)։ Աստուծոյ, կեանքի նպատակին եւ մեր ապագային մասին բազմաթիւ սովորական բայց կարեւոր հարցումներ կան։ Ինչո՞ւ անձամբ չսորվիս թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչը կրնայ անոնց պատասխանել։ Կրնաս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն խնդրել մեր կայքէջին միջոցաւ՝ www.jw.org/hy-latn կամ Եհովայի վկայէ մը։ Վստահ ենք որ այսպէս ընելով՝ պիտի նկատես որ Աստուած սիրելը դժուար չէ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել