Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Բոլո՞ր «քրիստոնեաները» քրիստոնեայ են
    Դիտարան 2012 | Մայիս 1
    • Բոլո՞ր «քրիստոնեաները» քրիստոնեայ են

      ՀԱՄԱՅՆ աշխարհի մէջ, քանի՞ քրիստոնեայ կայ։ Ըստ հրատարակութեան մը (Atlas of Global Christianity), 2010–ին, անոնց թիւը գրեթէ 2,3 միլիառ էր։ Սակայն նոյն հրատարակութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ այդ քրիստոնեաները աւելի քան 41,000 յարանուանութիւններու կը պատկանին,– իւրաքանչիւրը իր անձնական վարդապետութիւնները եւ վարքի կանոնները ունենալով։ Այս բազմաթիւ «քրիստոնէական» կրօնքները նկատելով, հասկնալի է որ կարգ մը դիտորդներ շփոթին կամ հիասթափին։ Անոնք թերեւս հարց տան. ‘Բոլո՞ր դաւանեալ քրիստոնեաները իրապէս քրիստոնեայ են’։

      Հարցը ուրիշ անկիւնէ դիտենք։ Սովորաբար, ճամբորդէ մը կը պահանջուի որ սահմանի պաշտօնեային իր քաղաքացիութիւնը նշէ։ Ան նաեւ իր ինքնութիւնը պէտք է փաստէ, թերեւս ցոյց տալով իր անցագիրը։ Նմանապէս, ճշմարիտ քրիստոնեայ մը ‘Քրիստոսի կը հաւատամ’ ըսելէն աւելի՛ն պէտք է ընէ։ Ան իր ինքնութիւնը բնորոշող յաւելեալ ապացոյցներ պէտք է ունենայ։ Ատոնք ի՞նչ են։

      «Քրիստոնեայ» բառը առաջին անգամ գործածուեցաւ մ.թ. 44–էն քիչ ետք։ Աստուածաշունչի պատմաբան Ղուկաս նշեց. «Ամենէն առաջ Անտիոքի մէջ աշակերտները Քրիստոնեայ անուանուեցան» (Գործք 11։26)։ Նշմարէ թէ այդ քրիստոնեայ կոչուածները Քրիստոսի աշակերտներն էին։ Ի՞նչ բան անհատ մը Յիսուս Քրիստոսի աշակերտը կ’ընէ։ Նոր Կտակարանի բառարան մը կը բացատրէ. «Որպէս աշակերտ Յիսուսին հետեւիլը կը նշանակէ որ անհատը իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան՝ անվերապահօրէն իր ամբողջ կեանքը պիտի զոհէ» (The New International Dictionary of New Testament Theology)։ Հետեւաբար, ճշմարիտ քրիստոնեան այն է, որ բոլորովին եւ անվերապահօրէն Յիսուսի՝ քրիստոնէութեան Հիմնադրին՝ ուսուցումներուն ու ցուցմունքներուն կը հետեւի։

      Ներկայիս, կարելի՞ է այսպիսի անհատներ գտնել բազմաթիւ քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներուն մէջ։ Ըստ Յիսուսի, ի՞նչ բաներ պիտի բնորոշէին իր ճշմարիտ հետեւորդները։ Կը հրաւիրենք քեզ որ նկատի առնես թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս այս հարցումներուն կը պատասխանէ։ Յաջորդ յօդուածներուն մէջ, պիտի քննարկենք Յիսուսի հինգ արտայայտութիւններ, որոնք կը յատկանշեն եւ կ’օգնեն բնորոշելու իր ճշմարիտ հետեւորդները։ Նկատի պիտի առնենք, թէ առաջին դարու քրիստոնեաները ինչպէ՛ս ցոյց տուին թէ այդ յատկութիւնները ունէին։ Եւ պիտի ջանանք տեսնել, թէ բազմաթիւ դաւանեալ քրիստոնեաներէն որո՛նք ներկայիս այդ չափանիշներուն գոհացում կու տան։

  • «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք»
    Դիտարան 2012 | Մայիս 1
    • «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք»

      «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 8։31, 32)։

      Ի՛նչ կը նշանակէ։ Յիսուսի «խօսք»ը կը նշանակէ իր ուսուցումները, որոնք աւելի բարձր աղբիւրէ մը եկան։ «Հայրը, որ զիս ղրկեց՝ ի՛նք ինծի պատուիրեց ինչ որ պիտի ըսեմ եւ ինչ որ պիտի խօսիմ», ըսաւ Յիսուս (Յովհաննէս 12։49)։ Իր երկնաւոր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ ուղղած աղօթքին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է»։ Ան իր ուսուցումներուն թիկունք կանգնելու համար, յաճախ Աստուծոյ Խօսքէն մէջբերեց (Յովհաննէս 17։17. Մատթէոս 4։4, 7, 10)։ Հետեւաբար, ճշմարիտ քրիստոնեաները ‘իր խօսքին մէջ կը կենան’, այսինքն, Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կ’ընդունին որպէս «ճշմարտութիւն» եւ իրենց հաւատալիքներուն ու սովորութիւններուն վերջնական աղբիւր։

      Նախկին քրիստոնեաները ինչպէ՛ս այս յատկանիշը ունէին։ Աստուածաշունչի ամէնէն բազմավաստակ գրագէտ՝ Պօղոս առաքեալ, Յիսուսի նման Աստուծոյ Խօսքը յարգեց։ Ան գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Իրենց հաւատակիցներուն սորվեցնելու նշանակուած տղամարդիկը, ‘իրենց սորված վստահելի վարդապետութիւնը ամրօրէն պէտք էր պահէին’ (Տիտոս 1։7, 9, Անթիլիաս)։ Նախկին քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած էր, որ մերժէին ‘փիլիսոփայութիւնը ու փուճ խաբէութիւնը, որ մարդոց աւանդութեան պէս էր ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս’ (Կողոսացիս 2։8)։

      Ներկայիս որո՞նք այս չափանիշին գոհացում կու տան։ 1965–ին, Վատիկանը Աստուածային յայտնութեան վերաբերեալ վարդապետական սահմանադրութիւն–ը որդեգրեց։ Կաթողիկէ եկեղեցիին կրօնագիտութիւնը զայն մէջբերելով՝ կ’ըսէ. «Միայն Սուրբ Գրութիւններէն չէ որ [կաթողիկէ] եկեղեցին բոլոր յայտնուած բաներուն մասին իր վստահութիւնը կը կերտէ։ Հետեւաբար, թէ՛ սրբազան աւանդութիւնը եւ թէ Սուրբ Գրութիւնները, նոյն հաւատարմութեամբ եւ ակնածանքով պէտք է ընդունուին եւ մեծարուին»։ Մէքլինզ պարբերաթերթին մէկ յօդուածը, Քանատայի Թորոնթոյէն քարոզչուհիի մը խօսքերը կը մէջբերէ, որ հարց տուաւ. «Մենք մեզ առաջնորդելու համար, երկու հազար տարի առաջ եղած ‘յեղափոխական’ ձայնի մը պէտք ունի՞նք։ Մենք մեր անձնական հոյակապ գաղափարները ունինք, որոնք շարունակ տկար կ’իյնան երբ կը ստիպուինք զանոնք Յիսուսին եւ Սուրբ Գրութիւններուն հետ կապել»։

      Եհովայի վկաներու առնչութեամբ Կաթողիկէ նոր համայնագիտարան–ը կը նշէ. «Անոնք Աստուածաշունչը կը նկատեն որպէս իրենց հաւատալիքներուն միակ աղբիւրը եւ վարքի կանոնը»։ Վերջերս, Քանատայի մէջ տղամարդ մը Եհովայի վկայի մը խօսքը ընդհատեց, մինչ ան ինքզինք կը ծանօթացնէր։ «Գիտեմ ո՛վ կ’ըլլաս», ըսաւ տղամարդը,– անոր Աստուածաշունչը մատնանշելով,– «ստորագրութենէդ»։

  • «Անոնք այս աշխարհին չեն պատկանիր»
    Դիտարան 2012 | Մայիս 1
    • «Անոնք այս աշխարհին չեն պատկանիր»

      «Աշխարհը ատեց զանոնք, որովհետեւ անոնք այս աշխարհին չեն պատկանիր» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 17։14, Անթիլիաս)։

      Ի՛նչ կը նշանակէ։ Աշխարհին չպատկանելով, Յիսուս ընկերային եւ քաղաքական բախումներուն մէջ չէզոք էր։ Ան բացատրեց. «Եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ» (Յովհաննէս 18։36)։ Ան նաեւ իր հետեւորդները յորդորեց, որ մերժեն այն կեցուածքները, խօսելակերպն ու վարքը, որոնք Աստուծոյ Խօսքին մէջ դատապարտուած են (Մատթէոս 20։25-27)։

      Նախկին քրիստոնեաները ինչպէ՛ս այս յատկանիշը ունէին։ Ըստ կրօնական նիւթեր գրող՝ Ճոնաթան Տայմընտի, նախկին քրիստոնեաները «մերժեցին [պատերազմի] մասնակցիլ, ի՛նչ ալ ըլլային հետեւանքները,– նախատինք, բանտարկութիւն կամ մահ»։ Անոնք ընտրեցին տառապիլ, քան թէ իրենց չէզոք կեցուածքին մէջ զիջումներ ընել։ Իրենց բարոյական չափանիշները եւս զիրենք աշխարհէն զատեցին։ Քրիստոնեաներուն ըսուեցաւ. «Կը զարմանան՝ որ դուք նոյն անառակութեան մէջ անոնց հետ չէք վազեր ու հայհոյութիւն կ’ընեն» (Ա. Պետրոս 4։4)։ Պատմաբան Ուիլ Տիւրանթ գրեց, թէ քրիստոնեաները «իրենց բարեպաշտութեամբ եւ պարկեշտութեամբ, հաճոյամոլ հեթանոս աշխարհին նեղութիւն կը պատճառէին»։

      Ներկայիս որո՞նք այս չափանիշին գոհացում կու տան։ Քրիստոնէական չէզոքութեան առնչութեամբ, Կաթողիկէ նոր համայնագիտարան–ը կը հաստատէ. «Բարոյական գետնի վրայ կարելի չէ արդարացնել խղճմտանքի առարկութիւնը», ըսել ուզելով որ բարոյապէս սխալ է մերժել զէնք կրելը։ Լրագրի մը (Reformierte Presse) մէկ յօդուածը կը նշէ, թէ «Ափրիկեցիներու իրաւունքներ» կազմակերպութիւնը տեղեկագրեց, որ 1994–ի Ռուանտայի ջարդին մասնակցած էին բոլոր եկեղեցիները, «բացի՝ Եհովայի վկաներէն»։

      Երբ երկրորդական վարժարանի ուսուցիչ մը նացիներուն կատարած Հրէական ողջակիզումը կը քննարկէր, ան գանգատեցաւ թէ «քաղաքացիներու ոչ մէկ խումբ կամ կազմակերպութիւն անհամար սուտերուն, անգթութեան եւ գազանային արարքներուն դէմ խօսեցաւ»։ Միացեալ Նահանգներու Հրէական ողջակիզման զոհերու յիշատակի թանգարանին հետ խորհրդակցելէ ետք, ան գրեց. «Հիմա՛ պատասխանս առի»։ Ան իմացաւ թէ Եհովայի վկաները իրենց հաւատալիքներուն մէջ հաստատուն կեցան՝ հակառակ իրենց դիմագրաւած բիրտ վերաբերմունքին։

      Ի՞նչ կարելի է ըսել անոնց բարոյական չափանիշներուն մասին։ «Ներկայիս կաթողիկէ երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը եկեղեցական որոշ ուսուցումներու չի համաձայնիր, ինչպէս՝ կենակցութեան [եւ] նախամուսնական սեռի առնչութեամբ», կ’ըսէ պարբերաթերթ մը (U.S. Catholic)։ Ատիկա կը մէջբերէ սարկաւագի մը խօսքը, որ ըսաւ. «Հսկայ տոկոս մը կը տեսնեմ,– կը խորհիմ աւելի քան 50 առ հարիւր,– որոնք արդէն իրարու հետ կ’ապրին, երբ ամուսնանալու կու գան»։ Պրիթանիքա նոր համայնագիտարան–ը դիտել կու տայ, թէ Եհովայի վկաները «անձնական վարքին մէջ բարոյական բարձր չափանիշի կարեւորութիւն կու տան»։

  • «Եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»
    Դիտարան 2012 | Մայիս 1
    • «Եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»

      «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 13։34, 35)։

      Ի՛նչ կը նշանակէ։ Քրիստոս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ զիրար սիրեն, ինչպէս ինք զիրենք սիրեց։ Յիսուս զանոնք ինչպէ՞ս սիրեց։ Ան բոլոր մարդիկը սիրեց, հակառակ ուրիշ ազգերու եւ կիներու դէմ եղած կեցուածքներուն (Յովհաննէս 4։7-10)։ Սէրը մղեց Յիսուսը, որ իր ժամանակը, կորովը եւ անձնական հանգստութիւնը զոհէ, ուրիշներուն օգնելու համար (Մարկոս 6։30-34)։ Ի վերջոյ, Քրիստոս իր սէրը գերագոյն կերպով ցոյց տուաւ։ Ան ըսաւ «Ես եմ բարի հովիւը. բարի հովիւը իր կեանքը ոչխարներուն համար կը դնէ» (Յովհաննէս 10։11)։

      Նախկին քրիստոնեաները ինչպէ՛ս այս յատկանիշը ունէին։ Առաջին դարուն, քրիստոնեաները զիրար «եղբայր» կամ «քոյր» կը կոչէին (Փիլիմոն 1, 2)։ Բոլոր ազգերէն մարդիկ քրիստոնէական ժողովքին մէջ կ’ընդունուէին, քանի որ կը հաւատային թէ «խտրութիւն չկայ Հրեային ու Յոյնին միջեւ, վասն զի ամենուն Տէրը նոյնն է» (Հռովմայեցիս 10։11, 12)։ Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք, Երուսաղէմի մէջ եղող աշակերտները «ստացուածքնին եւ ունեցած բաներնին կը ծախէին ու անոնց գինը կը բաժնէին ամենուն, որու որ բան մը պէտք ըլլար»։ Ի՞նչ նպատակով։ Որպէսզի նոր մկրտուածները կարենային Երուսաղէմ մնալ եւ շարունակել ‘առաքեալներուն վարդապետութեան ետեւէն ըլլալ’ (Գործք 2։41-45)։ Ի՞նչ բան այսպիսի արարքներու մղեց։ Առաքեալներուն մահէն 200 տարի չանցած, Տերտուղիանոս մէջբերեց ինչ որ ուրիշներ քրիստոնեաներուն մասին ըսին. «Ինչպէ՜ս զիրար կը սիրեն. . . եւ ինչպէ՜ս իրարու համար նոյնիսկ մեռնելու պատրաստ են»։

      Ներկայիս որո՞նք այս չափանիշին գոհացում կու տան։ 1837–ին լոյս տեսած գիրք մը դիտել տուաւ, թէ դարերու ընթացքին, դաւանեալ քրիստոնեաները «շա՜տ աւելի բրտութիւն պատճառեցին իրարու, քան՝ այն ինչ որ նախանձախնդիր անհաւատներ իրենց պատճառեցին» (The History of the Decline and Fall of the Roman Empire)։ Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը նկատեց, թէ կրօնասէր անհատներէն շատեր,– որոնց մեծամասնութիւնը դաւանեցաւ քրիստոնեայ ըլլալ,– նաեւ ցեղային նախապաշարում ունին։ Երկրի մը մէջ, եկեղեցասէրներ յաճախ ուրիշ երկրի մը նոյն յարանուանութեան պատկանող անհատներուն հետ կապ չունին, եւ այսպէս անկարող են կամ չեն մղուիր իրենց հաւատակիցներուն օգնելու երբ կարիք ըլլայ։

      2004–ին, երկու ամսուան մէջ իրարայաջորդ չորս ոլորամրրիկներ Ֆլորիտան հարուածելէ ետք, Ֆլորիտայի Ստիպողական պարագայի գործողութիւններու յանձնախումբին ատենապետը ստուգեց, որպէսզի վստահ ըլլայ թէ իրենց մթերքը պատշաճօրէն կը գործածուէր։ Ան ըսաւ, թէ որեւէ խումբ Եհովայի վկաներուն նման կազմակերպուած չէր, եւ առաջարկեց Վկաներուն տալ որեւէ մթերք՝ որուն պէտք ունէին։ Իսկ նախապէս, 1997–ին, Եհովայի վկաներու օգնութեան խումբ մը, դեղերով, ուտելիքով եւ հագուստներով, ճամբորդեց դէպի Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն, իրենց եղբայրներուն եւ կարիքաւորներուն օգնելու համար։ Եւրոպայի մէջ հաւատակիցներ շուրջ մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար արժող մթերք նուիրած էին։

  • «Քու անունդ ճանչցուցի»
    Դիտարան 2012 | Մայիս 1
    • «Քու անունդ ճանչցուցի»

      «Բացայայտեցի քու անունդ այն մարդոց՝ որ տուիր ինծի աշխարհէն. . . Քու անունդ ճանչցուցի անոնց, ու պիտի ճանչցնեմ» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 17։6, 26, ԱԾ)։

      Ի՛նչ կը նշանակէ։ Յիսուս Աստուծոյ անունը ճանչցուց՝ զայն իր ծառայութեան մէջ գործածելով։ Երբ Յիսուս Սուրբ Գրութիւններէն կը կարդար, ինչ որ յաճախ կ’ընէր, Աստուծոյ անձնական անունը արտասանած ըլլալու էր (Ղուկաս 4։16-21)։ Ան իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Ով Հայր մեր. . . քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Ղուկաս 11։2)։

      Նախկին քրիստոնեաները ինչպէ՛ս այս յատկանիշը ունէին։ Պետրոս առաքեալ Երուսաղէմի երէցներուն ըսաւ, թէ Աստուած բոլոր ազգերէն առած էր «ժողովուրդ մը. . . իր անուանը համար» (Գործք 15։14)։ Առաքեալները եւ ուրիշներ քարոզեցին, թէ «ամէն ո՛վ որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի» (Գործք 2։21. Հռովմայեցիս 10։13)։ Անոնք նաեւ աստուածային անունը իրենց անձնական գրութիւններուն մէջ գործածեցին։ Հրէական օրէնքներու հաւաքածոյ մը՝ Թոսեֆթա, որ մօտաւորապէս մ.թ. 300–ին ամբողջացաւ, հակառակորդներու կողմէ քրիստոնէական գրութիւններու հրկիզման առնչութեամբ կ’ըսէ. «Անոնք կրակէ չեն փրկեր աւետարանիչներու գիրքերը եւ մինիմ–ներու [հաւանաբար հրեայ քրիստոնեաներ] գիրքերը։ Անոնց արտօնուած է այրել գրքերը եւ անոնց մէջ եղած Աստուծոյ անուան ակնարկութիւնները»։

      Ներկայիս որո՞նք այս չափանիշին գոհացում կու տան։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Քրիստոսի եկեղեցիներուն ազգային խորհուրդին կողմէ վաւերացուած Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը (Revised Standard Version), իր նախաբանին մէջ կ’ըսէ. «Միակ եւ ճշմարիտ Աստուծոյ որեւէ անուան գործածութիւնը,– կարծես թէ ուրիշ աստուածներ կան, որոնցմէ ինքզինք պէտք է զատորոշէ,– դադրած էր հրէականութեան մէջ քրիստոնէական դարաշրջանէն առաջ, եւ անոր գործածութիւնը ամբողջովին անպատշաճ է քրիստոնէական եկեղեցիի տիեզերական հաւատքին համար»։ Այսպէս, ատիկա աստուածային անունը փոխարինեց «ՏԷՐ» տիտղոսով։ Վերջերս, Վատիկանը իր եպիսկոպոսներուն հետեւեալ ցուցմունքը տուաւ. «Երգերուն եւ աղօթքներուն մէջ Աստուծոյ անունը՝ ԵՀՎՀa քառագիր, պէտք չէ գործածել, ոչ ալ արտասանել»։

      Ներկայիս, որո՞նք Աստուծոյ անձնական անունը կը գործածեն եւ կը ճանչցնեն։ Երբ Սերկէյ Ղրղըզստանի մէջ պատանի էր, ֆիլմ մը դիտեց՝ որ Աստուծոյ անունը որպէս Եհովա բնորոշեց։ Շուրջ տասը տարի ան աստուածային անունը դարձեալ չլսեց։ Յետագային, երբ ան Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած էր, երկու Եհովայի վկաներ իր տունը այցելեցին, եւ իրեն ցոյց տուին Աստուծոյ անունը Աստուածաշունչին մէջ։ Սերկէյ հրճուեցաւ գտնելով խումբ մը, որ Եհովա անունը կը գործածէ։ Հետաքրքրականօրէն, անգլերէն բառարան մը «Եհովա Աստուած» արտայայտութիւնը հետեւեալ կերպով կը սահմանէ. «Եհովայի վկաներու կողմէ ընդունուած գերագոյն էակը եւ պաշտուած միակ աստուածը» (Webster’s Third New International Dictionary)։

      [Ստորանիշ]

      a Հայերէնի մէջ, աստուածային անունը սովորաբար տառադարձուած է որպէս «Եհովա»։

  • «Այս արքայութեան աւետարանը պիտի քարոզուի»
    Դիտարան 2012 | Մայիս 1
    • «Այս արքայութեան աւետարանը պիտի քարոզուի»

      «Այս արքայութեան աւետարանը պիտի քարոզուի ամբողջ երկրագունդին մէջ՝ իբր վկայութիւն բոլոր ազգերուն, եւ ա՛յն ատեն վախճանը պիտի գայ» (ՄԱՏԹԷՈՍ 24։14, ԱԾ)։

      Ի՛նչ կը նշանակէ։ Աւետարանագիր Ղուկաս տեղեկագրեց, թէ Յիսուս «քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր» (Ղուկաս 8։1)։ Յիսուս ինք ըսաւ. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ» (Ղուկաս 4։44)։ Ան իր աշակերտները ուղարկեց, որպէսզի աւետարանը կամ բարի լուրը քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ քարոզեն, եւ յետագային անոնց պատուիրեց. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք. . . մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8. Ղուկաս 10։1)։

      Նախկին քրիստոնեաները ինչպէ՛ս այս յատկանիշը ունէին։ Յիսուսի աշակերտները իր պատուիրածը ընելու մէջ ժամանակ չկորսնցուցին։ «Ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ չէին դադարեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ» (Գործք 5։42)։ Ժողովքին բոլո՛ր անդամները կը մասնակցէին քարոզչութեան, եւ ոչ թէ պարզապէս պզտիկ մասնայատուկ խումբ մը։ Պատմաբան Նէանտըր դիտել տուաւ, թէ «քրիստոնէութեան դէմ ելլող առաջին գրագէտ՝ Սեղիոս, ծաղր կ’ընէր ա՛յն իրողութիւնը, որ բրդագործներ, հնակարկատներ, կաշեգործներ, ամէնէն անուս եւ ռամիկ մարդիկը, աւետարանին նախանձախնդիր քարոզիչներ էին»։ Ժան Պէրնարտի իր գրքին մէջ գրեց. «[Քրիստոնեաները] պէտք էր ամէն տեղ երթային եւ բոլորին խօսէին։ Ճամբաները եւ քաղաքներուն մէջ, հրապարակներուն եւ տուներուն մէջ։ Իրենց բարի գալուստ մաղթուէր կամ ոչ։ . . .Մինչեւ երկրին ծայրերը» (The Early Centuries of the Church)։

      Ներկայիս որո՞նք այս չափանիշին գոհացում կու տան։ Անգլիքան քահանայ՝ Տէյվիտ Ուաթսոն կը գրէ. «Եկեղեցիին լուրջի չառնելը քարոզչութիւնն ու աշակերտելու գործը, այսօրուան ընդհանուր հոգեւոր անհանգստութեան մէկ պատճառը դարձած է»։ Հոսէ Լուիս Փերէզ Կուատըլուբէ, իր գրքին մէջ աւետարանչականներուն, գալստականներուն եւ ուրիշներու մասին գրեց եւ դիտել տուաւ, թէ «անոնք տունէ տուն չեն երթար» (Why Are the Catholics Leaving?)։ Իսկ Եհովայի վկաներուն առնչութեամբ, ան գրեց. «Անոնք հետեւողական կերպով տունէ տուն կ’երթան»։

      Տարեկան հրատարակութիւն մը կը բովանդակէ Ճոնաթան Թըրլիի կողմէ եղած հետաքրքրական եւ իրապաշտ սա դիտողութիւնը. «‘Եհովայի վկաներ’ ըսէ եւ անմիջապէս մեծամասնութեան միտքը կու գան այն քարոզիչները, որոնք անյարմար ժամանակներու մէջ մեր տուները կ’այցելեն։ Եհովայի վկաներուն համար, դռնէ դուռ հաւատափոխ ընելը պարզապէս իրենց հաւատքը յառաջացնելու համար չէ, այլ՝ իրենց անձնական հաւատքին համար կենսական է» (Cato Supreme Court Review 2001-2002)։

      [Շրջանակ՝ էջ 9]

      Նշանը կը զատորոշե՞ս

      Այս յօդուածաշարքին մէջ քննարկուած աստուածաշնչական դատանիշներուն հիման վրայ, որո՞նք կը խորհիս ներկայիս ճշմարիտ քրիստոնէութեան նշանը ունին։ Թէեւ տասնեակ հազարաւոր խումբեր եւ յարանուանութիւններ կը դաւանին քրիստոնեայ ըլլալ, սակայն յիշէ թէ Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՛նչ ըսաւ. «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ» (Մատթէոս 7։21)։ Բնորոշելը թէ որոնք Հօր կամքը կը կատարեն,– եւ այսպէս ճշմարիտ քրիստոնէութեան նշանը կը կրեն,– եւ անոնց հետ ընկերակցիլը, կրնայ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ յաւիտենական օրհնութիւններու առաջնորդել։ Կը հրաւիրենք քեզ որ այս պարբերաթերթը քեզի բերող Եհովայի վկաներէն յաւելեալ տեղեկութիւններ խնդրես Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անոր բերելիք օրհնութիւններուն մասին (Ղուկաս 4։44)։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել