-
Անունով «ընկեր»Զարթի՛ր 2010 | Մայիս
-
-
Անունով «ընկեր»
Պզտիկ տարիքիդ կը ծանօթանաս «ընկերոջ» մը։ Ան քեզի զգացնել կու տայ որ հասուն ես եւ քեզի կ’օգնէ որ միւս ընկերներդ քեզի ընդունին։ Երբ սթրեսի տակ ըլլաս, միշտ իրեն կրնաս դիմել, որ «հանգստանաս»։ Այո, երբ որ դուն քեզի տարբեր պարագաներու մէջ գտնես, կրնաս իրեն վստահիլ։
Բայց ժամանակ մը ետք կ’անդրադառնաս, որ ան վտանգաւոր «ընկեր» է։ Ան կը պահանջէ որ միշտ հետդ ըլլայ, բայց երբ որ հետը ըլլաս, շատեր քեզ չեն ընդունիր։ Եւ ճիշդ է որ քեզի զգացնել տուած է որ հասուն ես, բայց ինչի՞ն հաշւոյն։ Առողջութեա՛նդ։ Ատկէ զատ, պատճառ դարձաւ որ լեցուն դրամ կորսնցնես։
Վերջերս, փորձեցիր կապդ կտրել իրեն հետ, բայց արդէն ինքը քու կեանքդ կը ղեկավարէ։ Հիմա միտքէդ միայն մէկ բան կ’անցնի. «Երանի՜ իրեն չծանօթանայի»։
ԾԽՈՂՆԵՐԷՆ շատեր ճիշդ այսպէս կը զգան սիկառէթի նկատմամբ։ Ըրլին անունով կին մը, որ 50 տարիէ ի վեր կը ծխէ, կը յիշէ. «Սիկառէթը ինծի ոեւէ անձէ աւելի կ’օգնէր։ Աւելի շիտակը, ատիկա միակ ընկերս էր»։ Բայց ժամանակի ընթացքին, Ըրլինը անդրադարձաւ որ սիկառէթը անունով ընկեր էր եւ վտանգաւոր բան մըն էր։ Բացման խօսքերը կարծես իր զգացումները ըլլային, բայց մէ՛կ տարբերութեամբ. երբ Ըրլինը գիտցաւ որ ծխելը Աստուծոյ աչքին գէշ սովորութիւն է եւ մեր մարմնին վնաս կը հասցնէ, ան ծխելը կեցուց (Բ. Կորնթացիս 7։1)։
Ֆրէնք անունով տղամարդ մըն ալ որոշեց ծխելը կեցնել, որ Աստուած ուրախացնէ։ Բայց իր վերջին սիկառէթը ծխելէն մէկ–երկու օր ետք, շատ յուսահատ վիճակ ունէր եւ կատաղի կերպով իր տունին մէջ հոս–հոն իր ծխած սիկառէթներուն մնացած մասերը կը փնտռէր։ Ան կ’ըսէ. «Երբ որ տեսայ որ հասած եմ այն վիճակին, որ ծունկի գալով սիկառէթ կը փնտռեմ, ես իմ անձէս գանեցայ։ Եւ այդ վայրկեանին որոշեցի այլեւս չծխել»։
Ինչո՞ւ այսքան դժուար է ծխելը կեցնել։ Մասնագէտները քանի մը պատճառներ կու տան. 1) Ծխախոտով պատրաստուած ապրանքները նո՛յնքան մոլութիւն կը պատճառեն, ո՛րքան թմրեցուցիչները։ 2) Երբ որ նիքոթին ներս առնես, ատիկա կրնայ միայն եօթը երկվայրկեանուան մէջ ուղեղիդ հասնիլ։ 3) Շատ անգամ ծխելը անհատին կեանքին կարեւոր մէկ մասը կը դառնայ, քանի որ ան կը ծխէ՝ ուտելու, խմելու եւ խօսելու ժամանակ, եւ կամ սթրեսէն հանգչելու համար, եւ այլն։
Բայց ինչպէս որ տեսանք Ըրլինին եւ Ֆրէնքին պարագաներուն, կարելի՛ է ծխելը կեցնել։ Եթէ դո՛ւն ալ կը ծխես, բայց կ’ուզես այդ սովորութիւնը կեցնել, յաջորդ յօդուածները կարդալը կրնայ քեզի օգնել որ կեանքիդ մէջ նոր էջ բանաս։
-
-
Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել, որ ծխելը կեցնեսԶարթի՛ր 2010 | Մայիս
-
-
Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել, որ ծխելը կեցնես
«Ծխելը կեցնելու վճռական որոշում առնելը ամէնէն կարեւոր քայլն է, որ ծխողները կ’առնեն» (Stop Smoking Now!)։
ԵԹԷ կ’ուզես ծխելը կեցնել, պէտք է որ զօրաւոր պատճառ ունենաս ատիկա ընելու։ Օրինակ, կրնաս մտածել թէ որքա՜ն պիտի օգտուիս, եթէ ծխելը կեցնես։
Դրամ պիտի խնայես։ Եթէ օրական մէկ տուփ կը ծխես, ուրեմն մէկ տարուան մէջ հազարաւոր տոլարներ կը ծախսես։ «Ես չէի մտածած, թէ որքա՛ն դրամ կը ծախսէի ծխախոտի համար» (Կիանու, Նեփալ)։
Կեանքդ պիտի բարելաւուի։ «Երբ որ ծխելը կեցուցի, կեանքս բարելաւուեցաւ, եւ երթալով աւելի կը բարելաւուի» (Ռեճինա, Հարաւային Ափրիկէ)։ Երբ մարդիկ ծխելը կեցնեն, իրենց համտեսելու եւ հոտոտալու զգայարանքները կը բարելաւուին, աւելի աշխոյժ կը դառնան եւ նոյնիսկ աւելի առողջ տեսք կ’ունենան։
Առողջութիւնդ պիտի լաւանայ։ «Երբ որ որեւէ տարիքի պատկանող տղամարդիկ եւ կիներ ծխելը կեցնեն, իրենց առողջութիւնը անմիջապէս կը բարելաւուի (The U.S. Centers for Disease Control and Prevention)։
Պիտի զգաս որ դուն քու կեանքդ կը ղեկավարես։ «Ծխելը կեցուցի, քանի որ չէի ուզեր որ ծխախոտը կեանքս ղեկավարէ։ Ուզեցի որ ե՛ս ղեկավարեմ մարմինս» (Հէնինկ, Դանիա)։
Ընտանիքդ եւ ընկերներդ պիտի օգտուին։ «Ծխելը շուրջիններուդ առողջութեան վնաս կը հասցնէ։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ ամէն տարի հազարաւոր մարդիկ կը մեռնին թոքի քաղցկեղէ եւ սրտի հիւանդութիւններէ, քանի որ ուրիշներուն սիկառէթին ծուխը կը շնչեն (American Cancer Society)։
Ստեղծիչիդ սիրտը պիտի ուրախացնես։ «Սիրելինե՛ր, ...մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք» (Բ. Կորնթացիս 7։1)։ «Ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի» (Հռովմայեցիս 12։1)։
«Երբ որ հասկցայ որ Աստուած չ’ուրախանար երբ մեր մարմինին վնաս հասցնենք, որոշեցի ծխելը կեցնել» (Սիլվա, Սպանիա)։
Բայց շատ անգամ զօրաւոր պատճառ մը ունենալը բաւարար չէ, որ մէկը ծխելը կեցնէ։ Ատեններ, մենք պէտք ունինք ուրիշներու,– մէջը ըլլալով մեր ընտանիքին եւ ընկերներուն օգնութեան։ Անոնք ի՞նչ կրնան ընել։
-
-
Օգնութեան դիմելԶարթի՛ր 2010 | Մայիս
-
-
Օգնութեան դիմել
«Եթէ մէկը իրեն յաղթէ, երկուքը կրնան անոր ընդդիմանալ» (Ժողովող 4։12, ԱԾ)։
ԵՐԲ ուրիշներուն օգնութիւնը ունենանք, աւելի հաւանական է որ թշնամիի մը յաղթենք,– անիկա ո՛վ որ ալ կամ ի՛նչ որ ալ ըլլայ։ Ուրեմն, եթէ կ’ուզես ծխելը կեցնել, լաւ կ’ըլլայ որ դիմես ընտանիքիդ եւ ընկերներուդ օգնութեան,– կամ ալ մէկու մը որ սրտանց կ’ուզէ օգնել եւ համբերող է։
Կրնաս խնդրել որ քեզի օգնէ մէկը, որ ծխելը կեցուցած է, քանի որ կրնայ քեզ հասկնալ եւ օգնել։ Դանիայէն Թորպըն անունով քրիստոնեայ մը կ’ըսէ. «Ուրիշներուն օգնութիւնը ինծի համար շատ կարեւոր էր»։ Հնդկաստանի մէջ ապրող Ապրահամ կը գրէ. «Ընտանիքիս եւ հաւատակիցներուս անկեղծ սէրը ինծի օգնեց, որ ծխելը կեցնեմ»։ Բայց ատեններ նոյնիսկ ընտանիքին եւ բարեկամներուն օգնութիւնը բաւարար չէ։
Պակուանտաս անունով մարդ մը կ’ըսէ. «27 տարի կը ծխէի, բայց երբ գիտցայ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ անմաքուր սովորութիւններուն մասին, որոշեցի ծխելը կեցնել։ Ջանք ըրի որ քիչ ծխեմ, շրջանակս փոխեցի եւ մասնագէտի օգնութեան դիմեցի։ Բան մը չօգնեց, մինչեւ որ գիշեր մը սիրտս բացի Եհովային առջեւ եւ աղաչեցի որ ինծի օգնէ։ Ատկէ ետք, վերջապէ՛ս յաջողեցայ»։
Ուրիշ կարեւոր բան մըն ալ կրնաս ընել. կրնաս պատրաստ ըլլալ այն դժուարութիւններուն, որոնք թերեւս ունենաս։ Ի՞նչ են ատոնք։ Յաջորդ յօդուածը պիտի բացատրէ։
[Շրջանակ]
ԾԽԵԼԸ ԿԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԷ՞ՏՔ Է ԴԵՂԵՐ ԱՌՆԵՍ
Շատ մը մարդիկ դեղեր կը գործածեն, որ ծխելը կեցնեն։ Եւ ատիկա մեծ առեւտուր դարձած է։ Բայց դեղերու դիմելէ առաջ, այս հարցումները նկատի առ.
Ի՞նչ են օգուտները։ Անոնք՝ որոնք կը քաջալերեն աս դեղերը գործածել, կ’ըսեն որ ատոնք քեզի կ’օգնեն որ շատ հիւանդ չզգաս, երբ ծխելը կեցնես։ Բայց ամէն մարդ իրենց ըսածին չի համաձայնիր։
Ի՞նչ են վտանգները։ Կարգ մը դեղեր կրնան պատճառել սիրտխառնուք, ընկճուածութիւն եւ անձնասպանութեան միտքեր։ Միտքդ պահէ որ այս դեղերը նիքոթին առնելու ուրիշ կերպ մըն են եւ առողջութեան համար վնասակար են։ Ուրեմն այս տեսակ դեղեր գործածողները իրականութեան մէջ դե՛ռ նիքոթինի մոլի են։
Ծխելը կեցնելու ուրիշ կերպ կա՞յ։ Փորձագիտանք մը ցոյց կու տայ, որ ծխելը կեցնողներուն 88 առ հարիւրը ըսաւ որ անոնք ծխելը մէկ կտոր կեցուցին,– առանց որեւէ դեղ գործածելու։
-
-
Պատրաստ եղիր դժուարութիւններունԶարթի՛ր 2010 | Մայիս
-
-
Պատրաստ եղիր դժուարութիւններուն
«Ես որոշեցի ծխելը կեցնել, քանի որ գիտէի որ ատիկա մեր նորածինին առողջութեան գէշ կերպով պիտի ազդէր։ Անոր համար, մեր տունին մէջ դրի ‘Ծխելը արգիլուած է’ նշանը։ Բայց միայն մէկ ժամ ետք, մարմինս նիքոթին ուզեց եւ սիկառէթ մը վառեցի» (Եոշիմիցու, Ճափոն)։
ԵՈՇԻՄԻՑՈՒԻՆ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ երբ մէկը փորձէ ծխելը կեցնել, կրնայ դժուարութիւններ ունենալ։ Ասկէ զատ, ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ետ ծխել սկսողներուն մօտ 90 առ հարիւրը պիտի շարունակէ ծխել։ Ուրեմն եթէ պատրաստ ըլլաս, որ դժուարութիւններ պիտի ունենաս, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ քեզի համար, որ ծխելը կեցնես։ Ի՞նչ են կարգ մը դժուարութիւնները։
Նիքոթինի զօրաւոր փափաք։ Ընդհանրապէս մարմինը նիքոթին կը պահանջէ վերջին սիկառէթը ծխելէն ետք՝ առաջին երեք օրուան մէջ։ Եւ այդ փափաքը կը սկսի անհետանալ մօտ երկու շաբաթ ետք։ Անցեալին ծխող մը կ’ըսէ որ ‘այդ երկու շաբթուան ընթացքին ծխելու փափաքը կ’երթայ կու գայ’, բայց նո՛յնիսկ, տարիներ ետք, կրնայ ըլլալ որ սիրտդ ետ ծխել ուզէ։ Եթէ քեզի հետ ասանկ պատահի, ծխելու փափաքին դէմ դիր. հինգ վայրկեան մը սպասէ եւ այդ փափաքը պիտի անհետանայ։
Ուրիշ դժուարութիւններ։ Սկիզբը, թերեւս քեզի համար դժուար ըլլայ արթուն մնալ կամ կեդրոնանալ։ Կրնայ ըլլալ նաեւ, որ քանի մը քիլօ վրադ դնես։ Թերեւս ցաւեր ունենաս, քերուըտիս, քրտնիս եւ հազաս։ Ասկէ զատ, կրնայ տրամադրութիւնդ փոխուիլ, անհամբեր եւ աւելի ջղային դառնաս կամ նոյնիսկ ընկճուած զգաս։ Բայց ասոնց մեծ մասը չորսէն վեց շաբաթ ետք կը սկսի անհետանալ։
Այդ դժուար օրերուն կրնաս գործնական գետնի վրայ կարգ մը բաներ ընել, որոնք քեզի պիտի օգնեն։ Օրինակ՝
● Քնանալու աւելի ժամանակ տրամադրէ։
● Առատ ջուր կամ օշարակ խմէ։ Առողջապահական ուտելիքներ կեր։
● Չափաւոր կերպով մարզանք ըրէ։
● Խոր շունչ առ եւ երեւակայէ մաքուր օդը թոքերդ կը մտնէ։
Բաներ, որոնք պատճառ կ’ըլլան որ մէկը ծխել ուզէ։ Օրինակ, թերեւս սիկառէթ կը ծխէիր բան մը խմած ժամանակ։ Եթէ այս է պարագադ, հիմա՛ կրնաս խմածդ կամաց–կամաց խմելու տեղ՝ արագ խմել, որ սիրտդ սիկառէթ չուզէ։ Յետոյ, երբ որ ծխելը կեցնես, կրնաս ժամանակդ առնել, երբ բան մը կը խմես։
Նոյնիսկ երբ մարմինդ այլեւս նիքոթին չպահանջէ, կարգ մը բաներ ըրած ժամանակ թերեւս զգաս որ կ’ուզես ծխել։ Թորպընը կ’ըսէ. «Ծխելը կեցնելէս տասնինը տարի ետք, սուրճի դադարներուն սիրտս դե՛ռ ծխել կ’ուզէ»։ Բայց ընդհանրապէս, ժամանակը ընթացքին այս փափաքը կամաց–կամաց կ’անհետանայ։
Իսկ խմիչքին հետ պարագան տարբեր է։ Երբ կը փորձես ծխելը կեցնել, թերեւս պէտքը զգաս խմիչքէն ալ ետ կենալ եւ չերթալ վայրեր, ուր ատիկա կը ծախեն կամ կը հրամցնեն, քանի որ շատեր խմիչք խմած ատեննին՝ ետ կը սկսին ծխելու։ Ինչո՞ւ։
● Նոյնիսկ քիչ քանակով խմիչք խմելը պատճառ կը դառնայ, որ մէկու մը մարմինը նիքոթին պահանջէ։
● Մարդիկ շատ անգամ կը ծխեն, երբ իրենց ընկերներուն հետ խմիչք կը խմեն։
● Խմիչք խմած ժամանակ միշտ լաւ որոշումներ չես առներ եւ կրնաս ընել բաներ, որոնք ընդհանրապէս չես ըներ։ Սուրբ Գիրքը տեղին ըլլալով կ’ըսէ. ‘Գինին խելքը կը կորսնցնէ’ (Ովսէէ 4։11, ԱԾ)։
Ընկերակիցներ։ Գիտցիր որո՛ւն հետ ժամանակ կ’անցընես։ Օրինակ, փորձէ չընկերակցիլ մարդոց հետ, որոնք կը ծխեն կամ քեզ կը հրաւիրեն որ ծխես։ Ասկէ զատ, հեռու կեցիր անոնցմէ, որոնք քեզ ծաղր կ’ընեն, քանի որ կ’ուզես ծխելը կեցնել։
Զգացումներ։ Ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ ետ ծխողներուն երկու երրորդը ծխելէ ճիշդ առաջ՝ սթրես զգաց կամ ջղային էր։ Եթէ ունենաս որոշ զգացում մը, որ պատճառ կ’ըլլայ որ ետ ծխել ուզես, դուն քեզ զբաղեցուր, թերեւս ջուր խմելով, ծիթ ծամելով կամ քալելու երթալով։ Դրական բաներու մասին մտածէ, թերեւս Աստուծոյ աղօթելով կամ Սուրբ Գիրքէն քանի մը էջ կարդալով (Սաղմոս 19։14)։
Ծխելու պատճառաբանութիւններ մի՛ ըներ
● Ես միայն սիկառէթը մէկ անգամ ներս պիտի քաշեմ եւ նետեմ։
Իրողութիւն։ Սիկառէթը միայն մէկ անգամ ներս քաշելով, քու մոլութեանդ 50 առ հարիւրը կը գոհացնես։ Անոր համար, շատ անգամ այսպիսի անհատներ կը սկսին ետ ծխելու։
● Ծխելը ինծի կ’օգնէ որ սթրեսէն դուրս ելլեմ։
Իրողութիւն։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ նիքոթինը իրականութեան մէջ քեզի աւելի՛ սթրես կու տայ։ Կարգ մը մարդիկ կը զգան որ ծխելէ ետք իրենց սթրեսէն հանգստացան, քանի որ իրենց մարմինին տուին ատոր պահանջած նիքոթինը։ Բայց այդ զգացումը ժամանակաւոր է։
● Ինծի համար արդէն ուշ է ծխելը կեցնել։
Իրողութիւն։ Ժխտական ըլլալը քեզի պիտի չօգնէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է» (Առակաց 24։10)։ Ուրեմն ժխտական կերպով մի՛ մտածեր։ Յիշէ՛ որ ոեւէ մէկը, որ կ’ուզէ ծխելը կեցնել եւ կը հետեւի առաջարկներու,– օրինակի համար, ատոնք որոնք տեսանք այս յօդուածներուն մէջ,– կրնա՛յ յաջողիլ։
● Երբ կը փորձեմ ծխելը կեցնել, չափէ աւելի գէշ կը զգամ։
Իրողութիւն։ Ճիշդ է որ սկիզբը կրնայ ըլլալ որ գէշ զգաս, բայց քանի մը շաբթուան մէջ աւելի լաւ պիտի ըլլաս։ Ուրեմն, մի՛ յանձնուիր. եւ եթէ ծխելու փափաքը ամիսներ կամ տարիներ ետք ե՛տ գայ, հաւանաբար քանի մը վայրկեաններու ընթացքին պիտի անցնի, անշուշտ եթէ սիկառէթ չվառես։
● Ես մտային հիւանդութիւն ունիմ։
Իրողութիւն։ Եթէ մտային հիւանդութենէ մը կը բուժուիս,– օրինակ՝ ընկճուածութենէ,– բժիշկէդ խնդրէ որ քեզի օգնէ ծխելը կեցնել։ Ան կրնայ պատրաստ ըլլալ քեզի օգնելու, թերեւս դեղդ փոխելով։
● Եթէ ետ ծխելու սկսիմ, պիտի զգամ ձախողին մէկն եմ։
Իրողութիւն։ Եթէ դժուարութիւն մը արգելք ըլլայ, որ ծխելը կեցնես, յոյսդ մի՛ կտրեր։ Պարզապէս, շարունակէ ջանք ընել։ Իյնալ ըսել չէ ձախողիլ։ Ինկած մնալը ձախողութիւն է։ Ուրեմն, շարունակէ ջանքեր ընել եւ վերջաւորութեան՝ պիտի՛ յաջողիս։
Նկատի առ Ռոմուալտոյին օրինակը, որ 26 տարի կը ծխէր եւ 30 տարի առաջ ծխելը կեցուց։ Ան կը գրէ. «Այլեւս չեմ յիշեր քանի՛ անգամ ծխելը կեցուցի եւ ետ սկսայ, բայց ամէն անգամ շատ գէշ կը զգայի։ Կը զգայի որ ինձմէ յոյս չկայ։ Բայց մէյ մը որ վճռեցի Եհովա Աստուծոյ հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ եւ միշտ իր օգնութիւնը խնդրեցի, վերջ ի վերջոյ կրցա՛յ ծխելը կեցնել»։
Այս յօդուածաշարքին վերջին յօդուածին մէջ քանի մը ուրիշ առաջարկներ նկատի պիտի առնենք, որոնք կրնան քեզի օգնել որ ուրախանաս որ այլեւս ծխող չես։
[Շրջանակ/Նկար]
ԾԽԱԽՈՏԻ ԲՈԼՈՐ ՏԵՍԱԿՆԵՐԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԵՆ
Ծխախոտը շատ մը կերպերով կը գործածուի։ Կարգ մը ծխախոտէ պատրաստուած ապրանքներ կը ծախուին նոյնիսկ առողջապահական ուտելիք եւ բուսական դեղեր ծախող խանութներուն մէջ։ Բայց եւ այնպէս, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կ’ըսէ որ ծխախոտին բոլոր տեսակները վտանգաւոր են։ Ծխախոտը կրնայ հիւանդութիւններ պատճառել։ Օրինակի համար քաղցկեղ եւ սրտանօթային հիւանդութիւններ (cardiovascular diseases), որոնք կրնան մահուան պատճառ դառնալ։ Ծխող մայրեր կրնան վնաս հասցնել իրենց չծնած երեխաներուն։ Տեսնենք թէ ի՞նչ են ծխախոտի կարգ մը տեսակներ։
Պիտի (Bidi)։ Ձեռքով փաթթուած այս պզտիկ սիկառէթները ընդհանրապէս կը գործածուին ասիական երկիրներու մէջ։ Անոնք որոնք այս տեսակ սիկառէթ,– այսինքն՝ պիտի,– կը ծխեն, պարզ սիկառէթ ծխողներէն աւելի ներս կ’առնեն ձիւթ (tar), նիքոթին եւ բնածուխի միաթթուիդ (carbon monoxide)։
Սիկար։ Սիկարը կը պատրաստուի ծխախոտի տերեւով կամ ծխախոտով պատրաստուած թուղթով։ Սիկարին արտադրուած կերպը կարելի կը դարձնէ, որ մէկը նիքոթին ներս առնէ բերնէն՝ նոյնիսկ եթէ սիկարը վառած չէ։
Քրեթէք (Kretek) կամ մեխակով սիկառէթ։ Այս տեսակ սիկառէթին 60 առ հարիւրը ծխախոտ է, իսկ 40 առ հարիւրը՝ մեխակ։ Քրեթէք ծխողները պարզ սիկառէթ ծխողներէն աւելի ներս կ’առնեն ձիւթ (tar), նիքոթին եւ բնածուխի միաթթուիդ (carbon monoxide)։
Ծխամորճ (Pipe)։ Ծխամորճը պարզ սիկառէթէն աւելի ապահով չէ, քանի որ երկո՛ւքն ալ կրնան պատճառել նոյն տեսակի քաղցկեղներ եւ ուրիշ հիւանդութիւններ։
Ծուխ չհանող ծխախոտ։ Ասոր մէջ կ’իյնան ծխախոտ ծամելն ու շնչելը, ինչպէս նաեւ՝ համեմուած քութգան (gutkha), որ ամէնէն շատ կը գործածուի Ասիոյ հարաւ–արեւելքը։ Այս պարագային, նիքոթինը ծխողին բերնէն արիւնին մէջ կը մտնէ։ Ատիկա միւս տեսակ սիկառէթներուն չափ վտանգաւոր է։
Կլկլակ։ Կլկլակին միջոցաւ ծխախոտին ծուխը կ’անցնի ջուրէն, առա՛ջ որ ծխողը ատիկա ներս շնչէ։ Ասով հանդերձ, այս գործողութիւնը չի պակսեցներ թոյներուն քանակը, մէջը ըլլալով քաղցկեղ պատճառող թոյներ։
[Շրջանակ/Նկար]
ԻՆՉՊԷՍ ԿՐՆԱՍ ՕԳՆԵԼ ՄԷԿՈՒ ՄԸ, ՈՐ ԾԽԵԼԸ ԿԵՑՆԷ
● Դրական եղիր։ Գովելը եւ գնահատելը աւելի լաւ են, քան՝ քննադատելը եւ քարոզ տալը։ «Կարծեմ կրնա՛ս յաջողիլ, եթէ նորէն փորձես» ըսելը աւելի՛ զօրաւոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ, քան՝ «Նորէ՛ն ձախողեցար» ըսելը։
● Ներող եղիր։ Ջանք ըրէ որ համբերող ըլլաս, երբ ծխել կեցնողը ջղային ըլլայ կամ կոշտ խօսքեր ըսէ։ Ազնիւ արտայայտութիւններ ըսէ. օրինակ՝ «Գիտեմ որ դժուար է, բայց հպարտ եմ քեզմով, որ ջանք կը թափես»։ Բնաւ մի՛ ըսեր. «Երանի՜ ետ ծխելու դառնաս. այն ատեն աւելի՛ լաւ անձ էիր»։
● Լաւ ընկեր եղիր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է» (Առակաց 17։17)։ Այո՛, «ամէն ատեն» համբերող եւ սիրով վարուէ մէկու մը հետ, որ ջանք կ’ընէ ծխելը կեցնել։ Այսպէս վարուէ օրուան մէջ որեւէ ժամուն կամ անհատին տրամադրութիւնը ի՛նչ որ ալ ըլլայ։
-
-
Կրնա՛ս ծխելը կեցնելԶարթի՛ր 2010 | Մայիս
-
-
Կրնա՛ս ծխելը կեցնել
ԺԱՄԱՆԱԿԸ եկաւ որ ‘զօրանաս եւ գործի անցնիս’ (Ա. Մնացորդաց 28։10, ՆԱ)։ Ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ ծխելը կեցնես։
Թուականը որոշէ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան եւ ընկերային ծառայութիւններու նախարարութիւնը կ’առաջարկէ, որ երբ որ մէկը որոշէ ծխելը կեցնել իր որոշումին վրայ պէտք չէ երկու շաբաթ անցնի։ Հապա պէտք է որ ան շա՛տ արագ քայլ առնէ։ Ասանկով իր որոշումին վրայ պիտի մնայ։ Օրացոյցիդ մէջ այդ օրը կլորի մէջ առ, ընկերներուդ պատմէ այդ օրուան մասին եւ պարագաներդ ի՛նչ որ ալ ըլլայ՝ այդ օր ծխելը կեցո՛ւր։
Պատրաստէ «չկայ ծխել» քարտ մը։ Անոր մէջ գրէ այս տեղեկութիւնները կամ ալ որեւէ ուրիշ բան, որ կրնայ քեզի օգնել որ ծխելը կեցնես.
● Չծխելու պատճառներ
● Անհատներու թիւեր, որոնց կրնաս հեռաձայնել, երբ կը զգաս որ ծխել կ’ուզես
● Կարգ մը գաղափարներ, որոնք կրնան քեզի օգնել որ վճռական մնաս, օրինակ՝ Սուրբ Գիրքէն համարներ, ինչպէս՝ Գաղատացիս 5։22, 23
Այս քարտը հետդ ունեցիր ամէն ատեն եւ օրուան մէջ քանի մը անգամ կարդա՛։ Նոյնիսկ ծխելը կեցնելէ ետք, շարունակէ աչքէ անցընել այս քարտը ամէն անգամ որ զգաս որ ծխել կ’ուզես։
Գիտցիր թէ ի՛նչ բան կը ձգէ որ ծխես եւ ատկէ հեռու մնա՛։ Որոշած թուականէդ առաջ, փոխէ բոլոր այն սովորութիւնները, որոնք կապ ունին ծխելուդ հետ։ Օրինակ, եթէ արթննալուդ պէս կը ծխես, փորձէ այդ սովորութիւնը մէկ ժամ յետաձգել։ Կամ եթէ ճաշի ատեն կամ ատկէ ճիշդ ետք կը ծխես, այդ սովորութիւնն ալ փոխէ։ Մի՛ երթար տեղեր, ուր ծխողներ կ’ըլլան։ Բարձրաձայն փորձ ըրէ. «Ո՛չ շնորհակալ եմ։ Այլեւս չեմ ծխեր»։ Այս քայլերը քեզ ոչ միայն կը պատրաստեն, որ որոշած օրդ ծխելը կեցնես, հապա նաեւ քեզի պիտի յիշեցնեն, որ մօտ ատենէն այլեւս պիտի չծխես։
Պատրաստութիւններ տես։ Որոշած թուականդ չհասած, գնէ բաներ, որոնք կրնաս ծխելու տեղ բերանդ առնել։ Օրինակ, ստեպղին, ծիթ, պիստակեղէն եւ այլն։ Ընկերներուդ եւ ընտանիքիդ յիշեցուր որոշած թուականդ եւ թէ ինչպէ՛ս կրնան քեզի օգնել։ Այդ օրուընէ ճիշդ առաջ, թափէ մոխրամաններ, լուցկիներ եւ ուրիշ որեւէ բան,– օրինակ՝ սիկառէթներ,– որ ունիս տունիդ, ինքնաշարժիդ եւ գրպաններուդ մէջ կամ ալ գործատեղը։ Ընկերէ մը սիկառէթ խնդրելը կամ սիկառէթի տուփ գնելը վստահաբար աւելի՛ դժուար է, քան՝ դարակէդ սիկառէթ մը առնելը։ Ասկէ զատ, աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն խնդրէ, մանաւանդ վերջին սիկառէթը ծխելէ ետք (Ղուկաս 11։13)։
Շատեր կրցած են իրենց կապը կտրել այս վտանգաւոր «անունով» ընկերին՝ սիկառէթին՝ հետ։ Դո՛ւն ալ կրնաս։ Ասանկով, աւելի լաւ առողջութիւն պիտի ունենաս եւ ազատ պիտի զգաս։
[Նկար]
Այս քարտը հետդ ունեցիր ամէն ատեն եւ օրուան մէջ քանի մը անգամ կարդա՛
-