Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կահ յօդուած 166
  • Բոլոր չարութիւններուն արմատը դրա՞մն է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Բոլոր չարութիւններուն արմատը դրա՞մն է
  • Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանը
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ դրամի մասին
  • Աստուածաշունչը ինչո՞ւ կը զգուշացնէ դրամասիրութենէ
  • Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ դրամի մասին տրուած Աստուածաշունչի խրատներէն
  • Ի՞նչպէս կրնաք դրամի հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պահպանել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Դրամը ինչպէ՛ս գործածել
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Դրա՞մդ՝ թէ՛ կեանքդ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ գործին եւ դրամին մասին
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
կահ յօդուած 166
Մարդ մը կը փորձէ մեծ գումար մը առնել։

Բոլոր չարութիւններուն արմատը դրա՞մն է

Աստուածաշունչին պատասխանը

Ո՛չ։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր որ դրամը չար բան մըն է, ոչ ալ կ’ըսէ որ ատիկա բոլոր գէշ բաներուն պատճառն է։ Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն որ Աստուածաշո՛ւնչը կը սորվեցնէ որ «բոլոր չարութիւններուն արմատը դրամն է»։ Բայց ատիկա սխալ եւ պակաս մէջբերում է Աստուածաշունչէն։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է»a (Ա. Տիմոթէոս 6։10, հաստ գիրերը մերն է)։

  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ դրամի մասին

  • Աստուածաշունչը ինչո՞ւ կը զգուշացնէ դրամասիրութենէ

  • Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ դրամի մասին տրուած Աստուածաշունչի խրատներէն

  • Աստուածաշունչէն համարներ դրամի մասին

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ դրամի մասին

Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ դրամը գործի կը ծառայէ, երբ որ գիտնանք ատիկա ճիշդ գործածել, եւ թէ ատիկա նոյնիսկ «հովանի» է, այսինքն՝ կը պաշտպանէ (Ժողովող 7։12, ԱԾ)։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կը գովէ առատաձեռն անձերը (Առակաց 11։25)։

Բայց Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ, որ պէտք չէ դրամը մեր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր բանը դառնայ։ Ատիկա կ’ըսէ. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ» (Եբրայեցիս 13։5)։ Այս համարէն կը սորվինք որ պէտք է դրամը ճիշդ կերպով գործածենք եւ հարստանալու ետեւէ չըլլանք։ Հապա, նպատակ դնենք բաւարարուիլ ամէնէն կարեւոր բաներով, որոնց պէտք ունինք. օրինակ՝ ուտելիք, հագուստ եւ ապրելու տեղ (Ա. Տիմոթէոս 6։8)։

Աստուածաշունչը ինչո՞ւ կը զգուշացնէ դրամասիրութենէ

Ագահ կամ աչքը ծակ անձերը յաւիտեան պիտի չապրին (Եփեսացիս 5։5)։ Ինչո՞ւ։ Նախ, քանի որ ագահութիւնը հաւասար է կռապաշտութեան կամ սուտ պաշտամունքի (Կողոսացիս 3։5)։ Երկու, քանի որ երբ մէկը շատ ջանք կ’ընէ որ իր ուզածը ունենայ, շատ անգամ լաւ վարք չ’ունենար։ Առակաց 28։20 (ՆԱ) կ’ըսէ որ «ան որ կ’ուզէ շատ արագ հարստանալ, անմեղ չի մնար»։ Ան թերեւս ստիպուի չար բաներ ընել. օրինակ՝ ուրիշին սպառնալ, դրամ շորթել, խարդախութիւն ընել, մէկը առեւանգել կամ մեռցնել։

Նոյնիսկ եթէ դրամասիրութեան պատճառով մէկը գէշ վարք չունենայ, բայց կրնայ ատոր գէշ հետեւանքները քաշել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ» (Ա. Տիմոթէոս 6։9)։

Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ դրամի մասին տրուած Աստուածաշունչի խրատներէն

Եթէ դրամի վերաբերեալ Աստուծոյ ըսածներուն հնազանդինք, ինքնայարգանք պիտի ունենանք, իրեն ընդունելի պիտի ըլլանք եւ ինք մեզի պիտի օգնէ։ Աստուած կը խոստանայ անոնց՝ որոնք սրտանց ջանք կ’ընեն որ իրեն ընդունելի ըլլան. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ» (Եբրայեցիս 13։5, 6)։ Աստուած նաեւ մեզ կը վստահեցնէ. «Հաւատարիմ մարդը շատ օրհնութիւններ կ’առնէ» (Առակաց 28։20)։

Աստուածաշունչէն համարներ դրամի մասին

Ժողովող 7։12, ԱԾ. «Արծաթն ալ հովանի է»։

Իմաստ։ Երբ որ դրամը ճիշդ կերպով գործածուի, օգտակար կը դառնայ եւ որոշ չափով ապահովութիւն կու տայ։

Ղուկաս 12։15. «Մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։

Իմաստ։ Դրամը ամէնէն կարեւոր բանը չէ կեանքի մէջ, ոչ ալ ատիկա մէկու մը կեանքը կը փրկէ։

Ա. Տիմոթէոս 6։10. «Բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին»։

Իմաստ։ Դրամը ինքնին սխալ չէ։ Բայց անոնք որոնք դրամասէր են, այսինքն՝ դրամը իրենց կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր տեղը կը դնեն, իրենք իրենց վրայ խնդիրներ կը բերեն։ Օրինակ դրամի պատճառով ընտանիքներ կը քանդուին եւ երկար ժամեր աշխատելու պատճառով՝ կարգ մը մարդոց առողջութիւնը ետեւ կ’երթայ։

Եբրայեցիս 13։5. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ»։

Իմաստ։ Ամէն գնով հարստութեան ետեւէ ըլլալու տեղ, լաւ կ’ըլլայ որ մեր ունեցած կարեւոր բաներով բաւարարուինք։

Մատթէոս 19։24. «Դիւրին է որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։

Իմաստ։ Յիսուս հարուստ երիտասարդի մը հրաւիրեց որ իրեն հետեւի։ Բայց երիտասարդը մերժեց, քանի որ իր ունեցուածքներուն շա՛տ կապուած էր։ Անոր համար, Յիսուս այս համարին մէջ զգուշացում կու տար։ Ան որ հարստութիւնը Աստուծմէ աւելի՛ կարեւոր կը սեպէ, յաւիտեան ապրելու առիթը կրնայ կորսնցնել։

a Այս համարը Նոր աշխարհաբար թարգմանութեան մէջ անցած է այսպէս. «Բոլոր չարիքներու արմատը դրամասիրութիւնն է»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել