Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յոյսի առաջնորդող տագնապ
    Դիտարան 2011 | Յունիս 1
    • Յոյսի առաջնորդող տագնապ

      «Վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան» (Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3։1)։

      ՀԵՏԵՒԵԱԼ տխուր դէպքերէն որեւէ մէկուն մասին լսա՞ծ ես կամ ականատես եղա՞ծ ես։

      ● Մահացու հիւանդութիւն մը շատերու կեանքը խլեց։

      ● Սով մը հարիւրաւոր մարդիկ գերեզման իջեցուց։

      ● Երկրաշարժ մը հազարաւորներ սպաննեց եւ շատ աւելի անհատներ անտուն ձգեց։

      Յաջորդ էջերուն մէջ պիտի կարդաս կարգ մը զգաստացուցիչ իրողութիւններ այսպիսի դէպքերու մասին։ Նաեւ պիտի տեսնես, թէ Աստուածաշունչը նախագուշակեց այսպիսի իրավիճակներ, որոնք պիտի պատահէին «վերջին օրեր» կոչուող ժամանակաշրջանին մէջ։a

      Սակայն այս յօդուածներուն նպատակը չէ քեզ համոզել, թէ տագնապալից աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք։ Հաւանաբար այս տագնապը ուղղակի կը տեսնես։ Փոխարէն, անոնք գրուած են՝ քեզի յոյս մը տալու համար։ Ասոնք ցոյց պիտի տան, թէ այս վեց մարգարէութիւններուն կատարուիլը կը նշանակէ թէ «վերջին օրերը» շուտով վերջ պիտի գտնեն։ Այս յօդուածաշարքը նաեւ պիտի քննարկէ կարգ մը ընդհանրացած առարկութիւններ այս իրողութեան շուրջ, եւ վաւերական պատճառ պիտի տայ հաւատալու՝ թէ աւելի լաւ բան մը մօտալուտ է։

      [Ստորանիշ]

      a Թէ ինչո՛ւ Աստուած կը թոյլատրէ այս գէշ իրավիճակները, տե՛ս «Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ չարիքն ու տառապանքը», էջ 12 եւ 13։

  • Մարգարէութիւն 1. Երկրաշարժներ
    Դիտարան 2011 | Յունիս 1
    • Մարգարէութիւն 1. Երկրաշարժներ

      «Մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան» (ՂՈՒԿԱՍ 21։11)։

      ● Հայիթիի մէջ, 16 ամսու Վինին փլատակներու մէջէն դուրս կը հանուի։ Աղէտը տեղեկագրող հեռատեսիլի խումբ մը լսած էր իր նուաղ հառաչանքը։ Ան երկրաշարժէն կը վերապրի, բայց իր ծնողները՝ ոչ։

      ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ։ Երբ յունուար 2010–ին Հայիթիի մէջ 7,0 ուժգնութեամբ երկրաշարժ եղաւ, աւելի քան 300,000 հոգի սպաննուեցաւ։ Անմիջապէս 1,3 միլիոն անհատ անտուն մնաց։ Ուժգին ըլլալով հանդերձ, Հայիթիի երկրաշարժը անջատ դէպք մը չէր։ Համայն աշխարհի մէջ, 2009–ի ապրիլէն մինչեւ 2010–ի ապրիլը, առնուազն 18 մեծ երկրաշարժներ տեղի ունեցան։

      ԸՆԴՀԱՆՐԱՑԱԾ ՄԷԿ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է։ Մեր օրերուն, երկրաշարժներու թիւը չէ աւելցած. արդի ճարտարարուեստին պատճառաւ, պարզապէս անցեալին ապրող մարդոցմէ աւելի տեղեակ ենք անոնց մասին։

      ԱՅԴ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱԿԱ՞Ն Է։ Նկատի առ սա իրողութիւնը. Աստուածաշունչը վերջին օրերու ընթացքին տեղի ունեցող երկրաշարժներու թիւին վրայ չի կեդրոնանար. բայց եւ այնպէս կ’ըսէ, թէ «տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան», պատմութեան մէջ այս նշանակալից ժամանակաշրջանին ուշագրաւ մէկ երեսակը դարձնելով զանոնք (Մարկոս 13։8. Ղուկաս 21։11)։

      Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՈՐՀԻՍ։ Աստուածաշունչի նախագուշակածին պէս մեծ երկրաշարժներ կը տեսնե՞նք։

      Երկրաշարժները ինքնին կրնան համոզիչ ապացոյց չըլլալ, թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Ատոնք պարզապէս մարգարէութիւն մըն են որ այժմ կը կատարուի։ Նկատի առ երկրորդ մարգարէութիւն մը։

      [Մէջբերում՝ էջ 4]

      «Մենք [երկրաբնագէտներս] զանոնք մեծ երկրաշարժներ կը կոչենք։ Մնացած բոլոր մարդիկը զանոնք սարսափելի դէպք կը կոչեն» (ԳԷՆ ՀԱՏՆԱԹ, ԱՄՆ–Ի ԵՐԿՐԱԲԱՆԱԿԱՆ ՓՈՐՁԱԳԻՏԱՆՔ)։

      [Նկարին աղբիւրը՝ էջ 4]

      © William Daniels/Panos Pictures

  • Մարգարէութիւն 2. Սովեր
    Դիտարան 2011 | Յունիս 1
    • Մարգարէութիւն 2. Սովեր

      «Սովեր. . . պիտի ըլլան» (ՄԱՐԿՈՍ 13։8)։

      ● Նիկէրի մէջ, մարդ մը ապաստանարան կը փնտռէ՝ երթալով Քուարաթկի գիւղը։ Անոր զարմիկները, եղբայրները եւ քոյրերը նոյնպէս երկրին ներսի կողմերէն եկած են, որպէսզի անօթի չմնան։ Այսուհանդերձ, մարդը գետինը՝ փսիաթի մը վրայ մինակ կ’երկննայ։ Ան ինչո՞ւ մինակ է։ «Ան [իր ընտանիքը] չի կրնար կերակրել եւ չի կրնար այլեւս անոնց աչքին նայիլ», կը բացատրէ Սիտին՝ գիւղապետը։

      ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ։ Համայն աշխարհի մէջ, գրեթէ ամէն 7–էն 1–ը իւրաքանչիւր օր բաւարարաչափ ուտելիք չի ստանար։ Ափրիկեան Սահարայի հարաւը գտնուող երկիրներուն մէջ տեղեկագրութիւնը աւելի գէշ է, ուր ամէն 3–էն 1–ը երկարատեւ անօթութենէ կը տառապի։ Այս համեմատութիւնը ըմբռնելու համար, երեւակայէ ընտանիք մը, որ ունի հայր մը, մայր մը եւ մանուկ մը։ Եթէ միայն երկու հոգիի համար բաւարար ուտելիք ըլլայ, ո՞վ անօթի պիտի մնայ։ Հա՞յրը, մա՞յրը, մանո՞ւկը։ Այսպիսի ընտանիքներ ամէն օր կը ստիպուին այս որոշումը կայացնել։

      ԸՆԴՀԱՆՐԱՑԱԾ ՄԷԿ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է։ Երկրագունդը բոլորին համար բաւարար չափէ աւելի՛ ուտելիք կ’արտադրէ։ Երկրի բնական հարստութիւնը պարզապէս պէտք է աւելի լաւ կերպով տնօրինուի։

      ԱՅԴ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱԿԱ՞Ն Է։ Ճիշդ է որ հողագործները որեւէ ժամանակէ աւելի շատ ուտելիք կրնան արտադրել ու առաքել։ Ենթադրաբար, մարդկային կառավարութիւնները պէտք է կարենան երկրի բերքը այնպէս մը վարել, որ անօթութեան խնդիրը լուծուի։ Սակայն, նոյնիսկ տասնեակ տարիներ ջանք թափելէ ետք, անոնք ասիկա ընելու անկարող եղած են։

      Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՈՐՀԻՍ։ Մարկոս 13։8–ը կը կատարուի՞։ Հակառակ ճարտարարուեստի յառաջդիմութեան, սովը աշխարհածաւալ տարողութեամբ մարդկութիւնը կը հարուածէ՞։

      Երկրաշարժները եւ սովը յաճախ կը կանխեն այն խնդիրները, որոնք վերջին օրերու նշանին մէկ այլ երեսակէն յառաջ կու գան։

      [Մէջբերում՝ էջ 5]

      «Թոքատապէ, փորհարութենէ եւ այլ հիւանդութիւններէ մահացող երեխաներուն աւելի քան մէկ երրորդը պիտի վերապրէր, եթէ թերի սննդառութենէ չտառապէր» (ԷՆ Մ. ՎԷՆՄԱՆ՝ ՄԱԿ–Ի ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՆԱԽԿԻՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆ)։

      [Նկարին աղբիւրը՝ էջ 5]

      © Paul Lowe/Panos Pictures

  • Մարգարէութիւն 3. Համաճարակներ
    Դիտարան 2011 | Յունիս 1
    • Մարգարէութիւն 3. Համաճարակներ

      «Պիտի ըլլան. . . մահտարաժամներ» (Ղուկաս 21։11)։

      ● Քաղաքացիական պատերազմի ենթարկուած ափրիկեան երկրի մը մէջ, հանրային առողջապահութեան մէկ պաշտօնեան՝ Պոնզալին, իր կարելին կ’ընէ, որպէսզի իր գիւղաքաղաքին մէջ աշխատող հանքագործները դարմանէ, որոնք Մարպուրկի ժահրին պատճառաւ կը մեռնին։a Ան կ’աղաչէ որ աւելի մեծ քաղաքի մը պաշտօնեաները իրեն օգնեն, բայց անպատասխան կը մնայ։ Չորս ամիս անցնելէ ետք, վերջապէս օգնութիւն կը հասնի, բայց Պոնզալին մեռած է։ Ան Մարպուրկով վարակուեցաւ այն հանքագործներէն, զորոնք փորձեց ազատել։

      ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ։ Թոքատապի նման ստորին շնչուղիներու վարակը, փորհարական հիւանդութիւնները, HIV–ն եւ ԷՅՏԾ–ը, թոքախտն ու ջերմախտը, մարդկութիւնը հարուածող ամենակործանարար հիւանդութիւններու շարքին են։ Վերջերս, մէկ տարուան մէջ, հիւանդութիւններու այս հինգ տեսակները շուրջ 10,7 միլիոն անհատներու կեանքերը խլեցին. ուրիշ խօսքով՝ ամբողջ տարուան ընթացքին, գրեթէ ամէն երեք երկվայրկեանի մէջ մէկ անհատի կեանքը։

      ԸՆԴՀԱՆՐԱՑԱԾ ՄԷԿ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է։ Աշխարհին բնակչութեան թիւը երթալէն կ’աւելնայ, ուստի վստահաբար հիւանդութիւններու դէպքերը աւելի են։ Վարակուելու ենթակայ աւելի շատ մարդիկ կան։

      ԱՅԴ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱԿԱ՞Ն Է։ Աշխարհին բնակչութեան թիւը խստօրէն աւելցած է։ Բայց հիւանդութիւնները ախտաճանաչելու, հակակշռի տակ առնելու եւ դարմանելու մարդուն կարողութիւնն ալ աւելցած է։ Ուստի տրամաբանական գետնի վրայ, պէտք չէ՞ր որ մարդկային ընտանիքը սկսէր հիւանդութիւնը յաղթահարել։ Սակայն իրողութիւնը այն է, որ ճիշդ հակառակը կը պատահի։

      Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՈՐՀԻՍ։ Մարդիկ Աստուածաշունչի նախագուշակածին պէս սոսկալի հիւանդութիւններէ կը տառապի՞ն։

      Երկրաշարժները, սովերն ու համաճարակները անդէմ ուժեր են, որոնք միլիոնաւորներու վրայ աւերում կը բերեն։ Ուրիշ միլիոնաւոր անհատներու տառապանքին պատճառը մարդը ինքն է,– շատեր կը չարչարուին ա՛յն անհատներէն, որոնք պէտք էր զիրենք պաշտպանէին։ Նկատէ թէ աստուածաշնչական մարգարէութիւնը ի՛նչ կ’ըսէ որ պիտի պատահէր։

      [Ստորանիշ]

      a Մարպուրկի արիւնահոսական տենդին պատճառը ժահր մըն է, որ Էպոլայի հետ կապ ունի։

      [Մէջբերում՝ էջ 6]

      «Սարսափելի բան մըն է ուտուիլ առիւծի մը կամ ուրիշ բանի մը կողմէ, բայց նոյնպէս սարսափելի է ուտուիլ ներքնապէս ահռելի մանրէի մը կողմէ, եւ տեսնել անոր տեղի ունենալը չորս կողմդ» (ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԱԳԷՏ՝ ՄԱՅՔԼ ՕՍԹԵՐՀՈԼՄ)։

      [Նկարին աղբիւրը՝ էջ 6]

      © William Daniels/Panos Pictures

  • Մարգարէութիւն 4. Բնական սիրոյ պակաս
    Դիտարան 2011 | Յունիս 1
    • Մարգարէութիւն 4. Բնական սիրոյ պակաս

      «Մարդիկ պիտի ըլլան. . . անգութ» (Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3։1-3)։

      ● Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, Քրիս տնային վայրագութիւնը նուազեցնող խումբի մը մէջ կ’աշխատի։ Ան կ’ըսէ. «Կը յիշեմ տիկին մը, որ երբ ներս մտաւ, ա՛յնքան ծեծ կերած էր որ զինք չճանչցայ, հակառակ որ զինք նախապէս տեսած էի։ Ուրիշ կիներ զգացական գետնի վրայ ա՛յնքան վիրաւորուած կ’ըլլան, որ չեն համարձակիր երեսիդ նայելու»։

      ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ։ Ափրիկեան երկրի մը մէջ, գրեթէ ամէն 3 կիներէն մէկը երեխայ եղած ատեն սեռապէս եղծանուած է։ Սոյն երկրին մէջ, փորձագիտանք մը ցոյց տուաւ թէ տղամարդոց աւելի քան մէկ երրորդը կը խորհէր, որ իրենց կիները ծեծելը ընդունելի էր։ Սակայն, տնային վայրագութեան զոհերը միայն կիները չեն։ Քանատայի մէջ, զոր օրինակ, ամէն 10 տղամարդոցմէ գրեթէ երեքը ծեծ կերած են կամ այլ կերպերով չարչարուած են իրենց կողակիցներուն ձեռքով։

      ԸՆԴՀԱՆՐԱՑԱԾ ՄԷԿ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է։ Տնային վայրագութիւնը միշտ ալ եղած է։ Այժմ անոր պարզապէս աւելի ուշադրութիւն կը տրուի քան՝ անցեալին։

      ԱՅԴ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱԿԱ՞Ն Է։ Վերջին տասնամեակներուն, մարդիկ աւելի տեղեակ եղած են տնային վայրագութեան մասին։ Բայց արդեօք խնդրին շուրջ աւելի տեղեակ ըլլալը նուազեցուցա՞ծ է տնային վայրագութեան միջադէպերուն թիւը։ Ո՛չ։ Անգթութիւնը աւելի՛ տարածուած է։

      Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՈՐՀԻՍ։ Բ. Տիմոթէոս 3։1-3–ը կը կատարուի՞։ Շատեր իրենց ընտանիքի անդամներուն հանդէպ բնական գութը կորսնցուցա՞ծ են։

      Այժմ կատարուող հինգերորդ մարգարէութիւնը կը պարփակէ մեր տունը՝ երկրագունդը։ Նկատի առ թէ այս նիւթին շուրջ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ։

      [Մէջբերում՝ էջ 7]

      «Ընդունուած է թէ ընկերութեան մէջ տնային վայրագութիւնը ա՛յն ոճիրներէն մէկն է, որոնք յաճախ հազուադէպ կը տեղեկագրուին։ Երբ կին մը ոստիկանութեան կը հեռաձայնէ, միջին հաշիւով՝ արդէն իր կողակիցէն 35 անգամ ծեծուած է» (ԿԱԼԵՍԻ ՏՆԱՅԻՆ ՎԱՅՐԱԳՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՆԽՈՂ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՆԱԿՈՒՀԻ ՄԸ)։

  • Մարգարէութիւն 5. Երկրի ապականութիւն
    Դիտարան 2011 | Յունիս 1
    • Մարգարէութիւն 5. Երկրի ապականութիւն

      ‘Աստուած պիտի ապականէ երկիրը ապականողները’ (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 11։18)։

      ● Նիկերիոյ Քփոր գիւղին մէջ, Փիրին արմաւենիէն գինի կը հանէ։ Նիկէրի գետաբերանը մեծ քանակութեամբ նաւթ թափուելուն պատճառաւ, անոր առեւտուրը կեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ատիկա մեր ձուկերը կը սատկեցնէ, մեր մորթը կը վնասէ եւ մեր առուակները կ’ապականէ. . . այլեւս ապրուստի միջոց մը չունիմ»։

      ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ։ Ըստ կարգ մը մասնագէտներու, ամէն տարի ովկիանոսներու մէջ 6,5 միլիոն թոն աղբ կը թափուի։ Այդ աղբին գրեթէ 50 տոկոսը բլաստիկ է, որուն քայքայուիլը հարիւրաւոր տարիներ կ’առնէ։ Երկիրը ապականելէ զատ, մարդիկ անոր հարստութիւնը ծայր աստիճան կը սպառեն։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ երկրագունդը մէկ տարի եւ հինգ ամիս կ’ուզէ, որպէսզի վերարտադրէ ինչ որ մարդիկ կը սպառեն մէկ տարուան մէջ։ «Եթէ բնակչութիւնը եւ սպառումը շարունակեն նոյն կերպով շատնալ, 2035–ին երկու երկրագունդի պէտք պիտի ունենանք», կը տեղեկագրէ աւստրալիական թերթ մը (Sydney Morning Herald)։

      ԸՆԴՀԱՆՐԱՑԱԾ ՄԷԿ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է։ Մարդիկ հնարամիտ են։ Կրնա՛նք այս խնդիրները յեղաշրջել ու երկրագունդը ազատել։

      ԱՅԴ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱԿԱ՞Ն Է։ Բազմաթիւ ջանասէր անհատներ ու խումբեր կենսոլորտային հարցերուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրած են։ Այսուհանդերձ, երկրագունդը կը շարունակէ մեծ տարողութեամբ ապականիլ։

      Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՈՐՀԻՍ։ Հարկ կա՞յ որ Աստուած իր խոստումին համաձայն միջամտէ ու մեր մոլորակը ապականութենէ ազատէ։

      Մինչեւ հիմա քննարկուած հինգ մարգարէութիւններէն զատ, Աստուածաշունչը նաեւ նախագուշակեց թէ վերջին օրերուն մէջ դրական բաներ պիտի ըլլային։ Նկատի առ օրինակ մը,– վեցերորդ մարգարէութիւնը։

      [Մէջբերում՝ էջ 8]

      «Կը զգամ թէ կտոր մը դրախտ կորսնցուցի եւ տեղը եկաւ թունաւոր աղբանոց մը» (ԷՐԻՆ ԹԷՄՊԸՐ, ՄԵՔՍԻՔԱՅԻ ԾՈՑԻ ԱՓԻՆ ՄԷԿ ԲՆԱԿԻՉԸ (ԱՄՆ), ԽՕՍԵԼՈՎ 2010–Ի ՆԱՒԹ ԹԱՓՈՒԵԼՈՒՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ)։

      [Շրջանակ՝ էջ 8]

      Աստուած պատասխանատո՞ւ է

      Որովհետեւ Աստուածաշունչը մեր տեսած գէշ վիճակները նախագուշակեց, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Աստուած պատասխանատու է անոնց համար։ Ան պատճառ կ’ըլլա՞յ որ մենք տառապինք։ Այս հարցումներուն շուրջ գոհացուցիչ պատասխաններ պիտի գտնես Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 11–րդ գլուխին մէջ, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

      [Նկարին աղբիւրը՝ էջ 8]

      U.S. Coast Guard photo

  • Մարգարէութիւն 6. Աշխարհածաւալ քարոզչութիւն
    Դիտարան 2011 | Յունիս 1
    • Մարգարէութիւն 6. Աշխարհածաւալ քարոզչութիւն

      «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի» (ՄԱՏԹԷՈՍ 24։14)։

      ● Վայէթիյան կ’ապրի Խաղաղական ովկիանոսի Թուամօթթու կղզեխումբի հեռաւոր մէկ կղզիին մէջ։ Թէեւ Թուամօթթուն կը բաղկանայ շուրջ 80 կղզիներէ, որոնք աւելի քան 802,900 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան մէջ ցրուած են, իր բնակիչներուն թիւը միայն շուրջ 16,000 է։ Այսուհանդերձ, Եհովայի վկաները Վայէթիյային եւ անոր դրացիներուն այցելած են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Վկաները կը փափաքին Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը բոլորին հաղորդել,– ո՛ւր որ ալ կ’ապրին։

      ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ։ Թագաւորութեան պատգամը երկրագունդի չորս կողմը կը տարածուի։ Միայն 2010–ին, Եհովայի վկաները աւելի քան 1,6 միլիառ ժամ յատկացուցին այս բարի լուրը 236 երկիրներու մէջ ծանուցանելու համար։ Ինչ որ կը նշանակէ թէ միջին հաշիւով, ամէն Վկայ օրական 30 վայրկեան բաժին բերաւ քարոզչութեան մէջ։ Վերջին տասնամեակին, անոնք աւելի քան 20 միլիառ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ արտադրած ու բաշխած են։

      ԸՆԴՀԱՆՐԱՑԱԾ ՄԷԿ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է։ Աստուածաշունչին պատգամը հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը քարոզուի։

      ԱՅԴ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱԿԱ՞Ն Է։ Ճիշդ է որ շատեր Աստուածաշունչին պատգամին մասին բան մը քարոզած են, սակայն անոնց մեծամասնութեան աշխատանքը կարճատեւ ու սահմանափակ եղած է։ Առ ի հակապատկեր, Եհովայի վկաները կազմակերպուած, աշխարհածաւալ քարոզչական արշաւ մը կ’իրագործեն, որ հարիւր միլիոնաւոր անհատներու կը հասնի։ Պատմութեան մէջ ամենազօրաւոր ու դաժան կազմակերպութիւններէ ոմանց խիստ հակառակութեան դիմաց, Վկաները յարատեւած են իրենց քարոզչութեան մէջ (Մարկոս 13։13)։a Ասկէ զատ, Եհովայի վկաները դրամով չեն քարոզեր։ Փոխարէն, անոնք իրենց ժամանակը յօժարութեամբ կը տրամադրեն եւ իրենց հրատարակութիւնները ձրիաբար կ’առաջարկեն։ Իրենց գործը ամբողջութեամբ կ’օժանդակուի կամաւոր նուիրատուութիւններով։

      Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՈՐՀԻՍ։ «Արքայութեան այս աւետարանը» համայն աշխարհին մէջ կը քարոզուի՞։ Այս մարգարէութեան կատարումը կրնա՞յ նշանակել, թէ աւելի լաւ բան մը մօտալուտ է։

      [Ստորանիշ]

      a Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս հետեւեալ երեք վաւերագրական տեսաֆիլմերը՝ «Հաւատարիմ՝ փորձութիւններու ներքեւ», «Մանիշակագոյն եռանկիւններ» եւ «Եհովայի վկաները նացիներու յարձակման դիմաց հաստատ կը մնան», բաշխուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

      [Մէջբերում՝ էջ 9]

      «Այնքան ատեն որ Եհովա կը թոյլատրէ, պիտի շարունակենք նախանձախնդրօրէն Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել, մարդոց հասնելու ամէն միջոց գործածելով» (2010–Ի ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԳԻՐՔ)։

  • Աւելի լաւ ժամանակներ մօտալո՛ւտ են
    Դիտարան 2011 | Յունիս 1
    • Աւելի լաւ ժամանակներ մօտալո՛ւտ են

      «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ. . . Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (ՍԱՂՄՈՍ 37։10, 11)։

      Կ’ՈՒԶԵ՞Ս վերոնշեալ մէջբերուած մարգարէութեան կատարումը տեսնել։ Անշո՛ւշտ։ Վաւերական պատճառներ կան հաւատալու, թէ ատիկա շուտով պիտի կատարուի։

      Նախորդ յօդուածները քննարկեցին միայն կարգ մը աստուածաշնչական մարգարէութիւններ, որոնք յստակօրէն կը մատնանշեն թէ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։ Աստուած Աստուածաշունչի գրողները ներշնչեց որ այդ դէպքերը նախագուշակեն, որպէսզի յոյս ունենանք (Հռովմայեցիս 15։4)։ Այս մարգարէութիւններուն կատարուիլը կը նշանակէ, թէ մեր դիմագրաւած նեղութիւնները շուտով վերջ պիտի գտնեն։

      Վերջին օրերուն ի՞նչ պիտի յաջորդէ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ամբողջ մարդկութեան վրայ պիտի իշխէ (Մատթէոս 6։9)։ Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս կը նկարագրէ այդ ատենուան վիճակները երկրագունդին վրայ.

      ● Սովը պիտի չքանայ։ «Ցորենի յորդառատութիւն պիտի ըլլայ երկրին մէջ՝ լեռներուն գագաթը» (Սաղմոս 72։16, ԱԾ)։

      ● Հիւանդութիւնը պիտի անհետանայ։ «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (Եսայի 33։24)։

      ● Երկրագունդը պիտի նորոգուի։ «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի» (Եսայի 35։1)։

      Ասոնք միայն կարգ մը քաջալերական աստուածաշնչական մարգարէութիւններ են, որոնք մօտ ատենէն պիտի կատարուին։ Ինչո՞ւ Եհովայի վկաներէն չխնդրես որ քեզի ցոյց տան, թէ ինչո՛ւ այսքան վստահ են որ աւելի լաւ ժամանակներ մօտալուտ են։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել