Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը
    Դիտարան 2014 | Յունուար 1
    • ՅԱՍՄԻԿ.– Այո՛։ Ատոր մասին սորված եմ կիրակնօրեայի մէջ։ Աստուած ըսաւ որ որոշ ծառէ մը չուտեն, բայց անոնք կերան։

  • Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը
    Դիտարան 2014 | Յունուար 1
    • ԿԱՐԻՆԷ.– Շնորհակալ եմ։ Բերնիդ դալար։ Պահ մը քննարկենք այս համարները։ Նախ, նշմարեցէք թէ օձ մը կնոջ՝ Եւային՝ հետ խօսեցաւ։ Աստուածաշունչի ա՛յլ համար մը ցոյց կու տայ, թէ անիկա իրականութեան մէջ Բանսարկու Սատանան էր, որ օձին միջոցաւ Եւային խօսեցաւc։ Սատանան Եւային հարցուց որոշ ծառի առնչուող Աստուծոյ պատուէրին մասին։ Բայց նկատի առի՞ք թէ Աստուած ի՛նչ ըսած էր որ պիտի պատահէր անոնց եթէ այդ ծառէն ուտէին։

      ՅԱՍՄԻԿ.– Անոնք պիտի մեռնէին։

      ԿԱՐԻՆԷ.– Ճիշդ է։ Ետքը, իր խօսքերով Սատանան լրջօրէն Աստուած ամբաստանեց, երբ ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք»։ Սատանան Աստուած ստախօս կոչեց։

      ՅԱՍՄԻԿ.– Ո՜հ, ասիկա չէի գիտեր։

      ԿԱՐԻՆԷ.– Եւ երբ Սատանան Աստուած ստախօս կոչեց, ան յարուցանեց հարց մը, որ լուծուելու համար ժամանակ պիտի առնէր։ Գիտէք ինչո՞ւ։

      ՅԱՍՄԻԿ.– Ը՜. . . վստահ չեմ։

      ԿԱՐԻՆԷ.– Թերեւս կրնամ այս կէտը հետեւեալ կերպով լուսաբանել։ Երեւակայենք թէ օր մը ձեզի մօտենալով կը դաւանիմ որ ֆիզիքապէս ձեզմէ աւելի զօրաւոր եմ։ Ինչպէ՞ս կրնաք փաստել թէ ըսածս սխալ է։

      ՅԱՍՄԻԿ.– Որոշ փորձ մը կ’ընենք։

      ԿԱՐԻՆԷ.– Շատ ճիշդ էք։ Թերեւս ընտրենք ծանր առարկայ մը եւ տեսնենք թէ մեզմէ ո՛վ կրնայ զայն շալկել։ Իրականութեան մէջ, փաստելը թէ ո՛վ զօրաւոր է, դիւրին հարց մըն է եւ շուտով կրնայ գիտցուիլ։

      ՅԱՍՄԻԿ.– Համամիտ եմ։

      ԿԱՐԻՆԷ.– Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ ձեզմէ զօրաւոր ըլլալ դաւանելու փոխարէն, ըսէի թէ ես ձեզմէ աւելի պարկեշտ եմ։ Ասիկա տարբեր հարց մըն է, այդպէս չէ՞։

      ՅԱՍՄԻԿ.– Այո՛։ Այդպէս կը կարծեմ։

      ԿԱՐԻՆԷ.– Վերջ ի վերջոյ, պարկեշտութիւնը զօրութեան նման բան մը չէ, որ պարզ փորձի մը միջոցաւ կրնայ փաստուիլ։

      ՅԱՍՄԻԿ.– Ճիշդ է։

      ԿԱՐԻՆԷ.– Միակ լուծումն է թոյլ տալ որ բաւարար ժամանակ անցնի, որպէսզի ուրիշներ նկատեն թէ իրապէս մեր երկուքէն ո՛վ աւելի պարկեշտ է։

      ՅԱՍՄԻԿ.– Ըսածդ տրամաբանական է։

      ԿԱՐԻՆԷ.– Դարձեալ նկատի առէք Ծննդոցի արձանագրութիւնը։ Սատանան դաւանեցա՞ւ որ Աստուծմէ զօրաւոր է։

      ՅԱՍՄԻԿ.– Ո՛չ։

      ԿԱՐԻՆԷ.– Աստուած արագօրէն կրնար փաստել թէ Սատանան սխալ էր։ Փոխարէն, Սատանան դաւանեցաւ Աստուծմէ աւելի պարկեշտ ըլլալ։ Այսպիսով, ան կարծես Եւային ըսաւ. ‘Աստուած քեզի կը ստէ, բայց ես ճշմարտութիւնը կը խօսիմ’։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել