-
Չարութիւնը ինչո՛ւ կը շարունակուիԴիտարան 2007 | Հոկտեմբեր 1
-
-
Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ։ Օձ մը գործածելով որպէս իր խօսնակը, Բանսարկուն Եւայի ըսաւ. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։ Երբ Եւան Աստուծոյ պատուէրը կրկնեց, Սատանան անոր ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ Հետեւաբար, ծառը Եւայի ա՛յնքան ցանկալի երեւցաւ որ «առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ»։ Արձանագրութիւնը կը շարունակէ. «Իր էրկանն ալ տուաւ եւ անիկա ալ կերաւ»։ (Ծննդոց 3։1-6) Թէ՛ Ադամը եւ թէ Եւան այսպիսով իրենց ազատ կամքը սխալ կերպով գործածեցին եւ մեղանչեցին՝ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուելով։
Տեղի ունեցածին լրջութեան կ’անդրադառնա՞ս։ Բանսարկուին խօսքը հակասեց Աստուծոյ ըսածին, եւ հասկցուց թէ Ադամ ու Եւա բարին ու չարը որոշելու համար, Եհովայի պէտք պիտի չունենային։ Ուստի Սատանայի մարտահրաւէրը հարցականի տակ դրաւ՝ մարդուն վրայ Եհովայի իշխանութեան իրաւունքն ու վաւերականութիւնը։ Արդարեւ, Սատանայի յարուցած կարեւորագոյն հարցը՝ Եհովայի գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալն էր։ Ճշմարիտ Աստուածը այս մարտահրաւէրին ի՞նչպէս պատասխանեց։
-
-
Չարութիւնը ինչո՛ւ կը շարունակուիԴիտարան 2007 | Հոկտեմբեր 1
-
-
Շուրջ 6,000 տարի անցած է այն օրէն, երբ Սատանան Աստուծոյ իշխելու իրաւունքը հարցականի տակ դրաւ։ Պատմութիւնը ի՞նչ երեւան հանած է։ Նկատի առ Աստուծոյ դէմ Սատանայի ամբաստանութեան երկու երեսակներ։ Ան յանդգնօրէն Եւայի ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք»։ (Ծննդոց 3։4) Ըսելով թէ Ադամ ու Եւա արգիլուած պտուղէն ուտելով պիտի չմեռնէին, Սատանան Եհովան ստախօս կը կոչէր։ Արդարեւ լուրջ ամբաստանութիւն մը։ Եթէ այս առնչութեամբ Աստուած ճշմարտախօս չէր, ի՞նչպէս կարելի պիտի ըլլար իրեն վստահիլ ուրիշ բաներու մէջ։ Սակայն անցած ժամանակը ի՞նչ ցոյց տուած է։
Ադամ ու Եւա հիւանդութեան, ցաւի, ծերութեան եւ ի վերջոյ մահուան ենթակայ դարձան։ «Ադամին կեանքին բոլոր օրերը ինը հարիւր երեսուն տարի եղան ու մեռաւ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Ծննդոց 3։19. 5։5) Իսկ Ադամէն՝ այս ցաւալի ժառանգը ամբողջ մարդկութեան փոխանցուած է։ (Հռովմայեցիս 5։12) Անցած ժամանակը ապացուցանած է թէ Սատանան «ստախօս է եւ անոր հայրը», իսկ Եհովա՝ ‘ճշմարտութեան Աստուած’ է։—Յովհաննէս 8։44. Սաղմոս 31։5
-