-
Կեանքը ինչպէ՞ս սկսաւԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
3. Մարդը ինչո՞վ տարբեր է անասուններէն
Երկիրը ստեղծելէն ետք, Եհովան անոր վրայ կեանքը ստեղծեց։ Նա՛խ, անոր վրայ բոյսեր եւ անասուններ ստեղծեց։ Ետքը, «Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը» (կարդա՛ Ծննդոց 1։27)։ Ի՞նչ բան մարդը յատուկ կը դարձնէ։ Որովհետեւ Աստուծոյ նմանութիւնով ստեղծուած ենք, կրնանք իր յատկութիւնները ցոյց տալ, օրինակ՝ սէր եւ արդարութիւն։ Ան նաեւ մեզ այնպէս մը ստեղծած է, որ կրնանք լեզուներ սորվիլ, արուեստը գնահատել եւ երաժշտութիւնը վայելել։ Եւ կրնանք մեր Ստեղծիչը պաշտել, ինչ որ որեւէ անասուն չի կրնար ընել։
-
-
Կեանքը ինչպէ՞ս սկսաւԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
5. Ստեղծագործութեան մասին Սուրբ Գիրքին ըսածը տրամաբանական է
Սուրբ Գիրքին Ծննդոց գրքին առաջին գլուխին մէջ կը նկարագրուի, թէ երկիրը ինչպէ՛ս ստեղծուեցաւ եւ թէ անոր վրայ կեանքը ինչպէ՛ս սկսաւ։ Սուրբ Գիրքին ըսածին կրնա՞ս վստահիլ, թէ ոչ՝ ատիկա ոչ–իրական պատմութիւն մըն է։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։
Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ՞ թէ երկիրը եւ անոր վրայ կեանքը 24 ժամ ունեցող վեց օրերու ընթացքին ստեղծուեցան։
Քու կարծիքովդ, ստեղծագործութեան մասին Սուրբ Գիրքին ըսածը տրամաբանակա՞ն է։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։
Կարդացէ՛ք Ծննդոց 1։1 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Գիտնականները կ’ըսեն որ տիեզերքը սկիզբ ունի։ Անոնց ըսածը ինչպէ՞ս համաձայն է Սուրբ Գիրքի համարին, որ հիմա կարդացիր։
Ոմանք կը խորհին, որ Աստուած բարեշրջութիւնը գործածելով կեանքը ստեղծեց։ Կարդացէ՛ք Ծննդոց 1։21, 25, 27 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Ըստ Սուրբ Գիրքին, Աստուած ստեղծե՞ց պարզ կեանքի ձեւ մը եւ ետքը թոյլ տուաւ որ բարեշրջուելով մէջտեղ բերէ ձուկ, անասուն եւ մարդ, թէ ոչ՝ ստեղծեց կեանքի բոլոր հիմնական «տեսակ»ներըb։
-