-
Ի՞նչ է Աստուծոյ հանգիստըԴիտարան 2011 | Յուլիս 1
-
-
1, 2. Եօթներորդ օրուան առնչութեամբ, Ծննդոց 2։1-3–էն ի՞նչ կրնանք եզրակացնել, եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։
ԾՆՆԴՈՑԻ առաջին գլուխէն կ’իմանանք, թէ Աստուած երկիրը մարդուն բնակութեան համար պատրաստեց, այլաբանական վեց օրերու ընթացքին։ Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանին աւարտը կը յատկանշուի սա խօսքով. «Իրիկուն ու առտու ըլլալով» (Ծն. 1։5, 8, 13, 19, 23, 31)։ Սակայն եօթներորդ օրուան առնչութեամբ, Ծննդոց 2։1-3–ի մէջ այդ նոյն խօսքը չի նշուիր։
2 Վերոնշեալ խօսքը չարձանագրելը կը թելադրէ, թէ եօթներորդ օրը,– հանգստանալու Աստուծոյ «օրը»,– տակաւին կը շարունակուէր։ Ներկայիս Աստուած դեռ հանգիստ կ’ընէ՞։ Եթէ այո՛, կրնա՞նք անոր հանգիստին մէջ մտնել։ Այս հարցումներուն պատասխանները մեզի համար մեծ կարեւորութիւն ունին։
-
-
Ի՞նչ է Աստուծոյ հանգիստըԴիտարան 2011 | Յուլիս 1
-
-
5. Եօթներորդ օրուան նպատակը ի՞նչ էր, եւ ե՞րբ լիովին պիտի իրագործուի։
5 Այդ հարցումին պատասխանելու համար, հարկ է որ եօթներորդ օրուան նպատակը յիշենք։ Ծննդոց 2։3–ը զայն կը բացատրէ. «Աստուած եօթներորդ օրը օրհնեց ու սրբեց»։ Եհովա այդ օրը սրբեց կամ զատեց, որպէսզի իր նպատակը իրագործէ, որ է՝ հնազանդ տղամարդիկ ու կիներ երկրի վրայ ապրին եւ կեանքի բոլոր տեսակներուն հոգ տանին (Ծն. 1։28)։ Երկրի նկատմամբ այդ նպատակը իրագործելու համար, Եհովա Աստուած եւ «շաբաթին տէրը»՝ Յիսուս Քրիստոս, ‘մինչեւ հիմա կը գործեն’ (Մատ. 12։8)։ Ուստի, Աստուծոյ հանգիստը պիտի շարունակուի մինչեւ որ Իր նպատակը լիովին իրագործուի՝ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան։
-