-
Ներկայ կեանքին համար գործնական գիրք մըԳիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար
-
-
Ասոր հակառակը, Աստուածաշունչը վստահելի, հաւասարակշռուած խրատ մը կու տայ ամուսնական նիւթի շուրջ։ Անիկա կ’ընդունի որ կարգ մը ծայրայեղ պարագաներու՝ ամուսնալուծումը կրնայ թոյլատրուիլ։ (Մատթէոս 19։9) Միեւնոյն ատեն, անիկա կը դատապարտէ առանց լուրջ պատճառի եղող ամուսնալուծումները։ (Մաղաքեայ 2։14-16) Անիկա նաեւ ամուսնական անհաւատարմութիւնը կը դատապարտէ։ (Եբրայեցիս 13։4) Ըստ Աստուածաշունչի, ամուսնութիւնը պարտաւորութիւններ կը դնէ անհատին վրայ. «Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան»։a—Ծննդոց 2։24. Մատթէոս 19։5, 6
-
-
Ներկայ կեանքին համար գործնական գիրք մըԳիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար
-
-
a Եբրայերէն տա·վագ բառը, որ հոս «յարիլ» թարգմանուած է, «մէկու մը խանդաղատանքով ու հաւատարմութեամբ կառչելու իմաստը կը կրէ»։4 Մատթէոս 19։5–ի մէջ գործածուած «պիտի յարի» բառը Յունարէնին մէջ, «փակիլ», «շաղախուիլ», «զօրաւոր կերպով իրարու կպչիլ» իմաստը ունի։5
-