Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ»
    «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր (2020) | Յունիս
    • «Քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ»

      4։10-15

      Մովսէս Եհովային օգնութեամբ գլուխ ելաւ իր վախերուն հետ։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ իրեն ուղղուած Եհովային խօսքերէն։

      • Պէտք չէ կեդրոնանանք այն բաներուն վրայ, որոնք կարող չենք ընել։

      • Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան պէտք եղածը պիտի տայ մեզի, որպէսզի մեր նշանակումները կատարենք։

      • Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը մեզի պիտի օգնէ որ մարդոցմէ չվախնանք։

  • Կրնա՛ս քարոզել եւ սորվեցնել
    «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր (2020) | Յունիս
    • Կրնա՛ս քարոզել եւ սորվեցնել

      Սկիզբը Մովսէս կը կասկածէր, որ կրնար Եհովային տուած նշանակումը ընել (Ել. 4։10, 13)։ Դուն ալ այդպէս զգացա՞ծ ես։ Եթէ Սուրբ Գիրքը կը սերտես Եհովայի վկաներուն հետ, բնաւ մտահոգուա՞ծ ես որ օր մը օրանց պիտի կարենաս դռնէ դուռ ծառայել։ Կամ եթէ դպրոց գացող պատանի մըն ես, կը քաշուի՞ս հաւատքիդ մասին խօսելու դպրոցը։ Կամ կրնա՞յ ըլլալ որ կը վախնաս հեռաձայնով վկայելու կամ ուրիշ կերպով մը հանրային վկայութիւն տալու։ Եհովայէն խնդրէ որ իր սուրբ հոգիով զօրացնէ քեզ (Ա. Պետ. 4։11)։ Վստահ եղիր որ ան կրնայ քեզի օգնել որեւէ նշանակումի մէջ որ քեզի կու տայ (Ել. 4։11, 12)։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել