Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան 2000 | Հոկտեմբեր 15
    • Եհովա՝ որու կը պարտինք մեր կեանքը՝ պատուիրեց որ արիւն պէտք չէ ուտուի։ (Ծննդոց 9։3, 4) Վաղեմի Իսրայէլի տուած Օրէնքին մէջ, Աստուած արեան գործածութիւնը սահմանափակեց, քանի որ անիկա կեանք կը ներկայացնէ։ Ան պատուիրեց. «Մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է եւ ես ձեզի տուի զայն, որպէս զի սեղանին վրայ ձեր հոգիներուն համար քաւութիւն ընէք»։ Եթէ մարդ մը անասուն մը մեռցնէր ուտելու համար, ի՞նչ էր օրէնքը։ Աստուած ըսաւ. «Անոր արիւնը պէտք է թափէ ու հողով ծածկէ զայն»։a (Ղեւտացւոց 17։11, 13) Եհովա այս պատուէրը բազմիցս կրկնեց։ (Բ. Օրինաց 12։16, 24. 15։23) Հրէական Սոնսինօ Գումաշ–ը կը նշէ. «Արիւնը պէտք չէ մթերուի, այլ՝ գետին թափելով ուտելու անյարմար պէտք է նկատել զայն»։ Ո՛չ մէկ Իսրայելացի պէտք էր իւրացնէր, մթերէր եւ գործածէր ուրիշ արարածի մը արիւնը, որու կեանքը Աստուծոյ կը պատկանէր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան 2000 | Հոկտեմբեր 15
    • Երբեմն բժիշկ մը կը քաջալերէ որ հիւանդը գործողութենէն շաբաթներ առաջ իր արիւնը մթերէ (նախավիրահատութեան ինքնուրոյն արեան նուիրում, կամ ՓԷՏ), որպէսզի երբ կարիք տեսնուի, կարենայ հիւանդին ներարկել ինքնիր մթերուած արիւնը։ Սակայն, այս կերպով արիւնը հաւաքելը, մթերելը եւ ներարկելը ուղղակիօրէն հակառակ է Ղեւտացւոց եւ Երկրորդ Օրինացին մէջ ըսուածներուն։ Արիւնը պէտք չէ մթերուի, այլ պէտք է թափուի՝ Աստուծոյ վերադարձուի, այդպէս ըսուած։ Ճիշդ է որ ներկայիս Մովսիսական Օրէնքը ի զօրու չէ։ Բայց եւ այնպէս Եհովայի Վկաները անոր մէջի Աստուծոյ սկզբունքները կը յարգեն եւ որոշած են ‘արիւնէ ետ կենալ’։ Հետեւաբար, մենք արիւն չենք տար, ոչ ալ ներարկման համար կը մթերենք մեր արիւնը, որ պէտք է ‘թափուի’։ Այս սովորութիւնը Աստուծոյ օրէնքին հակառակ է։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան 2000 | Հոկտեմբեր 15
    • a Ուսուցչապետ Ֆրէնգ Հ. Կորմէն կը գրէ. «Արիւնը թափելը ըմբռնուած է որպէս երկիւղած արարք մը, անասունին կեանքին հանդէպ յարգանք, եւ անով՝ այդ կեանքը ստեղծած եւ անոր հոգ տանող Աստուծոյ հանդէպ յարգանքի արտայայտութիւն»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել