Եհովա՝ ‘բոլոր երկրի անաչառ Դատաւորը’
«[Հայրը] առանց աչառութեան կը դատէ ամէն մէկը իր գործին համեմատ»։—Ա. ՊԵՏՐՈՍ 1։17
1, 2. (ա) Եհովա մեծ Դատաւոր մը ըլլալուն գաղափարը ինչո՞ւ մեզ թէ՛ պէտք է վախցնէ եւ թէ սփոփէ։ (բ) Ազգերուն դէմ Եհովայի դատին մէջ, իր երկրային ծառաները ի՞նչ դեր կը խաղան։
ԵՀՈՎԱՆ ‘բոլոր երկրի մեծ Դատաւորն է’։ (Ծննդոց 18։25) Որպէս տիեզերքին Մեծագոյն Աստուածը, ան իր արարածները դատելու բացարձակ իրաւունքը ունի։ Ասիկա միաժամանակ վախազդու եւ սփոփիչ գաղափար մըն է։ Մովսէս յուզիչ կերպով արտայայտեց այս երեւութական հակասութիւնը, ըսելով. «Ձեր [Եհովա] Աստուածը աստուածներուն Աստուածը ու տէրերուն Տէրն է. մեծ, հզօր ու ահեղ Աստուած է, որ աչառութիւն չ’ըներ ու կաշառք չ’առներ. Անիկա որբին ու որբեւարիին իրաւունք կ’ընէ, պանդուխտը կը սիրէ ու անոր հաց ու հանդերձ կու տայ»։—Բ. Օրինաց 10։17, 18
2 Ի՜նչ ուշագրաւ հաւասարակշռութիւն մը։ Մեծ, հզօր, ահեղ Աստուած մը, բայց եւ այնպէս անաչառ ու որբերու, որբեւարիներու եւ պանդուխտներու շահերը սիրալիր կերպով պաշտպանող մը։ Ո՞վ կրնար փափաքիլ Եհովայէ աւելի սիրալիր Դատաւոր մը ունենալ։ Ինքզինք ներկայացնելով որպէս Սատանայի աշխարհի ազգերուն դէմ դատ ունեցող մը, Եհովա իր երկնային ծառաները կը հրաւիրէ, որ իր վկաները ըլլան։ (Եսայեայ 34։8. 43։9–12) Իր աստուածութիւնն ու օրինաւոր գերիշխանութիւնը փաստելու համար, ան կախեալ չէ անոնց վկայութենէն։ Սակայն ան իր վկաներուն կը շնորհէ այն բացառիկ առանձնաշնորհումը ամբողջ մարդկութեան դիմաց յայտարարելու թէ իր գերակայութիւնը կ’ընդունին։ Իր վկաները անձամբ կ’ենթարկուին իր արդար գերիշխանութեան, իսկ իրենց հանրային ծառայութեամբ, անոնք ուրիշները կը դրդեն, որ իրենք զիրենք դնեն Գերագոյն Դատաւորին հեղինակութեան ներքեւ։
Եհովայի Դատելու Կերպը
3. Եհովայի դատելու կերպը ինչպէ՞ս կարելի է ամփոփել, եւ ասիկա ինչպէ՞ս ցոյց տրուեցաւ Ադամի ու Եւայի պարագայով։
3 Մարդկութեան պատմութեան սկիզբը, Եհովա անձնապէս դատեց կարգ մը յանցաւորներ։ Դատական հարցերը ձեռք առնելու իր կերպը օրինակ հանդիսացաւ այն ծառաներուն որոնք հետագային պատասխանատու պիտի ըլլային դատական գործառնութիւններ վարելու իր ժողովուրդին մէջ։ (Սաղմոս 77։11, 12) Անոր դատելու կերպը կարելի է ամփոփել հետեւեալ կերպով. հաստատամտութիւն՝ երբ հարկ է, ողորմութիւն՝ երբ կարելի է։ Ադամն ու Եւան, մարդկային կատարեալ արարածները որոնք կամաւ ըմբոստացան, ողորմութեան արժանի չեղան։ Ուստի Եհովա մահուան դատապարտեց զանոնք։ Բայց իր ողորմութիւնը գործադրուեցաւ անոնց սերունդին հանդէպ։ Եհովա մահուան դատավճռին գործադրութիւնը յետաձգեց Ադամին ու Եւային թոյլ տալով որ զաւակներ ունենան։ Ան սիրալիր կերպով անոնց սերունդին հայթայթեց մեղքին ու մահուան գերութենէն ազատագրուելու յոյսը։—Ծննդոց 3։15. Հռովմայեցիս 8։20, 21
4. Եհովա ինչպէ՞ս վարուեցաւ Կայէնին հետ, եւ այս դատը ինչո՞ւ մասնաւորաբար հետաքրքրական է։
4 Կայէնին հետ Եհովայի վարուելակերպը մասնաւորաբար հետաքրքրական է, քանի որ անիկա առաջին արձանագրուած պարագան է, որ կը պարփակէ Ադամի եւ Եւայի անկատար սերունդէն «մեղքի տակ ծախուած» մէկը։ (Հռովմայեցիս 7։14) Եհովա ասիկա նկատի առնելով Կայէնին հետ, անոր ծնողներուն հետ վարուած կերպէն տարբեր կերպով մը վարուեցա՞ւ։ Իսկ այս դատը Քրիստոնեայ տեսուչներուն կրնա՞յ դաս մը հայթայթել այսօր։ Տեսնե՛նք։ Նշմարելով Կայէնի սխալ հակազդեցութիւնը, երբ իր զոհը նպաստաւոր կերպով չընդունուեցաւ, Եհովա սիրալիր կերպով զգուշացուց զինք այն վտանգին դէմ, որու մէջ կը գտնուէր։ Հին առած մը կ’ըսէ. ‘Աւելի լաւ է զգուշացնել քան թէ դարմանել’։ Եհովա կարելի եղած չափով զգուշացուց Կայէնը որ թոյլ չտայ իր մեղաւոր հակումին իր վրայ իշխելու։ Ան ջանաց անոր օգնել որ ‘աղէկը ընէ’։ (Ծննդոց 4։5–7) Ասիկա առաջին անգամն էր որ Աստուած մեղաւոր մարդէ մը կը պահանջէր, որ զղջայ։ Կայէն անզեղջ վերաբերմունք մը ցուցնելէ ու իր ոճիրը կատարելէ յետոյ, Եհովա աքսորի դատապարտեց զինք, զայն մեղմացնելով որոշումով մը թէ ինք ոեւէ անհատի կ’արգիլէր զինք սպաննելէ։—Ծննդոց 4։8–15
5, 6. (ա) Նախաջրհեղեղեան սերունդին հետ Եհովա ինչպէ՞ս վարուեցաւ։ (բ) Սոդոմի ու Գոմորի բնակիչներուն դէմ դատաստան ի գործ դնելէ առաջ, Եհովա ի՞նչ ըրաւ։
5 Ջրհեղեղէն առաջ, երբ ‘Եհովա տեսաւ որ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ շատցած էր, իր սրտին մէջ տրտմեցաւ’։ (Ծննդոց 6։5, 6) Անիկա «զղջած» նկատելով որ նախաջրհեղեղեան սերունդին մեծամասնութիւնը իր ազատ կամքը սխալ կերպով գործածած էր եւ թէ անոնց դէմ դատաստան ի գործ պէտք էր դնէր։ Այսուհանդերձ, ան պէտք եղած ազդարարութիւնը տուաւ անոնց, երկար տարիներ Նոյը գործածելով որպէս «արդարութեան քարոզիչ» մը։ Անկէ ետք, Եհովա պատճառ մը չունէր ‘այդ ամբարիշտներուն աշխարհը պատժելէն ետ կենալու’։—Բ. Պետրոս 2։5
6 Եհովա նմանապէս ստիպուեցաւ դատ վարել Սոդոմի ու Գոմորի ապականած բնակիչներուն դէմ։ Բայց նկատեցէք թէ ան ասիկա ինչպէ՛ս ըրաւ։ Անիկա «աղաղակ» մը լսած էր այդ մարդոց ահռելի վարմունքին մասին, գոնէ արդար Ղովտին աղօթքներուն միջոցաւ։ (Ծննդոց 18։20. Բ. Պետրոս 2։7, 8) Սակայն գործի չանցած, իրողութիւնները ստուգելու համար ան ‘իջաւ’ իր հրեշտակներուն միջոցաւ։ (Ծննդոց 18։21, 22. 19։1) Ան նաեւ ժամանակ յատկացուց Աբրահամի վստահեցնելու թէ ինք անարդարութեամբ պիտի չվարուէր։—Ծննդոց 18։23–32
7. Դատական յանձնախումբերու մէջ ծառայող երէցները ի՞նչ դասեր կրնան սորվիլ Եհովայի դատելու կերպի օրինակներէն։
7 Երէցները այսօր այս օրինակներէն ի՞նչ կրնան սորվիլ։ Ադամի ու Եւայի պարագային, Եհովա սէր ու նկատառութիւն յայտնաբերեց անոնց հանդէպ որոնք թէեւ կապ ունէին դատապարտեալներուն հետ, սակայն յանցապարտ չէին։ Ան ողորմեցաւ Ադամի ու Եւայի սերունդին։ Կայէնի պարագային, Եհովա նախատեսեց այն վտանգը որու մէջ կը գտնուէր Կայէն եւ ազնուօրէն անոր հետ պատճառաբանելով, փորձեց արգելք հանդիսանալ անոր մեղանչելուն։ Նոյնիսկ զինք աքսորելէ ետք, Եհովա փափկանկատ գտնուեցաւ Կայէնին հետ։ Անկէ զատ, նախաջրհեղեղեան սերունդին դէմ դատաստան ի գործ դնելէ առաջ, Եհովա միայն շատ համբերութիւն ցուցաբերեց։ Անոնց կամակոր չարութեան դիմած, Եհովա «իր սրտին մէջ տրտմեցաւ»։ Ան ցաւ զգաց որ մարդիկ ըմբոստացան իր արդար իշխանութեան դէմ եւ ինք ստիպուած էր զանոնք աննպաստ կերպով դատելու։ (Ծննդոց 6։6. բաղդատել Եզեկիէլ 18։31. Բ. Պետրոս 3։9)։ Սոդոմի ու Գոմորի պարագային, Եհովա իրողութիւնները ստուգելէ յետոյ միայն գործի անցաւ։ Ի՜նչ ընտիր օրինակներ անոնց համար, որոնք այսօր դատեր պէտք է վարեն։
Մարդկային Դատաւորներ Նահապետական Ժամանակներուն
8. Եհովայի ո՞ր հիմնական օրէնքները ճանչցուած էին նահապետական ժամանակներուն։
8 Թէեւ այդ ժամանակ երեւութապէս օրինագիրք մը չկար, սակայն նահապետական համայնքը քաջածանօթ էր Եհովայի հիմնական օրէնքներուն, իսկ իր ծառաները պարտաւոր էին զանոնք պահելու։ (Բաղդատել Ծննդոց 26։5։) Եդեմի մէջ եղած միջադէպը Եհովայի գերիշխանութեան հնազանդելու եւ ենթարկուելու կարիքը ցոյց տուած էր։ Կայէնի պարագան յայտնած էր որ մարդասպանութիւնը Եհովայի հաճելի չէր։ Ջրհեղեղէն անմիջապէս ետք, Աստուած մարդկութեան օրէնքներ տուաւ, որոնք կապ ունէին կեանքին սրբութեան, սպանութեան, մահապատիժին եւ արիւն ուտելուն հետ։ (Ծննդոց 9։3–6) Գազայի մօտ, Եհովա ուժգնօրէն դատապարտեց շնութիւնը, Աբրահամը, Սառան եւ Գերարայի Աբիմելէք Թագաւորը պարփակած միջադէպին ընթացքին։—Ծննդոց 20։1–7
9, 10. Ի՞նչ օրինակներ ցոյց կու տան թէ դատական դրութիւն մը գոյութիւն ունէր նահապետական համայնքին մէջ։
9 Այդ օրերուն, ընտանիքներու գլուխները որպէս դատաւորներ կը գործէին եւ դատական հարցերով կը զբաղէին։ Աբրահամին նկատմամբ Եհովա ըսաւ. «Գիտեմ զանիկա, որ իր որդիներուն ու իրմէ ետքը իր տանը պիտի պատուիրէ եւ անոնք արդարութիւն ու իրաւունք ընելու համար՝ Տէրոջը ճամբան պիտի պահեն»։ (Ծննդոց 18։19) Աբրահամ անձնուրացութիւն եւ ներատեսութիւն ցուցաբերեց իր հովիւներուն ու Ղովտի հովիւներուն միջեւ եղած վէճ մը լուծելով։ (Ծննդոց 13։7–11) Որպէս նահապետական գլուխ ու դատաւոր վարուելով, Յուդա մինչեւ մահ քարկոծուելու ու այրուելու դատապարտեց իր Թամար հարսը, խորհելով թէ ան շնացող մըն էր։ (Ծննդոց 38։11, 24. բաղդատել Յեսուայ 7։25։) Սակայն, երբ ան բոլոր իրողութիւնները իմացաւ, զայն իրմէ արդար յայտարարեց։ (Ծննդոց 38։25, 26) Որքա՜ն կարեւոր է բոլոր իրողութիւնները գիտնալ դատական որոշում մը առնելէ առաջ։
10 Յոբի գիրքը դատական դրութեան մը կ’ակնարկէ եւ անաչառ դատավճիռին փափաքելի ըլլալը ցոյց կու տայ։ (Յոբայ 13։8, 10. 31։11. 32։21) Յոբ կը վերյիշէ այդ ժամանակը երբ յարգուած դատաւոր մըն էր, որ քաղաքին դրան կը նստէր, արդարութիւն կը գործադրէր ու որբեւարիին ու որբին դատը կը պաշտպանէր։ (Յոբայ 29։7–16) Արդ, կ’ապացուցուի որ նահապետական համայնքին մէջ, «ծերերը» որպէս դատաւորներ կը վարուէին Աբրահամի սերունդին մէջ, նոյնիսկ Եգիպտոսէ դուրս ելլելէն ու Իսրայէլ ազգին աստուածատուր սահմանադրութենէն առաջ։ (Ելից 3։16, 18) Իրականութեան մէջ, Մովսէս Օրէնքի ուխտին պայմանները ներկայացուց Իսրայէլի «ծերեր»ուն, կամ երէցներուն, որոնք ժողովուրդը կը ներկայացնէին։—Ելից 19։3–7
Իսրայէլի Դատական Դրութիւնը
11, 12. Ըստ Աստուածաշունչի երկու ուսումնականներուն, Իսրայէլի դատական դրութիւնը ի՞նչ կերպով տարբեր էր ուրիշ ազգերու ունեցածէն։
11 Իսրայէլի մէջ արդարութեան գործադրումը բոլորովին տարբեր էր շրջակայ ազգերուն հետեւած օրինաւոր գործառնութիւններէն։ Քաղաքացիական օրէնքին եւ ոճիրներու վերաբերող օրէնքին բաժանում չկար։ Երկուքն ալ բարոյական ու կրօնական օրէնքներուն հետ ձուլուած էին։ Դրացիի մը հետ գործուած յանցանքը Եհովայի դէմ գործուած կը նկատուէր։ Աստուածաշունչի Ժողովուրդներն ու Հաւատքը խորագրով իր գրքին մէջ, հեղինակ Անտրէ Շուրաքի կը գրէ. «Եբրայեցիներուն դատական աւանդութիւնը կը տարբերի անոնց դրացիներուն ունեցածէն, ոչ միայն անոր յանցագործութիւններուն ու պատիժներուն սահմանումով, այլ՝ ուղղակի օրէնքներուն իսկական նշանակութեամբ։ ... Թորան [Օրէնքը] առօրեայ կեանքէն անջատ չէ. անիկա առօրեայ կեանքին բնոյթն ու բովանդակութիւնը կը ղեկավարէ, օրհնութիւն կամ անէծք տալով։ ... Իսրայէլի մէջ, ... գրեթէ անկարելի է քաղաքին դատական գործունէութիւններուն նկատմամբ յստակ զանազանում մը ընել։ Անոնք կեանքի միաւորի մը մէջ ծածկուած էին, որ ամբողջովին ուղղուած էր կենդանի Աստուծոյ կամքին իրագործումին»։
12 Այս բացառիկ վիճակին պատճառաւ, Իսրայէլի մէջ շատ աւելի բարձր մակարդակի վրայ արդարութիւնը կը գործադրուէր քան ժամանակակից ազգերուն մէջ։ Աստուածաշունչի ուսումնական Ռոլան տը Վօ կը գրէ. «Հակառակ անոր, ձեւի ու պարունակութեան նմանութիւններուն, Իսրայելեան օրէնքը հիմնովին կը տարբերի Արեւելեան ‘դաշնագրութիւններու’ նախադասութիւններէն եւ անոնց ‘օրինագիրքերու’ հատուածներէն։ Անիկա կրօնական օրէնք մըն է։ ... Արեւելեան ոչ մէկ օրինագիրք կարելի է բաղդատել Իսրայելեան օրէնքին հետ, որ իր ամբողջութեամբ Աստուծոյ կը վերագրուի որպէս անոր հեղինակը։ Եթէ անիկա կը պարունակէ եւ յաճախ կը խառնէ բարոյագիտական ու ծիսական կանոններ, պատճառը այն է որ անիկա կը պարունակէ աստուածային Ուխտին ամէն երեսակները եւ քանի որ այս Ուխտը կը կառավարէր մարդոց յարաբերութիւնները իրարու հետ, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ հետ»։ Զարմանալի չէ որ Մովսէս հարցուց. «Ո՞ր ազգը այնչափ մեծ է, որ այսօր ձեր առջեւ դրուած այս բոլոր օրէնքին նման արդար կանոններ ու դատաստաններ ունենայ»։—Բ. Օրինաց 4։8
Իսրայէլի մէջ Դատաւորներ
13. Ո՞ր մարզերուն մէջ Մովսէս ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ ներկայ երէցներուն։
13 Որպէս դատաւոր, դատական այսպիսի բարձր դրութեան մը մէջ գործելու համար, ի՞նչպիսի մարդոց կարիքը կար։ Իսրայէլի մէջ նշանակուած առաջին դատաւորին մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մովսէս շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի»։ (Թուոց 12։3) Անիկա չափազանց ինքնավստահ չէր։ (Ելից 4։10) Թէեւ իրմէ պահանջուած էր ժողովուրդը դատել, սակայն ան երբեմն անոնց ջատագովը եղաւ Եհովայի առջեւ, պաղատելով որ ներէ իրենց եւ նոյնիսկ առաջարկեց ինքզինք զոհել անոնց ի նպաստ։ (Ելից 32։11, 30–32) Անիկա բանաստեղծական ոճով մը ըսաւ. «Իմ խօսքս ցօղի պէս պիտի իջնէ, [մեղմ] անձրեւի պէս կանանչեղէնի վրայ ու առատ անձրեւներու պէս՝ խոտի վրայ»։ (Բ. Օրինաց 32։2) Փոխանակ իր իմաստութեան վրայ յենուելով ժողովուրդը դատելու, ան յայտարարեց. «Երբ անոնք բան մը ունենան՝ ինծի կու գան եւ ես անոնց մէջտեղ դատաստան կ’ընեմ ու Աստուծոյ կանոնները եւ օրէնքները անոնց կը գիտցնեմ»։ (Ելից 18։16) Երբ կասկածանք մը ունենար, ան հարցը Եհովայի կը յանձնէր։ (Թուոց 9։6–8. 15։32–36. 27։1–11) Մովսէս ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ այն երէցներուն որոնք այսօր ‘Աստուծոյ հօտը կը հովուեն’ ու դատական որոշումներ կ’առնեն։ (Գործք 20։28) Իրենց եղբայրներուն հետ անոնց յարաբերութիւնն ալ ‘կանանչեղէնի վրայ [մեղմ] անձրեւի պէս’ թող ըլլայ։
14. Իսրայէլի մէջ Մովսէսի կողմէ նշանակուած դատաւորները հոգեւոր ի՞նչ որակումներ ունէին։
14 Ժամանակի ընթացքին, Մովսէս չկարողացաւ առանձին կրել ժողովուրդին դատական հարցերուն հոգ տանելու բեռը։ (Ելից 18։13, 18) Ան ընդունեց օգնութիւն փնտռելու մասին իր աներոջ տուած թելադրութիւնը։ Դարձեալ, ասոր համար, ի՞նչ տեսակ մարդիկ ընտրուեցան։ Կը կարդանք. «Բոլոր ժողովուրդէն կարող մարդիկ, Աստուծմէ վախցող, ճշմարտասէր ու ագահութիւնը ատող մարդիկ ընտրէ՛ ...։ Մովսէս բոլոր Իսրայէլէն կարող մարդիկ ընտրեց ու զանոնք ժողովուրդին վրայ գլուխներ, այսինքն՝ հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ եւ տասնապետներ կարգեց։ Ամէն ատեն անոնք կը դատէին ժողովուրդը. դժուար հարցը Մովսէսին կը ներկայացնէին, բայց պզտիկ բաները իրենք կը դատէին»։—Ելից 18։21–26
15. Իսրայէլի մէջ դատաւորներուն որակումները ի՞նչ էին։
15 Կը տեսնուի որ մարդիկ միմիայն տարիքի հիման վրայ չէին ընտրուէր որպէս դատաւորներ։ Մովսէս ըսաւ. «Դուք ձեր ցեղերէն իմաստուն ու հանճարեղ եւ [փորձառու] մարդիկ տուէք ու ես զանոնք ձեր վրայ իշխան կարգեմ»։ (Բ. Օրինաց 1։13) Մովսէս քաջածանօթ էր տարիներ առաջ երիտասարդ Եղիուսի ըսածին. «Միշտ մեծերը իմաստուն չեն ըլլար ու ծերերը շիտակը չեն հասկնար»։ (Յոբայ 32։9) Վստահաբար, նշանակուողները «[փորձառու] մարդիկ» պէտք էր ըլլային։ Բայց ամէն բանէ առաջ անոնք պէտք էր ըլլային կարող, Աստուծմէ վախցող, ճշմարտասէր մարդիկ որոնք կ’ատէին ագահութիւնը եւ որոնք իմաստուն ու հանճարեղ էին։ Հետեւաբար, այնպէս կ’երեւնայ որ Յեսուայ 23։2–ին եւ 24։1–ին մէջ յիշուած «իշխանները» եւ «դատաւորները» այս նոյն համարներուն մէջ յիշուած «ծերեր»էն տարբեր չէին, այլ՝ անոնց մէջէն ընտրուած էին։—Տես Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Բ., էջ 549, Անգլ.։
Արդարութիւն Գործադրել
16. Ի՞նչ պէտք է նկատենք այսօր այն հրահանգներուն նկատմամբ զորս Մովսէս տուաւ նոր նշանակուած դատաւորներուն։
16 Այս նշանակուած դատաւորներուն տրուած հրահանգներուն նկատմամբ, Մովսէս ըսաւ. «Ձեր դատաւորներուն պատուիրեցի՝ ըսելով. ‘Ձեր եղբայրներուն խնդիրները լսեցէք ու ամէն մարդու դատը՝ թէ՛ իր եղբօրը հետ եւ թէ՛ օտարականի հետ՝ արդարութեամբ դատեցէք։ Դատաստանի մէջ աչառութիւն մի՛ ընէք, պզտիկին մեծի պէս ըրէք, ոեւէ մարդու երեսէ մի՛ քաշուիք. քանզի դատաստանը Աստուծոյ է ու ձեզի դժուար երեւցած դատը ինծի [Մովսէսին] ներկայացուցէք, որպէսզի զանիկա մտիկ ընեմ’»։—Բ. Օրինաց 1։16, 17
17. Որո՞նք նշանակուեցան որպէս դատաւորներ, եւ Յովսափատ Թագաւոր իրենց ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ։
17 Անշուշտ, դատ մը կարելի էր Մովսէսին ներկայացնել միայն իր կեանքի տեւողութեան ընթացքին։ Ուստի յաւելեալ կարգադրութիւններ եղան որ դժուար դատերը քահանաներուն, Ղեւտացիներուն եւ մասնաւորաբար նշանակուած դատաւորներուն յանձնուին։ (Բ. Օրինաց 17։8–12. Ա. Մնացորդաց 23։1–4. Բ. Մնացորդաց 19։5, 8) Յուդայի քաղաքներուն մէջ իր նշանակած դատաւորներուն, Յովսափատ Թագաւոր ըսաւ. «Նայեցէ՛ք թէ ի՛նչ կ’ընէք, քանզի ձեր դատաստանը մարդու չվերաբերիր, հապա Տէրոջը ...։ Տէրոջը վախովը, հաւատարմութեամբ եւ ուղիղ սրտով ըրէք։ Երբ քաղաքներուն մէջ բնակող ձեր եղբայրներէն դատ մը գայ ձեր առջեւ՝ ... անոնց խրատ տուէք, որ Տէրոջը դէմ յանցանք չգործեն. որպէսզի ձեր վրայ ու ձեր եղբայրներուն վրայ բարկութիւն չգայ։ Այսպէս ըրէք, որպէսզի յանցաւոր չըլլաք»։—Բ. Մնացորդաց 19։6–10
18. (ա) Ի՞նչ են այն կարգ մը սկզբունքները զորս դատաւորները պէտք էր կիրարկէին Իսրայէլի մէջ։ (բ) Դատաւորները ի՞նչ բան միշտ պէտք էր յիշէին, եւ ո՞ր համարները ցոյց կու տան անոնց այս բանը մոռնալուն հետեւանքները։
18 Իսրայէլի մէջ դատաւորներուն կիրարկելիք սկզբունքներուն մէջ, հետեւեալները կը գտնուէին. համահաւասար արդարութիւն հարուստին ու աղքատին (Ելից 23։3, 6. Ղեւտացւոց 19։15). կատարեալ անաչառութիւն (Բ. Օրինաց 1։17). անկաշառակերութիւն (Բ. Օրինաց 16։18–20). Դատաւորները յարատեւաբար պէտք էր յիշէին որ իրենց դատած անհատները Եհովայի ոչխարներն էին։ (Սաղմոս 100։3) Իրականութեան մէջ, Եհովա մարմնաւոր Իսրայէլը մերժելուն պատճառներէն մէկն էր թէ անոր քահանաներն ու հովիւները արդարութեամբ չէին դատեր եւ ժողովուրդին հետ խստութեամբ կը վարուէին։—Երեմեայ 22։3, 5, 25. 23։1, 2. Եզեկիէլ 34։1–4. Մաղաքեայ 2։8, 9
19. Մեր Հասարակ Դարաշրջանէն առաջ եղած Եհովայի արդարութեան այս չափանիշներուն քննութիւնը ի՞նչ արժէք ունի մեզի համար, եւ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։
19 Եհովա չի փոխուիր։ (Մաղաքեայ 3։6) Այս հակիրճ վերաքաղը թէ Իսրայէլի մէջ դատաստանը ի՛նչպէս պէտք էր գործադրուէր եւ թէ Եհովա ի՛նչպէս կը դիտէր արդարութեան որեւէ ժխտում, պէտք է մղէ երէցներուն որ պահ մը կանգ առնեն ու խոկան, քանի որ հիմա իրենք ալ դատական որոշումներ առնելու պատասխանատուութիւնը ունին։ Որպէս Դատաւոր Եհովայի օրինակը եւ Իսրայէլի մէջ իր կարգադրած դատական դրութիւնը սկզբունքներ հաստատեցին, որոնք օրինակ կը հանդիսանան Քրիստոնէական ժողովքին մէջ արդարութեան գործադրուելուն։ Ասիկա պիտի տեսնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։
Վերաքաղի Հարցումներ
◻ Եհովայի դատելու կերպը ինչպէ՞ս կարելի է ամփոփել։
◻ Եհովայի դատելու կերպը ինչպէ՞ս պարզաբանուեցաւ Կայէնի ու նախաջրհեղեղեան սերունդին հետ իր ունեցած գործառնութիւններով։
◻ Նահապետական ժամանակներուն, որո՞նք դատաւորի դեր կը կատարէին եւ ինչպէ՞ս։
◻ Իսրայէլի դատական դրութիւնը ի՞նչ բանով տարբեր էր ուրիշ ազգերու ունեցածէն։
◻ Ի՞նչ տեսակ մարդիկ նշանակուեցան որպէս դատաւորներ Իսրայէլի մէջ, եւ անոնք ո՞ր սկզբունքներուն պէտք էր հետեւէին։
[Նկար՝ էջ 9]
Նահապետական ժամանակներուն եւ Իսրայէլի մէջ, նշանակուած ծերեր արդարութիւն կը գործադրէին քաղաքին դրներուն