-
«Իմաստութիւնը համեստներուն հետ է»Դիտարան 2000 | Օգոստոս 1
-
-
12. Գեդէօն իր նշանակումը կատարելու մէջ ի՞նչպէս խոհեմութիւն ցոյց տուաւ։
12 Գեդէօնը պատերազմի ղրկելէ առաջ, Եհովա փորձի ենթարկեց զինք։ Ի՞նչպէս։ Գեդէօնի ըսուեցաւ որ իր հօրը ունեցած Բահաղի սեղանը փլցնէ եւ անոր կողքին կանգնող սրբազան կոթողը կոտրէ։ Այս նշանակումը քաջութիւն կը պահանջէր. բայց ասիկա կատարելու իր կերպով, Գեդէօն համեստութիւն եւ խոհեմութիւն ալ ցոյց տուաւ։ Փոխանակ հանրապէս ընելու ասիկա, Գեդէօն գիշերուան խաւարը օգտագործեց, որպէսզի շատ նշմարելի չըլլայ։ Ասկէ զատ, ան իր նշանակումին շատ զգուշութեամբ մօտեցաւ։ Իր հետ տասը ծառաներ առաւ, թերեւս որպէսզի ոմանք հսկէին, մինչ միւսները կարենային իրեն օգնել սեղանը եւ սրբազան կոթողը կործանելու։b Ամենայնդէպս, Եհովայի օրհնութեամբ, Գեդէօն իր նշանակումը կատարեց, եւ երբ ժամանակը հասաւ, Աստուած զինք գործածեց Իսրայէլը Մադիանացիներու ձեռքէն ազատելու համար։—Դատաւորաց 6։25-27
-
-
«Իմաստութիւնը համեստներուն հետ է»Դիտարան 2000 | Օգոստոս 1
-
-
b Գեդէօնի խոհեմ ու շրջահայեաց վերաբերմունքը պէտք չէ մեկնել որպէս վախկոտութիւն։ Ընդհակառակը, Եբրայեցիս 11։32-38–ն կը հաստատէ իր քաջութիւնը, ուր Գեդէօնը կը յիշէ անոնց մէջ որոնք «ուժովցան» եւ «պատերազմի մէջ զօրաւոր եղան»։
-