Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա22 Յունուար էջ 1-8
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2022)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 3-9
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 10-16
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 17-23
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 24-30
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 31–ՓԵՏՐՈՒԱՐ 6
  • ՓԵՏՐՈՒԱՐ 7-13
  • ՓԵՏՐՈՒԱՐ 14-20
  • ՓԵՏՐՈՒԱՐ 21-27
  • ՓԵՏՐՈՒԱՐ 28–ՄԱՐՏ 6
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2022)
ժտա22 Յունուար էջ 1-8

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 3-9

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ 15-16

«Դաւաճանութիւնը խայտառակ բան մըն է»

դ12 4/1 14 ¶4

Դաւաճանութիւն. ժամանակներու չարագուշակ նշան

4 Նախ նկատի առ խաբեբայ Դալիլան, որուն Սամփսոն դատաւորը սիրահարուած էր։ Սամփսոն մտադիր էր փղշտացիներուն դէմ պատերազմը առաջնորդել՝ Աստուծոյ ժողովուրդին ի նպաստ։ Թերեւս գիտնալով որ Դալիլան Սամփսոնի հանդէպ հաւատարիմ սէր չունէր, հինգ փղշտացի նախարարները իրեն մեծ կաշառք մը առաջարկեցին, անոր գերբնական ուժին գաղտնիքը գիտնալու համար, որպէսզի կարենան զինք բնաջնջել։ Շահադէտ Դալիլան ընդունեց առաջարկը, սակայն անոր ջանքերը երեք անգամ ձախողեցան։ Ապա ան շարունակեց ‘ամէն օր իր խօսքերովը անոր նեղութիւն տալ ու զանիկա բռնադատել’։ Ի վերջոյ «անոր սիրտը մինչեւ մահուան աստիճան նեղացաւ»։ Ուստի, Սամփսոն Դալիլայի ըսաւ որ իր մազերը բնաւ չէին ածիլուած, եւ եթէ ածիլուէին՝ իր ուժը պիտի կորսնցնէր։ Ասիկա գիտնալով, Դալիլա զանիկա իր ծունկերուն վրայ քնացուց ու մարդ մը կանչեց եւ անոր գլխուն մազերը ածիլել տուաւ, եւ ապա զինք թշնամիներուն յանձնեց, որպէսզի իրենց ուզածը ընեն անոր (Դատ. 16։4, 5, 15-21)։ Դալիլայի այս արարքը որքա՜ն արհամարհելի էր։ Իր ագահութեան պատճառով, Դալիլա զինք սիրող մարդուն դաւաճանեց։

դ05 3/1 17 ¶4

Դատաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

14։16, 17. 16։16. Լալով ու գանգատելով ճնշում բանեցնելը կրնայ յարաբերութեան վնաս հասցնել։—Առակաց 19։13. 21։19

դ12 4/1 17-18 ¶15-16

Դաւաճանութիւն. ժամանակներու չարագուշակ նշան

15 Ամուսնացածները ինչպէ՞ս կրնան իրենց կողակիցներուն հաւատարիմ մնալ։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Երիտասարդութեանդ կնոջը [կամ ամուսինին] հետ ուրախ եղիր», եւ «քու սիրած կնոջդ [կամ ամուսինիդ] հետ կեանքը վայլէ» (Առ. 5։18. Ժող. 9։9)։ Մինչ կողակիցները տարիքի մէջ կը յառաջանան, պէտք է իրենց ամէն կարելին ընեն, որպէսզի իրենց փոխյարաբերութիւնը զօրաւոր մնայ, թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ զգացական գետնի վրայ։ Ասիկա կը նշանակէ իրարու ուշադիր ըլլալ, իրարու հետ ժամանակ անցընել եւ իրարու աւելի մօտենալ։ Անոնք պէտք է կեդրոնանան իրենց ամուսնութիւնը եւ Եհովայի հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը պահպանելու վրայ։ Ասիկա իրագործելու համար, զոյգեր պէտք է Աստուածաշունչը միասնաբար ուսումնասիրեն, կանոնաւորաբար միասին ծառայութեան մասնակցին եւ Եհովայի օրհնութեան համար միասնաբար աղօթեն։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՑԻՐ

16 Ժողովքի անդամներ կան, որոնք լուրջ մեղքեր գործեցին եւ ‘սաստիկ յանդիմանուեցան, որպէսզի առողջանան հաւատքի մէջ’ (Տիտ. 1։13)։ Ոմանց վարքը պահանջած է որ վտարուին։ «Անով վարժուողներուն» համար, կրթութիւնը օգնած է որ հոգեւորապէս բուժուին (Եբ. 12։11)։ Ի՞նչ կարելի է ըսել եթէ ունինք ազգական մը կամ մօտիկ բարեկամ մը, որ վտարուած է։ Այժմ մեր հաւատարմութիւնը խնդրոյ առարկայ է,– ո՛չ թէ այդ անձին հանդէպ, այլ՝ Աստուծոյ հանդէպ։ Եհովա մեզ կը դիտէ, որ տեսնէ թէ ոեւէ վտարուած անհատի հետ չյարաբերելու իր պատուէրին պիտի կառչի՛նք թէ ոչ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 5։11-13)։

Հոգեւոր գոհարներ

w05 3/15 27 ¶6

Սամփսոն Եհովային ուժով յաղթեց

Սամփսոն իր միտքը մէկ նպատակ դրած էր. Աստուծոյ թշնամիներուն՝ փղշտացիներուն դէմ կռուիլ։ Ան այս նպատակին համար պոռնիկի մը տունը մնաց թշնամիներուն քաղաքին՝ Գազայի մէջ։ Սամփսոն գիշերը անցընելու տեղի պէտք ունէր, եւ պոռնիկի մը տունը այս նպատակին համար շատ յարմար էր։ Սամփսոնին նպատակը անբարոյութիւն ընել չէր։ Ան կէս գիշերին պոռնիկին տունէն ելաւ եւ քաղաքին դրանը փեղկերը երկու սեմերովը շալկելով Քեբրոնի դիմացի լերանը գլուխը ելաւ, որ մօտաւորապէս 60 քմ. հեռու կը գտնուէր։ Ան ասիկա Աստուծո՛յ ուժով ըրաւ եւ անոր հաճութիւնը ունէր (Դատ. 16։1-3)։

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 10-16

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ 17-19

«Աստուծոյ օրէնքին չհնազանդիլը խնդիրներ կը պատճառէ»

it-2 390-391

Միքա

Միքան, որ ‘աստուածներու տուն մը ունէր’, եփուտ մը ու թերափիմ մը շինեց եւ իր տղաներէն մէկը ընտրեց, որ իրեն քահանայ ըլլայ։ Ըստ երեւոյթին, ան ասիկա ըրաւ Եհովան պատուելու համար, բայց իր ըրածը մեծ սխալ մըն էր, քանի որ կտրեց կռապաշտութեան նկատմամբ պատուիրանը (Ել. 20։4-6) եւ անարգեց խորանին ու քահանայութեան նկատմամբ Եհովայի դրած կարգադրութիւնը (Դատ. 17։1-6. Բ. Օր. 12։1-14)։ Ետքը, Միքան քահանայ ըրաւ ղեւտացի Յովնաթանը, որ Մովսէսի որդիին՝ Գերսոնին, սերունդէն էր (Դատ. 18։4, 30)։ Կարծելով որ լաւ բան մը ըրաւ, Միքան ըսաւ. «Հիմա աղէկ գիտեմ որ Տէրը ինծի բարիք պիտի ընէ» (Դատ. 17։7-13)։ Բայց ասիկա ալ սխալ մըն էր, քանի որ Յովնաթան Ահարոնին սերունդէն չէր եւ նոյնիսկ իրաւասութիւն չունէր քահանայ ըլլալու (Թւ. 3։10)։

it-2 391 ¶2

Միքա

Միքան եւ խումբ մը մարդիկ Դանի որդիներուն ետեւէն գացին։ Երբ անոնց հասան, Դանի որդիները հարցուցին որ հարցը ի՛նչ է։ Ինքն ալ պատասխանեց. «Իմ շինած աստուածներս ու քահանան առած կ’երթաք, ալ ինծի ի՞նչ կը մնայ»։ Դանի որդիները իրեն ըսին, որ եթէ շարունակէր պոռալ–կանչվռտել եւ զիրենք հալածել, իր եւ իր ընտանիքին կեանքը վտանգի տակ պիտի ըլլար։ Միքան տեսաւ որ անոնք իրմէ աւելի զօրաւոր են, անոր համար տուն վերադարձաւ (Դատ. 18։22-26)։ Ատկէ ետք, Դանի որդիները Լայիսի վրայ յարձակելով՝ զայն այրեցին եւ հոն Դան քաղաքը շինեցին։ Իսկ Յովնաթանը եւ իր որդիները Դանի ցեղին մէջ քահանաներ եղան, եւ Դանի որդիները «Միքային քանդակուած կուռքը իրենց պահեցին, որչափ ժամանակ որ Աստուծոյ տունը [խորանը] Սելովի մէջ էր» (Դատ. 18։27-31)։

Հոգեւոր գոհարներ

դ15 12/15 10 ¶6

Աստուծոյ Խօսքին դիւրահասկնալի թարգմանութիւն մը

6 Ներկայիս ա՛լ աւելի փաստ կայ, թէ պէտք է Աստուծոյ անունը նշուի։ 2013–ի վերանայուած Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը անունը կը նշէ 7216 անգամ, այսինքն՝ 1984–ի տարբերակէն 6 հատ աւելի։ Ատոնցմէ հինգը կը գտնուին Ա. Թագաւորաց 2։25. 6։3. 10։26. 23։14, 16–ի մէջ, քանի որ Մեռեալ ծովու մագաղաթները կը նշեն անունը այս համարներուն մէջ։ Իսկ հին ձեռագիրներ ա՛լ աւելի սերտելէ ետք, անունը նաեւ աւելցուեցաւ Դատաւորաց 19։18–ին մէջ։

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 17-23

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ 20-21

«Շարունակէ Եհովայէն օգնութիւն խնդրել» 

w11 9/15 32 ¶2

Կրնա՞ս դժուարութիւններուն մէջ Փենէհէսին պէս ըլլալ

Ամէն անգամ որ իսրայէլի ցեղերը պատերազմի պիտի երթային Բենիամինին դէմ, աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն կը խնդրէին, հակառակ անոր որ երկու անգամ պարտուեցան եւ մեծ թիւով զոհեր տուին (Դատ. 20։14-25)։

w11 9/15 32 ¶4

Կրնա՞ս դժուարութիւններուն մէջ Փենէհէսին պէս ըլլալ

Ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։ Ատեններ, ժողովքին մէջ խնդիրները չեն լուծուիր, հակառակ անոր որ երէցները մեծ ջանքեր կը թափեն եւ կը շարունակեն աղօթքով Եհովային օգնութիւնը խնդրել։ Ասանկ պարագաներու, լաւ կ’ըլլայ որ երէցները յիշեն Յիսուսին այս խօսքը. «Խնդրեցէք [կամ՝ աղօթեցէք] եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի» (Ղուկ. 11։9)։ Երէցները կրնան վստահ ըլլալ, որ Եհովան ճիշդ ժամանակին իրենց աղօթքներուն պիտի պատասխանէ, նոյնիսկ եթէ այնպէս կ’երեւի թէ պատասխանը կ’ուշանայ։

Հոգեւոր գոհարներ

դ14 5/1 11 ¶4-6

Գիտէի՞ր

Անցեալի պատերազմներուն մէջ, պարսատիկը ինչպէ՞ս կը գործածուէր։

Պարսատիկը քար արձակելու այն զէնքն էր, որ Դաւիթ գործածեց հսկայ Գողիաթը սպաննելու։ Այնպէս կը թուի, թէ Դաւիթ սորվեցաւ այս գործիքը գործածել, երբ պատանի հովիւ էր (Ա. Թագաւորաց 17։40-50)։

Պարսատիկը նկարագրուած է վաղեմի եգիպտական ե՛ւ ասուրական ձեռարուեստին մէջ։ Գործիքը կտոր մը կաշի էր, որուն միացած էին երկու երկար կապեր կամ չուաններ։ Պարսաձիգը այս կտորին մէջ կը դնէր ողորկ եւ կլոր քար մը, որուն տրամագիծը 5–էն 7.5 սմ. էր, իսկ կշիռքը՝ մօտ 250 կ.։ Ապա, ան պարսատիկը քանի մը անգամ օդին մէջ կը դարձնէր եւ կապերէն մէկը կ’արձակէր, թոյլ տալով որ քարը ուժգնութեամբ նշանակէտը հարուածէր։

Միջին Արեւելքի մէջ պեղումները երեւան հանած են բազմաթիւ պարսաքարեր, որոնք անցեալի պատերազմներէն մնացած են։ Հմուտ ռազմիկներ թերեւս 160-240 քմ/ժամ արագութեամբ պարսաքարեր կ’արձակէին։ Ուսումնականներ համակարծիք չեն, թէ պարսաքարը նետի մը պէս հեռու կ’արձակուէր կամ ոչ. բայց ատիկա կրնար նոյնքան մահացու ըլլալ (Դատաւորաց 20։16)։

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 24-30

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՀՌՈՒԹ 1-2

«Հաւատարիմ սէր ունեցիր»

դ16.02 14 ¶5

Ընդօրինակէ Եհովայի մօտիկ բարեկամները

5 Հռութ շատ դիւրաւ կրնար որոշել վերադառնալ Մովաբ, ուր ունէր մայր մը եւ ուրիշ ազգականներ, որոնք կրնային հոգ տանիլ իրեն։ Մովաբը իր հայրենիքն էր. իր մշակոյթը, իր լեզուն ու իր ժողովուրդը։ Եթէ Նոեմիին հետ Բեթլեհէմ վերադառնար, այս առաւելութիւններէն պիտի զրկուէր։ Արդէն Նոեմին ի՛նք ըսաւ իրեն որ Մովաբ դառնայ, որովհետեւ կը վախնար թէ պիտի չկարենայ իր հարսին համար նոր ամուսին մը կամ տուն մը գտնել։ Սակայն Հռութ տարբեր էր միւս հարսէն՝ Որփայէն, որ «իր ժողովուրդին ու իր աստուածներուն դարձաւ» (Հռութ 1։9-15)։ Արդեօք Հռութ կ’ուզէ՞ր իր ժողովուրդի չաստուածներուն վերադառնալ։ Ո՛չ, ան չէր ուզեր։

դ16.02 14 ¶6

Ընդօրինակէ Եհովայի մօտիկ բարեկամները

6 Հռութ ուրկէ՞ գիտէր Եհովայի մասին. շատ հաւանաբար իր ամուսինէն կամ Նոեմիէն։ Ան գիտէր թէ Եհովան որքա՜ն տարբեր է Մովաբի չաստուածներէն։ Հռութ սիրեց Եհովան եւ հասկցաւ որ ան իր սիրոյն եւ պաշտամունքին արժանի Աստուած է։ Ուստի ան իմաստուն որոշում մը առաւ, Նոեմիին ըսելով. «Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ» (Հռութ 1։16)։ Ինչպիսի՜ սէր կեսրոջ մը հանդէպ։ Աւելի կարեւորը, ինչպիսի՜ սէր Եհովայի՛ հանդէպ։ Հռութի այս աստուածսիրութիւնը պատճառ եղաւ, որ յետագային, հողատէր Բոոսը գովէ զինք Եհովայի թեւերուն տակ ապաստանարան գտնելուն համար (կարդա՛ Հռութ 2։12)։ Թերեւս ասիկա մեզի յիշեցնէ զօրաւոր եւ հոգատար թռչուն մը, որ իր ձագը թեւերուն տակ կ’առնէ (Սաղ. 36։7. 91։1-4)։ Եհովան նոյն կերպով վարուեցաւ Հռութի հետ, անոր հաւատքին դիմաց վարձատրելով զայն։ Իսկ Հռութ բնաւ չզղջաց իր առած որոշումին վրայ։

Հոգեւոր գոհարներ

դ05 3/1 29 ¶1

Հռութայ գիրքէն աչքառու կէտեր

1։13, 21—Եհովա Նոեմին դառնութեամբ լեցուց ու զինք վշտացո՞ւց։ Ո՛չ, եւ Նոեմի չմեղադրեց Աստուած։ Սակայն իրեն պատահած բաներուն ի տես, ան խորհեցաւ թէ Եհովա իրեն կը հակառակէր։ Ան դառնասիրտ ու յուսավրէպ դարձած էր։ Ասկէ զատ, այդ օրերուն որովայնի պտուղը Աստուծոյ մէկ օրհնութիւնը կը նկատուէր, իսկ ամլութիւնը՝ անէծք։ Թոռներ չունենալով ու երկու որդիներ կորսնցնելով, Նոեմի թերեւս զգաց թէ արդարացի է խորհիլ որ Եհովա զինք խոնարհեցուց։

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 31–ՓԵՏՐՈՒԱՐ 6

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՀՌՈՒԹ 3-4

«Լաւ յատկութիւններով ճանչցուիր»

ընդ 47 ¶18

«Առաքինի կին մը»

18 Բոոսին խօսքերը, մեղմ ու հանդարտ ձայնը հանգստացուցին Հռութը։ Ան ըսաւ. «Դուն Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլաս, աղջիկս. քու վերջի աղէկութիւնդ առաջուանէն մեծ է, որովհետեւ աղքատ կամ հարուստ երիտասարդներու ետեւէն չգացիր» (Հռութ 3։10)։ «Առաջուան» աղէկութիւնը այն էր, թէ Հռութ հաւատարիմ սէր դրսեւորած էր՝ Նոեմիին հետ Իսրայէլ գալով եւ անոր հոգ տանելով։ Իսկ «վերջին աղէկութիւնը» իր այս արարքն էր։ Բոոս նշմարեց թէ Հռութ, երիտասարդուհի մը ըլլալով, կրնար դիւրութեամբ շատ աւելի երիտասարդ ամուսին մը գտնել՝ հարուստ թէ աղքատ։ Բայց Հռութ բարիք ընել կ’ուզէր ոչ միայն Նոեմիին, այլեւ՝ անոր մահացած ամուսինին՝ Ելիմելէքին, որպէսզի անոր անունը յիշուէր Իսրայէլի մէջ։ Արդ՝ դժուար չէ տեսնել, թէ Բոոս ինչո՛ւ տպաւորուած էր այս երիտասարդուհի կնոջ անձնուրացութեամբ։

ընդ 48 ¶21

«Առաքինի կին մը»

21 Հռութին համար որքա՜ն հաճելի ըլլալու էր խոկալ Բոոսի խօսքերուն վրայ, թէ ամէն մարդ զինք որպէս «առաքինի կին» կը ճանչնար։ Անկասկած, Եհովան ճանչնալու եւ իրեն ծառայելու Հռութին տենչը մեծ դեր ունեցած էր այդպիսի համբաւ մը ձեռք բերելուն մէջ։ Ան նաեւ մեծ բարութիւն եւ փափկանկատութիւն դրսեւորած էր Նոեմիին եւ անոր ժողովուրդին հանդէպ՝ յօժարակամօրէն որդեգրելով իրեն անծանօթ եղող ապրելակերպն ու սովորութիւնները։ Եթէ ընդօրինակենք Հռութին հաւատքը, պիտի ջանանք մեծապէս յարգել ուրիշներն ու անոնց սովորութիւնները։ Եթէ այդպէս վարուինք, մենք ալ առաքինի ըլլալու համբաւը պիտի վաստկինք։

ընդ 50 ¶25

«Առաքինի կին մը»

25 Բոոս Հռութին հետ ամուսնացաւ։ Այնուհետեւ, Հռութին մասին կը կարդանք. «Տէրոջը ողորմութիւնովը յղացաւ ու որդի մը ծնաւ»։ Բեթլեհէմի կիները օրհնեցին Նոեմին եւ գովեցին Հռութը, ըսելով, թէ իր կեսրոջը համար եօթը որդիէ աղէկ էր։ Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ, թէ Հռութին որդին Դաւիթ թագաւորին մէկ նախահայրը դարձաւ (Հռութ 4։11-22)։ Դաւիթ ալ Յիսուս Քրիստոսի մէկ նախահայրն էր (Մատ. 1։1)։

Հոգեւոր գոհարներ

դ05 3/1 31 ¶2

Հռութայ գիրքէն աչքառու կէտեր

4։6—Փրկումը կատարելով, փրկարարը իր ժառանգութիւնը ի՞նչ կերպով կրնար ‘աւրել’։ Նախ, եթէ աղքատացած անհատը իր կալուածը ծախած էր, փրկարարը պիտի ստիպուէր զայն գնել գումար մը վճարելով, որ կ’որոշուէր հաշուելով մնացած տարիները մինչեւ Յոբելեանի տարին։ (Ղեւտացւոց 25։25-27) Այսպէս անոր հարստութիւնը պիտի նուազէր։ Ասկէ զատ, երբ Հռութ որդի մը ունենար, այդ որդի՛ն պիտի ժառանգէր փրկուած կալուածը, եւ ո՛չ թէ փրկարարին մօտիկ ազգականներէն մէկը։

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 7-13

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 1-2

«Աղօթքով սիրտդ բաց Եհովային առջեւ»

ընդ 55 ¶12

Ան աղօթքով իր սիրտը բացաւ Աստուծոյ առջեւ

12 Այսպէս, Աննան աղօթքի առնչութեամբ օրինակ հանդիսացաւ Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն։ Եհովան ջերմօրէն կը հրաւիրէ իր ծառաները, որ առանց քաշուելու, ազատօրէն իրեն խօսին՝ իրենց մտահոգութիւնները յայտնելով, ինչպէս որ երեխայ մը կը վստահի իր սիրալիր ծնողներուն եւ ամէն բան կը պատմէ անոնց (կարդա՛ Սաղմոս 62։8. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17)։ Պետրոս առաքեալ ներշնչուեցաւ Եհովային աղօթելու նկատմամբ՝ այս մխիթարական խօսքերը գրելու. «Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ» (Ա. Պետ. 5։7)։

w07 3/15 16 ¶4

Աննան ինչպէ՞ս խաղաղութիւն գտաւ

Ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Երբ Եհովային կ’աղօթենք մեր հոգերուն մասին, կրնանք իրեն յայտնել մեր խոր զգացումները եւ խնդրանքները։ Եթէ ձեռքէդ ուրիշ բան մը չի գար, պէտք է հարցը Եհովային ձեռքերուն մէջ ձգես։ Ասիկա ամէնէն լաւ բանն է, որ կրնաս ընել (Առակաց 3։5, 6)։

Հոգեւոր գոհարներ

դ05 4/1 29 ¶5

Առաջին Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

2։10—Աննա ինչո՞ւ աղօթեց որ Եհովա ‘իր թագաւորին ոյժ տայ’, երբ Իսրայէլի վրայ մարդկային թագաւոր չկար։ Մովսիսական Օրէնքին մէջ նախագուշակուած էր որ Իսրայելացիները մարդկային թագաւոր մը պիտի ունենային։ (Բ. Օրինաց 17։14-18) Իր մահուան անկողնին վրայ, Յակոբ ըսաւ. «Իշխանութիւնը Յուդայէն պիտի չպակսի»։ (Ծննդոց 49։10) Ասկէ զատ, Իսրայելացիներու նախամօր՝ Սառայի նկատմամբ, Եհովա ըսաւ. «Ժողովուրդներու թագաւորներ պիտի ելլեն անկէ»։ (Ծննդոց 17։16) Ուստի Աննա ապագայ թագաւորի մը մասին կ’աղօթէր։

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 14-20

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 3-5

«Եհովան նկատառու է»

դ18.09 24 ¶3

Ամենակալ ե՛ւ Նկատառու

3 Սամուէլ շատ պզտիկ տարիքէն սկսաւ Եհովային ծառայել խորանին մէջ (Ա. Թագ. 3։1)։ Գիշեր մը, մինչ ան կը քնանար, շատ տարօրինակ բան մը պատահեցաւ (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 3։2-10)։ Ան լսեց որ մէկը իր անունը կը կանչէ։ Կարծելով որ ծեր Հեղի քահանայապետն էր կանչողը, Սամուէլ անոր վազեց եւ պատրաստակամութեամբ ըսաւ. «Ահա հոս եմ. քանզի զիս կանչեցիր»։ Բայց Հեղին ըսաւ. «Ես չկանչեցի»։ Երբ նոյն բանը երկու անգամ ալ պատահեցաւ, Հեղին անդրադարձաւ որ Աստուած էր Սամուէլը կանչողը ու իրեն ըսաւ որ ինչ ընէ երբ նոյն բանը պատահի, եւ Սամուէլ հնազանդեցաւ։ Աստուած ինչո՞ւ սկիզբէն չըսաւ Սամուէլին որ ինքն էր զինք կանչողը։ Սուրբ Գիրքը բան մը չ’ըսեր, բայց կրնայ ըլլալ որ Եհովան Սամուէլին զգացումները նկատի առաւ։ Ինչպէ՞ս։

դ18.09 24 ¶4

Ամենակալ ե՛ւ Նկատառու

4 Կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 3։11-18։ Աստուծոյ Օրէնքը կը պատուիրէր որ պզտիկները յարգեն տարեցները, մանաւանդ հեղինակաւորները (Ել. 22։28. Ղեւ. 19։32)։ Ուրեմն դժուար է երեւակայել որ Սամուէլին պէս պզտիկ տղայ մը առտուն կանուխ արթննալով Հեղիին կ’երթայ եւ համարձակօրէն կ’ըսէ Աստուծոյ դատաստանական ծանր պատգամը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Սամուէլ «վախցաւ այն տեսիլքը Հեղիին պատմելէ»։ Սակայն Աստուած Հեղիին յստակ դարձուց որ Սամուէլը կը կանչէր։ Այս պատճառով, Հեղին Սամուէլը կանչելով ըսաւ. «Քեզի ըսուած բոլոր խօսքերէն մէկ խօսք ինձմէ [մի՛ պահեր]»։ Սամուէլ հնազանդելով «բոլոր խօսքերը անոր պատմեց»։

Հոգեւոր գոհարներ

դ05 4/1 29 ¶6

Առաջին Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

3։3—Սամուէլ Սրբութիւն Սրբութեանց բաժնի՞ն մէջ կը քնանար։ Ո՛չ։ Սամուէլ Ղեւտացի մըն էր եւ կը պատկանէր Կահաթեաններու ոչ–քահանայական գերդաստանին։ (Ա. Մնացորդաց 6։33-38) Ուստի ան ‘սուրբ բաները տեսնելու համար ներս մտնելու’ արտօնութիւն չունէր։ (Թուոց 4։17-20) Սրբարանին միակ մասը ուր Սամուէլ կրնար մտնել, խորանին գաւիթն էր։ Ան հո՛ն քնացած ըլլալու էր։ Ըստ երեւոյթին, Հեղին ալ գաւիթին մէջ որոշ տեղ մը կը քնանար։ «Ուր Աստուծոյ տապանակը կար» արտայայտութիւնը ակներեւօրէն կ’ակնարկէ խորանի շրջանին։

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 21-27

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 6-8

«Ո՞վ է թագաւորդ»

it-2 163 ¶1

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Իսրայէլացիները մարդկային թագաւոր ուզեցին։ Եգիպտոսէն ելլելնուն վրայ 400 տարի անցած էր, իսկ Աբրահամին հետ Աստուծոյ ըրած ուխտին վրայ՝ 800 տարի, երբ իսրայէլացիները ուզեցին ուրիշ ազգերու պէս մարդկային թագաւոր ունենալ, որ զիրենք առաջնորդէ։ Իրենց այս խնդրանքով մերժեցին, որ Եհովան անձամբ իրենց վրայ իշխէ (Ա. Թագ. 8։4-8)։ Ճիշդ է որ Եհովան Թագաւորութեան մասին կարգ մը տեղեկութիւններ տուած էր, բայց տակաւին ամէն բան չէր յայտնած, օրինակ՝ թէ ե՛րբ պիտի իշխէր, ինչպիսի՛ կառավարութիւն պիտի ըլլար, կամ երկրայի՛ն պիտի ըլլար, թէ ոչ՝ երկնային։ Անոր համար, անոնք մարդկային թագաւոր խնդրելով՝ իրենց սահմանը անցան։

ընդ 72 ¶18

Յուսախաբութիւններու ներքեւ տոկաց

18 Նշմարէ թէ Եհովան ի՛նչ պատասխանեց, երբ Սամուէլ հարցը աղօթքով իրեն ներկայացուց. «Ժողովուրդին խօսքին ու անոնց քեզի ամէն ըսածին մտիկ ըրէ՛, քանզի անոնք քեզ չեն մերժեր, այլ զիս կը մերժեն, որպէս զի անոնց վրայ չթագաւորեմ»։ Թէեւ այս խօսքերը Սամուէլին մխիթարութիւն տուին, սակայն իրականութեան մէջ, իսրայէլացիներուն պահանջածը մեծ նախատինք մըն էր Ամենակալ Աստուծոյ հանդէպ։ Եհովան իր մարգարէին ըսաւ, որ իսրայէլացիները ազդարարէր, թէ որքան սուղ գին պիտի վճարէին եթէ մարդկային թագաւոր մը ունենային։ Հակառակ այդ ազդարարութիւններուն, ժողովուրդը պնդեց. «Ո՛չ, անպատճառ թագաւոր մը կ’ուզենք»։ Հնազանդելով իր Աստուծոյն, Սամուէլ գնաց եւ Եհովային ընտրած անհատը թագաւոր օծեց (Ա. Թագ. 8։7-19)։

դ10 1/1 29 ¶9

Եհովայի իշխելու կերպը ջատագովուած է

9 Պատմութիւնը ապացուցանեց Եհովայի ազդարարութեան ճշմարիտ ըլլալը։ Մարդկային թագաւորի մը կողմէ ղեկավարուիլը լուրջ խնդիրներ յարուց իսրայէլի, մանաւանդ երբ թագաւորը անհաւատարիմ էր։ Իսրայէլի այս օրինակը ի մտի ունենալով, զարմանալի չէ որ դարերու ընթացքին, Եհովան չճանչցող մարդոցմէ կազմուած կառավարութիւնները չեն կրցած մնայուն լաւ արդիւնքներ բերել։ Ճիշդ է որ կարգ մը քաղաքագէտներ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն իրագործելու իրենց ջանքերուն վրայ Աստուծոյ օրհնութիւնը կը խնդրեն, բայց Աստուած ի՞նչպէս կրնայ օրհնել զանոնք, որոնք իր իշխելու կերպին չեն ենթարկուիր (Սաղ. 2։10-12)։

Հոգեւոր գոհարներ

դ02 4/1 23 ¶13

Ինչո՞ւ մկրտուիլ

13 Դարձի գալը տեղի պէտք է ունենայ, որպէս Եհովայի Վկայ մեր մկրտութենէն առաջ։ Դարձի գալը ազատօրէն կատարուած յօժարակամ արարք մըն է, անհատի մը կողմէ որ սրտանց որոշում տուած է Քրիստոս Յիսուսի հետեւելու։ Այսպիսի անհատներ կը հրաժարին իրենց նախկին սխալ ընթացքէն եւ կ’որոշեն Աստուծոյ աչքին շիտակը ընել։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, դարձի գալու իմաստը կրող Եբրայերէն ու Յունարէն բայերը կը նշանակեն՝ ետ դարձ ընել, ետ դառնալ։ Այս արարքը կը նշէ սխալ ընթացքէ մը Աստուծոյ դառնալ։ (Գ. Թագաւորաց 8։33, 34) Դարձի գալը կը պահանջէ «ապաշխարութեան արժանաւոր գործեր»։ (Գործք 26։20) Անիկա կը պահանջէ որ սուտ պաշտամունքը լքենք, Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն գործենք, եւ Եհովայի բացարձակ պաշտամունք մատուցանենք։ (Բ. Օրինաց 30։2, 8-10. Ա. Թագաւորաց 7։3) Դարձի գալը մեր մտածելակերպին մէջ, նպատակակէտերուն եւ տրամադրութեան մէջ փոփոխութիւններ յառաջ կը բերէ։ (Եզեկիէլ 18։31) ‘Դարձի կու գանք’ մինչ նոր անձնաւորութիւնը կը փոխարինէ ամբարիշտ նկարագրի գծերը։—Գործք 3։19. Եփեսացիս 4։20-24. Կողոսացիս 3։5-14

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 28–ՄԱՐՏ 6

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 9-11

«Սաւուղ սկիզբը խոնարհ եւ համեստ էր»

դ20.08 10 ¶11

Խոնարհութեամբ ու համեստութեամբ Աստուծոյդ հետ քալէ

11 Մտածէ՛ թէ ինչ պատահեցաւ Սաւուղ թագաւորին։ Ան սկիզբը համեստ երիտասարդ մըն էր։ Ան իր սահմանափակումներուն քաջատեղեակ էր եւ նոյնիսկ յաւելեալ պատասխանատուութիւն ստանձնելու վարանեցաւ (Ա. Թագ. 9։21. 10։20-22)։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին, ան յաւակնոտ դարձաւ եւ ըրաւ բաներ, որոնք ընելու իրաւասութիւն չունէր։ Ան այս կերպով սկսաւ վարուիլ, թագաւոր ըլլալէ քիչ ետք։ Առիթով մը, անհամբեր դարձաւ մինչ Սամուէլ մարգարէին կը սպասէր։ Փոխանակ համեստութեամբ Եհովայի վստահելու, որ ժողովուրդին ի նպաստ գործի լծուի, Սաւուղ ողջակէզ մատուցանեց՝ հակառակ անոր որ իրաւասութիւն չունէր։ Ասոր արդիւնքը եղաւ, որ Եհովան զինք մերժեց որպէս թագաւոր (Ա. Թագ. 13։8-14)։ Իմաստութիւն է որ այս ազդարարական օրինակէն դաս քաղենք եւ յաւակնոտութեամբ չվարուինք։

դ14 3/15 9 ¶8

Անձնազոհութեան հոգին պահպանե՛նք

8 Անձնասիրութիւնը կրնայ մեր անձնազոհ հոգին քանդել։ Իսրայէլի Սաւուղ թագաւորը այս մարզին մէջ մեզի ազդարարական օրինակ կը հանդիսանայ։ Իր իշխանութեան սկիզբը, ան համեստ ու խոնարհ էր (Ա. Թագ. 9։21)։ Ան մերժեց պատժել իր իշխանութեան դէմ խօսող իսրայէլացիները, թէեւ կրնար իր աստուածատուր դիրքը արդարացիօրէն պաշտպանել (Ա. Թագ. 10։27)։ Սաւուղ Աստուծոյ հոգիին առաջնորդութիւնը ընդունելով՝ ամմոնացիներու դէմ յաջող պատերազմ մղեց։ Անկէ ետք, ան խոնարհաբար յաղթանակին վարկը Եհովային տուաւ (Ա. Թագ. 11։6, 11-13)։

w95 12/15 10 ¶1

Ամմոնացիները Եհովայի ազնուութեան դիմաց թշնամութիւն ցոյց տուին

Ամմոնացիները Եհովայի ժողովուրդին հետ թշնամութեամբ վարուեցան, հակառակ անոր որ Եհովան ազնուութիւն ցոյց տուած էր անոնց։ Եհովան ասոր աչք չխփեց։ «Երբ [Նաասի] խօսքերը լսեց, Աստուծոյ Հոգին Սաւուղին վրայ եկաւ ու անոր բարկութիւնը խիստ բորբոքեցաւ»։ Սաւուղ՝ սուրբ հոգիին առաջնորդութեամբ, 330,000 պատերազմողներ հաւաքեց եւ անոնք ամմոնացիները այնպէս մը զարկին, որ «անոնցմէ երկու մարդ մէկտեղ չմնաց» (Ա. Թագաւորաց 11։6, 11)։

Հոգեւոր գոհարներ

դ05 4/1 30 ¶6

Առաջին Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

9։9—«Այսօր մարգարէ կոչուողը առաջ տեսանող կը կոչուէր» արտայայտութիւնը ինչո՞ւ յատկանշական է։ Այս խօսքերը թերեւս ցոյց կու տան թէ Սամուէլի օրերուն եւ Իսրայէլի թագաւորներու ժամանակաշրջանին մարգարէները աւելի կարկառուն դառնալով, «տեսանող» բառը փոխարինուեցաւ «մարգարէ» արտայայտութեամբ։ Սամուէլ մարգարէներու շարքին մէջ առաջինը կը նկատուի։—Գործք 3։24

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել