Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա22 Մարտ էջ 1-7
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2022)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՄԱՐՏ 7-13
  • ՄԱՐՏ 14-20
  • ՄԱՐՏ 21-27
  • ՄԱՐՏ 28–ԱՊՐԻԼ 3
  • ԱՊՐԻԼ 4-10
  • ԱՊՐԻԼ 18-24
  • ԱՊՐԻԼ 25–ՄԱՅԻՍ 1
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2022)
ժտա22 Մարտ էջ 1-7

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՄԱՐՏ 7-13

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 12-13

«Սահմաններդ գիտցիր որ վերջդ լաւ ըլլայ»

դ00 8/1 13 ¶17

Յաւակնոտութիւնը անարգութեան կ’առաջնորդէ

17 Առաջին ակնարկով, Սաւուղի արարքը կրնայ արդարացի թուիլ։ Վերջապէս, Աստուծոյ ժողովուրդը «նեղութեան մէջ», «տագնապած» էր եւ իրենց յուսահատ վիճակին ի տես կը դողար։ (Ա. Թագաւորաց 13։6, 7) Վստահաբար, սխալ չէ նախաքայլ առնել, երբ պարագաները կը պահանջեն ասիկա։ Բայց յիշեցէք որ Եհովա կրնայ սրտերը կարդալ եւ մեր ներքնագոյն մղումները տեսնել։ (Ա. Թագաւորաց 16։7) Հետեւաբար, ինք Սաւուղի վրայ կարգ մը ազդակներ տեսած ըլլալու էր, որոնք ուղղակիօրէն նշուած չեն Սուրբ Գրքին մէջ։ Օրինակ, թերեւս Եհովա տեսաւ որ Սաւուղի անհամբերութեան մէջ յաւակնոտութիւն կար։ Կրնայ ըլլալ որ Սաւուղ շատ բարկացած էր որ ինք՝ Իսրայէլի թագաւորը, ստիպուած էր սպասել մէկո՛ւ մը որ իր աչքին ծեր, ձգձգող մարգարէ մըն էր։ Ամէն պարագայի, Սաւուղ խորհեցաւ որ Սամուէլի դանդաղութիւնը իրեն իրաւունք կու տար ինքնագլուխ գործելու եւ անտեսելու իրեն տրուած բացայայտ հրահանգները։ Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ Սամուէլ չգովեց զինք իր առած քայլին համար։ Ընդհակառակը, ան յանդիմանեց զինք, ըսելով. «Քու թագաւորութիւնդ հաստատ պիտի չըլլայ։ . . . Քանզի դուն Տէրոջը քեզի պատուիրած հրամանը չպահեցիր»։ (Ա. Թագաւորաց 13։13, 14) Անգամ մը եւս յաւակնոտութիւնը անարգութեան առաջնորդեց։

դ07 7/1 13 ¶8

Եհովա հնազանդութիւնդ կ’արժեւորէ

8 Սաւուղ թագաւորին մասին Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը, հնազանդութեան մեծ կարեւորութիւնը կ’ընդգծէ։ Սաւուղ սկիզբը խոնարհ ու համեստ կառավարիչ մըն էր, որ ‘ինքն իր աչքերուն պզտիկ կ’երեւնար’։ Բայց ժամանակ մը ետք, հպարտութիւնն ու սխալ տրամաբանութիւնը սկսան իր որոշումներուն ազդել։ (Ա. Թագաւորաց 10։21, 22. 15։17) Առիթով մը, Սաւուղ Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ունէր։ Սամուէլ ըսաւ թագաւորին որ իրեն սպասէր, որպէսզի գար ու Եհովայի զոհեր մատուցանէր եւ յաւելեալ ուղղութիւններ տար։ Սակայն Սամուէլ ակնկալուածին չափ շուտ չեկաւ եւ ժողովուրդը սկսաւ ցրուիլ։ Ասիկա տեսնելով՝ Սաւուղ «ողջակէզը մատուցանեց», Եհովան տհաճեցնելով։ Երբ Սամուէլ ի վերջոյ եկաւ, թագաւորը իր անհնազանդութիւնը արդարացուց, ըսելով թէ քանի որ Սամուէլ ուշացաւ, ինք ‘համարձակեցաւ’ ողջակէզը մատուցանել՝ Եհովայի առջեւ պաղատելու համար։ Սաւուղ թագաւորին համար, այդ զոհը մատուցանելը շա՜տ աւելի կարեւոր էր քան՝ այդ զոհը Սամուէլի ձեռքով մատուցուելու նկատմամբ իր ստացած ուղղութեան հնազանդիլը։ Սամուէլ իրեն ըսաւ. «Յիմարութիւն ըրիր, որ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի պատուիրած պատուիրանքը չպահեցիր»։ Եհովայի անհնազանդ գտնուելուն պատճառաւ, Սաւուղ իր թագաւորութիւնը կորսնցուց։—Ա. Թագաւորաց 10։8. 13։5-13

Հոգեւոր գոհարներ

դ11 7/1 13 ¶15

Եհովայի սիրալիր առաջնորդութեան պիտի հետեւի՞ս

15 Արդեօք իսրայէլացիները խորհեցա՞ն որ մարդկային թագաւորը ձեւով մը Եհովայէն աւելի իրական եւ վստահելի պիտի ըլլար։ Եթէ այո՛, անոնք ի՛րապէս ոչինչ բանի մը հետամուտ կ’ըլլային, եւ շատ մը ուրիշ սատանայական պատրանքներ հետապնդելու վտանգին մէջ էին։ Մարդկային թագաւորները դիւրութեամբ զիրենք կռապաշտութեան պիտի առաջնորդէին։ Կռապաշտներ կը խորհին թէ ֆիզիքական առարկաներ,– փայտէ կամ քարէ շինուած աստուածներ,– ձեւով մը աւելի իրական ու վստահելի են քան՝ անտեսանելի Աստուածը՝ Եհովան, որ ամէն բան ստեղծեց։ Բայց Պօղոս առաքեալ նշեց, թէ կուռքերը «ոչինչ» են (Ա. Կոր. 8։4)։ Անոնք չեն կրնար տեսնել, լսել, խօսիլ կամ գործել։ Ուրեմն յիմարութիւն է կուռքեր պաշտել, պարզ այն պատճառով որ կրնանք զանոնք տեսնել ու շօշափել։ Կուռքերը ո՛չ ոքի կրնան օգնել։ Անոնք «ոչինչ բաներ» են եւ անոնց վստահիլը միայն աղէտ կը բերէ (Սաղ. 115։4-8)։

ՄԱՐՏ 14-20

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 14-15

«Հնազանդութիւնը զոհէն աւելի լաւ է»

դ07 7/1 12 ¶4

Եհովա հնազանդութիւնդ կ’արժեւորէ

4 Ստեղծիչն ըլլալով, Եհովա արդէն իսկ սեփականատէրն է մեր ունեցած բոլոր նիւթական բաներուն։ Ուստի կա՞յ բան մը որ կրնանք իրեն տալ։ Այո՛, կրնանք շատ արժէքաւոր բան մը տալ իրեն։ Ի՞նչ։ Պատասխանը կրնանք առնել հետեւեալ յորդորէն. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ»։ (Առակաց 27։11) Կրնանք Աստուծոյ տալ մեր հնազանդութիւնը։ Թէեւ տարբեր պարագաներ եւ ենթահողեր ունինք, բայց հնազանդ ըլլալով՝ իւրաքանչիւրս կրնանք պատասխան տալ Բանսարկուի չարամիտ դաւանութեան, թէ մարդիկ փորձութիւններու ներքեւ Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի չմնան։ Ասիկա ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մըն է։

it-2 521 ¶2

Հնազանդութիւն

Հնազանդութեան տեղը բան մը չ’առներ։ Եթէ մէկը Աստուծոյ հնազանդ չըլլայ, Աստուած իրմէ գոհ չ’ըլլար։ Սամուէլ Սաւուղ թագաւորին ըսաւ. «Միթէ Տէրոջը առջեւ ողջակէզներն ու զոհերը Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն ընելու չափ հաճո՞յ են։ Ահա հնազանդութիւնը զոհէն ու խօսք մտիկ ընելը խոյերուն ճարպէն աղէկ է» (Ա. Թագ. 15։22)։ Աստուծոյ չհնազանդիլ ըսել է՝ չընդունիլ Աստուծոյ ըսածը եւ չհաւատալ ու չվստահիլ ատոր ու ատոր Աղբիւրին։ Այսպիսով, անհնազանդ անհատը կը նմանի կախարդութիւն ընողի կամ կռապաշտի (Ա. Թագ. 15։23. համեմատէ՛ Հռով. 6։16)։ Խօսքով հնազանդիլը պարապ է, եթէ մէկը գործո՛վ չի հնազանդիր տրուած ուղղութիւններուն։ Ան այսպիսով կը ցուցնէ որ չի հաւատար եւ չի յարգեր այդ ուղղութիւնները տուողը (Մատ. 21։28-32)։ Անոնք որոնք կը լսեն ու մտքով կը համաձայնին Աստուծոյ ըսածներուն, բայց չեն ըներ ինչ որ ան կ’ուզէ, ինքզինքնին կը խաբեն եւ օրհնութիւններ պիտի չստանան (Յակ. 1։22-25)։ Յիսուս յստակացուց որ անոնք որոնք պահանջուած բաները սխալ կերպով կ’ընեն կամ սխալ նպատակով կ’ընեն, բնա՛ւ պիտի չմտնեն Թագաւորութիւնը եւ Աստուած լման պիտի մերժէ զանոնք (Մատ. 7։15-23)։

Հոգեւոր գոհարներ

it-1 493

Կարեկցութիւն

Երբ Աստուծոյ ուզածին հակառակ աշխատելով կարեկցութեամբ վարուինք ուրիշներուն հանդէպ՝ միայն որպէսզի մարդոց ուզածը ընենք, ասիկա կրնայ շատ գէշ արդիւնքներ ունենալ։ Անհատ մը կրնայ այս փոսին մէջ չիյնալ, եթէ իրապէս համոզուած ըլլայ, որ Աստուծոյ ուզածները ամէնէն ճիշդն են, եւ Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատարմութիւնը ամէնէն կարեւոր բանը ըլլայ իրեն համար։ Սաւուղ ասիկա չըրաւ եւ Աստուած իրմէ գոհ չմնաց։

ՄԱՐՏ 21-27

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 16-17

«Պատերազմը Տէրոջն է»

դհ16.5 11 ¶2-3

«Պատերազմը Տէրոջն է»

Դաւիթ Սաւուղին վստահեցուց, պատմելով որ ի՛նչ պատահած էր առիւծին եւ արջին հետ։ Արդեօք ան ինքզինքը կը տեսնէ՞ր։ Ո՛չ, քանի որ ան գիտէր թէ ինչպէ՛ս յաղթած էր ատոնց։ Ան ըսաւ. «Առիւծին ու արջին ձեռքէն զիս ազատող Տէրը այս Փղշտացիին ձեռքէն ալ պիտի ազատէ»։ Ի վերջոյ Սաւուղ ըսաւ. «Գնա՛ ու Տէրը քեզի հետ ըլլայ» (Ա. Թագաւորաց 17։37)։

Կ’ուզե՞ս Դաւիթին հաւատքը ունենալ։ Լաւ, նկատէ թէ Դաւիթի հաւատքը փափաքներու վրայ հիմնուած չէր։ Ան իր գիտութեան եւ փորձառութեան հիման վրայ կը հաւատար Աստուծոյ։ Ան Եհովան կը ճանչնար որպէս սիրալիր Պաշտպանող եւ իր խօսքին տէրը Ելլող։ Եթէ կ’ուզենք այսպիսի հաւատք ունենալ, պէտք է շարունակենք Աստուծոյ մասին սորվիլ։ Երբ մեր սորվածը գործադրենք, լաւ արդիւնքներու պիտի հասնինք եւ ասիկա մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ (Եբրայեցիս 11։1)։

դհ16.5 11-12

«Պատերազմը Տէրոջն է»

Դաւիթին պատասխանը հաւատք արտայայտող նախադասութիւն մը կը սեպուի մինչեւ այսօր։ Պահ մը երեւակայէ թէ ան ինչպէ՛ս Գողիաթին երեսին կ’ըսէ. «Դուն ինծի սրով, նիզակով ու գեղարդով կու գաս, բայց ես զօրութեան Տէրոջը, քու նախատած Իսրայէլին զօրքերուն Աստուծոյն անունովը քեզի կու գամ»։ Դաւիթ գիտէր որ մարդկային զօրութիւնը եւ զէնքերը կարեւորութիւն չունին։ Գողիաթ Եհովա Աստուածը չյարգեց, եւ Եհովան ասոր պատասխանը պիտի տար։ Ինչպէս որ Դաւիթ ըսաւ, «պատերազմը Տէրոջն է» (Ա. Թագաւորաց 17։45-47)։

Դաւիթ կոյր չէր. ան կը տեսնէր թէ Գողիաթ հսկայ եւ զինուած էր։ Բայց Դաւիթ չձգեց որ այսպիսի բաներ վախցնեն զինք։ Ան Սաւուղին եւ անոր զինուորներուն ըրած սխալը չըրաւ. ինքզինք Գողիաթին հետ չբաղդատեց։ Փոխարէն, ան Գողիաթը բաղդատեց Եհովային հետ։ Գողիաթին հասակը 2,9 մեթր ըլլալով, միւս մարդոցմէ աւելի երկար էր։ Բայց տիեզերքի Գերիշխանին հետ բաղդատած, ան որքա՞ն մեծ էր։ Իսկապէս, ան միւս մարդոց պէս միջատ մըն էր, ոչ աւելի,– միջատ մը, որ Եհովան պատրաստ էր ճզմելու։

դհ16.5 12 ¶5

«Պատերազմը Տէրոջն է»

Այսօր, Աստուծոյ ծառաները չեն պատերազմիր (Մատթէոս 26։52)։ Բայց պէտք ունի՛նք Դաւիթին հաւատքը ընդօրինակելու։ Մեզի համար ալ պէտք է Եհովան իրական ըլլայ եւ միայն իրեն ծառայենք ու իրեն հանդէպ վախ ունենանք։ Թերեւս ատեններ մենք մեզ պզտիկ տեսնենք՝ մեր խնդիրներուն հետ բաղդատած։ Բայց մեր խնդիրները պզտիկ են՝ Եհովային անսահման զօրութեան հետ բաղդատած։ Եթէ Եհովան ընտրենք որպէս մեր Աստուածը եւ իրեն հաւատանք Դաւիթին պէս, ա՛լ խնդիր մը չկայ որ կրնայ մեզ վախցնել։ Բա՛ն մը չկայ որուն Եհովան չի կրնար յաղթել։

Հոգեւոր գոհարներ

it-2 871-872

Սաւուղ

Դաւիթը իսրայէլի թագաւոր օծուելէ ետք, Եհովային հոգին Սաւուղէն հեռացաւ եւ «Տէրոջը կողմանէ չար ոգի մը անոր նեղութիւն կու տար»։ Երբ Եհովան իր հոգին Սաւուղէն հեռացուց, կարելի դարձաւ որ չար ոգի մը անոր վրայ իշխէ։ Այսպիսով Սաւուղ իր մտքի խաղաղութիւնը կորսնցուց եւ սկսաւ սխալ զգացումներ, մտածումներ եւ երեւակայութիւններ ունենալ։ Սաւուղին անհնազանդ գտնուիլը ցուցուց, որ իր միտքը եւ սիրտը սխալ ուղղութիւն առած էին։ Աստուծոյ հոգին Սաւուղը չպաշտպանեց ասկէ եւ դէմ չկեցաւ ասոր։ Կրնայ ըսուիլ որ այդ ոգին «Տէրոջը կողմանէ չար ոգի մը»ն էր, քանի որ Եհովա՛ն թոյլ տուած էր որ այդ չար ոգին իր հոգիին տեղը առնէր եւ Սաւուղին նեղութիւն տար։ Սաւուղ իր ծառաներէն մէկուն առաջարկին մտիկ ընելով խնդրեց, որ Դաւիթ իր քնարահարը ըլլայ եւ զինք հանդարտեցնէ, երբ այդ «չար ոգի»ն իրեն նեղութիւն տայ (Ա. Թագ. 16։14-23. 17։15)։

ՄԱՐՏ 28–ԱՊՐԻԼ 3

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 18-19

«Խոնարհ մնա՛ երբ բանի մը մէջ յաջողիս»

դ04 4/1 24 ¶4

Աստուծոյ հոգիին ապաւինեցէք՝ երբ կեանքի պարագաները փոխուին

4 Այս հովիւ տղեկը շուտով ազգային համբաւի պիտի տիրանար։ Ան կանչուեցաւ որ թագաւորին սպասարկէր ու անոր համար նուագէր։ Ան սպաննեց ռազմիկ Գողիաթը, այն կատաղի հսկան, որուն դէմ ելլելու կը վախնային նոյնիսկ Իսրայէլի ամենէն մարզուած զինուորները։ Պատերազմող մարդոց առաջնորդը նշանակուելով, Դաւիթ յաջողութեամբ կռուեցաւ Փղշտացիներուն դէմ։ Ժողովուրդը սիրեց զինք։ Անոնք զինք գովաբանող երգեր յօրինեցին։ Սաւուղ թագաւորին մէկ խրատատուն նախապէս պատանի Դաւիթը նկարագրած էր ո՛չ միայն որպէս ‘քնար զարնել գիտցող’ մէկը, այլ նաեւ որպէս «զօրաւոր, պատերազմող, ճարտասան ու գեղեցիկ տեսքով կտրիճ մը»։—Ա. Թագաւորաց 16։18. 17։23, 24, 45-51. 18։5-7

դ18.01 28 ¶6-7

Ինչպիսի՞ մարդիկ կը տեսնես

6 Ոմանք հպարտ կը դառնան, քանի որ ունին գեղեցկութիւն, համբաւ, երաժշտական ձիրք, ֆիզիքական ոյժ կամ քանի որ ուրիշները իրենց վրայ կը հիանան։ Դաւիթ բոլոր այս բաները ունէր, բայց իր ամբողջ կեանքին ընթացքին խոնարհ մնաց։ Օրինակ, երբ ան Գողիաթը մեռցուց, Սաւուղ թագաւոր իրեն ըսաւ, որ կրնար իր աղջիկին հետ ամուսնանալ։ Բայց Դաւիթ ըսաւ. «Ես ո՞վ եմ ու իմ կեանքս կամ իմ հօրս ազգատոհմը Իսրայէլի մէջ ի՞նչ է, որ թագաւորին փեսայ ըլլամ» (Ա. Թագ. 18։18)։ Ի՞նչը օգնեց Դաւիթին որ խոնարհ մնայ։ Ան գիտէր թէ Աստուծո՛յ խոնարհ ըլլալուն եւ իրմով հետաքրքրուելուն շնորհիւ ունէր ի՛նչ որ ունէր՝ յատկութիւններ, կարողութիւններ եւ առանձնաշնորհումներ (Սաղ. 113։5-8)։ Ան գիտէր թէ բոլոր լաւ բաները որ ունէր՝ Եհովայէն ստացած էր (բաղդատէ՛ Ա. Կորնթացիս 4։7)։

7 Դաւիթին պէս, ներկայիս Եհովային ժողովուրդը կը ջանայ խոնարհ ըլլալ։ Շատ կը տպաւորուինք գիտնալով որ Եհովան՝ տիեզերքին մեծագոյն Անձնաւորութիւնը, «խոնարհ» է (Սաղ. 18։35, ՆԱ)։ Լուրջի կ’առնենք այս խրատը. «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը» (Կող. 3։12)։ Նաեւ գիտենք թէ «սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար» (Ա. Կոր. 13։4)։ Երբ ուրիշներ տեսնեն թէ խոնարհ ենք, թերեւս ուզեն Եհովային մասին գիտնալ։ Ճիշդ ինչպէս որ կին մը իր լաւ վարքով կրնայ շահիլ իր ամուսինը, թերեւս Աստուծոյ ծառաներուն խոնարհութեան պատճառով ուրիշներ փափաքին Աստուծոյ մասին գիտնալ (Ա. Պետ. 3։1)։

Հոգեւոր գոհարներ

it-2 695-696

Մարգարէ

Ճիշդ է որ մարգարէները իրենց նշանակումը սուրբ հոգիին միջոցաւ ստացած էին, բայց ըստ երեւոյթին անոնք լման ժամանակը սուրբ հոգիէն ներշնչուելով չէին խօսեր։ Հապա՝ որոշ ժամանակներու սուրբ հոգին ‘անոնց վրայ կու գար’ եւ անոնց կը յայտնէր իրենց ըսելիքները (Եզեկ. 11։4, 5. Միք. 3։8)։ Ասիկա զօրաւոր կերպով կ’ազդէր անոնց եւ կը ձգէր որ խօսին (Ա. Թագ. 10։10. Եր. 20։9. Ամս. 3։8)։ Անոնք ոչ միայն տարօրինակ բաներ կ’ընէին, հապա նաեւ շատ տարօրինակ կերպով ու զգացումներով կը խօսէին եւ կը վարուէին։ Ասիկա՛ է որ ըսել կ’ուզուի երբ կարգ մը անհատներու համար կ’ըսուի որ մարգարէացան (Ա. Թագ. 10։6-11. 19։20-24. Եր. 29։24-32. համեմատէ՛ Գործք 2։4, 12-17. 6։15. 7։55)։ Մարդիկ կրնային մարգարէներուն ըրածները տարօրինակ եւ նոյնիսկ անտրամաբանական սեպել, քանի որ անոնք իրենց նշանակումին վրայ շատ կեդրոնացած կ’ըլլային եւ նախանձախնդրութեամբ ու համարձակութեամբ կը վարուէին։ Օրինակ, երբ մարգարէ մը Յէուն օծեց, զօրքերու իշխանները զինք տարօրինակ սեպեցին, մինչեւ որ գիտցան թէ ան մարգարէ է եւ անոր խօսքերը լուրջի առին (Դ. Թագ. 9։1-13. համեմատէ՛ Գործք 26։24, 25)։ Մինչ Սաւուղ Դաւիթին ետեւէն կ’երթար, սկսաւ մարգարէներու պէս վարուիլ ու «բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը մերկ ինկաւ գետինը». մինչ այդ, Դաւիթ կրցաւ փախչիլ (Ա. Թագ. 19։18–20։1)։ Ասիկա ըսել չէ որ մարգարէները շատ անգամ մերկ կ’ըլլային։ Սուրբ Գիրքին մէջ ասոր ճիշդ հակառակը կը տեսնենք։ Սուրբ Գիրքը կը յիշէ ուրիշ երկու առիթներ, որոնց ընթացքին երկու մարգարէներ մերկացան, եւ այդ ալ նպատակի մը համար. իրենց ըրած մարգարէութեան մէկ կէտը ներկայացնելու համար (Եսա. 20։2-4. Միք. 1։8-11)։ Բայց Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր որ Սաւուղ ինչո՛ւ մերկացաւ։ Կրնայ ըլլալ որպէսզի ինքզինք ներկայացնէ որպէս Եհովային իշխանութեան տակ եղող պարզ մարդ մը՝ առանց թագաւորական հագուստներու. կամ ալ թերեւս ուրիշ պատճառի մը համար։

ԱՊՐԻԼ 4-10

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 20-22

«Ինչպէ՞ս կրնաս լաւ ընկեր մը ըլլալ»

դ19.11 7 ¶18

Վերջը գալէն առաջ՝ զօրաւոր բարեկամութիւններ կերտէ

18 Ներկայիս մեր եղբայրներն ու քոյրերը զանազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Օրինակ, շատեր բնական կամ մարդակերտ աղէտներէ կը տառապին։ Երբ այսպիսի բան պատահի, մեզմէ ոմանք կրնան իրենց տուները ընդունիլ այս եղբայրները։ Ուրիշներ թերեւս կարելիութիւնը ունին դրամական օգնութիւն մատուցանելու։ Բայց բոլորս կրնանք Եհովայէն խնդրել որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնէ։ Եթէ իմանանք որ հաւատակից մը ընկճուած է, թերեւս չգիտնանք ի՛նչ ըսել կամ ընել։ Բայց բոլորս կրնանք օգնել։ Օրինակ, կրնանք ժամանակ տրամադրել որ անոր հետ ըլլանք։ Կրնանք իր խօսած ատեն կարեկցութեամբ մտիկ ընել։ Եւ կրնանք մեր նախասիրած մխիթարական համարը իրեն հետ բաժնել (Եսա. 50։4)։ Ամենակարեւոր բանը այն է, որ բարեկամներուդ հետ ըլլաս երբ քեզի պէտք ունենան (կարդա՛ Առակաց 17։17)։

դ08 2/1 17 ¶7

Եհովայի ճամբաներուն մէջ քալէ

7 Աստուած մեզմէ կ’ակնկալէ որ վստահելի բարեկամներ ըլլանք։ (Առ. 17։17) Սաւուղ թագաւորին որդին՝ Յովնաթան Դաւիթի հետ բարեկամութիւն մշակեց։ Երբ ան լսեց թէ Դաւիթ Գողիաթը սպաննեց, «Յովնաթանին սիրտը Դաւիթին սրտին հետ կապուեցաւ ու Յովնաթան իր անձին պէս սիրեց զանիկա»։ (Ա. Թագ. 18։1, 3) Յովնաթան նոյնիսկ Դաւիթը զգուշացուց, երբ Սաւուղ ուզեց զայն սպաննել։ Դաւիթ խոյս տալէ յետոյ, Յովնաթան անոր այցելեց ու հետը ուխտ ըրաւ։ Դաւիթի մասին Սաւուղի խօսիլը վտանգեց Յովնաթանի կեանքը, այսուհանդերձ երկու բարեկամները դարձեալ հանդիպեցան ու իրենց բարեկամութիւնը հաստատեցին։ (Ա. Թագ. 20։24-41) Իսկ անոնց վերջին հանդիպումին, Յովնաթան Դաւիթին ձեռքը «Աստուծմով զօրացուց»։—Ա. Թագ. 23։16-18

դ09 10/1 30 ¶11

Բարեկամութիւններ պահպանել՝ անսէր աշխարհի մը մէջ

11 Հաւատարիմ եղիր։ «Ճշմարիտ բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու նեղութեան ատենուան համար ծնած եղբայր է», գրեց Սողոմոն (Առ. 17։17, ՆԱ)։ Երբ Սողոմոն այս խօսքերը գրեց, թերեւս ի մտի ունէր իր հօր՝ Դաւիթի եւ Յովնաթանի բարեկամութիւնը (Ա. Թագ. 18։1)։ Սաւուղ թագաւոր ուզեց որ իր որդին՝ Յովնաթանը Իսրայէլի գահը ժառանգէ։ Բայց Յովնաթան ընդունեց այն իրողութիւնը, թէ Եհովա այս առանձնաշնորհումին համար Դաւիթը ընտրած էր։ Սաւուղին հակառակը, Յովնաթան Դաւիթի չնախանձեցաւ։ Ան Դաւիթի ստացած գովասանքին համար չդժգոհեցաւ, ո՛չ ալ հաւատաց Դաւիթի մասին Սաւուղի տարածած զրպարտութիւնները (Ա. Թագ. 20։24-34)։ Մենք Յովնաթանի պէ՞ս ենք։ Երբ մեր բարեկամները առանձնաշնորհումներ ստանան, անոնց համար կ’ուրախանա՞նք։ Երբ անոնք նեղութիւններ կրեն, զիրենք կը մխիթարե՞նք եւ անոնց թիկունք կը կանգնի՞նք։ Եթէ բարեկամի մը մասին բամբասանք լսենք, շուտով կը հաւատա՞նք, թէ ոչ՝ Յովնաթանի նման, հաւատարմօրէն մեր բարեկամը կը պաշտպանենք։

Հոգեւոր գոհարներ

դ05 4/1 31 ¶7

Առաջին Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

21։12, 13. Եհովա կ’ակնկալէ որ մեր մտային կարողութիւններն ու հմտութիւնները գործածենք, կեանքի դժուար պարագաներուն հետ գլուխ ելլելու համար։ Ան իր ներշնչեալ Խօսքը տուած է մեզի, որ խոհեմութիւն, գիտութիւն ու հանճար կը հաղորդէ։ (Առակաց 1։4) Ունինք նաեւ նշանակուած Քրիստոնեայ երէցներու օգնութիւնը։

ԱՊՐԻԼ 18-24

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 23-24

«Համբերութեամբ Եհովային սպասէ»

դ04 4/1 25 ¶8

Աստուծոյ հոգիին ապաւինեցէք՝ երբ կեանքի պարագաները փոխուին

8 Դաւիթ մերժեց Սաւուղի վնաս հասցնել։ Հաւատք ու համբերութիւն ցոյց տալով, ան գոհացաւ հարցը Եհովայի ձեռքերուն մէջ ձգել։ Թագաւորը քարայրէն ելլելէն ետք, Դաւիթ անոր ետեւէն պոռալով՝ ըսաւ. «Տէրը դատաստան թող ընէ իմ ու քու մէջտեղ ու Տէրը իմ վրէժս քեզմէ թող առնէ. բայց իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չըլլայ»։ (Ա. Թագաւորաց 24։13) Թէեւ գիտցաւ որ Սաւուղ սխալի մէջ էր, Դաւիթ վրէժ չլուծեց, ո՛չ ալ անարգանքով խօսեցաւ անոր հետ կամ անոր մասին։ Ուրիշ առիթներով ալ Դաւիթ հարցերը իր ձեռքը առնելէն ետ կեցաւ։ Ան Եհովայի ապաւինեցաւ որ հարցերը շտկէ։—Ա. Թագաւորաց 25։32-34. 26։10, 11

դ16.04 17 ¶15-16

«Համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը»

15 Յակոբոս առաքեալը ներշնչումով գրեց. «Համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը»։ Ի՞նչ գործի մասին կը խօսի հոս։ Համբերութիւնը մեզի կ’օգնէ որ «կատարեալ եւ ամբողջ [ըլլանք], եւ ոչինչ պակսի [մեզի]» (Յակ. 1։4, ԱԾ)։ Փորձութիւնները շատ անգամներ մէջտեղ կը հանեն մեր տկար կողմերը, մեր անձնաւորութեան այն գիծերը՝ որոնց վրայ պէտք է աշխատինք։ Եթէ այդ փորձութիւններուն համբերենք, մեր քրիստոնէական անձնաւորութիւնը աւելի կատարեալ կ’ըլլայ։ Օրինակ՝ կրնանք աւելի երկայնամիտ, գնահատող եւ կարեկցող դառնալ։

16 Քանի որ համբերութիւնը մեզ աւելի լաւ քրիստոնեաներ կը դարձնէ, աստուածաշնչական սկզբունքներուն մէջ զիջումներ մի՛ ըներ, պարզապէս որպէսզի փորձութիւններէն դուրս ելլես։ Օրինակ՝ անմաքուր մտածումներու դէմ կը պայքարի՞ս։ Մի՛ յանձնուիր, հապա՝ աղօթէ ու մերժէ այսպիսի ցանկութիւններ։ Այսպիսով ինքնազսպումդ պիտի զօրացնես։ Ընտանիքիդ անհաւատ մէկ անդամը քեզի կը հակառակի՞։ Փոխանակ ճնշումին տակ տեղի տալու, միտքդ դիր որ պիտի շարունակես ամբողջ սրտով Եհովային ծառայել։ Այսպիսով Եհովային աւելի պիտի վստահիս։ Մի՛ մոռնար. պէտք է համբերենք, որպէսզի Եհովան մեզի հաճի (Հռով. 5։3-5. Յակ. 1։12)։

Հոգեւոր գոհարներ

դ17.11 27 ¶11

Բանի մը առիթ մի՛ տար որ քեզ մրցանակէն զրկէ

11 Եթէ ջանք թափենք որ իսկապէս սիրալիր եւ քաղցր ըլլանք, դիւրին–դիւրին պիտի չնախանձինք։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր» (Ա. Կոր. 13։4)։ Որպէսզի նախանձը արմատ չկապէ մեր սրտին մէջ, պէտք է Եհովային աչքով նայինք հարցերուն։ Պէտք է եղբայրները եւ քոյրերը սեպենք նոյն մարմինին անդամները, որ է ժողովքը։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ վարուինք այս համարին ըսածին պէս. «Եթէ մէկ անդամը փառաւորուի, բոլոր անդամները կ’ուրախանան անոր հետ» (Ա. Կոր. 12։16-18, 26)։ Այսպիսով, երբ ուրիշներ օրհնութիւններ ստանան, անոնց հետ պիտի ուրախանանք, փոխանակ նախանձելու։ Նկատի առ Սաւուղ թագաւորին տղան՝ Յովնաթանը։ Ան չնախանձեցաւ երբ իր տեղը Դաւիթ ընտրուեցաւ թագաւոր ըլլալու։ Ան նոյնիսկ քաջալերեց Դաւիթը (Ա. Թագ. 23։16-18)։ Կրնա՞նք Յովնաթանին պէս քաղցր եւ սիրալիր ըլլալ։

ԱՊՐԻԼ 25–ՄԱՅԻՍ 1

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 25-26

«Առանց մտածելո՞ւ կը վարուիս»

ընդ 78 ¶10-12

Ան խոհեմութեամբ վարուեցաւ

10 Այդ տքնաջան ռազմիկները ինչպէ՞ս կը վարուէին հովիւներուն հետ։ Անոնք կրնային դիւրութեամբ ատեն–ատեն գողնալ անոնց ոչխարները, բայց այդպէս չըրին։ Ընդհակառակը, անոնք Նաբաղի հօտերուն ու ծառաներուն շուրջ պաշտպանիչ պարիսպի մը պէս էին (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 25։15, 16)։ Ոչխարներն ու հովիւները բազմաթիւ վտանգներէ կ’անցնէին։ Գիշատիչ կենդանիները շատ էին եւ Իսրայէլի հարաւային սահմանը այնքա՛ն մօտ էր, որ օտարազգի յելուզակներ եւ աւազակախումբեր յաճախ յարձակում կը գործէին։

11 Կրնանք պատկերացնել թէ որքա՜ն դժուար էր այդ բոլոր տղամարդիկը կերակրել անապատային շրջանին մէջ։ Օր մը, Դաւիթ Նաբաղին տասը պատգամաւոր ղրկեց՝ օգնութիւն խնդրելու համար։ Դաւիթ իմաստութեամբ ընտրեց յարմար ժամանակը։ Ոչխարները խուզելու տօնական ժամանակաշրջանն էր, երբ մարդիկ առատաձեռն կ’ըլլային եւ խնճոյքներ կը կազմակերպէին։ Ան նաեւ իր խօսքերը ուշադրութեամբ շարադրեց, յարգալից արտայայտութիւններ գործածելով։ Ան նոյնիսկ իր անձին ակնարկելով ըսաւ. «Քու որդիիդ Դաւիթին», հաւանաբար յարգելով Նաբաղի տարիքը։ Ի՞նչ էր Նաբաղի հակազդեցութիւնը (Ա. Թագ. 25։5-8)։

12 Նաբաղ զայրացաւ։ «Անիկա խստիւ խօսեցաւ անոնց հետ», ճիշդ ինչպէս որ վերոնշեալ երիտասարդը Աբիգիային նկարագրեց պատահածը։ Այդ կծծի մարդը բարձրաձայն գանգատեցաւ իր թանկարժէք հացին, ջուրին եւ մորթած անասունի միսին համար։ Ան արհամարհեց Դաւիթը՝ զինք անկարեւոր անձ եւ տիրոջմէն փախած ծառայ մը նկատելով։ Թերեւս Նաբաղի տեսակէտը նման էր Սաւուղի տեսակէտին, որ կ’ատէր Դաւիթը։ Անոնցմէ ոչ ոք ունէր Եհովայի տեսակէտը։ Աստուած կը սիրէր Դաւիթը եւ զինք կը նկատէր ոչ թէ որպէս ըմբոստ ստրուկ մը, այլ՝ Իսրայէլի ապագայ թագաւորը (Ա. Թագ. 25։10, 11, 14)։

ընդ 80 ¶18

Ան խոհեմութեամբ վարուեցաւ

18 Խնդրին պատասխանատուութիւնը ինք իր վրայ առաւ եւ Դաւիթէն խնդրեց որ անձամբ իրեն ներէր։ Ան իրապաշտօրէն ընդունեց, որ իր ամուսինը անզգամ էր, ինչպէս որ Նաբաղ անունը կը նշանակէ։ Ան թերեւս ըսել կ’ուզէր որ Դաւիթ այդպիսի անհատ մը պատժելով իր արժանապատուութենէն իջած պիտի ըլլար։ Ան իր վստահութիւնը արտայայտեց Դաւիթին հանդէպ որպէս Եհովայի ներկայացուցիչը, գիտակցելով թէ ան «Տէրոջը պատերազմները» կը մղէր։ Կինը նաեւ նշեց, թէ տեղեակ էր Դաւիթին եւ թագաւորութեան վերաբերեալ Եհովայի խոստումին մասին, քանի որ ըսաւ. «Տէրը. . . քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր դնէ»։ Աւելին, ան Դաւիթը յորդորեց որ չառնէր քայլ մը, որ զինք արիւնապարտ կրնար դարձնել կամ՝ յետագային կրնար «գայթակղութիւն» ըլլալ՝ ակներեւաբար խղճի խայթին ակնարկելով (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 25։24-31)։ Ի՜նչ ազնիւ եւ ազդեցիկ խօսքեր։

Հոգեւոր գոհարներ

ընդ 80 ¶16

Ան խոհեմութեամբ վարուեցաւ

16 Արդեօք ասիկա նշանակե՞ց թէ Աբիգիան այդպիսով կ’ըմբոստանար իր ամուսինին իրաւացի գլխաւորութեան դէմ։ Ո՛չ։ Ի մտի ունեցիր որ Նաբաղ Եհովայի օծեալ ծառայի մը հետ չար կերպով վարուած էր,– արարք մը որ իրապէս կրնար Նաբաղի տան շատ մը անմեղ մարդոց մահուան պատճառ դառնալ։ Եթէ Աբիգիան գործի չանցնէր, Նաբաղին հետ մեղսակից պիտի չսեպուէ՞ր։ Այս պարագային, ան պէտք էր առաւել Աստուծո՛յ ենթարկուէր, քան իր ամուսինին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել