-
Ան խոհեմութեամբ վարուեցաւԱնոնց հաւատքը ընդօրինակենք
-
-
ԳԼՈՒԽ ԻՆԸ
Ան խոհեմութեամբ վարուեցաւ
1-3. ա) Ինչպէ՞ս եղաւ որ Աբիգիայի տունը վտանգի առջեւ գտնուեցաւ։ բ) Ի՞նչ պիտի սորվինք այս հիանալի կնոջ մասին։
ԱԲԻԳԻԱ սարսափ տեսաւ երիտասարդին աչքերուն մէջ։ Երիտասարդը զարհուրած էր, որովհետեւ լուրջ վտանգ մը կար։ Այդ պահուն, շուրջ 400 ռազմիկներ ճամբայ ելած էին, Աբիգիայի ամուսինին՝ Նաբաղի տան բոլոր արուները սպաննելու համար։ Ինչո՞ւ։
2 Ամէն բան Նաբաղէն սկսաւ։ Ան, ըստ սովորականին, դաժանօրէն եւ կոպտօրէն վարուած էր։ Սակայն այս անգամ, ան վիրաւորած էր այն մարդը, որ հաւատարիմ եւ լաւ մարզուած ռազմիկներու սիրալիր հրամանատարն էր։ Այժմ Նաբաղի երիտասարդ աշխատաւորներէն մէկը, հաւանաբար հովիւ մը, կու գայ Աբիգիային, յուսալով որ ան ծրագիր մը յղանայ զիրենք փրկելու համար։ Բայց կին մը առանձին ի՞նչ կրնար ընել զօրքի մը դիմաց։
Կին մը առանձին ի՞նչ կրնար ընել զօրքի մը դիմաց
-
-
Ան խոհեմութեամբ վարուեցաւԱնոնց հաւատքը ընդօրինակենք
-
-
«Անիկա խստիւ խօսեցաւ անոնց հետ»
8. Նաբաղ զո՞վ նախատած էր, եւ ինչո՞ւ կարելի է ըսել որ իր այս արարքը անմտութիւն էր։
8 Այժմ Նաբաղ որեւէ ժամանակէ աւելի նեղ կացութեան մատնած էր Աբիգիան։ Ան նախատած էր Դաւիթը,– Եհովայի հաւատարիմ ծառան, զոր Սամուէլ մարգարէն օծած էր որպէս Աստուծոյ կողմէ ընտրուած թագաւոր, որ պիտի յաջորդէր Սաւուղ թագաւորին (Ա. Թագ. 16։1, 2, 11-13)։ Այդ ատեն, Դաւիթ իր 600 հաւատարիմ ռազմիկներով կ’ապրէր անապատին մէջ, որովհետեւ նախանձոտ Սաւուղ թագաւորը կ’ուզէր սպաննել զինք։
-