-
Սարեփթայի որբեւայրին վարձատրուեցաւ իր հաւատքին համարԴիտարան 2014 | Փետրուար 15
-
-
Եհովան որոշած էր թէ Աքաաբի իշխանութեան ընթացքին երկարատեւ երաշտ պիտի ըլլար։ Եղիան երաշտին մասին ծանուցանելէ ետք, Աստուած զինք Աքաաբին ձեռքէն պահեց եւ հրաշալիօրէն կերակրեց՝ ագռաւներու միջոցաւ իրեն հաց եւ միս բերելով։ Ապա ան Եղիայի ըսաւ. «Ելի՛ր, Սիդոնացիներու Սարեփթան գնա ու հոն նստէ՛։ Ահա հոն որբեւարի կնոջ մը հրամայեր եմ, որ քեզ կերակրէ» (Գ. Թագ. 17։1-9)։
-
-
Սարեփթայի որբեւայրին վարձատրուեցաւ իր հաւատքին համարԴիտարան 2014 | Փետրուար 15
-
-
Որբեւայրին նկատեց թէ Եղիան աստուածավախ իսրայէլացի մըն էր։ Ասիկա բացայայտ է իր սա խօսքէն. «Քու Տէր Աստուածդ կենդանի է»։ Այնպէս կը թուի թէ ան իսրայէլի Աստուծոյ մասին որոշ գիտութիւն ունէր, բայց ոչ ա՛յն աստիճան որ Եհովայի ակնարկէր որպէս «իմ Աստուածս»։ Ան կ’ապրէր Սարեփթայի մէջ, որ կախեալ էր փիւնիկեցիներու Սիդոն քաղաքէն։ Շատ հաւանաբար, Սարեփթայի բնակիչները Բահաղը կը պաշտէին։ Այսուհանդերձ, Եհովան մասնայատուկ բան մը նկատած էր այս որբեւայրիին սրտին մէջ։
Կռապաշտներու մէջ ապրելով հանդերձ, Սարեփթայի աղքատ որբեւայրին հաւատքի տէր կին մըն էր։ Եհովան Եղիան անոր քով ղրկեց, որպէսզի թէ՛ մարգարէն եւ թէ կինը օգնութիւն ստանային։ Ասկէ կրնանք կարեւոր դաս մը քաղել։
Բահաղը պաշտող Սարեփթայի բնակիչներէն ոմանք փտած չէին։ Եղիան որբեւայրիին քով ղրկելով, Եհովան ցոյց տուաւ թէ կը նշմարէ լաւ դիտաւորութիւն ունեցող անհատներ, որոնք տակաւին Զինք չեն պաշտեր։ Իրապէս, «ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ [Աստուծմէ] կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։35)։
-