-
Անարդարութեան դիմաց ան տոկացԴիտարան 2014 | Փետրուար 1
-
-
Դժուար թէ մէկը կարդայ Յեզաբէլի ծրագիրը եւ անոր չարութենէն չզարհուրի։ Յեզաբէլ թագուհին գիտէր, թէ Աստուծոյ Օրէնքին համաձայն, լուրջ մեղադրանք մը հաստատելու համար երկու վկաներ պէտք էին (Բ. Օրինաց 19։15)։ Ուստի ան Աքաաբին անունով նամակներ գրեց, Յեզրայէլի մէջ բնակող երեւելի տղամարդոցմէն խնդրելով, որ գտնեն երկու վկաներ, որոնք յօժար պիտի ըլլային Նաբովթին դէմ սուտ ամբաստանութիւններ ընելու,– հայհոյութեան մեղադրանքներ, որուն դատավճիռը մահապատիժն էր։ Դժբախտաբար, իր ծրագիրը յաջողեցաւ։ Երկու «անօրէն մարդիկ» սուտ վկայութիւն տուին Նաբովթի դէմ եւ հետեւաբար, ան մինչեւ մահ քարկոծուեցաւ։ Կարծես այս մէկը բաւարար չըլլար, Նաբովթին որդիներն ալ սպաննուեցանb (Գ. Թագաւորաց 21։5-14. Ղեւտացւոց 24։16. Դ. Թագաւորաց 9։26)։ Խորքին մէջ, Աքաաբ իր գլխաւորութենէն հրաժարած էր, իր կնոջ թոյլ տալով որ ուզածը ընէր՝ այդ անմեղ մարդիկը սպաննելով։
-
-
Անարդարութեան դիմաց ան տոկացԴիտարան 2014 | Փետրուար 1
-
-
b Յեզաբէլ թերեւս վախցաւ, որ այգիին սեփականատիրութիւնը Նաբովթի որդիներուն անցնէր, ուստի մղուեցաւ զանոնք սպաննելու կարգադրութիւն մըն ալ ընելու։ Քննարկութեան համար, թէ Աստուած ինչո՛ւ այսպիսի կեղեքիչ արարքներ կը թոյլատրէ, տե՛ս «Ընթերցողները կը հարցնեն» յօդուածը այս թիւին մէջ։
-