Գիտէի՞ր
Երուսաղէմի շուրջը երբեք ցցապատնէշ շինուեցա՞ւ, ինչպէս Յիսուս նախագուշակեց։
Երուսաղէմի կործանումին վերաբերեալ իր մարգարէութեան մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Օրեր պիտի գան քու վրադ՝ երբ թշնամիներդ քու բոլորտիքդ պատնէշ պիտի շինեն ու քեզ պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ քեզ նեղը պիտի ձգեն» (Ղուկաս 19։43)։ Յիսուսի խօսքերը կատարուեցան մ.թ. 70–ին, երբ Տիտոսի առաջնորդութեամբ հռոմայեցիները քաղաքին շուրջ կանգնեցուցին կողք–կողքի դրուած ցիցերով պատ, կամ ցցապատնէշ։ Տիտոսի նպատակն էր՝ հրեաներուն փախուստը արգիլել, անոնց յանձնուիլը քաջալերել եւ սով պատճառելով զանոնք մղել ենթարկուելու։
Առաջին դարու պատմաբան Փլավիոս Յովսեպոսի համաձայն, անմիջապէս որ ցցապատնէշը շինելու որոշումը տրուեցաւ, հռոմէական բանակին զանազան լեգէոններն ու զօրամասերը սկսան իրարու հետ մրցիլ, տեսնելու համար թէ ո՛վ պիտի կարենար առաջ լրացնել իրեն ինկած բաժինը։ Քաղաքին շրջակայքը եւ մինչեւ մօտաւորապէս 16 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող ծառերը կտրուեցան ու միայն երեք օրուան մէջ ցցապատնէշը շինուեցաւ, շուրջ եօթը քիլոմեթր երկարութիւն ունենալով։ Ասոր վրայ, «հրեաներուն համար փախուստի ամէն յոյս չքացաւ», կ’ըսէ Յովսեպոս։ Ներքին զինեալ խումբերուն միջեւ մղուած ատելավառ կռիւներուն եւ սովին պատճառաւ, շուրջ հինգ ամիս ետք, Երուսաղէմ ինկաւ պաշարողներուն ձեռքը։
Եզեկիա թագաւորը իրապէս փապուղի մը բացա՞ւ։
Եզեկիա Յուդայի վրայ թագաւորեց՝ մ.թ.ա. ութերորդ դարու վերջաւորութեան։ Այդ ժամանակ պատերազմ կար հզօր Ասորեստանի դէմ։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, թէ ան քայլեր առաւ որ Երուսաղէմը պաշտպանէ եւ անոր ջուրի աղբիւրները ապահովէ։ Ի միջի այլոց, ան կառուցանեց 533 մեթր երկարութեամբ փապուղի կամ ջրմուղ մը, քաղաքին մէջ ակի ջուր բերելու համար (Դ. Թագաւորաց 20։20. Բ. Մնացորդաց 32։1-7, 30)։
ԺԹ. դարուն, այսպիսի փապուղի մը յայտնաբերուեցաւ։ Անիկա ճանչցուեցաւ որպէս Եզեկիայի փապուղին կամ Սելովամի փապուղին։ Փապուղիին մէջ քանդակագրութիւն մը գտնուեցաւ, որ փապուղիին կառուցման վերջին հանգրուանները կը նկարագրէր։ Այս արձանագրութեան մէջ գործածուած տառերուն տեսակն ու ձեւը, ուսումնականներուն մեծամասնութիւնը առաջնորդեց որ զայն Եզեկիայի ժամանակին վերագրեն։ Սակայն տասնամեակ մը առաջ, ոմանք թելադրեցին թէ կառուցման թուականը Եզեկիայի ժամանակէն շուրջ 500 տարի ետք էր։ 2003–ին, իսրայէլացի գիտնականներ իրենց հետազօտութեան արդիւնքը հրատարակեցին, որուն նպատակն էր՝ փապուղիին համար վստահելի թուական մը սահմանել։ Անոնք ի՞նչ եզրակացութեան յանգեցան։
Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանէն՝ դոկտ. Ամովս Ֆրամքին կ’ըսէ. «Սելովամի փապուղիի գաճին բնածուխ պարունակող նիւթերուն վրայ մեր կատարած բնածուխ–14–ի փորձերը եւ փապուղիին շթաքարերուն առնչութեամբ կատարուած ուրանիոմ–թորիոմի փորձերը, կտրուկ կերպով ցոյց տուին թէ փապուղին կը պատկանի Եզեկիայի ժամանակաշրջանին»։ Գիտական պարբերաթերթի մը (Nature) մէկ յօդուածը կ’աւելցնէ. «Ապացոյցի երեք անջատ եզրերը,– ճառագայթաչափութեամբ թուական դնելը, հնագրութիւնը եւ պատմական արձանագրութիւնը,– բոլորն ալ մէկ կէտ կը մատնանշեն՝ մ.թ.ա. շուրջ 700։ Այսպէս Սելովամի փապուղին ցարդ ճանչցուած Երկաթէ դարու պատկանող աստուածաշնչական այն կառոյցն է, որուն թուականը լաւագոյն կերպով ստուգուած է»։