-
«Բարի գործերու նախանձախնդիր» եղիրԴիտարան 2009 | Յունիս 1
-
-
4, 5. Յուդայի չորս թագաւորները ի՞նչ կերպերով բարի գործերու նախանձախնդիր էին։
4 Ասա, Յովսափատ, Եզեկիա եւ Յովսիա, Յուդայի մէջ կռապաշտութիւնը արմատախիլ ընելու արշաւներ կազմակերպեցին։ Ասա «օտար աստուածներուն սեղաններն ու բարձր տեղերը վերցուց եւ արձանները կոտրտեց ու Աստարովթին կուռքերը կտոր կտոր ըրաւ» (Բ. Մն. 14։3)։ Եհովայի պաշտամունքին նախանձախնդիր ըլլալով, Յովսափատ «բարձր տեղերն ու Աստարովթին կուռքերն ալ Յուդայէն վերցուց» (Բ. Մն. 17։6. 19։3)։a
-
-
«Բարի գործերու նախանձախնդիր» եղիրԴիտարան 2009 | Յունիս 1
-
-
a Թերեւս Ասա չաստուածներու պաշտամունքին առնչուած բարձր տեղերը վերցուց եւ ձգեց այն տեղերը, ուր ժողովուրդը Եհովան կը պաշտէր։ Կամ, կրնայ ըլլալ որ Ասայի իշխանութեան վերջին տարիներուն բարձր տեղերը վերաշինուեցան, իսկ իր որդին՝ Յովսափատ զանոնք վերցուց (Գ. Թագ. 15։14. Բ. Մն. 15։17)։
-