-
Ուշադրութիւն ընծայեցէք Աստուծոյ սքանչելի գործերունԴիտարան 2001 | Ապրիլ 15
-
-
3. Յոբայ 38։22, 23, 25-29–ի համաձայն, Աստուած ի՞նչ բաներու մասին հարցուց։
3 Աստուած Յոբին հարցուց. «Ձիւնին շտեմարանները մտե՞ր ես ու կարկուտին գանձերը տեսե՞ր ես, որոնք ես կը պահեմ նեղութեան ժամանակի ու կռիւի եւ պատերազմի օրերուն համար»։ Երկրի շատ մը մասերուն մէջ, ձիւնն ու կարկուտը կեանքի առօրեային մաս կը կազմեն։ Աստուած շարունակեց. «Հեղեղներուն համար՝ անցք ու որոտումներուն փայլակին համար ճամբայ ո՞վ բացաւ, որպէս զի անձրեւ տայ այն երկրին, ուր մարդ չկայ, անապատին՝ ուր մէ՛կը չի բնակիր, որպէս զի անապատներն ու անշէն տեղերը կշտացնէ ու կանանչ խոտ բուսցնէ։ Անձրեւը հայր ունի՞, կամ թէ ո՞վ ծնաւ ցօղին կաթիլները։ Սառը որո՞ւն արգանդէն կ’ելլէ ու ո՞վ ծնաւ երկնքի եղեամը»։—Յոբայ 38։22, 23, 25-29
-
-
Ուշադրութիւն ընծայեցէք Աստուծոյ սքանչելի գործերունԴիտարան 2001 | Ապրիլ 15
-
-
7. Անձրեւի մասին մարդուն գիտութիւնը որքա՞ն ամբողջական է։
7 Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել անձրեւին մասին։ Աստուած Յոբին հարցուց. «Անձրեւը հայր ունի՞, կամ թէ ո՞վ ծնաւ ցօղին կաթիլները»։ Գիտական նոյն համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Մթնոլորտային շարժումներու բարդութեան եւ օդին մէջ գտնուող մասնիկներու ու գոլորշիի հսկայական փոփոխականութեան պատճառաւ, անկարելի կը թուի մանրամասնուած, ընդհանուր տեսութիւն մը կազմել ամպերու ու տեղատարափի զարգացման կերպին մասին»։ Պարզ բառերով, գիտնականները մանրամասնուած վարկածներ ներկայացուցած են, սակայն անոնք իրապէս չեն կրնար լիովին բացատրել անձրեւը։ Այսուհանդերձ, գիտէք թէ կենսական եղող անձրեւը կ’իջնէ, մեր երկիրը կը ջրէ, բոյսերուն կեանք կու տայ եւ կեանքը կարելի ու հաճելի կը դարձնէ։
-