-
Եհովա սաստիկ զօրութիւն ունիԴիտարան 2000 | Մարտ 1
-
-
5. Եհովայի գործերուն մէջ իր զօրութեան ի՞նչ ապացոյցը կը տեսնենք։
5 Եթէ Դաւիթի նման ‘Աստուծոյ գործերը քննենք’, իր ուժին առկայ ըլլալուն ապացոյցը պիտի տեսնենք ամէն տեղ՝ հովին, ալիքներուն, որոտումին եւ կայծակին, մեծ գետերու եւ վեհաշուք լեռներու մէջ։ (Սաղմոս 111։2. Յոբայ 26։12-14) Ասկէ զատ, ինչպէս Եհովա յիշեցուց Յոբի, անասուններ Իր զօրութեան մասին կը վկայեն։ Անոնց կարգին է Բեհեմովթը կամ գետաձին։ Եհովա Յոբի ըսաւ. «Անոր զօրութիւնը իր մէջքն է . . . Անոր ոսկորները պղնձէ խողովակներ են»։ (Յոբայ 40։15-18) Աստուածաշունչի ժամանակներուն, ցուլին վախազդու ոյժն ալ քաջածանօթ էր. Դաւիթ աղօթեց որ խնայուէր «առիւծին բերնէն ու . . . վայրի ցուլերուն եղջիւրներէն»։—Սաղմոս 22։21, ստորանիշ. Յոբայ 39։9-11
6. Սուրբ Գրքին մէջ ցուլը ի՞նչ կը խորհրդանշէ եւ ինչո՞ւ։ (Տես՝ ստորանիշը։)
6 Ցուլը իր ուժին համար Աստուածաշունչին մէջ գործածուած է Եհովայի զօրութիւնը խորհրդանշելու համար։c Յովհաննէսի տեսիլքին մէջ Եհովայի գահը նկարագրուած է չորս կենդանի արարածներով, որոնցմէ մէկը զուարակի կամ ցուլի երես ունէր։ (Յայտնութիւն 4։6, 7) Ուստի, այս քերովբէներուն միջոցաւ պատկերացուած Եհովայի գլխաւոր յատկութիւններէն մէկն է զօրութիւնը։ Միւսներն են սէրը, իմաստութիւնը եւ արդարութիւնը։ Քանի որ զօրութիւնը Աստուծոյ անձնաւորութեան այսքան կարեւոր երեսակներէն մէկն է, իր ոյժը եւ զայն գործածելու իր կերպը յստակօրէն հասկնալը մեզ աւելի պիտի մօտեցնէ իրեն եւ մեզի պիտի օգնէ որ զինք ընդօրինակենք, մեր տրամադրութեան տակ եղող որեւէ ոյժ լաւ կերպով գործածելով։—Եփեսացիս 5։1
-
-
Եհովա սաստիկ զօրութիւն ունիԴիտարան 2000 | Մարտ 1
-
-
c Աստուածաշունչին ակնարկածը հաւանաբար վայրի ցուլն է (Լատիներէն ուրուս)։ Երկու հազար տարի առաջ այս անասուններէն կային Գաղիոյ մէջ (ներկայիս՝ Ֆրանսա), եւ Յուլիոս Կեսար հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ զանոնք. «Ուրուսները գրեթէ փիղերու չափը ունին, բայց իրենց խառնուածքով, գոյնով եւ ձեւով ցուլերու կը նմանին։ Անոնց ոյժը եւ արագութիւնը մեծ է. անոնք ո՛չ մարդ, ո՛չ անասուն կը խնայեն՝ երբ զանոնք տեսնեն»։
-