-
Բոլորս Եհովայի փառքը ծանուցանենքԴիտարան 2004 | Յունուար 1
-
-
1, 2. Ո՞ր աղբիւրէն Եհովայի փառք կը տրուի, եւ որո՞նց յորդոր կը տրուի որ բաժին բերեն։
ՅԵՍՍԷԻ որդին Դաւիթ, իր պատանեկութեան տարիները անցուց որպէս հովիւ Բեթլէհէմի շրջակայքը։ Ան գիշերուան անդորրութեան մէջ որքա՜ն յաճախ դիտած էր աստղազարդ ու անհուն երկինքը, մինչ կը հսկէր իր հօր հօտերուն վրայ ամայի արօտավայրերուն մէջ։ Անտարակոյս այս վառ տպաւորութիւնները իր միտքը եկան, երբ Աստուծոյ սուրբ հոգիով ներշնչուած, 19–րդ Սաղմոսին գեղեցիկ խօսքերը յօրինեց ու տաղերգեց. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ։ Ամէն երկիր ելաւ անոնց հնչիւնը ու մինչեւ աշխարհի ծայրը՝ անոնց խօսքը»։—Սաղմոս 19։1, 4
2 Առանց զրոյցի, առանց խօսքերու, առանց ձայնի, Եհովայի ստեղծած ահարկու երկինքը իր փառքը կը պատմէ օրէ օր, գիշերէ գիշեր։ Ստեղծագործութիւնը երբեք չի դադրիր Աստուծոյ փառքը ծանուցանելէ, եւ մենք մեզ աննշան կը զգանք երբ խորհրդածենք այս լուռ վկայութեան մասին, որ կը տարածուի «ամէն երկիր»ը, որպէսզի անոր բնակիչները տեսնեն զայն։ Սակայն ստեղծագործութեան լուռ վկայութիւնը բաւարար չէ։ Հաւատարիմ մարդոց յորդոր կը տրուի որ լսելի ձայնով այս վկայութեան մասնակցին։ Սաղմոսերգու մը հաւատարիմ երկրպագուներու ուղղելով իր ներշնչեալ խօսքերը, ըսաւ. «Տէրոջը տուէք փառք ու զօրութիւն։ Տէրոջը տուէ՛ք իր անուանը փառքը»։ (Սաղմոս 96։7, 8) Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն ունեցող անհատները խանդավառ են որ այս յորդորին ընդառաջեն։ Սակայն Աստուծոյ փառք տալը ի՞նչ կը պարփակէ։
-
-
Բոլորս Եհովայի փառքը ծանուցանենքԴիտարան 2004 | Յունուար 1
-
-
6. Պօղոս Սաղմոս 19։4–ը ի՞նչպէս կիրարկեց։
6 Ապա Պօղոս տրամաբանօրէն կը հարցնէ. «Ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր, եթէ անոր չհաւատան, կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր, որուն վրայով չեն լսած. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն»։ (Հռովմայեցիս 10։14) Իսրայէլի մասին Պօղոս կ’ըսէ. «Ամէնքը հնազանդ չեղան աւետարանին»։ Ինչո՞ւ Իսրայէլ չհնազանդեցաւ։ Անոնք անհաւատութեան պատճառով չհնազանդեցան, եւ ո՛չ թէ քանի որ պատեհութիւն չունեցան։ Պօղոս ասիկա ցոյց կու տայ մէջբերելով Սաղմոս 19։4–ը եւ զայն կիրարկելով քրիստոնէական քարոզչութեան, փոխանակ՝ ստեղծագործութեան լուռ վկայութեան։ Ան կ’ըսէ. «Մանաւանդ՝ ‘Բոլոր երկի՛ր ելաւ անոնց հնչիւնը ու անոնց խօսքը՝ մինչեւ աշխարհի ծայրերը’»։ (Հռովմայեցիս 10։16, 18) Այո, ինչպէս անկենդան ստեղծագործութիւնը Եհովան կը փառաւորէ, առաջին դարու Քրիստոնեաները փրկութեան բարի լուրը ամէնուրեք քարոզեցին, եւ հետեւաբար «բոլոր երկրի» մէջ Աստուած փառաբանեցին։ Կողոսացիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս նաեւ նկարագրեց թէ ի՛նչ տարողութեամբ բարի լուրը տարածուեցաւ։ Ան ըսաւ թէ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ»։—Կողոսացիս 1։23
-