Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Եհովայի «հրամանը» չի ձախողիր
    Դիտարան 2004 | Օգոստոս 1
    • Ազգերը կ’Ալեկոծին

      4. Սաղմոս 2։1, 2–ի գլխաւոր կէտերը ամփոփէ։

      4 Ազգերուն եւ անոնց կառավարիչներուն արարքներուն ակնարկելով, սաղմոսերգուն կը տաղերգէ. «Ինչո՞ւ հեթանոսները կ’ալեկոծին, ու ժողովուրդները պարապ բան կը խորհրդածեն. երկրի թագաւորները իրենք զիրենք կը հաստատեն, իշխանները միասին կը խորհրդակցին Տէրոջ դէմ եւ անոր Օծեալին դէմ»։—Սաղմոս 2։1, 2, ԱՎa

      5, 6. Ժողովուրդները ի՞նչ «պարապ բան կը խորհրդածեն»։

      5 Այժմու ժողովուրդները ի՞նչ «պարապ բան կը խորհրդածեն»։ Փոխանակ Աստուծոյ Օծեալը,– Մեսիան կամ Քրիստոսը,– ընդունելու, ազգերը կը շարունակեն «խորհրդածել» իրենց իշխանութիւնը յաւերժացնելու մասին։ Երկրորդ սաղմոսին այս խօսքը նաեւ կիրարկուեցաւ Հ.Դ. առաջին դարուն, երբ հրէական ու հռովմէական հեղինակութիւնները համագործակցեցան Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոսը սպաննելու համար։ Սակայն գլխաւոր կատարումը սկսաւ 1914–ին, երբ Յիսուս որպէս երկնային Թագաւոր գահակալուեցաւ։ Անկէ ի վեր, երկրագունդին վրայ ո՛չ մէկ քաղաքական մարմին Աստուծոյ գահակալուած Թագաւորը ընդունած է։

      6 Սաղմոսերգուն ի՞նչ ըսել ուզեց երբ հարցուց. ‘Ինչո՞ւ ժողովուրդները պարապ բան կը խորհրդածեն’։ Անոնց նպատակն է որ պարապ է. անիկա ունայն է եւ ձախողութեան դատապարտուած է։ Անոնք խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն չեն կրնար բերել երկրագունդին։ Այսուհանդերձ անոնք նոյնիսկ կը յանդգնին աստուածային իշխանութեան հակառակիլ։ Իրականութեան մէջ, անոնք համախմբուած են ու միասնաբար թշնամական կեցուածք առած են Բարձրեալին ու իր Օծեալին դէմ։ Ի՜նչ յիմարութիւն։

      Եհովայի Յաղթական Թագաւորը

      7. Աղօթքի մը մէջ, Յիսուսի նախկին հետեւորդները ի՞նչպէս կիրարկեցին Սաղմոս 2։1, 2–ը։

      7 Յիսուսի հետեւորդները Սաղմոս 2։1, 2–ի խօսքերը իրեն կիրարկեցին։ Երբ իրենց հաւատքին համար հալածուեցան, անոնք աղօթեցին. «Ո՛վ Տէր [Եհովա], դուն ես Աստուածը, որ երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեցիր, որ քու ծառայիդ Դաւիթին բերնով խօսեցար. ‘Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն ըրին ու ժողովուրդները պարապ բաներ մտածեցին. երկրի թագաւորները պատրաստ կայնեցան եւ իշխանները մէկտեղ ժողվուեցան Տէրոջը դէմ եւ անոր Օծեալին դէմ’։ Քանզի արդարեւ այս քաղաքին մէջ հաւաքուեցան քու սուրբ Որդիիդ Յիսուսին վրայ, որ դուն օծեցիր, Հերովդէս [Անթիպաս] եւ Պոնտացի Պիղատոս, ազգերուն հետ ու Իսրայէլի ժողովուրդներուն հետ»։ (Գործք 4։24-27. Ղուկաս 23։1-12)b Այո, առաջին դարուն Աստուծոյ օծեալ ծառային՝ Յիսուսի դէմ դաւադրութիւն մը կար։ Սակայն այս սաղմոսը դարեր ետք ուրիշ կատարում մը պիտի ունենար։

      8. Սաղմոս 2։3–ը ի՞նչպէս կը կիրարկուի այժմու ազգերուն։

      8 Երբ վաղեմի Իսրայէլ մարդկային թագաւոր ունէր, ինչպէս Դաւիթ, հեթանոս ազգերն ու կառավարիչները Աստուծոյ ու իր գահակալուած օծեալին դէմ ժողվուեցան։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել մեր ժամանակին մասին։ Ներկայ ազգերը չեն ուզեր Եհովայի ու Մեսիային պահանջներուն համակերպիլ։ Ուստի անոնք կ’ըսեն. «Կոտրե՛նք անոնց կապանքները, նետե՛նք մեզմէ անոնց լուծը»։ (Սաղմոս 2։3, ԱՎ) Կառավարիչներն ու ազգերը Աստուծոյ ու իր Օծեալին կողմէ պարտադրուած որեւէ արգելքի հակառակ կը կենան։ Անշուշտ այս կապանքները կոտրելու եւ այս լուծը նետելու որեւէ ջանք ի զուր է։

  • Եհովայի «հրամանը» չի ձախողիր
    Դիտարան 2004 | Օգոստոս 1
    • a Սկիզբը՝ «Օծեալ»ը Դաւիթ թագաւորն էր, իսկ «երկրի թագաւորները» Փղշտացի կառավարիչներն էին, որոնք իրենց բանակները համախմբեցին իրեն դէմ։

      b Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ այլ համարներ նաեւ ցոյց կու տան թէ երկրորդ սաղմոսին մէջ ակնարկուած Աստուծոյ Օծեալը Յիսուսն է։ Ասիկա ակներեւ է՝ համեմատելով Սաղմոս 2։7–ն Գործք Առաքելոց 13։32, 33 եւ Եբրայեցիս 1։5, 5։5–ի հետ։ Տես նաեւ՝ Սաղմոս 2։9 եւ Յայտնութիւն 2։27։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել