-
Եհովան՝ հրաշալի բաներ ընողըԴիտարան 1993 | Փետրուար 1
-
-
8. Եհովայի հետ ի՞նչ մտերմութիւն կրնանք ունենալ եւ ան իր բարութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց տուած է։
8 Դաւիթ յաւելեալ անհամբեր պաղատանքը կը մատուցանէ. «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր [Եհովա], բարի ու ներող ես եւ խիստ ողորմած այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն։ Ակա՛նջ դիր իմ աղօթքիս, ո՛վ Տէր, ու մտի՛կ ըրէ իմ աղաչանքներուս ձայնին։ Նեղութեանս օրը քեզի կ’աղաղակեմ, վասնզի դուն ինծի կը պատասխանես»։ (Սաղմոս 86։5–7) «Ո՛վ Եհովա».—կրկին ու կրկին այս արտայայտութեան մտերմութիւնը մեզ կը խայտացնէ։ Այս մտերմութիւնը կարելի է յարատեւաբար մշակել աղօթքի միջոցաւ։ Ուրիշ առիթով մը Դաւիթ աղօթեց. «Մանկութեան մեղքերս ու յանցանքներս մի՛ յիշեր, հապա քու ողորմութիւնովդ զիս յիշէ՝ քու բարութեանդ համար, ո՛վ Տէր»։ (Սաղմոս 25։7) Եհովա Յիսուսի փրկանքը հայթայթելով, զղջացող մեղաւորներուն ողորմելով, եւ իր հաւատարիմ ու գնահատող Վկաներուն գթալով, փաստած է բարութեան մարմնացումը ալլալ։—Սաղմոս 100։3–5. Մաղաքեայ 3։10
9. Զղջացող մեղաւորները ո՞ր երաշխիքը լուրջի պէտք է առնեն։
9 Մեր անցեալի սխալներուն համար պէ՞տք է յուզուինք։ Եթէ հիմա մեր քայլերը ուղիղ են, կը հրճուինք վերյիշելով զղջացողներուն ուղղած Պետրոս առաքեալի խօսքերը, թէ «սփոփանքի ժամանակներ» պիտի գան Եհովայէն։ (Գործք 3։20) Շարունակենք աղօթքով Եհովայի մօտիկ մնալ, մեր Փրկարարին՝ Յիսուսի միջոցով, որ խանդաղատանքով ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք»։ Ներկայիս, երբ հաւատարիմ Վկաները Եհովայի կ’աղօթեն Յիսուսի թանկարժէք անունով, իրապէս հանգստութիւն կը գտնեն։—Մատթէոս 11։28, 29. Յովհաննու 15։16
-
-
Եհովան՝ հրաշալի բաներ ընողըԴիտարան 1993 | Փետրուար 1
-
-
13. Ծնողներ եւ իրենց զաւակները ինչպէ՞ս կրնան օգտուիլ Եհովայի բարութենէն։
13 Անկասկած, Դաւիթ իր որդւոյն՝ Սողոմոնի սրտին մէջ աստիճանաբար տեղաւորեց Եհովայի բարութեան ապաւինելու կարիքը։ Հետեւաբար, Սողոմոն ալ իր որդւոյն կրնար հետեւեալ խրատը տալ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ։ Դուն քու աչքիդ առջեւ իմաստուն մի՛ ըլլար, Տէրոջմէ վախցի՛ր ու չարութենէ ե՛տ քաշուէ»։ (Առակաց 3։5–7) Այսօր ալ ծնողներ պէտք է սորվեցնեն իրենց երախաներուն թէ ինչպէս կրնան վստահութեամբ Եհովայի աղօթել եւ այս անսիրտ աշխարհի յարձակումները դիմագրաւել, ըլլայ դպրոցի դասընկերներուն կողմէ եկած ճնշումը, թէ անբարոյութիւն գործելու փորձութիւնները։ Ամէն օր ձեր զաւակներուն հետ ճշմարտութիւնը ապրիլը, կրնայ անոնց մատղաշ սրտերուն վրայ տպաւորել Եհովայի հանդէպ անկեղծ սէր եւ աղօթքի միջոցաւ իրեն ապաւինելու կարեւորութիւնը։—Բ. Օրինաց 6։4–9. 11։18, 19
-