Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ93 2/1 էջ 25-29
  • Միացուած սրտով մը քալենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Միացուած սրտով մը քալենք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Պատշաճ Վախ մը
  • Եհովայի Ողորմութիւնը
  • «Բարութեան Նշան մը»
  • Եհովան՝ հրաշալի բաներ ընողը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Եհովա՝ բարութեան գերագոյն օրինակն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Շարունակեցէք բարութիւն ցուցաբերել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • «Միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
դ93 2/1 էջ 25-29

Միացուած սրտով մը քալենք

Ո՛վ Տէր [Եհովա], սորվեցուր ինծի ... Միացուր իմ սիրտս, որպէսզի քու անունէդ վախնայ»։—ՍԱՂՄՈՍ 86։11

1. Եհովա ինչպէ՞ս կը վարձատրէ իր հաւատարիմները։

‘Ո՛Վ ՏԷՐ [ԵՀՈՎԱ], միայն դո՛ւն Աստուած ես’։ (Սաղմոս 86։8, 10) Դաւիթ Աստուած փառաբանեց գնահատութեամբ յորդող սրտով մը։ Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլալէն առաջ, Եհովան ազատած էր Դաւիթը Սաւուղի եւ Փղշտացիներու ձեռքէն։ Հետեւաբար, ան կրնար երգել. «Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է։ Ողորմածին [հաւատարիմին (ՆԱ)] հետ ողորմած [հաւատարիմ (ՆԱ)] կ’ըլլաս»։ (Բ. Թագաւորաց 22։2, 26) Եհովա իր հաւատարիմ ծառան բազմաթիւ փորձանքներէն պահպանած էր։ Դաւիթ իր վստահութիւնը կրնար դնել իր հաւատարիմ Աստուծոյն վրայ եւ ապահով զգալ, բայց ան յարատեւ առաջնորդութեան կը կարօտէր։ Ուստի ան Աստուծմէ խնդրեց. «Ո՛վ Տէր Աստուած, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ»։—Սաղմոս 86։11

2. Եհովա ի՞նչ կարգադրութիւն ըրած է որ իրմէ սորվինք։

2 Դաւիթ բնաւ չէր ուզեր աշխարհային գաղափարներու կամ փիլիսոփայութիւններու հետ գործ ունենալ։ Ան կը փափաքէր ‘Եհովայէ սորվիլ’, ինչպէս Աստուծոյ մարգարէն արտայայտուեցաւ հետագային։ (Եսայեայ 54։13) Դաւիթ հաւանաբար կրնար խոկալ իր օրերուն մատչելի եղած Աստոուածաշունչի միայն ինը գիրքերուն վրայ։ Սակայն, Եհովայէ եկած այդ դաստիարակութիւնը թանկագին էր իր աչքին։ Ներկայիս մենք սորվելու համար հաճոյքով կրնանք վայելել Աստուածաշունչի 66 գիրքերը ինչպէս նաեւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ հայթայթուած թագաւորութեան ճոխ գրականութիւնները։ (Մատթէոս 24։45) Դաւիթի նման, Եհովայէն խնդրենք, որ իր հոգին օգնէ մեզի հետազօտելու «այն բաները» զորս «Աստուած զինք սիրողներուն պատրաստեց։ ... Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ»։—Ա. Կորնթացիս 2։9, 10

3. Աստուածաշունչի ուսուցումը ի՞նչ կերպերով օգտաշատ է մեզի։

3 Մեր կեանքին մէջ յարուցուած բոլոր հարցումներուն եւ խնդիրներուն համար Աստուածաշունչը պատասխան մը ունի։ «Վասնզի ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէսզի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք»։ (Հռովմայեցիս 15։4) Եհովայէ եկած կրթութիւնը իւրացնելը, մեզ պիտի զօրացնէ նեղութիւններու տոկալու, մեզ պիտի մխիթարէ երբ ընկճուած ենք եւ Թագաւորութեան յոյսը միշտ վառ պիտի պահէ մեր սրտերուն մէջ։ Թող որ հաճոյքով կարդանք Աստուծոյ Խօսքը եւ անոր վրայ խոկանք «ցորեկ ու գիշեր», քանի որ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իմաստութիւնը «իրեն յարողներուն կենաց ծառ է ու զինք բռնողները երջանիկ կ’ըլլան»։—Սաղմոս 1։1–3. Առակաց 3։13–18. տես նաեւ Յովհաննու 17։3

4. մեր վարմունքին առնչութեամբ Յիսուս ի՞նչ օրինակ թողուց մեզի։

4 Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս, որ կոչուած է նաեւ «Դաւիթի՛ որդի», միշտ Եհովայի կը դիմէր սորվելու համար։ (Մատթէոս 9։27)a Ան ըսաւ. «Որդին ինքնիրմէ բան մըն ալ չի կրնար ընել, միայն այն՝ ինչ որ Հայրը կ’ընէ. վասնզի ինչ որ անիկա կ’ընէ, նմանապէս Որդին ալ նոյնը կ’ընէ»։ «Ինքնիրմէս բան մը չեն ըներ, հապա Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ»։ (Յովհաննու 5։19. 8։28) Յիսուս մեզի համար օրինակ մըն է, որու ‘շաւիղներուն հետեւելու’ ենք։ (Ա. Պետրոս 2։21) Խորհեցէ՛ք. եթէ մենք ալ սերտենք ինչպէս Յիսուս սերտած ըլլալու է, ամէն պարագայի կարող պիտի ըլլանք վարուիլ ա՛յնպէս՝ ինչպէս Եհովա կ’ուզէ որ վարուինք։ Եհովայի ճամբան միշտ շիտակ է։

5. Ի՞նչ է «ճշմարտութիւնը»։

5 Ապա Դաւիթ կ’ըսէ. «Քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ»։ (Սաղմոս 86։11) Հազար տարի ետք, Պիղատոս իր խօսքը ուղղելով Դաւիթի Որդւոյն՝ Յիսուսի, հարցուց. «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը»։ Բայց Յիսուս տակաւին նոր պատասխանած էր այդ հարցումին, Պիղատոսին ըսելով. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ», աւելցնելով. «Դուն կ’ըսես, քանզի թագաւոր եմ։ Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէսզի ճշմարտութեան համար վկայեմ»։ (Յովհաննու 18։33–38) Այս կերպով Յիսուս գիտցուց որ ճշմարտութիւնը Մեսիական Թագաւորութեան վրայ կը կեդրոնանայ։ Արդարեւ, Աստուածաշունչին ամբողջ բնաբանը կը կազմէ Եհովայի անուան սրբացումը այդ Թագաւորութեան միջոցաւ։—Եզեկիէլ 38։23. Մատթէոս 6։9, 10. Յայտնութիւն 11։15

6. Ճշմարտութեան մէջ քալելու ատեն ի՞նչ բանէն զգոյշ պէտք է ըլլանք։

6 Ի՞նչ կը նշանակէ ճշմարտութեան մէջ քալել։ Անիկա կը նշանակէ, Թագաւորութեան յոյսը մեր կեանքին գլխաւոր հետաքրքրութիւնը դարձնել։ Պէտք է Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը ապրի՛նք։ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնելու մէջ զիջում պէտք չէ ընենք. Յիսուսի օրինակին հետեւելով, մեր պատեհութեանց ներած չափով նախանձախնդրաբար պէտք է վկայենք Թագաւորութեան ճշմարտութեան մասին։ (Մատթէոս 6։33. Յովհաննու 18։37) Չենք կրնար մեր ժամանակին մէկ մասը ճշմարտութեան մէջ քալել եւ ձեւական ծառայութիւն մը մատուցանել, իսկ մնացեալ մասը, մենք մեզ հաճեցնել, չափէ դուրս զբօսնելու համար զարտուղի կերպեր փնտելով, կամ ժամանակ սպառող գործի ասպարէզ նետուելով, կամ ‘մամոնային ծառայելով’։ (Մատթէոս 6։24) Այս քովընտի ճամբաներով կրնանք կորսուիլ, եւ ‘կեանքի տանող նեղուացք ճամբան’ ետ չկարենալ գտնել։ Ուստի, բնա՛ւ չշեղինք այդ ճամբէն։ (Մատթէոս 7։13, 14) Մեր Մեծ Ուսուցիչը՝ Եհովան, իր Խօսքին եւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ մեր ճամբան կը լուսաւորէ, ըսելով. «Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’»։—Եսայեայ 30։21

Պատշաճ Վախ մը

7. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր սրտերը ‘միացնել’։

7 Դաւիթ, 11րդ համարով կը շարունակէ իր աղօթքը. «Միացուր իմ սիրտս, որպէսզի քու անունէդ վախնայ»։ Դաւիթի նման, պէտք է փափաքինք որ մեր սիրտը միացուած, ամբողջ ըլլայ Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ։ Նոյն ուղղութեամբ Մովսէս խրատեց. «Ուրեմն, ո՛վ Իսրայէլ, քու Տէր Աստուածդ քեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։ Միայն քու Տէր Աստուծմէդ վախնալ, իր ճամբաներուն մէջ քալել եւ զինք սիրել։ Նաեւ քու բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ քու Տէր Աստուածդ պաշտել եւ Տէրոջը պատուիրանքներն ու կանոնները պահել, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, որպէսզի քեզի աղէկ ըլլայ»։ (Բ. Օրինաց 10։12, 13) Արդարեւ, անձնապէս օգուտ կը քաղենք, երբ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր բոլոր սիրտը եւ հոգին դնենք։ Այպիսով, իր շքեղ անուան հանդէպ պատշաճ վախ ցուցաբերած կ’ըլլանք։ Եհովայի անունը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «Ան կը Պատճառէ Ըլլալ», մասնաւորաբար իր հոյակապ նպատակները լիովին կատարելով։ Անիկա նաեւ կը ներկայացնէ ամբողջ տիեզերքին վրայ իր ունեցած գերագոյն հեղինակութիւնը։ Երբ Աստուծոյ վեհափառութեան ահով ծառայենք, այդ պարագային մահկանացու մարդու վախով պիտի չմոլորինք։ Մեր սրտերը բաժնուած պիտի չըլլան։ Ընդհակառակը, պիտի խուսափինք որե՛ւէ բան ընելէ, որ կրնայ տհաճեցնել Եհովան, Գերագոյն Դատաւորը եւ Գերիշխան Տէրը, որու ձեռքերուն մէջ է մեր կեանքերը։—Եսայեայ 12։2. 33։22

8, 9. (ա) Ի՞նչ կը նշանակէ ‘աշխարհէ չըլլալ’։ (բ) Քանի որ «աշխարհի տեսարան» ենք, ի՞նչ քայլեր պէտք է առնենք։

8 Նոյնիսկ նախատանքի եւ հալածանքի դիմաց, Յիսուսի խիզախ օրինակին պիտի հետեւինք, մեզ շրջապատող աշխարհին մէկ մասը չըլլալով։ (Յովհաննու 15։17–21) Ասիկա չի նշանակեր որ Յիսուսի աշակերտները ճգնաւորներու պէս պիտի ապրին, կամ վանքերու մէջ պիտի մեկուսանան։ Իր աղօթքին մէջ, Յիսուս իր Հօրը ըսաւ. «Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես։ Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ։ Սրբէ՛ զանոնք քու ճշմարտութիւնովդ։ Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է։ Ինչպէս դուն զիս աշխարհ ղրկեցիր, ես ալ զանոնք աշխարհ ղրկեցի»։ (Յովհաննու 17։15–18) Յիսուսի նման, մենք ալ ղրկուած ենք Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը ծանուցանելու։ Յիսուս բոլորին մատչելի էր։ Մարդիկ իր ուսուցումով հանգստութիւն կը գտնէին։ (Բաղդատել Մատթէոս 7։28, 29. 11։28, 29. Յովհաննու 7։46–ը։) Նոյնը պէտք է ըլլայ մեր պարագային։

9 Մեր բարեկամական կեցուածքը, ճաշակաւոր հագուածքն ու երեւոյթը, ազնիւ եւ մաքուր խօսակցութիւնը, պատճառ պէտք է ըլլան որ արդարամիտ անհատներ ընդունին մեզ եւ մեր պատգամը։ Պէտք է զգուշանանք թափթփած, անպատշաճ հագուստներէ, ընկերակցութիւններէ՝ որոնք մեզ աշխարհային ձեռնմխումներու կրնան առաջնորդել, եւ մեղկ, առանց սկզբունքի կենցաղէ, զոր կը տեսնենք մեզ շրջապատող աշխարհին մէջ։ Մենք օրուան 24 ժամերը պաշտօնի վրայ պէտք է ըլլանք, ծառայելով եւ Քրիստոնէական օրինակելի կեանքեր վարելով, «վասնզի տեսարան եղանք աշխարհին, հրեշտակներուն ու մարդոց»։ (Ա. Կորնթացիս 4։9. Եփեսացիս 5։1–4. Փիլիպպեցիս 4։8, 9. Կողոսացիս 4։5, 6) Այս պատճառով մեր սիրտը միացած պէտք է ըլլայ։

10. Եհովա ինչպէ՞ս կը յիշէ անոնք որոնք իրենց սրտերը կը միացնեն իր սրբազան ծառայութեան մէջ։

10 Եհովան պիտի յիշէ մեզ, երբ մեր սիրտը կը միացնենք իր անունէն վախնալու համար, կը խոկանք իր հոյակապ նպատակներուն մասին եւ մեր կեանքը իր ծառայութեամբ կը լեցնենք։ «Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէսզի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ»։ (Բ. Մնացորդաց 16։9) Մարգարէաբար մեր օրերուն ակնարկելով, Մաղաքեայ 3։16–ն կ’ըսէ. «Այն ատեն Տէրոջմէ վախցողները իրարու հետ խօսեցան։ Տէրը մտիկ ըրաւ ու լսեց եւ իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար»։ Թող որ մեր սրտերը միանան Եհովայի առողջ վախով։

Եհովայի Ողորմութիւնը

11. Եհովա իր ողորմութիւնը ինչպէ՞ս պիտի արտայայտէ իր հաւատարիմներուն հանդէպ։

11 Դաւիթ ի՜նչ ջերմեռանդութեամբ կ’աղօթէ։ Ան կը շարունակէ. «Իմ բոլոր սրտովս քեզ պիտի գովեմ, ո՛վ Տէր [Եհովա], իմ աստուածս ու յաւիտեան պիտի փառաւորեմ քու անունդ։ Վասնզի քու ողորմութիւնդ մեծ եղաւ իմ վրաս ու դուն փրկեցիր իմ անձս խորունկ դժոխքէն»։ (Սաղմոս 86։12, 13) Երկրորդ անգամ ըլլալով, այս սաղմոսին մէջ Դաւիթ կը փառաբանէ Եհովան իր ողորմութեան՝ իր հաւատարիմ սիրոյն, համար։ Այս սէրը ա՛յնքան մեծ է, որ անիկա երեւութապէս անկարելի վիճակներէն կրնայ փրկել։ Երբ Սաւուղ անապատին մէջ իր ետեւէն ինկած կը հալածէր զինք, Դաւիթ թերեւս մեռնելու համար անկիւն մը կծկտած զգաց ինքզինք։ Որպէս թէ ան խորունկ դժոխքին՝ գերեզմանի խորութեան հետ դէմ յանդիման եկած ըլլար։ Բայց Եհովա փրկեց զինք։ Նոյն կերպով, Եհովա յաճախ հոյակապ կերպերով հանգստացուցած է իր արդի ծառաները եւ մինչեւ ի մահ իրենց ուղղամտութիւնը հաւատարմօրէն պահողներուն նեցուկ կանգնած է։ Բոլոր հաւատարիմները պիտի վարձատրուին, եթէ հարկ ըլլայ՝ յարութեամբ։—Բաղդատել Յոբ 1։6–12. 2։1–6, 9, 10. 27։5. 42։10. Առակաց 27։11. Մատթէոս 24։9, 13. Յայտնութիւն 2։10։b

12. Կղերները ինչպէ՞ս յանդուգն եւ բռնակալ եղած են եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց վաձքը։

12 Հալածիչներուն նկատմամբ Դաւիթ կ’աղաղակէ. «Ո՛վ Աստուած, ամբարտաւանները ինծի դէմ ելան ու խումբ մը բռնաւորներ իմ անձս փնտռեցին եւ քեզ իրենց առջեւ չդրին»։ (Սաղմոս 86։14) Ներկայիս, հալածիչներուն մաս կը կազմեն Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները։ Անոնք կ’ենթադրեն թէ Աստուած կը պաշտեն, բայց անոր սուրբ անունը կը փոխարինեն «Տէր» տիտղոսով եւ զինք կը ներկայացնեն որպէս խորհրդաւոր Երրորդութիւն մը, որ Աստուածաշունչին մէջ ո՛չ մէկ տեղ յիշուած է։ Ի՜նչ յանդգնութիւն։ Այսքանով չբաւականանալով, անոնք կը ջանան համոզել քաղաքական հեղինակութիւնները, որպէսզի Եհովայի Վկաներուն գործունէութիւնը անօրէն սեպեն եւ զանոնք բանտարկեն, ինչ որ տակաւին կը շարունակուի կատարուիլ զարմանալիօրէն աշխարհի շատ մը երկիրներուն մէջ։ Աստուծոյ անունը նախատող այս սքեմաւորները, իրենց վարձքը պիտի հնձեն, Մեծն Բաբելոնի պոռնկանման միւս բոլոր հատուածներուն հետ։—Յայտնութիւն 17։1, 2, 15–18. 19։1–3

13. Իր բարութիւնը գիտցնելու համար Եհովա ի՞նչ յատկութիւններ ցոյց կու տայ։

13 Հաճելի հակապատկեր մը ներկայացնելով, Դաւիթ իր աղօթքը կը շարունակէ. «Բայց դուն, ո՛վ Տէր [Եհովա], գթած ու ողորմած Աստուած ես, երկայնամիտ ու ողորմութիւնով եւ ճշմարտութիւնով լեցուն ես»։ (Սաղմոս 86։15) Մեր Աստուծոյն այս յատկութիւնները արդարեւ գերազանց են։ Այս խօսքերը մեզի կը տանին Սինա Լեռը, ուր Մովսէս խնդրեց Եհովայի փառքը տեսնել։ Եհովա պատասխանեց. «Իմ բոլոր բարութիւնս քու առջեւէդ պիտի անցնեմ ու Տէրոջը անունը քու առջեւդ պիտի կանչեմ»։ Բայց ան զգուշացուց Մովսէսը. «Դուն իմ երեսս չես կրնար տեսնել. վասնզի մարդ չի կրնար զիս տեսնել ու ապրիլ»։ Անկէ ետք Եհովա ամպով իջաւ ու աղաղակեց. «Եհովայ Եհովայ՝ Աստուած ողորմած եւ գթած՝ երկայնամիտ եւ առատ ողորմութիւնով եւ ճշմարտութիւնով»։ (Ելից 33։18–20. 34։5, 6 Արեւելահայերէն Թարգ.) Դաւիթ այս խօսքերը յիշեց իր աղօթքին մէջ։ Եհովայի այս յատկութիւնները շատ աւելի մեծ նշանակութիւն ունին մեզի համար, քան որեւէ ֆիզիքական երեւոյթ։ Մեր անձնական փորձառութեամբ, Եհովայի բարութիւնը չե՞նք գնահատեր, ինչպէս ցոյց կը տրուի այս գեղեցիկ ստորոգելիներով։

«Բարութեան Նշան մը»

14, 15. Եհովա ինչպէ՞ս «բարութեան նշան մը» կը ցուցնէ իր ծառաներուն։

14 Դաւիթ դարձեալ Եհովայի օրհնութիւնը կը հայցէ, ըսելով. «Նայէ՛ ինծի ու ողորմէ՛ ինծի։ Քու զօրութիւնդ տո՛ւր քու ծառայիդ ու քու աղախինիդ որդին փրկէ՛։ Բարութեան նշան մը ցուցո՛ւր ինծի, որպէսզի զիս ատողները տեսնեն ու ամչնան։ Վասնզի դուն, ո՛վ Տէր [Եհովա], ինծի օգնեցիր ու զիս մխիթարեցիր»։ (Սաղմոս 86։16, 17) Դաւիթ կը գիտակցի, որ ‘Եհովայի աղախինին որդին’ ըլլալով, ինքն ալ Եհովայի պէտք է պատկանի։ Ներկայիս, նոյնն է պարագան բոլորիս որ մեր կեանքերը Եհովայի նուիրեցինք եւ իրեն կը ծառայենք։ Իր Սուրբ հոգիին միջոցաւ Եհովայի փրկարար զօրութեան կարիքը ունինք։ Ուստի, մեր Աստուծմէն կը խնդրենք որ «բարութեան նշան մը» ցուցնէ մեզի։ Եհովայի բարութիւնը իր մէջ կը պարփակէ այն գեղեցիկ յատկութիւնները, որոնց մասին հոս խօսեցանք։ Արդ, այս հիման վրայ, ի՞նչ նշան, կամ գրաւական կրնանք ակնկալել Եհովայէն։

15 Եհովա «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողն է, նաեւ առատաձեռն է, ինչպէս Յիսուս կը վստահեցնէ մեզ, ‘սուրբ հոգին տալով անոնց որ իրմէ կը խնդրեն’։ (Յակոբու 1։17. Ղուկաս 11։13) Սուրբ հոգին ի՜նչ թանկարժէք պարգեւ մըն է Եհովայէն։ Սուրբ հոգիին միջոցաւ, Եհովա սրտի ուրախութիւն կու տայ, նոյնիսկ հալածանքի ներքեւ։ Անոր համար երբ Յիսուսի առաքեալներուն կեանքերը վտանգուած էին, անոնք ուրախութեամբ կրցան ըսել, որ Աստուած սուրբ հոգին կու տայ որպէս իշխան իրեն հնազանդ եղողներուն։ (Գործք 5։27–32) Սուրբ հոգիին ուրախութիւնը շարունակաբար «բարութեան նշան մը»ն էր անոնց համար։—Հռովմայեցիս 14։17, 18

16, 17. (ա) Եհովա բարութեան ի՞նչ նշան տուաւ Պօղոսին եւ Բառնաբասին։ (բ) Հալածուած Թեսաղոնիկեցիներուն ի՞նչ նշան տրուեցաւ։

16 Փոքր Ասիոյ մէջ իրենց միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին, Պօղոս եւ Բառնաբաս դժուարութիւններու, նոյնիսկ խիստ հալածանքներու հանդիպեցան։ Երբ անոնք Պիսիդիայի Անտիոքի մէջ կը քարոզէին, Հրեաները անոնց պատգամը մերժեցին։ Ուստի, անոնք հեթանոսներուն գացին։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ «Ասիկա լսելով՝ հեթանոսները կ’ուրախանային ու Աստուծոյ խօսքը կը փառաւորէին եւ որոնք որ յաւիտենական կեանքի սահմանուած էին, հաւատացին»։ Սակայն Հրեաները խռովութիւն հանեցին, այնպէս որ այս միսիոնարները քաղաքէն դուրս նետուեցան։ Անոնք եւ նոր հաւատացելները զայս տեսնելով վհատեցա՞ն։ Բնա՛ւ երբեք։ Ընդհակառակը, «աշակերտները ուրախութեամբ եւ սուրբ հոգիով կը լեցուէին»։ (Գործք 13։48, 52) Եհովան իր բարութեան այս նշանը անոնց տուաւ։

17 Աւելի ետք, Թեսաղոնիկէի նոր ժողովքը հալածանքի ենթարկուեցաւ։ Ասիկա Պօղոս առաքեալին մղեց որ մխիթարութեան նամակ մը գրէ, նեղութեան մէջ անոնց համբերութիւնը գովելով։ Անոնք «խօսքը շատ նեղութեան մէջ սուրբ հոգիին ուրախութիւնովը» ընդունած էին։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։6) «Սուրբ հոգիին ուրախութիւն»ը շարունակեց զանոնք զօրացնել, որպէս բացայայտ նշան մը, որ կու գար գթած, ողորմած, երկայնամիտ, ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով լեցուն Աստուծմէ մը։

18. Արեւելեան Եւրոպայի մեր եղբայրները Եհովայի բարութեան հանդէպ իրենց գանահատութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց տուած են։

18 Այս վերջերս, Եհովա իր բարութիւնը արտայայտած է Արեւելեան Եւրոպայի մեր հաւատարիմ եղբայրներուն հանդէպ, ամօթով ձգելով զանոնք ատողները, անոնց նախկին հալածիչները։ Թէեւ վերջերս անոնց վրայէն վերցուեցաւ տասնամեակներու զրկանքը, բայց այդ սիրելի եղբայրները տակաւին պէտք է տոկան, քանի որ անոնցմէ շատեր հիմա տնտեսական ծանր դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Սակայն, ‘սուրբ հոգիին ուրախութիւնը’ կը մխիթարէ զիրենք։ Անոնց մեծագոյն ուրախութիւնն է իրենց նոր ձեռք ձգած ազատութիւնները գործածել վկայութիւնը ընդարձակելու համար։ Շատեր մտիկ կ’ընեն անոնց, ինչպէս համաժողովներու եւ մկրտութիւններու տեղեկագրութիւնները կը յայտնեն։—Բաղդատել Գործք 9։31

19. Սաղմոս 86։11–ի խօսքերը ինչպէ՞ս կրնանք մեր անձնականը ընել։

19 Այս եւ նախորդ յօդուածին մէջ բոլոր նշուած բաները, կ’արձագանգեն Եհովայի մատուցած Դաւիթի ջերմեռանդ աղօթքը. «Ո՛վ Տէր [Եհովա], սորվեցուր ինծի ... միացուր իմ սիրտս, որպէսզի քու անունէդ վախնայ»։ (Սաղմոս 86։11) Թող որ մեր 1993–ի տարուան համարին այս խօսքերը ուղղակի մեր անձնականը ընենք, մինչ սրտանց թիկունք կը կանգնինք Թագաւորութեան շահերուն եւ կը գնահատենք մեր միակ Աստուծոյն՝ Գերիշխան տէր Եհովայի անհատնելի բարութիւնը։

[Ստորանիշ էջ 25]

a Որպէս նախատեսուած «սերունդը», Յիսուս Դաւիթենական թագաւորութեան ժառանգորդն էր եւ հետեւաբար՝ «Դաւիթի որդի», թէ բառացի եւ թէ հոգեւոր առումով։—Ծննդոց 3։15. Սաղմոս 89։29, 34–37

[Ստորանիշ էջ 28]

b Արդի օրինակներու համար, տես Եհովայի Վկաներու Տարեգիրքը, 1974–ի հրատարակութեան 113–212 էջերը. 1985–ի՝ 194–7 էջերը, 1986–ի՝ 237–8 էջերը, 1988–ի՝ 182–5 էջերը, 1990–ի՝ 171–2 էջերը եւ 1992–ի՝ 174–81 էջերը։

Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք

◻ «Ո՛վ Տէր [Եհովա], սորվեցուր ինծի» աղօթելով, ի՞նչ ցոյց կու տանք։

◻ Ի՞նչ կը նշանակէ մեր սրտերը միացնել Եհովայի անունէն վախնալու համար։

◻ Եհովա իր ողորմութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ բոլոր հաւատարիմներուն հանդէպ։

◻ Եհովա ինչպէս «բարութեան նշան մը» կը ցուցնէ մեզի։

[Շրջանակ՝ էջ 27]

1993–ի տարուան համարը.

‘Ո՛վ [Եհովա], սորվեցուր ինծի, միացուր իմ սիրտս, որպէսզի քու անունէդ վախնայ’։—Սաղմոս 86։11

[Նկար՝ էջ 26]

Եհովան վէմ ու ամրութիւն է ճշմարտութեան մէջ ուղիղ քալողներուն համար

[Նկար՝ էջ 28]

Յունիսին, Ռուսիոյ Սբ. Փէթէրզպուրկ քաղաքին մէջ, Եհովայի Վկաներու «Լոյս Կրողներ» Միջազգային Համաժողովին, 46,214 անհատներ ներկայ գտնուեցան եւ 3,256 հոգի մկրտուեցաւ։ Անոնք ի՜նչ հոյակապ կերպով կ’օգտուին Եհովայի բարութենէն, «սուրբ հոգիին ուրախութիւնով»ը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել