ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՍԱՂՄՈՍ 102-105
Եհովան կը յիշէ որ մենք հող ենք
Դաւիթ պատկերաւոր արտայայտութիւններ գործածեց, որ Եհովային ողորմութիւնը բացատրէ։
Ինչպէս որ չենք կրնար լիովին ըմբռնել աստղազարդ երկնքին եւ երկրին միջեւ եղած հեռաւորութիւնը, նոյնպէս չենք կրնար հասկնալ Եհովային հաւատարիմ սիրոյ խորութիւնը
Եհովան մեր մեղքերը մեզմէ կը հեռացնէ այնքա՛ն՝ որքան արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է
Ճիշդ ինչպէս որ հայր մը կը կարեկցի իր վիրաւորուած զաւակին, նոյնպէս Եհովան կը գթայ իրենց մեղքերուն պատճառով ջախջախուած զղջացողներուն վրայ