ԳԼՈՒԽ 7
Կեանքը կ’արժեւորե՞ս ինչպէս Աստուած կ’արժեւորէ
«Կեանքի աղբիւրը քու քովդ է» (ՍԱՂՄՈՍ 36։9)։
1, 2. Աստուծոյ ո՞ր պարգեւը յատկապէս թանկագին է այսօր եւ ինչո՞ւ։
ՄԵՐ երկնաւոր Հայրը մեզի անգին սեփականութիւն մը շնորհած է։ Անիկա կեանքի պարգեւն է որպէս մտացի արարածներ, որոնք իր յատկութիւնները արտացոլելու կարողութիւնը ունին (Ծննդոց 1։27)։ Այս թանկագին պարգեւին շնորհիւ, մենք Աստուածաշունչի սկզբունքներուն շուրջ տրամաբանելու կարող ենք։ Զանոնք կիրարկելով, կրնանք դառնալ Եհովան սիրող հոգեւորապէս հասուն քրիստոնեաներ, որոնց «զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել»ու (Եբրայեցիս 5։14)։
2 Աստուածաշունչի սկզբունքներուն շուրջ տրամաբանելու կարողութիւնը շա՛տ կարեւոր է, մանաւանդ այսօր, քանի որ կեանքը այնքա՛ն բարդացած է, որ իւրաքանչիւր ծագող պարագայի համար աստուածաշնչական օրէնք մը չկայ։ Ասոր մէկ լաւ օրինակն է՝ բժշկութիւնը, յատկապէս արեան առնչուած արտադրութիւններու եւ գործընթացներու հետ կապակցաբար։ Այս կարեւոր հարցը կը հետաքրքրէ բոլոր անոնց, որոնք կ’ուզեն Եհովայի հնազանդիլ։ Եթէ հասկնանք այս հարցին առնչուած Աստուածաշունչի սկզբունքները՝ պիտի կարենանք կայացնել իմաստուն որոշումներ, որոնք մեր խղճմտանքը պիտի գոհացնեն եւ մեզ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պիտի պահեն (Առակաց 2։6-11)։ Նկատի առնենք այս սկզբունքներէն քանի մը հատը։
ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԱՐԻՒՆԸ ՍՈՒՐԲ ԵՆ
3, 4. Աստուածաշունչին մէջ արեան սուրբ ըլլալուն մասին առաջին անգամ ե՞րբ ակնարկում եղաւ, եւ անիկա ի՞նչ սկզբունքներու վրայ հիմնուած է։
3 Կայէն իր եղբայրը՝ Աբէլը սպաննելէն քիչ ետք, Եհովան առաջին անգամ ըլլալով յայտնեց արեան ու կեանքի միջեւ եղած սերտ յարաբերութիւնը եւ անոնց սուրբ ըլլալը։ Աստուած Կայէնին ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր, քու եղբօրդ արեան ձայնը գետնէն ինծի կը բողոքէ» (Ծննդոց 4։10)։ Եհովայի աչքին Աբէլի արիւնը կը ներկայացնէր անոր կեանքը, որուն դաժանօրէն վերջ դրուած էր։ Հետեւաբար, կրնայ ըսուիլ որ Աբէլի արիւնը Աստուծոյ կը բողոքէր վրէժխնդրութեան համար (Եբրայեցիս 12։24)։
4 Նոյեան ջրհեղեղէն ետք, Աստուած մարդոց արտօնեց որ անասունի միս ուտեն, բայց ո՛չ անոր արիւնը։ Ան ըսաւ. «Միսը ողջութիւնովը, այսինքն անոր արիւնովը մի՛ ուտէք։ Եւ անշուշտ ձեր կեանքի արեան համար հաշիւ պիտի պահանջեմ» (Ծննդոց 9։4, 5)։ Այս պատուէրը կը կիրարկուի Նոյէն սերած ամբողջ մարդոց, մինչեւ մեր օրերը։ Անիկա կը վերահաստատէ նախապէս Կայէնի ուղղուած Աստուծոյ խօսքերուն իմաստը. թէ արիւնը կը ներկայացնէ բոլոր արարածներուն ողջութիւնը կամ կեանքը։ Անիկա նաեւ կը հաստատէ, թէ կեանքի Աղբիւրը՝ Եհովա, հաշիւ պիտի պահանջէ բոլոր անոնցմէ, որոնք կեանքի ու արիւնի հանդէպ յարգանք չունին (Սաղմոս 36։9)։
5, 6. Մովսիսական օրէնքը ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ արիւնը սուրբ եւ թանկագին է (տե՛ս նաեւ «Յարգէ՛ անասուններուն կեանքը» շրջանակը)։
5 Այս երկու հիմնական ճշմարտութիւնները նաեւ բացայայտ են Մովսիսական օրէնքին մէջ։ Ղեւտացւոց 17։10, 11–ը կ’ըսէ. «Եթէ. . . մարդ մը ոեւէ արիւն ուտելու ըլլայ, ես այն արիւն ուտող անձին դէմ պիտի ըլլամ ու զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն կորսնցնեմ. վասն զի մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է եւ ես ձեզի տուի զայն, որպէս զի սեղանին վրայ ձեր հոգիներուն համար քաւութիւն ընէք. քանզի հոգիին համար քաւութիւն ընողը արիւնն է» (տե՛ս «Արեան քաւիչ ուժը» շրջանակը)a։
6 Եթէ մորթուած անասունի մը արիւնը զոհասեղանին վրայ չգործածուէր, անիկա պէտք էր գետին թափուէր։ Այսպիսով, կեանքը այլաբանօրէն կը վերադարձուէր Անոր, որուն կը պատկանէր (Բ. Օրինաց 12։16. Եզեկիէլ 18։4)։ Բայց նկատի առ, թէ իսրայէլացիները պէտք չունէին ծայրայեղութեան երթալով անասունին միսէն արեան վերջին կաթիլն իսկ թափելու։ Այնքան ատեն որ անասունը պատշաճօրէն կը մորթուէր եւ անոր արիւնը կը թափուէր, իսրայէլացին կրնար զայն ուտել մաքուր խղճով, քանի որ արեան հետ այս կերպով վարուիլը Կենսատուին հանդէպ պատշաճ յարգանք ցոյց կու տար։
7. Դաւիթ արեան սրբութեան հանդէպ ինչպէ՞ս յարգանք ցոյց տուաւ։
7 Դաւիթ, որ ‘Աստուծոյ սրտին համեմատ մարդ մըն’ էր, արեան շուրջ Աստուծոյ օրէնքին ետին գտնուող սկզբունքները ըմբռնեց (Գործք 13։22)։ Անգամ մը, երբ ան շատ ծարաւ էր, իր մարդոցմէն երեքը թշնամիին բանակը ճեղքելով ջրհորէն ջուր քաշեցին եւ իրեն բերին։ Դաւիթ ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ան ըսաւ. «Իրենց կեանքը վտանգի մէջ դնելով գացող մարդոց արի՞ւնը խմեմ»։ Դաւիթի աչքին այդ ջուրը իր մարդոց արիւնն էր։ Ուստի ծարաւ ըլլալով հանդերձ, ան «զանիկա թափելով՝ Տէրոջը նուիրեց» (Բ. Թագաւորաց 23։15-17)։
8, 9. Կեանքի եւ արեան նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը փոխուեցա՞ւ քրիստոնէական ժողովքին հաստատուելէն ետք. բացատրէ՛։
8 Առաջին դարուն, արեան մասին Նոյի տրուած պատուէրէն շուրջ 2400 տարի ետք եւ Օրէնքի ուխտը տրուելէն 1500 տարի ետք, Եհովան քրիստոնէական ժողովքի կառավարիչ մարմինը ներշնչեց, հետեւեալը գրելու. «Աղէկ երեւցաւ Սուրբ Հոգիին ու մեզի ալ ձեր վրայ աւելի բեռ չդնել այս հարկաւոր բաներէն զատ, որ ետ կենաք կուռքերու զոհուածէ եւ արիւնէ ու խեղդուածէ եւ պոռնկութենէ» (Գործք 15։28, 29)։
9 Բացայայտ է, թէ առաջին դարու կառավարիչ մարմինը ըմբռնեց, որ արիւնը սուրբ է եւ զայն սխալ կերպով գործածելը բարոյապէս համահաւասար է կռապաշտութեան կամ պոռնկութեան։ Ներկայիս, ճշմարիտ քրիստոնեաները այս կեցուածքը կ’որդեգրեն։ Եւ քանի որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն կը մտածեն ու կը գործեն, անոնք կրնան արեան գործածութեան շուրջ անձնական որոշումներ կայացնելու ատեն Եհովան հաճեցնել։
ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՐԵԱՆ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
Ինչպէ՞ս կրնամ արեան կոտորակներու գործածութեան շուրջ կայացուցած որոշումս բժիշկի մը բացատրել
10, 11. ա) Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս կը նկատեն ամբողջական արեան եւ անոր գլխաւոր բաղկացուցիչներուն ներարկումը։ բ) Արեան վերաբերեալ ո՞ր մարզերուն մէջ քրիստոնեաները իրարմէ տարբեր կարծիքներ կրնան ունենալ։
10 Եհովայի վկաները կը գիտակցին թէ ‘արիւնէ ետ կենալը’ կը նշանակէ՝ արեան ներարկում չընդունիլ, իրենց սեփական արիւնը ուրիշներուն չտալ, կամ յետագայ գործածութեան համար զայն չամբարել։ Յարգելով Աստուծոյ օրէնքը, անոնք նաեւ չեն ընդունիր արեան չորս գլխաւոր բաղկացուցիչները. կարմիր գնդիկներ, ճերմակ գնդիկներ, թիթեղիկներ ու ջրարիւն։
11 Ներկայիս, կարելի դարձած է այս բաղկացուցիչները վերածել կոտորակներու, որոնք այլազան գործածութիւններ ունին։ Արդեօք քրիստոնեան կրնա՞յ այս կոտորակները ընդունիլ։ Ան զանոնք որպէս «արիւն» կը նկատէ՞։ Իւրաքանչիւրս այս հարցը պէտք է անհատապէս որոշենք։ Նոյնը կը կիրարկուի հետեւեալներուն նման բժշկական գործընթացներու՝ արեան արհեստական զտում (hemodialysis), արեան նօսրացում (hemodilution) եւ արեան բջիջի փրկութիւն (cell salvage)։ Այս վերջինը ընդունելի է պայմանաւ որ արիւնը ամբարուած չըլլայ (տե՛ս «Արեան կոտորակներ եւ վիրաբուժական գործընթացներ» յաւելուածը)։
12. Խղճմտանքի ձգուած հարցերը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք եւ զանոնք ձեռք առնենք։
12 Արդեօք անձնական որոշումի ձգուած հարցերը նուա՞զ կարեւոր են Եհովայի աչքին։ Ո՛չ, քանի որ ան մեծապէս հետաքրքրուած է մեր մտածումներով ու շարժառիթներով (կարդա՛ Առակաց 17։3. 24։12)։ Ուստի որոշ դեղի կամ բժշկական գործընթացի մասին աղօթելէ եւ պրպտում ընելէ ետք, պէտք է գործենք Աստուածաշունչով մարզուած մեր խղճին համաձայն (Հռովմայեցիս 14։2, 22, 23)։ Անշուշտ, ուրիշներ մեզ պէտք չէ պարտադրեն որ իրենց խղճմտանքին համաձայն որոշումներ կայացնենք, ոչ ալ մենք պէտք է իրենց հարցնենք. ‘Եթէ իմ տեղս ըլլայիր, ի՞նչ կ’ընէիր’։ Այսպիսի հարցերու մէջ, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ «իր բեռը պիտի կրէ» (Գաղատացիս 6։5. Հռովմայեցիս 14։12. տե՛ս «Արիւնը սուրբ կը նկատե՞մ» շրջանակը)b։
ԵՀՈՎԱՅԻ ՕՐԷՆՔՆԵՐԸ ԻՐ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՍԷՐԸ Կ’ԱՐՏԱՑՈԼԵՆ
13. Եհովայի օրէնքներն ու սկզբունքները Իր մասին ի՞նչ կը յայտնեն. բացատրէ՛։
13 Աստուածաշունչին օրէնքներն ու սկզբունքները կը յայտնեն, թէ Եհովա իմաստուն Օրէնսդիր ու սիրալիր Հայր մըն է, որ մեծապէս հետաքրքրուած է իր զաւակներուն բարօրութեամբ (Սաղմոս 19։7-11)։ Թէեւ ‘արիւնէ ետ կենալու’ պատուէրը չտրուեցաւ որպէս առողջապահական կանոն, սակայն անիկա մեզ կը պաշտպանէ արեան ներարկման հետ կապ ունեցող բարդութիւններէ (Գործք 15։20)։ Առողջապահական մարզին մէջ, շատեր առանց արեան ներարկումի կատարուող վիրաբուժութիւնը կը նկատեն արդի բժշկութեան «ոսկեղէն չափանիշ»։ Ճշմարիտ քրիստոնեաներուն համար, այս բժշկական զարգացումները կը հաստատեն Եհովայի անսահման իմաստութիւնն ու հայրական սէրը (կարդա՛ Եսայի 55։9. Յովհաննէս 14։21, 23)։
14, 15. ա) Իր ժողովուրդին հանդէպ Աստուծոյ սէրը ո՞ր օրէնքներուն մէջ կ’երեւնայ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս կիրարկել վերոյիշեալ ապահովական օրէնքներուն ետին գտնուող սկզբունքները։
14 Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, Աստուած իր ժողովուրդին բարօրութեամբ հետաքրքրուած էր։ Ասիկա կ’երեւնայ Իր շատ մը օրէնքներուն մէջ։ Օրինակ՝ Աստուած պահանջած էր իսրայէլացիներէն որ իրենց տուներուն տանիքները շրջապատեն, արկածներու արգելք հանդիսանալու համար, քանի որ անոնք շատ գործածական վայրեր էին (Բ. Օրինաց 22։8. Ա. Թագաւորաց 9։25, 26. Նէեմիա 8։16. Գործք 10։9)։ Աստուած նաեւ պատուիրած էր, որ վտանգաւոր եզները հսկողութեան տակ պահուէին (Ելից 21։28, 29)։ Այս պահանջները անտեսելը ուրիշներու բարօրութեան նկատմամբ ուղղակի յարգանքի պակաս ցոյց կու տար, նաեւ կրնար արիւնապարտութեան առաջնորդել։
15 Ինչպէ՞ս կրնաս այս օրէնքներուն ետին գտնուող սկզբունքները կիրարկել։ Լաւ կ’ըլլայ որ լրջօրէն մտածես ինքնաշարժիդ, զայն վարելու կերպիդ, անասուններուդ, տանդ, գործատեղիիդ եւ ժամանցի ընտրութիւններուդ մասին։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, ինքնաշարժի արկածները երիտասարդներու կանխահաս մահուան գլխաւոր պատճառն են, քանի որ անոնք յաճախ իրենք զիրենք անտեղիօրէն վտանգի կ’ենթարկեն։ Սակայն Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ ուզող երիտասարդները կեանքը կ’արժեւորեն եւ հաճոյքի սիրոյն վտանգաւոր բաներ չեն ըներ։ Անոնք անմտօրէն չեն խորհիր թէ իրենց վնաս մը չի հասնիր։ Փոխարէն, անոնք վնասակար բաներէ խուսափելով իրենց երիտասարդութիւնը կը վայելեն (Ժողովող 11։9, 10)։
16. Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքը կը կիրարկուի վիժումի (նաեւ տե՛ս ստորանիշը)։
16 Նոյնիսկ չծնած երեխայի մը կեանքը թանկագին է Աստուծոյ աչքին։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, երբ ոեւէ մէկը յղի կնոջ մը վնաս հասցնէր եւ առ ի հետեւանք կինը կամ անոր չծնած երեխան մահանար, Աստուած յանցագործը մարդասպան կը սեպէր, եւ ան «անձի տեղ անձ» պէտք էր տար (կարդա՛ Ելից 21։22, 23, ՆԱ)c։ Պահ մը երեւակայէ թէ Եհովա ինչպէ՛ս կը զգայ, երբ կը տեսնէ անթիւ անհամար չծնած երեխաներ, որոնք ամէն տարի դիտումնաւոր կերպով արհեստական վիժումի զոհ կ’երթան, շատերը՝ անձնական շահի եւ սեռային ազատութեան սիրոյն։
17. Ինչպէ՞ս կրնաս մխիթարել անհատ մը, որ Աստուծոյ չափանիշները սորվելէ առաջ արհեստական վիժումի դիմած է։
17 Սակայն ի՞նչ կրնանք ըսել կնոջ մը մասին, որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը գիտնալէ առաջ արհեստական վիժումի դիմած է։ Արդեօք ան Աստուծոյ ողորմութեան պիտի արժանանա՞յ։ Իրականութեան մէջ, անկեղծօրէն զղջացած անհատ մը կրնայ վստահիլ Եհովայի ներողամտութեան, որ հիմնուած է Յիսուսի թափուած արեան վրայ (Սաղմոս 103։8-14. Եփեսացիս 1։7)։ Արդարեւ, Քրիստոս անձամբ ըսաւ. «Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները՝ ապաշխարութեան» (Ղուկաս 5։32)։
ԽՈՒՍԱՓԷ՛ ԱՏԵԼԱՎԱՌ ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊԷ
18. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը բացայայտէ արիւնահեղութեան բուն պատճառը։
18 Եհովան ոչ միայն կ’ուզէ որ ուրիշներուն չվնասենք, այլեւ մեր սրտէն արմատախիլ ընենք արիւնահեղութեան բուն պատճառը. ատելութիւնը։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ամէն ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան է» (Ա. Յովհաննէս 3։15)։ Այսպիսին ոչ միայն իր եղբօրմէն չ’ախորժիր, այլեւ անոր մահը կը ցանկայ։ Անոր թշնամութիւնը ի յայտ կու գայ չարախօսութեամբ կամ սուտ ամբաստանութեամբ, ինչ որ զինք Աստուծոյ դատաստանին պիտի արժանացնէ (Ղեւտացւոց 19։16. Բ. Օրինաց 19։18-21. Մատթէոս 5։22)։ Ուստի որքա՜ն կարեւոր է մեր սրտէն վանել որեւէ ատելութիւն (Յակոբոս 1։14, 15. 4։1-3)։
19. Աստուածաշունչի չափանիշներով առաջնորդուող անհատ մը ինչպէ՞ս կը նկատէ Սաղմոս 11։5–ի եւ Փիլիպպեցիս 4։8, 9–ի նման համարներ։
19 Անոնք՝ որոնք Եհովայի նման կեանքը կ’արժեւորեն եւ կ’ուզեն իրենց անձը Իր սիրոյն մէջ պահել, նաեւ ամէն տեսակ բռնութենէ կը խուսափին։ Սաղմոս 11։5–ը կ’ըսէ. «Անոր անձը [Եհովա] կ’ատէ. . . բռնութիւն սիրողը»։ Այս համարը ոչ միայն Աստուծոյ անձնաւորութեան մասին իրողութիւն մը կը յայտնէ, այլեւ անիկա կեանքի մէջ ուղղութիւն տուող սկզբունք մըն է։ Անիկա աստուածասէր անհատները կը մղէ խուսափելու այնպիսի ժամանցներէ, որոնք բռնութեան հանդէպ սէր կը խրախուսեն։ Նոյնպէս, Եհովայի ակնարկող «խաղաղութեան Աստուած» արտայայտութիւնը, Իր ծառաները կը մղէ իրենց սրտերն ու մտքերը լեցնելու սիրալիր, առաքինի ու գովելի բաներով, որոնք կը նպաստեն խաղաղութեան (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։8, 9)։
ՀԵՌՈ՛Ւ ԿԵՑԻՐ ԱՐԻՒՆԱՊԱՐՏ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
20-22. Քրիստոնեաները աշխարհի նկատմամբ ի՞նչ կեցուածք կ’որդեգրեն եւ ինչո՞ւ։
20 Աստուծոյ աչքին ամբողջ աշխարհը, որ Սատանայի տիրապետութեան տակն է՝ արիւնապարտ է։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ որպէս վայրի գազաններ ներկայացուած Սատանայի քաղաքական դրութիւնները սպաննած են միլիոնաւորներ, ներառեալ՝ Եհովայի ծառաներ (Դանիէլ 8։3, 4, 20-22. Յայտնութիւն 13։1, 2, 7, 8)։ Առեւտրականութիւնն ու ճարտարարուեստը այս գազանանման իշխանութիւններուն հետ ձեռք ձեռքի տալով, ստեղծած են աներեւակայելի հրէշային զէնքեր, ապահովելով հսկայ շահեր։ Որքա՜ն ճիշդ է «ամբողջ աշխարհը Չարին ենթակայ» է խօսքը (Ա. Յովհաննէս 5։19, ՆԹ)։
21 Քանի որ Յիսուսի հետեւորդները ‘աշխարհէն չեն’, այլ անոր քաղաքականութեան ու պատերազմներուն նկատմամբ ամբողջովին չէզոքութիւն կը պահեն, անոնք անհատապէս եւ հաւաքականօրէն կը խուսափին արիւնապարտութենէ (Յովհաննէս 15։19. 17։16)d։ Եւ երբ ուրիշներ զիրենք հալածեն, անոնք Քրիստոսի օրինակին հետեւելով՝ վայրագօրէն չեն հակազդեր։ Փոխարէն, անոնք իրենց թշնամիներուն հանդէպ սէր կը ցուցաբերեն, նոյնիսկ անոնց համար կ’աղօթեն (Մատթէոս 5։44. Հռովմայեցիս 12։17-21)։
22 Ճշմարիտ քրիստոնեաները յատկապէս կը խուսափին որեւէ կապ ունենալէ «մեծ Բաբելոն»ի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան հետ, որ ամէնէն արիւնապարտն է։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Մարգարէներուն ու սուրբերուն ու երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն արիւնը անոր մէջ գտնուեցաւ»։ Հետեւաբար, մեզի սա ազդարարութիւնը տրուած է. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս» (Յայտնութիւն 17։6. 18։2, 4, 24)։
23. Ի՞նչ կը նշանակէ մեծ Բաբելոնէն դուրս ելլել։
23 Մեծ Բաբելոնէն դուրս ելլելը անդամակցութենէ հրաժարելէն շա՜տ աւելին կը պարփակէ։ Անիկա նաեւ կ’ընդգրկէ ատե՛լ սուտ կրօնքի հանդուրժած կամ ջատագոված վատ գործունէութիւնները, ինչպէս՝ անբարոյութիւն, քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալ եւ ագահօրէն հարստութեան ետեւէ ըլլալ (կարդա՛ Սաղմոս 97։10. Յայտնութիւն 18։7, 9, 11-17)։ Այս գործունէութիւնները շատ յաճախ արիւնահեղութեան կ’առաջնորդեն։
24, 25. ա) Աստուած ի՞նչ հիման վրայ կրնայ ողորմութիւն ցուցաբերել արիւնապարտ բայց զղջացած անհատի մը հանդէպ։ բ) Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Աստուածաշունչի ժամանակներուն եղած ո՞ր կարգադրութիւնը։
24 Ճշմարիտ պաշտամունքը ընդունելէ առաջ, իւրաքանչիւրս ձեւով մը Սատանայի դրութեան թիկունք կանգնած ենք, հետեւաբար, որոշ չափով արիւնապարտ եղած ենք։ Բայց քանի որ մեր վարքը փոխեցինք, Քրիստոսի զոհին հանդէպ հաւատք կերտեցինք եւ մեր կեանքը Աստուծոյ նուիրեցինք, արժանացանք Աստուծոյ ողորմութեան ու հոգեւոր պաշտպանութեան (Գործք 3։19)։ Այս պաշտպանութիւնը մեզի կը յիշեցնէ Աստուածաշունչի մէջ նշուած ապաստանի քաղաքները (Թուոց 35։11-15. Բ. Օրինաց 21։1-9)։
25 Այդ կարգադրութիւնը ինչպէ՞ս կը գործէր։ Եթէ իսրայէլացի մը պատահաբար մէկու մը մահուան պատճառ դառնար, ան ապաստանի քաղաքներէն մէկը պէտք էր փախչէր։ Որակեալ դատաւորները հարցին շուրջ իրենց վճիռը արձակելէն ետք, պատահաբար սպաննողը պէտք էր ապաստանի քաղաքին մէջ մնար մինչեւ քահանայապետին մահը, որմէ ետք ան ազատ էր որեւէ տեղ բնակելու։ Ասիկա Աստուծոյ ողորմութիւնը նշող ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մըն է. ան որքա՜ն թանկարժէք կը նկատէ մարդկային կեանքը։ Այդ վաղեմի ապաստանի քաղաքներուն համանման է Աստուծոյ կարգադրութիւնը, որ հիմնուած է Քրիստոսի զոհին վրայ։ Անիկա մեզ կը պաշտպանէ այն մահէն, որ հետեւանքն է՝ կեանքի ու արեան սրբութեան նկատմամբ Աստուծոյ պատուիրանը պատահաբար մեր բեկանելուն։ Այս կարգադրութիւնը կ’արժեւորե՞ս։ Եթէ այո, ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ։ Կերպերէն մէկն է, ուրիշները հրաւիրել որ ընդունին Աստուծոյ ըրած այս պաշտպանութեան կարգադրութիւնը, մանաւանդ մօտալուտ «մեծ նեղութեան» ի տես (Մատթէոս 24։21. Բ. Կորնթացիս 6։1, 2)։
ԿԵԱ՛ՆՔԸ ԱՐԺԵՒՈՐէ՝ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՔԱՐՈԶԵԼՈՎ
26-28. Ներկայիս մեր կացութիւնը ինչպէ՞ս նման է Եզեկիէլ մարգարէի կացութեան, եւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր անձերը Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահել։
26 Ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդին վիճակը մեզի կը յիշեցնէ Եզեկիէլ մարգարէին վիճակը, որուն Եհովան յանձնարարած էր որ իսրայէլի տան համար իբրեւ հոգեւոր դէտ ծառայէր։ Աստուած ըսած էր. ‘Իմ խօսքս լսէ եւ իմ կողմէս զանոնք զգուշացուր’։ Եթէ Եզեկիէլ այս յանձնարարութիւնը անտեսէր, Երուսաղէմի հաշուետուութեան ժամանակ մեռնողներուն արեան պատասխանատուն պիտի նկատուէր (Եզեկիէլ 33։7-9)։ Սակայն Եզեկիէլ հնազանդելով՝ արիւնապարտ չնկատուեցաւ։
27 Սատանայի ամբողջ աշխարհին վերջը շատ մօտ է։ Ուստի Եհովայի վկաները թէ՛ պարտաւորութիւն եւ թէ առանձնաշնորհում կը նկատեն՝ Թագաւորութեան պատգամին հետ միատեղ հրատարակել Աստուծոյ «վրէժխնդրութեան օրը» (Եսայի 61։2. Մատթէոս 24։14)։ Այս կենսական գործին լիովին կը մասնակցի՞ս։ Պօղոս առաքեալ իր քարոզչական յանձնարարութիւնը լուրջի առաւ, անոր համար կրցաւ ըսել. «Ես անպարտ եմ ամենուն արիւնէն։ Վասն զի ետ չկեցայ Աստուծոյ բոլոր կամքը ձեզի յայտնելէ» (Գործք 20։26, 27)։ Ընդօրինակուելու արժանի ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը։
28 Անշուշտ, մեր անձը Եհովայի հայրական ջերմ սիրոյն մէջ պահելու համար, չի բաւեր կեանքն ու արիւնը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտել, այլ նաեւ մենք պէտք է իր աչքին մաքուր կամ սուրբ մնանք։ Ասիկա պիտի քննարկենք յաջորդ գլուխին մէջ։
a «Մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է» աստուածային արտայայտութեան նկատմամբ, պարբերաթերթ մը կը նշէ. «Թէեւ այս արտայայտութիւնը փոխաբերական իմաստ ունի, բայց անիկա բառացիօրէն ալ ճիշդ է. արեան բջիջի իւրաքանչիւր տեսակ կեանքի համար կենսական է» (Scientific American)։
b Տե՛ս Զարթի՛ր օգոստոս 2006–ի թիւը, էջ 3-12 (անգլերէնով), հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
c Աստուածաշունչի բառարանագիրներ կ’ըսեն թէ այս համարին եբրայերէն բնագիրը «ըստ երեւոյթին միայն կնոջ հասած վնասին չ’ակնարկեր»։ Նաեւ նկատի առ, թէ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Եհովայի դատաստանը կախեալ է սաղմին տարիքէն։
d Տե՛ս Գլուխ 5, «Ինչպէ՞ս աշխարհէն անջատ մնալ»։
e Մանրամասն տեղեկութեանց համար, տե՛ս «Արեան կոտորակներ եւ վիրաբուժական գործընթացներ» յաւելուածը։