Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա23 Յունուար էջ 1-9
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2023)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2-8
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 9-15
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 16-22
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 23-29
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 30–ՓԵՏՐՈՒԱՐ 5
  • ՓԵՏՐՈՒԱՐ 6-12
  • ՓԵՏՐՈՒԱՐ 13-19
  • ՓԵՏՐՈՒԱՐ 20-26
  • ՓԵՏՐՈՒԱՐ 27–ՄԱՐՏ 5
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2023)
ժտա23 Յունուար էջ 1-9

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2-8

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 22-23

«Ինչո՞ւ պէտք է խոնարհ ըլլանք»

դ00 9/15 29-30

Խոնարհ Յովսիան Եհովայի հաճութիւնը ունէր

Առտու կանուխ, տաճարը նորոգողները ժրաջանութեամբ գործի կը լծուին։ Վստահաբար, Յովսիա երախտապարտ է Եհովայի, որ բանուորները իր ամբարիշտ նախահայրերէն ոմանց Աստուծոյ տան հասցուցած վնասները կը նորոգեն։ Մինչ աշխատանքը կը յառաջանայ, Սափանը լուր մը կը բերէ։ Ի՞նչ լուր։ Ան իր ձեռքին մէջ գալար մը ունի։ Ան կը բացատրէ թէ Քեղկիա քահանայապետը ‘Մովսէսին ձեռքով տրուած Տէրոջը օրէնքներուն գիրքը գտած է’։ (Բ. Մնացորդաց 34։12-18) Ի՜նչ յայտնաբերում մը. անկասկա՛ծ, Օրէնքին հարազատ բնագիրն էր անիկա։

Յովսիա անհամբեր է լսելու գրքին բոլոր խօսքերը։ Մինչ Սափան կը կարդայ, թագաւորը կը ջանայ տեսնել թէ իւրաքանչիւր պատուէր ի՛նչպէս կը կիրարկուի իրեն եւ ժողովուրդին։ Մանաւանդ, ան կը տպաւորուի թէ գիրքը որքա՛ն շեշտ կը դնէ ճշմարիտ պաշտամունքի վրայ, եւ կը նախատեսէ այն պատուհասները եւ գերութիւնը, որոնք պիտի պատահէին եթէ ժողովուրդը սուտ կրօնքի միջամուխ ըլլար։ Այժմ, նկատելով թէ Աստուծոյ բոլոր պատուիրանները չեն գործադրուած, Յովսիա իր հանդերձները կը պատռէ եւ Քեղկիայի, Սափանի, եւ միւսներուն հրաման կու տայ, ըսելով. ‘Այս գրքերուն խօսքերուն վրայով Եհովայի հարցուցէ՛ք. քանզի մեր վրայ Եհովայի մեծ բարկութիւնը բորբոքեր է, որովհետեւ մեր հայրերը այս գրքին խօսքերուն չհնազանդեցան’։—Դ. Թագաւորաց 22։11-13. Բ. Մնացորդաց 34։19-21

դ00 9/15 30 ¶2

Խոնարհ Յովսիան Եհովայի հաճութիւնը ունէր

Յովսիայի պատգամաւորները Երուսաղէմի մէջ եղող Ողդա մարգարէուհիին կ’երթան եւ անկէ տեղեկագրութիւն կը բերեն։ Ողդա Եհովայի խօսքը կը մեկնէ, ցոյց տալով թէ նոր գտնուած գրքին մէջ արձանագրուած աղէտները այս հաւատուրաց ազգին վրայ պիտի գան։ Սակայն, Եհովա Աստուծոյ առջեւ խոնարհելուն պատճառաւ, Յովսիա այդ չարիքէն պիտի խնայուի։ Ան իր հայրերուն պիտի խառնուի եւ խաղաղութեամբ իր գերեզմանը պիտի իջնէ։—Դ. Թագաւորաց 22։14-20. Բ. Մնացորդաց 34։22-28

Հոգեւոր գոհարներ

դ01 4/15 26 ¶3-4

Ինչպիսի մանկութիւն ալ ունեցած ըլլաք՝ կրնա՛ք յաջողիլ

Հակառակ իր մանկութեան շրջանին տիրող բացասական պայմաններուն, Յովսիա շարունակեց Եհովայի աչքին շիտակ եղածը ընել։ Անոր իշխանութիւնը ա՛յնքան յաջող էր որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անկէ առաջ անոր նման թագաւոր մը եղած չէր, որ իր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը ու բոլոր զօրութիւնովը Տէրոջը դառնար՝ Մովսէսին բոլոր օրէնքին համեմատ. ո՛չ ալ անկէ ետքը անոր նմանը եղաւ»։—Դ. Թագաւորաց 23։19-25

Յովսիա ի՜նչ քաջալերական օրինակ մը պէտք է ըլլայ անոնց համար, որոնք թերեւս ահաւոր մանկութիւն մը ունեցած են։ Անոր օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Ի՞նչ բան օգնեց Յովսիայի որ շիտակ ընթացքը ընտրէր եւ անոր մէջ մնար։

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 9-15

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 24-25

«Միտքդ պահէ թէ ո՛ր օրերուն մէջ կ’ապրինք»

դ01 2/15 12 ¶2

Եհովայի դատաստանի օրը մօ՛տ է

2 Սոփոնիայի մարգարէանալը անկասկած պատճառ եղաւ որ երիտասարդ Յովսիա Թագաւորը, Յուդան պիղծ պաշտամունքէ մաքրելու նկատմամբ աւելի գիտակից ըլլայ։ Սակայն, երկիրը սուտ կրօնքէն մաքրելու համար թագաւորին առած քայլերը, ժողովուրդին մէջէն ամէն ամբարշտութիւն չվերցուցին, ոչ ալ իր մեծ հօր՝ Մանասէ Թագաւորին բոլոր մեղքերը քաւեցին, որ «Երուսաղէմը անմեղ արիւնով լեցուցած» էր։ (Դ. Թագաւորաց 24։3, 4. Բ. Մնացորդաց 34։3) Հետեւաբար, Եհովայի դատաստանի օրը անպայման պիտի գար։

դ07 4/1 11 ¶10

Երեմիայի գիրքէն աչքառու կէտեր

Հ.Դ.Ա. 607–ն է, Սեդեկիայի իշխանութեան 11–րդ տարին։ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը 18 ամիսէ ի վեր Երուսաղէմը պաշարած է։ Նաբուգոդոնոսորի իշխանութեան 19–րդ տարուան հինգերորդ ամիսը, ամսուան եօթներորդ օրը, Նաբուզարդան թիկնապահապետը Երուսաղէմ ‘կու գայ’, կամ կը հասնի։ (Դ. Թագաւորաց 25։8) Թերեւս քաղաքին պարիսպէն հեռու գտնուող իր բանակատեղիէն, Նաբուզարդան կացութիւնը կը քննէ եւ առնուելիք քայլերը կ’որոշէ։ Երեք օր ետք, ամսուան տասին, ան Երուսաղէմ ‘կը մտնէ’, եւ կը սկսի զայն բոցակիզել։—Երեմիա 52։12, 13

Հոգեւոր գոհարներ

դ05 8/1 16 ¶1

Չորրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր

24։3, 4. Մանասէի արիւնապարտութեան պատճառով, Եհովա Յուդայի «չուզեց որ ներէ»։ Աստուած անմեղներուն արիւնը կը յարգէ։ Կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա անմեղ արիւն թափողներէն վրէժ պիտի առնէ, զանոնք բնաջնջելով։—Սաղմոս 37։9-11. 145։20

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 16-22

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 1-3

«Սուրբ Գիրքը առասպելներու գիրք չէ»

դ09 9/1 14 ¶1

Ադամը եւ Եւան իրակա՞ն անձեր էին

Նկատի առ օրինակ հրէական տոհմաբանութեան ցանկերը, որոնք արձանագրուած են Աստուածաշունչի Առաջին Մնացորդաց գրքին առաջին գլուխէն մինչեւ իններորդ գլուխներուն մէջ եւ Ղուկաս Աւետարանին երրորդ գլուխին մէջ։ Առաջին Մնացորդաց գիրքին մանրամասն ցանկին մէջ կան 48 սերունդներ։ Իսկ Ղուկաս Աւետարանին մանրամասն ցանկին մէջ կան 75 սերունդներ։ Ղուկաս գրեց Յիսուս Քրիստոսին ազգաբանութիւնը, իսկ Մնացորդացին մէջ կը գտնուի իսրայէլ ազգին թագաւորական եւ քահանայական տոհմաբանութեան ցանկերը։ Երկու ցանկերուն մէջ կը նկատենք յայտնի դէմքերու անուններ. օրինակի համար, Սողոմոն, Դաւիթ, Յակոբ, Իսահակ, Աբրահամ, Նոյ եւ Ադամ։ Երկու ցանկերուն բոլոր անունները կը ներկայացնեն իրական անհատներ, եւ երկու ցանկերէն ալ ընթերցողը կրնայ տեսնել որ Ադամ ամէնէն առաջին իրական անձն էր։

դ11 2/1 9 ¶2

Եդեմի պարտէզ մը իրապէս կա՞ր

Յիսուս Ադամի ու Եւայի մասին խօսեցաւ որպէս իրական անհատներ։ Ան անոնց ամուսնութեան ակնարկեց, երբ միակնութեան նկատմամբ Եհովայի չափանիշը կը բացատրէր (Մատթէոս 19։3-6)։ Եթէ անոնք բնաւ գոյութիւն ունեցած չէին եւ անոնց բնակած պարտէզը պարզապէս առասպել մըն էր, ուրեմն Յիսուս կա՛մ խաբուած էր եւ կամ ստախօս էր։ Երկու եզրակացութիւններն ալ հնարաւոր չեն։ Յիսուս երկինքն էր եւ պարտէզին մէջ զարգացած ողբերգութեան ականատես էր։ Ասկէ աւելի համոզիչ ապացոյց մը կրնա՞յ ըլլալ։

դ08 7/1 3 ¶4

Նոյ ու ջրհեղեղը՝ իրողութիւն եւ ո՛չ թէ առասպել

Աստուածաշունչին մէջ երկու սերնդաբանական արձանագրութիւն կը վկայեն թէ Նոյ իրական անձ մըն էր։ (Ա. Մնացորդաց 1։4. Ղուկաս 3։36) Այս սերնդաբանութիւնները գրող Եզրասը եւ Ղուկասը ուշադիր հետազօտիչներ էին։ Ղուկաս Յիսուս Քրիստոսի նախահայրերուն ցանկը տուաւ մինչեւ Նոյ։

դ09 9/1 14-15

Ադամը եւ Եւան իրակա՞ն անձեր էին

Նկատի առ օրինակ Աստուածաշունչէն նիւթ մը, որ եկեղեցի գացողներուն մեծամասնութեան սրտին մօտիկ է. փրկանքը։ Այս ուսուցումին համաձայն, Յիսուս իր կատարեալ կեանքը փրկանք տուաւ որ մարդիկը իրենց մեղքերէն ազատէ (Մատթէոս 20։28. Յովհաննէս 3։16)։ Ինչպէս գիտենք, փրկանքը այն գինն է որ կը վճարուի, որ կորսուած կամ գրաւուած բան մը ետ գնուի կամ ազատի։ Անոր համար, Աստուածաշունչը Յիսուսը կը նկարագրէ իբրեւ «համապատասխան փրկանք» (Ա. Տիմոթէոս 2։6, ՆԱ)։ Թերեւս հարցնենք. համապատասխան ինչի՞։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան» (Ա. Կորնթացիս 15։22)։ Յիսուսին կատարեալ կեանքը, որ ան զոհեց հնազանդ մարդոց համար, համապատասխան է Ադամի կատարեալ կեանքին, որ վերջինս կորսնցուց, երբ Եդեմի մէջ Աստուծոյ դէմ մեղանչեց (Հռովմայեցիս 5։12)։ Յստակ է, որ եթէ Ադամ գոյութիւն չ’ունենար, ինչպէս ոմանք կ’ըսեն,– այն ատեն Քրիստոսին փրկանքը անիմաստ բան պիտի ըլլար։

Հոգեւոր գոհարներ

խա-1 911 ¶3-4

Ազգաբանութիւն

Կիներու անուններ։ Ատեն–ատեն կիներու անունները կ’անցնէր ազգաբանութեան ցանկերուն մէջ՝ պատմական պատճառներու համար։ Ծննդոց 11։29, 30–ին մէջ, Սարա (Սառա) կը յիշուի, վստահաբար քանի որ Աստուծոյ խոստացած Սերունդը իրմէ պիտի գար եւ ոչ թէ Աբրահամին միւս կնոջմէն։ Մեղքան նոյն հատուածին մէջ յիշուած է, քանի որ Ռեբեկային՝ Իսահակին կնոջ՝ մեծ մայրն էր։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ Ռեբեկան Աբրահամին ազգական կու գար եւ Իսահակին համար յարմար կին էր, քանի որ Իսահակ միւս ազգերէն կին մը պէտք չէր առներ իրեն համար (Ծն. 22։20-23. 24։2-4)։ Ծննդոց 25։1–ին մէջ, կը կարդանք Աբրահամին միւս կնոջ՝ Քետուրային՝ անունը։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ Սառային մահէն ետք Աբրահամ նորէն ամուսնացաւ եւ թէ զաւակ ծնանելու իր կարողութիւնը դեռ տեղն էր՝ Եհովային հրաշքէն աւելի քան 40 տարի ետք (Հռով. 4։19. Ծն. 24։67. 25։20)։ Ասկէ զատ, ատիկա կը յայտնէ մադիանացիներուն եւ ուրիշ արաբական ցեղերու ազգականական կապը իսրայէլ ազգին հետ։

Լիային, Ռաքէլին եւ Յակոբին հարճերուն ու անոնց տղոց անունները բոլորը յիշուած են (Ծն. 35։21-26)։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ հասկնալու որ յետագային Եհովան ինչպէ՛ս վարուեցաւ անոնց հետ եւ ինչո՛ւ։ Նման պատճառներու համար, ուրիշ կիներու անուններն ալ կը գտնենք ազգաբանական արձանագրութիւններու մէջ։ Երբ ժառանգ մը անոնց միջոցաւ փոխանցուէր, անոնց անունը թերեւս յիշուէր (Թւ. 26։33)։ Անշուշտ, Թամարը, Ռախաբը եւ Հռութը հոյակապ օրինակներ են։ Ամէն մէկուն պարագային, հետաքրքրական եւ աչքառու բան մը կար այն կերպին մէջ, որով այս կիները Մեսիային՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ ազգաբանական ցանկին մէջ անցան (Ծն. 38. Հթ. 1։3-5. 4։13-15. Մատ. 1։1-5)։ Ուրիշ ազգաբանական ցանկերու մէջ ալ կարգ մը կիներու անունները անցան։ Օրինակ տե՛ս՝ Ա. Մնացորդաց 2։35, 48, 49. 3։1-3, 5։

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 23-29

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 4-6

«Աղօթքներս ի՞նչ կ’ըսեն իմ մասիս»

դ10 10/1 23 ¶3-7

«Աղօթքի լսող» մը

Գաբէսին աղօթքը աչքառու է։ Ան իր աղօթքը սկսաւ Եհովային օրհնութիւնը աղաչելով։ Ետքը, ան երեք խնդրանքներ ըրաւ, որոնք ցոյց կու տան իր խոր հաւատքը։

Առաջին, Գաբէս Աստուծոյ աղաչեց՝ ըսելով. «Երանի՜ թէ. . . իմ սահմանս մեծցնես» (Ա. Մնացորդաց 4։10)։ Այս պատուաւոր մարդը ագահ չէր եւ իր ընկեր արարածին հողամասը չէր ցանկար։ Իր սրտանց խնդրանքը թերեւս աւելի կապ ունէր անհատներու հետ, քան՝ հողամասի մը հետ։ Կրնայ ըլլալ որ ան Եհովայէն կը խնդրէր, որ իր հողամասը խաղաղօրէն ընդլայնէ, որ թերեւս հոն աւելի՛ անհատներ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեն։

Երկրորդ, Գաբէս Աստուծոյ աղաչեց. «Երանի՜ թէ. . . քու ձեռքդ ինծի հետ ըլլայ»։ Աստուծոյ խորհրդանշական ձեռքը իր ուժն է, որ կը գործածէ իր ծառաներուն օգնելու համար (Ա. Մնացորդաց 29։12)։ Իր խնդրանքը ստանալու համար, Գաբէս դիմեց Աստուծոյ, որուն ձեռքը կարճ չէ անոնց հանդէպ, որոնք իրեն կը հաւատան (Եսայի 59։1)։

Երրորդ, Գաբէս աղօթեց. «Երանի՜ թէ. . . զիս չարէն ազատես, որպէս զի ինծի տրտմութիւն չըլլայ»։ «Ինծի տրտմութիւն չըլլայ» արտայայտութիւնով Գաբէս Աստուծոյ չէր աղաչեր որ իրեն չար բան մը չպատահէր, հապա որ չարութեան պատճառած դժուարութիւնները յաղթահարէր եւ իր ուրախութիւնը չկորսնցնէր։

Գաբէսին աղօթքը ցոյց կու տայ, թէ ան ճշմարիտ պաշտամունքով հետաքրքրուած էր եւ թէ ան կը հաւատար ու կը վստահէր աղօթքի Լսողին։ Եհովան անոր աղօթքին պատասխանե՞ց։ Գաբէսին պատմութիւնը կ’ամբողջանայ այս խօսքով. «Աստուած անոր խնդիրքը կատարեց»։

Հոգեւոր գոհարներ

դ05 10/1 9 ¶7

Առաջին Մնացորդաց գիրքէն աչքառու կէտեր

5։10, 18-22. Սաւուղ թագաւորի օրերուն, Յորդանանի արեւելքը գտնուող տոհմերը Հագարացիներուն վրայ յաղթանակ տարին, թէեւ Հագարացիները թիւով իրենց կրկնապատիկն էին։ Անոնք յաղթեցին քանի որ իրենց կտրիճները Եհովայի ապաւինեցան եւ օգնութեան համար իրեն դիմեցին։ Եհովայի հանդէպ լման վստահութիւն ունենանք, մինչ կը շարունակենք մեր հոգեւոր պատերազմը մղել սոսկալի թշնամիներու դէմ։—Եփեսացիս 6։10-17

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 30–ՓԵՏՐՈՒԱՐ 5

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 7-9

«Կրնա՛ս դժուար նշանակումներ կատարել Եհովային օգնութեամբ»

դ05 10/1 9 ¶8

Առաջին Մնացորդաց գիրքէն աչքառու կէտեր

9։26, 27. Ղեւտացի դռնապանները մեծ վստահութիւն պահանջող պաշտօն մը ստանձնած էին։ Անոնց յանձնուած էր տաճարին սուրբ վայրերուն մուտքին բանալին։ Անոնք հաւատարմաբար ամէն օր դռները կը բանային։ Մեզի վստահուած է մեր թաղամասի մարդոց հասնելու եւ զանոնք Եհովայի պաշտամունքին առաջնորդելու պատասխանատուութիւնը։ Ղեւտացի դռնապաններուն պէս վստահելի պէտք չէ՞ ըլլանք։

դ11 9/15 32 ¶7

Դժուար պարագաներու տակ, կրնա՞ս Փենէհէսին նմանիլ

Անցեալին, իսրայէլ ազգին մէջ, Փենէհէս ծանր պատասխանատուութիւն ունէր։ Բայց ան քաջութեամբ, սրամտութեամբ եւ Աստուծոյ վստահելով՝ կրցաւ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլել։ Եւ Եհովան Փենէհէսին հաճեցաւ, քանի որ ան ժրաջան կերպով հոգ տարաւ իր ժողովուրդին։ Մօտ 1000 տարի ետք, Աստուած Եզրասը ներշնչեց որ գրէ. «Եղիազարի որդին Փենէհէս առաջ անոնց վրայ իշխան էր ու Տէրը անոր հետ էր» (Ա. Մն. 9։20)։ Յուսանք որ այս խօսքը ճշմարիտ ըլլայ բոլոր անոնց համար, որոնք այսօր Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ առաջնորդութիւն կ’առնեն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք Եհովային հաւատարմօրէն կը ծառայեն։

Հոգեւոր գոհարներ

դ10 12/1 28 ¶6

Եհովային գովերգենք

6 Այո, Եհովա իր մարգարէներուն միջոցով ուղղութիւն տուաւ իր երկրպագուներուն որ իրեն գովերգեն։ Քահանայական տոհմէն երգիչներ նոյնիսկ միւս ղեւտացիներէն պահանջուած պարտականութիւններէն ազատ էին, որպէսզի կարենային բաւականաչափ ժամանակ տրամադրել երգագրութեան եւ՝ շատ հաւանաբար՝ փորձ ընելուն (Ա. Մն. 9։33)։

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 6-12

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 10-12

«Եհովային կամքը ընելու փափաքդ զօրացուր»

դ12 11/1 13 ¶12-13

«Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»

12 Ուրիշ դաս մըն ալ կրնանք քաղել Դաւիթի կեանքէն. ան հասկցաւ Օրէնքին սկզբունքները եւ փափաքեցաւ ատոնց համաձայն ապրիլ։ Սկզբունքը հիմնական ճշմարտութիւն մըն է, որ մեզի կ’օգնէ լաւ որոշումներ կայացնելու ե՛ւ հարցի մը շուրջ Եհովայի տեսակէտը հասկնալու։ Դաւիթի նման, յաճախ Եհովայի մէկ օրէնքէն կրնանք սկզբունք մը սորվիլ։ Օրինակի համար, օր մը Դաւիթ ըսաւ որ կը փափաքէր ‘Բեթլեհէմի դուռը եղող ջրհորէն ջուր խմել’։ Բայց փղշտացիները Բեթլեհէմը գրաւած էին։ Դաւիթի զինեալներէն երեք տղամարդիկ իրենց կեանքը վտանգելով՝ փղշտացիներու բանակը ճեղքեցին ու ջրհորէն ջուր քաշեցին։ Սակայն Դաւիթ մերժեց խմել։ Ան «զանիկա թափելով Տէրոջը նուիրեց»։ Ինչո՞ւ։ Դաւիթ ըսաւ. «Աստուած չընէ, որ ես այս բանը ընեմ։ Միթէ ես անոնց կենսարի՞ւնը պիտի խմեմ. վասն զի իրենց կեանքը վտանգելով այս ջուրը բերին» (Ա. Մն. 11։15-19)։

13 Դաւիթ Օրէնքէն գիտէր թէ արիւնը պէտք է գետին թափուէր եւ չուտուէր։ Ան նաեւ հասկցած էր ասոր պատճառը. «Մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է»։ Բայց տղամարդոց բերածը ջուր էր եւ ոչ թէ արիւն։ Ուրեմն, Դաւիթ ինչո՞ւ մերժեց զայն խմել։ Որովհետեւ ան հասկցած էր այդ օրէնքին ետին գտնուող սկզբունքը. Եհովան արիւնը թանկարժէք կը նկատէ։ Դաւիթի համար, այդ ջուրը նոյնքան թանկարժէք էր որքան այդ երեք տղամարդոց արիւնը, որոնք կրնային սպաննուիլ։ Անոր համար, ան խորհեցաւ որ ջուրը խմելը անարգանք ցոյց պիտի տար անոնց թանկարժէք արեան հանդէպ։ Ուստի, ան որոշեց զայն գետինը թափել (Ղեւ. 17։11. Բ. Օր. 12։23, 24)։

դ18.06 17 ¶5-6

Աստուծոյ օրէնքներով եւ սկզբունքներով խիղճդ մարզէ

5 Որպէսզի Աստուծոյ օրէնքներէն օգտուինք, չի բաւեր միայն զանոնք կարդանք կամ գիտնանք։ Նաեւ պէտք է զանոնք սիրենք եւ յարգենք։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Չարութիւնը ատեցէ՛ք ու բարութիւնը սիրեցէ՛ք» (Ամս. 5։15)։ Ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։ Պէտք է սորվինք Եհովայի՛ն աչքով նայիլ հարցերուն։ Օրինակ մը տանք։ Հաշուէ թէ քնանալու դժուարութիւն կ’ունենաս։ Բժիշկդ քեզմէ կը խնդրէ որ աւելի առողջապահական ճաշեր ուտես, աւելի մարզանք ընես եւ ապրելակերպիդ մէջ որոշ փոփոխութիւններ մտցնես։ Իր խրատը մտիկ կ’ընես եւ կը յաջողիս։ Հաւանաբար շատ կը գնահատես բժիշկդ, քանի որ կրցաւ կեանքդ բարելաւել։

6 Նմանապէս, մեր Ստեղծիչը մեզի տուած է օրէնքներ, որոնք կրնան մեղքին գէշ հետեւանքներէն պաշտպանել մեզ եւ այսպիսով մեր կեանքը բարելաւել։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ, որ պէտք չէ սուտ խօսինք, խարդախենք, գողնանք, անբարոյութիւն գործենք, վայրագութեամբ վարուինք կամ ոգեհարցութեան հետ որեւէ կապ ունենանք (կարդա՛ Առակաց 6։16-19. Յայտ. 21։8)։ Երբ Եհովայի հնազանդելուն լաւ օգուտները կը քաղենք, աւելի կը սիրենք ու կը գնահատենք Եհովան եւ իր օրէնքները։

Հոգեւոր գոհարներ

խա-1 1058 ¶5-6

Սիրտ

«Լման սրտով» ծառայել։ Բառացի սիրտը բնական կերպով գործելու համար, ամբողջութեամբ պէտք է աշխատի։ Բայց այլաբանական սիրտը կրնայ բաժնուած ըլլալ։ Դաւիթ աղօթեց. «Միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ», ինչ որ ցոյց կու տայ որ սիրտը կրնայ բաժնուած ըլլալ զգացումներու եւ վախերու կողմանէ (Սաղ. 86։11)։ Այսպիսի անձ մը կրնայ «երկմիտ» ըլլալ կամ կէս սիրտ ունենալ եւ Աստուած գաղջ–գաղջ պաշտել (Սաղ. 119։113. Յայտ. 3։16)։ Անձ մը կրնայ նաեւ «կրկին» սիրտ ունենալ (որ բառացիօրէն կը նշանակէ՝ սիրտ մը եւ սիրտ մը ունենալ), եւ երկու տիրոջ ծառայել կամ խորամանկօրէն ըսել բան մը, բայց իր միտքին մէջ ուրիշ բան մը ունենալ (Ա. Մն. 12։33. Սաղ. 12։2)։ Յիսուս այսպիսի կեղծաւորութիւն խիստ կերպով դատապարտեց (Մատ. 15։7, 8)։

Ան որ կ’ուզէ Աստուած հաճեցնել, պէտք է որ ո՛չ կէս սիրտ ունենայ, ոչ ալ կրկին սիրտ ունենայ։ Հապա, ան պէտք է Եհովային ծառայէ լման սրտով (Ա. Մն. 28։9)։ Ասիկա շատ ջանք կը պահանջէ, քանի որ սիրտը չար եւ խաբեբայ է (Եր. 17։9, 10. Ծն. 8։21)։ Ի՞նչը կ’օգնէ որ մէկը լման սիրտ ունենայ։ Սրտանց աղօթքը (Սաղ. 119։145. Ող. 3։41), Աստուծոյ Խօսքին կանոնաւոր սերտողութիւնը (Եզր. 7։10. Առ. 15։28), բարի լուրը նախանձախնդրաբար քարոզելը (համեմատէ՛ Եր. 20։9) եւ ընկերակցիլը անոնց հետ՝ որոնք լման սրտով Եհովան կը պաշտեն (համեմատէ՛ Դ. Թագ. 10։15, 16)։

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 13-19

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 13-16

«Ուղղութեան հետեւիլը յաջողութեան կ’առաջնորդէ»

դ03 5/1 19

Հարց կու տա՞ք թէ «ո՞ւր է Եհովան»

12 Ուխտին տապանակը Իսրայէլ վերադառնալէ եւ երկար տարիներ Կարիաթարիմի մէջ մնալէ ետք, Դաւիթ Թագաւոր փափաքեցաւ զայն Երուսաղէմ փոխադրել։ Ան ժողովուրդին իշխաններուն խորհուրդը առաւ եւ ըսաւ թէ Տապանակը պիտի փոխադրուէր ‘եթէ անոնց հաճոյ կ’երեւնար ու այս բանը Եհովայի ընդունելի էր’։ Բայց ան այս հարցին շուրջ Եհովայի կամքէն վստահ ըլլալու համար բաւարար փնտռտուք չըրաւ։ Եթէ ասիկա ընէր, Տապանակը երբեք կառքի մը վրայ պիտի չբեռցուէր։ Կահաթացի Ղեւտացիներ զայն իրենց ուսերուն վրայ պիտի վերցնէին, ինչպէս որ Աստուած յստակօրէն պատուիրած էր։ Թէեւ Դաւիթ յաճախ Եհովայի կը հարցնէր, բայց այս առթիւ ան ասիկա պատշաճօրէն չըրաւ։ Հետեւանքը աղիտալի էր։ Հետագային, Դաւիթ ընդունեց. «Տէրը՝ մեր Աստուածը մեզ զարկաւ, քանի որ զայն կանոնին համաձայն չփնտռեցինք»։—Ա. Մնացորդաց 13։1-3. 15։11-13, ԱՎ. Թուոց 4։4-6, 15. 7։1-9

դ03 5/1 19 ¶13

Հարց կու տա՞ք թէ «ո՞ւր է Եհովան»

13 Վերջապէս երբ Տապանակը Ղեւտացիներուն միջոցաւ Աբդեդօմի տունէն Երուսաղէմ փոխադրուեցաւ, Դաւիթի յօրինած մէկ երգը երգուեցաւ։ Անոր մէջ հետեւեալ սրտագին վերյիշեցումը կար. «Տէրը ու անոր զօրութիւնը խնդրեցէ՛ք, ամէն ժամանակ անոր երեսը փնտռեցէ՛ք։ Յիշեցէ՛ք անոր ըրած հրաշքները, անոր նշաններն ու բերնին դատաստանները»։—Ա. Մնացորդաց 16։11, 12

Հոգեւոր գոհարներ

դ14 1/15 10 ¶14

Պաշտե՛նք Եհովան՝ յաւիտենականութեան Թագաւորը

14 Դաւիթ ուխտի տապանակը Երուսաղէմ բերաւ։ Այս ուրախ առիթին ընթացքին, ղեւտացիները գովերգեցին եւ հետեւեալ կարեւոր արտայայտութիւնը ըրին, որ արձանագրուած է Ա. Մնացորդաց 16։31–ի մէջ. «Ազգերուն մէջ թող ըսեն՝ ‘Տէրը կը թագաւորէ [«Թագաւոր եղաւ», ՆԱ]’»։ Մէկը կրնայ մտածել. ‘Եհովան արդէն յաւիտենականութեան Թագաւոր է, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ այդ ժամանակ Թագաւոր եղաւ’։ Եհովան Թագաւոր կ’ըլլայ, երբ որոշ ժամանակի մը մէջ կամ մասնայատուկ պարագայ մը ձեռք առնելու համար, իր հեղինակութիւնը կը գործածէ կամ զինք ներկայացնող գործակալութիւն մը կը հաստատէ։ Այս գաղափարը հասկնալը շատ կարեւոր է։ Դաւիթ մեռնելէ առաջ, Եհովան իրեն խոստացաւ թէ իր իշխանութիւնը յաւիտեան պիտի գոյատեւէր, երբ ըսաւ. «Քեզմէ ետքը քու երանքէդ ելլող զաւակդ պիտի բարձրացնեմ ու անոր թագաւորութիւնը պիտի հաստատեմ» (Բ. Թագ. 7։12, 13)։ Այս խոստումը իրականացաւ, երբ Դաւիթի «զաւակ»ը աւելի քան հազար տարի ետք ի յայտ եկաւ։ Ո՞վ էր ան, եւ ե՞րբ Թագաւոր պիտի ըլլար։

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 20-26

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 17-19

«Ուրախ մնա՛ հակառակ յուսախաբութիւններու»

դ06 8/1 9 ¶1

Եհովայի կազմակերպութեան բարութեան վրայ կեդրոնացի՛ր

ՎԱՂԵՄԻ Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ նշուած ամենէն յատկանշական անձնաւորութիւններէն մէկն է։ Այս հովիւը, երաժիշտը, մարգարէն ու թագաւորը, Եհովա Աստուծոյ կատարելապէս վստահեցաւ։ Եհովայի հետ մտերիմ յարաբերութիւն վայելելով, Դաւիթ փափաքեցաւ Աստուծոյ տուն մը շինել։ Այս տունը, կամ տաճարը, Իսրայէլի մէջ ճշմարիտ պաշտամունքին կեդրոնը պիտի ըլլար։ Դաւիթ գիտէր թէ տաճարին վերաբերեալ կարգադրութիւնները, Աստուծոյ ժողովուրդին ուրախութիւն եւ օրհնութիւններ պիտի բերէին։ Հետեւաբար ան տաղերգեց. «Երանի՜ անոր որ կ’ընտրես ու քեզի կը մօտեցնես, որպէս զի բնակի քու սրահներուդ մէջ. պիտի լցուինք քու տանդ եւ քու սուրբ տաճարիդ բարութեամբ»։—Սաղմոս 65։4

դ21.08 22-23 ¶11

Ունեցած առանձնաշնորհումներովդ ուրախացիր

11 Նոյնպէս, կրնանք մեր ուրախութիւնը աւելցնել Եհովայի ծառայութեամբ կլանուած ըլլալով, այսինքն՝ մեզի տրուած որեւէ գործ սրտանց եւ ջանասիրութեամբ ընելով։ ‘Անձդ ամբողջութեամբ տրամադրէ’ քարոզչութեան եւ լիովին մասնակցէ ժողովքային գործունէութիւններուն (Գործք 18։5. Եբ. 10։24, 25)։ Ժողովներուն սերտուելիք նիւթերը պատրաստէ։ Միջշաբաթային ժողովներուն մէջ քեզի տրուած որեւէ բաժին լուրջի առ։ Եթէ քեզմէ օգնութիւն կը խնդրեն ժողովքին մէջ որոշ պարտականութեան մը նկատմամբ, ճշդապահ եւ վստահելի եղիր։ Մի՛ մտածեր թէ քեզի տրուած պարտականութիւնը կարեւոր չէ եւ թէ պէտք չկայ ատոր ժամանակ տրամադրելու։ Ջանք թափէ որ հմտութիւններդ բարելաւես (Առ. 22։29)։ Հոգեւոր գործունէութիւններդ եւ նշանակումներդ ո՛րքան աւելի սրտանց ընես, ա՛յնքան աւելի արագ պիտի յառաջդիմես, եւ աւելի ուրախութիւն պիտի ունենաս (Գաղ. 6։4)։ Նաեւ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ ուրիշներուն հետ ուրախանալ, երբ անոնք ստանան առանձնաշնորհումներ, որոնք դո՛ւն կ’ուզէիր ստանալ (Հռով. 12։15. Գաղ. 5։26)։

Հոգեւոր գոհարներ

դ20.02 12, շրջանակ

Մենք Եհովան՝ մեր Հայրը, սրտանց կը սիրենք

Եհովան զիս կը նշմարէ՞

Երբեք դուն քեզի հարցուցա՞ծ ես. ‘Երկրի վրայ միլիառաւոր մարդոց մէջ, Եհովան ինչո՞ւ զիս պիտի նշմարէ’։ Եթէ ատիկա միտքէդ անցած է, զարմանալի չէ, քանի որ միակ հարցնողը չես։ Դաւիթ թագաւոր գրեց. «Ո՛վ Տէր, մարդը ի՞նչ է որ զանիկա կը ճանչնաս ու մարդու որդին, որ զանիկա կը յարգես» (Սաղ. 144։3)։ Դաւիթ վստահ էր, որ Եհովան զինք լաւ կը ճանչնար (Ա. Մն. 17։16-18)։ Եւ իր Խօսքին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ, Եհովան քեզ կը վստահեցնէ որ կը նկատէ այն սէրը, որ իրեն հանդէպ ցոյց կու տաս։ Նկատի առ Աստուածաշունչին մէջ կարգ մը խօսքեր, որոնք կրնան քեզի օգնել, որ այս իրողութենէն վստահ ըլլաս.

• Եհովան նոյնիսկ ծնելէդ առաջ քեզ նշմարեց (Սաղ. 139։16)։

• Եհովան գիտէ սրտիդ մէջինը եւ թէ ի՛նչ կը մտածես (Ա. Մն. 28։9)։

• Եհովան իւրաքանչիւր աղօթքդ անձնապէս մտիկ կ’ընէ (Սաղ. 65։2)։

• Արարքներդ կրնան Եհովայի զգացումներուն ազդել (Առ. 27։11)։

• Եհովան անձամբ քեզ իրեն քաշեց (Յովհ. 6։44)։

• Եհովան այնքա՛ն լաւ քեզ կը ճանչնայ, որ եթէ մեռնիս, պիտի կարենայ քեզի յարութիւն տալ։ Ան քու մարմինդ պիտի վերաշինէ եւ ուղեղիդ պիտի վերադարձնէ յիշատակներդ ու անձնաւորութեանդ յատուկ երեսակները (Յովհ. 11։21-26, 39-44. Գործք 24։15)։

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 27–ՄԱՐՏ 5

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 20-22

«Պատանիներուն օգնէ որ Եհովային ծառայութեան մէջ յաջողին»

դ17.01 29 ¶8

«Այն բաները հաւատարիմ մարդոց յանձնէ»

8 Կարդա՛ Ա. Մնացորդաց 22։5։ Դաւիթ թերեւս մտածեց թէ Սողոմոն պատրաստ չէ այսպիսի կարեւոր ծրագիր մը առաջնորդելու։ Տաճարը պէտք էր «անուանի ու փառաւոր» ըլլար, իսկ Սողոմոն պատանի ու անփորձ էր։ Բայց Դաւիթ գիտէր թէ Եհովան Սողոմոնին պիտի օգնէր որ այս յատուկ գործը կատարէր։ Այսպիսով, Դաւիթ իր ամէն կարելին ըրաւ որ այս հսկայ գործին համար պատրաստութիւններ տեսնէ։

դ17.01 29 ¶7

«Այն բաները հաւատարիմ մարդոց յանձնէ»

7 Դաւիթ թերեւս յուսախաբ եղաւ որ իր սրտին փափաքը պիտի չկրնար ընել։ Ան իրապէս կ’ուզէր տաճար մը շինել Եհովային։ Բայց ան լման թիկունք կանգնեցաւ այս ծրագրին, որ Սողոմոնին առաջնորդութեամբ պիտի կատարուէր։ Դաւիթ գործաւորներ կազմակերպեց եւ երկաթ, պղինձ, արծաթ, ոսկի ու տախտակ հաւաքեց։ Ան հոգ չըրաւ թէ տաճարը շինելուն վարկը որո՛ւն պիտի երթար։ Եւ ի վերջոյ տաճարը ճանչցուեցաւ որպէս Սողոմոնին տաճարը։ Նաեւ, Դաւիթ քաջալերեց Սողոմոնը, ըսելով. «Որդեա՛կ իմ, Տէրը քեզի հետ ըլլայ ու յաջողութիւն գտնես եւ քու Տէր Աստուծոյդ տուն շինես, ինչպէս քեզի համար խօսեցաւ» (Ա. Մն. 22։11, 14-16)։

դ18.03 11-12 ¶14-15

«Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակին կ’օգնէ՞ք որ մկրտութեան հասնի»

14 Երէցները կրնան ծնողներուն ջանքերուն թիկունք կանգնիլ, դրականօրէն խօսելով հոգեւոր նպատակակէտերու մասին։ Քոյր մը նշեց թէ եղբայր Չարլզ Թ. Ռասըլ ի՛նչ ըսած էր իրեն, երբ միայն վեց տարեկան էր։ Քոյրը պատմեց. «Ան 15 վայրկեան տրամադրեց, որպէսզի խօսի իմ հետս իմ հոգեւոր նպատակակէտերուս մասին»։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Այս քոյրը աւելի քան 70 տարի ռահվիրայութիւն ըրաւ։ Իրապէս, դրական խօսքերը եւ քաջալերութիւնը կրնան մէկու մը ամբողջ կեանքին ազդել (Առ. 25։11)։ Երէցները նաեւ կրնան ծնողները եւ իրենց զաւակները հրաւիրել, որ օգնեն Թագաւորութեան սրահի ծրագիրներուն մէջ։ Անոնք կրնան պզտիկներէն խնդրել ընել բաներ, որ իրենց տարիքին եւ կարողութիւններուն համաձայն են։

15 Ժողովքին մէջ ուրիշներ ինչպէ՞ս կրնան օգնել։ Անոնք կրնան պատշաճ կերպով անձնապէս հետաքրքրուիլ տարիքով պզտիկ եղողներով։ Օրինակ, ուշադրութիւն դարձուր այն բաներուն, որոնք կը ցուցնեն թէ անոնք հոգեւորապէս կը յառաջդիմեն։ Կա՞յ պատանի մը որ սրտանց եւ լաւ–մտածուած պատասխան մը տուաւ, կամ բաժին մը ունէր շաբթուան մէջի ժողովին ընթացքին։ Կա՞յ պատանի մը որ առիթը օգտագործեց որ դպրոցին մէջ քարոզէ, կամ փորձութեան մէջ հաւատարիմ գտնուեցաւ։ Գովելու մէջ արագ եղիր։ Կրնաս նպատակ դնել որ ժողովէն առաջ կամ վերջ, խօսիս տարիքով պզտիկի մը հետ, եւ ցուցնես թէ իրմով անկեղծօրէն հետաքրքրուած ես։ Երբ այսպէս վարուինք, պզտիկները պիտի զգան որ անձամբ մաս կը կազմեն «մեծ ժողով[ք]ին» (Սաղ. 35։18)։

Հոգեւոր գոհարներ

դ05 10/1 11 ¶7

Առաջին Մնացորդաց գիրքէն աչքառու կէտեր

21։13-15. Եհովա հրեշտակին հրամայեց որ պատուհասը կասեցնէ, քանի որ Ինք իր ժողովուրդին տառապանքը կը զգայ։ Արդարեւ «անոր գթութիւնը խիստ շատ է»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել