Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Եհովայի ընտանիքը թանկագին միութիւն կը վայելէ
    Դիտարան 1996 | Հոկտեմբեր 1
    • 4. Ձեր բառերով ըսէք որ 133–րդ Սաղմոսը ի՞նչ կ’ըսէ եղբայրական միութեան մասին։

      4 Սաղմոսերգու Դաւիթ խորապէս կը գնահատէր եղբայրական միութիւնը։ Ան նոյնիսկ ներշնչման ներքեւ անոր մասին երգեց։ Զինք երեւակայեցէք իր քնարին հետ որ կ’երգէ. «Ահա ո՜րչափ բարի եւ ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին։ Այն ազնիւ իւղին պէս է, որ գլխուն վրայէն մօրուքին վրայ, Ահարոնին մօրուքին վրայ վազեց ու մինչեւ անոր զգեստներուն ծայրը իջաւ։ Սիօնի լեռներուն վրայ իջած Հերմոնի շաղին պէս է, վասնզի Տէրը հոն հաստատեց օրհնութիւնը ու կեանքը մինչեւ յաւիտեան»։—Սաղմոս 133։1–3

  • Եհովայի ընտանիքը թանկագին միութիւն կը վայելէ
    Դիտարան 1996 | Հոկտեմբեր 1
    • 6, 7. Իսրայէլի միութիւնը ինչպէ՞ս Հերմոն Լերան շաղին պէս էր, իսկ ներկայիս Աստուծոյ օրհնութիւնը ո՞ւր կարելի է գտնել։

      6 Իսկ Իսրայէլի միաբանութեամբ բնակիլը ինչպէ՞ս Հերմոնի շաղին պէս էր։ Քանի որ այս լերան գագաթը ծովու մակերեսէն 2,800 մ. բարձր է, գրեթէ ամբողջ տարին ձիւնով ծածկուած է։ Հերմոնի ձիւնապատ գագաթը, գիշերուան շոգիները կը խտացնէ եւ այս կերպով առատ շաղ արտադրելով բուսականութիւնը կը պահպանէ երկարատեւ չոր եղանակէն։ Հերմոնի լեռնաշղթայէն եկած պաղ օդի հոսանքները այս շոգիները կը տանին մինչեւ հիւսիս, Երուսաղէմի շրջանը, ուր անոնք խտանալով շաղի կը վերածուին։ Ուստի սաղմոսերգուն հասկնալով խօսեցաւ «Սիօնի լեռներուն վրայ իջած Հերմոնի շաղին» մասին։ Եհովայի երկրպագուներու ընտանիքին միաբանութեան յառաջացուցած թարմացուցիչ ազդեցութեան մասին ի՜նչ գեղեցիկ վերյիշեցում մը։

      7 Քրիստոնէական ժողովքը հաստատուելէ առաջ, Սիօն, կամ Երուսաղէմ ճշմարիտ պաշտամունքի օրրանն էր։ Քանի որ Աստուած պատուիրած էր որ հոն ըլլար օրհնութիւնը։ Քանի որ բոլոր օրհնութիւններու Աղբիւրը այլաբանօրէն Երուսաղէմի սրբարանին մէջ կը բնակէր, օրհնութիւնները անկէ պիտի բխէին։ բայց, քանի որ այլեւս ճշմարիտ պաշտամունքը վայրէ մը կախեալ չէ, Աստուծոյ ծառաներուն օրհնութիւնը, սէրը եւ միութիւնը համայն երկրի վրայ կարելի է գտնել ներկայիս։ (Յովհաննու 13։34, 35) Այս միութեան նպաստող ազդակներէն ոմանք ի՞նչ են։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել