Աստուած իրապէս կը ճանչնա՞յ ձեզ
«Ո՛վ Տէր [Եհովա], ... իմ բոլոր ճամբաներս գիտես»։—ՍԱՂՄՈՍ 139։1, 3
1. Որքա՞ն լայնատարած է այն զգացումը թէ ‘ուրիշներ չեն հասկնար’ մեր դիմագրաւած մտահոգութիւնները, խնդիրներն ու ճնշումները։
ԿԱ՞Յ մէկը որ իրապէս հասկնա՞յ այն մտահոգութիւնները, ճնշումները եւ խնդիրները զորս կը դիմագրաւէք։ Համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւոր մարդիկ՝ երիտասարդներ թէ ծերեր՝ ընտանիք կամ ազգականներ չունին, որոնք հետաքրքրուին թէ իրենց ինչ կը պատահի։ Նոյնիսկ ընտանիքներու մէջ, շատ մը կիներ՝ նաեւ ամուսիններ՝ կը զգան որ իրենց կողակիցը իրապէս չըմբռներ թէ որքա՜ն ծանրաբեռնուած են։ Երբեմն անոնք կ’ընդվզին, ըսելով. «Բայց դուն չե՛ս հասկնար»։ Շատ մը երիտասարդներ ալ կ’եզրակացնեն որ իրենց ո՛չ ոք կը հասկնայ։ Այսուհանդերձ, ուրիշներէն աւելի շատ հասկացողութիւն տենչացողներէն ոմանց կեանքը հետագային իրապէս իմաստալից եղած է։ Ինչպէ՞ս կարելի է։
2. Ի՞նչ բան կարելի կը դարձնէ որ Եհովայի երկրպագուները մեծապէս գոհունակ կեանք մը վարեն։
2 Առանց նկատի առնելու թէ մարդիկ իրենց զգացումները լիովին կը հասկնան թէ ոչ, անոնք վստահ են որ Աստուած կը հասկնայ իրենց պարագան եւ, որպէս իր ծառաները, պէտքը չունին իրենց խնդիրները առանձին դիմագրաւել։ (Սաղմոս 46։1) Անկէ զատ, Աստուծոյ Խօսքը եւ խորատես Քրիստոնեայ երէցներուն օգնութիւնը, կարելի կը դարձնէ որ անոնք իրենց անձնական խնդիրներէն անդին տեսնեն։ Սուրբ Գրութիւնները անոնց կ’օգնեն գնահատելու թէ իրենց հաւատարիմ ծառայութիւնը թանկագին է Աստուծոյ աչքին եւ թէ ապահով ապագայ մը կը սպասէ անոնց, որոնք իրենց յոյսը կը դնեն անոր վրայ ու Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ ըրած հայթայթումներուն վրայ։—Առակաց 27։11. Բ. Կորնթացիս 4։17, 18
3, 4. (ա) Երբ կը գիտակցինք որ «Եհովան է Աստուած» եւ «անիկա ստեղծեց մեզ», ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ օգնել մեզի որ իր ծառայութեան մէջ ուրախութիւն գտնենք։ (բ) Ինչո՞ւ կատարեալ վստահութիւն ունինք Եհովայի սիրալիր հոգածութեան վրայ։
3 Թերեւս ձեզի ծանօթ է Սաղմոս 100։2–ը, որ կ’ըսէ. «Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը ուրախութեամբ. անոր առջեւ կեցէք ցնծութեամբ»։ Քանի՞ հոգի իրապէս այդ կերպով Եհովայի պաշտամունք կը մատուցանէ։ Այդպէս ընելու լաւ պատճառներ կը տրուին 3–րդ համարին մէջ, որ մեզի կը յիշեցնէ. «Ճանչցէ՛ք թէ Եհովան է Աստուած. անիկա ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք. մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք»։ Եբրայերէն բնագրին մէջ, հոն անոր կ’ակնարկուի որպէս Էլօհիմ [Պաշտամունք էջ 17], այսպիսով մատնանշելով թէ Ան վեհափառութեամբ, փառաւորութեամբ եւ վսեմութեամբ մեծ է։ Ան միակ ճշմարիտ Աստուածն է։ (Բ. Օրինաց 4։39. 7։9. Յովհաննու 17։3) Անոր ծառաները իր աստուածութիւնը կը ճանչնան, ոչ թէ պարզապէս անոր համար որ այդ մասին սորված են, այլ՝ որպէս բան մը որ փորձառաբար գիտեն եւ ասիկա կ’ապացուցանեն իրեն հնազանդելով, ապաւինելով ու նուիրուելով։—Ա. Մնացորդաց 28։9. Հռովմայեցիս 1։20
4 Քանի որ Եհովա կենդանի Աստուած է, որ կրնայ նոյնիսկ մեր սիրտը տեսնել, իր աչքերէն բա՛ն մը չի փախիր։ Ան լիովին գիտակից է թէ ինչ կը պատահի մեր կեանքին մէջ։ Ան կը հասկնայ թէ ինչ բան պատճառ կը հանդիսանայ մեր դիմագրաւած խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ անոնցմէ յառաջ եկած մտային ու զգացական տուայտանքին։ Որպէս Ստեղծիչ, ան մեզ աւելի լաւ կը ճանչնայ քան՝ մենք մեզ։ Ան նաեւ գիտէ ի՛նչպէս մեզի օգնել որ գլուխ ելլենք մեր վիճակին հետ եւ ի՛նչպէս մնայուն հանգստութիւն հայթայթել։ Ան սիրալիր կերպով պիտի օգնէ մեզի՝ հովիւի մը պէս որ գառնուկ մը իր գիրկը կ’առնէ՝ եթէ բոլոր սրտով իրեն ապաւինինք։ (Առակաց 3։5, 6. Եսայեայ 40։10, 11) 139–րդ Սաղմոսը ուսումնասիրելը կրնայ մեծապէս նպաստել այդ վստահութիւնը զօրացնելու։
Ան որ Մեր Բոլոր Ճամբաները կը Տեսնէ
5. Ի՞նչ իմաստով Եհովա մեզ կը ‘քննէ’, եւ անիկա ինչո՞ւ փափաքելի է։
5 Խոր գնահատանքով, սաղմոսերգու Դաւիթ գրեց. «Ո՛վ Տէր [Եհովա], զիս քննեցիր ու ճանչցար»։ (Սաղմոս 139։1) Դաւիթ վստահ էր որ Եհովա զինք մակերեսէն չէր ճանչնար։ Աստուած Դաւիթը չէր տեսներ, ինչպէս մարդիկ կրնային տեսնել, նկատելով միայն անոր ֆիզիքական հասակը, ճարտարախօսութիւնը կամ տաղանդաւոր քնարահար մը ըլլալը։ (Ա. Թագաւորաց 16։7, 18) Եհովա Դաւիթի ներքին անձնաւորութիւնը ‘քննած’ էր, քանի որ սիրալիր կերպով հետաքրքրուած էր անոր հոգեւոր բարօրութեամբ։ Եթէ Եհովայի նուիրուած ծառաներէն մէկն էք, ան ձեզ կը ճանչնայ ա՛յնքան լաւ որքան կը ճանչնար Դաւիթը։ Ասիկա ձեր մէջ երախտագիտութեան եւ երկիւղի զգացում մը չա՞րթնցներ։
6. Սաղմոս 139։2, 3–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ Եհովա մեր ըրած բոլոր բաները, նոյնիսկ մեր բոլոր խորհուրդները, գիտէ։
6 Եհովայի աչքէն չէին փախեր Դաւիթի բոլոր գործունէութիւնները եւ Դաւիթ ատոր գիտակից էր։ «Դուն գիտես իմ նստիլս ու ելլելս», սաղմոսերգուն գրեց։ «Իմ խորհուրդս հեռուէն կ’իմանաս։ Իմ շաւիղս ու պառկիլս կը քննես ու իմ բոլոր ճամբաներս գիտես»։ (Սաղմոս 139։2, 3) Ճիշդ է որ Եհովա երկինքն էր՝ երկրէն շատ հեռու՝ բայց ասիկա արգելք մը չէր որ ան գիտնար թէ Դաւիթ ինչ կ’ընէր կամ ինչ կը խորհէր։ Ան Դաւիթի գործունէութիւնները ‘կը քննէր’, կամ մանրակրկիտ կերպով կը հետազօտէր, թէ՛ ցորեկը եւ թէ գիշերը, որպէսզի անոնց բնոյթը գիտնար։
7. (ա) Դաւիթի կեանքէն դէպքեր գործածելով որպէս հիմ, բացատրեցէք թէ Աստուած տեղեակ է մեր կեանքին մէջ պատահած կարգ մը բաներու։ (բ) Ասոր գիտակցիլը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ մեզի։
7 Երբ Աստուծոյ հանդէպ սէրը եւ Անոր ազատելու ոյժին հանդէպ վստահութիւնը մղեցին պատանի Դաւիթը որ յօժարի կռուիլ հսկայ Փղշտացիին՝ Գողիաթին՝ հետ, Եհովա գիտցաւ ատիկա։ (Ա. Թագաւորաց 17։32-37, 45-47) Հետագային, երբ մարդոց թշնամութիւնը խոցեց Դաւիթի սիրտը, երբ ճնշումները այնքան մեծ էին որ ան արցունքոտ գիշերներ անցուց, ան մխիթարուեցաւ, գիտնալով որ Եհովա իր աղաչանքը լսեց։ (Սաղմոս 6։6, 9. 55։2-5, 22) Նմանապէս, երբ անքուն գիշերուան մը ընթացքին, երախտապարտութեամբ յորդած սիրտը մղեց Դաւիթը որ խոկայ Եհովայի մասին, Եհովա լաւ տեղեակ էր անկէ։ (Սաղմոս 63։6. բաղդատել Փիլիպպեցիս 4։8, 9։) Իրիկուն մը, երբ Դաւիթ դիտեց դրացիի մը կինը որ կը լուացուէր, Եհովա ատիկա ալ գիտցաւ եւ տեսաւ թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ, երբ Դաւիթ, նոյնիսկ կարճ ժամանակի մը համար, թոյլ տուաւ որ իր մեղաւոր ցանկութիւնը Աստուած իր միտքէն հեռացնէ։ (Բ. Թագաւորաց 11։2-4) Հետագային, երբ Նաթան մարգարէն ղրկուեցաւ, որպէսզի Դաւիթի յայտնէ իր մեղքին լրջութիւնը, Եհովա ոչ միայն լսեց Դաւիթի բերնէն ելած խօսքերը, այլ նաեւ նկատեց այն զղջացած սիրտը, ուրկէ ելան անոնք։ (Բ. Թագաւորաց 12։1-14. Սաղմոս 51։1, 17) Ասիկա պէտք չէ՞ մեզ մղէ որ լրջօրէն խորհինք թէ ո՛ւր կ’երթանք, ի՛նչ կ’ընենք եւ մեր սրտին մէջ ի՛նչ կայ։
8. (ա) Ի՞նչ կերպով ‘մեր լեզուին վրայ եղած խօսքերը’ կ’ազդեն Աստուծոյ առջեւ մեր կեցուածքին։ (բ) Ինչպէ՞ս կարելի է լեզուի գործածութեան տկարութիւնները յաղթահարել։ (Մատթէոս 15։18. Ղուկաս 6։45)
8 Քանի որ ի՛նչ որ կ’ընենք՝ Աստուած գիտէ, պէտք չէ զարմանանք որ ան լաւ տեղեակ է թէ ի՛նչպէս կը գործածենք լեզուին նման պզտիկ եղող մարմնին մէկ անդամը։ Դաւիթ Թագաւոր ասոր անդրադարձաւ եւ գրեց. «Վասնզի բնաւ խօսք չկայ իմ լեզուիս վրայ, ահա ո՛վ Տէր, դուն ամէնը գիտես»։ (Սաղմոս 139։4) Դաւիթ լաւ գիտէր որ Եհովայի վրանին մէջ որպէս հիւրեր պիտի ընդունուէին անոնք որոնք ուրիշներու վրայ զրպարտութիւն չէին ըներ եւ կը մերժէին իրենց լեզուները գործածել, իրենց ընկերոջ նախատինք բերող հետաքրքրաշարժ բամբասանքներ տարածելու համար։ Եհովա կը հաճէր այն անհատներուն, որոնք ճշմարտութիւնը կը խօսէին նոյնիսկ իրենց սրտին մէջ։ (Սաղմոս 15։1-3. Առակաց 6։16-19) Մեզմէ ոչ ոք կրնայ իր լեզուն կատարելապէս զսպել, բայց Դաւիթ տկարօրէն չեզրակացուց թէ բան մը չէր կրնար ընել իր վիճակը բարելաւելու համար։ Ան շատ ժամանակ յատկացուց Եհովայի փառաբանութեան սաղմոսներ յօրինելու եւ երգելու։ Ան նաեւ բացայայտօրէն գիտակցեցաւ թէ օգնութեան կարիքը ունէր եւ Աստուծոյ աղօթեց անոր համար։ (Սաղմոս 19։12-14) Արդեօք հա՞րկ է որ մենք ալ մեր լեզուին գործածութիւնը աղօթքով նկատի առնենք։
9. (ա) Ըստ Սաղմոս 139։5–ի նկարագրութեան, Աստուած ո՞ր աստիճան գիտէ մեր պարագան։ (բ) Ասիկա մեզի ի՞նչ վստահութիւն կու տայ։
9 Եհովա մեզ կամ մեր պարագան սահմանափակ հեռաւորութենէ մը չի տեսներ։ Ան լման պատկերը ունի, ամէն կողմէ։ Պաշարուած քաղաք մը որպէս օրինակ գործածելով, Դաւիթ գրեց. «Իմ ետեւէս ու առջեւէս զիս պաշարեցիր»։ Դաւիթի պարագային, Աստուած պաշարող թշնամի մը չէր, այլ, արթուն պահապան մըն էր։ «Քու ձեռքդ իմ վրաս դրիր», աւելցուց Դաւիթ, մատնանշելով Աստուծոյ հսկողութեան եւ պաշտպանութեան, որոնք կը գործադրուին զինք սիրողներուն մնայուն օգտին համար։ «Այս գիտութիւնը ինծի խիստ զարմանալի է, բարձր է ու չեմ կրնար հասկնալ զանիկա», ընդունեց Դաւիթ։ (Սաղմոս 139։5, 6) Իր ծառաներուն մասին Աստուծոյ ունեցած գիտութիւնը ա՛յնքան կատարեալ, ա՛յնքան ամբողջական է որ չենք կրնար լիովին ըմբռնել զայն։ Բայց բաւարար գիտենք վստահ ըլլալու թէ Եհովա մեզ իսկապէս կը հասկնայ եւ անոր հայթայթած օգնութիւնը ի՛րապէս լաւագոյնն է։—Եսայեայ 48։17, 18
Ո՛ւր որ ալ Ըլլանք, Աստուած Կրնայ Օգնել Մեզի
10. Սաղմոս 139։7-12–ին մէջ, ի՞նչ քաջալերական ճշմարտութիւն վառ նկարագրութեամբ ներկայացուած է։
10 Եհովայի սիրալիր հոգածութիւնը ուրիշ տեսանկիւնէ մը դիտելով, սաղմոսերգուն կը շարունակէ. «Ո՞ւր երթամ քու հոգիէդ եւ քու երեսէդ ո՞ւր փախչիմ»։ Ան չէր փափաքեր Եհովայէ փախչիլ. ան գիտէր թէ ո՛ւր որ ալ ըլլար, Եհովա պիտի գիտնար եւ Իր սուրբ հոգիով պիտի կարենար օգնել իրեն։ «Եթէ երկինք ելլեմ», ան շարունակեց, «դուն հոն ես. եթէ դժոխքը անկողինս ընեմ, ահա դուն հոն ես. եթէ արշալոյսին թեւերը առնեմ եւ ծովուն վերջի ծայրերը բնակիմ, հո՛ն ալ քու ձեռքդ ինծի պիտի առաջնորդէ ու քու աջ ձեռքդ զիս պիտի բռնէ։ Եթէ ըսեմ. ‘Իրաւցընէ խաւարը զիս պիտի ծածկէ, այն ատեն գիշերն ալ լոյս կ’ըլլայ իմ բոլորտիքս’։ Մութն ալ քեզի խաւար չէ, հապա գիշերը ցորեկի պէս լուսաւոր կ’ըլլայ։ Խաւարը եւ լոյսը միեւնոյն բանն են քու առջեւդ»։ (Սաղմոս 139։7-12) Չկայ տեղ մը կամ պարագայ մը, որ կրնայ մեզ հեռու պահել Եհովայի տեսողութենէն, կամ իր հոգիին արգելք հանդիսանալ մեզի օգնութեան հասնելէ։
11, 12. (ա) Թէեւ Յովնան ժամանակ մը զայն մոռցաւ, սակայն Եհովայի տեսնելու ու օգնելու կարողութիւնը ինչպէ՞ս ապացուցուեցաւ իր պարագային։ (բ) Յովնանի փորձառութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է օգնէ մեզի։
11 Ժամանակ մը Յովնան մարգարէն ասիկա մոռցաւ։ Եհովա իրեն Նինուէի ժողովուրդին քարոզելու նշանակում տուած էր։ Պատճառով մը ան ինքզինք անատակ զգաց այդ նշանակումին։ Թերեւս Ասորիներուն վայրագ ըլլալու համբաւը պատճառ եղաւ որ Նինուէի մէջ ծառայելու գաղափարը խրտչեցնէ զինք։ Ուստի ան փորձեց պահուըտիլ։ Յոպպէի նաւահանգիստէն ան նաւ մը նստաւ որ կ’երթար Թարսիս (ընդհանրապէս համեմատուած Սպանիոյ հետ, որ աւելի քան 2,200 մղոն Նինուէի արեւմուտքը կը գտնուի)։ Սակայն, Եհովա տեսաւ իր նաւ մտնելը եւ քնանալու համար նաւուն խորշը իջնելը։ Նաեւ, երբ հետագային զինք նաւէն դուրս նետեցին, Աստուած գիտէր ո՛ւր էր Յովնան եւ ան լսեց երբ Յովնան մեծ ձուկի փորէն խոստացաւ որ իր ուխտերը պիտի կատարէր։ Վերստին ցամաք բերուելով, Յովնանի դարձեալ առիթ տրուեցաւ իր նշանակումը կատարելու։—Յովնանու 1։3, 17. 2։1–3։4
12 Որքա՜ն աւելի լաւ պիտի ըլլար որ Յովնան սկիզբէն վստահէր որ Եհովայի հոգին իրեն կրնար օգնել իր նշանակումը կատարելու։ Այսուհանդերձ, հետագային Յովնան խոնարհաբար արձանագրեց իր փորձառութիւնը եւ անկէ ի վեր այդ արձանագրութիւնը շատերու օգնած է որ Եհովայի հանդէպ այն վստահութիւնը յայտնաբերեն որ Յովնանի համար շատ դժուար թուեցաւ ձեռք ձգել։—Հռովմայեցիս 15։4
13. (ա) Եղիա հաւատարմօրէն ի՞նչ նշանակումներ իրագործեց Յեզաբէլ Թագուհիէն փախչելէ առաջ։ (բ) Եհովա ինչպէ՞ս Եղիայի օգնեց նոյնիսկ երբ ան ջանաց Իսրայէլի հողամասէն դուրս պահուըտիլ։
13 Եղիայի փորձառութիւնը կերպով մը տարբեր էր։ Ան հաւատարմօրէն հաղորդած էր Եհովայի վճիռը թէ Իսրայէլ երաշտէ պիտի տառապէր, որպէս իր մեղքերուն պատիժ։ (Գ. Թագաւորաց 16։30-33. 17։1) Կարմեղոս լերան վրայ, Եհովայի ու Բահաղի մասին եղած բանավէճի մը ընթացքին, ան ճշմարիտ պաշտամունքը համարձակօրէն պաշտպանեց։ Ապա, ան սպաննեց Բահաղի 450 մարգարէները, Կիսոն հեղեղատին մէջ։ Բայց երբ Յեզաբէլ Թագուհին բարկութեամբ երդում ըրաւ Եղիան սպաննել, ան փախաւ։ (Գ. Թագաւորաց 18։18-40. 19։1-4) Այդ դժուարին ժամանակին, Եհովան հո՞ն էր իրեն օգնելու համար։ Այո՛, արդարեւ։ Եթէ Եղիան բարձր լեռ մը մագլցած էր, որպէս թէ երկինք բարձրացած ըլլար. եթէ ան քարայրի մը մէջ, երկրին խորերը պահուըտած էր, որպէս թէ Շէօլի [Պաշտամունք էջ 72 պարբ. 6] մէջ. եթէ ան երկրագունդին վրայ սփռուող արշալոյսի լոյսին արագութեամբ հեռաւոր կղզի մը փախած էր, ուրեմն, Եհովայի ձեռքը հոն պէտք էր ըլլար, զինք զօրացնելու եւ առաջնորդելու համար։ (Բաղդատել Հռովմայեցիս 8։38, 39։) Իսկ Եհովա Եղիան զօրացուց ո՛չ միայն ճամբորդութեան համար զինք կերակրելով, այլ նաեւ՝ Իր գործօն ոյժին հոյակապ ցուցադրութիւններով։ Այսպէս զօրացած, Եղիա ստանձնեց իր յաջորդ մարգարէական նշանակումը։—Գ. Թագաւորաց 19։5-18
14. (ա) Ինչո՞ւ սխալ պիտի ըլլար եզրակացնել թէ Աստուած ամէնուրեք ներկայ է։ (բ) Արդի ժամանակներուն, Եհովա ի՞նչ պարագաներու ներքեւ սիրալիր կերպով թիկունք կանգնած է իր ծառաներուն։ (գ) Եթէ նոյնիսկ Շէօլի մէջ ըլլայինք, Աստուած ինչպէ՞ս հոն պիտի ըլլար։
14 Սաղմոս 139։7-12–ի մարգարէական խօսքերը չեն նշանակեր թէ Աստուած ամէն տեղ կը գտնուի, թէ ան ամէն ատեն անձամբ ներկայ է ամէն տեղ։ Սուրբ Գրութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան թէ պարագան այս չէ։ (Բ. Օրինաց 26։15. Եբրայեցիս 9։24) Այսուհանդերձ, անոր ծառաները իր հասողութենէն երբեք հեռու չեն։ Ասիկա ճշմարիտ է անոնց պարագային, որոնց աստուածպետական նշանակումները զիրենք հեռաւոր վայրեր տարած են։ Անիկա ճշմարիտ եղաւ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին Նացի կեդրոնացման ճամբարներուն մէջ եղող հաւատարիմ Վկաներուն պարագային, ինչպէս նաեւ, այն միսիոնարներուն պարագային, որոնք Չինաստանի մէջ մեկուսի խցիկներու մէջ արգելափակուեցան, 1950–ի վերջաւորութեան ու 1960–ի սկիզբը։ Անիկա ճշմարիտ եղաւ Կեդրոնական Ափրիկեան երկրի մը մէջ մեր սիրելի եղբայրներուն եւ քոյրերուն պարագային, որոնք ստիպուած եղան յաճախ փախչիլ իրենց գիւղերէն, նոյնիսկ երկրէն։ Եթէ հարկ ըլլայ, Եհովա կրնայ նոյնիսկ Շէօլ՝ հասարակ գերեզման՝ հասնիլ եւ յարութեան միջոցաւ հաւատարիմները ետ բերել։—Յոբայ 14։13-15. Ղուկաս 20։37, 38
Ան որ Իսկապէս կը Հասկնայ Մեզ
15. (ա) Եհովա կրնայ որքա՞ն կանուխ մեր աճումը նկատել։ (բ) Մեր մասին Աստուծոյ ունեցած գիտութեան չափը ինչպէ՞ս ցոյց տրուած է երիկամունքներու մասին սաղմոսերգուին ակնարկումով։
15 Ներշնչման ներքեւ, սաղմոսերգուն ուշադրութեան կը յանձնէ այն իրողութիւնը թէ Աստուած մեզ գիտէ, նոյնիսկ մեր ծնունդէն առաջ, ըսելով. «Վասնզի դուն ստեղծեցիր իմ երիկամունքներս ու իմ մօրս որովայնին մէջ դո՛ւն զիս ծածկեցիր։ Կը գոհանամ քեզմէ, որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են ու իմ անձս աղէկ գիտէ»։ (Սաղմոս 139։13, 14) Յղութեան ժամանակ, մեր հօրմէն ու մօրմէն եկած սերընդակէտներու [Հ.Լ.Ն.Բ., Բ. Հատոր, էջ 796] միացումը կը կազմէ այն տիպը որ խորապէս կ’ազդէ մեր ֆիզիքական ու մտային կարողութեան։ Աստուած այդ կարողութիւնը կը հասկնայ։ Այս սաղմոսին մէջ յատկապէս կը յիշուին երիկամունքները, որոնք Սուրբ Գրութիւններուն մէջ յաճախ կը գործածուին ներկայացնելու համար անձնաւորութեան ամենէն ներքին երեսակները։a (Սաղմոս 7։9. Երեմեայ 17։10, ՆԱ) Եհովա մեր մասին այս մանրամասնութիւնները մեր ծնելէն առաջ գիտէ։ Նաեւ, ինքն է որ սիրալիր հոգածութեամբ ծրագրեց մարդկային մարմինը, որպէսզի բեղմնաւորուած բջիջը մօր մը արգանդին մէջ պատսպարան մը հայթայթէ, զարգացող սաղմը ‘ծածկել’ու եւ պահպանելու համար։
16. (ա) Սաղմոս 139։15, 16–ը ի՞նչ կերպով ցցուն կ’ընէ Աստուծոյ խորաթափանց տեսողութեան կարողութիւնը։ (բ) Ասիկա ինչո՞ւ քաջալերական պէտք է ըլլայ մեզի։
16 Ապա, Աստուծոյ խորաթափանց տեսողութեան զօրութիւնը շեշտելով, սաղմոսերգուն կ’աւելցնէ. «Իմ գոյութիւնս չծածկուեցաւ քեզմէ, երբ գաղտուկ տեղը շինուեցայ, երկրի խորութիւններուն մէջ [բացայայտօրէն բանաստեղծական ակնարկում մը իր մօր արգանդին, նաեւ Ադամի հողէն ստեղծուած ըլլալուն] ճարտարութեամբ կազմուեցայ։ Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս տեսան ու անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին, որոնք [Մեր Աստուածաշունչի թարգմանութեան մէջ յստակ է թէ ակնարկումը մարմնի «անդամներու»ն է] ժամանակին պիտի կազմուէին, երբ դեռ անոնցմէ մէկը [մարմնին որոշ մէկ անդամը] չկար»։ (Սաղմոս 139։15, 16) Այս մասին բնաւ կասկած չկայ—մեր նմանները մեզ հասկնան կամ ոչ, Եհովա կը հասկնայ մեզ։ Ատիկա ի՞նչ տպաւորութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։
17. Երբ Աստուծոյ գործերուն զարմանալի ըլլալը նկատենք, ասիկա ի՞նչ ընելու կը մղէ մեզ։
17 139–րդ Սաղմոսը գրողը ընդունեց որ Աստուծոյ գործերը որոնց մասին կը գրէր, զարմանալի էին։ Դուք ալ այդպէս կը զգա՞ք։ Զարմանալի բան մը պատճառ կ’ըլլայ որ անհատ մը խորապէս մտածէ, կամ լարուած ուշադրութիւն ընծայէ։ Հաւանաբար այդ կերպով կը հակազդէք Եհովայի ֆիզիքական ստեղծագործութիւնը տեսնելով։ (Բաղդատել Սաղմոս 8։3, 4, 9։) Արդեօք նոյն կերպով կը հակազդէ՞ք Մեսիական Թագաւորութիւնը հաստատելու համար իր ըրած բաներուն, համայն աշխարհի մէջ բարի լուրը քարոզուելու համար իր ըրածներուն եւ մարդոց անձնաւորութիւնները փոխելու մէջ իր Խօսքին ունեցած ազդեցութեան նկատմամբ։—Բաղդատել Ա. Պետրոս 1։10-12։
18. Եթէ Աստուծոյ գործին ահաւոր ըլլալը տեսնենք, անիկա ինչպէ՞ս պիտի ազդէ մեզի։
18 Նմանապէս, երբ Աստուծոյ գործը զննէք, երկիւղ մը կը պատէ՞ ձեզ, ձեր մէջ յառաջացնելով առողջ վախ մը, վախ մը որ զօրաւոր կերպով գործի կը լծէ ձեզ, խոր ազդեցութիւն ունենալով ձեր անձնաւորութեան եւ ձեր կեանքը վարելու կերպին վրայ։ (Բաղդատել Սաղմոս 66։5։) Եթէ այս է պարագան, ձեր սիրտը պիտի մղէ ձեզ որ Եհովան գովաբանէք եւ առիթներ ստեղծէք որ անոր նպատակին եւ զինք սիրողներուն վերապահած սքանչելի բաներուն մասին, ուրիշներուն խօսիք։—Սաղմոս 145։1-3
[Ստորանիշ էջ 11]
a Տես Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Բ., էջ 150, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, Անգլերէնով։
Ի՞նչ Կրնաք Ըսել
◻ Երբ կը գիտակցինք որ «Եհովան է Աստուած», ասիկա ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ ուրախութեամբ իրեն ծառայենք։
◻ Այն իրողութիւնը թէ Աստուած գիտէ մեր ամէն ըրածը, ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ մեր կեանքին։
◻ Ինչո՞ւ քաջալերական է գիտնալ թէ մենք երբեք Աստուծոյ տեսողութենէն հեռու չենք։
◻ Աստուած ինչո՞ւ ոեւէ մէկէն աւելի լաւ կը հասկնայ մեզ։
◻ Ասոր նման ուսումնասիրութիւն մը ինչո՞ւ կը մղէ մեզ որ փափաքինք Եհովան գովաբանել։