Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ‘Զարմանալի կերպով ստեղծուած ենք’
    Դիտարան 2007 | Յուլիս 1
    • Մեր անզուգական խելքը

      12. Յատկապէս ի՞նչ բան մարդիկը անասուններէն կը զանազանէ։

      12 «Որչա՜փ պատուական են ինծի քու խորհուրդներդ, ո՛վ Աստուած։ Որչա՜փ մեծ է անոնց թիւը։ Եթէ համրեմ զանոնք՝ աւազէն շատ են»։ (Սաղմոս 139։17, 18ա) Անասուններն ալ զարմանալի կերպով ստեղծուած են, եւ ոմանց ունեցած կարգ մը զգայարանքներն ու կարողութիւնները կը գերազանցեն մարդոց ունեցածը։ Բայց Աստուած մարդուն տուաւ մտային կարողութիւններ, որոնք շատ կը գերազանցեն որեւէ անասունի մտային կարողութիւնները։ Գիտական դասագիրք մը կը նշէ. «Մենք՝ մարդիկս՝ բազմաթիւ կերպերով այլ արարածներու նման ըլլալով հանդերձ, երկրի վրայ եզական ենք՝ լեզուներ խօսելու եւ մտածելու մեր կարողութեամբ։ . . . Նաեւ անզուգական ենք՝ մեր անձին մասին մեր ունեցած խոր հետաքրքրութեամբ. մեր մարմինը ի՞նչ կառոյց ունի։ Ի՞նչպէս կազմուած ենք»։ Դաւիթ ալ այս հարցումներուն մասին խորհրդածեց։

      13. (ա) Դաւիթ ի՞նչպէս կրցաւ Աստուծոյ խորհուրդներուն մասին խոկալ։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք Դաւիթի օրինակին հետեւիլ։

      13 Ամենակարեւորը, անասուններուն հակառակը, մենք օժտուած ենք Աստուծոյ խորհուրդներուն մասին խոկալու կարողութեամբ։c Այս մասնայատուկ պարգեւը այն բաներէն մէկն է, որ ցոյց կու տայ թէ «Աստուծոյ պատկերով» ստեղծուած ենք։ (Ծննդոց 1։27) Դաւիթ այս պարգեւը լաւ կերպով գործածեց։ Ան խոկաց Աստուծոյ գոյութեան ապացոյցներուն եւ բարի յատկութիւններուն վրայ, որոնք ամէնուրեք յայտնի էին։ Դաւիթ նաեւ ունէր Սուրբ Գրութիւններուն առաջին գիրքերը, որոնք կը բովանդակեն Աստուծոյ յայտնութիւնները թէ՛ Իր անձին եւ թէ Իր գործերուն մասին։ Այս ներշնչեալ գրութիւնները Դաւիթի օգնեցին որ Աստուծոյ խորհուրդները, անձնաւորութիւնը եւ նպատակը հասկնայ։ Սուրբ Գրութիւններուն, ստեղծագործութեան եւ իրեն հետ Աստուծոյ գործառնութեանց մասին խորհրդածելը մղեց Դաւիթը որ իր Արարիչը փառաբանէ։

  • ‘Զարմանալի կերպով ստեղծուած ենք’
    Դիտարան 2007 | Յուլիս 1
    • c Սաղմոս 139։18բ–ի մէջ Դաւիթի խօսքերը կրնան նշանակել որ եթէ ան ամբողջ ցերեկը Եհովայի խորհուրդները համրելով անցընէր եւ շարունակէր համրել մինչեւ իր քնանալը, երբ առաւօտուն արթննար՝ տակաւին պէտք էր համրէր։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել