Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 1/1 էջ 12-16
  • ‘Զննէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Զննէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած’
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Որչա՜փ Պատուական Են Աստուծոյ Խորհուրդները
  • Ատենք Ինչ Որ Եհովան կ’Ատէ
  • Երբ Աստուած Մեզ Զննէ
  • Աստուած իրապէս կը ճանչնա՞յ ձեզ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Եհովայի ախորժելի սիրտ մը ձեռք ձգեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Ձեր սիրտը պահպանեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • ‘Զարմանալի կերպով ստեղծուած ենք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 1/1 էջ 12-16

‘Զննէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած’

«Փորձէ՛ [զննէ՛ (ՆԱ)] զիս, ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս։ ... Զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ»։—ՍԱՂՄՈՍ 139։23, 24

1. Եհովա իր ծառաներուն հետ ինչպէ՞ս կը վարուի։

ԲՈԼՈՐՍ ալ կը փափաքինք գործ ունենալ հասկցող մէկու մը հետ, մէկը որ մեր պարագաները նկատի կ’առնէ, մէկը որ կ’օգնէ, երբ սխալինք, մէկը որ մեր կարողութենէն աւելին չի պահանջեր մեզմէ։ Եհովա Աստուած իր ծառաներուն հետ այդ կերպով կը վարուի։ Սաղմոս 103։14–ը կ’ըսէ. «Ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ Իսկ Յիսուս Քրիստոս, որ կատարելապէս կը ցոլացնէ իր Հայրը, սա ջերմ հրաւէրը կու տայ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասնզի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։—Մատթէոս 11։28-30

2. Հակադրեցէք Եհովայի տեսակէտը մարդոց տեսակէտին հետ (ա) Յիսուս Քրիստոսի նկատմամբ, (բ) Քրիստոսի հետեւորդներուն նկատմամբ։

2 Եհովա յաճախ մարդոցմէ բոլորովին տարբեր կերպով կը նկատէ իր ծառաները։ Ան հարցերը կը դիտէ տարբեր տեսանկիւնէ մը եւ կարգ մը ազդակներ նկատի կ’առնէ, որոնց մասին ուրիշներ ոչինչ գիտեն։ Երբ Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ էր, ան «մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ»։ Անոնք որոնք որպէս Մեսիա իրեն հաւատք չընծայեցին, զինք «չյարգեցին»։ (Եսայեայ 53։3. Ղուկաս 23։18-21) Այսուհանդերձ, Աստուծոյ աչքին, ան «[Աստուծոյ] սիրելի Որդի[ն]» էր, որու Հայրը ըսաւ. «Քեզի հաւնեցայ»։ (Ղուկաս 3։22. Ա. Պետրոս 2։4) Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդներուն մէջ անհատներ կան, որոնք արհամարհուած են, քանի որ նիւթապէս աղքատ են ու շատ նեղութիւն կը կրեն։ Սակայն, Եհովայի ու իր Որդւոյն աչքին, այնպիսիները կրնան հարուստ ըլլալ։ (Հռովմայեցիս 8։35-39. Յայտնութիւն 2։9) Ինչո՞ւ տեսակէտներու այս տարբերութիւնը։

3. (ա) Անհատներու նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը ինչո՞ւ յաճախ շատ տարբեր է մարդոց տեսակէտէն։ (բ) Մեզի համար ինչո՞ւ կենսականօրէն կարեւոր է քննել մեր ներքին մարդը։

3 Երեմեայ 11։20–ը [ՆԱ] կը պատասխանէ. «Եհովա ... սիրտն ու երիկամունքները կը քննէ»։ Ան կը տեսնէ մեր ներքինը, նոյնիսկ մեր անձնաւորութեան այն երեսակները, որոնք ծածկուած են ուրիշներու տեսողութենէն։ Երբ քննութիւն կը կատարէ, ան գլխաւոր շեշտը կը դնէ այն յատկութիւններուն եւ վիճակներուն վրայ, որոնք կենսական են իր հետ լաւ յարաբերութիւն մը ունենալու համար եւ որոնց օգուտը տեւական է։ Ասիկա գիտնալը սրտապնդիչ եւ զգաստացուցիչ է։ Քանի որ Եհովա ուշադրութիւն կ’ընծայէ մեր ներքինին, մեզի համար կարեւոր է քննել մեր ներքինը, եթէ կը փափաքինք գտնուիլ այն անհատներուն մէջ, զորս ան կ’ընդունի իր նոր աշխարհին մէջ։ Իր Խօսքը մեզի կ’օգնէ որ այսպիսի քննութիւն մը կատարենք։—Եբրայեցիս 4։12, 13

Որչա՜փ Պատուական Են Աստուծոյ Խորհուրդները

4. (ա) Ի՞նչ բան մղեց որ սաղմոսերգուն յայտարարէ թէ Աստուծոյ խորհուրդները պատուական էին իրեն։ (բ) Անոնք ինչո՞ւ պատուական պէտք է ըլլան մեզի։

4 Իր ծառաներուն մասին Աստուծոյ ունեցած գիտութեան ընդարձակութեան, ինչպէս նաեւ անոնց հարկ ունեցած օգնութիւնը հայթայթելու Աստուծոյ արտակարգ կարգադրութեան մասին խոկալէ ետք, սաղմոսերգու Դաւիթ գրեց. «Որչա՜փ պատուական են ինծի քու խորհուրդներդ, ո՛վ Աստուած»։ (Սաղմոս 139։17ա) Այդ խորհուրդները, որոնք յայտնուած են իր գրաւոր Խօսքին մէջ, շատ աւելի բարձր են քան մարդկային որեւէ խորհուրդ, որքան ալ փայլուն թուին անոնց գաղափարները։ (Եսայեայ 55։8, 9) Աստուծոյ խորհուրդները մեզի կ’օգնեն որ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք կեանքի մէջ իրապէս կարեւոր եղող բաներուն վրայ եւ նախանձախնդիր ըլլանք իր ծառայութեան մէջ։ (Փիլիպպեցիս 1։9-11) Անոնք մեզի ցոյց կու տան որ ի՛նչպէս կրնանք հարցերը դիտել Աստուծոյ դիտած կերպով։ Անոնք մեզի կ’օգնեն որ պարկեշտ ըլլանք մեր անձերուն հետ, մենք մեզ տեսնելով ինչպէս որ ենք մեր սրտին մէջ։ Ասիկա ընելու յօժա՞ր էք։

5. (ա) Աստուծոյ Խօսքը կը յորդորէ մեզ որ ի՞նչ բան պահենք «ամէն զգուշութիւնով»։ (բ) Կայէնի առնչութեամբ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել մեզի։ (գ) Թէեւ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ չենք, սակայն անիկա ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ հասկնանք թէ ի՛նչ բան կը հաճեցնէ Եհովան։

5 Մարդիկ հակում ունին չափազանց կարեւորութիւն տալու արտաքին երեւոյթին, բայց Սուրբ Գրութիւնները մեզ կը խրատեն. «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ»։ (Առակաց 4։23) Աստուածաշունչը հրահանգներ եւ օրինակներ տալով, մեզի կ’օգնէ որ ասիկա ընենք։ Ան մեզի կը պատմէ թէ Կայէն առ ի պարտականութիւն Աստուծոյ զոհեր մատուցանեց, մինչ իր սրտին մէջ իր եղբօրը՝ Աբէլի՝ հանդէպ նախ դժգոհութեամբ, ապա ատելութեամբ կ’եռար։ Ան մեզ կը յորդորէ որ անոր չնմանինք։ (Ծննդոց 4։3-5. Ա. Յովհաննու 3։11, 12) Ան կ’արձանագրէ Մովսիսական Օրէնքի հնազանդութեան պահանջը։ Սակայն նաեւ կը շեշտէ թէ Օրէնքի մեծագոյն պահանջն էր, որ Եհովան պաշտողները զինք սիրէին իրենց բոլոր սրտով, մտքով, անձով եւ զօրութեամբ. եւ կը նշէ թէ կարեւորութեամբ երկրորդ կարգին կու գար իրենց ընկերը իրենց անձին պէս սիրելու պատուէրը։—Բ. Օրինաց 5։32, 33. Մարկոս 12։28-31

6. Առակաց 3։1–ը կիրարկելով, մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է ընենք։

6 Առակաց 3։1–ը մեզ կը յորդորէ ոչ միայն Աստուծոյ պատուէրները պահել, այլ վստահ ըլլալ որ այդ հնազանդութիւնը, իրապէս մեր սրտին ցոլքն է։ Անհատապէս կարիքը ունինք մենք մեզի հարց տալու. ‘Աստուծոյ պահանջներուն այսպէս կը հնազանդի՞մ’։ Եթէ անդրադառնանք որ կարգ մը հարցերու մէջ մեր շարժառիթը կամ մտածմունքը պէտք եղածին պէս չէ—եւ մեզմէ ոչ մէկը կրնայ ըսել թէ ինք անթերի է—այն ատեն պէտք է հարցնենք. ‘Ի՞նչ կ’ընեմ վիճակս բարելաւելու համար’։—Առակաց 20։9. Ա. Յովհաննու 1։8

7. (ա) Մատթէոս 15։3-9–ին մէջ, Յիսուսի կողմէ Փիսեցիներուն քօղազերծ ըլլալը ինչպէ՞ս կրնայ մեր սիրտը պահպանելուն նպաստել։ (բ) Ի՞նչ պարագաներ կրնան մեզմէ պահանջել որ շատ մեծ քայլեր առնենք մեր միտքն ու սիրտը կրթելու համար։

7 Երբ Հրեայ Փարիսեցիները կը ձեւացնէին Աստուած պատուել, մինչ խորամանկօրէն անձնական շահու վրայ հիմնուած սովորութիւն մը կը քաջալերէին, Յիսուս զիրենք դատապարտեց որպէս կեղծաւորներ եւ ցոյց տուաւ թէ իրենց պաշտամունքը անարժէք էր։ (Մատթէոս 15։3-9) Յիսուս նաեւ մեզ զգուշացուց որ Աստուած հաճեցնելու համար չի բաւեր երեւութապէս բարոյական կեանք մը վարել, մինչ անդադար անբարոյ խորհուրդներու մէջ ըլլալ, կրքոտ հաճոյք վայելելու համար, քանի որ Ան կը տեսնէ մեր սրտերը։ Թերեւս մեր միտքն ու սիրտը կրթելու համար, շատ մեծ քայլեր պէտք է առնենք։ (Առակաց 23։12. Մատթէոս 5։27-29) Այսպիսի կրթութեան պէտք ունինք նաեւ, եթէ մեր աշխարհային գործին բերմամբ, ուսման նկատմամբ մեր նպատակակէտերուն, կամ զբօսանքի մեր ընտրութեան մէջ, սկսած ենք աշխարհը ընդօրինակել, թոյլ տալով որ անիկա իր չափանիշներով մեզ կաղապարէ։ Բնա՛ւ չմոռնանք որ Յակոբոս աշակերտ «շնա՛ցողներ» կ’որակէ անոնք որոնք կը դաւանին Աստուծոյ պատկանիլ, բայց կ’ուզեն աշխարհի բարեկամներ ըլլալ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է»։—Յակոբու 4։4. Ա. Յովհաննու 2։15-17. 5։19

8. Որպէսզի լիովին օգտուինք Աստուծոյ պատուական խորհուրդներէն, ի՞նչ ընելու կարիքը ունինք։

8 Այս եւ ուրիշ հարցերու մէջ Աստուծոյ խորհուրդներէն լիովին օգտուելու համար, ժամանակ պէտք է յատկացնենք զանոնք կարդալու կամ անոնց մտիկ ընելու։ Ասկէ աւելի, զանոնք պէտք է ուսումնասիրենք, անոնց մասին խօսինք եւ անոնց վրայ խոկանք։ Դիտարանի ընթերցողներէն շատեր Եհովայի Վկաներու ժողովքային հանդիպումներուն կանոնաւորաբար ներկայ կը գտնուին, ուր Աստուածաշունչը կը քննարկուի։ Ասիկա ընելու համար անոնք ուրիշ զբաղումներէ ժամանակը ծախու կ’առնեն։ (Եփեսացիս 5։15-17) Իսկ փոխարէն ինչ որ կը ստանան, շա՛տ աւելի արժէքաւոր է քան նիւթական հարստութիւնը։ Այդպէս չէ՞ք զգար։

9. Քրիստոնէական ժողովներուն յաճախողներէն ոմանք ինչո՞ւ ուրիշներէն աւելի արագօրէն կը յառաջդիմեն։

9 Սակայն, այս ժողովներուն յաճախողներէն ոմանք աւելի արագ հոգեւոր յառաջդիմութիւն կ’արձանագրեն, քան՝ ուրիշներ։ Անոնք ճշմարտութիւնը աւելի լման կերպով կը կիրարկեն իրենց կեանքին մէջ։ Ասիկա ի՞նչ բանի հետեւանքն է։ Շատ անգամ, անձնական ուսումնասիրութեան մէջ ջանադրութիւնն է գլխաւոր ազդակը։ Անոնք կը գնահատեն որ միայն հացով չենք ապրիր. ամէն օր հոգեւոր սնունդ ստանալը նոյնքան կարեւոր է, որքան ֆիզիքապէս կանոնաւորաբար կերակրուիլը։ (Մատթէոս 4։4. Եբրայեցիս 5։14) Ուստի, անոնք կը ջանան ամէն օր որոշ ժամանակ մը յատկացնել, Աստուածաշունչը կամ զայն բացատրող գրականութիւններ կարդալու համար։ Անոնք ժողովները կը պատրասեն, նախապէս նիւթերը ուսումնասիրելով եւ համարները բանալով։ Անոնք միայն նիւթը կարդալով չեն բաւականանար. անոր վրայ կը խոկան։ Ուսումնասիրութեան ընթացքին, լրջօրէն կը մտածեն թէ իրենց սորվածը ինչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ իրենց կեանքին վրայ։ Մինչ անոնց հոգեւորականութիւնը կ’աճի, անոնք կը սկսին զգալ սաղմոսերգուին նման, որ գրեց. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ ... Քու վկայութիւններդ զարմանալի են»։—Սաղմոս 1։1-3. 119։97, 129

10. (ա) Աստուծոյ Խօսքը որքա՞ն ժամանակ պէտք է շարունակենք ուսումնասիրել, անկէ օգտուելու համար։ (բ) Սուրբ Գրութիւնները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան ասիկա։

10 Եթէ Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսումնասիրենք մէկ տարիէ, 5 տարիէ կամ 50 տարիէ ի վեր, ան երբեք կրկնութիւն մը չըլլար, երբ Աստուծոյ խորհուրդները պատուական են մեզի համար։ Մեզմէ ոեւէ մէկը որքան ալ սորված ըլլայ Սուրբ Գրութիւններէն, դեռ շատ բան կայ որ չենք գիտեր։ «Որչա՜փ մեծ է անոնց թիւը», ըսաւ Դաւիթ։ «Եթէ համրեմ զանոնք՝ աւազէն շատ են»։ Աստուծոյ խորհուրդները մեր համրելու կարողութենէն վեր են։ Եթէ Աստուծոյ խորհուրդները թուելու ըլլանք ամբողջ օրուան տեւողութեան եւ մինչ այդ քունի անցնինք, առաւօտուն երբ զարթնինք, տակաւին մտածելիք շա՜տ բան կ’ունենանք։ Ուստի, Դաւիթ գրեց. «Երբ արթննամ՝ դեռ քեզի հետ եմ»։ (Սաղմոս 139։17, 18) Ամբողջ յաւիտենականութեան ընթացքին Եհովայի ու իր ճամբաներուն մասին տակաւին շա՜տ բան պիտի սորվինք։ Այս մարզին մէջ ամէն բան գիտնալու աստիճանին երբեք պիտի չհասնինք։—Հռովմայեցիս 11։33

Ատենք Ինչ Որ Եհովան կ’Ատէ

11. Ինչո՞ւ կարեւոր է ոչ միայն Աստուծոյ խորհուրդները գիտնալ, այլ նաեւ իր զգացումները բաժնել։

11 Աստուծոյ Խօսքը չենք ուսումնասիրեր պարզապէս մեր գլուխը իրողութիւններով լեցնելու նպատակով։ Երբ թոյլ տանք որ ան մեր սրտին թափանցէ, կը սկսինք Աստուծոյ զգացումները բաժնել։ Ասիկա որքա՜ն կարեւոր է։ Եթէ այսպիսի զգացումներ չզարգացնենք, արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Կրկնելով հանդերձ ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, կրնանք արգիլուած բանը փափաքելի, կամ մեզմէ պահանջուածը բեռ մը նկատել։ Ճիշդ է որ նոյնիսկ երբ ատենք ինչ որ սխալ է, կրնանք պայքար մղել, մարդկային անկատարութեան պատճառաւ։ (Հռովմայեցիս 7։15) Բայց եթէ ճիգ չթափենք, որպէսզի մեր ներքին անձը ներդաշնակեցնենք շիտակ եղածին հետ, կրնա՞նք ակնկալել «սրտերը փորձող» Եհովան հաճեցնել։—Առակաց 17։3

12. Աստուածային սէրը եւ աստուածային ատելութիւնը որքա՞ն կարեւոր են։

12 Աստուածային ատելութիւնը զօրեղ պաշտպանութիւն մըն է յանցագործութեան դէմ, ինչպէս որ աստուածային սէրը հաճոյք կը դարձնէ շիտակը ընելը։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Սուրբ Գրութիւնները կրկին անգամ կը յորդորեն մեզ որ մշակենք թէ՛ սէրը եւ թէ ատելութիւնը։ «Ո՛վ Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէ՛ք»։ (Սաղմոս 97։10) «Չարէն զզուելով, բարիին յարելով»։ (Հռովմայեցիս 12։9) Ասիկա կ’ընե՞նք։

13. (ա) Ամբարիշտին կործանման առնչութեամբ Դաւիթի ո՞ր աղօթքին հետ ամբողջովին համաձայն ենք։ (բ) Ինչպէս որ Դաւիթի աղօթքին մէջ ցոյց տրուած է, որո՞նք էին այն ամբարիշտները որոնց կործանման համար ան Աստուծոյ աղօթեց։

13 Եհովա յստակօրէն յայտնած է իր նպատակը, ամբարիշտները երկրէն արմատախիլ ընելու եւ նոր երկիր մը հաստատելու, որու մէջ արդարութիւն կը բնակի։ (Սաղմոս 37։10, 11. Բ. Պետրոս 3։13) Արդարութիւն սիրողները կը տենչան այդ ժամանակին։ Անոնք ամբողջովին համաձայն են սաղմոսերգու Դաւիթին հետ, որ աղօթեց. «Իրաւցընէ ամբարիշտը պիտի սպաննես, ո՛վ Աստուած. ուրեմն ո՛վ արիւնահեղ մարդիկ, հեռացէ՛ք ինծմէ։ Անոնք քեզի դէմ նենգութեամբ կը խօսին եւ քու թշնամիներդ քու անունդ պարապ տեղ կ’առնեն»։ (Սաղմոս 139։19, 20) Դաւիթ անձամբ չէր տենչար այդպիսի ամբարիշտներ սպաննել։ Ան աղօթեց որ հատուցումը Եհովայի ձեռքով գար։ (Բ. Օրինաց 32։35. Եբրայեցիս 10։30) Ասոնք այն անհատները չէին, որոնք կերպով մը ուղղակի վշտացուցած էին Դաւիթը։ Անոնք Աստուած սխալ ներկայացնողներն էին, անոր անունը պարապ տեղ առնելով։ (Ելից 20։7) Անպարկեշտօրէն, անոնք կը դաւանէին իրեն ծառայել, բայց իր անունը կը գործածէին իրենց ծրագիրները յառաջացնելու համար։ Դաւիթ սէր չունէր անոնց հանդէպ, որոնք կ’ընտրէին Աստուծոյ թշնամիներ ըլլալ։

14. Կա՞ն ամբարիշտներ որոնց կարելի է օգնել։ Եթէ այո, ինչպէ՞ս։

14 Միլիառաւոր մարդիկ կան որոնք Եհովան չեն ճանչնար։ Անոնցմէ շատեր տգիտութեամբ կ’ընեն ինչ որ Աստուծոյ Խօսքը չար կ’որակէ։ Եթէ անոնք յարատեւեն այս ընթացքին մէջ, մեծ նեղութեան ընթացքին բնաջնջուողներուն մէջ պիտի ըլլան։ Այսուհանդերձ, Եհովայի հաճոյք չի պատճառեր ամբարիշտին մեռնիլը, նոյնը պէտք է ըլլայ մեր զգացումը։ (Եզեկիէլ 33։11) Ժամանակին ներած չափով, կը ջանանք այսպիսի անհատներու օգնել որ Եհովայի ճամբաները սորվին ու անոնցմով ապրին։ Բայց ի՞նչ ընենք եթէ կարգ մը անհատներ բուռն ատելութիւն ցուցաբերեն Եհովայի հանդէպ։

15. (ա) Որո՞նք էին այն անհատները զորոնք սաղմոսերգուն «թշնամի»ներ կը նկատէր։ (բ) Ներկայիս ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ Եհովայի դէմ ըմբոստացողները ‘կ’ատենք’։

15 Անոնց նկատմամբ, սաղմոսերգուն ըսաւ. «Քեզ ատողները չե՞մ ատեր, ո՛վ Տէր ու քեզի դէմ ելլողներէն չե՞մ զզուիր։ Զանոնք կատարեալ ատելութեամբ կ’ատեմ եւ ինծի թշնամի կը համարեմ»։ (Սաղմոս 139։21, 22) Դաւիթ կը գարշէր անոնցմէ, քանի որ անոնք բուռն կերպով Եհովան կ’ատէին։ Հաւատուրացները պարփակուած են անոնց մէջ, որոնք Եհովայի հանդէպ իրենց ատելութիւնը կը ցուցաբերեն իրեն դէմ ելլելով։ Հաւատուրացութիւնը, իրականութեան մէջ, Եհովայի դէմ ապստամբութիւն մըն է։ Կարգ մը հաւատուրացներ կը դաւանին Աստուած ճանչնալ եւ անոր ծառայել, բայց անոնք կը մերժեն իր Խօսքին մէջ արձանագրուած ուսուցումները կամ պահանջները։ Ուրիշներ կը դաւանին Աստուածաշունչին հաւատալ, բայց կը մերժեն Եհովայի կազմակերպութիւնը եւ ամէն կերպով կը փորձեն անոր գործը խափանել։ Երբ անոնք շիտակը գիտնալէ ետք ընտրեն կամովին չարութիւն ընել, երբ չարութիւնը այնքան արմատացած ըլլայ իրենց մէջ որ իրենց նկարագրին անբաժան մէկ մասը դառնայ, այն ատեն Քրիստոնեայ մը պէտք է ատէ (բառին սուրբ գրային իմաստով) անոնք որոնք անբաժանօրէն չարութեան կառչած են։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները Եհովայի զգացումները կը բաժնեն այսպիսի հաւատուրացներու հանդէպ. հաւատուրաց գաղափարները զիրենք չեն հետաքրքրեր։ Ճիշդ հակառակը, անոնք ‘կը զզուին’ անոնցմէ, որոնք իրենք զիրենք Աստուծոյ թշնամիներ ըրած են, բայց վրէժխնդրութեան գործադրութիւնը Եհովայի կը ձգեն։—Յոբայ 13։16, ՆԱ. Հռովմայեցիս 12։19. Բ. Յովհաննու 9, 10

Երբ Աստուած Մեզ Զննէ

16. (ա) Դաւիթ ինչո՞ւ ուզեց որ Եհովա զինք զննէ։ (բ) Աստուծմէ պէտք է խնդրենք որ մեզի օգնէ մեր սրտին առնչութեամբ ի՞նչ բան զատորոշելու։

16 Դաւիթ չէր ուզեր որեւէ կերպով ամբարիշտին նմանիլ։ Շատեր կը փորձեն ծածկել իրենց ներքին անձնաւորութիւնը, բայց Դաւիթ խոնարհաբար աղօթեց. «Փորձէ՛ [զննէ] զիս, ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս. զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ [խռովեցուցիչ] մտածումներս եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար [վշտալի] ճամբու մէ՞ջ եմ եւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ»։ (Սաղմոս 139։23, 24, ՆԱ) Երբ իր սրտին մասին կը խօսէր, Դաւիթ ֆիզիքական անդամի մը չէր ակնարկեր։ Այդ արտայայտութեան այլաբանական իմաստին համաձայն, ան կ’ակնարկէր իր ներքին անձնաւորութեան, ներսի մարդուն։ Մենք ալ պէտք է ուզենք որ Աստուած մեր սիրտը զննէ ու տեսնէ թէ արդեօք անպատշաճ որեւէ ցանկութիւն, մոլութիւն, զգացում, նպատակակէտ, խորհուրդ կամ շարժառիթ ունի՞նք։ (Սաղմոս 26։2) Եհովա մեզի հետեւեալ հրաւէրը կու տայ. «Որդեա՛կ իմ, քու սիրտդ ինծի՛ տուր եւ քու աչքերդ թող իմ ճամբաներս դիտեն»։—Առակաց 23։26

17. (ա) Խռովիչ մտածումները փոխանակ ծածկելու, ի՞նչ պէտք է ընենք։ (բ) Մեր սրտին մէջ սխալ հակումներ գտնելը պէ՞տք է զարմացնէ մեզ, եւ անոնց նկատմամբ ի՞նչ պէտք է ընենք։

17 Եթէ սխալ ցանկութիւններու, կամ սխալ շարժառիթներու, կամ մեր կողմէ եղած սխալ վարքի մը պատճառաւ մեր մէջ պահուած որեւէ վշտալի կամ խռովեցուցիչ մտածում մը կայ, այն ատեն վստահաբար պիտի ուզենք որ Եհովա օգնէ մեզի որ հարցը շտկենք։ ‘Վշտալի ճամբայ’ արտայայտութեան փոխարէն, Մոֆաթի [Դիտ. 3/1/93 էջ 5] թարգմանութիւնը կը գործածէ «սխալ ընթացք մը». իսկ The New English Bible կ’ըսէ. «Քեզ [այսինքն՝ Աստուած] վշտացնող որեւէ շաւիղ»։ Թերեւս յստակօրէն չհասկնանք մեր խռովիչ մտածումները, հետեւաբար չգիտնանք ինչպէ՛ս մեր խնդիրը Աստուծոյ արտայայտել, բայց ան կը հասկնայ մեր պարագան։ (Հռովմայեցիս 8։26, 27) Պէտք չէ զարմանանք երբ չար հակումներ ըլլան մեր սրտին մէջ. այսուհանդերձ, պէտք չէ զանոնք չքմեղացնենք։ (Ծննդոց 8։21) Աստուծոյ օգնութիւնը պէտք է փնտռենք զանոնք արմատախիլ ընելու համար։ Եթէ իսկապէս կը սիրենք Եհովան ու իր ճամբաները, կրնանք իրեն մօտենալ այսպիսի օգնութեան մը համար, վստահ ըլլալով թէ «Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ»։—Ա. Յովհաննու 3։19-21

18. (ա) Եհովա ինչպէ՞ս կ’առաջնորդէ մեզ յաւիտենական ճամբուն մէջ։ (բ) Եթէ շարունակենք Եհովայի ուղղութեան հետեւիլ, ի՞նչ ջերմ գովասանքի կրնանք արժանանալ։

18 Յաւիտենական ճամբուն մէջ առաջնորդուելու սաղմոսերգուին աղօթքին հետ համաձայն, Եհովա արդարեւ կ’առաջնորդէ իր խոնարհ, հնազանդ ծառաները։ Ան զիրենք կ’առաջնորդէ ոչ միայն այն շաւիղին մէջ որ կրնայ երկար կեանք նշանակել՝ չարագործութեան մը համար կանխահասօրէն չկտրուելով՝ այլ, այն ճամբուն մէջ որ յաւիտենական կեանքի կը տանի։ Ան մեր մտքին վրայ կը դրոշմէ թէ պէտք ունինք Յիսուսի զոհագործութեան մեղք քաւող արժէքին։ Իր Խօսքին ու կազմակերպութեան միջոցաւ, ան մեզի կենսական հրահանգներ կը հայթայթէ, որպէսզի կարենանք իր կամքը կատարել։ Ան մեր ուշադրութեան կը յանձնէ իր օգնութեան ընդառաջելու կարեւորութիւնը, որպէսզի ներքնապէս ըլլանք ա՛յն անձը որ կը դաւանինք ըլլալ արտաքնապէս։ (Սաղմոս 86։11) Ան մեզ կը քաջալերէ, արդար նոր աշխարհի մը մէջ կատարեալ առողջութիւն ունենալու, ինչպէս նաեւ, յաւիտեան իրեն՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ ծառայելու, հեռանկարով։ Եթէ շարունակենք հաւատարմօրէն ընդառաջել իր առաջնորդութեան, ան ինչ որ իր Որդւոյն ըսաւ, արդարեւ մեզի ալ պիտի ընէ. «Քեզի հաւնեցայ»։—Ղուկաս 3։22. Յովհաննու 6։27. Յակոբու 1։12

Ի՞նչ Կրնաք Ըսել

◻ Իր ծառաներուն նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը ինչո՞ւ յաճախ տարբեր է մարդոց տեսակէտէն։

◻ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որոշելու թէ Աստուած ի՛նչ կը տեսնէ, երբ ան մեր սիրտը կը զննէ։

◻ Ինչպի՞սի ուսումնասիրութիւն մը կ’օգնէ մեզի որ իրողութիւններ սորվինք ու մեր սիրտը պահպանենք։

◻ Ինչո՞ւ կարեւոր է ոչ միայն Աստուծոյ ըսածը գիտնալ, այլ նաեւ իր զգացումները բաժնել։

◻ Ինչո՞ւ անձամբ պէտք է աղօթենք. ‘Զննէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս’։

[Նկար՝ էջ 15]

Երբ կ’ուսումնասիրէք, ջանացէք Աստուծոյ Խորհուրդներն ու զգացումները իւրացնել

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել