Ի՞նչ բան առաջնակարգ տեղը կը գրաւէ ձեր կեանքին մէջ
«Իմ երթալու ճամբաս ինծի ցուցուր»։—ՍԱՂՄՈՍ 143։8
1. Սողոմոն Թագաւոր մարդկային հետապնդումներուն եւ իրագործումներուն նկատմամբ ի՞նչ եզրակացութեան եկաւ։
ՈԵՒԷ մէկու նման, հաւանաբար դուք ալ գիտէք որ կեանքը գործունէութիւններով եւ մտահոգութիւններով լեցուն է։ Երբ մտածէք այս բաներու մասին, կրնաք անոնցմէ ոմանք կենսական համարել։ Ուրիշ գործունէութիւններ եւ մտահոգութիւններ անոնցմէ նուազ կարեւոր, կամ նոյնիսկ՝ ունայն են։ Երբ ասոր անդրադառնաք, այդ պարագային պատմութեան ամենէն իմաստուն մարդուն՝ Սողոմոն Թագաւորին՝ հետ համակարծիք եղած կ’ըլլաք։ Կեանքի գործունէութիւնները լրիւ վերաքննելէ ետք, ան եզրակացուց. «Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։ (Ժողովողի 2։4–9, 11. 12։13) Ներկայիս ասիկա ի՞նչ իմաստ կը կրէ մեզի համար։
2. Աստուածավախ անհատներ ի՞նչ հիմնական հարցումներ պէտք է հարցնեն իրենք իրենց, յարակից ո՞ր հարցումներուն առաջնորդելով զիրենք։
2 Եթէ կ’ուզէք ‘Աստուծմէ վախնալ ու անոր պատուիրանքները պահել’, դժուարութեան մատնող հետեւեալ հարցումը դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Ի՞նչ բան առաջնակարգ տեղը կը գրաւէ իմ կեանքիս մէջ’։ Ճիշդ է որ այդ հարցումին մասին ամէն օր չէք կրնար խորհիլ, բայց ինչո՞ւ զայն նկատի չառնէք այսօր։ Իրականութեան մէջ, այդ հարցումը յարակից հարցեր ալ կը յարուցանէ, ինչպէս՝ ‘Կրնա՞յ ըլլալ որ անտեղի կարեւորութիւն կու տամ գործիս կամ արհեստիս, եւ կամ՝ նիւթական բաներու։ Ինծի համար որքա՞ն կարեւորութիւն ունին տունս, ընտանիքս եւ սիրելիներս’։ Պատանի մը կրնայ հարց տալ. ‘Ուսումը ո՞րքանով իմ ուշադրութիւնս եւ ժամանակս կը խլէ։ Արդեօք նախասիրութիւն մը, մարզանքը, որեւէ ժամանց կամ արուեստագիտութի՞ւնն է իմ գլխաւոր հետաքրքրութիւնս’։ Իսկ առանց նկատի ունենալու մեր տարիքը կամ դիրքը, տեղին ըլլալով պէտք է հարց տանք. ‘Աստուծոյ ծառայութիւնը ի՞նչ տեղ կը գրաւէ կեանքիս մէջ’։ Շատ հաւանաբար, մեր նախասիրութիւնները վերստուգելու կարիքը տեսնենք։ Սակայն զանոնք իմաստուն կերպով դասելու համար ի՞նչպէս եւ ուրկէ՞ կրնանք օգնութիւն ստանալ։
3. Քրիստոնեաներուն համար ի՞նչ կը նշանակէ նախասիրութիւններ դնել։
3 «Առաջնակարգ» բառին հիմնական իմաստն է, բան մը որ մնացեալ բոլոր բաներէն առաջ կու գայ, կամ՝ կարիքներ, որոնց նախ ուշադրութիւն պէտք է տանք։ Ըլլաք Եհովայի Վկայ մը կամ անոնց հետ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրող միլիոնաւոր անկեղծ աշակերտներէն մէկը, հետեւեալ ճշմարտութիւնը նկատի առէք. «Ամէն բանի ատենը կայ ու երկնքի տակ եղող ամէն գործի՝ ժամանակը»։ (Ժողովողի 3։1) Իրաւացիօրէն, ընտանեկան յարաբերութեանց հանդէպ սիրալիր հետաքրքրութիւն ցոյց տալն ալ ներփակուած է ասոր մէջ։ (Կողոսացիս 3։18–21) Ասիկա կը նշանակէ աշխարհային գործ մը ունենալով ձեր ընտանիքին կարիքները պատուաբերօրէն հոգալ։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10–12. Ա. Տիմոթէոս 5։8) Իսկ կենսաձեւի փոփոխութեան համար, կրնաք ժամանակ տրամադրել ձեր մէկ նախասիրութեան, պատահական ժամանցի կամ զբօսանքի համար։ (Բաղդատել Մարկոս 6։31։) Սակայն, երբ լրջօրէն մտածենք, չե՞նք նկատեր որ ասոնցմէ ո՛չ մէկը կարեւորագոյն բանն է կեանքի մէջ։ Ուրիշ շա՛տ աւելի կարեւոր բան մը կայ։
4. Փիլիպպեցիս 1։9, 10–ն նախասիրութիւններ որոշելու հետ ի՞նչ կապ ունի։
4 Հաւանաբար կը գիտակցիք որ Աստուածաշունչի ուղղութիւն տուող սկզբունքները թանկարժէք օգնութիւններ են նախապատուութիւնները դասելու եւ իմաստուն որոշումներ կայացնելու մէջ։ Օրինակ, Փիլիպպեցիս 1։9, 10–ի մէջ, Քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած է որ ‘հետզհետէ աւելի շատնան գիտութիւնով ու իմաստութիւնով’։ Ի՞նչ նպատակով։ Պօղոս առաքեալ աւելցուց. «Որպէս զի դուք լաւ [«աւելի կարեւոր», ՆԱ] բաները ընտրէք»։ Ասիկա իմաստալից չէ՞ք գտներ։ Ներատես Քրիստոնեայ մը ճշգրիտ գիտութեան հիման վրայ կրնայ որոշել թէ կեանքի մէջ ի՛նչ բան պէտք է ըլլայ իր առաջին շահագրգռութիւնը՝ առաջնակարգ բանը։
Առաջնակարգ Բանին Ի՛նչ Ըլլալը Օրինակով մը Ցոյց Տրուած
5. Քրիստոնեաներուն համար ձգուած տիպարը նկարագրելով, Աստուածաշունչի համաձայն Յիսուսի կեանքին մէջ ի՞նչ էր առաջնակարգ բանը։
5 Պետրոս առաքեալի խօսքերուն մէջ գիտութեան անգին երեսակ մը կը գտնենք. «Դուք այս բանին համար կանչուեցաք, վասն զի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք»։ (Ա. Պետրոս 2։21) Այո, կեանքի մէջ կարեւորագոյն բանը ինչ ըլլալուն մասին մեկնակէտեր ունենալու համար, կրնանք քննել թէ Յիսուս Քրիստոս ի՛նչ սորվեցուց այդ մասին։ Սաղմոս 40։8–ն իր մասին մարգարէաբար ըսաւ. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։ Ահաւասիկ թէ ան ինչպէս նոյն միտքը արտայայտեց. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ»։—Յովհաննու 4։34. Եբրայեցիս 12։2
6. Յիսուսի նման, Աստուծոյ կամքին գործադրութիւնը առաջին տեղը դնելով ի՞նչ արդիւնքներ ձեռք կը ձգենք։
6 Նկատի առէք յիշուած բանալին. Աստուծոյ կամքը ընել։ Յիսուսի օրինակը կ’ընդգծէ թէ աշակերտներուն համար իրապէս ի՛նչ պէտք էր ըլլար առաջնակարգ բանը իրենց կեանքին մէջ, քանի որ ան ըսաւ որ «ամէն կատարելապէս վարժուածը իր վարդապետին պէս կրնայ ըլլալ»։ (Ղուկաս 6։40) Իսկ Յիսուս իր Հօրը կողմէ գծուած ճամբուն մէջ քալելով, ցոյց տուաւ որ մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ կամքը առաջնակարգ տեղը դնելուն մէջ «լեցուն ուրախութիւն կայ»։ (Սաղմոս 16։11. Գործք 2։28) Կ’ըմբռնէ՞ք անոր միտքը։ Երբ Յիսուսի հետեւորդները ընտրէին Աստուծոյ կամքը կատարելը իրենց կեանքին առաջնակարգ բանը ընել, «լեցուն ուրախութիւն» եւ իրական կեանք պիտի վայելէին։ (Ա. Տիմոթէոս 6։19) Ուստի, մէկէ աւելի պատճառներ ունինք որ մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ կամքի գործադրութեան նախապատուութիւն տանք։
7, 8. Յիսուս ի՞նչ փորձութիւններ դիմակալեց եւ ասկէ ի՛նչ կը սորվինք։
7 Աստուծոյ կամքը կատարելու համար ինքզինք ներկայացնելը խորհրդանշելէ ճիշդ ետք, Բանսարկուն ջանաց զինք մոլորեցնել։ Ինչպէ՞ս։ Երեք մարզերու մէջ զինք փորձելով։ Ամէն անգամին Յիսուս սուրբ գրային պատասխան մը տուաւ՝ առանց վարանելու։ (Մատթէոս 4։1–10) Բայց ուրիշ փորձութիւններ կը սպասէին իրեն. հալածանք, ծաղրանք, Յուդայի կողմէ մատնութիւն, սուտ ամբաստանութիւններ եւ ապա տանջանքի ցիցի մը վրայ՝ մահ։ Այս փորձութիւններէն ո՛չ մէկը Աստուծոյ հաւատարիմ Որդին շեղել տուաւ իր ճամբէն։ Տագնապալի մէկ պահուն, Յիսուս աղօթեց. «Ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես։ . . . Թող քու կամքդ ըլլայ»։ (Մատթէոս 26։39, 42) Մեզի ձգուած օրինակին այս երեսակը պէտք չէ՞ ազդէ իւրաքանչիւրիս, պատճառ դառնալով որ ‘ստէպ աղօթքի կենանք’։—Հռովմայեցիս 12։12
8 Այո, աստուածային առաջնորդութիւնը մասնաւորաբար օգտակար է կեանքի մէջ, երբ մեր նախասիրութիւնները կը դասենք՝ մանաւանդ երբ ճշմարտութեան թշնամիներ եւ Աստուծոյ կամքին հակառակորդներ կը դիմակալենք։ Յիշեցէք առաջնորդութեան համար հաւատարիմ Դաւիթ Թագաւորի պաղատանքը, երբ թշնամիներուն կողմէ հակառակութիւն կը կրէր։ Ասիկա պիտի տեսնենք, մինչ 143–րդ Սաղմոսէն մաս մը նկատի կ’առնենք։ Ասիկա մեզի պէտք է օգնէ ըմբռնելու թէ Եհովայի հետ մեր անձնական յարաբերութիւնը ինչպէ՛ս կրնանք ամրապնդել եւ Աստուծոյ կամքին գործադրութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջնահերթ տեղը դնելու համար՝ զօրանալ։
Եհովա Մեր Աղօթքները կը Լսէ ու կը Պատասխանէ
9. (ա) Թէեւ Դաւիթ մեղաւոր մըն էր, բայց իր խօսքերը եւ արարքները ի՞նչ ցոյց կու տան։ (բ) Շիտակը ընելու մէջ ինչո՞ւ պէտք չէ թուլնանք։
9 Մեղաւոր մահկանացու մը ըլլալով, Դաւիթ կը հաւատար որ Եհովա ականջ պիտի տար իր աղաչանքին։ Ան խոնարհաբար պաղատեցաւ. «Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս, ակա՛նջ դիր իմ աղաչանքիս, պատասխան տուր ինծի քու ճշմարտութիւնովդ ու քու արդարութիւնովդ։ Քու ծառայիդ հետ դատաստանի մի՛ մտներ, վասն զի բնաւ կենդանի մը պիտի չարդարանայ քու առջեւդ»։ (Սաղմոս 143։1, 2) Դաւիթ կը գիտակցէր իր անկատարութեան, բայց իր սիրտը կատարեալ էր Աստուծոյ հանդէպ։ Անոր համար վստահ էր որ արդարութեամբ պատասխան պիտի ստանար։ Ասիկա քաջալերական չէ՞ մեզի համար։ Նոյնիսկ երբ Աստուծոյ արդարութենէն թերանանք, կրնանք վստահ ըլլալ որ ինք կը լսէ մեզի, եթէ մեր սրտերը կատարեալ են իրեն հանդէպ։ (Ժողովողի 7։20. Ա. Յովհաննու 5։14) Մինչ աղօթքի մէջ կը յարատեւենք, այս չար օրերուն մէջ մեր մտադրութիւնը պէտք է ըլլայ ‘բարիով յաղթել չարին’։—Հռովմայեցիս 12։20, 21. Յակոբու 4։7
10. Դաւիթ ինչո՞ւ վրդովեցուցիչ պահեր ունեցաւ։
10 Դաւիթ թշնամիներ ունէր. մենք ալ ունինք։ Ան վրդովեցուցիչ պահեր անցուց. պատճառը՝ կա՛մ Սաւուղէ հալածուած ըլլալով, որպէս փախստական ստիպուած եղաւ միայնակ, անհասանելի տեղեր փնտռել, կա՛մ որպէս թագաւոր իր թշնամիներէն կրած տառապանքն էր։ Ան կը նկարագրէ ասոր ունեցած ազդեցութիւնը իր վրայ. «Թշնամին իմ անձս հալածեց, . . . մութը նստեցուց։ Իմ հոգիս ներսիդիս մարեցաւ, իմ սիրտս ներսիդիս խռովեցաւ»։ (Սաղմոս 143։3, 4) Դուք ալ նոյնպէս զգալու պատճառներ ունեցա՞ծ էք։
11. Աստուծոյ արդի ծառաներէն ոմանք ալ ի՞նչպէս վրդովեցուցիչ պահեր ունեցած են։
11 Թշնամական ճնշում, տնտեսական խիստ դժուարութիւններու պատճառած փորձութիւններ, լուրջ հիւանդութիւն, կամ ուրիշ մտահոգիչ խնդիրներ պատճառ եղած են որ Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք զգան որ ա՛լ չեն կրնար տանիլ։ Երբեմն անոնց հոգին ալ խռոված է։ Որպէս թէ անհատապէս անոնք աղաղակած են. «Դուն որ շատ ու ծանր նեղութիւններ ցուցուցիր ինծի, նորէն զիս պիտի կենդանացնես [«կենդանացուր», ՆԱ] . . . ու զիս պիտի մխիթարես»։ (Սաղմոս 71։20, 21) Անոնք ի՞նչպէս օգնութիւն ստացած են։
Ինչպէ՞ս Դիմակալել Թշնամիներու Ջանքերը
12. Դաւիթ Թագաւոր ինչպէ՞ս դիմակալեց վտանգներն ու փորձութիւնները։
12 Սաղմոս 143։5–ը ցոյց կու տայ թէ Դաւիթ ի՛նչ ըրաւ, երբ վտանգը եւ մեծ փորձութիւններ շրջապատեցին զինք. «Նախկին օրերը կը յիշեմ, քու բոլոր գործերուդ վրայ կը մտածեմ, քու ձեռքերուդ ըրածներուն վրայ կը խորհիմ»։ Դաւիթ յիշեց իր ծառաներուն հետ Աստուծոյ վերաբերմունքը եւ թէ անձնապէս ինչպէ՛ս ազատուած էր։ Ան՝ Իր մեծ անուան սիրոյն Եհովայի ըրած բաներուն մասին մտածեց։ Այո, Դաւիթ շարունակեց հետաքրքրուիլ Աստուծոյ գործերով։
13. Երբ փորձութիւններ դիմակալենք, վաղեմի եւ արդի հաւատարիմ ծառաներու օրինակներուն մասին մտածելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ տոկալու։
13 Մենք ալ յաճախ չե՞նք մտաբերած իր ժողովուրդին հանդէպ Աստուծոյ վերաբերմունքը, մէջը ըլլալով նախաքրիստոնէական ժամանակի ‘վկաներու բազմութեան’ արձանագրութիւնը։ Վստա՛հաբար։ (Եբրայեցիս 11։32–38. 12։1) Առաջին դարու օծեալ Քրիստոնեաներուն ալ քաջալերութիւն տրուած էր որ ‘մտքերնին բերէին առաջին օրերը’ եւ իրենց տոկացած բաները։ (Եբրայեցիս 10։32–34) Ի՞նչ կրնանք ըսել արդի ժամանակներուն Աստուծոյ ծառաներուն ունեցած փորձառութիւններուն մասին, զոր օրինակ, անոնք որ պատմուած են՝ Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ գրքին մէջ։a Անոր մէջ եւ այլուր եղած յիշատակութիւնները մեզի կ’օգնեն վերյիշելու թէ Եհովա ինչպէ՛ս օգնած է իր ժողովուրդին, որ բանադրանքներու, բանտարկութիւններու, խուժանային յարձակումներու, կեդրոնացման ու տաժանակիր աշխատանքի ճամբարներու տոկան։ Լիպերիոյ, Պուրունտիի, Ռուանտայի եւ նախկին Եուկոսլաւիոյ նման պատերազմով պառակտուած երկիրներու մէջ, փորձութիւնները պակաս չէին։ Երբ հակառակութիւնը ծագեցաւ, Աստուծոյ ծառաները կրցան տոկալ, շնորհիւ Եհովայի հետ իրենց ունեցած զօրաւոր յարաբերութեան։ Իր պահպանիչ ձեռքը բոլոր անոնց վրայ եղաւ, որոնց կեանքին մէջ Աստուծոյ կամքին գործադրութիւնը առաջնակարգ տեղը կը գրաւէր։
14. (ա) Անհատի մը օրինակը տուէք, որու Աստուած հոգ տարաւ պարագայի մը մէջ, որ կրնայ մեր պարագային նմանիլ։ (բ) Այդ օրինակէն ի՞նչ կը սորվիք։
14 Սակայն թերեւս ըսէք որ այսպիսի բրտութեան հանդիպած չէք եւ կը խորհիք որ անոր հաւանականութիւնն ալ չկայ։ Այսուհանդերձ, Աստուած իր ծառաներուն միմիայն եղերական պարագաներուն թիկունք կանգնած չէ, ինչպէս ոմանք կրնան խորհիլ։ Ան «բնական» պայմաններու ներքեւ, բազմաթիւ «սովորական» անհատներու նեցուկ կանգնած է։ Ահաւասիկ բազմաթիւ օրինակներէն մին. 1 Դեկտեմբեր 1996–ի Անգլերէն Դիտարանը կը բովանդակէր Փէնէլոփ Մագրիսի կողմէ եղած պատմութիւնը։ Քրիստոնէական ուղղամտութեան ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը։ Կրնա՞ք յիշել թէ ան ի՛նչ կրեց դրացիներէն, ի՛նչպէս պայքարեցաւ լուրջ հաշմանդամութեան դէմ եւ ի՛նչ ջանք թափեց լիաժամ ծառայութեան մէջ մնալու համար։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել Միթիլինիի մէջ իր ունեցած վարձահատոյց փորձառութեան մասին։ Հարցը հետեւեալն է. Այսպիսի օրինակներուն մէջ, բոլորիս նախասիրութիւններու դասաւորման համար օգնութիւն մը կը տեսնէ՞ք, մեզ մղելով որ մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ կամքին գործադրութիւնը առաջին տեղը դնենք։
15. Եհովայի գործերէն ոմանք ի՞նչ են որոնց մասին պէտք է մտածենք։
15 Ասիկա մեզ կը խրախուսէ որ Դաւիթի նման Եհովայի գործերուն մասին խոր կերպով մտածենք։ Իր նպատակը իրագործելով, Եհովա իր Որդւոյն մահով, յարութեամբ եւ փառաւորութեամբ փրկութեան կարգադրութիւն մը ըրած է։ (Ա. Տիմոթէոս 3։16) Ան իր երկնային Թագաւորութիւնը հաստատած, երկինքը Սատանայէն եւ իր դեւերէն մաքրած եւ երկրի վրայ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատած է։ (Յայտնութիւն 12։7–12) Ան հոգեւոր դրախտ մը կերտած է եւ իր ժողովուրդը օրհնած է՝ անոր յաւելում տալով։ (Եսայեայ 35։1–10. 60։22) Մեծ նեղութիւնը ծագելէն առաջ, իր ժողովուրդը հիմա վերջնական վկայութիւն կու տայ։ (Յայտնութիւն 14։6, 7) Այո, խոկալիք շա՜տ նիւթեր ունինք։
16. Մեզի քաջալերութիւն տրուած է որ ի՞նչ ըլլայ մեր շահագրգռութիւնը եւ ասիկա մեր վրայ ի՞նչ տպաւորութիւն պիտի ձգէ։
16 Փոխանակ մարդկային իրագործումներով մտազբաղելու, Աստուծոյ ձեռքին գործերով շարունակաբար շահագրգռուիլը մեզի պիտի օգնէ ըմբռնելու որ Եհովայի գործադիր զօրութիւնը անդիմադրելի է։ Սակայն, այդ գործերը երկնքի մէջ ու երկրի վրայ միմիայն ստեղծագործութեան հիանալի նիւթական գործերուն չէ սահմանափակուած։ (Յոբայ 37։14. Սաղմոս 19։1. 104։24) Իր սքանչելի գործերուն մաս կը կազմէ իր ժողովուրդին ազատագրումը թշնամի հարստահարիչներէն, ինչպէս ցոյց տրուած է իր վաղեմի ընտրեալ ժողովուրդին փորձառութեամբ։—Ելից 14։31. 15։6
Մեր Քալելու Ճամբան Գիտնանք
17. Եհովան ո՞րքան իրական էր Դաւիթի համար եւ ասիկա մեզի ի՞նչ երաշխիք կու տայ։
17 Դաւիթ օգնութիւն խնդրեց, ապա թէ ոչ կեանքի թարմութիւնը իր մէջ պիտի չորնար. «Ձեռքերս դէպի քեզ կ’երկնցնեմ։ Իմ անձս չոր երկրի պէս քեզի կը ծարաւի։ Շուտով պատասխան տուր ինծի, ո՛վ Տէր. իմ հոգիս մարեցաւ. քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինծմէ, որպէս զի գուբը իջնողներուն պէս չըլլամ»։ (Սաղմոս 143։6, 7) Մեղաւոր մը ըլլալով, Դաւիթ գիտէր որ Աստուած իր կացութենէն տեղեակ էր։ (Սաղմոս 31։7) Երբեմն, մենք ալ կրնանք զգալ որ մեր հոգեւորականութիւնը ցած մակարդակի իջած է։ Բայց պարագան անյոյս չէ. Եհովա՝ որ մեր աղօթքները կը լսէ՝ կրնայ մեր վերահաստատումը արագացնել, մեզ թարմացնելով սիրալիր երէցներու, Դիտարանի յօդուածներու միջոցաւ, կամ ժողովներու այն մասերով, որոնք կարծես ճիշդ մեզի համար ծրագրուած են։—Եսայեայ 32։1, 2
18, 19. (ա) Սրտանց ի՞նչ պէտք է պաղատինք Եհովայէ։ (բ) Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
18 Եհովայի վրայ մեր ունեցած վստահութիւնը մեզ պիտի մղէ որ իրեն աղաչենք. «Քու ողորմութիւնդ ինծի լսել տուր, վասն զի քեզի յուսացի։ Իմ երթալու ճամբաս ինծի ցուցուր»։ (Սաղմոս 143։8) Ան յուսախաբ ըրա՞ւ Քոյր Մագրիսը, որ յունական կղզիի մը վրայ մեկուսացած էր։ Ուստի, կը խորհի՞ք որ ձեզ յուսախաբ պիտի ընէ, եթէ իր կամքը կատարելը ձեր կեանքին մէջ առաջնակարգ բանը նկատէք։ Բանսարկուն եւ իր գործակալները պիտի ուզեն արգելք հանդիսանալ, կամ ամբողջովին կասեցնել Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քարոզելու մեր գործը։ Ո՛ւր որ ալ ծառայենք, ճշմարիտ պաշտամունքը ընդհանրապէս թոյլատրուա՞ծ՝ թէ արգիլուած երկրի մը մէջ, մեր միացեալ աղօթքները համապատասխան են Դաւիթի պաղատանքին. «Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ զիս իմ թշնամիներէս, վասն զի քեզ իմ ապաւէնս ըրի»։ (Սաղմոս 143։9) Հոգեւոր չարիքի դէմ մեր պաշտպանութիւնը՝ Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակելէն կախեալ է։—Սաղմոս 91։1
19 Առաջնակարգ բանը ինչ ըլլալու մասին մեր համոզումը հաստատ հիմ ունի։ (Հռովմայեցիս 12։1, 2) Ուստի, դէմ դրէք աշխարհի այն ջանքերուն, որոնցմով ան կ’ուզէ ձեզի պարտադրել ինչ որ ի՛նք կը խորհի որ կարեւոր է մարդկային իրագործումներուն մէջ։ Շարունակեցէք ձեր կեանքին մէջ արտացոլացնել թէ ի՛նչ է առաջնակարգ բանը ձեզի համար, այսինքն, Աստուծոյ կամքին գործադրութիւնը։—Մատթէոս 6։10. 7։21
20. (ա) Սաղմոս 143։1–9–ի մէջ ի՞նչ սորվեցանք Դաւիթի մասին։ (բ) Ներկայիս Քրիստոնեաներ ինչպէ՞ս Դաւիթի հոգին կ’արտացոլացնեն։
20 Սաղմոս 143–ի առաջին ինը համարները կ’ընդգծեն Եհովայի հետ Դաւիթի ունեցած սերտ յարաբերութիւնը։ Երբ թշնամիներով պաշարուած էր, ան առաջնորդութեան համար Աստուծոյ համարձակօրէն պաղատեցաւ։ Ան իր սիրտը թափեց եւ շիտակ ճամբուն մէջ քալելու համար օգնութիւն հայցեց։ Ներկայիս նոյնն է պարագան երկրի վրայ գտնուող հոգիէն օծուածներու մնացորդին եւ անոնց ընկերակիցներուն համար։ Անոնք Եհովայի հետ իրենց յարաբերութիւնը թանկարժէք կը նկատեն, երբ առաջնորդութեան համար անոր կը պաղատին։ Հակառակ Բանսարկուէն եւ աշխարհէն եկած ճնշումներուն, անոնք կը շարունակեն Աստուծոյ կամքը կատարելը առաջնակարգ բանը նկատել։
21. Եթէ ուրիշներուն պիտի սորվեցնենք թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ իրենց կեանքին մէջ առաջնակարգ բանը, ինչո՞ւ կարեւոր է որ մե՛նք օրինակ հանդիսանանք։
21 Եհովայի Վկաներուն հետ ուսումնասիրող միլիոնաւոր անհատներ պէ՛տք է գիտնան որ Աստուծոյ կամքը կատարելը առաջնակարգ բանն է։ Երբ անոնց հետ կ’ուսումնասիրենք Խօսքին հնազանդ ըլլալու կարեւորութիւնը շեշտող սկզբունքները՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին 13–րդ գլուխէն, անոնց կրնանք օգնել որ ասիկա հասկնան։b Անշուշտ, ինչ որ իրենց կը սորվեցնենք, զայն մեր վրայ պէտք է տեսնեն։ Յարաբերաբար կարճ ժամանակի մէջ, անոնք ալ պիտի սորվին թէ ո՛ր ճամբուն մէջ պէտք է քալեն։ Մինչ այս միլիոնաւոր անհատները անձնապէս կ’ըմբռնեն թէ ի՛նչը կարեւորագոյն բանն է իրենց կեանքին մէջ, շատեր պիտի մղուին նուիրումի ու մկրտութեան քայլերը առնելու։ Անկէ ետք, ժողովքը կրնայ անոնց օգնել որ շարունակեն կեանքի ճամբուն մէջ քալել։
22. Ի՞նչ հարցումներ պիտի շօշափենք յաջորդ յօդուածին մէջ։
22 Շատեր առանց տատամսելու կ’ընդունին որ Աստուծոյ կամքը կատարելը կարեւորագոյն բանը պէտք է ըլլայ իրենց կեանքին մէջ։ Սակայն, Եհովա ինչպէ՞ս իր ծառաներուն աստիճանաբար կը սորվեցնէ որ իր կամքը կատարեն։ Ասիկա ի՞նչ օգուտներ կը բերէ իրենց։ Այս հարցումները, ինչպէս նաեւ Սաղմոս 143։10–ի բանալի համարը նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածին մէջ։
[Ստորանիշներ]
a Հրատարակուած 1993–ին՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
b Հրատարակուած 1995–ին՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Ի՞նչ Պիտի Պատասխանէք
◻ Փիլիպպեցիս 1։9, 10–ն կիրարկելով, ինչպէ՞ս կրնանք մեր նախասիրութիւնները որոշել։
◻ Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ իր կեանքին մէջ առաջնակարգ բանը ինչ էր։
◻ Փորձութեան ներքեւ, Դաւիթի արարքներէն ի՞նչ կը սորվինք։
◻ Սաղմոս 143։1–9–ն ի՞նչ կերպով ներկայիս կ’օգնէ մեզի։
◻ Մեր կեանքին մէջ առաջնակարգ կարեւորութիւն ունեցող բանը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։
[Նկար՝ էջ 7]
Դաւիթի արարքները փաստեցին որ ինք Եհովայի կ’ապաւինէր
[Նկարին աղբիւրը]
Reproduced from Illustrirte Pracht - Bibel/Heilige Schrift des Alten und Neuen Testaments, nach der deutschen Uebersetzung D. Martin Luther’s